Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պաշտամունքի մէջ միութիւն. ան ի՞նչ կը նշանակէ ձեզ համար

Պաշտամունքի մէջ միութիւն. ան ի՞նչ կը նշանակէ ձեզ համար

Գլուխ 1

Պաշտամունքի մէջ միութիւն. ան ի՞նչ կը նշանակէ ձեզ համար

1, 2. (ա) Մեր օրերուն պաշտամունքի միութիւնը ի՞նչ հիման վրայ եղած է։ (բ) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը բացատրէ այս շարժումը։

ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ պաշտամունքի միութեան աչքառու շարժում մը տեղի կ’ունենայ։ Անիկա բոլոր ազգերէն, ցեղերէն եւ լեզուներէն մարդիկ իրար քով կը հաւաքէ։ Անոնց միութիւնը հաւատքի մէջ զիջումներ ընելու արդիւնքը չէ, ոչ ալ Աստուծոյ Խօսքին մէջ դատապարտուած կենցաղի մը հանդէպ թոյլատու ըլլալու պատճառով է։ Ուրեմն, ի՞նչ բան կը նպաստէ այս միութեան. պարզ այն իրողութիւնը, որ ամէն տեսակ ծագում ունեցող մարդիկ կու գան Եհովան ճանչնալու, որպէս միակ ճշմարիտ Աստուածը եւ յօժարութեամբ իրենց կեանքերը կը ներդաշնակեն իր արդար ճամբաներուն հետ։—Բաղդատել Յայտնութիւն 15։3, 4։

2 Ասիկա 2,700 տարի առաջ Միքիա մարգարէին արձանագրած մարգարէութեան կատարումն է։ «Վերջին օրեր»ուն ակնարկելով, ան գրեց. «Շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’»։ (Միքիայ 4։1, 2) Ասոր տեղի ունենալը կը տեսնէ՞ք։

3, 4. (ա) «Ազգեր»ը ինչպէ՞ս Եհովայի կը դառնան։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։

3 Ամբողջ «ազգեր» չեն գար Եհովայի հոգեւոր տունը զինք պաշտելու համար, այլ, անոնց մէջէն անհատներ ասիկա կ’ընեն։ Անոնք երբ կը սորվին Եհովա Աստուծոյ գրաւիչ անձնաւորութեան եւ իր սիրալիր նպատակներուն մասին, իրենց սրտերը խորապէս կ’ազդուին։ Ուստի, խոնարհաբար կ’ուզեն գիտնալ թէ Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Անոնց աղօթքը հաւատարիմ մարդու մը՝ Դաւիթ թագաւորին, աղօթքին կը նմանի որ ըսաւ. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս»։—Սաղմոս 143։10

4 Դուք ալ Եհովան պաշտողներու այդ հսկայ խումբին մէ՞ջն էք։ Ձեզի տրուած ուսուցումին հանդէպ ձեր կեցուածքը կը փաստէ՞ թէ դուք կը գիտակցիք որ Եհովան է անոր աղբիւրը։ Ո՞ր չափով ‘իր շաւիղներուն մէջ կը քալէք’։

ԱՅՍ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ’ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԻ

5. (ա) Պաշտամունքի միութիւնը վերջապէս ի՞նչպէս պիտի իրագործուի։ (բ) Ինչո՞ւ ստիպողական է հիմա Եհովան պաշտել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ նոյնը ընեն։

5 Եհովայի նպատակն է իր բոլոր մտացի արարածները միացնել պաշտամունքի մէջ. ան կը փափաքի որ իր արարածներէն ոչ մէկը մոլորի, կամ կեանքին իմաստը կորսնցուցած ըլլալով՝ խարխափէ։ Անոր համար անհամբերութեամբ կը սպասենք այն օրուան, երբ ամբողջ մարդկութիւնը միակ ճշմարիտ Աստուածը պիտի օրհնէ։ (Սաղմոս 103։19–22) Սակայն, ասիկա տեղի ունենալէ առաջ, պէտք է որ Աստուած իր ստեղծագործութիւնը մաքրէ բոլոր անոնցմէ, որոնք իր սիրալիր թագաւորութեան դէմ կ’ըմբոստանան եւ որոնք կը յամառին ուրիշներուն կեանքն ալ ապականել։ Ողորմածօրէն, ան նախապէս կը տեղեկացնէ իր ընելիքը, այնպէս որ ամենուրեք մարդիկ առիթ ունին իրենց կեանքերը փոխելու։ Անոր համար մեր օրերուն այս ստիպողական կոչը տրուած է համայն աշխարհի. «Աստուծմէ վախցէ՛ք, ու փա՛ռք տուէք անոր, վասնզի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Դուք ալ այս հրաւէրը ընդունա՞ծ էք։ Եթէ այո, հիմա ձեր առանձնաշնորհումն է Եհովայի կազմակերպութեան հետ աշխատիլ, ուրիշներուն օգնելով որ նոյնը ընեն։

6. Աստուածաշունչի հիմնական վարդապետութիւնները սորվելէ ետք, յաւելեալ ի՞նչ յառաջդիմութիւններ պէտք է ջանանք ընել։

6 Աստուծոյ նպատակը չէ իր կազմակերպութեան մէջ անհատներ բերել որոնք պարզապէս կ’ըսեն որ Եհովայի կը հաւատան եւ կ’ուզեն Դրախտին մէջ ապրիլ, եւ սակայն միեւնոյն ատեն կը շարունակեն իրենց անձնասէր հետապնդումները։ Ան կ’ուզէ որ մարդիկ ‘իր կամքին ճշգրիտ գիտութիւն’ը ստանան եւ ասիկա ցոլացնեն իրենց կեանքին մէջ։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Աստուածաշունչի հիմնական վարդապետութիւնները սորվելէ ետք, գնահատող անձեր կ’ուզեն Քրիստոնէական հասունութեան դիմել։ Անոնց փափաքն է, աւելի մտերմօրէն Եհովան ճանչնալ, իր Խօսքին մասին իրենց հասկացողութիւնը ընդլայնել ու խորացնել եւ զայն աւելի լման կերպով իրենց կեանքերուն մէջ կիրարկել։ Անոնք կը ջանան իրենց երկնաւոր Հօրը նման ըլլալ, իր յատկանիշները ցոլացնելով եւ իրերը տեսնելով ինչպէս ինք կը տեսնէ։ Ասիկա զիրենք կը մղէ որ երկրի վրայ իր կատարել տուած գործին կարելի եղածին չափ շատ մասնակցութիւն բերելու համար կերպեր խորհին։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք։—Եփեսացիս 5։1. Եբրայեցիս 5։12–6։3. Ա. Տիմոթէոս 4։15

7. Հիմա ի՞նչ կերպերով իրական միութիւնը կարելի է, եւ ան ինչպէ՞ս կ’իրագործուի։

7 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անոնք որ Եհովայի պիտի ծառայեն, պէտք է միացած ժողովուրդ մը ըլլան։ (Եփեսացիս 4։1–3) Այս միութիւնը գոյութիւն պէտք է ունենայ հիմա, հակառակ անոր որ բաժանուած աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք եւ տակաւին մեր անկատարութիւններուն համար կը պայքարինք։ Յիսուս անկեղծօրէն աղօթեց որ իր աշակերտները մէկ ըլլան, իրական միութիւն վայելելով։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Նախ, ամէն բանէ առաջ, անոնք լաւ յարաբերութիւն պէտք է ունենան Եհովայի եւ իր Որդւոյն հետ։ Նաեւ, իրարու հետ միութեան մէջ պէտք է ըլլան։ (Յովհաննու 17։20, 21) Ասիկա հիմա կ’իրագործեն, կիրարկելով այն բոլոր ուսուցումները զորս կը ստանան Եհովայի «տուն»էն։

Ի՞ՆՉ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ԿԸ ՆՊԱՍՏԵՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

8. (ա) Մեզի ազդող հարցումներուն պատասխանները ստանալու համար երբ Աստուածաշունչը կը գործածենք, ի՞նչ բաներ կը զարգացնենք մեր մէջ։ (բ) Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանելով, Քրիստոնէական միութեան նպաստող ազդակները վերլուծեցէք։

8 Այս միութեան նպաստող բանալի ազդակները յիշուած են վարը։ Երբ իւրաքանչիւրին յաջորդող հարցումներուն կը պատասխանէք, խորհեցէք թէ անոնք ինչպէ՞ս կ’ազդեն Եհովայի եւ ձեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ ձեր ունեցած յարաբերութեան։ Մէջբերուած համարներուն լոյսով այս կէտերուն վրայ տրամաբանելով, բոլորիս անհրաժեշտ եղող խոկալու եւ ներթափանցելու ձեր կարողութիւնը պիտի զարգացնէք, Աստուծոյ ցոյց տուած ուղղութեամբ։ (Առակաց 5։1, 2. Փիլիպպեցիս 1։9–11) Ուստի, այս ազդակները քննեցէք մէկը միւսին ետեւէն.

(1) Բոլորս ալ Եհովան կը պաշտենք եւ բարիի ու չարի չափանիշներ դնելու իր իրաւունքին կը գիտակցինք։

Եհովան ի՞նչ պիտի խորհի եթէ մեր աչքին չնչին երեւցող հարցի մը մասին իր խրատը գիտակցաբար անտեսենք։ (Ղուկաս 16։10. բաղդատել Մաղաքիա 1։6-8

Եթէ միշտ չհնազանդինք Եհովայի, ուրիշները ասկէ կ’ազդուի՞ն։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 5։12. Յեսուայ 7։20–26. Գ. Թագաւորաց 14։16

(2) Աշխարհի մէջ ուր որ ալ գտնուինք, Աստուծոյ Խօսքը մեր առաջնորդն է։

Երբ որոշումներ կ’առնենք, ի՞նչ վտանգներ կան, երբ կ’ընենք ինչ որ մենք կը ‘խորհինք’ թէ շիտակ է։ (Երեմիա 17։9. Առակաց 14։12)

Եթէ որոշ հարցի մը մասին չենք գիտեր Աստուածաշունչին տեսակէտը, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (Առակաց 2։3–5)

(3) Բոլորս ալ կ’օգտուինք հոգեւոր կերակրումի նոյն յայտագրէն։

Ի՞նչ վիճակ կը տիրէ անոնց միջեւ, որոնք չեն գնահատեր հոգեւոր կերակրումի Եհովայի կարգադրութիւնը։ (Բաղդատել Եսայեայ 1։3. 9։16. 65։14

(4) Յիսուս Քրիստոս է մեր Առաջնորդը եւ ոչ թէ մարդ մը, եւ միայն իր միջոցաւ է որ բոլորս ալ Աստուծոյ կը մօտենանք պաշտամունքի համար։

Մեզմէ ոեւէ մէկը վաւերական պատճառ ունի՞ հաւատալու թէ որպէս անհատ ինք ուրիշներէն գերակայ է։ (Հռովմայեցիս 3։23, 24. 12։3. Մատթէոս 23։8–10)

(5) Ուր որ ալ ապրինք, մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան կը նայինք որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։

Ասիկա ինչպէ՞ս մեզ կը պահպանէ բաժանող ազդակներու ազդեցութիւններէն։ (Մատթէոս 6։9, 10. Միքիայ 4։3)

(6) Սուրբ հոգին Եհովան պաշտողներուն մէջ այնպիսի յատկութիւններ յառաջ կը բերէ որոնք կենսական են Քրիստոնէական միութեան։

Ինչպէ՞ս ճամբան կը բանանք որ Աստուծոյ հոգին իր պտուղները յառաջ բերէ մեր մէջ։ (Սաղմոս 1։2. Առակաց 22։4. Յայտնութիւն 3։6. Գործք 5։32)

Հոգիին պտուղները ունենալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ Եհովայի եւ մեր եղբայրներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութեան։ (Գաղատացիս 5։22, 23)

(7) Բոլորս ալ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունինք։

Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ քարոզչութեան այս գործին ժրաջանօրէն մասնակցիլը իրենց հանդէպ մեր ունեցած զգացումներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ (Բաղդատել Կողոսացիս 4։7, 11

9. Երբ իրապէս այս ճշմարտութիւնները կը գործադրենք մեր կեանքերուն մէջ, անոնց ազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։

9 Այս իրողութիւններուն գիտակցիլը բան մըն է, իսկ անոնց համաձայն ապրիլը աւելին կը պահանջէ։ Բայց երբ ասիկա ընենք, Եհովայի աւելի կը մօտենանք։ Հաւատակիցներուն հետ մեր ընկերակցութիւնն ալ քաջալերական է։ Ինչպէս Սաղմոս 133։1–ը կ’ըսէ. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։ Դուք ալ անհատապէս չէ՞ք զգար որ որքան թարմացուցիչ է անձնասէր աշխարհէն զատուիլ եւ ժողովներու գալով հանդիպիլ անոնց՝ որոնք իրապէս կը սիրեն Եհովան։

ԱՆՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՍԱՓԵՑԷ՛Ք

10. Ինչո՞ւ անկախութեան հոգիէն խուսափելու պէտքը կայ։

10 Այս թանկագին միութիւնը չխանգարելու համար, պէտք է խուսափինք անմիաբանութեան ազդեցութիւններէն։ Անոնցմէ ամենէն աչքառուն անկախութեան հոգին է։ Եհովան մեզի կ’օգնէ որ անկէ խուսափինք, քօղազերծելով անոր ծնունդ տուողը, որ է Բանսարկու Սատանան։ Ինքն էր որ Եւան խաբեց, անոր մտածել տալով որ ի շահ իրեն, պէտք է անտեսէ Աստուծոյ ըսածը եւ ինքն իր որոշումը առնէ։ Ադամն ալ միացաւ իր ըմբոստ ընթացքին։ Արդիւնքը թէ՛ իրենց եւ թէ մեզի համար դժբախտութիւն եղաւ։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1–6, 17–19) Հիմա կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ այդ անկախութեան հոգիով կլանուած է, ուստի պէտք չէ զարմանանք երբ զգանք որ մեր մէջ գտնուող այս հոգին պէտք է սանձենք։ Սիրազեղ կերպով Եհովան մեզի կ’օգնէ ասոր մէջ, իր կազմակերպութեան միջոցաւ խրատներ տալով։

11. Ի՞նչ բան ցոյց պիտի տայ թէ մենք անկեղծօրէն Աստուծոյ արդար Նոր Դրութեան համար պատրաստութիւն կը տեսնե՛նք թէ ոչ։

11 Իր կազմակերպութեան միջոցաւ սորվեցանք որ Եհովայի հոյակապ նպատակն է ներկայ միջավայրը փոխարինել նոր երկինքով ու նոր երկիրով մը, որոնց մէջ «արդարութիւնը պիտի բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Կը հրճուինք այն գաղափարին ակնկալութեամբ թէ շուտով այս ամբարիշտ աշխարհը պիտի անցնի եւ երկիրը Դրախտի մը պիտի վերածուի։ Բայց արդեօք մեր կենցաղը ցոյց կու տա՞յ թէ մենք անկեղծօրէն կը պատրաստուինք ապրելու աշխարհի մը մէջ, ուր արդարութիւնը պիտի տիրապետէ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Ճիշդ է որ աշխարհը շատ մը երեսակներ ունի զորս չենք սիրեր։ Սակայն արդեօք միայն աշխարհին այն երեսակնե՞րը չենք սիրեր, որոնք մեր անմիջական ուրախութեան արգելք են, թէ ոչ կը մերժենք նաեւ անոր հոգին՝ անոր անկախ կեցուածքը, անոր չափազանց ինքնակեդրոն ըլլալը։ Անկեղծօրէն մեր սովորութիւնը կ’ընե՞նք Եհովայի մտիկ ընել, մեր սրտէն անոր հնազանդելով, հակառակ մեր մարմնին սխալ հակումներուն։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, ի՛նչ որ ալ ընենք, մեր ամբողջ կեանքը պէտք է ապացուցանէ թէ մեր մտածումները եւ մղումները Աստուծմէ ազդուած են։—Առակաց 3։5, 6

12. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է հիմա Եհովայի ճամբաները սորվելու եւ անոնց հետեւելու պատեհութենէն օգտուիլ։ (բ) Պարբերութեան մէջ մէջբերուած համարները անհատապէս ի՞նչ կը նշանակեն մեզի համար։

12 Երբ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան եւ անոր ճամբաները սիրողներուն վրայ, կործանումի համար Եհովայի նշանակած ժամանակը գայ, ան պիտի չուշանայ։ Ան պիտի չյետաձգէ այդ ժամանակը, ոչ ալ իր չափանիշները պիտի փոխէ, որպէսզի տակաւին աշխարհին կառչողները ընդունի, որոնք Աստուծոյ կամքը գիտնալու եւ զայն կատարելու համար կէս սրտով կը մօտենան։ Հիմա՛ է գործի անցնելու ժամանակը։ (Ղուկաս 13։23, 24. 17։32. 21։34–36) Ի՜նչ քաջալերական է տեսնել «մեծ բազմութիւն մը», որոնք այս թանկագին պատեհութիւնը կ’օգտագործեն, բծախնդրօրէն փնտռելով այն խրատները զորս Եհովա կը հայթայթէ իր սիրալիր կազմակերպութեան միջոցաւ եւ միութեամբ անոր շաւիղներուն մէջ քալելով։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Պաշտամունքի նկատմամբ ի՞նչ է Եհովայի նպատակը։

Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները սորվելէ ետք, յաւելեալ ի՞նչ յառաջդիմութիւններ պէտք է ընենք անկեղծօրէն։

Անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի մեր կեանքին պատշաճօրէն ազդեն միութեան այն ազդակները, որոնց մասին խօսեցանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 4]