Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդը

Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդը

Գլուխ 27

Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդը

Տեսիլք 7—Յայտնութիւն 12։1-17

Նիւթ. Երկնային կինը ծնունդ կու տայ, Միքայէլ կը պատերազմի Սատանային հետ եւ զինք երկիր կը նետէ

Կատարման ժամանակ. 1914–ին Քրիստոս Յիսուսի թագադրումէն մինչեւ մեծ նեղութիւն

1. Յայտնութիւն 12-14–րդ գլուխներուն մէջ նկարագրուած նշաններուն հասկացողութիւնը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի։

 ԱՍՏՈՒԾՈՅ սրբազան խորհուրդը քօղազերծուեցաւ։ (Յայտնութիւն 10։7) Իր Մեսիային յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը թնդացնող իրողութիւն մըն է այլեւս։ Անիկա կ’իշխէ՛։ Անոր ներկայութիւնը կործանում կը թելադրէ Սատանայի եւ իր սերունդին, իսկ փառաւոր յաղթանակ՝ Աստուծոյ երկնային կազմակերպութեան Սերունդին։ Եօթներորդ հրեշտակը սակայն, տակաւին կը շարունակէ իր փողը հնչեցնել, քանի որ երրորդ վային մասին դեռ շատ բաներ ունի յայտնելիք։ (Յայտնութիւն 11։14) Յայտնութիւն 12-14–րդ գլուխներուն մէջ նկարագրուած նշանները մեզի պիտի օգնեն որ աւելի ըմբռնենք այդ վային եւ Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը իր աւարտին հասցնելու առնչուած բոլոր բաները։

2. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ մեծ նշան կը տեսնէ։ (բ) Մեծ նշանին իմաստը ե՞րբ յայտնուեցաւ։

2 Արդ, Յովհաննէս կը տեսնէ մեծ նշան մը, որ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Աստուծոյ ծառաներուն համար։ Անիկա մեզի կը ներկայացնէ մարգարէական ոգեցունց տեսիլք մը, որուն իմաստը առաջին անգամ հրատարակուեցաւ Դիտարան–ի 1 Մարտ 1925 թիւին մէկ յօդուածին մէջ, «Ազգին Ծնունդը» խորագրով. ապա դարձեալ՝ 1926–ին, Ազատագրութիւն գրքին մէջ։ Աստուածաշունչի հասկացողութեան այս պայծառ լոյսը, Եհովայի գործին յառաջացման մէջ պատմական դարձակէտ մը եղաւ։ Ուստի, ձգենք որ Յովհաննէս մեզի ներկայացնէ այս թատերախաղը, մինչ անոր ծալքերը կը սկսին բացուիլ. «Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։ Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար»։—Յայտնութիւն 12։1, 2

3. Երկնքի մէջ տեսնուած կինը ո՞վ է։

3 Յովհաննէս առաջին անգամ ըլլալով երկնքի մէջ կին մը կը տեսնէ։ Անշուշտ, ան բառացի կին մը չէ, այլ, նշան մը, խորհրդանիշ մըն է։ (Յայտնութիւն 1։1ՆԱ) Ան ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Ներշնչեալ մարգարէութեանց մէջ, երբեմն կիներ կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն՝ կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ «ամուսնացած»։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, Իսրայէլի ակնարկուած է որպէս Եհովա Աստուծոյ կինը։ (Երեմեայ 3։14ՆԱ) Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը կոչուած է Քրիստոսի հարսը։ (Յայտնութիւն 21։9-14) Հոս Յովհաննէսի տեսած կինն ալ մէկու մը հետ ամուսնացած է եւ ծնունդ տալու վրայ է։ Ո՞վ է իր ամուսինը։ Լաւ, ծնելէն ետք անոր զաւակը «յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով»։ (Յայտնութիւն 12։5) Հետեւաբար Եհովա կ’ընդունի որ այս զաւակը իրն է։ Հետեւաբար, Յովհաննէսի տեսած կինը, Եհովայի այլաբանական կինը պէտք է ըլլայ։

4. Աստուծոյ այլաբանական կնոջ որդիները որո՞նք են, եւ Յովհաննէսի տեսած կինը Պօղոս առաքեալ ի՞նչ կը կոչէ։

4 Շուրջ ութ դարեր առաջ, Եհովա այս այլաբանական կնոջ ուղղելով իր խօսքը, ըսած էր. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին»։ (Եսայեայ 54։5, 13) Յիսուս այս մարգարէութիւնը մէջբերեց եւ ցոյց տուաւ որ այդ որդիները իր հաւատարիմ հետեւորդներն են, որոնք հետագային օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը կազմեցին։ (Յովհաննու 6։44, 45) Ուստի, այս ժողովքին անդամները, որոնց ակնարկուած է որպէս Աստուծոյ որդիներ, Աստուծոյ այլաբանական կնոջ ալ զաւակներն են։ (Հռովմայեցիս 8։14) Պօղոս առաքեալ տեղեկութիւնը կ’ամբողջացնէ, երբ կ’ըսէ. «Վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է»։ (Գաղատացիս 4։26) Ուստի Յովհաննէսի տեսած «կին»ը՝ «վերի Երուսաղէմ»ն է։

5. Քանի որ Եհովայի այլաբանական կինը 12 աստղէ պսակ մը ունի, ուրեմն վերի Երուսաղէմը իրապէս ի՞նչ է։

5 Բայց ճիշդ ի՞նչ է վերի Երուսաղէմը։ Քանի որ Պօղոս զայն կոչեց «վերի», իսկ Յովհաննէս երկնքի մէջ տեսաւ, յստակ է որ ան երկրային քաղաք մը չէ. անիկա «նոր Երուսաղէմ»ն ալ չէ, քանի որ այդ կազմակերպութիւնը Քրիստոսի հարսն է եւ ոչ թէ Եհովայի կինը։ (Յայտնութիւն 21։2) Նկատի առէք որ ան 12 աստղէ պսակ մը ունի։ Կազմակերպչական պատկերին մէջ, 12 թիւը ամբողջութեան հետ կցորդուած է։ * Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, այս 12 աստղերը կը նշեն որ այս կինը երկնքի մէջ կազմակերպչական կարգադրութիւն մըն է, ինչպէս որ երբեմնի Երուսաղէմը երկրի վրայ էր։ Վերի Երուսաղէմը Եհովայի հոգեղէն արարածներու տիեզերական կազմակերպութիւնն է, որ կնոջ նման կը վարուի իրեն հետ, թէ՛ իրեն ծառայելով եւ թէ զաւակներ տալով։

6. (ա) Յովհաննէսի տեսած կնոջ արեւը հագած, իսկ լուսինը ոտքերուն տակ ձգած ըլլալը ու աստղերէ պսակ մը ունենալը ի՞նչ կը նշեն։ (բ) Յղի կնոջ երկունքի ցաւերը ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

6 Յովհաննէս կը տեսնէ այս կինը որ արեւը հագած է, իսկ լուսինը ոտքերուն տակ ձգած է։ Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք աստղերէ իր պսակը, ան ամբողջովին երկնային լոյսերու մէջ կը լողայ։ Ցերեկ ու գիշեր Աստուծոյ հաճութիւնը անոր վրայ կը շողայ։ Ի՜նչ յարմար խորհրդանիշ մը Եհովայի երկնային հոյակապ կազմակերպութեան։ Ան յղի ալ է եւ երկունքի ցաւի մէջ է։ Աստուածային օգնութեան համար իր աղաղակը ցոյց կու տայ թէ ծնանելու իր ժամանակը հասած է։ Աստուածաշունչին մէջ երկունքի ցաւերը յաճախ կարեւոր արդիւնքի մը հասնելու համար կատարուած ծանր աշխատանք կը խորհրդանշեն։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 90։2. Առակաց 25։23ՆԱ. Եսայեայ 66։7, 8) Անկասկած այսպիսի երկունքի ցաւեր եղան, երբ Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը այս պատմական ծննդաբերութեան համար կը պատրաստուէր։

Մեծ Շառագոյն Վիշապ մը

7. Յովհաննէս ուրիշ ի՞նչ նշան կը տեսնէ երկնքի մէջ։

7 Յովհաննէս այժմ ի՞նչ կը տեսնէ։ «Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։ Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնածի, անոր զաւակը կլլէ»։—Յայտնութիւն 12։3, 4

8. (ա) Շառագոյն մեծ վիշապը ո՞վ է։ (բ) Վիշապին եօթը գլուխ, տասը եղջիւր եւ իւրաքանչիւր գլխուն վրայ թագ ունենալը ի՞նչ կը մատնանշէ։

8 Այս վիշապը Սատանան՝ «առաջուան օձ»ն է։ (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։15) Ան կատաղի աւերիչ մըն է. եօթգլխանի վիշապ մը կամ յօշոտող մըն է, որ իր զոհը կրնայ ամբողջովին կլլել։ Ի՜նչ արտակարգ երեւոյթ ունի։ Իր եօթը գլուխները եւ տասը եղջիւրները կը նշեն որ ինքն է քաղաքական գազանը մէջտեղ բերողը, որ շուտով պիտի նկարագրուի Յայտնութիւն 13–րդ գլուխին մէջ։ Այդ գազանն ալ եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։ Քանի որ Սատանան իր իւրաքանչիւր գլխուն վրայ թագ ունի, ընդամէնը եօթը հատ, կրնանք վստահ ըլլալ որ այդ գազանով պատկերացուած աշխարհակալ ուժերը իր իշխանութեան ներքեւ եղած են։ (Յովհաննու 16։11) Տասը եղջիւրները յարմար կերպով կը խորհրդանշեն այս աշխարհին մէջ իր ի գործ դրած հեղինակութեան ամբողջութիւնը։

9. Ի՞նչ կը նշէ այն իրողութիւնը թէ վիշապը իր պոչով «երկնքի աստղերուն երրորդ մասը» երկիր կը քաշէր։

9 Վիշապը հոգեւոր ոլորտին մէջ ալ հեղինակութիւն ունի։ Ան իր պոչով «երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր»։ Աստղերը՝ հրեշտակներ կրնան ներկայացնել։ (Յոբայ 38։7) «Երրորդ մասը» ըսելով ցոյց կը տրուի որ բաւական մեծ թիւով հրեշտակներ մոլորեցան Սատանայի կողմէ։ Անգամ մը որ անոնք իր հսկողութեան տակ եկան, այլեւս չէին կրնար անկէ փախչիլ։ Անոնք չէին կրնար Աստուծոյ սուրբ կազմակերպութեան վերադառնալ։ Անոնք դեւեր եղան, ուրիշ խօսքով, իրենց թագաւորը կամ իշխանը՝ Սատանան, զիրենք իրեն հետ քաշեց։ (Մատթէոս 12։24) Սատանան զանոնք երկրի վրայ ալ նետեց։ Անկասկած ասիկա կ’ակնարկէ Նոյի օրերուն, Ջրհեղեղէն առաջ, երբ Սատանան դրդեց որ Աստուծոյ այս անհնազանդ որդիները երկիր գան եւ մարդոց աղջիկներուն հետ կենակցին։ Այս «մեղք գործող հրեշտակները» պատժուեցան, Տարտարոս կոչուած բանտանման վիճակի մէջ նետուելով։—Ծննդոց 6։4. Բ. Պետրոս 2։4. Յուդա 6

10. Ի՞նչ հակադիր կազմակերպութիւններ երեւան կու գան, եւ վիշապը ինչո՞ւ կ’ուզէ կլլել կնոջ ծնելիք զաւակը։

10 Այս կերպով երկու հակադիր կազմակերպութիւններ մէջտեղ եկան. կնոջմով պատկերացուած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը եւ Սատանայի դիւային կազմակերպութիւնը, որ Աստուծոյ գերիշխանութեան ասպարէզ կը կարդայ։ Գերիշխանութեան մեծ հարցը պէտք է լուծուի։ Բայց ի՞նչպէս։ Սատանան, որ տակաւին դեւերը իրեն հետ կը քաշէ, հաւանական զոհ մը փնտռող յօշոտող գազանի մը կը նմանի։ Ան կը սպասէ որ կինը ծնունդ տայ։ Ան կ’ուզէ այս սպասուած մանուկը կլլել, գիտնալով որ ան իր մնայուն գոյութեան, ինչպէս նաեւ իր տիրապետած աշխարհին համար չարագուշակ սպառնալիք մըն է։—Յովհաննու 14։30

Արու Զաւակ մը

11. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ կնոջ զաւկին ծնունդը, եւ մանուկը ինչո՞ւ «արու զաւակ» կոչուած է։

11 Աստուծոյ կողմէ առանց ընդմիջուելու իշխելու ազգերուն սահմանուած ժամանակը վերջ գտաւ 1914–ին։ (Ղուկաս 21։24) Ապա, ճիշդ ժամանակին, կինը զաւակ մը ծնաւ. «Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։ Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր»։ (Յայտնութիւն 12։5, 6) Մանուկը «արու զաւակ» մըն է։ Յովհաննէս ինչո՞ւ կը գործածէ այս երկեակ արտայայտութիւնը։ Ասիկա կ’ընէ, ցոյց տալու համար որ մանուկը պէտք եղած զօրութիւնը ունի եւ ազգերուն վրայ տիրելու ատակ է։ Անիկա նաեւ կը շեշտէ թէ այս ծնունդը ո՜րքան յիշատակելի եւ ուրախ առիթ մըն է։ Անիկա Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը աւարտի մը բերելու մէջ գլխաւոր դերը ունի։ Այո, այս արու զաւակը «երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը»։

12. (ա) Սաղմոսներուն մէջ, Եհովա մարգարէաբար ի՞նչ խոստացած էր Յիսուսի։ (բ) Ի՞նչ կը խորհրդանշէ կնոջ որդի մը ծնանիլը, որ «երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը»։

12 Այս արտայայտութիւնը ձեզի ծանօթ կը հնչէ՞։ Այո, Եհովա մարգարէական հետեւեալ խոստումը տուած էր Յիսուսի. «Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ (Սաղմոս 2։9) Դարձեալ իր մասին մարգարէացուած էր. «Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ»։ (Սաղմոս 110։2) Հետեւաբար, Յովհաննէսի ականատես եղած ծնունդը սերտօրէն կապակցութիւն ունէր Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Ո՜չ, ասիկա մեր Հասարակ Դարաշրջան առաջին դարէն առաջ կոյսէ մը Յիսուսի ծնունդը չէ, ոչ ալ Հ.Դ. 33–ին Յիսուսի դարձեալ հոգեղէն կեանքի վերադարձին կ’ակնարկէ։ Անիկա այլագաղթում ալ չէ։ Այլ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդն է 1914–ին՝ որպէս իրողութիւն մը. Յիսուս, որ շուրջ 20 դարերէ ի վեր երկինքն է, կը թագադրուի։—Յայտնութիւն 12։10

13. Արու զաւկին՝ «Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով» յափշտակուիլը ի՞նչ կը նշէ։

13 Եհովա բնա՛ւ թոյլ պիտի չտար որ Սատանան կլլէր Իր կինը, կամ Իր նորածին որդին։ Ծնելուն պէս, արու զաւակը «յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով»։ Այս կերպով ան ամբողջովին Եհովայի պաշտպանութեան ներքեւ եկաւ, որպէսզի ան այս նորածին Թագաւորութեան, Իր սուրբ անունը սրբացնելու համար այս գործիքին լման կերպով հոգ տանի։ Միեւնոյն ժամանակ, կինը կը փախչի տեղ մը որ Աստուած պատրաստած էր իրեն համար անապատին մէջ։ Այս մասին մանրամասնութիւնները վերջը պիտի տանք։ Ինչ կը վերաբերի Սատանային, բեմը պատրաստ էր յիշատակելի դէպքի մը համար, որուն հետեւանքով այլեւս ամբողջովին անկարելի պիտի ըլլար որ ան անգամ մը եւս սպառնար երկնքի Թագաւորութեան։ Ի՞նչ է այդ դէպքը։

Պատերազմ Երկնքի Մէջ

14. (ա) Ըստ Յովհաննէսի, ո՞ր դէպքէն վերջ, Սատանայի համար անկարելի եղաւ սպառնալ Թագաւորութեան։ (բ) Սատանան եւ իր դեւերը ո՞ւր սահմանափակուած են։

14 Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։ (Յայտնութիւն 12։7-9) Ուստի, Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը իր աւարտին հասցնելու մէջ որպէս ուշագրաւ եղելութիւն, Սատանան երկինքէն դուրս կը նետուի եւ իր դեւերը իրեն հետ վար կը նետուին երկրի վրայ։ Ան որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուցած էր, անոր աստուածը ըլլալու աստիճան, վերջապէս կը սահմանափակուէր այս մոլորակին շրջակայքը, ուր սկսած էր իր ըմբոստութիւնը։—Բ. Կորնթացիս 4։3, 4

15, 16. (ա) Ո՞վ է Միքայէլ եւ ի՞նչպէս գիտենք։ (բ) Ինչո՞ւ յարմար էր որ Միքայէլ Սատանան երկինքէն վար նետէր։

15 Եհովայի անունով ո՞վ է որ այս մեծ յաղթանակը կ’իրագործէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան Միքայէլ եւ իր հրեշտակներն են։ Բայց ո՞վ է Միքայէլ։ «Միքայէլ» անունը կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Նման»։ Ուստի, Միքայէլ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումով, փաստելով որ ոեւէ մէկը չի կրնար Իրեն հետ մրցիլ։ Յուդա 9–րդ համարին մէջ ան կոչուած է «Միքայէլ հրեշտակապետ»։ Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ տեղ «հրեշտակապետ» տիտղոսը գործածուած է միայն մէկ հոգիի՝ Յիսուս Քրիստոսի ակնարկելու համար։ * Պօղոս իր մասին կ’ըսէ. «Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15) «Հրեշտակապետ» կը նշանակէ՝ «հրեշտակներուն գլխաւորը»։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Յայտնութիւնը կը յիշէ «Միքայէլ եւ իր հրեշտակները»։ Աստուածաշունչը այլ տեղեր ալ Յիսուսի կ’ակնարկէ, երբ կը նշէ որ հրեշտակներ Աստուծոյ արդար ծառային կ’ենթարկուին։ Անոր համար Պօղոս կը խօսի ‘իր զօրաւոր հրեշտակներով Տէր Յիսուսի երկնքէն յայտնուելու’ մասին։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7. տես նաեւ՝ Մատթէոս 24։30, 31. 25։31

16 Այս եւ ուրիշ համարներ մեզ կը հասցնեն այն վստահ եզրակացութեան թէ Միքայէլը Տէր Յիսուս Քրիստոսն է՝ իր երկնային դիրքին մէջ։ Հիմա որ տէրունական օրուան մէջ է, ան այլեւս Սատանայի պարզապէս՝ «Տէրը յանդիմանէ քեզ» ըսելով չի գոհանար։ Որովհետեւ դատելու ժամանակն է հիմա, Յիսուս որպէս Միքայէլ, չար Սատանան եւ իր դիւային հրեշտակները երկնքէն վար կը նետէ։ (Յուդա 9. Յայտնութիւն 1։10) Շատ յարմար է որ Ինք ըլլայ ասիկա ընողը, քանի որ Ինք է նոր թագադրուած Թագաւորը։ Յիսուս նաեւ Եդեմի մէջ խոստացուած այն Սերունդն է, որ վերջապէս պիտի ջախջախէ Օձին գլուխը, յաւիտեան մէջտեղէն վերցնելով զինք։ (Ծննդոց 3։15) Սատանան երկինքէն դուրս վտարելով, Յիսուս դէպի անոր վերջնական ջախջախումը կ’ընթանայ։

‘Ուրախացիր, Ո՛վ Երկինք’

17, 18. (ա) Սատանայի երկինքէն նետուելուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ երկնքի մէջ, ըստ Յովհաննէսի։ (բ) Յովհաննէսի լսած մեծ ձայնին հաւանական աղբիւրը ի՞նչ ըլլալու է։

17 Սատանայի այս ապշեցուցիչ անկումին համար երկնքի ուրախութեան մասին տեղեկագրելով, Յովհաննէս կ’ըսէ. «Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. ‘Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։ Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ’»։—Յայտնութիւն 12։10-12ա

18 Յովհաննէսի լսած մեծ ձայնը որո՞նց ձայնն էր։ Աստուածաշունչը այս մասին բան մը չ’ըսեր։ Բայց Յայտնութիւն 11։17–ի մէջ արձանագրուած նոյնանման ձայնը կու գար իրենց երկնային դիրքին մէջ յարուցանուած 24 երէցներէն, ուր կրնային 144,000 սուրբերը ներկայացնել։ (Յայտնութիւն 11։18) Իսկ քանի որ տակաւին երկրի վրայ գտնուող Աստուծոյ օծեալ ու հալածուած ծառաներուն մասին հոս կը խօսուի որպէս «մեր եղբայրներ»ը, ուրեմն այս խօսքը նոյն աղբիւրէն պէտք է ըլլայ։ Անկասկած, այս հաւատարիմները իրենց ձայները կրնան միացնել, քանի որ իրենց յարութիւնը Սատանայի եւ իր դեւերու բանակին երկինքէն նետուելուն պիտի յաջորդէր։

19. (ա) Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին աւարտումը ի՞նչ ընելու ճամբան կը բանայ Յիսուսի առջեւ։ (բ) Սատանայի տրուած՝ «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը» անուանումը ի՞նչ կը նշէ։

19 Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին աւարտումը կը պահանջէ որ Յիսուս Եհովայի Թագաւորութեան մէջ իր հեղինակութիւնը ստանձնէ։ Այս կերպով ճամբան բացուած կ’ըլլայ, որպէսզի հաւատարիմ մարդկութիւնը ազատելու Աստուծոյ մեծ նպատակը ի գործ դրուի։ Յիսուս ոչ միայն հիմա երկրի վրայ իր աստուածավախ աշակերտները կ’ազատագրէ, այլ նաեւ՝ այն անհամար մեռելները, որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են։ (Ղուկաս 21։27, 28) Սատանայի տրուած՝ «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը» անուանումը ցոյց կու տայ որ, թէեւ Յոբի դէմ իր ամբաստանութիւնները սուտ ելան, շարունակած է Աստուծոյ երկրային ծառաներուն ուղղամտութիւնը հարցականի տակ դնել։ Յայտնի է որ ան բազմիցս կրկնած է այն ամբաստանութիւնը թէ մարդ իր բոլոր ունեցածը կու տայ իր կեանքին փոխարէն։ Ո՜րքան ողորմելիօրէն ձախողած է Սատանան։—Յոբայ 1։9-11. 2։4, 5

20. Հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս յաղթած են Սատանային։

20 Օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք «Գառնուկին արիւնովը» արդար նկատուած են, հակառակութեան դիմաց կը շարունակեն Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալ։ Աւելի քան 120 տարիէ ի վեր, Յովհաննէս դասակարգը կը մատնանշէ այն մեծ հարցերը, որոնք կապ ունին ազգերուն ժամանակներուն վերջաւորութեան հետ՝ 1914–ին։ (Ղուկաս 21։24) Իսկ ներկայիս, մեծ բազմութիւնը հաւատարմօրէն կը ծառայէ իրենց կողքին։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը կը վախնայ «անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել», ինչպէս Եհովայի Վկաներու կենսագրութիւնները կրկին ու կրկին ցոյց տուած են։ Թէ՛ իրենց խօսքերով եւ թէ քրիստոնէավայել վարքով, անոնք յաղթած են Սատանայի, բազմիցս ապացուցանելով որ ան ստախօս մըն է։ (Մատթէոս 10։28. Առակաց 27։11. Յայտնութիւն 7։9) Օծեալ Քրիստոնեաները երկինք յարուցուելով, ո՜րքան ուրախ պիտի ըլլան, քանի որ Սատանան այլեւս վերը չէ իրենց եղբայրներուն դէմ չարախօսելու համար։ Արդարեւ, ժամանակն է որ հրեշտակային բոլոր բանակները ուրախութեամբ ընդառաջեն հետեւեալ կոչին. «Ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ»։

Վայ՝ Մրցակիցէ մը

21. Սատանան ի՞նչպէս վայ բերած է երկրին ու ծովուն։

21 Երրորդ վայէն բարկացած, Սատանան հիմա կը մտադրէ իր կողմէ եկած մասնայատուկ վայերով մարդկութիւնը հարուածել։ Արդ, «վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12բ) Երկինքէն Սատանայի դուրս ձգուիլը արդարեւ վայ կը նշանակէ բառացի երկրին, որ իր տիրապետութեան ներքեւ եղող անձնասէր մարդոց կողմէ կ’աւերուի։ (Բ. Օրինաց 32։5) Մանաւանդ որ Սատանային՝ ‘տիրէ կամ քանդէ’ քաղաքականութիւնը վայ կը բերէ այլաբանական երկրին ալ, մարդկային ընկերութեան կառոյցին, ինչպէս նաեւ այլաբանական ծովուն, մարդկութեան անհանդարտ զանգուածին։ Երկու աշխարհամարտերու ընթացքին, Սատանայի բարկութիւնը, իրեն ենթակայ ազգերուն բարկութեամբ արտացոլուեցաւ, եւ դիւային այսպիսի բարկութիւններ կը պայթին մինչեւ օրս՝ բայց ա՛լ երկար պիտի չշարունակուին։ (Մարկոս 13։7, 8) Բայց Բանսարկուին հնարքները որքան ալ ահաւոր ըլլան, անոնք որեւէ ատեն Սատանայի տեսանելի կազմակերպութեան վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ պատճառուած երրորդ վային ողբերգական ազդեցութեան ոչ իսկ կը մօտենան։

22, 23. (ա) Վիշապը երկիր նետուելէն ետք, ի՞նչ կը պատահի, ըստ Յովհաննէսի։ (բ) Վիշապը ի՞նչպէս կրնայ հալածել ‘արու զաւակ ծնանող’ կնոջ։

22 Սատանայի աղիտալի կերպով վռնտուելէն ի վեր, տակաւին երկրի վրայ եղող Քրիստոսի եղբայրները իր բուռն զայրոյթին առարկան դարձած են։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։ Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»։—Յայտնութիւն 12։13, 14

23 Հոս, տեսիլքը կը վերադառնայ 6–րդ համարին գաղափարին, ուր կ’ըսէ թէ կնոջ զաւակը ծնելէն ետք, կինը անապատը կը փախչի, վիշապէն հեռու ըլլալու համար։ Թերեւս զարմանանք թէ վիշապը ի՛նչպէս կրնայ հալածել կինը, որ երկինքը կը գտնուի, երբ ինք երկրի վրայ նետուած է։ Լաւ, յիշեցէք որ կինը հոս երկրի վրայ զաւակներ ունի, իր սերունդը։ Այս տեսիլքին մէջ քիչ անդին ըսուած է որ Սատանան իր բարկութիւնը թափեց կնոջ վրայ, անոր սերունդը հալածելով։ (Յայտնութիւն 12։17) Երկրի վրայ կնոջ սերունդին ի՛նչ որ պատահի, անիկա կնոջ եղած կը համարուի։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 25։40) Իսկ, երկրի վրայ սերունդին ընկերակցող հետզհետէ աւելցող անհատներն ալ այս հալածանքները պիտի կրեն։

Նոր Ազգ մը

24. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ փորձառութիւն ունեցան, որ կը նմանէր Եգիպտոսէն ազատագրուող Իսրայելացիներու փորձառութեան։

24 Առաջին Աշխարհամարտի տեւողութեան, Յիսուսի եղբայրները հաւատարմօրէն շարունակեցին կարելի եղածին չափ վկայութիւն տալ։ Ասիկա ըրին Սատանային եւ իր կատաղի սպասաւորներու կողմէ եկած հսկայական հակառակութեանց դիմաց։ Վերջապէս, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հանրային վկայութեան գործը գրեթէ դադրեցաւ։ (Յայտնութիւն 11։7-10) Ասիկա պատահեցաւ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ մեծապէս հարստահարուած Իսրայելացիներուն նման փորձառութեան մը ենթարկուեցան։ Այն ատենն էր որ Եհովա զանոնք արագօրէն՝ կարծես արծիւի թեւերուն վրայ վերցուած՝ Սինայի ապահով անապատը բերած էր։ (Ելից 19։1-4) Նոյն կերպով, 1918-1919–ի դառն հալածանքներէն ետք, Եհովա ազատեց իր վկաները՝ որոնք իր կինը կը ներկայացնէին՝ եւ զանոնք բերաւ հոգեւոր կացութեան մը մէջ, որ իրենց համար նոյնքան ապահով էր, որքան Իսրայելացիներուն համար՝ անապատը։ Ասիկա անոնց աղօթքներուն պատասխանն էր։—Համեմատել՝ Սաղմոս 55։6-9

25. (ա) Եհովա ի՞նչ բան յառաջ բերաւ 1919–ին, ճիշդ ինչպէս որ անապատին մէջ Իսրայելացիներուն ըրած էր։ (բ) Որոնցմէ՞ կը բաղկանայ այս ազգը, եւ անոր անդամները ի՞նչ բանի մէջ բերուած են։

25 Անապատին մէջ, Եհովա Իսրայելացիները ազգի մը վերածեց, անոնց հոգեւոր եւ ֆիզիքական կարիքները հայթայթելով։ Նմանապէս, 1919–էն սկսեալ, Եհովա կնոջ սերունդը հոգեւոր ազգի մը վերածեց։ Ասիկա պէտք չէ շփոթել Մեսիական Թագաւորութեան հետ, որ 1914–էն ի վեր երկինքի մէջ կ’իշխէ։ Այլ, այս նոր ազգը կը բաղկանայ երկրի վրայ օծեալ վկաներու մնացորդէն, որ 1919–ին հոգեւոր փառաւոր վիճակի մէջ բերուած է։ Արդ, ‘ատենին իրենց ուտելիքը’ ունենալով, անոնք զօրացան իրենց դիմաց գտնուող գործին համար։—Ղուկաս 12։42. Եսայեայ 66։8

26. (ա) Յայտնութիւն 12։6, 14–ի մէջ յիշուած ժամանակամիջոցը ո՞րքան է։ (բ) Երեքուկէս ժամանակը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէր. անիկա ե՞րբ սկսաւ եւ ե՞րբ վերջացաւ։

26 Աստուծոյ կնոջ սերունդին գործունէութիւնը ո՞րքան ժամանակ ընդմիջուեցաւ։ Յայտնութիւն 12։6–ի համաձայն՝ 1,260 օր։ Յայտնութիւն 12։14–ը այս ժամանակաշրջանը կը կոչէ, ժամանակ, ժամանակներ ու կէս ժամանակ. ուրիշ խօսքով՝ երեքուկէս ժամանակ։ Իրականութեան մէջ երկու արտայայտութիւններն ալ երեքուկէս տարուան կ’ակնարկեն, որ Հիւսիսային Կիսագունդին մէջ սկսաւ 1919–ի գարնան եւ տեւեց մինչեւ 1922–ի աշունը։ Յովհաննէս դասակարգին համար ասիկա վերակազդուրման եւ վերակազմակերպուելու շրջան մը եղաւ։

27. (ա) Ըստ Յովհաննէսի տեղեկագրութեան, 1922–էն ետք վիշապը ի՞նչ ըրաւ։ (բ) Վկաներուն դէմ հալածանքի հեղեղ մը բերելով ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր Սատանան։

27 Վիշապը շարունակեց իր հալածանքը։ «Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ»։ (Յայտնութիւն 12։15) Ի՞նչ կը ներկայացնէ «գետի պէս ջուր»ը, կամ «հեղեղի պէս ջուր»ը։ (Երուսաղէմ) Երբեմնի Դաւիթ թագաւոր իրեն հակառակող ամբարիշտներու մասին խօսեցաւ որպէս «անօրէնութեան հեղեղներ» [«անպէտ մարդոց վտակներ», Եանկ]։ (Սաղմոս 18։4, 5, 16, 17) Ինչ որ Սատանան արձակեց, անարժէք կամ «անպէտ մարդոց» կողմէ հալածանքն է։ 1922–էն ետք, Սատանան հալածանքի հեղեղ մը բերաւ Վկաներուն վրայ։ (Մատթէոս 24։9-13) Ասիկա իր մէջ կը պարունակէր ֆիզիքական վայրագութիւն, ‘սահմանուած օրէնքով չարիք պատրաստել’, բանտարկութիւններ եւ նոյնիսկ կախելով, կրակելով եւ գլխատելով սպանութիւններ։ (Սաղմոս 94։20) Նուաստացած եւ Աստուծոյ երկնային կնոջ հասնելու արտօնութիւն չունեցող Սատանան, զայրացած՝ սկսաւ երկրի վրայ անոր մնացած սերունդին վրայ յարձակիլ եւ փորձել զանոնք կործանել, ուղղակի կերպով կամ պատճառ ըլլալով որ իրենց ուղղամտութիւնը բեկանելով Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնեն։ Բայց անոնք Յոբի նման վճռած էին իրենց ‘ուղղամտութիւնը ձեռքէ չձգել մինչեւ մահ’։—Յոբայ 27։5

28. Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, հալածանքի հեղեղը ի՞նչպէս իր գագաթնակէտին հասաւ։

28 Հալածանքի այս կատաղի հեղեղը իր գագաթնակէտին հասաւ Բ. Աշխարհամարտին։ Եւրոպայի մէջ, շուրջ 12,000 Վկաներ Նացի կեդրոնացման ճամբարներու եւ բանտերու մէջ բանտարկուեցան, եւ շուրջ 2,000 հոգի մեռան։ Իտալիոյ, Ճափոնի, Քորէայի եւ Թայուանի վրայ տիրող բռնաւորներու ներքեւ, հաւատարիմ Վկաներ նման անգութ վերաբերմունքներու ենթարկուեցան։ Նոյնիսկ այդպէս կոչուած ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, Վկաներ յարձակումներու ենթարկուեցան Կաթողիկէ Շարժումի խմբակներու կողմէ, կուպրով եւ փետուրներով պատուեցան եւ քաղաքէն դուրս վռնտուեցան։ Քրիստոնէական համաժողովները ընդհատուեցան եւ Վկաներու երախաները դպրոցներէն վտարուեցան։

29. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ չակնկալուած տեղէն եկած օգնութիւնը։ (բ) Ի՞նչպէս «երկիրը օգնեց կնոջը»։ (գ) Վիշապը շարունակած է ի՞նչ ընել։

29 Չակնկալուած տեղէն օգնութիւն հասաւ. «Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։ Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին»։ (Յայտնութիւն 12։16, 17) «Երկիրը»՝ Սատանայի իրերու դրութեան մէջ գտնուող տարրեր, սկսաւ «գետը» կամ «հեղեղ»ը կլլել։ 1940–ական տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանը եւ ուրիշ երկիրներու կառավարիչներ շարք մը նպաստաւոր վճիռներ տուին Վկաներուն համար, որոնք պաշտամունքի ազատութիւն ապահովեցին։ Վերջապէս, Դաշնակից պետութիւնները Նացի–Ֆաշիստ ճիւաղը կլլեցին, ամոքելով Վկաները, որոնք անգութ բռնաւորներու ձեռքին տակ տառապած էին։ Հալածանքը ամբողջովին չվերջացաւ, քանի որ վիշապին զայրոյթը մինչեւ օրս կը շարունակուի, եւ ան կը շարունակէ պատերազմիլ անոնց դէմ, որոնք «Յիսուսին վկայութիւնը ունէին»։ Շատ մը երկիրներու մէջ, հաւատարիմ Վկաներ կան բանտերու մէջ եւ տակաւին կան Վկաներ, որոնք կը սպաննուին իրենց ուղղամտութեան պատճառաւ։ Բայց այդ երկիրներէն ոմանց մէջ, հեղինակութիւններ երբեմն պարանը կ’երկնցնեն եւ Վկաները աւելի մեծ ազատութիւն կը վայելեն։ * Ուստի, առ ի կատարում մարգարէութեան, երկիրը կը շարունակէ հալածանքի գետին ջուրերը կլլել։

30. (ա) Երկրին բերած որոշ օգնութիւնը ի՞նչ բանի նպաստած է։ (բ) Աստուծոյ ծառաներուն ուղղամտութիւնը ի՞նչ հետեւանք կ’ունենայ։

30 Այս կերպով, երկիրը որոշ չափով հանգստութիւն բերած է, որպէսզի Աստուծոյ գործը տարածուի շուրջ 235 երկիրներու մէջ, բարի լուրի հաւատարիմ քարոզիչներուն թիւը հասցնելով աւելի քան վեց միլիոնի։ Կնոջ սերունդին մնացեալ անդամներուն կողքին, նորահաւատներու միջազգային մեծ բազմութիւն մը կայ, որոնք աշխարհէն զատուած մնալու, մաքուր բարոյական մը ունենալու եւ եղբայրները սիրելու Աստուծոյ պատուիրանքը կը պահեն, եւ որոնք Մեսիական Թագաւորութեան մասին վկայութիւն ալ կու տան։ Անոնց ուղղամտութիւնը պատասխան մը կը հայթայթէ Սատանայի նախատական մարտահրաւէրին. ուստի, Սատանայի եւ իր իրերու դրութեան մահազանգը կը հնչուի։—Առակաց 27։11

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Համեմատեցէք մարմնաւոր Իսրայէլի 12 ցեղերը, 12 առաքեալները, հոգեւոր Իսրայէլի 12 ցեղերը եւ Նոր Երուսաղէմի 12 դռները, 12 հրեշտակները եւ 12 հիմերը։—Յայտնութիւն 21։12-14

^ պարբ. 15 Նկատի առէք սակայն, թէ Յայտնութիւն 12։9–ը կը խօսի ‘մեծ վիշապին ու անոր հրեշտակներուն’ մասին։ Ուստի, Սատանան ոչ միայն ինքզինք կեղծ աստուած մը կ’ընէ, այլ նաեւ՝ կը փորձէ հրեշտակապետ ըլլալ, թէեւ Աստուածաշունչը բնաւ այդ տիտղոսը չէ տուած իրեն։

^ պարբ. 29 Շատ մը երկիրներու բարձրագոյն ատեանները ազատութիւն տուած են Եհովայի վկաներուն. այդ որոշումներէն քանի մը հատը մէջբերուած են էջ 92–ի շրջագծին մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 185]

‘Երկիր իր բերանը բացաւ’

Սատանան հեղեղանման հալածանք բերաւ շատ երկիրներու մէջ, օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն վրայ։ Բայց յաճախ Սատանայի իրերու դրութեան մէջ եղած փոփոխութիւնները պատճառ եղան որ այդ հեղեղը կլլուի։

Խուժանային յարձակումներու եւ բանտարկութիւններու հեղեղը Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընդհանուր առմամբ կլլուեցաւ Բարձրագոյն Ատեանի որոշումներով՝ 1940–ական թուականներուն։

1945. Վայրագ հալածանքը Գերմանիոյ եւ Ճափոնի տիրապետութեան ներքեւ եղող երկիրներու մէջ վերջ գտաւ Բ. Աշխարհամարտի Դաշնակցային յաղթանակներով։

Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ երբ արգելք դրուեցաւ Եհովայի Վկաներուն վրայ, Վկաները բանտարկուեցան, մտրակուեցան եւ հրացանի կոթով ծեծուեցան։ 1960–ին, բռնակալ Ռաֆայէլ Թրուժիլոյի եւ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին միջեւ խզում մը գոյանալէ ետք, Եհովայի Վկաներուն վրայէն արգելքը վերցուեցաւ։

Նիկերիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը ընթացքին Վկաները այրուեցան, բռնաբարուեցան, ծեծուեցան, չարչարուեցան եւ սպաննուեցան։ 1970–ին ասոնք վերջ գտան, երբ կառավարական ուժեր նուաճեցին անջատողական նահանգը, ուր այս բաները կը կատարուէին։

Սպանիոյ մէջ տուներէն ներս խուժեցին եւ Քրիստոնեաները տուգանքի ու բանտարկութեան ենթարկեցին, Աստուծոյ մասին խօսելու եւ քրիստոնէական ժողովներ ունենալու «ոճիր»ին համար։ Այս հալածանքը վերջապէս վերջ գտաւ 1970–ին, երբ Կաթողիկէ չեղող կրօնքներու դէմ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը փոխուելով արտօնութիւն տրուեցաւ որ Եհովայի Վկաները օրինաւոր կերպով գրանցուին։

Փորթուկալի մէջ հարիւրաւոր տուներ խուզարկուեցան առանց հրամանագրի։ Վկաները մարմնաւոր վնասներու ենթարկուեցան ու բանտ նետուեցան եւ անոնց Աստուածաշունչերը գրաւուեցան։ Այս ահաբեկչութիւնը ‘կլլուեցաւ’, երբ 1974–ին զինուորական յեղափոխութիւն մը կառավարութեան մէջ փոփոխութիւն բերաւ, եւ հաւաքուելու ազատութիւն շնորհող օրէնք մը հանուեցաւ։

Արժանթինի մէջ, զինուորական կառավարութեան մը ներքեւ, Եհովայի Վկաներու զաւակներ դպրոցէն վտարուեցան եւ ամբողջ երկրին մէջ Վկաները ձերբակալուեցան, քանի որ բարի լուրը կը քարոզէին։ Այս հալածանքը վերջ գտաւ 1984–ին, երբ այն ատեն տիրող կառավարութիւնը օրինաւոր կերպով ճանչցաւ Եհովայի Վկաներու Ընկերակցութիւնը։

[Ցուցակ՝ էջ 183]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

1914 ............. Թագաւորութեան ծնունդը

1919 ............. Նոր ազգին ծնունդը

1919-1922 .... Վերակազդուրման շրջան

1922 .............. Հալածանքի հեղեղ

[Նկարին խորագիրը՝ էջ 182]

Վա՜յ երկրին