Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոյշ եւ դառն պատգամ մը

Անոյշ եւ դառն պատգամ մը

Գլուխ 24

Անոյշ եւ դառն պատգամ մը

Տեսիլք 6—Յայտնութիւն 10։1–11։19

Նիւթ. Գրքոյկին տեսիլքը. տաճարին անցուդարձերը. եօթներորդ փողին հնչուիլը

Կատարման ժամանակ. 1914–ին Յիսուսի թագադրումէն մինչեւ մեծ նեղութիւնը

1, 2. (ա) Երկրորդ վային հետեւանքը ի՞նչ եղաւ, եւ այս վայը ե՞րբ վերջացած պիտի համարուի։ (բ) Արդ Յովհաննէս որո՞ւ երկինքէն իջնելը կը տեսնէ։

 ԵՐԿՐՈՐԴ վայը քանդիչ էր։ Անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհն ու անոր առաջնորդները՝ «մարդոց երրորդ մասը» հարուածեց եւ երեւան հանուեցաւ որ անոնք հոգեւորապէս մեռած են։ (Յայտնութիւն 9։15) Յովհաննէս հարց տուած ըլլալու էր թէ երրորդ վայը ի՛նչ կրնար բերել։ Բայց սպասեցէ՜ք. երկրորդ վայը տակաւին վերջացած չէ. անիկա Յայտնութիւն 11։14–ի մէջ արձանագրուած կէտին հասնելէն ետք պիտի վերջանայ։ Անկէ առաջ, Յովհաննէս կարգ մը դէպքերու ականատես կ’ըլլայ, որու մէջ ինք գործօն բաժին մը կ’ունենայ։ Անիկա կը սկսի շատ տպաւորիչ տեսարանով մը։

2 «Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս»։—Յայտնութիւն 10։1

3. (ա) Ո՞վ է «զօրաւոր հրեշտակ»ը։ (բ) Իր գլխուն վրայի ծիածանին իմաստը ի՞նչ է։

3 Ո՞վ է այս «զօրաւոր հրեշտակ»ը։ Բացայայտ է որ ան փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսն է՝ տարբեր դերի մը մէջ։ Անիկա անտեսանելիութեան ամպ մը հագած է, որ մեզի կը յիշեցնէ Յովհաննէսի նախորդ խօսքերը Յիսուսի մասին. «Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին»։ (Յայտնութիւն 1։7. համեմատել՝ Մատթէոս 17։2-5) Իր գլխուն վրայի ծիածանը մեզի կը յիշեցնէ տեսիլքի մէջ Յովհաննէսի նախապէս տեսած Եհովայի աթոռը, որ ունէր «ծիածան՝ զմրուխտի երեւոյթի նման»։ (Յայտնութիւն 4։4, Արեւմտահայերէն. համեմատել՝ Եզեկիէլ 1։28) Այդ ծիածանը Աստուծոյ աթոռը պատող անդորրութիւնը ու խաղաղութիւնը կը թելադրէր։ Նոյն կերպով, հրեշտակին գլխուն վրայի ծիածանը զինք կը բնորոշէ որպէս խաղաղութեան մասնայատուկ պատգամաբեր, Եհովայի նախագուշակած «Խաղաղութեան Իշխան»ը։—Եսայեայ 9։6, 7

4. Ի՞նչ կը նշէ (ա) զօրաւոր հրեշտակին երեսը «արեւի պէս» ըլլալը, (բ) հրեշտակին ոտքերը «կրակի սիւներու պէս» ըլլալը։

4 Զօրաւոր հրեշտակին երեսը «արեւի պէս» էր։ Նախապէս, Յիսուսը Աստուծոյ տաճարին մէջ տեսած տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս նշեց որ անոր երեսը «արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի»։ (Յայտնութիւն 1։16) Յիսուս որպէս «արդարութեան արեգակ» կը փայլի, Եհովայի անունէն վախցողներուն համար իր թեւերուն վրայ բժշկութիւն ունենալով։ (Մաղաքեայ 4։2) Այս հրեշտակին ոչ միայն դէմքը, այլ նաեւ ոտքերը փառաւոր են, «կրակի սիւներու պէս»։ Իր ծանրաշուք երեւոյթը նման է անոր, որու Եհովա տուած է «ամէն իշխանութիւն . . . երկնքի ու երկրի մէջ»։—Մատթէոս 28։18. Յայտնութիւն 1։14, 15

5. Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ զօրաւոր հրեշտակին ձեռքին մէջ։

5 Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ»։ (Յայտնութիւն 10։2) Ուրի՞շ գրքոյկ մը։ Այո, բայց այս անգամ անիկա կնքուած չէ։ Յովհաննէսի ընկերակցութեամբ շուտով կ’ակնկալենք տեսնել ուրիշ ոգեցունց յայտնաբերումներ։ Սակայն նախ, մեզի կը տրուի յաջորդող դէպքերուն պատկերը։

6. (ա) Ինչո՞ւ յարմար է որ Յիսուսի ոտքին մէկը ըլլայ երկրին ու միւսը ծովուն վրայ։ (բ) Սաղմոս 8։5-8–ը ե՞րբ ամբողջովին կատարուեցաւ։

6 Վերադառնանք Յիսուսի մասին տրուած նկարագրութեան։ Իր կրականման ոտքերը երկրի ու ծովուն վրայ դրած է, որոնց վրայ հիմա լման իշխանութիւն ունի։ Ճիշդ մարգարէական սաղմոսին մէջ ըսուածին նման. «Քիչ մը վար ըրիր [Եհովա] զանիկա [Յիսուսը] հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա. քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա. ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր. բոլոր ոչխարները ու արջառները, նաեւ վայրենի անասունները, երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի»։ (Սաղմոս 8։5-8. տես նաեւ՝ Եբրայեցիս 2։5-9) Այս սաղմոսը իր լման կատարումը ունեցաւ 1914–ին, երբ Յիսուս թագադրուեցաւ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ վերջին ժամանակը սկսաւ։ Հետեւաբար, ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ այս տեսիլքին մէջ, կը կիրարկուի այդ տարուընէ սկսեալ։—Սաղմոս 110։1-6. Գործք 2։34-36. Դանիէլ 12։4

Եօթը Որոտումները

7. Զօրաւոր հրեշտակը ի՞նչ կերպով աղաղակեց եւ իր աղաղակին իմաստը ի՞նչ է։

7 Զօրաւոր հրեշտակը ինքն է որ կ’ընդմիջէ Յովհաննէսին, որ զինք կը դիտէր։ «Եւ [հրեշտակը] մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան»։ (Յայտնութիւն 10։3) Այսպիսի ուժեղ ձայն մը Յովհաննէսի ուշադրութիւնը գրաւած պէտք էր ըլլար, հաստատելով որ Յիսուս իրապէս «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծ»ն է։ (Յայտնութիւն 5։5) Յովհաննէս գիտնալու էր նաեւ թէ երբեմն Եհովայի համար ալ ըսուած է որ կը «մռնչէ»։ Եհովայի մռնչիւնը մարգարէաբար կը ծանուցանէ հոգեւոր Իսրայէլի վերահաւաքումը եւ «Տէրոջը [կործանարար] օր»ուան գալը։ (Ովսեայ 11։10. Յովելեայ 3։14, 16ՆԱ. Ամովսայ 1։2. 3։7, 8) Յստակ է ուրեմն, որ այս զօրաւոր հրեշտակին առիւծանման մռնչիւնը նոյնանման մեծ դէպքեր կը գուշակէր ծովուն եւ երկրին համար։ Ան կը հրաւիրէ որ եօթը որոտումները խօսին։

8. ‘Եօթը որոտումներուն ձայները’ ի՞նչ են։

8 Յովհաննէս նախապէս լսած էր որ ուղղակի Եհովայի աթոռէն որոտումներ կ’ելլէին։ (Յայտնութիւն 4։5) Դաւիթի օրերուն, երբեմն բառացի որոտումին համար կ’ըսուէր «Տէրոջը ձայնը»։ (Սաղմոս 29։3) Երբ Եհովա Յիսուսի երկրային ծառայութեան օրերուն, լսելի կերպով ծանուցանեց իր անունը փառաւորելու իր նպատակը, շատերուն համար անիկա որոտումի նման հնչեց։ (Յովհաննու 12։28, 29) Հետեւաբար, տրամաբանական է եզրակացնել թէ ‘եօթը որոտումներուն ձայները’ իր նպատակներուն մասին Եհովայի արտայայտութիւնն են։ «Եօթը» որոտումներ ըլլալը կը թելադրէ Յովհաննէսի լսածին ամբողջական ըլլալը։

9. Երկնքէն եկած ձայնը ի՞նչ կը պատուիրէ։

9 Բայց մտիկ ըրէք. ուրիշ ձայն մը կը լսուի։ Ան պատուէր մը կու տայ, որ Յովհաննէսի տարօրինակ թուած ըլլալու է. «Երբ եօթը որոտումները խօսեցան, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր. ‘Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր’»։ (Յայտնութիւն 10։4) Յովհաննէս անհամբեր եղած ըլլալու էր այդ որոտանման պատգամները լսելու եւ զանոնք գրի առնելու համար, ճիշդ ինչպէս Յովհաննէս դասակարգը ներկայիս անձկութեամբ սպասած է Եհովայի որ իր նպատակները յայտնէ, որպէսզի զանոնք հրատարակէ։ Այսպիսի յայտնութիւններ միայն Եհովայի որոշած ժամանակին կու գան։—Ղուկաս 12։42. տես նաեւ՝ Դանիէլ 12։8, 9

Աստուծոյ Սրբազան Խորհուրդին Կատարումը

10. Զօրաւոր հրեշտակը որո՞ւ անունով կ’երդնու եւ ի՞նչ բանի համար։

10 Մինչ այդ, Եհովա ուրիշ պաշտօն մը ունի յանձնելիք Յովհաննէսի։ Եօթը որոտումները որոտալէն ետք, զօրաւոր հրեշտակը անգամ մը եւս կը խօսի. «Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր [աջ] ձեռքը երկինք վերցուց ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ ա՛լ ժամանակ [«այլեւս ուշացում», Անթիլիաս] պիտի չըլլայ»։ (Յայտնութիւն 10։5, 6) Զօրաւոր հրեշտակը որո՞ւ անունով կ’երդնու։ Փառաւորեալ Յիսուս երդում կ’ընէ ո՛չ թէ իր անունով, այլ բարձրագոյն Հեղինակութեան՝ Եհովայի, երկնքի ու երկրի անմահ Ստեղծիչին անունով։ (Եսայեայ 45։12, 18) Այս երդումով, հրեշտակը կը հաւաստիացնէ Յովհաննէսը թէ այլեւս Աստուծոյ կողմէ ուշացում պիտի չըլլայ։

11, 12. (ա) Ի՞նչ է «այլեւս ուշացում պիտի չըլլայ» խօսքին իմաստը։ (բ) Ի՞նչ բան կը կատարուի։

11 Հոս «ուշացում» թարգմանուած Յունարէն բառն է՝ խրոնոս, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ժամանակ»։ Հետեւաբար, ոմանք խորհած են որ հրեշտակին այս ծանուցումը պէտք է թարգմանուի՝ «ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ», որպէս թէ մեր գիտցած ժամանակը պիտի վերջանայ։ Բայց հոս գործածուած խրոնոս բառը առանց որոշիչ յօդի գործածուած է։ Ուստի չի նշանակեր սովորական ժամանակը, այլ՝ «ժամանակ մը» կամ «ժամանակաշրջան մը»։ Ուրիշ խօսքով, Եհովայի կողմէ յաւելեալ ժամանակաշրջան (կամ՝ ուշացում) պիտի չըլլայ։ Խրոնոս բառէն ծագում առած Յունարէն բայ մըն ալ գործածուած է Եբրայեցիս 10։37–ի մէջ, ուր Պօղոս մէջբերում ընելով Ամբակումայ 2։3, 4–էն կը գրէ թէ «ան որ գալու է՝ . . . պիտի չուշանայ»։

12 «Այլեւս ուշացում պիտի չըլլայ». այս խօսքերը որքան անոյշ կը հնչեն ներկայիս տարեց Յովհաննէս դասակարգի ականջին։ Ի՞նչ առումով այլեւս ուշացում պիտի չըլլայ։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ [«սրբազան», ՆԱ] խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց»։ (Յայտնութիւն 10։7) Եհովայի ժամանակը եկած է իր սրբազան խորհուրդը փառաւոր յաջողութեամբ ուրախ յանգումի մը հասցնելու համար։

13. Ի՞նչ է Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը։

13 Ի՞նչ է այս սրբազան խորհուրդը։ Անիկա կապ ունի առաջին անգամ Եդեմի մէջ խոստացուած սերունդին հետ, որ գլխաւորաբար Յիսուս Քրիստոսն էր։ (Ծննդոց 3։15. Ա. Տիմոթէոս 3։16) Անիկա նաեւ կապ ունի կնոջ ինքնութեան հետ, որմէ Սերունդը յառաջ կու գայ։ (Եսայեայ 54։1. Գաղատացիս 4։26-28) Նաեւ անոր մէջ պարփակուած է սերունդ դասակարգին երկրորդական անդամները եւ Թագաւորութիւնը, ուր Սերունդը կ’իշխէ։ (Ղուկաս 8։10. Եփեսացիս 3։3-9. Կողոսացիս 1։26, 27. 2։2. Յայտնութիւն 1։5, 6) Այս անզուգական երկնային Թագաւորութեան մասին բարի լուրը, վերջին ժամանակին մէջ համայն երկրի վրայ պէտք է քարոզուի։—Մատթէոս 24։14

14. Ինչո՞ւ երրորդ վայը Աստուծոյ Թագաւորութեան առնչուած է։

14 Վստահաբար ասիկա լուրերուն լաւագոյնն է։ Սակայն, Յայտնութիւն 11։14, 15–ի մէջ, երրորդ վայը Թագաւորութեան հետ կապուած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդոց մէջէն անոնք որոնք կը նախընտրեն Սատանայի իրերու դրութիւնը, անոնց համար Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին կատարուելուն մասին բարի լուրին հնչուիլը, ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան եկած ըլլալը, գոյժ մըն է։ (Համեմատել՝ Բ. Կորնթացիս 2։16) Անիկա կը նշանակէ թէ իրենց այդքան սիրած աշխարհին կործանումը մօտ է։ Եհովայի վրէժխնդրութեան օրը որքան կը մօտենայ, այսպիսի չարաշուք փոթորկանման ազդարարութիւններ պարունակող եօթը որոտումներուն ձայները հետզհետէ աւելի կը յստականան ու կը բարձրանան։—Սոփոնեայ 1։14-18

Բաց Գրքոյկը

15. Երկնքէն եկած ձայնը եւ զօրաւոր հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսեն Յովհաննէսի, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կը ձգէ Յովհաննէսի վրայ։

15 Մինչ Յովհաննէս կը սպասէ եօթներորդ փողին հնչուիլը եւ Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին կատարուիլը, անոր ուրիշ նշանակում մը կը տրուի. «Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. ‘Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է’։ Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. ‘Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը’։ Ան ըսաւ ինծի. ‘Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ’։ Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։ Ան ըսաւ ինծի. ‘Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով’»։—Յայտնութիւն 10։8-11

16. (ա) Եզեկիէլ մարգարէն ի՞նչպէս Յովհաննէսի նման փորձառութիւն մը ունեցաւ։ (բ) Գրքոյկը ինչո՞ւ անոյշ թուեցաւ Յովհաննէսի, բայց անոր մարսողութիւնը ինչո՞ւ դառն էր։

16 Յովհաննէսի փորձառութիւնը կը նմանի Բաբելոն երկրին մէջ աքսորուած շրջանին Եզեկիէլ մարգարէին ունեցած փորձառութեան։ Անոր ալ պատուէր տրուեցաւ որ տոմս մը ուտէ որ իր բերնին մէջ անոյշ եղաւ։ Բայց երբ ստամոքսը հասաւ, Իսրայէլի ըմբոստ տան մասին դառն բաներ գուշակելու պատասխանատուութիւն տրուեցաւ անոր։ (Եզեկիէլ 2։8–3։15) Այն բացուած գրքոյկը զոր փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Յովհաննէսի կու տայ, անիկա ալ աստուածային պատգամ մըն է։ Յովհաննէս պէտք է քարոզէ «շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով»։ Այս գրքոյկը ուտելը իրեն համար անոյշ է, քանի որ աստուածային աղբիւրէ կու գայ։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 119։103. Երեմեայ 15։15, 16) Բայց անոր մարսողութիւնը դառն է իրեն համար՝ ինչպէս էր պարագան Եզեկիէլի՝ քանի որ անիկա ըմբոստ մարդոց համար անհաճելի բաներ կը պարունակէ։—Սաղմոս 145։20

17. (ա) Որո՞նք են որ Յովհաննէսի կ’ըսեն որ «նորէն» մարգարէանայ, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Յովհաննէսի տեսած շշմեցուցիչ պատկերը ե՞րբ պիտի կատարուէր։

17 Անկասկած Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս է որ Յովհաննէսի կ’ըսեն որ նորէն մարգարէանայ։ Յովհաննէս, Պատմոս կղզին աքսորուած ըլլալով հանդերձ, Յայտնութիւն գրքին մինչեւ հոս արձանագրած տեղեկութիւններով արդէն ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով մարգարէացած էր։ «Նորէն» բառը կը նշանակէ թէ Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրուած մնացեալ տեղեկութիւնները պէտք էր գրէր ու հրատարակէր։ Բայց մի՛ մոռնաք որ իրականութեան մէջ հոս Յովհաննէս մարգարէական տեսիլքի մը մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէր։ Ինչ որ կ’արձանագրէ, մարգարէութիւն մըն է որ 1914–էն ետք պիտի կատարուի, երբ զօրաւոր հրեշտակը մէկ ոտքը երկրին ու միւսը ծովուն վրայ դնէ։ Արդ, այս շշմեցուցիչ պատկերը ի՞նչ իմաստ կը կրէ ներկայիս Յովհաննէս դասակարգին համար։

Գրքոյկը՝ Ներկայիս

18. Տէրունական օրուան սկիզբը, Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ հետաքրքրութիւն ունեցաւ Յայտնութիւն գրքին հանդէպ։

18 Ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ հոյակապ կերպով կը նախագուշակէ Յովհաննէս դասակարգին ունեցած փորձառութիւնը տէրունական օրուան սկիզբը։ Այն ատեն Եհովայի նպատակներուն մասին անոնց հասկացողութիւնը՝ մէջը ըլլալով եօթը որոտումները՝ ամբողջական չէր։ Այսուհանդերձ, Յայտնութիւն գրքին հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ունէին եւ Չարլզ Թէյզ Ռասըլը իր կենդանութեան շրջանին անոր շատ մը մասերը մեկնաբանած էր։ 1916–ին իր մահուընէ ետք, իր գրութիւններէն շատերը հաւաքուեցան եւ գրքի մը մէջ հրատարակուեցան, որուն խորագիրն էր՝ Կատարուած Խորհուրդը։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին տեսնուեցաւ որ այս գիրքը բաւարար բացատրութիւն չէր տար Յայտնութիւն գրքին մասին։ Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդը տակաւին քիչ մը պիտի սպասէր, մինչեւ որ տեսիլքները սկսէին կատարուիլ, այդ ներշնչեալ գրութիւնը աւելի ճշգրտօրէն հասկնալու համար։

19. (ա) Եհովա Աստուած ի՞նչպէս գործածեց Յովհաննէս դասակարգը նոյնիսկ եօթը որոտումներուն ձայները լիովին հրատարակուելէն առաջ։ (բ) Յովհաննէս դասակարգին ե՞րբ տրուեցաւ բաց գրքոյկը, եւ ասիկա ի՞նչ նշանակեց անոնց համար։

19 Սակայն, Յովհաննէսին նման, Եհովա զիրենք գործածեց եօթը որոտումներուն ձայները լիովին հրատարակուելէն առաջ։ Անոնք 1914–էն առաջ 40 տարի ջանադրութեամբ քարոզեցին, եւ պայքարեցան որպէսզի գործունեայ մնան Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին։ Անոնք ապացուցանեցին որ իրենք էին, որ իրենց տէրը եկած ժամանակ ատենին կերակուր կու տային ծառաներուն։ (Մատթէոս 24։45-47) Հետեւաբար, 1919–ին իրենց էր որ տրուեցաւ բաց գրքոյկը՝ մարդկութեան քարոզելու համար բաց պատգամ մը։ Եզեկիէլի նման, անոնք պատգամ մը ունէին տալիք անհաւատարիմ կազմակերպութեան մը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհին՝ որ կը դաւանի Աստուծոյ ծառայել, բայց իրականութեան մէջ չի ծառայեր։ Յովհաննէսի նման, անոնք քիչ մը եւս պէտք էր քարոզէին «շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու» վրայով։

20. Յովհաննէսին գրքոյկը ուտելը ի՞նչ կը պատկերացնէր։

20 Յովհաննէսին գրքոյկը ուտելը կը պատկերացնէր թէ Յիսուսի եղբայրները այս նշանակումը ընդունեցին։ Անիկա իրենց մէկ մասը եղաւ, այն առումով որ անոնք այլեւս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին այս հատուածով բնորոշուած էին եւ անով կը սնուցանուէին։ Բայց իրենց քարոզչութիւնը Եհովայի դատաստանական արտայայտութիւնները պիտի պարունակէր, որոնք մարդոց մեծամասնութեան համար անախորժ էին։ Արդարեւ, անիկա Յայտնութիւն 8–րդ գլուխին մէջ նախագուշակուած պատուհասները կը պարունակէր։ Բայց այդ անկեղծ Քրիստոնեաներուն համար անոյշ էր գիտնալ այդ պատգամները եւ թէ, Եհովան նորէն զիրենք պիտի գործածէր զանոնք ծանուցանելու համար։—Սաղմոս 19։9, 10

21. (ա) Գրքոյկին պատգամը ի՞նչպէս մեծ բազմութեան համար ալ անոյշ եղաւ։ (բ) Բարի լուրը ինչո՞ւ գէշ լուր մըն է հակառակորդներուն համար։

21 Ժամանակի ընթացքին, այս գրքոյկին պատգամը անոյշ եղաւ նաեւ ‘մեծ բազմութեան, որ բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն եկած էր’, որոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ իրենց տեսած զզուելի բաներուն համար կը հառաչէին։ (Յայտնութիւն 7։9. Եզեկիէլ 9։4) Ասոնք ալ ջանադրութեամբ կը քարոզեն բարի լուրը, գործածելով անոյշ, շնորհալի բառեր, ոչխարանման Քրիստոնեաներուն համար Եհովայի հոյակապ կարգադրութիւնը նկարագրելու համար։ (Սաղմոս 37։11, 29. Կողոսացիս 4։6) Բայց հակառակորդներուն համար, ասիկա գէշ լուր է։ Ինչո՞ւ։ Անիկա կը նշանակէ թէ այս դրութիւնը, որուն վրայ դրած են իրենց վստահութիւնը եւ որ թերեւս իրենց ժամանակաւոր գոհունակութիւն տուած է, պէտք է բնաջնջուի։ Անոնց համար բարի լուրը դատապարտութիւն կը նշանակէ։—Փիլիպպեցիս 1։27, 28. համեմատել՝ Բ. Օրինաց 28։15. Բ. Կորնթացիս 2։15, 16

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 160]

Յովհաննէս դասակարգը եւ անոնց ընկերակիցները անոյշ եւ դառն պատգամ մը կը ծանուցանեն բոլոր մարդկութեան