Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի

Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի

Գլուխ 34

Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի

1. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս հակազդեց տեսնելով մեծ պոռնիկը եւ ահաւոր գազանը որուն վրայ հեծած էր ան, եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս կը հակազդէ, մարգարէական տեսիլքը կատարող դէպքերուն ընթացքը տեսնելով։

 Ի՞ՆՉ կ’ըլլայ Յովհաննէսի հակազդեցութիւնը, երբ կը տեսնէ մեծ պոռնիկը եւ ահաւոր գազանը, որուն վրայ հեծած էր ան։ Ի՛նք կու տայ պատասխանը. «Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ»։ (Յայտնութիւն 17։6բ) Զուտ մարդկային երեւակայութիւն մը չի կրնար այսպիսի տեսարան մը յղանալ։ Բայց ահաւասիկ հեռու անապատի մը մէջ, լիրբ պոռնիկ մը որ սարսափելի, կարմիր գազանի մը վրայ բազմած է։ (Յայտնութիւն 17։3) Յովհաննէս դասակարգն ալ այսօր մեծապէս կը զարմանայ, մարգարէական տեսիլքը կատարող դէպքերուն ընթացքը տեսնելով։ Եթէ աշխարհի մարդիկը կարենային տեսնել զայն, պիտի բացագանչէին. «Ա՛նհաւատալի է», իսկ աշխարհի կառավարիչները պիտի ըսէին. «Խելքէ մտքէ դուրս է»։ Բայց տեսիլքը մեր օրերուն ցնցիչ իրողութիւն մը կը դառնայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն յատկանշական մասնակցութիւն մը ունեցած է անոր կատարման մէջ, եւ ասիկա կը վստահեցնէ որ այս մարգարէութիւնը ապշեցուցիչ գագաթնակէտի պիտի հասնի։

2. (ա) Յովհաննէսի զարմանքը տեսնելով, հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսէ անոր։ (բ) Յովհաննէս դասակարգին ի՞նչ կը յայտնուի, եւ ասիկա ի՞նչպէս եղած է։

2 Հրեշտակը կը նշմարէ Յովհաննէսի զարմանքը։ Յովհաննէս կը շարունակէ. «Հրեշտակը ինծի ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզի ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի’»։ (Յայտնութիւն 17։7) Այո, հիմա հրեշտակը պիտի պարզէ խորհուրդը։ Ան ապշահար Յովհաննէսի կը բացատրէ տեսիլքին տարբեր երեսակները եւ տակաւին բացայայտուելիք շշմեցուցիչ դէպքերը։ Այսօր ալ նոյն կերպով, հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ ծառայելով, արթուն Յովհաննէս դասակարգին յայտնուեցաւ մարգարէութեան հասկացողութիւնը։ «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»։ Հաւատարիմ Յովսէփի նման, մե՛նք ալ ասոր կը հաւատանք։ (Ծննդոց 40։8. համեմատել՝ Դանիէլ 2։29, 30) Աստուծոյ ծառաները որպէս թէ բեմին կեդրոնը կը գտնուին, մինչ Եհովա անոնց կը մեկնէ տեսիլքին իմաստը եւ անոնց կեանքին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը։ (Սաղմոս 25։14) Ճիշդ ժամանակին, կնկան եւ գազանին խորհուրդին հասկացողութիւնը պարզած է անոնց։—Սաղմոս 32։8

3, 4. (ա) Ն. Հ. Նոր հանրային ի՞նչ դասախօսութիւն տուաւ 1942–ին, եւ անիկա ի՞նչպէս կարմիր գազանին ինքնութիւնը կը յայտնէր։ (բ) Ն. Հ. Նոր Յովհաննէսի ուղղուած հրեշտակին ո՞ր խօսքը բացատրեց։

3 18-20 Սեպտեմբեր 1942–ին, երբ Բ. Աշխարհամարտը իր բարձունքին մէջ էր, Միացեալ Նահանգներու մէջ Եհովայի Վկաները իրենց՝ Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովը ունեցան։ Օհայոյի Գլէվլէնտ գլխաւոր քաղաքը հեռաձայնային դրութեամբ կապուած էր համաժողով եղող 50–է աւելի ուրիշ քաղաքներու. ունկնդիրներու բարձրագոյն թիւը հասցնելով 129,699–ի։ Համայն աշխարհի մէջ այն շրջանները ուր պատերազմական վիճակները կը թոյլատրէին, նոյն յայտագրով համաժողովներ կազմակերպուեցան։ Այդ ժամանակ, Եհովայի ծառաներէն շատեր կ’ակնկալէին որ այդ պատերազմը պիտի սաստկանար եւ հասցնէր Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին. հետեւաբար հանրային դասախօսութիւնը շատ հետաքրքրաշարժ էր, որուն խորագիրն էր՝ «Խաղաղութիւն. Անիկա Կրնա՞յ Գոյատեւել»։ Դիտարանի Ընկերութեան նոր նախագահը՝ Ն. Հ. Նոր ի՞նչպէս կրնար խաղաղութեան մասին խօսիլ, երբ այնպէս կը թուէր որ ճիշդ հակառակն էր որ կը սպասէր ազգերուն։ * Պատճառը այն էր որ Յովհաննէս դասակարգը «սովորականէն աւելի ուշադրութիւն» կ’ընէր Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին։—Եբրայեցիս 2։1ՆԱ. Բ. Պետրոս 1։19

4 «Խաղաղութիւն. Անիկա Կրնա՞յ Գոյատեւել» դասախօսութիւնը ի՞նչ լոյս սփռեց մարգարէութեան վրայ։ Յայտնութիւն 17։3–ի կարմիր գազանը յստակօրէն բնորոշելով որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, Ն. Հ. Նոր խօսեցաւ անոր փոթորկալից ասպարէզին մասին, Յովհաննէսի ուղղուած՝ հրեշտակին սա խօսքերուն հիման վրայ. «Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է»։—Յայտնութիւն 17։8ա

5. (ա) Գազանը ի՞նչպէս «կար» ու ետքը՝ «չկար»։ (բ) Ն. Հ. Նոր ի՞նչպէս պատասխանեց՝ «Դաշնակցութիւնը անդունդին մէջ պիտի մնա՞յ» հարցումին։

5 «Գազանը . . . կար»։ Այո, անիկա գոյութիւն ունեցաւ որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, 10 Յունուար 1920–էն սկսեալ, որուն 63 ազգեր մասնակից եղան։ Բայց Ճափոնը, Գերմանիան եւ Իտալիան կարգով քաշուեցան, իսկ նախկին Սովետական Միութիւնը Դաշնակցութենէն դուրս դրուեցաւ։ 1939–ի Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ Նացի բռնապետը Բ. Աշխարհամարտին ձեռնարկեց։ * Աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը պահելու անկարող ըլլալով, Ազգերու Դաշնակցութիւնը իսկապէս անգործունէութեան անդունդը գնաց։ 1942–ին, անիկա անցեալին պատկանած բան մը եղաւ։ Ճակատագրական ճիշդ այդ ժամանակին՝ ո՛չ անկէ առաջ եւ ոչ ալ այդ թուականէն ետք՝ Եհովա տեսիլքին մասին խոր ու ամբողջական հասկացողութիւն տուաւ իր ժողովուրդին։ Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովին, Ն. Հ. Նոր մարգարէութեան համաձայն կրցաւ ըսել. «Գազանը . . . չկայ»։ Ապա հարցուց. «Դաշնակցութիւնը անդունդին մէջ պիտի մնա՞յ»։ Յայտնութիւն 17։8–ը մէջբերելով, ան պատասխանեց. «Աշխարհի ազգերուն ընկերակցութիւնը դարձեալ պիտի ելլէ»։ Ճիշդ ա՛յս է որ տեղի ունեցաւ, Եհովայի մարգարէական Խօսքը ջատագովուելով։

Անդունդէն կ’Ելլէ

6. (ա) Կարմիր գազանը ե՞րբ անդունդէն ելաւ եւ ի՞նչ նոր անունով։ (բ) Ինչո՞ւ Միացեալ Ազգերը իրականութեան մէջ կարմիր գազանին վերակենդանացումն է։

6 Արդարեւ կարմիր գազանը անդունդէն դուրս եկաւ։ 26 Յունիս 1945–ին, Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ, Ա.Մ.Ն., 50 ազգեր աղմկարար փողերախումբի նուագներով քուէարկեցին, որպէսզի ընդունուի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Իրաւագիծը։ Այս անձնակազմին նպատակն էր «միջազգային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել»։ Շատ մը նմանութիւններ կային Ազգերու Դաշնակցութեան եւ ՄԱԿ–ի միջեւ։ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կը նշէ. «Շատ կերպերով ՄԱԿ–ը կը նմանի Ազգերու Դաշնակցութեան, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք կազմակերպուեցաւ . . . ՄԱԿ–ը հիմնող ազգերէն շատեր, Դաշնակցութիւնը հիմնելու ալ մասնակցած էին։ Դաշնակցութեան նման, ՄԱԿ–ը հաստատուեցաւ որ ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը պահպանելու նպաստէ։ ՄԱԿ–ի գլխաւոր մարմինները շատ նման են Ազգերու Դաշնակցութեան մարմիններուն»։ Հետեւաբար, ՄԱԿ–ը կարմիր գազանին վերակենդանացումն է։ Անոր աւելի քան 190 անդամ ազգերը, Դաշնակցութեան 63 ազգերէն շատ աւելի են. անիկա իր նախորդէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ շալկած է։

7. (ա) Երկրի բնակիչները ի՞նչ կերպով հիացան վերակենդանացած կարմիր գազանին վրայ։ (բ) ՄԱԿ–ը ի՞նչ նպատակակէտի չկրցաւ հասնիլ, եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը ի՞նչ ըսաւ այս մասին։

7 Սկիզբը, շատ մեծ յոյսեր դրուած էին ՄԱԿ–ի վրայ։ Ասիկա հրեշտակին խօսքերուն հետ ներդաշնակ էր. «Երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ»։ (Յայտնութիւն 17։8բ) Երկրի բնակիչները հիացած էին այս նոր հսկային վրայ, որ Նիւ Եորքի Իսթ Րիվըրի վրայ գտնուող պատկառելի կեդրոնատեղիէն կը գործէր։ Բայց իսկական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը խոյս տուած էին ՄԱԿ–էն։ Ի. դարու ընթացքին, աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանուեցաւ միմիայն «փոխադարձ վստահ կործանում»ի սպառնալիքով (կրճատուած՝ MAD), իսկ զինամրցակցութիւնը շարունակած է վերելք արձանագրել։ Միացեալ Ազգերուն աւելի քան 40 տարուան ջանքերէն ետք, 1985–ին անոր ընդհանուր քարտուղարը Խավիէ Փէրէզ տէ Գուէյար ողբաց. «Մենք մոլեռանդներու դարաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք եւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ ընենք»։

8, 9. (ա) ՄԱԿ–ը ինչո՞ւ աշխարհի խնդիրներուն լուծումը չունի, եւ շատ մօտ ատենէն ի՞նչ պիտի պատահի անոր՝ Աստուծոյ վճիռին համաձայն։ (բ) ՄԱԿ–ի հիմնադիրներուն եւ անոր վրայ հիացողներուն անունները ինչո՞ւ պիտի չգրուին Աստուծոյ «կենաց գրքին մէջ»։ (գ) Եհովայի Թագաւորութիւնը ի՞նչ կատարելու մէջ յաջողակ պիտի ըլլայ։

8 ՄԱԿ–ը հրամցնելիք լուծումներ չունի. ինչո՞ւ։ Քանի որ ամբողջ մարդկութեան կեանք տուողը չէ ՄԱԿ–ի կենսատուն։ Անիկա կարճատեւ կեանք պիտի ունենայ, քանի որ ըստ Աստուծոյ վճիռին, իր «կորուստին երթալու վրայ է»։ ՄԱԿ–ի հիմնադիրներուն եւ անոր վրայ հիացողներուն անունները չեն արձանագրուած Աստուծոյ կենաց գրքին մէջ։ Մեղաւոր, մահկանացու մարդիկ՝ որոնցմէ շատերը Աստուծոյ անունը կը ծաղրեն՝ ի՞նչպէս կրնան ՄԱԿ–ի միջոցաւ իրագործել այն ինչ որ Եհովա Աստուած ըսած է որ շուտով պիտի կատարէ, ո՛չ թէ մարդոց, այլ՝ իր Քրիստոսին Թագաւորութեան միջոցաւ։—Դանիէլ 7։27. Յայտնութիւն 11։15

9 ՄԱԿ–ը արդարեւ, նախատելի կեղծիքն է Խաղաղութեան Իշխանին, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան, որու իշխանութիւնը վերջ պիտի չունենայ։ (Եսայեայ 9։6, 7) Նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ–ը կարենայ ժամանակաւոր խաղաղութիւն հաստատել, շատ չանցած պատերազմները անգամ մը եւս գլուխ պիտի ցցեն։ Ասիկա մեղաւոր մարդոց բնութեան մէջ է։ Անոնց «անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն»։ Քրիստոսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը ոչ միայն յաւիտենական խաղաղութիւն պիտի հաստատէ երկրի վրայ, այլ, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուող արդար ու մեղաւոր մեռելները պիտի յարուցանէ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Ասիկա իր մէջ կը պարփակէ բոլոր անոնք որոնք Սատանայի ու իր սերունդին յարձակումներուն դիմաց անսասան մնացած են, ինչպէս նաեւ անոնք որոնք տակաւին իրենց հնազանդութիւնը ցոյց պիտի տան։ Բացայայտ է որ Աստուծոյ կենաց գիրքը բնաւ պիտի չպարունակէ անոնց անունները, որոնք Մեծն Բաբելոնի պահպանողական համակիրներն են, կամ անոնք որոնք կը շարունակեն երկրպագութիւն ընել գազանին։—Ելից 32։33. Սաղմոս 86։8-10. Յովհաննու 17։3. Յայտնութիւն 16։2. 17։5

Խաղաղութիւն ու Ապահովութիւն. Սին Յոյս մը

10, 11. (ա) ՄԱԿ–ը ի՞նչ ծանուցանեց 1986–ին եւ ընդառաջումը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ քանի «կրօնական ընտանիքներ» հաւաքուեցան խաղաղութեան ի նպաստ աղօթելու համար, եւ Աստուած այսպիսի աղօթքներ կը լսէ՞. բացատրեցէք։

10 Մարդոց յոյսեր տալու համար, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1986 տարին «Խաղաղութեան Միջազգային Տարի» հռչակեց, որպէս բնաբան ունենալով՝ «Խաղաղութիւնը եւ Մարդկութեան Ապագան Պահպանել»։ Պատերազմող ազգերուն կոչ ըրաւ որ առնուազն տարի մը իրենց զէնքերը վար առնեն։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Միջազգային Խաղաղութեան Հետազօտութեան Հաստատութեան մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, շուրջ հինգ միլիոն անհատներ պատերազմներու պատճառաւ սպաննուեցան 1986–ին։ Թէեւ մասնայատուկ մետաղադրամներ եւ դրոշմաթուղթեր կոխուեցան, բայց ընդհանուր առմամբ ազգերը գրեթէ ոչինչ ըրին խաղաղութեան իտէալին թիկունք կանգնելու համար։ Սակայն, աշխարհի կրօնքները՝ որոնց մտահոգութիւնը միշտ եղած է ՄԱԿ–ի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ, բազմաթիւ կերպերով ծանուցումներ ըրին այդ տարուան համար։ 1 Յունուար 1986–ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը ՄԱԿ–ի գործը գովաբանեց եւ նոր տարին խաղաղութեան տարի հռչակեց։ Իսկ Հոկտեմբեր 27–ին, Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ հաւաքեց աշխարհի կրօնքներու առաջնորդներէն շատերը, որպէսզի խաղաղութեան համար աղօթեն։

11 Աստուած կը լսէ՞ խաղաղութեան համար եղած այսպիսի աղօթքներու։ Լաւ, կրօնական այդ առաջնորդները ո՞ր Աստուծոյն կ’աղօթէին։ Եթէ անոնց հարցնէիք, իւրաքանչիւր խումբ տարբեր պատասխան մը պիտի տար։ Միլիոնաւոր աստուածներու պանթէոն մը կա՞յ, որ կրնայ լսել ու պատասխանել բազմաթիւ կերպերով եղած խնդրանքներուն։ Անոր մասնակցողներէն շատեր Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը կը պաշտէին։ * Պուտտայականները, Հինտուները եւ ուրիշներ անթիւ աստուածներու աղօթքներ կը տաղերգէին։ Ընդամէնը 12 «կրօնական ընտանիքներ» հաւաքուած էին, որոնք ներկայացուած էին իրենց կրօնքի երեւելիներով, ինչպէս Գէնթըրպըրիի Անգլիքան Արքեպիսկոպոսը, Պուտտայականներու Տալայի Լաման, Ռուս Ուղղափառ արքեպիսկոպոս մը, Թոքիոյի Շինթօ Սրբարանի Ընկերակցութեան նախագահը, Ափրիկեցի Կենսուժականներ (Անիմիստներ), եւ երկու Ամերիկացի Հնդիկներ, զարդարուած իրենց փետրաւոր գլխանոցներով։ Առանց չափազանցելու, կրնանք ըսել որ անիկա երփներանգ խումբ մըն էր, հեռատեսիլի շքեղ յայտագիր մը կազմելու համար։ Խումբերէն մէկը առանց կենալու 12 ժամ աղօթեց։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 20։45-47) Բայց արդեօք այդ աղօթքները հոն հաւաքուողներուն վերեւ կուտակուած անձրեւի ամպերէն անդին անցա՞ն։ Կրնանք ո՛չ ըսել, հետեւեալ պատճառներով.

12. Ի՞նչ պատճառներով Աստուած չպատասխանեց աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն խաղաղութեան ի նպաստ մատուցած աղօթքները։

12 ‘Եհովայի անունով քալողներուն’ հակառակը, այդ կրօնականներէն ո՛չ մէկը Եհովայի՝ ապրող Աստուծոյն, կ’աղօթէր, որուն անունը շուրջ 7,000 անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ։ (Միքիայ 4։5ՆԱ. Եսայեայ 42։8, 12) * Որպէս խումբ մը, անոնք Աստուծոյ չմօտեցան Յիսուսի անունով. անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի չէր հաւատար։ (Յովհաննու 14։13. 15։16) Անոնցմէ ո՛չ մէկը մեր օրերուն համար Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, որ է համայն աշխարհի մէջ ծանուցանել Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութիւնը որպէս մարդկութեան միակ յոյսը, եւ ո՛չ թէ՝ ՄԱԿ–ը։ (Մատթէոս 7։21-23. 24։14. Մարկոս 13։10) Անոնց կրօնական կազմակերպութիւնները մեծաւ մասամբ պատմութեան արիւնաթոր պատերազմներուն միջամուխ եղած են, մէջը ըլլալով՝ 20–րդ դարու երկու աշխարհամարտերուն։ Այսպիսիներուն Աստուած կ’ըսէ. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ. վասնզի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»։—Եսայեայ 1։15. 59։1-3

13. (ա) Խաղաղութիւն խնդրելու համար աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն ՄԱԿ–ի հետ ձեռք ձեռքի տալը ինչո՞ւ նշանակալից է։ (բ) Խաղաղութեան կանչերը Աստուծոյ կողմէ նախագուշակուած ո՞ր բարձրակէտին պիտի յանգին։

13 Ասկէ զատ, խորապէս նշանակալից է որ աշխարհի կրօնական առաջնորդները Միացեալ Ազգերուն հետ ձեռք ձեռքի տան այս ժամանակին մէջ խաղաղութիւն խնդրելու համար։ Անոնք կ’ուզեն ՄԱԿ–ի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել իրենց անձնական շահուն համար, մանաւանդ այս ժամանակին, երբ իրենց մարդիկը կրօնքէն կը հեռանան։ Վաղեմի Իսրայէլի անհաւատարիմ առաջնորդներուն նման, անոնք «խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է» կ’աղաղակեն, «երբ խաղաղութիւն չկայ»։ (Երեմեայ 6։14) Անկասկած խաղաղութեան համար անոնց կանչերը պիտի շարունակուին բարձրանալ, Պօղոս առաքեալի մարգարէացած բարձրակէտին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելով. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3

14. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» աղաղակը ի՞նչ ձեւ կրնայ ստանալ, եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ չմոլորիլ։

14 Վերջին տարիներուն, քաղաքագէտներ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» արտայայտութիւնը գործածած են՝ մարդկային ծրագիրներ նկարագրելու համար։ Արդեօք աշխարհի առաջնորդներուն կողմէ թափուած այս ջանքերը, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի կատարման սկի՞զբն են, թէ ոչ Պօղոս միայն համայն աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւող մասնայատուկ դէպքի մը կ’ակնարկէր։ Ասիկա գիտնալու համար պէտք է սպասենք, քանի որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները յաճախ լիովին կը հասկցուին՝ միմիայն անոնց կատարումէն ետք, կամ երբ կատարման ընթացքի մէջ են։ Մինչ այդ, Քրիստոնեաները գիտեն թէ ազգերը ի՛նչ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն ալ իրագործեն, իրապէս ոչինչ փոխուած պիտի ըլլայ։ Անձնասիրութիւնը, ատելութիւնը, ոճիրը, ընտանեկան քայքայումը, անբարոյութիւնը, հիւանդութիւնը, վիշտը եւ մահը տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան։ Անոր համար «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» կանչ մը ձեզ պէտք չէ մոլորեցնէ, եթէ աշխարհի դէպքերուն իմաստին նկատմամբ արթուն մնաք եւ Աստուծոյ Խօսքին մարգարէական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայէք։—Մարկոս 13։32-37. Ղուկաս 21։34-36

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ մեռաւ 8 Յունուար 1942–ին, եւ Ն. Հ. Նոր անոր յաջորդեց որպէս Դիտարանի Ընկերութեան նախագահ։

^ պարբ. 5 20 Նոյեմբեր 1940–ին, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, եւ Հունգարիան «Ազգերու նոր Դաշնակցութեան մը» համար ստորագրութիւն տուին, որմէ չորս օր ետք Վատիկան Պատարագ մը եւ աղօթք մը ձայնասփռեց, կրօնական խաղաղութեան եւ նոր համակարգութեան համար։ Այդ «նոր Դաշնակցութիւնը» բնաւ չիրականացաւ։

^ պարբ. 11 Երրորդութեան գաղափարը երբեմնի Բաբելոնէն ծագում առած է, ուր արեւու չաստուածը՝ Շամաշ, լուսնի չաստուածը՝ Սին, եւ աստղի չաստուածը՝ Իշթար, կը պաշտուէին որպէս եռեակ։ Եգիպտոս ալ նոյն օրինակին հետեւեցաւ, Օզիրիս, Իզիս եւ Հորուսը պաշտելով։ Ասորեստանի գլխաւոր աստուածը՝ Ասուր, երեք գլուխով ներկայացուած է։ Նոյն օրինակին հետեւելով, Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ պատկերներ կան, որոնք երեք գլուխով կը ներկայացնեն Աստուած։

^ պարբ. 12 1993–ի Ուէպսթըրի Երրորդ Նոր Բառարան–ը Եհովա Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս «Եհովայի Վկաներուն կողմէ ընդունուած գերագոյն էութիւն մը եւ միակ պաշտուած աստուածը»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 250]

«Խաղաղութեան» յարակարծիքը

Թէեւ 1986–ը Խաղաղութեան Միջազգային Տարի հռչակուեցաւ ՄԱԿ–ի կողմէ, բայց սպառազինութեան անձնասպանական մրցումը աւելի մեծ թափ ստացաւ։ 1986–ի Աշխարհի Զինուորական եւ Ընկերային Ծախսեր տեղեկագրութիւնը հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը ներկայացնէ, որոնք խորհիլ կու տան.

1986–ին, զինուորական համաշխարհային ծախսը հասած էր 900 միլիառ տոլարի։

Համայն աշխարհի մէջ, զինուորական մէկ ժամուան ծախսերը բաւարար էին, առաջքը առնուելիք փոխանցիկ հիւանդութիւններէն ամէն տարի մեռնող 3.5 միլիոն անհատներ ախտազերծելու։

Համայն աշխարհի մէջ, հինգէն մէկը ծայրայեղ թշուառութեան մէջ կ’ապրէր։ Սովամահ եղող այս բոլոր մարդիկը մէկ տարի կրնային կերակրուիլ, աշխարհի մէջ միայն երկու օրուան մէջ վատնուած սպառազինութեան ծախսով։

Աշխարհի կորիզային զէնքերու մթերանոցներուն մէջ գտնուող պայթուցիկ ուժը 160,000,000 անգամ մեծ էր Չէրնոպիլի պայթումէն։

Կորիզային ռումբ մը կրնար 1945–ին Հիրոշիմայի վրայ ձգուած ռումբէն 500 անգամ աւելի զօրաւոր պայթում յառաջ բերել։

Կորիզային զինարանները աւելի քան մէկ միլիոն Հիրոշիմաներ կը պարունակէին։ Անոնք Բ. Աշխարհամարտին արձակուած ու 38 միլիոն անհատներու մահուան պատճառ եղած ռումբերէն 2,700 անգամ աւելի պայթուցիկ ուժեր կը ներկայացնէին։

Պատերազմները շատ աւելի յաճախ եւ շատ աւելի մահացու եղան։ Պատերազմէն մեռնողներուն թիւը ԺԸ. դարուն 4.4 միլիոն էր, ԺԹ. դարուն՝ 8.3 միլիոն, իսկ Ի. դարու առաջին 86 տարիներուն ընթացքին՝ 98.8 միլիոն։ ԺԸ. դարէն սկսեալ, պատերազմին մէջ մեռնողներուն թիւը, աշխարհի բնակչութեան թիւէն վեց անգամ աւելի արագ աւելցած է։ Ի. դարուն, իւրաքանչիւր պատերազմի մէջ տասը անգամ աւելի մահեր եղան, քան ԺԹ. դարուն։

[Նկարներ՝ էջ 247]

Ինչպէս մարգարէացուած էր կարմիր գազանին մասին, Ազգերու Դաշնակցութիւնը Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին անդունդը գնաց, բայց վերակենդանացաւ որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն

[Նկարներ՝ էջ 249]

ՄԱԿ–ի «Խաղաղութեան Տարի»ին սատար կանգնելու համար, աշխարհի կրօնքներուն ներկայացուցիչները Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ խառնակ աղօթքներ մատուցանեցին, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ապրող Աստուծոյ՝ Եհովայի աղօթեց