Մխիթարութիւն յուսալքեալներուն
Մխիթարութիւն յուսալքեալներուն
«Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ (Հռովմայեցիս 8։22) Մարդկային տառապանքը մեծ էր, երբ 1,900 տարիներ առաջ այս խօսքերը գրուեցան։ Շատեր յուսալքուած էին։ Հետեւաբար, Քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ՝ ‘Վատասիրտները մխիթարեցէ՛ք’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14
Ներկայիս, մարդոց նեղութիւնները շատ աւելի են, անոր համար որեւէ ատենէ աւելի յուսալքուած անհատներ կան։ Ասիկա պէ՞տք է զարմացնէ մեզ։ Ո՛չ, քանի որ Աստուածաշունչը մեր ժամանակը «վերջին օրեր» եւ «չար ժամանակներ» կը կոչէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց որ վերջին օրերը «սոսկալի բաներ» պիտի ըլլան։—Ղուկաս 21։7-11. Մատթէոս 24։3-14
Երբ մարդիկ երկարատեւ մտատանջութիւն, վախ, վիշտ, կամ ուրիշ բացասական յուզումներ ունենան, յաճախ կը յուսալքուին։ Յուսալքումին կամ չափազանց տխրութեան պատճառը կրնայ ըլլալ սիրելիի մը մահը, ամուսնալուծում մը, գործի կորուստը, կամ երկարատեւ հիւանդութիւն մը։ Ոմանք յուսալքուած կը զգան, երբ անարժէք ըլլալու զգացումը մշակեն, երբ խորհին որ իրենք կեանքի մէջ ձախողած են եւ ուրիշները յուսախաբ ըրած են։ Ոեւէ մէկը կրնայ նեղացուցիչ վիճակէ մը ընկճուիլ, բայց երբ անհատ մը իր յոյսը կտրէ եւ այդ գէշ վիճակէն ելք մը չտեսնէ, կրնայ լուրջ յուսալքումի մէջ իյնալ։
Անցեալին, եղան անհատներ որոնք այսպիսի զգացումներ ունեցան։ Յոբ հիւանդութենէ տառապեցաւ եւ ձախորդութեան հանդիպեցաւ։ Ան խորհեցաւ որ Աստուած լքած էր զինք, ուստի, կեանքէն զզուեցաւ։ (Յոբայ 10։1. 29։2, 4, 5) Յակոբ իր որդւոյն կարծեցեալ մահուան համար յուսալքուեցաւ, չուզելով մխիթարուիլ եւ մեռնելու ցանկութիւն յայտնեց։ (Ծննդոց 37։33-35) Լուրջ մեղքի մը պատճառաւ խղճահարուելով, Դաւիթ Թագաւոր ողբաց. «Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ։ Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ»։—Սաղմոս 38։6, 8. Բ. Կորնթացիս 7։5, 6
Այսօր, շատեր կը յուսալքուին իրենք զիրենք շատ խճողելով, փորձելով իրենց մտային, զգացական եւ ֆիզիքական կարողութիւններէն շատ աւելի բարձր կենցաղի մը հետեւիլ։ Երեւութապէս, ճնշումը եւ անոր ընկերակցող բացասական խորհուրդներն ու զգացումները, կրնան մարմնին ազդել եւ ուղեղին մէջ քիմիական անհաւասարակշռութիւն մը ստեղծելով՝ յուսալքում յառաջացնել։—Բաղդատել՝ Առակաց 14։30։
Օգնութիւն՝ Որու Կարիքը Ունին
Եպափրոդիտոս՝ Փիլիպպէի մէջ ապրող առաջին դարու Քրիստոնեայ մը՝ ‘ցաւեցաւ որ [իր բարեկամները] լսած էին իր հիւանդ ըլլալը’։ Եպափրոդիտոս, որ Պօղոսին նպաստ տանելու համար իր բարեկամներուն կողմէ Հռովմ ղրկուելէ ետք հիւանդացած էր, թերեւս խորհեցաւ որ իր բարեկամները յուսախաբ ըրաւ եւ թէ՝ անոնք զինք որպէս ձախաւեր պիտի նկատէին։ (Փիլիպպեցիս 2։25-27. 4։18) Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս օգնեց անոր։
Ան Եպափրոդիտոսը տուն ղրկեց անոր նամակ մը տալով Փիլիպպեցի իր բարեկամներուն, ուր կ’ըսէր. «Ուրախութեամբ ընդունեցէք [Եպափրոդիտոսը] Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 2։28-30) Իր մասին Պօղոսի այսպէս մեծարանքով արտայայտուիլը եւ Փիլիպպեցիներուն ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութիւնը, վստահաբար մխիթարած ըլլալու էին Եպափրոդիտոսը եւ օգնած՝ յուսալքումէ դուրս գալուն։
Անկասկած, ‘վատասիրտները մխիթարելու’ Աստուածաշունչի խրատը լաւագոյն կերպն է։ «Պէտք ունիս գիտնալու որ ուրիշներ քու մասիդ կը մտածեն», ըսաւ կին մը որ յուսալքուած էր։ «Պէտք ունիս որ մէկը քեզի ըսէ՝ ‘Կը հասկնամ վիճակդ. ամէն բան կարգի կը դրուի’»։
Յուսալքուած անհատը յաճախ կարիքը ունի նախաքայլը առնելու, որ իր սիրտը պարպելու համար կարեկից մէկը փնտռէ։ Այս մէկը լաւ մտիկ ընող մը պէտք է ըլլայ եւ շատ՝ համբերատար։ Ան յուսալքուած անհատին քարոզ կարդալէ
կամ զինք դատելէ պէտք է զգուշանայ։ Անոր պէտք չէ ըսէ՝ ‘Այդպէս պէտք չէ զգաս’, կամ՝ ‘Մտածելակերպդ սխալ է’։ Յուսալքուած անհատին զգացումները դիւրաբեկ ըլլալով, այսպիսի քննադատական ակնարկութիւններ պատճառ կրնան ըլլալ որ ան ինքզինք աւելի նուաստ զգայ։Յուսալքուած անհատ մը ինքզինք անպէտ կը զգայ։ (Յովնանու 4։3) Բայց անհատը պէտք է յիշէ որ կարեւորագոյն բանը այն է որ Աստուած ի՛նչպէս կը նկատէ զինք։ Մարդիկ Յիսուս Քրիստոսը ‘չյարգեցին’, բայց ասիկա Աստուծոյ աչքին իր արժէքը չնսեմացուց։ (Եսայեայ 53։3) Վստահ եղէք որ ինչպէս Աստուած իր սիրելի Որդին կը սիրէ, նոյնքան ալ ձեզ կը սիրէ։—Յովհաննու 3։16
Յիսուս անձկութեան մէջ եղողներուն վրայ խղճաց եւ փորձեց անոնց օգնել որ իրենց անհատական արժէքը տեսնեն։ (Մատթէոս 9։36. 11։28-30. 14։14) Ան բացատրեց որ Աստուած նոյնիսկ պզտիկ, աննշան ճնճղուկներուն արժէք կու տայ։ «Անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ», ըսաւ ան։ Որքա՜ն աւելի ան արժէք կու տայ մարդոց, որոնք կը ջանան իր կամքը կատարել։ Անոնց մասին Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են»։—Ղուկաս 12։6, 7
Ճիշդ է որ խորապէս յուսալքուած, իր տկարութիւններով եւ թերութիւններով ջախջախուած անհատի մը համար դժուար կ’ըլլայ հաւատալ որ Աստուծոյ աչքին տակաւին ինք շատ արժէք ունի։ Ան կրնայ խորհիլ թէ ինք Աստուծոյ սիրոյն եւ հոգածութեան արժանի չէ։ Աստուածաշունչը կ’ընդունի որ ‘մեր սրտերը կրնան մեզ մեղադրել’։ Բայց ա՞յս է չափանիշը։ Բնա՛ւ երբեք։ Աստուած գիտէ թէ մեղաւոր մարդիկ կրնան բացասական մտքեր ունենալ եւ նոյնիսկ իրենք զիրենք դատապարտել։ Ուստի, իր Խօսքը մեզ կը մխիթարէ. «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։—Ա. Յովհաննու 3։19, 20
Այո, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը մեր մեղքերէն եւ սխալներէն անդին կը տեսնէ։ Ան գիտէ մեղմացուցիչ հանգամանքները, մեր ամբողջ կեանքի ընթացքը, մեր շարժառիթներն ու դիտաւորութիւնները։ Ան գիտէ որ մենք մեղք, հիւանդութիւն եւ մահ ժառանգած ենք եւ հետեւաբար շատ սահմանափակ ենք։ Արդէն երբ խորապէս վշտացած եւ մենք մեզմէ դժգոհ ենք, անիկա ինքնին կը փաստէ որ չենք ուզեր մեղանչել եւ շատ հեռու չենք գացած։ Աստուածաշունչը Հռովմայեցիս 5։12. 8։20
կ’ըսէ որ մենք առանց ուզելու ‘ունայնութեան հնազանդած’ ենք։ Ուստի, Աստուած կը կարեկցի մեր թշուառ կացութեան եւ մեր տկարութիւնները հաշուի կ’առնէ։—«Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ «Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։8, 12, 14) Արդարեւ, Եհովան ‘ամէն մխիթարութեան Աստուածն է. որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4
Յուսալքեալները մեծագոյն օգնութիւնը կը ստանան իրենց ողորմած Աստուծոյն մօտենալով եւ ‘իրենց հոգը իր վրայ ձգելու’ Անոր հրաւէրը ընդունելով։ Ան իրապէս ‘կոտրած սրտերը կ’ապրեցնէ’։ (Սաղմոս 55։22. Եսայեայ 57։15) Ուստի, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ աղօթենք, ըսելով. «Ձեր ամէն հոգը [Եհովայի] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։7) Այո, աղօթքի եւ աղաչանքի միջոցաւ, անհատներ կրնան Աստուծոյ մօտենալ եւ վայելել «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Սաղմոս 16։8, 9
Անհատ մը իր ապրելակերպին մէջ գործնական բարեփոխումներ ընելով ալ կրնայ յուսալքուած տրամադրութենէ դուրս գալ։ Շատ կարեւորութիւն ունի մարզանք ընելը, սննդարար կերակուր ուտելը, թարմ օդ շնչելը, բաւարար հանգիստը եւ հեռատեսիլը չափազանց չդիտելը։ Կին մը յուսալքեալներուն օգնած էր, անոնց աշխուժօրէն արագ քալել տալով։ Երբ յուսալքեալ տիկին մը ըսաւ. «Ես չեմ ուզեր քալել», այս կինը ազնուօրէն բայց հաստատամտութեամբ պատասխանեց, «Այո, պի՛տի քալես»։ Կինը կը տեղեկագրէ. «Վեց քիլոմեթր քալեցինք։ Վերադարձին՝ ան յոգնած էր, բայց ինքզինք աւելի լաւ կը զգար։ Մինչեւ չփորձէք, չէք կրնար երեւակայել աշխոյժ մարզանքին օգտակարութիւնը»։
Սակայն, երբեմն, ամէն բան՝ նոյնիսկ բժշկական դարմանները՝ փորձելով հանդերձ, կարելի չըլլար բոլորովին վանել յուսալքումը։ «Ամէն բան փորձեցի», ըսաւ միջին տարիքի կին մը, «բայց յուսալքումը մնաց»։ Նոյնն է պարագան կոյրին, խուլին կամ կաղին. յաճախ անկարելի է բուժել զանոնք։ Հռովմայեցիս 12։12. 15։4
Բայց, յուսալքեալները կրնան մխիթարուիլ եւ յուսադրուիլ, կանոնաւորաբար կարդալով Աստուծոյ Խօսքը, որ մարդկային բոլոր հիւանդութիւններէն վերջնականօրէն ամոքուելու յոյսը կը հայթայթէ։—Երբ Ո՛եւէ Մէկը Այլեւս Պիտի Չյուսալքուի
Երբ Յիսուս վերջին օրերուն երկրի վրայ գալիք ահաւոր բաները կը նկարագրէր, ան ըսաւ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։28) Յիսուս կը խօսէր Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ մտնելու մասին, ուր «ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։21
Անցեալի բեռներէն ազատագրուած ըլլալով, մարդկութիւնը որքա՜ն հանգստացած պիտի ըլլայ, ամէն օր պայծառ մտքով զարթնելով, եւ օրուան գործունէութեան նետուելով։ Այլեւս յուսալքումը ոեւէ մէկուն կարելիութիւնները պիտի չկաշկանդէ։ Աստուած կը հաւաստիացնէ մարդկութիւնը, թէ «ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ, ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է։