Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջին վայը—Մարախներ

Առաջին վայը—Մարախներ

Գլուխ 22

Առաջին վայը—Մարախներ

1. Երբ հրեշտակները փողերը կը հնչեցնեն, որո՞նք զանոնք կ’արձագանգեն, եւ հինգերորդ փողը ի՞նչ կը ծանուցանէ։

 ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ հրեշտակը իր փողը հնչեցնելու կը պատրաստուի։ Երկնային չորս փողեր արդէն հնչած են եւ չորս պատուհասներ եկած են երկրին երրորդ մասին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ, որ Եհովայի աչքին ամենէն այպանելին է։ Անոր մահացու հիւանդ վիճակը քօղազերծուած է։ Մինչ հրեշտակները իրենց փողերը կը հնչեցնեն, մարդիկ զայն կ’արձագանգեն երկրի վրայ։ Արդ, հրեշտակային հինգերորդ փողը առաջին վայը յայտարարելու վրայ է, որ նախորդներէն շատ աւելի սարսափազդու է։ Անիկա ահաւոր մարախներու պատուհասի մը առնչուած է։ Բայց նախ կարգ մը համարներ նկատի առնենք, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ այս պատուհասը աւելի լաւ հասկնանք։

2. Աստուածաշունչի ո՞ր գիրքը Յովհաննէսի տեսածին նման մարախներու պատուհաս մը կը նկարագրէ, եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ վաղեմի Իսրայէլի վրայ։

2 Աստուածաշունչի Յովէլի գիրքը, որ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարուն գրուած է, միջատներու՝ ի ներառեալ մարախներու՝ պատուհաս մը կը նկարագրէ, որ յար եւ նման է Յովհաննէսի տեսածին։ (Յովելեայ 2։1-11, 25) * Ատիկա մեծապէս պիտի անհանգստացնէր ապստամբ Իսրայէլը, բայց նաեւ պատճառ պիտի ըլլար որ անհատապէս կարգ մը Հրեաներ զղջային ու Եհովայի հաճութեան վերարժանանային։ (Յովելեայ 2։6, 12-14) Երբ այդ ժամանակը հասնէր, Եհովա իր հոգին պիտի թափէր «ամէն մարմնի վրայ», մինչ ահաւոր ու վախազդու նշաններ պիտի ըլլային, «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։—Յովելեայ 2։11, 28-32

Պատուհաս մը՝ Առաջին Դարուն

3, 4. (ա) Յովելեայ 2–րդ գլուխը ե՞րբ կատարում մը ունեցաւ եւ ի՞նչպէս։ (բ) Հ.Դ. առաջին դարուն, մարախներու հոյլի նման ի՞նչ պատուհաս տեղի ունեցաւ, եւ այս պատուհասը ո՞րքան տեւեց։

3 Առաջին դարուն, Յովէլի գրքին երկրորդ գլուխը կատարում մը ունեցաւ։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին էր որ սուրբ հոգին թափուեցաւ, առաջին Քրիստոնեաները օծելով եւ զանոնք զօրացնելով, որպէսզի «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» խօսին շատ մը լեզուներով։ Որպէս հետեւանք, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։ Պետրոս առաքեալ այդ ապշահար ականատեսներուն խօսեցաւ, մէջբերելով Յովելեայ 2։28, 29–ն եւ բացատրելով թէ անոնք անոր կատարման ականատես եղան։ (Գործք 2։1-21) Բայց արձանագրուած չէ որ այդ ժամանակ միջատներու բառացի պատուհաս մը տեղի ունեցաւ, ոմանց անհանգստութիւն պատճառելով, մինչ ուրիշները զղջումի առաջնորդելով։

4 Այդ օրերուն այլաբանական պատուհաս մը տեղի ունեցա՞ւ։ Անշո՛ւշտ. եւ ասիկա եղաւ նոր օծուած Քրիստոնեաներու անխոնջ քարոզչութեան որպէս արդիւնք։ * Անոնց միջոցաւ, Եհովա կանչեց այն Հրեաները որոնք զղջալու եւ իրմէ օրհնութիւններ ստանալու համար մտիկ ըրած էին։ (Գործք 2։38-40. 3։19) Ընդառաջող անհատները շատ ուշագրաւ կերպով իր հաճութեան արժանացան։ Բայց այս հրաւէրը մերժողներուն համար, առաջին դարու Քրիստոնեաները մարախներու քանդիչ հոյլերու նմանեցան։ Երուսաղէմէն սկսելով, անոնք Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ տարածուեցան։ Շատ չանցած, անոնք ամէն տեղ էին, Յիսուսի յարութիւնը եւ անոր յարակից բաները հանրապէս ծանուցանելով, անհաւատ Հրեաները կը չարչարէին։ (Գործք 1։8. 4։18-20. 5։17-21, 28, 29, 40-42. 17։5, 6. 21։27-30) Այդ պատուհասը շարունակուեցաւ մինչեւ ‘Տէրոջը ահեղ օրը’, Հ.Դ. 70–ը, երբ Եհովա հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ բերաւ, որ զայն կործանեն։ Միայն այն Քրիստոնեաները, որոնք Եհովայի անունը հաւատքով կանչեցին՝ փրկուեցան։—Յովելեայ 2։32. Գործք 2։20, 21. Առակաց 18։10

Մարախներու Այժմու Պատուհասը

5. Յովէլի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարում մը ունեցած է 1919–էն ի վեր։

5 Շատ տրամաբանական է ակնկալել որ այս վերջին ժամանակին Յովէլի մարգարէութիւնը վերջնական կատարում մը ունենայ։ Ճիշդ այս եղած է պարագան։ 1-8 Սեպտեմբեր 1919–ի Սիտըր Փոյնթի (Օհայօ) Աստուածաշունչի Աշակերտներու համաժողովին, Եհովայի հոգիին ուշագրաւ թափուիլը աշխուժացուց իր ժողովուրդը, որպէսզի քարոզչական համաշխարհային արշաւ մը կազմակերպեն։ Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն միայն իրենք էին որ անդրադարձան որ Յիսուս թագադրուած է որպէս երկնային Թագաւոր, եւ այս բարի լուրը լայնօրէն քարոզելու համար որեւէ ջանք չխնայեցին։ Այս մարգարէութիւնը կատարելու մէջ անոնց անխոնջ վկայութիւնը, չարչարող պատուհասի մը նման եղաւ հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին համար։—Մատթէոս 24։3-8, 14. Գործք 1։8

6. (ա) Երբ հինգերորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցուց, Յովհաննէս ի՞նչ տեսաւ։ (բ) Այս «աստղ»ը զո՞վ կը պատկերացնէ եւ ինչո՞ւ։

6 Երուսաղէմի կործանումէն շուրջ 26 տարիներ ետք գրուած Յայտնութիւն գիրքն ալ կը նկարագրէ այդ պատուհասը։ Անիկա յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն կը բերէ Յովէլի մարգարէութեան վրայ։ Յովհաննէսի արձանագրութիւնը նկատի առնենք. «Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 9։1) Այս «աստղ»ը Յայտնութիւն 8։10–ի մէջ Յովհաննէսի տեսած ինկող աստղէն տարբեր է։ Ան կը տեսնէ ‘երկնքէն ինկած աստղ մը’ եւ այժմ երկրի նկատմամբ ան նշանակում մը ունի։ Ասիկա հոգեղէ՞ն թէ մարմնեղէն արարած մըն է։ Կ’ըսուի որ «անդունդի գուբին բանալին» ունեցողը հետագային Սատանան «անդունդ»ը կը ձգէ։ (Յայտնութիւն 20։1-3) Ուստի, ան հոգեղէն հզօր անհատ մը պէտք է ըլլայ։ Յայտնութիւն 9։11–ի մէջ Յովհաննէս կ’ըսէ որ մարախները «իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը»։ Այս երկու համարներն ալ նոյն անհատին ակնարկելու են, քանի որ տրամաբանական է որ անդունդին բանալին ունեցող հրեշտակը ի՛նք ըլլայ անդունդին հրեշտակը։ Իսկ աստղը պէտք է խորհրդանշէ Եհովայի նշանակած Թագաւորը, քանի որ օծեալ Քրիստոնեաները միայն մէկ հրեշտակային Թագաւոր կը ճանչնան, Յիսուս Քրիստոսը։—Կողոսացիս 1։13. Ա. Կորնթացիս 15։25

7. (ա) Ի՞նչ կը պատահի երբ «անդունդին գուբը» կը բացուի։ (բ) Ի՞նչ է «անդունդ»ը, եւ որո՞նք կարճ ժամանակ մը հոն մնացին։

7 Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։ Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս»։ (Յայտնութիւն 9։2, 3) Աստուածաշունչին մէջ, «անդունդ»ը անգործութեան, նոյնիսկ մահուան վայր մըն է։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 10։7. Յայտնութիւն 17։8. 20։1, 3) Առաջին Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, Յիսուսի եղբայրներուն պզտիկ խումբը կարճ ժամանակ մը (1918-1919) մնացին յարաբերական անգործութեան այսպիսի «անդունդի» մը մէջ։ Բայց երբ Եհովա 1919–ին իր զղջացող ծառաներուն վրայ իր հոգին թափեց, անոնք իրենց առջեւ դրուած գործի մարտահրաւէրը ընդունելու համար ոտքի ելան։

8. Ինչո՞ւ մարախներու արձակուելուն հետ շատ «ծուխ» կը բարձրանայ։

8 Ինչպէս կը տեսնէ Յովհաննէս, մարախներուն արձակուելուն կ’ընկերակցի ծուխ՝ «մեծ հնոցի մը ծուխին պէս»։ * 1919–ին ա՛յս է որ պատահեցաւ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ ընդհանուր աշխարհին համար կացութիւնը խաւարեցաւ։ (Համեմատել՝ Յովելեայ 2։30, 31) Այդ մարախներուն՝ Յովհաննէս դասակարգին՝ արձակուիլը, պարտութեան մատնեց Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները, որոնք ծրագրած եւ դաւադրած էին Թագաւորութեան գործը ամբողջովին կասեցնել եւ հիմա կը մերժէին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհը ծուխի ամպ մը պատեց, երբ մարախներու հոյլը Աստուծոյ կողմէ հեղինակութիւն ստացաւ եւ սկսաւ զայն գործադրել, դատաստանական ուժգին պատգամներ ծանուցանելով։ Քրիստոնեայ Աշխարհի «արեւ»ը՝ իր երեւութական լուսաւորութիւնը՝ խաւարեցաւ եւ «օդը» ծանրացաւ աստուածային դատաստանին ծանուցումներով, երբ ցոյց տրուեցաւ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի աստուածը՝ «այս օդին իշխանութեանը իշխան»ն է։—Եփեսացիս 2։2. Յովհաննու 12։31. Ա. Յովհաննու 5։19

Չարչարող Մարախներ

9. Մարախները պատերազմի ի՞նչ հրահանգներ կը ստանան։

9 Այս մարախները պատերազմի ի՞նչպիսի հրահանգներ կը ստանան։ Յովհաննէս կը գրէ. «Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։ Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։ Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի»։—Յայտնութիւն 9։4-6

10. (ա) Պատուհասը գլխաւորաբար որո՞նց դէմ ուղղուած է, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն ձգելով անոնց վրայ։ (բ) Ի՞նչպիսի չարչարանքի մասին է հարցը։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

10 Նկատի առէք որ այս պատուհասը նախ ժողովուրդներուն կամ անոնց կարկառուն անդամներուն՝ ‘երկրի խոտին կամ ծառերուն’՝ վրայ չի ղրկուիր։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 8։7) Մարախները վնաս պիտի հասցնէին միայն այն մարդոց որոնք Աստուծոյ կնիքը չունէին իրենց ճակատներուն վրայ, Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ եղող անոնց վրայ՝ որոնք կը դաւանին կնիքը ունենալ, բայց իրենց արարքները կը ժխտեն ասիկա։ (Եփեսացիս 1։13, 14) Հետեւաբար, այս արդի մարախներուն չարչրկող ծանուցումները նախ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն ուղղուած էին։ Այս ինքնահաւան մարդիկը ո՜րքան չարչարուած ըլլալու էին, լսելով այն հանրային ծանուցումը թէ ոչ միայն իրենք չէին կրցած իրենց հօտերը երկինք առաջնորդել, այլ իրենք ալ հոն պիտի չհասնէին։ * Իրապէս, ‘կոյրը՝ կոյրին առաջնորդած’ էր։—Մատթէոս 15։14

11. (ա) Մարախները արտօնութիւն ունին ո՞րքան ատեն չարչարելու Աստուծոյ թշնամիները, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարճ ժամանակ մը չէ։ (բ) Չարչարանքը ո՞րքան սաստիկ է։

11 Չարչարանքը հինգ ամիս կը տեւէ։ Ատիկա արդեօք կա՞րճ շրջան մըն է։ Եթէ բառացի մարախին պարագան առնենք, կրնանք ասոր ո՛չ պատասխանել։ Հինգ ամիսը այդ միջատներուն կեանքի բնական երկարութիւնն է։ Հետեւաբար, ա՛յնքան ատեն որ կ’ապրին, այդ արդի մարախները կը շարունակեն Աստուծոյ թշնամիները խայթել։ Ասկէ զատ, չարչարանքը ա՛յնքան խիստ է որ մարդիկ կը փափաքին մեռնիլ։ Ճիշդ է որ բնաւ չենք կարդացած որ մարախներէն խայթուած մը ջանացած է ինքզինք սպաննել։ Բայց այս արտայայտութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու այդ չարչարանքին սաստկութիւնը. անիկա կարիճներու տուած չարչարանքին պէս էր։ Ատիկա նման էր այն տառապանքին զոր Երեմիա նախատեսեց, Բաբելոնացի նուաճողներուն կողմէ ցրուած եւ մահը նախընտրող անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն համար։—Երեմեայ 8։3. տես նաեւ՝ Ժողովողի 4։2, 3

12. Ինչո՞ւ մարախներուն արտօնութիւն տրուած է որ հոգեւոր առումով չարչարեն Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները, բայց չսպաննեն զանոնք։

12 Մարախներուն ինչո՞ւ արտօնութիւն տրուեցաւ որ հոգեւոր առումով չարչարեն զանոնք, փոխանակ սպաննելու։ Ասիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի սուտերը եւ ձախողութիւնները քօղազերծող վա՜յերուն սկիզբն էր, բայց հետագային, տէրունական օրուան տեւողութեան, անոր հոգեւոր մահամերձ վիճակը հանրապէս պիտի ծանուցանուէր։ Երկրորդ վային ընթացքին է որ մարդոց երրորդ մասը կը սպաննուի։—Յայտնութիւն 1։10. 9։12, 18. 11։14

Պատերազմի Համար Զինուած Մարախներ

13. Մարախներուն երեւոյթը ի՞նչպէս է։

13 Այս մարախները ի՜նչ արտակարգ երեւոյթ մը ունին։ Յովհաննէս այսպէս կը նկարագրէ զանոնք. «Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։ Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր»։—Յայտնութիւն 9։7-9

14. Մարախներու մասին Յովհաննէսի տուած նկարագրութիւնը ինչո՞ւ կը յարմարի 1919–ին վերակենդանացած Քրիստոնեաներուն։

14 Ասիկա շատ լաւ կերպով կը պատկերացնէ 1919–ին վերակենդանացած Քրիստոնեաներու հաւատարիմ խումբը։ Ձիերու նման, անոնք պատերազմի համար պատրաստուած էին, Պօղոս առաքեալի նկարագրած կերպով ճշմարտութեան համար կռուելու անհամբերութեամբ։ (Եփեսացիս 6։11-13. Բ. Կորնթացիս 10։4) Յովհաննէս անոնց գլուխներուն վրայ կը տեսնէ ոսկեղէն պսակներու պէս բաներ։ Քանի որ երկրի վրայ գտնուած շրջանին անոնք չեն սկսիր իշխել, հետեւաբար յարմար չէր որ անոնք իրական պսակներ ունենային։ (Ա. Կորնթացիս 4։8. Յայտնութիւն 20։4) Բայց 1919–ին, անոնք արդէն թագաւորական երեւոյթ ունէին։ Անոնք Թագաւորին եղբայրներն էին, եւ եթէ շարունակէին մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալ, իրենց վերապահուած էին երկնային պսակներ։—Բ. Տիմոթէոս 4։8. Ա. Պետրոս 5։4

15. Ի՞նչ կը ներկայացնէ մարախներուն (ա) երկաթէ զրահները, (բ) մարդոց նման երեսները, (գ) կիներու նման մազերը, (դ) առիւծի նման ակռաները, (ե) հանած աղմուկը։

15 Տեսիլքին մէջ, մարախները երկաթէ զրահներ ունէին, որ անբեկանելի արդարութիւն կը խորհրդանշէր։ (Եփեսացիս 6։14-18) Անոնք նաեւ մարդու երեսներ ունէին, այս երեսակը կը մատնանշէր սիրոյ յատկութիւնը, քանի որ մարդը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էր, եւ Աստուած սէր է։ (Ծննդոց 1։26. Ա. Յովհաննու 4։16) Անոնք կիներու նման երկար մազեր ունէին, որ լաւ կերպով կը պատկերացնէր անդունդի հրեշտակին՝ իրենց Թագաւորին հանդէպ իրենց հպատակութիւնը։ Իսկ անոնց ակռաները առիւծի ակռաներու կը նմանէին։ Առիւծը իր ակռաները կը գործածէ միսը բզկտելու համար։ 1919–էն ի վեր, Յովհաննէս դասակարգը անգամ մը եւս կարող եղաւ հոգեւոր հաստատուն կերակուր ուտելու, մասնաւորաբար՝ «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ կառավարուած Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնները։ Ճիշդ ինչպէս որ առիւծը խիզախութիւն կը խորհրդանշէ, շատ մեծ խիզախութիւն կը պահանջուէր այս հարուածող պատգամը մարսելու, հրատարակելու եւ աշխարհի մէջ ցրուելու համար։ Այս այլաբանական մարախները շատ աղմուկ հանեցին, «պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս»։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւելով, անոնք լռելու մտադրութիւն չունին։—Ա. Կորնթացիս 11։7-15. Յայտնութիւն 5։5

16. Մարախներուն ‘կարիճի նման պոչեր եւ խայթոցներ’ ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։

16 Այս քարոզչութիւնը միմիայն բերանացի չեն կատարեր։ Անոնք «կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու»։ (Յայտնութիւն 9։10) Ասիկա ի՞նչ կրնայ նշանակել։ Երբ Թագաւորութեան գործին մէջ են, Եհովայի Վկաները խօսքով եւ հրատարակութիւններով կը հաղորդեն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ծանրակշիռ խօսքեր։ Անոնց պատգամը կարիճի նման խայթոց ունի, քանի որ Եհովայի մօտալուտ վրէժխնդրութեան օրուան համար մարդիկը կը զգուշացնէ։ (Եսայեայ 61։2) Հոգեւոր մարախներու ներկայ սերունդը իր կեանքը աւարտելէ առաջ, Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու իր աստուածատուր գործը պիտի ամբողջանայ, ի վնաս բոլոր խստապարանոց հայհոյիչներուն։

17. (ա) Աստուածաշունչի Աշակերտներուն 1919–ի համաժողովին ի՞նչ ծանուցուեցաւ, անոնց վկայութեան խայթոցները աւելի սաստկացնելով։ (բ) Կղերները ի՞նչպէս չարչարուած են, եւ անոնք ի՞նչպէս հակազդեցին։

17 1919–ի համաժողովին, Ոսկեդարը խորագրով նոր պարբերաթերթին լոյս տեսնելը ցնծութեան պատճառ մը եղաւ մարախներու այդ խումբին համար։ Անիկա երկշաբաթաթերթ մըն էր, որու նպատակն էր անոնց վկայութեան խայթոցները աւելի սաստկացնել։ * Անոր, 29 Սեպտեմբեր 1920–ի 27–րդ համարը երեւան կը հանէր կղերական դասակարգին երկերեսութիւնը, Միացեալ Նահանգներուն մէջ 1918-1919–ի շրջանին Աստուածաշունչի Աշակերտները հալածելու մէջ։ 1920–ական եւ 1930–ական թուականներուն, Ոսկեդարը կղերները չարչարեց խայթիչ յաւելեալ յօդուածներով եւ ծաղրանկարներով, քաղաքականութեան մէջ անոնց խորամանկ ձեռնմխութիւնը եւ մասնաւորաբար Ֆաշիստներուն եւ Նացի բռնապետերուն հետ Կաթողիկէ նուիրապետութեան կնքած համաձայնութիւնները բացի տալով։ Ասոր հակազդելով, կղերները ‘օրէնքով չարիք պատրաստեցին’ եւ Աստուծոյ ծառաներուն վրայ խուժանային յարձակումներ կազմակերպեցին։—Սաղմոս 94։20

Աշխարհի Կառավարիչներուն Դիտողութիւններ

18. Մարախները ի՞նչ գործ ունէին ընելիք, եւ հինգերորդ փողին հնչուելով ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

18 Արդի մարախները ընելիք գործ ունէին։ Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք էր քարոզուէր։ Սխալները պէտք էր քօղազերծուէին։ Կորսուած ոչխարները պէտք էր գտնուէին։ Մինչ մարախները այս պարտականութիւններով կը պարապէին, աշխարհ ստիպուած էր ուշադրութեամբ հետեւելու անոնց։ Հրեշտակներու փողահարութեան հնազանդելով, Յովհաննէս դասակարգը շարունակած է բացայայտել որ Քրիստոնեայ Աշխարհը Եհովայի դատաստանական վճիռներուն արժանի է։ Հինգերորդ փողին ընդառաջելով, այս դատաստաններուն մասնայատուկ մէկ երեսակը շեշտուեցաւ 25-31 Մայիս 1926–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, կատարուած համաժողովին։ Հոն որոշում մը որդեգրուեցաւ, որուն խորագիրն էր՝ «Աշխարհի Կառավարիչներուն Վկայութիւն մը». իսկ Ռոյըլ Ալպըրթ Հոլի մէջ տրուած հանրային դասախօսութիւնն էր՝ «Աշխարհի Ուժերը Ինչո՞ւ կը Տատանին—Դարմա՛նը»։ Յաջորդ օրը Լոնտոնեան կարեւոր թերթերէն մէկը այս երկու յօդուածները ամբողջութեամբ արտատպեց։ Հետագային, մարախներու այս խումբը թերթիկի ձեւով աւելի քան 50 միլիոն օրինակներով այս որոշումը բաշխեց համայն աշխարհի մէջ. ի՜նչ չարչարանք կղերական դասակարգին համար։ Անգլիոյ մէջ, տարիներ ետք տակաւին մարդիկ կը խօսէին այդ խայթիչ քօղազերծման մասին։

19. Այլաբանական մարախները պատերազմելու համար յաւելեալ ի՞նչ գործիք ստացան, եւ անիկա ի՞նչ կ’ըսէր Լոնտոնի պաշտօնական յայտարարութեան մասին։

19 Այս համաժողովին, այլաբանական մարախները պատերազմական նոր գործիքներ ստացան, մասնաւորաբար նոր գիրք մը, որուն խորագիրն էր՝ Ազատագրութիւն։ Անիկա կը քննարկէր Սուրբ Գրքի նշանը, փաստելով որ «արու զաւակ» կառավարութիւնը, Քրիստոսի երկնային Թագաւորութիւնը, 1914–ին ծնած էր։ (Մատթէոս 24։3-14. Յայտնութիւն 12։1-10) Անկէ ետք, անիկա կը մէջբերէր 1917–ին Լոնտոնի մէջ հրատարակուած եւ «աշխարհի մեծագոյն քարոզիչները» նկարագրուած ութ կղերականներու կողմէ ստորագրուած պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Անոնք կը ներկայացնէին Բողոքական գլխաւոր յարանուանութիւնները. Մկրտական, Ժողովական, Երիցական, Եպիսկոպոսական եւ Մեթոտական եկեղեցիները։ Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը կը ծանուցանէր որ «ներկայ տագնապը կը նշէ որ ազգերուն ժամանակները վերջացած են» եւ թէ «Տէրոջ յայտնուիլը որեւէ վայրկեան կրնանք ակնկալել»։ Այո, այդ կղերները Յիսուսի ներկայութեան նշանը ճանչցած էին։ Բայց այդ մասին ուզեցի՞ն բան մը ընել։ Ազատագրութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Այս հարցին մէջ ամենէն ուշագրաւը այդ էր որ այդ պաշտօնական յայտարարութիւնը ստորագրող բուն մարդիկը, իրենք են որ զայն հետագային ուրացան եւ մերժեցին այն ապացոյցը թէ մենք աշխարհի վերջին ժամանակին եւ Տէրոջ երկրորդ ներկայութեան օրուան մէջ կ’ապրինք»։

20. (ա) Կղերները ի՞նչ ընտրութիւն ըրին մարախներու խումբին եւ անոնց Թագաւորին կապակցաբար։ (բ) Ըստ Յովհաննէսի, մարախներու խումբին ո՞վ կը տիրէ եւ ի՞նչ է անոր անունը։

20 Փոխանակ Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները կը նախընտրեն Սատանայի աշխարհին հետ մնալ։ Անոնք ոչ մէկ գործ կ’ուզեն ունենալ մարախներու խումբին եւ անոնց Թագաւորին հետ։ Յովհաննէս այդ մարախներուն մասին կ’ըսէ. «Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն [որ կը նշանակէ՝ «Կործանում»] եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն [որ կը նշանակէ՝ «Կորուսիչ»]»։ (Յայտնութիւն 9։11) Յիսուս որպէս «անդունդին հրեշտակը» եւ «Կորուսիչ», իրապէս հարուածող վայ մը բերաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ։ Բայց տակաւին չէ վերջացած։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Համեմատել՝ Յովելեայ 2։4, 5, 7–ն, (ուր միջատները նկարագրուած են որպէս ձիեր, ժողովուրդներ ու մարդիկ, որոնք կառքերու նման ձայն կը հանեն) Յայտնութիւն 9։7-9–ի հետ. նաեւ՝ Յովելեայ 2։6, 10–ը (ուր միջատներու պատուհասին պատճառած ցաւին ազդեցութիւնը նկարագրուած է) Յայտնութիւն 9։2, 5–ի հետ։

^ պարբ. 4 Տես՝ Դիտարան–ի 1 Դեկտեմբեր 1961 թիւին մէջ՝ «Վճիռի Հովիտին Մէջ Ազգերուն Դէմ Հաւաքուած» խորագրով յօդուածը (Անգլերէն)։

^ պարբ. 8 Նկատի առէք որ այս համարը կարելի չէ գործածել ապացուցանելու համար որ անդունդին մէջ կրակ կար, որպէս թէ այդ անդունդը տեսակ մը դժոխք եղած ըլլար։ Յովհաննէս կ’ըսէ թէ ինք տեսաւ ծուխ մը որ մեծ հնոցի մը ծուխին «պէս» էր։ (Յայտնութիւն 9։2) Ան չ’ըսեր որ անդունդին մէջ կրակի բոցեր տեսաւ։

^ պարբ. 10 Հոս գործածուած Յունարէն բարին արմատն է՝ պա·սա·նիզօ, որ երբեմն բառացի չարչարանքի համար գործածուած է. բայց անիկա մտային տանջանքի համար ալ կրնայ գործածուիլ։ Օրինակ, Բ. Պետրոս 2։8–ի մէջ ըսուած է որ Ղովտ Սոդոմի մէջ իր տեսած ամբարշտութեան պատճառաւ «իր արդար հոգին կը տանջուէր»։ Առաքելական շրջանի կրօնական առաջնորդներն ալ մտային տանջանքի ենթարկուեցան, բայց ամբողջովին տարբեր պատճառով։

^ պարբ. 17 Այս պարբերաթերթին խորագիրը 1937–ին եղաւ Մխիթարութիւն, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 143]

Հինգերորդ փողին հնչուիլը երեք վայերու առաջինը կը ներկայացնէ

[Նկար՝ էջ 146]

Սուր նետեր Թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։ (Սաղմոս 45։5) Այս մակագրութիւնը կրող վերի ծաղրանկարը, 1930–ական թուականներուն հրատարակուածներէն մէկն է, որ ‘Աստուծոյ կնիքը չունեցող մարդիկը’ խայթեց

[Նկարներ՝ էջ 147]

Ռոյըլ Ալպըրթ Հոլը, ուր Ազատագրութիւն գիրքը լոյս տեսաւ եւ «Աշխարհի Կառավարիչներուն Վկայութիւն մը» խորագրով որոշումը որդեգրուեցաւ