Աստուածաշունչի հոյակապ բնաբանը
Գլուխ 2
Աստուածաշունչի հոյակապ բնաբանը
Սուրբ Գրութիւնները Մեկնաբանել Յայտնութիւն գրքին մէջ ծածկուած խորհուրդները, միշտ Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտները շփոթեցուցած են։ Աստուծոյ յարմար տեսած ժամանակին, այդ գաղտնիքները պիտի պարզուէին, բայց ի՞նչպէս, ե՞րբ եւ որո՞նց։ Երբ որոշուած ժամանակը մօտենար, միայն Աստուծոյ հոգին կրնար անոնց իմաստը գիտցնել։ (Յայտնութիւն 1։3) Այդ սրբազան խորհուրդները պիտի յայտնուէին երկրի վրայ գտնուող Աստուծոյ նախանձախնդիր ծառաներուն, որպէսզի զօրանալով կարենային Իր դատաստանները գիտցնել։ (Մատթէոս 13։10, 11) Մենք չենք դաւանիր որ այս գրքին բացատրութիւնները անսխալական են։ Վաղեմի Յովսէփին նման, մենք ալ կ’ըսենք. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»։ (Ծննդոց 40։8) Սակայն միեւնոյն ժամանակ, հաստատօրէն կը հաւատանք որ հոս տրուած բացատրութիւնները Աստուածաշունչի ընդհանուր բովանդակութեան հետ ներդաշնակ են, ցոյց տալով թէ աստուածային մարգարէութիւնները ի՛նչպէս ուշագրաւ կերպով կատարուած են մեր աղիտալի ժամանակներու համաշխարհային իրադարձութիւններուն մէջ։
1. Ի՞նչ է Եհովայի հոյակապ նպատակը։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ առակ մը կ’ըսէ. «Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է»։ (Ժողովողի 7։8) Յայտնութիւն գրքին մէջն է որ կը կարդանք համայն ստեղծագործութեան դիմաց իր անունը սրբացնելու Եհովայի հոյակապ նպատակին ուշագրաւ յանգումին մասին։ Ինչպէս որ Աստուած իր նախկին մարգարէներէն մէկուն միջոցաւ կրկին անգամ ըսած էր. «Պիտի գիտնան թէ ես եմ Եհովան»։—Եզեկիէլ 25։17, ՆԱ. 38։23
2. Յայտնութիւնը եւ աւելի կանուխ գրուած Աստուածաշունչի գրքերը ի՞նչ գոհացուցիչ գիտութիւն մը ձեռք ձգելու կ’օգնեն։
2 Ճիշդ ինչպէս որ Յայտնութիւնը հարցերուն յաղթական վախճանը կը նկարագրէ, նոյնպէս ալ անկէ առաջ գրուած Աստուածաշունչի գրքերուն մէջ անոնց սկիզբը նկարագրուած է։ Այդ արձանագրութիւնները քննելով, պիտի կարենանք անոնց մէջ պարփակուած հարցերը հասկնալ եւ Աստուծոյ նպատակին մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմել։ Ասիկա շա՜տ մեծ գոհունակութիւն կու տայ։ Անկէ ետք մեզ գործի պէտք է մղէ, որպէսզի կարենանք մարդկութեան վերապահուած սքանչելի ապագային մէջ մենք ալ բաժին մը ունենալ։ (Սաղմոս 145։16, 20) Հիմա տեղին է ամբողջ Աստուածաշունչի ենթահողին եւ բնաբանին մասին խօսիլ, որպէսզի կարենանք ի մտի ունենալ, ներկայիս բոլոր մարդկութիւնը դիմագրաւող գերագոյն հարցը, ինչպէս նաեւ, զայն լուծելու համար Աստուծոյ բացայայտ նպատակը։
3. Ծննդոցի ո՞ր մարգարէութիւնը ամբողջ Աստուածաշունչին, մէջը ըլլալով Յայտնութիւն գրքին, բնաբանը կը կազմէ։
3 Աստուածաշունչի առաջին գիրքը՝ Ծննդոցը՝ մեզի կը խօսի «սկիզբ»ին մասին եւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները կը նկարագրէ, մէջը ըլլալով իր երկրային գլուխ գործոցը՝ մարդը։ Ծննդոցը նաեւ կը յիշէ շուրջ 6,000 տարի առաջ Եդեմի պարտէզին մէջ Աստուծոյ տուած առաջին մարգարէութիւնը։ Օձ մը գործածուած էր առաջին կինը՝ Եւան խաբելու համար. ան իր կարգին համոզած էր իր ամուսինը՝ Ադամը՝ Եհովայի օրէնքը բռնաբարելու մէջ իրեն միանալու, «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտելով։ Մեղաւոր զոյգին վրայ դատավճիռ արձակելու ժամանակ, Աստուած օձին ըսած էր. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 1։1. 2։17. 3։1-6, 14, 15) Այդ մարգարէութիւնը ամբողջ Աստուածաշունչին բնաբանը կը կազմէ, մէջը ըլլալով Յայտնութիւն գրքին։
4. (ա) Աստուած առաջին մարգարէութիւնը տալէ ետք, մեր առաջին ծնողքին ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Առաջին մարգարէութեան նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին, եւ ինչո՞ւ անոնց պատասխանները պէտք է գիտնանք։
4 Այդ մարգարէութիւնը տալէն անմիջապէս ետք, Աստուած Եդեմէն վտարեց մեր առաջին ծնողքը։ Անոնք այլեւս Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը չունէին. անոնք Դրախտէն դուրս, խոպան երկրի վրայ իրենց կեանքը պիտի շարունակէին։ Մահուան դատապարտուած ըլլալով, անոնք մեղքով ծանրաբեռնուած զաւակներ պիտի ունենային։ (Ծննդոց 3։23–4։1. Հռովմայեցիս 5։12) Արդ, ի՞նչ է եդեմական մարգարէութեան իմաստը։ Որո՞նք պարփակուած են անոր մէջ։ Անիկա ի՞նչ կապ ունի Յայտնութեան հետ։ Անիկա ի՞նչ պատգամ ունի ներկայիս մեզի համար։ Այդ եղերական դէպքին հետեւանքներէն անձնապէս հանգստութիւն գտնելու համար՝ որու համար Եհովա այդ մարգարէութիւնը տուաւ՝ կենսական է որ գիտնանք այս հարցումներուն պատասխանները։
Թատերախաղին Գլխաւոր Դերակատարները
5. Երբ օձը Եւան խաբեց, Աստուծոյ գերիշխանութեան ու անուան առնչութեամբ ի՞նչ զարգացաւ. այս հակաճառութիւնը ի՞նչպէս պիտի լուծուի։
5 Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը ուղղուած էր օձին, որ Եւայի ստած էր անոր թելադրելով որ իր անհնազանդութեան որպէս հետեւանք պիտի չմեռնէր, այլ՝ անկախ, չաստուածուհի մը, պիտի ըլլար։ Օձը այս կերպով Եհովան սուտ հանեց, եւ այն գաղափարը տուաւ որ մարդիկ Իր գերիշխանութիւնը մերժելով կրնային իրենց վիճակը բարելաւել։ (Ծննդոց 3։1-5) Եհովայի գերիշխանութեան մարտահրաւէր կարդացուեցաւ եւ իր լաւ անունը արատաւորուեցաւ։ Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ թէ ինչպէս արդար Դատաւորը՝ Եհովա, իր Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի թագաւորական իշխանութիւնը կը գործածէ իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ իր անունը ամէն նախատինքէ մաքրելու համար։—Յայտնութիւն 12։10. 14։7
6. Յայտնութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնէ օձի մը միջոցաւ Եւայի հետ խօսողին ինքնութիւնը։
6 Իսկ «օձ» արտայայտութիւնը պարզապէս բառացի օձի՞ մը կ’ակնարկէ։ Բնա՛ւ։ Յայտնութիւնը՝ այդ օձին միջոցաւ խօսող վատահամբաւ հոգեղէն արարածին ինքնութիւնը կը գիտցնէ։ Անիկա է «մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց», եւ որ «Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը»։—Յայտնութիւն 12։9. Բ. Կորնթացիս 11։3
7. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Ծննդոց 3։15–ի կինը հոգեղէն ոլորտին կը պատկանի։
7 Ծննդոց 3։15–ը ապա կը խօսի «կնոջ» մասին։ Անիկա արդեօք Եւա՞ն էր։ Շատ հաւանաբար ան խորհեցաւ որ ինք էր։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 4։1) Բայց Եւայի ու Սատանային միջեւ երկարատեւ թշնամութիւն մը անկարելի եղաւ, երբ Եւան աւելի քան 5,000 տարի առաջ մահացաւ։ Ասկէ զատ, քանի որ այն Օձը, որուն Եհովա ուղղած էր իր խօսքը, անտեսանելի հոգի մըն էր, պէտք է ակնկալենք որ կինն ալ հոգեղէն ոլորտէն ըլլալու էր։ Յայտնութիւն 12։1, 2–ը ասիկա կը հաստատէ, նշելով որ այս այլաբանական կինը, հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնն է։—Տես նաեւ Եսայեայ 54։1, 5, 13
Հակադիր Երկու Սերունդներ
8. Երկու սերունդներու մասին ըսուածները ինչո՞ւ խորապէս պէտք է հետաքրքրեն մեզ։
8 Ծննդոց 3։15–ի մէջ ի յայտ կու գան նաեւ երկու սերունդներ։ Ասոնք խորապէս պէտք է հետաքրքրեն մեզ, քանի որ այս երկրին իրաւացի գերիշխանութեան մեծ հարցը անոնց առնչուած է։ Իւրաքանչիւրս՝ երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, անոր մէջ պարփակուած ենք։ Այս երկու սերունդներէն որո՞ւ կողմն էք։
9. Օձին սերունդը վստահաբար որո՞նք կը պարփակէ։
9 Նախ կայ Օձին սերունդը։ Որոնցմէ՞ բաղկացած է անիկա։ Անշուշտ ան կը պարփակէ Սատանայի ըմբոստութեան մէջ իրեն միացած հոգեղէն ուրիշ արարածներ, որոնք վերջապէս «վար ձգուեցան» երկրի շուրջ։ (Յայտնութիւն 12։9) Քանի որ Սատանան կամ Բէեղզեբուղը «դեւերուն մեծ իշխան»ն է, բացայայտ է որ անոնք իր անտեսանելի կազմակերպութիւնը կը կազմեն։—Մարկոս 3։22. Եփեսացիս 6։12
10. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը բնորոշէ Սատանայի սերունդին միւս մասերը։
10 Յիսուս իր օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ (Յովհաննու 8։44) Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուսի հակառակելով, այդ կրօնական առաջնորդները ցոյց տուին որ իրենք ալ Սատանայի սերունդն են։ Անոնք Սատանայի սերունդին մաս կը կազմէին, որպէս իրենց այլաբանական հայրը անոր ծառայելով։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ ուրիշ անհատներ ալ իրենց ինքնութիւնը գիտցուցած են Սատանայի կամքը կատարելով, մասնաւորաբար Յիսուսի աշակերտներուն հակառակելով ու զանոնք հալածելով։ Հաւաքականօրէն, այդ մարդիկը կրնան նկարագրուիլ որպէս երկրի վրայ Սատանայի տեսանելի կազմակերպութիւնը։—Տես Յովհաննու 15։20. 16։33. 17։15
Կնոջ Սերունդը Բնորոշուած
11. Դարերու ընթացքին, Աստուած ի՞նչ յայտնեց կնոջ սերունդին մասին։
11 Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը վերջապէս կը խօսի կնոջ սերունդին մասին։ Մինչ Սատանան իր սերունդը յառաջ կը բերէր, Եհովա պատրաստութիւն կը տեսնէր որ իր ‘կինը’, կամ երկնային կնանման կազմակերպութիւնը, սերունդ մը յառաջ բերէր։ Շուրջ 4,000 տարիներ, աստուածավախ հնազանդ մարդոց Եհովա աստիճանաբար այդ սերունդին գալուն մասին մանրամասնութիւններ յայտնեց։ (Եսայեայ 46։9, 10) Այսպիսով, Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ ուրիշներ կրցան հաւատք ընծայել այն խոստումին, թէ սերունդը իրենց շառաւիղէն պիտի գար։ (Ծննդոց 22։15-18. 26։4. 28։14) Սատանան եւ իր համակիրները յաճախ հալածած են Եհովայի ծառաները, անոնց անխախտ հաւատքին պատճառաւ։—Եբրայեցիս 11։1, 2, 32-38
12. (ա) Կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը ե՞րբ եւ ի՞նչ դէպքով հասաւ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ նպատակի համար օծուեցաւ։
12 Վերջապէս, մեր Հասարակ Դարաշրջանի 29–ին, կատարեալ մարդ Յիսուսը Յորդանան Գետի մօտ ինքզինք ներկայացուց ու մկրտուեցաւ։ Եհովա հոն Յիսուսը սուրբ հոգիով ծնաւ, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մատթէոս 3։17) Հոն Յիսուս բնորոշուեցաւ որպէս մէկը, որ Աստուծոյ հոգեւոր երկնային կազմակերպութենէն ղրկուած էր։ Ան նաեւ օծուեցաւ որպէս երկնային Թագաւորութեան Նշանակուած Թագաւորը, որ Եհովայի անունով երկրի վրայ իշխանութիւն պիտի վերահաստատէր, այսպիսով մի անգամ ընդմիշտ կառավարութեան կամ գերիշխանութեան հարցը լուծելով։ (Յայտնութիւն 11։15) Ուստի, Յիսուս նախագուշակուած Մեսիան՝ կնոջ սերունդին գլխաւոր Դերակատարն էր։—Համեմատել՝ Գաղատացիս 3։16. Դանիէլ 9։25
13, 14. (ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք գիտնալով որ կնոջ սերունդը միայն մէկ գլխաւոր անհատէ բաղկացած պիտի չըլլար։ (բ) Աստուած մարդկութեան մէջէն քանի՞ հոգի ընտրած է որպէսզի սերունդին երկրորդական մասը կազմեն, եւ անոնք ի՞նչպիսի կազմակերպութիւն մը կը կազմեն։ (գ) Սերունդին կողքին որո՞նք ալ կը գործեն։
13 Արդեօք կնոջ սերունդը միայն մէկ գլխաւոր անհատէ՞ բաղկացած պիտի ըլլար։ Լաւ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Սատանայի սերունդին մասին։ Ըստ Աստուածաշունչին, Սատանայի սերունդը կը պարփակէ չար հրեշտակներու եւ Աստուած անպատուող մարդոց բազմութիւններ։ Ուստի, պէտք չէ զարմանանք, գիտնալով թէ Աստուած նպատակադրած է մարդոց մէջէն 144,000 ուղղամիտ անհատներ ընտրել, որպէսզի Մեսիական Սերունդին, Յիսուս Քրիստոսի հետ քահանայ–թագաւորներ ըլլան։ Յայտնութիւնը անոնց կ’ակնարկէ, երբ կ’ըսէ որ Բանսարկուն, Աստուծոյ կնանման կազմակերպութեան հանդէպ թշնամութիւն ունենալով, «գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն [«մնացեալ սերունդին», ՆԱ] հետ»։—Յայտնութիւն 12։17. 14։1-4
14 Աստուածաշունչին մէջ օծեալ Քրիստոնեաները կոչուած են Յիսուսի եղբայրները, եւ որպէս այդ, անոնք ունին նոյն Հայրը եւ նոյն մայրը։ (Եբրայեցիս 2։11) Անոնց Հայրն է Եհովա Աստուած։ Ուստի, անոնց մայրը պէտք է ըլլայ ‘կինը’՝ Աստուծոյ կնանման երկնային կազմակերպութիւնը։ Անոնք սերունդին երկրորդական մասը կ’ըլլան, Քրիստոս Յիսուս անոր գլխաւոր մասը կազմելով։ Երկրի վրայ, հոգիէն ծնած այս Քրիստոնեաներու ժողովքը կը կազմէ Աստուծոյ տեսանելի կազմակերպութիւնը, որ երկնքի մէջ իր կնանման կազմակերպութեան ներքեւ կը գործէ, ուր պիտի միանան Քրիստոս Յիսուսի՝ իրենց յարութենէն ետք։ (Հռովմայեցիս 8։14-17. Գաղատացիս 3։16, 29) Սերունդին մէկ մասը չըլլալով հանդերձ, բոլոր ազգերէն եկած միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներ անոնց կը միանան, որպէսզի երկրի վրայ Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ ծառայեն։ Դուք ալ այդ ուրիշ ոչխարներէն մէ՞կն էք։ Եթէ այո, ուրեմն դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի ուրախ յոյսը ունիք։—Յովհաննու 10։16. 17։1-3
Թշնամութիւնը Ի՛նչպէս Զարգացաւ
15. (ա) Նկարագրեցէք Սատանայի մարդկային ու հրեշտակային սերունդին զարգացումը։ (բ) Նոյի օրուան Ջրհեղեղին ի՞նչ պատահեցաւ Սատանայի սերունդին։
15 Սատանայի մարդկային սերունդը մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ սկսաւ երեւան գալ։ Օրինակ, կար Կայէնը, մարդկային առաջին ծնունդը, «որ չար էր ու իր եղբայրը [Աբէլը] սպաննեց»։ (Ա. Յովհաննու 3։12) Յետոյ, Ենովք խօսեցաւ որ Եհովա պիտի գար «իր բիւրաւոր սուրբերովը . . . ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ (Յուդա 14, 15) Ասկէ զատ, ըմբոստ հրեշտակներ Սատանայի միացան եւ անոր սերունդին մաս կազմեցին։ Անոնք երկնքի մէջ «իրենց բնակութիւնը ձգեցին», որպէսզի մսեղէն մարմիններ հագնին եւ մարդոց աղջիկներուն հետ ամուսնանան։ Անոնք գերմարդկային խառնածին ու գազանաբարոյ սերունդ մը յառաջ բերին։ Այդ ատենուան աշխարհը բռնութեամբ եւ չարութեամբ լեցուեցաւ, այնպէս որ Աստուած Ջրհեղեղով զայն կործանեց, միակ ազատուող մարդիկը ըլլալով հաւատարիմ Նոյ եւ իր ընտանիքը։ Անհնազանդ հրեշտակները՝ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող դեւերը՝ հարկադրուեցան իրենց դատապարտուած կիները եւ խառնածին զաւակները լքել։ Անոնք իրենց նիւթականացած մարմինները ձգելով հոգեղէն ոլորտ վերադարձան, ուր Աստուծոյ արագօրէն մօտեցող դատաստանի գործադրութեան կը սպասեն, որ պիտի գայ Սատանայի եւ իր սերունդին վրայ։—Յուդա 6. Ծննդոց 6։4-12. 7։21-23. Բ. Պետրոս 2։4, 5
16. (ա) Ջրհեղեղէն ետք, թատերաբեմին վրայ ո՞ր բռնաւորը երեւցաւ եւ ան ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Սատանայի սերունդին մաս կը կազմէր։ (բ) Աստուած ի՞նչպէս Բաբելոնի աշտարակը շինողներուն ծրագիրները խափանեց։
16 Մեծ Ջրհեղեղէն քիչ ետք, երկրի վրայ Նեբրովթ անունով բռնապետ մը երեւցաւ։ Աստուածաշունչը զինք կը նկարագրէ որպէս ‘Տէրոջը առջեւ [«դէմ», ՆԱ] զօրաւոր որսորդ’. իրապէս Սատանայի սերունդին մէկ մասը։ Սատանայի նման, ան ըմբոստ հոգի մը ցուցաբերեց եւ Բաբելոն քաղաքը շինեց, համայն երկիրը լեցնելու համար մարդկութիւնը ցրուելու Եհովայի նպատակին ընդդիմանալով։ Բաբելոնի առանցքը պիտի կազմէր մեծ աշտարակ մը, «որուն գլուխը մինչեւ երկինք» պիտի հասնէր։ Աստուած այդ աշտարակը շինողներուն ծրագիրները խափանեց։ Անոնց լեզուն խառնակեց եւ «անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք», բայց թոյլ տուաւ որ Բաբելոնը մնայ։—Ծննդոց 9։1. 10։8-12. 11։1-9
Քաղաքական Ուժեր Ի Յայտ կու Գան
17. Մինչ մարդկութիւնը բազմացաւ, մարդկային ընկերութեան ո՞ր ապականած երեսակը երեւան եկաւ եւ որպէս հետեւանք, ի՞նչ հսկայ կայսրութիւններ բարձրացան։
17 Բաբելոնի մէջ մարդկային ընկերութեան երեսակներ երեւան եկան, որոնք Եհովայի գերիշխանութեան ասպարէզ կարդացին։ Անոնցմէ մէկը քաղաքական բնոյթ ունէր։ Մինչ մարդկութիւնը բազմացաւ, ուրիշ փառատենչ անհատներ Նեբրովթի օրինակին հետեւելով հեղինակութիւն ձեռք ձգելու ետեւէ եղան։ Մարդը սկսաւ մարդուն վրայ իշխել, անոր թշուառութեան համար։ (Ժողովողի 8։9) Աբրահամի օրերուն, զոր օրինակ, Սոդոմը, Գոմորը եւ մօտակայ քաղաքները, Սենաարի եւ ուրիշ հեռաւոր երկիրներու թագաւորներուն իշխանութեան ներքեւ եկան։ (Ծննդոց 14։1-4) Վերջապէս, զինուորական եւ կազմակերպչական մեծ տաղանդներ ունեցող հանճարեղներ հսկայական կայսրութիւններ կերտեցին, անձնական փառքի եւ հարստութեան համար։ Աստուածաշունչը անոնցմէ քանի մը հատը կը յիշէ, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Ասորեստան, Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան եւ Հռովմ։
18. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ դիրք կը բռնէ քաղաքական կառավարիչներուն հանդէպ։ (բ) Քաղաքական հեղինակութիւններ երբեմն ի՞նչպէս Աստուծոյ շահերուն ծառայած են։ (գ) Շատ մը կառավարիչներ ի՞նչպէս փաստած են որ Օձին սերունդին մաս կը կազմեն։
18 Եհովա հանդուրժեց այդ քաղաքական ուժերու գոյութեան, եւ իր ժողովուրդը յարաբերական հնազանդութիւն ցոյց տուաւ անոնց հանդէպ, երբ անոնց հսկողութեան ներքեւ եղող երկիրներու մէջ ապրեցաւ։ (Հռովմայեցիս 13։1, 2) Երբեմն, քաղաքական հեղինակութիւններ նոյնիսկ Աստուծոյ նպատակները յառաջ տանելու, կամ իր ժողովուրդը պաշտպանելու նպաստեցին։ (Եզրասայ 1։1-4. 7։12-26. Գործք 25։11, 12. Յայտնութիւն 12։15, 16) Այսուհանդերձ, քաղաքական կառավարիչներէն շատեր դաժանօրէն հակառակած են ճշմարիտ պաշտամունքին, ցոյց տալով որ Օձին սերունդին մաս կը կազմեն։—Ա. Յովհաննու 5։19
19. Յայտնութիւն գրքին մէջ աշխարհակալ ուժերը ի՞նչպէս պատկերացուած են։
19 Ընդհանուր առմամբ, մարդակերտ իշխանութիւնը չարաչար ձախողած է մարդոց ուրախութիւն բերելու, կամ մեր խնդիրները լուծելու հարցով։ Եհովա թոյլ տուած է որ մարդկութիւնը ամէն տեսակի կառավարութիւն փորձէ, բայց ինք հաճութեամբ չի նայիր անոնց պղծութիւններուն, կամ մարդոց վրայ անոնց բանեցուցած սխալ վարչաձեւերուն։ (Առակաց 22։22, 23) Յայտնութիւնը աշխարհակալ հարստահարող ուժերը կը նկարագրէ որպէս հպարտ եւ վայրագ գազան մը։—Յայտնութիւն 13։1, 2
Անձնասէր Վաճառականներ
20, 21. «Հազարապետներուն» ու «զօրաւորներուն» շարքին ո՞ր երկրորդ խումբը պէտք է պարփակել որպէս Սատանայի չար սերունդին պատկանող եւ ինչո՞ւ։
20 Քաղաքական առաջնորդներուն հետ սերտօրէն աջակցող, անպարկեշտ վաճառականներ երեւան եկան։ Վաղեմի Բաբելոնի աւերակներէն պեղուած արձանագրութիւններ ցոյց կու տան որ այն ատեն մարդոց աննպաստ վիճակները շահագործող առեւտրական գործառնութիւններ շատ հանրածանօթ էին։ Աշխարհի վաճառականներ մինչեւ օրս շարունակած են անձնասէր շահու ետեւէ ըլլալ. շատ երկիրներու մէջ փոքրամասնութիւն մը շատ հարուստ է, մինչ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը աղքատութեան մէջ թաղուած է։ Այս ճարտարարուեստական դարուն, վաճառականներ եւ արտադրողներ շատ մեծ շահեր ձեռք ձգած են, քաղաքական ուժերուն հայթայթելով սատանայական կործանարար զէնքերու մթերքներ, մէջը ըլլալով զանգուածային կործանումի զէնքեր, որոնք այժմ մտահոգութեան մեծ պատճառ են։ Այսպիսի ագահ առեւտրական ջոջեր եւ իրենց նման ուրիշներ, մաս պէտք է կազմեն «հազարապետներուն» եւ «զօրաւորներուն», որպէս Սատանայի չար սերունդին պատկանողներ։ Այս բոլորը երկրային կազմակերպութեան մաս կը կազմեն, զոր Աստուած եւ Քրիստոս բնաջնջուելու արժանի կը համարեն։—Յայտնութիւն 19։18, Արեւմտահայերէն
21 Ապականած քաղաքականութեան եւ ընչաքաղց առեւտրականութեան վրայ պէտք է աւելցնել մարդկային ընկերութեան պատկանող երրորդ տարր մը, որ Աստուծոյ դատապարտութեան արժանի է։ Ի՞նչ է այդ։ Պիտի զարմանաք լսելով թէ Յայտնութիւնը ի՛նչ կ’ըսէ այս համբաւաւոր համաշխարհային կառոյցին մասին։
Մեծն Բաբելոն
22. Վաղեմի Բաբելոնի մէջ ի՞նչպիսի կրօնք մը զարգացաւ։
22 Նախկին Բաբելոնի կառոյցը քաղաքական ձեռնարկէ մը աւելին էր։ Քանի որ այդ քաղաքը Եհովայի գերիշխանութեան ասպարէզ կարդալու համար հաստատուած էր, ուրեմն կրօնքի հետ կապակցութիւն ունէր։ Արդարեւ, կրօնական կռապաշտութիւնը վաղեմի Բաբելոնէն ծագում առաւ։ Անոր քահանաները Աստուած անպատուող վարդապետութիւններ սորվեցուցին, ինչպէս՝ մահուընէ ետք մարդկային հոգիին վերապրումը, եւ թէ անդէնականը՝ դեւերու հսկողութեան ներքեւ եղող յաւիտենական սարսափի ու տանջանքի վայր մըն է։ Անոնք արարածներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ չաստուածներու ու չաստուածուհիներու պաշտամունքը քաջալերեցին։ Անոնք առասպելներ հիւսեցին երկրին ու անոր վրայ մարդուն ծագումին մասին բացատրութիւններ տալու համար եւ վատահամբաւ ծէսեր եւ զոհեր կատարեցին, ծննդաբերութեան ու հունձքի մէջ բեղմնաւոր ըլլալու եւ պատերազմներու մէջ յաղթանակ տանելու համար։
23. (ա) Երբ Բաբելոնէն ցրուեցան, մարդիկ իրենց հետ ի՞նչ տարին եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Յայտնութիւնը ի՞նչ անուն կու տայ սուտ կրօնքի համապարփակ կայսրութեան։ (գ) Սուտ կրօնքը յաճախ ի՞նչ բանի դէմ պայքար մղած է։
23 Երբ լեզուական զանազան խմբաւորումներ Բաբելոնէն համայն երկրի վրայ ցրուեցան, անոնք իրենց հետ տարին բաբելոնական կրօնքը։ Այս կերպով, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ամերիկաներու, Ծայրագոյն Արեւելքի եւ Հարաւային Ծովերու բնիկներուն մէջ ծաղկեցան այնպիսի ծէսեր ու հաւատալիքներ, որոնք վաղեմի Բաբելոնի մէջ գոյութիւն ունէին, եւ անոնցմէ շատերը մինչեւ օրս կը շարունակուին։ Հետեւաբար, տեղին ըլլալով Յայտնութիւնը սուտ կրօնքի համապարփակ կայսրութեան կ’ակնարկէ որպէս քաղաք մը, որուն անունն է՝ Մեծն Բաբելոն։ (Յայտնութիւն գլուխ 17, 18) Սուտ կրօնքը ուրկէ որ անցած է, հոն ծաղկած են հարստահարիչ քահանայական դասակարգեր, նախապաշարումներ, տգիտութիւն եւ անբարոյութիւն։ Անիկա Սատանայի ձեռքին մէջ զօրաւոր գործիք մը եղած է։ Մեծն Բաբելոնը յաճախ բուռն կերպով պայքար մղած է Գերիշխան Տէր Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին դէմ։
24. (ա) Օձը ի՞նչպէս կրցաւ կնոջ Սերունդին «գարշապարը» խայթել։ (բ) Կնոջ սերունդին խայթուածքը ինչո՞ւ նկարագրուած է որպէս գարշապարի պարզ վէրք մը։
24 Որպէս Օձին սերունդին ամենէն այպանելի մէկ մասը, առաջին դարու Հրէականութեան դպիրներն ու Փարիսեցիները կնոջ սերունդին գլխաւոր ներկայացուցիչը հալածելու ու վերջապէս սպաննելու մէջ գլուխը անցան։ Այս կերպով, Օձը կրցաւ «սերունդին» ‘գարշապարը խայթել’։ (Ծննդոց 3։15. Յովհաննու 8։39-44. Գործք 3։12, 15) Ասիկա ինչո՞ւ նկարագրուած է որպէս պարզ գարշապարի վէրք։ Քանի որ այս վէրքը ժամանակաւոր հարուած մըն էր, երբ ան երկրի վրայ էր։ Անիկա մնայուն հարուած մը չէր, քանի որ Եհովա երրորդ օրը Յիսուսը յարուցանեց ու զայն բարձրացուց հոգեղէն կեանքի։—Գործք 2։32, 33. Ա. Պետրոս 3։18
25. (ա) Փառաւորեալ Յիսուս ի՞նչպէս արդէն քայլեր առած է Սատանայի եւ իր հրեշտակներուն դէմ։ (բ) Սատանայի երկրային սերունդը ե՞րբ պիտի վերացուի։ (գ) Ի՞նչ պիտի նշանակէ, երբ Աստուծոյ կնոջ Սերունդը Սատանայի՝ Օձին, «գլուխ»ը ջախջախէ։
25 Փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս ներկայիս Աստուծոյ աջ կողմն է եւ Եհովայի թշնամիները կը դատէ։ Ան արդէն քայլեր առած է Սատանայի եւ իր հրեշտակներուն դէմ, զանոնք վար նետելով եւ անոնց գործունէութիւնը միայն երկրի շուրջ սահմանափակելով. որու հետեւանքով երկրի վրայ վայերը աւելցած են։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Բայց երբ Աստուած իր դատաստանը գործադրէ Մեծն Բաբելոնի եւ Սատանայի երկրային կազմակերպութեան մնացեալ բոլոր տարրերուն վրայ, Սատանայի երկրային սերունդը վերջ պիտի գտնէ, ինչպէս նախագուշակուած էր։ Վերջապէս, Աստուծոյ կնոջ Սերունդը, Յիսուս Քրիստոս, պիտի ջախջախէ Սատանայի՝ այս վաղեմի խորամանկ Օձին, «գլուխ»ը. ասիկա իրեն համար պիտի նշանակէ ամբողջական բնաջնջում եւ մարդկային գործերէ վերջնական խզում։—Հռովմայեցիս 16։20
26. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Յայտնութիւն գրքին մարգարէութիւնը քննենք։
26 Այս բոլորը ի՞նչպէս պիտի կատարուին։ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը ա՛յս է որ կը բացայայտէ։ Անիկա մեզի յայտնուած է տեսիլքներու շարքով մը, որ աչքառու նշաններով եւ խորհրդանիշներով ընդգծուած է։ Հիմա մեծ հետաքրքրութեամբ քննենք այս ազդու մարգարէութիւնը։ Արդարեւ, երանելի ենք, եթէ Յայտնութեան խօսքերը լսենք եւ զանոնք կատարենք։ Այսպէս ընելով, Գերիշխան Տէր Եհովայի անուան պատիւ պիտի բերենք եւ իր յաւիտենական օրհնութիւնները պիտի ժառանգենք։ Հաճեցէք շարունակել կարդալ եւ իմաստութեամբ կիրարկել ձեր սորվածները։ Բարձրակէտի մը հասած մարդկային պատմութեան այս ժամանակին, ասիկա փրկութիւն կրնայ նշանակել ձեզի համար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 13]
Վաճառականական առուծախի սեպագիր հին արձանագրութիւններ
Գիրք մը՝ Մերձակայ Արեւելեան Վաղեմի Գրութիւններ՝ հրատարակուած Ճէյմս Պ. Փրիչըրտի կողմէ (Անգլերէն), բաբելոնական ժամանակաշրջանէն Համմուրաբիի կողմէ ցանկագրուած շուրջ 300 օրէնք կը թուէ։ Ասոնք ցոյց կու տան որ անհրաժեշտ էր այդ օրերուն վաճառականական աշխարհին մէջ տիրական եղող բացայայտ անպարկեշտութիւնը դատապարտել։ Օրինակ մը առնենք. «Եթէ տէր մը տիրոջ մը որդիին, կամ տիրոջ մը ծառային ձեռքով արծաթ կամ ոսկի կամ արու գերի կամ իգական գերի մը, կամ եզ, կամ ոչխար, կամ էշ, կամ որեւէ տեսակի բան մը գնած կամ իր քով պահելու համար ստացած է, առանց վկաներու եւ համաձայնագիրներու՝ անիկա գող է. պէ՛տք է սպաննուի»։