Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութեան յոյսին զօրութիւնը

Յարութեան յոյսին զօրութիւնը

Գլուխ 9

Յարութեան յոյսին զօրութիւնը

1. Յարութեան միջոցաւ ի՞նչ ակնկալութիւն տրուած է։

ԱՌԱՆՑ յարութեան, մեռած մարդոց համար ապագայի ոչ մէկ յոյս կայ։ Բայց Եհովա ողորմածութեամբ, միլիառաւոր մեռած մարդոց դիմաց բացած է յաւիտենական կեանք վայելելու անգին պատեհութիւնը։ Այս պատճառաւ մենք ալ ննջող մեր սիրելիներուն վերամիանալու սրտապնդիչ յոյսը ունինք։—Տես Մարկոս 5։35, 41, 42. Գործք 9։36–41։

2. (ա) Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ, յարութիւնը որքա՞ն կարեւոր է։ (բ) Մասնաւորաբար ե՞րբ յարութեան յոյսը զօրութեան աղբիւր մը կրնայ ըլլալ մեզի։

2 Յարութեան պատճառով, Եհովա թոյլ կրնայ տալ որ Սատանան իր չարամիտ առարկութեան մինչեւ վերջը երթայ, ըստ որու՝ «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ», անշուշտ, առանց մնայուն կերպով վնաս հասցնելու իր ծառաներուն։ (Յոբ 2։4) Քանի որ Յիսուս յարութիւն առած է, ան կրնայ իր մարդկային կեանքին զոհագործութեան արժէքը ներկայացնել իր Հօրը երկնային գահին առջեւ, մեզի կեանք շնորհելով։ Յարութեան շնորհիւ է որ Քրիստոսի ժառանգակիցները իրեն կը միանան երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Նաեւ, հաւատք ընծայող բոլորիս համար, յարութիւնը շատ գերիվեր զօրութեան աղբիւր մըն է, երբ մահուան փորձութեան դիմաց կը գտնուինք։

ԻՆՉՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է

3. (ա) Ի՞նչ իմաստով յարութիւնը «նախնական սորվելիքներ»ուն մաս կը կազմէ։ (բ) Յարութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ ընդհանուր աշխարհին։

3 Յարութիւնը, ըստ Եբրայեցիս 6։1, 2–ին, «նախնական սորվելիքներ»ուն կամ վարդապետութեան մաս կը կազմէ, հաւատքի հիմերէն մէկը՝ առանց որու բնաւ չենք կրնար հասուն Քրիստոնեայ մը ըլլալ։ Բայց ընդհանուր առմամբ, այս գաղափարը շատ օտար է մարդոց։ Հոգեւորականութենէ զուրկ ըլլալով, մարդիկ երթալով աւելի հաճոյքի ետեւէ են։ Անոնք միայն այս կեանքը իրական կը նկատեն։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Իսկ անոնք որոնք աւանդական կրօնքներուն կառչած են, ըլլայ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ կամ դուրսը, կը խորհին որ իրենք անմահ հոգի մը ունին, եւ հետեւաբար յարութիւնը անպէտ կը դառնայ։ Ան որ կը ջանայ այս երկու համոզումները իրար կապել, աւելի կը շփոթի քան թէ կը զօրանայ այդ յոյսով։ Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել մտիկ ընել փափաքողներուն։—Գործք 17։32

4. (ա) Յարութիւնը գնահատելէ առաջ, անհատի մը հետ ի՞նչի մասին պէտք է խօսինք։ (բ) Ի՞նչ համարներ կրնաք գործածել ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ է հոգին, եւ ի՛նչ է մեռելներուն վիճակը։ (գ) Ի՞նչ կրնանք ընել երբ անհատ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը կը գործածէ որ այս համարներուն մասին ճշմարտութիւնը կը մթագնէ։

4 Այսպիսիները, յարութեան հոյակապ հայթայթումը գնահատելէ առաջ, պէտք է հասկնան թէ ի՛նչ է հոգին եւ ի՛նչ է մեռելներուն վիճակը։ Յաճախ, ճշմարտութեան ծարաւը ունեցողներուն համար, քանի մը սուրբ գրային համարներ բաւարար են այս նիւթը իրենց յստակ դարձնելու համար։ (Ծննդոց 2։7. Եզեկիէլ 18։4. Սաղմոս 146։3, 4) Բայց Աստուածաշունչի կարգ մը արդի եւ ազատ թարգմանութիւններ, այս ճշմարտութիւնները կը մթագնեն։ Ուստի, կարեւոր է Աստուածաշունչի բնագիր լեզուներուն դիմել, այս արտայայտութիւնները նկատի առնելու համար։

5. Այսպիսի անհատի մը ինչպէ՞ս կրնաք օգնել որ հասկնայ հոգիին ինչ ըլլալը։

5 Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը շատ արժէքաւոր է այս մարզին մէջ, քանի որ ան միշտ Եբրայերէն նէֆէշ, իսկ Յունարէն համապատասխան փսիխէ արտայայտութիւնները կը դնէ, եւ անոր վերջաւորութեան, ծանօթագրութիւն մը, կու տայ այս արտայայտութիւնները գտնուող բոլոր համարներուն ցանկը։ Ուրիշ արդի թարգմանութիւններ նոյն բնագիր բառերը կը թարգմանեն ոչ միայն որպէս «հոգի», այլ նաեւ, որպէս «արարած», «էութիւն», «անձ» եւ «կեանք». «իմ նէֆէշս» կրնայ թարգմանուիլ որպէս «ես», եւ «քու նէֆէշդ» որպէս «դուն»։ Այսպիսի Աստուածաշունչերը ուրիշ աւելի հին թարգմանութիւններու, կամ Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան հետ բաղդատելը, պիտի օգնէ անկեղծ աշակերտներուն գնահատելու որ «հոգի» թարգմանուած բնագիր լեզուն կ’ակնարկէ (1) անհատներուն, (2) անասուններուն, եւ (3) անոնց վայելած կեանքին։ Բայց անոնք որեւէ մէկ ատեն այն գաղափարը չեն տար որ հոգին անտեսանելի, անշօշափելի բան մըն է որ մահուան ատեն մարմինը կը ձգէ եւ ուրիշ տեղ մը կը շարունակէ գիտակից մնալ։

6. (ա) Ինչո՞ւ կարգ մը արդի թարգմանութիւններ կը շփոթեցնեն ընթերցողը Շէօլի, Հատէսի եւ Գեհենի իմաստին շուրջ։ (բ) Աստուածաշունչէն ինչպէ՞ս կրնաք բացատրել Շէօլի, Հատէսի եւ Գեհենի մէջ եղող անհատի մը վիճակը։

6 Նմանապէս, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը՝ Շէօլ կը թարգմանէ Եբրայերէն շէօլ բառին համար, իսկ Հատէս՝ Յունարէն հատէս բառին տեղ եւ Կէհէննա՝ կէէննայի համար։ Բայց կարգ մր արդի եւ ազատ թարգմանութիւններ, ընթերցողը շփոթութեան կը մատնեն ԹԷ՛ հատէսը եւ ԹԷ կէէննան «դժոխք» թարգմանելով, ինչպէս նաեւ շէօլի եւ հատէսի ուրիշ նշանակութիւններն ալ տալով որպէս «գերեզման» եւ «անկենդաններու աշխարհ»։ Երբ հարկ ըլլայ, թարգմանութիւններ բաղդատելը ցոյց կրնայ տալ որ Շէօլը Հատէսին հոմանիշն է։ (Սաղմոս 16։10. Գործք 2։27) Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Շէօլը կամ Հատէսը՝ մարդկութեան հասարակ գերեզմանը, մահուան հետ կապ ունի եւ ոչ թէ կեանքին հետ։ (Սաղմոս 89։48. Յայտնութիւն 20։13) Ան նաեւ կը նշէ յարութեան միջոցաւ անկէ վերադառնալու ակնկալութեան։ (Յոբ 14։13. Գործք 2։31) Ընդհակառակը, Գեհենի [Կէէննա] մէջ եղողներուն մասին ապագայի ոչ մէկ յոյս կու տայ, եւ անշուշտ, ոչ մէկ տեղ կը խօսի թէ հոգին գիտակից է հոն։—Մատթէոս 18։9. 10։28

7. Պատշաճ հասկացողութենէ մը ետք, յարութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ անհատի մը կեցուածքին եւ արարքներուն։

7 Այս հարցերը լուսաբանելէ ետք, Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը իրական իմաստ մը կը ստանան։ Անհատ մը հիմա կրնայ կռահել թէ ի՛նչ կը նշանակէ յարութիւնը իրեն համար եւ կը սկսի գնահատել Եհովայի սէրը այսպիսի հոյակապ հայթայթման համար։ Մահուամբ սիրելիներ կորսնցնողներուն վիշտը կը փոխարինուի Աստուծոյ Նոր Դրութեան մէջ վերամիանալու ուրախ ակնկալութեամբ։ Առաջին դարու Քրիստոնեաները գիտակցեցան որ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը Քրիստոնէական հաւատքին հիմնաքարն էր։ Այդ մասին եւ անոր տուած յոյսին առնչութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ուրիշներուն վկայեցին։ Նմանապէս, այսօր անոնք որոնք կը գնահատեն այս թանկագին ճշմարտութիւնը, զայն ուրիշներուն հետ բաժնելու նախանձախնդիր են։—Գործք 5։30–32. 10։40–43. 13։32–39. 17։31

‘ՀԱՏԷՍԻ ԲԱՆԱԼ’ԻՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼ

8. Յիսուսի կողմէ «մահուան եւ [Հատէսին] բանալիներ»ուն գործածութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ հոգիէն օծուած իր հետեւորդներուն համար։

8 Անոնք որոնք Քրիստոսի հետ ընկերակիցներ պիտի ըլլան երկնային Թագաւորութեան մէջ, պայման է որ մեռնին։ Բայց անոնք երաշխիք մը ունին, զոր Յիսուս տուաւ երբ Յովհաննէս առաքեալին ըսաւ. «Ես ... մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին [Հատէսին] բանալիները»։ (Յայտնութիւն 1։18) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան իր իսկ անձնական փորձառութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր։ Ինքն ալ մեռած էր։ Բայց Աստուած զինք Հատէսին մէջ չթողուց։ Երրորդ օրը Եհովա զինք յարուց հոգեւոր կեանքի եւ անոր անմահութիւն տուաւ։ Ասկէ զատ, Աստուած իրեն տուաւ «մահուան ու [Հատէսին] բանալիները», որպէսզի մնացեալ մարդկութիւնը ազատագրէ մարդկային հասարակ գերեզմանէն եւ Ադամական մեղքին ազդեցութենէն։ Քանի որ ինք ունի այս բանալիները, Յիսուս կրնայ իր հաւատարիմ հետեւորդները մահուընէ ազատել։ Երբ իր հոգիէն ծնած ժողովքին անդամները կը յարուցանէ, անոնց պիտի պարգեւէ երկնային անմահ կեանք մը, ճիշդ ինչպէս որ իր Հայրը շնորհեց իրեն։—Հռովմայեցիս 6։5. Փիլիպպեցիս 3։20, 21

9. Հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներուն յարութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։

9 Օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաները ե՞րբ պիտի յարուցուին։ Անիկա արդէն սկսած է։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ անոնք պիտի յարուցուէին ‘Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին’, որու ներկայութիւնը սկսաւ Հ.Դ. 1914–ին։ (Ա. Կորնթացիս 15։23) Հիմա, երբ անոնք իրենց երկրային ընթացքը կը վերջացնեն, պէտք չունին գերեզմանի մէջ մնալու, իրենց Տիրոջ վերադարձին սպասելով։ Անմիջապէս որ մեռնին, հոգեղէն կեանքի կը յարուցուին, ‘աչք գոցել բանալու մէջ՝ փոխուելով’։ Ի՜նչ ուրախ են որ «իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։—Ա. Կորնթացիս 15։51, 52. Յայտնութիւն 14։13

10. Ուրիշ ի՞նչ յարութիւն տեղի պիտի ունենայ, եւ անիկա ե՞րբ պիտի սկսի։

10 Բայց միայն իրենք չեն որ կը յարուցուին։ Արդէն երբ ան ‘առաջին յարութիւն’ կոչուած է, կը նշանակէ թէ ուրիշ մը անոր պէտք է յաջորդէ։ (Յայտնութիւն 20։6) Այս վերջին յարութենէն օգտուողները, Դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու ուրախ ակնկալութիւնը պիտի ունենան։ Անիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ թէ անիկա տեղի պիտի ունենայ երբ ներկայ ամբարիշտ դրութեան «երկիր»ը «ու երկինքը» մէջտեղէն վերցուին։ Հին դրութեան վախճանը շատ մօտ է։ Անկէ ետք, Աստուծոյ որոշած ժամանակին, երկրային յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ։—Յայտնութիւն 20։11, 12

11. Երկրի վրայ կեանքի համար յարուցուողներուն մէջ որո՞նք պիտի ըլլան, եւ անիկա ինչո՞ւ հաճելի ակնկալութիւն մըն է։

11 Որո՞նք պիտի օգտուին անկէ։ Եհովայի վաղեմի հաւատարիմ ծառաները։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան այն անհատները որոնք յարութեան վրայ իրենց ունեցած զօրաւոր հաւատքին պատճառով, «չընդունեցին ազատութիւնը», այսինքն, վայրագ մահուընէ խուսափելու համար, որեւէ կերպով չհամակերպեցան։ (Եբրայեցիս 11։35) Ի՜նչ հաճելի է անձնապէս զիրենք ճանչնալ եւ իրենց բերնէն լսել այն դէպքերուն մանրամասնութիւնները, որոնց մասին միայն հակիրճ կերպով պատմուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնց մէջ պիտի ըլլայ, Աբէլ, Եհովայի առաջին հաւատարիմ վկան։ Ջրհեղեղէն առաջ, անվախօրէն Աստուծոյ ազդարարական պատգամը ծանուցանող Ենովքը եւ Նոյը։ Աբրահամ՝ որ հրեշտակներ ընդունեց։ Մովսէս՝ որու տրուեցաւ Օրէնքը Սինա Լերան վրայ։ Քաջարի մարգարէներ՝ ինչպէս Երեմիան, որ Երուսաղէմի կործանումը տեսաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչ, որ Իր Որդւոյն ինքնութիւնը նշող Աստուծոյ ձայնը ուղղակիօրէն լսեց։ Նաեւ անոնց մէջ պիտի ըլլան այն բոլոր հաւատարիմները որոնք մեռան ներկայ դրութեան այս վերջին օրերուն ընթացքին։—Եբրայեցիս 11։4–38. Մատթէոս 11։11

12. (ա) Հատէսի մէջ եղող մեռելներէն որո՞նք պիտի յարուցուին։ (բ) Ուստի, անոնց մէջ որո՞նք ալ պիտի ըլլան եւ ինչո՞ւ։

12 Ժամանակի ընթացքին, ուրիշներ ալ պիտի յարուցուին։ Յովհաննէս առաքեալի տրուած տեսիլքի մը մէջ ցոյց տրուած է որ Յիսուս ի՛նչ տարողութեամբ պիտի գործածէ ‘Հատէսին բանալին’ մարդկութեան ի նպաստ։ Յովհաննէս տեսաւ որ Հատէսը ‘կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ’։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ որ ան կը բնաջնջուի. ան գոյութենէ կը դադրի, քանի որ ամբողջովին կը պարպուի։ Այս կերպով կը տեսնենք որ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուները յարուցանելէ զատ, Յիսուս ողորմածօրէն Հատէսէն կամ Շէօլէն դուրս պիտի բերէ նոյնիսկ ամբարիշտները։ Ասոնցմէ ոչ մէկը դարձեալ մահուան դատապարտուելու համար պիտի յարուցուի։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ արդար միջավայրի մը մէջ, անոնց օգնութիւն պիտի տրուի որպէսզի Եհովայի ճամբաներուն համաձայն ապրին։ Տեսիլքը ցոյց կու տայ որ «կեանքի գիրք» մը պիտի բացուի, ուստի անոնք պատեհութիւնը պիտի ունենան իրենց անունները անոր մէջ ունենալու։ Անոնք անհատապէս ‘պիտի դատուին իրենց գործերուն համեմատ’, զորոնք գործած էին յարուցուելէ ետք։ (Յայտնութիւն 20։12–14. Գործք 24։15) Ուստի, վերջնական արդիւնքէն դատելով, անոնց յարութիւնը կրնայ ‘կենաց յարութիւն’ մը ըլլալ եւ ոչ թէ անպայմանօրէն ‘դատապարտութեան յարութիւն’ մը։—Յովհաննու 5։28, 29

13. (ա) Որո՞նք պիտի չյարուցուին։ (բ) Յարութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր կեանքին։

13 Անշուշտ, մինչեւ հիմա բոլոր ապրողները յարութիւն պիտի չառնեն։ Ոմանք այնպիսի մեղքեր գործեցին, որոնց համար ներում չկայ։ Անոնք որոնք վերահաս ‘մեծ նեղութեան’ պիտի սպաննուին, յաւիտեան բնաջընջուողներուն մէջ պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 12։31, 32. 23։33. 24։21, 22. 25։41, 46. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–9) Ուստի, թէեւ բոլոր Հատէսի մէջ եղողներուն հանդէպ Եհովա անսովոր ողորմութիւն մը ցոյց կու տայ, սակայն յարութիւնը մեզի իրաւասութիւն չի տար մեր կեանքերը որեւէ ձեւով ապրելու։ Ընդհակառակը, ան մեզ պէտք է մղէ մեր խոր գնահատութիւնը ցոյց տալու Աստուծոյ, այս անարժան ողորմութեան համար։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ ԶՕՐԱՑԱԾ

14. Իր ներկայ կեանքին վախճանին հասած մէկու մը համար յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս զօրութեան աղբիւր մը կրնայ ըլլալ։

14 Անոնք որոնք իւրացուցած են յարութեան յոյսը, կրնան անկէ մեծապէս ուժ առնել։ Երբ իրենց կեանքը իր վերջաւորութեան հասնի, անոնք գիտեն որ չեն կրնար մահը յաւիտեան յետաձգել, հակառակ բժշկական հոգատարութեան։ (Ժողովողի 8։8) Եթէ անոնք Տէրոջ գործին մէջ զբաղած էին եւ հաւատարմօրէն իր կազմակերպութեան հետ ծառայեցին, կրնան կատարեալ վստահութեամբ նայիլ ապագային։ Անոնք գիտեն որ յարութեան միջոցաւ, Աստուծոյ յարմար ատենին դարձեալ կեանքը պիտի վայելեն։ Ի՜նչ հոյակապ կեանք մը պիտի ըլլայ ան. ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը կոչէ, «ճշմարիտ կեանք» մը։—Ա. Տիմոթէոս 6։19. Ա. Կորնթացիս 15։58. Եբրայեցիս 6։10–12

15. Եթէ վայրագ հալածանքի ենթարկուինք, ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։

15 Մեզ զօրացնողը ոչ միայն յարութեան յոյսն է, այլ նաեւ, անոր Աղբիւրը ճանչնալն է։ Ասիկա կը զօրացնէ մեզ որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնանք, նոյնիսկ երբ վայրագ հալածանքի պատճառով մահը դիմագրաւենք։ Սատանան միշտ վաղահաս մահուան վախով մարդիկը ստրկացուցած է։ Բայց Յիսուս որեւէ ատեն այսպիսի վախ մը չունեցաւ. ան մինչեւ ի մահ հաւատարիմ մնաց Եհովայի։ Բայց իր մահուամբ եւ անոր երանելի հետեւանքով, ան ուրիշներուն այս վախէն ձերբազատուելու միջոց մը հայթայթեց։ (Եբրայեցիս 2։14, 15) Այդ հայթայթման վրայ իրենց ունեցած հաւատքին հետեւանքով, իր ճշմարիտ հետեւորդները ուղղամիտ ըլլալու համբաւ մը շահած են։ Ճնշումի ներքեւ, անոնք փաստած են որ «իրենց կեանքը [հոգիները]» Եհովայէ աւելի չեն սիրած։ (Յայտնութիւն 12։11) Անոնք իմաստուն ըլլալով, չեն ջանար իրենց ներկայ կեանքը փրկել Քրիստոնէական սկզբունքները լքելով եւ իրենց յաւիտենական կեանքը վտանգել։ (Ղուկաս 9։24, 25) Այսպիսի հաւատք մը ունի՞ք։ Այո, կրնաք ունենալ եթէ իրապէս կը սիրէք Եհովան եւ եթէ ըմբռնած էք յարութեան յոյսին կարեւորութիւնը ձեզի համար։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Ինչո՞ւ յարութիւնը գնահատելէ առաջ, անհատ մը նախ պէտք ունի գիտնալու հոգիին ի՛նչ ըլլալը եւ մեռելներուն վիճակը։

Որո՞նք պիտի յարուցուին։ Այս գիտութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի։

Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս կը զօրացնէ մեզ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]