Շարունակեցէք խիզախօրէն խօսիլ Աստուծոյ Խօսքը
Գլուխ 22
Շարունակեցէք խիզախօրէն խօսիլ Աստուծոյ Խօսքը
1. (ա) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ բարի լուր սկսան ծանուցանել, բայց կառավարիչներուն եւ Հրեայ կրօնականներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Այս մասին ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել մենք մեզի։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութենէն աւելի քան 4,000 տարիներ ետք, մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող դէպքը տեղի ունեցաւ։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ օծուեցաւ որպէս ամբողջ երկրին ապագայ Թագաւորը։ Հակառակ կրօնական թշնամիներու դրդումով Յիսուսի մահուան, Աստուած զինք յարուց։ Իր միջոցաւ փրկութիւնը կարելի էր յաւիտենական կեանքի ակնկալութեամբ։ Բայց երբ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները հանրապէս ծանուցանեցին այս բարի լուրը, բուռն հալածանք կրեցին։ Նախ, առաքեալներէն երկուքը բանտ նետուեցան, յետոյ բոլորը։ Անոնք խարազանուեցան եւ անոնց պատուէր տրուեցաւ որ Յիսուսի անունով չխօսին։ (Գործք 4։1–3, 17. 5։17, 18, 40) Ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Եթէ իրենց տեղը ըլլայիք, ի՞նչ պիտի ընէիք։ Պիտի շարունակէի՞ք խիզախօրէն քարոզել։
2. (ա) Մեր օրերուն ասկէ աւելի հոյակապ ի՞նչ լուր մը պէտք է քարոզուի։ (բ) Որո՞ւ պատասխանատուութիւնն է ասիկա ընել։
2 Հ.Դ. 1914–ին, տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող աւելի հոյակապ ուրիշ դէպք մըն ալ տեղի ունեցաւ։ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրապէս հաստատուեցաւ երկնքի մէջ։ Անոր յաջորդեց Սատանայի եւ իր դեւերուն երկրի վրայ նետուիլը։ (Յայտնութիւն 12։1–5, 7–12) Ներկայ չար դրութեան վերջին օրերը սկսան այն ատեն։ 1914–ի դէպքերուն ականատես եղող սերունդը մեռնելէ առաջ, Աստուած պիտի փճացնէ սատանայական ամբողջ դրութիւնը։ (Մատթէոս 24։34) Վերապրողները իրենց դիմաց պիտի ունենան յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը։ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը կատարուելով, բոլոր երկիրը Դրախտի պիտի վերածուի։ Եթէ արդէն ողջունած էք այս բարի լուրը, դուք ալ պատասխանատուութիւնը ունիք զանիկա ուրիշներուն հետ բաժնելու։ (Մատթէոս 24։14) Բայց ի՞նչ ընդառաջում կրնաք ակնկալել։
3. (ա) Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն Թագաւորութեան պատգամին։ (բ) Ուստի, ո՞ր հարցումը ուղղուած է մեզի։
3 Մինչ կարգ մը անհատներ ջերմ բարի գալուստ պիտի մաղթեն ձեզի որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչներ, մեծամասնութիւնը սակայն անտարբեր պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 24։37–39) Ուրիշներ թերեւս ծաղրեն կամ դառն կերպով հակառակին ձեզի։ Յիսուս նախապէս ըսաւ որ կարգ մը հակառակութիւններ կրնան նոյնիսկ ձեր ընտանիքէն գալ։ (Ղուկաս 21։16–19) Նաեւ թերեւս անոր հանդիպիք ձեր աշխատած վայրին կամ դպրոցին մէջ։ Երկրի կարգ մը մասերուն մէջ, Եհովայի Վկաները նոյնիսկ անիրաւ արգելքներու ենթարկուած են կառավարութեանց կողմէ։ Երբ այսպիսի պարագաներէն որեւէ մէկուն դիմաց գտնուիք, պիտի շարունակէ՞ք խիզախօրէն խօսիլ Աստուծոյ Խօսքը։
4. Մեր անձնական հաստատակամութիւնը կ’երաշխաւորէ՞ որ մենք պիտի շարունակենք հաւատարմօրէն ծառայել Աստուծոյ։
4 Անկասկած, կ’ուզէք Աստուծոյ քաջարի ծառայ մը ըլլալ։ Այսուհանդերձ, ոմանք, խորհելով թէ ոչ մէկ բան կրնայ մոլորեցնել զիրենք, ձգած են Թագաւորութեան հրատարակիչներու շարքերը։ Իսկ ուրիշներ՝ բնաւորութեամբ երկչոտ անհատներ, ճիշդ հակառակը, շարունակած են Աստուծոյ նախանձախնդիր ծառաները ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել որ դուք «հաւատքի մէջ հաստա՛տ» եղող մէկն էք։—Ա. Կորնթացիս 16։13
ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ՉԱՊԱՒԻՆԻՆՔ
5. (ա) Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ ըլլալու հիմնական պահանջը ի՞նչ է։ (բ) Ինչո՞ւ ժողովները այսքան կարեւոր են։
5 Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալու համար, Եբրայեցիս 10։23–25) Անոնք որոնք շարունակած են Եհովայի հաւատարիմ վկաները մնալ, հակառակ հանրային անտարբերութեան կամ հալածանքի, ջանք թափած են իրենց հաւատակիցներուն հետ կանոնաւորաբար ժողվուելու։ Այդ ժողովներուն, Աստուածաշունչի մասին մեր ունեցած գիտութիւնը կ’աճի, սակայն պարզապէս նոր բաներ գիտնալու հրապոյրը չէ որ մեզ կը քաշէ հոն։ (Բաղդատել Գործք 17։21)։ Մեր լաւ գիտցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ եւ զանոնք գործածելու մեր կերպերը աւելի կը սրին։ Յիսուսի ձգած օրինակը կրնայ խորապէս տպաւորել մեր մտքերը եւ սրտերը։ (Եփեսացիս 4։20–24) Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ աւելի կը մտերմանանք միացեալ պաշտամունքին մէջ եւ անձնապէս կը զօրանանք որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ յարատեւենք։ Եհովայի հոգին ուղղութիւն կու տայ ժողովքին միջոցաւ եւ այդ հոգիին միջոցաւ Յիսուս մեր մէջ կը գտնուի, երբ իր անունով կը հաւաքուինք։—Յայտնութիւն 3։6. Մատթէոս 18։20
անշուշտ շատ մը ազդակներ կան։ Սակայն անոնց ամենէն հիմնականն է Եհովայի եւ անոր հայթայթումներուն ապաւինիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի ապաւինում մը ապացուցանել։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է, ժողովքային հանդիպումներուն յաճախել։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ զանոնք չանտեսենք։ (6. Այն տեղերը ուր Եհովայի Վկաները բանադրանքի տակ են, ինչպէ՞ս կ’ընեն ժողովները։
6 Կանոնաւորաբար ներկայ կ’ըլլա՞ք բոլոր ժողովներուն եւ հոն խօսուած բաները անհատապէս կը կիրարկէ՞ք։ Երբեմն, հալածանքի ներքեւ, կարիքը տեսնուած է անձնական տուներու մէջ, պզտիկ խումբերով ժողովներ ունենալ։ Վայրերը եւ ժամանակները կրնան փոխուիլ եւ միշտ ալ յարմար չեն ըլլար, կարգ մը ժողովներ թերեւս ուշ գիշեր տեղի ունենալով։ Սակայն, հակառակ անձնական անյարմարութեան եւ վտանգին, հաւատարիմ եղբայրներ եւ քոյրեր, կը ջանան ներկայ ըլլալ բոլոր ժողովներուն։
7. (ա) Ուրիշ ի՞նչ կերպով ցոյց կու տանք որ Եհովայի կապաւինինք։ (բ) Ասիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ շարունակենք խիզախօրէն խօսիլ։
Ղուկաս 3։21. 6։12, 13. 9։18, 28. 11։1. 22։39–44) Իսկ իր ցցահարման նախօրեակին, ան յորդորեց իր աշակերտները, ըսելով. «Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ (Մարկոս 14։38) Երբ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ շատ անտարբերութեան հանդիպինք, ասիկա կրնայ փորձութիւն մը ըլլալ մեզի որ ծառայութեան մէջ դանդաղինք։ Եթէ մարդիկ մեզ ծաղրեն, կամ եթէ աւելի բուռն հալածանք ըլլայ, թերեւս անկէ խուսափելու համար լռելու հակումը ունենանք։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը շարունակել խիզախօրէն խօսելու համար եթէ անձկագին Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը հայցենք, այն ատեն այդ փորձութեան մէջ իյնալէն պիտի պահպանուինք։—Ղուկաս 11։13. Եփեսացիս 6։18–20
7 Եհովայի վրայ մեր ապաւինումը կրնանք նաեւ ցոյց տալ կանոնաւորաբար աղօթելով, բայց ոչ թէ նոյնանման ձեւական աղօթքներով, այլ սրտանց, գիտակցելով որ Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ունինք։ Ասիկա կ’ընէ՞ք։ Յիսուս յաճախ կ’աղօթէր իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։ (ԽԻԶԱԽ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
8. (ա) Ինչո՞ւ Գործք Առաքելոցի արձանագրութիւնը մասնաւորաբար կը հետաքրքրէ մեզ։ (բ) Այս պարբերութեան վերջաւորութեան տրուած հարցումներուն պատասխանեցէք, շեշտելով թէ այդ տեղեկութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել մեզի։
8 Գործք Առաքելոցի մէջ գտնուող արձանագրութիւնը մասնաւորաբար կը հետաքրքրէ մեզ բոլորս։ Ան մեզի կը պատմէ թէ ինչպէս առաքեալները եւ ուրիշ նախկին աշակերտները իրենց արգելքները յաղթահարեցին եւ փաստեցին որ Եհովայի խիզախ եւ հաւատարիմ վկաներն էին, հակառակ անոր որ անոնք ալ ճիշդ մեզի պէս զգացումներ ունէին։ Հիմա այդ արձանագրութեան մէկ մասը քննենք հոս տրուած հարցումներուն եւ համարներուն օգնութեամբ։ Այս միջոցին, նկատի առէք թէ դուք անհատապէս ինչպէ՛ս կրնաք օգտուիլ ձեր կարդացածէն։
Առաքեալները բարձր ուսում ունեցո՞ղ մարդիկ էին։ Գործք 4։13. Յովհաննու 18։17, 25–27. 20։19)
Բնաւորութեամբ, ինչ որ ալ պատահէր, անվա՞խ անհատներ էին։ (Ի՞նչ բան կարող ըրաւ որ Պետրոս խիզախութեամբ խօսի Հրէական ատեանին դիմաց, որ մի քանի շաբաթ առաջ Աստուծոյ Որդին դատապարտած էր։ (Գործք 4։8. Մատթէոս 10։19, 20)
Առաքեալները Սենետրիոնին դիմաց բերուելէն առաջ, ի՞նչ կ’ընէին։ (Գործք 1։14. 2։1, 42)
Երբ կառավարիչները իրենց պատուիրեցին որ Յիսուսի անունով քարոզելը դադրեցնեն, Պետրոս եւ Յովհաննէս ի՞նչ պատասխանեցին։ (Գործք 4։19, 20)
Իրենց ազատագրուելէն ետք, անոնք դարձեալ որո՞ւ օգնութիւնը հայցեցին։ Անոր պաղատեցա՞ն որ հալածանքը դադրեցնէ եթէ ոչ ի՞նչ խնդրեցին։ (Գործք 4։24–31)
Երբ հակառակորդները ջանացին քարոզչութիւնը դադրեցնել, Եհովա ի՞նչ կերպերով օգնութիւն հայթայթեց։ (Գործք 5։17–20, 33–40)
Առաքեալները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ իրենց ազատագրման պատճառը հասկցած էին։ (Գործք 5։21, 41, 42)
Նոյնիսկ երբ աշակերտներէն շատեր ցրուեցան բուռն հալածանքի պատճառով, անոնք շարունակեցին ի՞նչ ընել։ (Գործք 8։3, 4. 11։19–21)
9. (ա) Նախկին աշակերտներուն ծառայութեան խայտալի արդիւնքները ի՞նչ եղան։ (բ) Մենք ինչպէ՞ս անոր մէջ պարփակուած ենք։
9 Բարի լուրի համար իրենց կատարած աշխատանքը պարապ չէր։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, 3,000 աշակերտներ մկրտուեցան։ «Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ»։ (Գործք 2։41. 4։4. 5։14) Աւելի ետք, տեղեկագրուեցաւ որ նոյնիսկ ամենէն բուռն հալածիչը՝ Տարսոնցի Սողոս, Քրիստոնեայ մը եղաւ եւ ինք սկսաւ խիզախօրէն ճշմարտութիւնը վկայել։ Հետագային, ան ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։ (Գաղատացիս 1։22–24) Առաջին դարուն սկսուած գործը դադրած չէ։ Ան նոր թափ մը առած է այս «վերջին օրեր»ուն եւ երկրի բոլոր մասերը հասած է։ Մենք ալ առանձնաշնորհումը ունինք անոր մէջ բաժին բերելու եւ երբ ասիկա կ’ընենք, մեզմէ առաջ ծառայող հաւատարիմ վկաներուն օրինակէն շատ բան կը սորվինք։
10. (ա) Վկայելու համար Պօղոս ի՞նչ պատեհութիւններ գործածեց։ (բ) Ի՞նչ կերպերով Թագաւորութեան պատգամը կը տարածէք ուրիշներուն։
Գործք 9։20) Ան Աստուծոյ իրեն հանդէպ ցուցաբերած անարժան ողորմութիւնը գնահատեց եւ գիտակցեցաւ որ իր ստացած բարի լուրին ուրիշ շատեր ալ պէտք ունէին։ Այդ օրուան սովորութեան համաձայն, քանի որ Հրեայ մըն էր, ժողովարան գնաց՝ որ Հրէական հանրային հաւաքումի վայր մըն էր՝ վկայելու համար։ Ան նաեւ տունէ–տուն քարոզեց եւ հրապարակները մարդոց հետ կը տրամաբանէր։ Նոյնիսկ բարի լուրը հրատարակելու համար նոր թաղամասեր երթալու յօժար էր։—Գործք 17։17. 20։20. Հռովմայեցիս 15։23, 24
10 Երբ Պօղոս Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, ան ժամանակ չկորսնցուց. «Անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին»։ (11. (ա) Պօղոս, խիզախ ըլլալով հանդերձ, ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ վկայելու ատեն նաեւ ներատես էր։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք այդ յատկութիւնը ցոլացնել, երբ կը վկայենք մեր ազգականներուն, դասընկերներուն եւ գործակիցներուն։
11 Պօղոս խիզախ՝ բայց միեւնոյն ատեն ներատես էր. մենք ալ նոյնպէս պէտք է ըլլանք։ Երբ ան Հրեաներուն կը խօսէր, իրենց նախահայրերուն Աստուծոյ տուած խոստումներուն հիման վրայ կը խօսէր։ Իսկ Յոյներուն՝ իրենց ծանօթ եղած բաներու հիման վրայ կը խօսէր։ Երբեմն, ան իր անձնական փորձառութիւնը վկայութիւն տալու որպէս միջոց կը գործածէր։ Ինչպէս ինք կը բացատրէ. «Ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէսզի անոր կցորդ ըլլամ»։—Ա. Կորնթացիս 9։20–23. Գործք 22։3–21
12. (ա) Թէեւ խիզախ էր, սակայն Պօղոս ի՞նչ ըրաւ հակառակորդներուն հետ միշտ բախում չունենալու համար։ (բ) Մենք ե՞րբ իմաստուն կերպով կրնանք ընդօրինակել զինք այս մարզին մէջ եւ ինչպէ՞ս։ (գ) Շարունակել խիզախօրէն խօսելու համար ուրկէ՞ կրնանք զօրութիւն ստանալ։
12 Երբ բարի լուրին հանդէպ հալածանքի պատճառով նախընտրելի եղաւ որ ուրիշ տեղ քարոզէ կամ ժամանակ մը ուրիշ թաղամաս փոխադրուի, Պօղոս ասիկա ըրաւ, փոխանակ ճշմարտութեան թշնամիներուն հետ յարատեւ պայքարելու։ (Գործք 14։4–6. 18։5–7. Հռովմայեցիս 12։18) Բայց ան որեւէ ատեն ամօթ չէր զգար բարի լուրին համար։ (Հռովմայեցիս 1։16) Թէեւ Պօղոս հակառակորդներուն վերաբերմունքը վիրաւորիչ, նոյնիսկ վայրագ գտաւ, սակայն ‘համարձակութիւն ունեցաւ Աստուծոյ օգնութեամբ’ քարոզչութիւնը շարունակելու։ Հակառակ անոր որ դժուար պարագաներու մէջ գտնուեցաւ, ան ըսաւ. «Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէսզի քարոզչութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2. Բ. Տիմոթէոս 4։17) Քրիստոնէական ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս, կը շարունակէ պէտք եղած զօրութիւնը հայթայթել որպէսզի մեր օրերուն համար իր նախագուշակած գործը կատարենք։—Մարկոս 13։10
13. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ Քրիստոնէական խիզախութիւնը, եւ անոր հիմը ի՞նչ է։
13 Ամէն պատճառ ունինք Աստուծոյ Խօսքը խիզախօրէն խօսելու, ճիշդ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս եւ Աստուծոյ ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ առաջին դարուն ըրին։ Ասիկա չի նշանակեր կոշտ եւ յարձակողական ըլլալ։ Կարիքը չկայ անփափկանկատ ըլլալու կամ պատգամը պարտադրելու անոնց որ զայն չեն ուզեր։ Սակայն միւս կողմէն, չենք յուսահատիր երբ մարդիկ անտարբեր են, ոչ ալ հակառակութեան պատճառով մեր սարսափէն կը լռենք։ Յիսուսի նման, մենք ալ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը մատնանշենք որպէս միակ իրաւացի կառավարութիւնը ամբողջ երկրին համար։ Վստահութեամբ կը խօսինք, քանի որ Եհովան՝ տիեզերքի Գերիշխանը կը ներկայացնենք, իսկ մեր ծանուցած պատգամը ոչ թէ մերն է, այլ՝ Իրը։—Փիլիպպեցիս 1։27, 28. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Ինչո՞ւ կարեւոր է Թագաւորութեան պատգամը կարելի եղածին չափ բոլորին հետ բաժնել։ Բայց ի՞նչ հակազդեցութիւններ կրնանք ակնկալել։
● Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ Եհովայի ծառայելու համար մեր անձնական ուժին չենք ապաւինիր։
● Գործք Առաքելոց գիրքէն ի՞նչ թանկագին դասեր կրնանք սորվիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]