Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջին սէրը վերարծարծել

Առաջին սէրը վերարծարծել

Գլուխ 7

Առաջին սէրը վերարծարծել

ԵՓԵՍՈՍ

1. Յիսուս ո՞ր ժողովքին կ’ուղղէ իր առաջին պատգամը եւ ան ի՞նչ կը յիշեցնէ տեսուչներուն։

 ՅԻՍՈՒՍԻ առաջին պատգամը ուղղուած է Եփեսոսի ժողովքին, որ այդ ժամանակ Պատմոս կղզիէն ոչ շատ հեռու, Փոքր Ասիոյ մէջ բարգաւաճ եւ ծովեզերեայ քաղաք մըն էր։ Յիսուս՝ Յովհաննէսի կը պատուիրէ. «Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի’»։ (Յայտնութիւն 2։1) Ինչպէս միւս վեց պատգամներուն մէջ, հոս ալ Յիսուս իր հեղինակաւոր դիրքին մէկ երեսակը կը մատնանշէ։ Ան Եփեսոսի տեսուչներուն կը յիշեցնէ, թէ բոլոր երէցները իր պահպանիչ հսկողութեան ներքեւ են, եւ թէ ինք բոլոր ժողովքները կը քննէ։ Մինչեւ օրս, ան շարունակած է իր սիրալիր գլխաւորութիւնը ի գործ դնել, երէցներուն վրայ հսկելով եւ ազնուօրէն հովուելով ժողովքին հետ բոլոր ընկերակցողները։ Պարբերաբար, ան կը ճշդէ ժողովքային կարգադրութիւնները, որպէսզի լոյսը աւելի պայծառութեամբ շողայ։ Այո, Յիսուս է Աստուծոյ հօտին Հովուապետը։—Մատթէոս 11։28-30. Ա. Պետրոս 5։2-4

2. (ա) Յիսուս ո՞ր լաւ բաներուն համար կը գովէ Եփեսոսի ժողովքը։ (բ) Եփեսոսի երէցները բացայայտօրէն Պօղոս առաքեալի ո՞ր խրատին հետեւած էին։

2 Ապա Յիսուս, ի բացառեալ երկուքէն, իր եօթը պատգամները կը սկսի գովասանքի ջերմ խօսքերով։ Եփեսացիներուն ան հետեւեալ պատգամը ունի. «Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։ Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար ու չթուլցար»։ (Յայտնութիւն 2։2, 3) Տարիներ առաջ, Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի երէցները զգուշացուցած էր «յափշտակող գայլեր»ու, հօտին մէջ հաւատուրաց խառնակութիւններ յարուցանողներու դէմ, եւ այդ երէցներուն ըսած էր որ ‘արթուն կենան’, իր անխոնջ օրինակին հետեւելով։ (Գործք 20։29, 31) Անոնք կիրարկած ըլլալու էին այս խրատը, քանի որ Յիսուս կը գովէ զիրենք, իրենց ջանադրութեան, համբերութեան եւ չթուլնալնուն համար։

3. (ա) «Սուտ առաքեալներ»ը ի՞նչպէս փորձած են խաբել այժմու հաւատարիմները։ (բ) Պետրոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ հաւատուրացներու մասին։

3 Տէրունական օրուան ընթացքին ալ «սուտ առաքեալներ» երեւցած են, ‘որոնք ծուռ բաներ խօսելով, աշակերտները իրենց ետեւէն քաշած են’։ (Բ. Կորնթացիս 11։13. Գործք 20։30. Յայտնութիւն 1։10) Անոնք հակընդդէմ աղանդական բոլոր կրօնքներուն մէջ լաւ բաներ կը տեսնեն, կը դաւանին որ Աստուած կազմակերպութիւն մը չունի եւ կը մերժեն այն իրողութիւնը թէ Յիսուս թագաւորական զօրութիւն ստացաւ 1914–ին։ Անոնք կը կատարեն Բ. Պետրոս 3։3, 4–ի մարգարէութիւնը. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։

4. (ա) Ծաղրողներուն հպարտութիւնը եւ ընդվզումը ի՞նչպէս ցոյց կը տրուի։ (բ) Ներկայ Քրիստոնեաները ստախօս հակառակորդներուն դէմ ի՞նչ քայլեր առնելով ցոյց կու տան որ Եփեսացիներուն կը նմանին։

4 Այս ծաղրողները իրենց հաւատքին մասին հանրային յայտարարութիւն ընելու գաղափարին դէմ կ’ընդվզին։ (Հռովմայեցիս 10։10) Անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լրագիրներու ու հեռատեսիլի կայաններու օժանդակութիւնը ապահոված են, իրենց նախկին ընկերակիցներուն մասին սուտ տեղեկութիւններ տարածելու համար։ Հաւատարիմ անհատներ շուտով կը նկատեն որ այդ խաբեբաներուն խօսակցութեան եւ վարքին մէջ ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն կայ։ Եփեսացիներուն նման, այսօր ալ Քրիստոնեաները ‘չարերուն չեն կրնար տանիլ’, ուստի զանոնք կը վտարեն իրենց ժողովքներէն։ *

5. (ա) Ըստ Յիսուսի, Եփեսացիներուն տկարութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Եփեսացիները ո՞ր խօսքերը պէտք էր յիշէին։

5 Արդ, ինչպէս կ’ընէ եօթը ժողովքներէն հինգին պարագային, Յիսուս մատը լուրջ խնդրի մը վրայ կը դնէ։ Ան Եփեսացիներուն կ’ըսէ. «Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ (Յայտնութիւն 2։4) Անոնք այս ուղղութեամբ պէտք չէր թերանային, քանի որ 35 տարի առաջ Պօղոս անոնց գրած էր որ Աստուած ‘առատ սիրով մեզ սիրած էր’ եւ զանոնք յորդորած էր. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց»։ (Եփեսացիս 2։4. 5։1, 2) Ասկէ զատ, Յիսուսի խօսքերը անջնջելիօրէն քանդակուած պէտք էր ըլլային իրենց սրտերուն վրայ. «Մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։ (Մարկոս 12։29-31) Եփեսացիները կորսնցուցած էին այդ առաջին սէրը։

6. (ա) Ժողովքին հետ երկար ժամանակէ ընկերակցած ըլլանք թէ վերջերս, ո՞ր վտանգէն եւ հակումներէն պէտք է զգուշանանք։ (բ) Աստուծոյ հանդէպ սէրը ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ մեզ։

6 Ժողովքին հետ երկար ժամանակէ ընկերակցած ըլլանք թէ վերջերս, պէտք է զգուշանանք Եհովայի հանդէպ մեր առաջին սէրը կորսնցնելէ։ Այս կորուստը ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ։ Թոյլ տալով որ մեր աշխարհային գործին շատ կապուած ըլլանք, շատ դրամ շահելու ցանկութիւնը ունենանք, կամ մեր կեանքին գլխաւոր բանը հաճոյքները դարձնենք։ Այսպիսով մեր միտքը մարմնաւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանայ եւ ո՛չ թէ՝ հոգեւոր։ (Հռովմայեցիս 8։5-8. Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։9, 10) Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեզ մղէ որ այսպիսի հակումներ սրբագրենք եւ շարունակենք ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’, որպէսզի ‘գանձեր դիզենք երկինքը’։—Մատթէոս 6։19-21, 31-33

7. (ա) Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը ի՞նչ բանէ մղուած պէտք է ըլլայ։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչ ըսաւ սիրոյ մասին։

7 Թող որ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը միշտ խոր արմատ կապած սէրէ մղուած ըլլայ։ Մեզի համար Եհովայի եւ Քրիստոսի ըրած բոլոր բաները մեծապէս գնահատենք։ Ինչպէս Յովհաննէս հետագային գրեց. «Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու»։ Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ»։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք որ Եհովայի, Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ Աստուծոյ կենդանի Խօսքին հանդէպ մեր սէրը թառամի։ Այս սէրը կրնանք արտայայտել ո՛չ միայն Աստուծոյ եռանդուն ծառայութիւն մատուցանելով, այլ նաեւ հնազանդելով իր տուած սա պատուէրին. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։—Ա. Յովհաննու 4։10, 16, 21. Եբրայեցիս 4։12. տես նաեւ՝ Ա. Պետրոս 4։8. Կողոսացիս 3։10-14. Եփեսացիս 4։15

«Քու Առաջուան Գործերդ Ըրէ»

8. Ըստ Յիսուսի, Եփեսացիները ի՞նչպէս պէտք էր վարուէին։

8 Այդ Եփեսացիները իրենց առաջուան սէրը պէտք էր վերարծարծէին, եթէ չէին ուզեր ամէն բան կորսնցնել։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես»։ (Յայտնութիւն 2։5) Եփեսոսի ժողովքի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդունեցին այս խօսքերը։ Չենք գիտեր։ Կը յուսանք որ անոնք զղջացին եւ կրցան Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը վերակենդանացնել։ Եթէ ասիկա չընէին, իրենց ճրագը պիտի մարէր եւ իրենց աշտանակը պիտի վերցուէր։ Անոնք ճշմարտութիւնը ճառագայթելու իրենց առանձնաշնորհումը պիտի կորսնցնէին։

9. (ա) Յիսուս քաջալերական ի՞նչ խօսքեր ըսաւ Եփեսացիներուն։ (բ) Յովհաննէսէն ետք, ժողովքները ի՞նչպէս Եփեսացիներուն տուած Յիսուսի խրատը պահելու մէջ թերացան։

9 Այսուհանդերձ, Յիսուս հետեւեալ քաջալերական խօսքերը ունէր Եփեսացիներուն. «Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ»։ (Յայտնութիւն 2։6) Գոնէ անոնք աղանդապաշտական բաժանումները կ’ատէին, ինչպէս Տէր Յիսուս Քրիստոս կ’ատէր։ Սակայն մինչ տարիները սահեցան, շատ մը ժողովքներ Յիսուսի այս խօսքերուն չհետեւեցան։ Եհովայի, ճշմարտութեան եւ իրարու հանդէպ սիրոյ պակասը պատճառ եղաւ որ անոնք հոգեւոր մթութեան մէջ թաղուին։ Անոնք բազմաթիւ հակընդդէմ աղանդներու բաժնուեցան։ «Քրիստոնեայ» դպիրներ, որոնք Եհովայի հանդէպ սէր չունէին, Աստուածաշունչի Յունարէն ձեռագիրներէն հանեցին Աստուծոյ անունը։ Սիրոյ պակասը նաեւ դուռ բացաւ բաբելոնական եւ յունական վարդապետութիւններու, Քրիստոնէութեան անուան տակ սորվեցնելով դժոխքը, քաւարանը եւ Երրորդութիւնը։ Աստուծոյ եւ ճշմարտութեան հանդէպ սէր չունենալով, Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելէն ետ կեցան։ Անոնց վրայ տիրապետեց անձնասէր կղեր դասակարգը, որոնք հոս՝ երկրի վրայ, իրենց թագաւորութիւնը հաստատեցին։—Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 4։8

10. Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն վիճակը ի՞նչ էր 1918–ին։

10 Երբ 1918–ին Աստուծոյ տունէն դատաստանը սկսաւ, Քրիստոնեայ Աշխարհի աղանդապաշտ կղերները բացէ ի բաց թիկունք կը կանգնէին Առաջին Աշխարհամարտին, յորդորելով որ երկու կողմերու Կաթողիկէները եւ Բողոքականները զիրար սպաննեն։ (Ա. Պետրոս 4։17) Նիկողայոսեանց աղանդին գործերը ատող Եփեսոսի ժողովքին հակառակը, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները շատոնց վարակուած էին հակասական եւ անաստուածաշնչական վարդապետութիւններով եւ անոնց կղերները այս աշխարհին թիկունք կանգնած էին, որուն մասին Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ անոր մաս չկազմեն։ (Յովհաննու 15։17-19) Անոնց ժողովքները Աստուածաշունչի բնաբանէն՝ Աստուծոյ Թագաւորութենէն՝ տեղեակ չըլլալով սուրբ գրային ճշմարտութիւնը ճառագայթող աշտանակներ չէին եղած, ո՛չ ալ անոնց անդամները Եհովայի հոգեւոր տաճարին մաս կազմած էին։ Անոնց գլխաւորները՝ այրեր թէ կիներ՝ փոխանակ աստղեր ըլլալու, փաստած էին «անօրէնութեան մարդ»ը կազմող տարրերը ըլլալ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3. Մաղաքեայ 3։1-3

11. (ա) 1918–ին, աշխարհի թատերաբեմին վրայ Քրիստոնեայ ո՞ր խումբը Եփեսացիներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը գործադրեց։ (բ) Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ ըրաւ 1919–էն ետք։

11 Իսկ Յովհաննէս դասակարգը, Առաջին Աշխարհամարտի խռովալից օրերէն դուրս եկաւ Եհովայի եւ ճշմարտութեան հանդէպ այնպիսի սիրով մը, որ զինք մղեց բոցավառ եռանդով իրեն ծառայելու։ Անոնք ընդդիմացան բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին հերձուածողութիւն մտցնել, գրեթէ կուռքի վերածելով Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ Չարլզ Թ. Ռասըլը, իր մահուընէ ետք, որ տեղի ունեցաւ 1916–ին։ Հալածանքներէն եւ հակառակութիւններէն կրթուած, այս Քրիստոնեայ խմբակը իր Տէրոջմէն յստակօրէն ստացաւ «Ապրի՛ս» արտայայտութիւնը եւ իր ուրախութեանը մէջ մտնելու հրաւէրը։ (Մատթէոս 25։21, 23) Անոնք աշխարհի դէպքերուն եւ իրենց անձնական փորձառութիւններուն մէջ տեսան թագաւորական զօրութեամբ իր անտեսանելի ներկայութիւնը նշող Յիսուսի տուած նշանը։ 1919–էն ետք, անոնք առաջ նետուեցան, Յիսուսի մեծ մարգարէութեան յաւելեալ կատարման մէջ մասնակցութիւն բերելու. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 6։9, 10. 24։3-14) Եթէ Եհովայի հանդէպ անոնց սէրը քիչ մը մարած էր, անկէ ետք անիկա բոցավառուեցաւ։

12. (ա) 1922–ի պատմական համաժողովին, ի՞նչ կոչ տրուեցաւ։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները 1931–ին ի՞նչ անուն որդեգրեցին եւ անոնք ի՞նչ բանի համար զղջացին։

12 Պատմական համաժողովի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղան այդ Քրիստոնեաներէն 18,000 հոգի, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), 5-13 Սեպտեմբեր 1922–ին, հետեւեալ կոչը տրուեցաւ. «Դաշտ վերադարձէ՛ք, ո՛վ դուք, բարձրեալ Աստուծոյ որդիներ . . . Աշխարհը պէ՛տք է գիտնայ թէ Եհովան Աստուած է, իսկ Յիսուս Քրիստոս՝ թագաւորներուն Թագաւորը եւ տէրերուն Տէրն է։ . . . Ուստի, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը»։ Եհովայի թանկարժէք անունը աւելի կարկառուն կը դարձուէր։ 1931–ին, Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), նահանգային համաժողովի համար հաւաքուած այս Քրիստոնեաները, ուրախութեամբ որդեգրեցին Եհովայի Վկաներ անունը. անուն մը որ Աստուած նշած էր Եսայիի մարգարէութեան մէջ։ (Եսայեայ 43։10, 12) 1 Մարտ 1939–ի թիւէն սկսեալ, կազմակերպութեան գլխաւոր պարբերաթերթին վերնագիրը փոխուեցաւ եւ եղաւ՝ Դիտարանը կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը, այս կերպով նախապատուութիւնը տրուեցաւ մեր Ստեղծիչին եւ իր արքայական կառավարութեան։ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը վերանորոգելով, Եհովայի Վկաները իր փառաւոր անունը եւ Թագաւորութիւնը պատուելու եւ պանծացնելու որեւէ նախկին թերացումի համար զղջացած էին։—Սաղմոս 106։6, 47, 48

«Ան որ կը Յաղթէ»

13. (ա) Ի՞նչ օրհնութիւն կը սպասէր Եփեսացիներուն՝ եթէ ‘յաղթէին’։ (բ) Եփեսոսի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պիտի ‘յաղթէին’։

13 Վերջապէս, ինչպէս միւս պատգամներուն մէջ ալ կ’ընէ, Յիսուս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Աստուծոյ հոգիին վրայ, որ իր միջոցով կը գիտցնէ հաւատարմութեան վարձատրութիւնը։ Եփեսացիներուն ան կ’ըսէ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’»։ (Յայտնութիւն 2։7) Լսող ականջ ունեցողները անմիջապէս ուշադրութիւն պիտի ընծայէին այդ կենսական պատգամին, գիտնալով որ անիկա Յիսուսի նախաձեռնութեամբ չէ որ կու գայ, այլ, Գերիշխան Տէր Եհովայէ կը բխի, Իր սուրբ հոգիին կամ գործօն ուժին միջոցաւ։ Անոնք ի՞նչպէս պիտի ‘յաղթէին’։ Մօտէն հետեւելով Յիսուսի քայլերուն, որ մինչեւ մահ իր ուղղամտութիւնը պահելով, կրցաւ ըսել. «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։—Յովհաննու 8։28. 16։33. տես նաեւ՝ Ա. Յովհաննու 5։4

14. Յիսուսի յիշած «Աստուծոյ դրախտ»ը ի՞նչ բանի պէտք է ակնարկէ։

14 Քանի որ երկրային դրախտի մը մէջ ապրելու ակնկալութիւնը չունին, ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ այդ օծեալ Քրիստոնեաները, ինչպէս վաղեմի Եփեսացիները, պիտի վարձատրուէին ուտելով «կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»։ Ասիկա երկրի վրայ վերահաստատուած Դրախտը չի կրնար ըլլալ, քանի որ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաները՝ մէջը ըլլալով Եփեսոսի ժողովքէն եղողները՝ մարդոց մէջէն գնուած են, որպէսզի Գառնուկին, Յիսուս Քրիստոսի հետ իշխեն երկնային Սիօն Լերան վրայ, որպէս հոգեղէն որդիներ։ (Եփեսացիս 1։5-12. Յայտնութիւն 14։1, 4) Հետեւաբար, հոս եղած ակնարկութիւնը երկնային պարտիզանման ոլորտին կ’ակնարկէ, զոր պիտի ժառանգեն այս յաղթողները։ Հոն, «Աստուծոյ դրախտին մէջ», ուղղակի Եհովայի ներկայութեան, անմահութեամբ պարգեւատրուած այս յաղթողները պիտի շարունակեն յաւիտեան ապրիլ, որ հոս խորհրդանշուած է կենաց ծառէն ուտելու իրողութեամբ։

15. Յաղթելու համար Յիսուսի տուած քաջալերութիւնը ինչո՞ւ այժմ կենսական է մեծ բազմութեան համար։

15 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել 144,000 օծեալներուն երկրային հաւատարիմ աջակիցներուն մասին։ Այս ընկերակից Վկաներու մեծ բազմութիւնն ալ յաղթական կը գտնուի։ Բայց անոնց յոյսը կը կայանայ երկրային դրախտ մտնելու մէջ, ուր անոնք պիտի խմեն «կեանքի ջուրի գետ»էն եւ այդ գետին երկու կողմերը ցանուած «ծառին տերեւներ»ով բժշկութիւն պիտի գտնեն։ (Յայտնութիւն 7։4, 9, 17. 22։1, 2) Եթէ դուք այս խումբին կը պատկանիք, դուք ալ կրնաք Եհովայի հանդէպ ձեր ջերմ սէրը արտայայտել եւ հաւատքի պայքարին մէջ յաղթական ըլլալ։ Այս կերպով դուք ալ կրնաք Դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի ուրախութիւնը վայելել։—Համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 2։13, 14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Սուտ առաքեալներու երեւնալուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար տես՝ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը (Անգլերէն), էջ 37-44, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 36]

Սիրազեղ փառաբանութիւն Եհովայի եւ իր Որդւոյն

Եհովայի ժողովուրդին 1905–ի երգարանին մէջ, Յիսուսը փառաբանող երգեցողութիւնները՝ Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններուն կրկինն էին։ 1928–ի երգարանին մէջ, Յիսուսը գովաբանող եւ Եհովան գովաբանող երգեցողութիւնները գրեթէ հաւասար էին։ Բայց 1984–ի վերջին երգարանին մէջ, Եհովան պատուող երգեցողութիւնները չորս անգամ աւելի են քան Յիսուսը պատուող երգեցողութիւնները։ Ասիկա ներդաշնակ է Յիսուսի խօսքերուն հետ. «Իմ Հայրս ինծմէ մեծ է»։ (Յովհաննու 14։28) Եհովայի հանդէպ սէրը պէտք է գերազանցէ, որու պէտք է ընկերակցի խոր սէր Յիսուսի հանդէպ եւ գնահատութիւն՝ իր թանկագին զոհագործութեան եւ որպէս Աստուծոյ Քահանայապետը եւ Թագաւորը անոր պաշտօնին հանդէպ։

[Ցուցակ՝ էջ 34]

Յիսուսի խրատելու կերպը

(Յայտնութենէն նշուած գլուխներ եւ համարներ)

Պատգամ՝ ժողովքին

Խրատ տալու հեղինակութիւն

Ներածական գովեստներ

Խնդիրները բացայայտուած

Սրբագրութիւն եւ/կամ քաջալերութիւն

Ձեռք ձգուելիք օգուտներ

Եփեսոս............. 2։1 ...... 2։2, 3 ... 2։4 ............ 2։5, 6 ........ 2։7

Զմիւռնիա......... 2։8 ...... 2։9 ........ — ............. 2։10 .......... 2։11

Պերգամոն........ 2։12 .... 2։13 ..... 2։14, 15 ... 2։16 .......... 2։17

Թիւատիր.......... 2։18 ... 2։19 ..... 2։20, 21 .... 2։24, 25 ... 2։26-28

Սարդիկէ........... 3։1 ...... — ........ 3։1, 2 ....... 3։3, 4 ........ 3։5

Ֆիլատելֆիա.. 3։7 ...... 3։8 ........ — ............ 3։8-11 ....... 3։12

Լաւոդիկէ.......... 3։14 .... — ........ 3։15-17 .... 3։18-20 ..... 3։21