Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Իսրայէլին կնքումը

Աստուծոյ Իսրայէլին կնքումը

Գլուխ 19

Աստուծոյ Իսրայէլին կնքումը

Տեսիլք 4—Յայտնութիւն 7։1-17

Նիւթ. 144,000–ը կը կնքուի եւ մեծ բազմութիւն մը Եհովայի աթոռին եւ Գառնուկին առջեւ կայնած է

Կատարման ժամանակ. 1914–ին Քրիստոս Յիսուսի թագադրումէն մինչեւ իր Հազարամեայ Իշխանութիւնը

1. Աստուծոյ բարկութեան մեծ օրուան ընթացքին «ո՞վ կրնայ դիմանալ»։

 «Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ դիմանալ»։ (Յայտնութիւն 6։17) Արդարեւ, ո՞վ կրնայ։ Երբ Աստուծոյ բարկութեան մեծ օրը կործանէ Սատանայի դրութիւնը, այս աշխարհի կառավարիչներն ու մարդիկը այդ հարցումը պիտի ուղղեն։ Անոնց այնպէս պիտի թուի որ այդ սպառնացող աղէտը մարդկային ամէն կեանք պիտի բնաջնջէ։ Բայց պարագան ա՞յդ պիտի ըլլայ արդեօք։ Բարեբախտաբար Աստուծոյ մարգարէն հետեւեալ հաւաստիքը կու տայ մեզի. «Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։ (Յովելեայ 2։32) Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները այս իրողութիւնը հաստատեցին։ (Գործք 2։19-21. Հռովմայեցիս 10։13) Այո, Եհովայի անունը կանչողները պիտի վերապրին։ Որո՞նք են ասոնք։ Յաջորդ տեսիլքը մեզի պիտի յայտնէ ասիկա։

2. Ինչո՞ւ արտակարգ բան մըն է որ Եհովայի դատաստանի օրուընէ վերապրողներ պիտի ըլլան։

2 Իրապէս, Եհովայի դատաստանի օրուընէ ողջ դուրս գալը շատ արտակարգ բան մըն է, քանի որ Աստուծոյ մարգարէներէն մէկը այդ օրը այսպէս նկարագրեց. «Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։ Անիկա աւլող մրրիկ է, ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ»։ (Երեմեայ 30։23, 24) Շատ ստիպողական է քայլեր առնել, այդ փոթորիկէն վերապրելու համար։—Առակաց 2։22. Եսայեայ 55։6, 7. Սոփոնեայ 2։2, 3

Չորս Հովերը

3. (ա) Յովհաննէս՝ հրեշտակներուն կողմէ կատարուած ի՞նչ մասնայատուկ ծառայութիւն կը տեսնէ։ (բ) «Չորս հովերը» ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

3 Եհովա իր սաստիկ բարկութիւնը թափելէ առաջ, երկնային հրեշտակները մասնաւոր ծառայութիւն մը կը կատարեն։ Արդ, Յովհաննէս տեսիլքին մէջ ասիկա կը տեսնէ. «Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ»։ (Յայտնութիւն 7։1) Ասիկա ներկայիս ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։ Այս «չորս հովերը» վառ կերպով կը խորհրդանշեն այն կործանարար դատաստանը, որ երկրային ամբարիշտ ընկերութեան անհանդարտ «ծով»ու նմանող անօրէն մարդկութեան, եւ երկրի ժողովուրդներէն օգնութիւն եւ ոյժ ստացող ծառանման կառավարիչներու վրայ արձակուելու վրայ է։—Եսայեայ 57։20. Սաղմոս 37։35, 36

4. (ա) Չորս հրեշտակները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ (բ) Երբ չորս հովերը արձակուին, Սատանայի երկրային կազմակերպութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան։

4 Անկասկած այս չորս հրեշտակները կը ներկայացնեն հրեշտակային չորս խումբեր, զորս Եհովա կը գործածէ, որպէսզի դատաստանի գործադրումը ետ պահէ մինչեւ որոշուած ժամանակը։ Երբ հրեշտակները ձգեն որ Աստուծոյ բարկութեան հովերը փչեն հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն, կործանումը ահաւոր պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի նմանի՝ բայց աւելի ապշեցուցիչ տարողութեամբ՝ վաղեմի Եղամացիները ցրուելու, կոտորելու եւ ոչնչացնելու համար Եհովայի գործածած հովին։ (Երեմեայ 49։36-38) Անիկա հսկայական մրրիկ մը պիտի ըլլայ, Ամմոնի ազգը բնաջնջելու համար Եհովայի հանած «փոթորիկ»էն շատ աւելի կործանարար։ (Ամովսայ 1։13-15) Երկրի վրայ Սատանայի կազմակերպութեան ո՛չ մէկ մասը պիտի կարենայ կայնիլ Եհովայի սրտմտութեան օրը, երբ ան յաւիտեան իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։—Սաղմոս 83։15, 18. Եսայեայ 29։5, 6

5. Երեմիայի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Աստուծոյ դատաստանները համայն երկիրը պիտի պարփակեն։

5 Կրնա՞նք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ դատաստանները համայն երկրի վրայ քայքայում պիտի բերեն։ Դարձեալ ականջ տուէք իր Երեմիա մարգարէին. «Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։ Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին»։ (Երեմեայ 25։32, 33) Այս մրրկալից փոթորիկի ընթացքին է որ խաւարը պիտի պատէ այս աշխարհը։ Զայն կառավարող գործակալութիւնները պիտի ցնցուին, մոռացութեան պիտի մատնուին։ (Յայտնութիւն 6։12-14) Բայց ամէն անհատի համար ապագան մութ պիտի չըլլայ։ Ուստի, որո՞նց սիրոյն չորս հովերը ետ կը պահուին։

Աստուծոյ Ծառաներուն Կնքումը

6. Ո՞վ հրեշտակներուն կ’ըսէ որ չորս հովերը բռնեն, եւ ասիկա ի՞նչ բանի ժամանակ կը ձգէ։

6 Յովհաննէս կը շարունակէ նկարագրել թէ կարգ մը անհատներ ի՛նչպէս վերապրումի դրոշմը պիտի ստանան, ըսելով. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու ու ըսաւ. ‘Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք’»։—Յայտնութիւն 7։2, 3

7. Հինգերորդ հրեշտակը իրապէս ո՞վ է, եւ ո՞ր իրողութիւնները մեզի կ’օգնեն որ իր ինքնութիւնը բնորոշենք։

7 Թէեւ այս հինգերորդ հրեշտակին անունը տրուած չէ, բայց ամէն բան կը փաստէ որ անիկա փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը ըլլալու է։ Յիսուս հրեշտակապետի հանգամանք ունենալով, հոս ցոյց կը տրուի որպէս միւս հրեշտակներուն վրայ հեղինակութիւն ունեցող մը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Յուդա 9) Ան արեւելքէն կ’ելլէ «արեւելքի թագաւորներուն»՝ Եհովայի ու իր Քրիստոսին պէս, որոնք դատաստանի համար կու գան, վաղեմի Բաբելոնը խոնարհեցնող Դարեհ եւ Կիւրոս թագաւորներուն նման։ (Յայտնութիւն 16։12. Եսայեայ 45։1. Երեմեայ 51։11. Դանիէլ 5։30) Այս հրեշտակը Յիսուսի կը նմանի նաեւ այն բանով որ, օծեալ Քրիստոնեաները կնքելու պատասխանատուութիւնը ունի։ (Եփեսացիս 1։13, 14) Ասկէ զատ, երբ հովերը արձակուին, Յիսուս է որ երկնային բանակները կ’առաջնորդէ, ազգերուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար։ (Յայտնութիւն 19։11-16) Տրամաբանականօրէն ուրեմն, Յիսուս ըլլալու է հրամայողը որ Սատանայի երկրային կազմակերպութեան վրայ կործանումը ետ պահուի, մինչեւ որ Աստուծոյ ծառաները կնքուին։

8. Կնքել ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք եւ անիկա ե՞րբ սկսաւ։

8 Այս կնքուելուն իմաստը ի՞նչ է եւ որո՞նք են Աստուծոյ այս ծառաները։ Կնքուիլը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Հրէութենէ եկած առաջին Քրիստոնեաները սուրբ հոգիով օծուեցան։ Հետագային, Աստուած ‘հեթանոսներէն’ ալ անհատներ կանչեց ու զանոնք օծեց։ (Հռովմայեցիս 3։29. Գործք 2։1-4, 14, 32, 33. 15։14) Պօղոս առաքեալ գրեց որ օծեալ Քրիստոնեաները երաշխաւորութիւն ունին որ իրենք ‘Քրիստոսին կը պատկանին’, եւ աւելցուց որ Աստուած «մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22ՆԱ. համեմատել՝ Յայտնութիւն 14։1) Այս կերպով, երբ այս ծառաները որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ որդեգրուին, անոնք սկիզբէն իրենց երկնային ժառանգութեան գրաւականը՝ կնիքը կամ երաշխաւորութիւնը՝ կը ստանան։ (Բ. Կորնթացիս 5։1, 5. Եփեսացիս 1։10, 11) Այդ պարագային կրնան ըսել. «Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։—Հռովմայեցիս 8։15-17

9. (ա) Աստուծոյ հոգիէն ծնած որդիներուն մնացորդէն ի՞նչ համբերութիւն կը պահանջուի։ (բ) Օծեալներուն փորձութիւնը ո՞րքան պիտի շարունակուի։

9 «Իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք». ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կենաց պսակը ստանալու համար, օծեալ Քրիստոնեաները պէտք է համբերեն, մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով։ (Յայտնութիւն 2։10) Հարցը՝ ‘Մէկ անգամ փրկուած՝ ընդմիշտ փրկուած’ չէ։ (Մատթէոս 10։22. Ղուկաս 13։24) Ընդհակառակը, անոնք խրատուած են. «Աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք»։ Պօղոս առաքեալի նման, անոնք ալ վերջապէս կարող պէտք է ըլլան ըսելու. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»։ (Բ. Պետրոս 1։10, 11. Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8) Հետեւաբար, հոս երկրի վրայ Աստուծոյ հոգիէն ծնած որդիներուն մնացորդին փորձուիլը եւ մաղուիլը պէտք է շարունակուի, մինչեւ որ Յիսուս եւ իր ընկերակից հրեշտակները անոնց բոլորին «ճակատները» կնքեն, զանոնք վերջնականապէս եւ անփոփոխելիօրէն բնորոշելով որպէս «մեր Աստուծոյն [փորձուած եւ հաւատարիմ] ծառաներ»ը։ Այդ պարագային, այս կնիքը անջնջելի նշան մը կ’ըլլայ։ Բացայայտօրէն, երբ նեղութեան չորս հովերը արձակուին, հոգեւոր Իսրայէլի բոլոր անդամները վերջնականապէս կնքուած պիտի ըլլան, թէեւ անոնցմէ ոմանք տակաւին մարմնապէս երկրի վրայ պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 24։13. Յայտնութիւն 19։7) Անոնց թիւը ամբողջացած պիտի ըլլայ։—Հռովմայեցիս 11։25, 26

Քանի՞ Հոգի կը Կնքուի

10. (ա) Ո՞ր համարները ցոյց կու տան որ կնքուածներուն թիւը սահմանափակ է։ (բ) Կնքուածներուն ընդհանուր համրանքը ի՞նչ է եւ անոնց շարքաւորումը ի՞նչպէս եղած է։

10 Այս կնքուող անհատներուն Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ (Ղուկաս 12։32) Ուրիշ համարներ, ինչպէս՝ Յայտնութիւն 6։11–ը (Անթիլիաս) եւ Հռովմայեցիս 11։25–ը ցոյց կու տան որ այս պզտիկ հօտին թիւը արդարեւ սահմանափակ է, եւ՝ նախասահմանուած։ Յովհաննէսի յաջորդ խօսքերը կը հաստատեն ասիկա. «Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։ Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած»։—Յայտնութիւն 7։4-8

11. (ա) 12 ցեղերուն մասին եղած ակնարկութիւնը ինչո՞ւ կարելի չէ կիրարկել բառացի, մարմնաւոր Իսրայէլի։ (բ) Յայտնութիւնը ինչո՞ւ 12 ցեղերը կը թուէ։ (գ) Ինչո՞ւ Աստուծոյ Իսրայէլի մէջ միայն բացարձակապէս թագաւորական կամ քահանայական ցեղ չկայ։

11 Ասիկա բառացի, մարմնաւոր Իսրայէլին չ’ա՞կնարկեր։ Ո՛չ, քանի որ Յայտնութիւն 7։4-8–ի մէջ, Իսրայէլի ցեղերուն շարքաւորումը սովորական ցանկէն տարբեր է։ (Թուոց 1։17, 47) Բացայայտօրէն, հոս տրուած ցանկին նպատակը չէ մարմնաւոր Հրեաներուն ցեղերը թուել, այլ ցոյց տալ հոգեւոր Իսրայէլի կազմակերպչական կառոյցին հետ անոր նմանութիւնը, հաւասարակշռուած ըլլալը։ Այս նոր ազգը ճիշդ 144,000 անդամներ պիտի ունենար. 12 ցեղերէն ամէն մէկէն 12,000։ Աստուծոյ Իսրայէլի ցեղերէն ո՛չ մէկը բացարձակապէս թագաւորական կամ քահանայական ցեղ մըն է։ Ամբողջ ազգը որպէս թագաւորներ պիտի իշխէր եւ ամբողջ ազգը որպէս քահանաներ պիտի ծառայէր։—Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 20։4, 6

12. Ինչո՞ւ յարմար է որ 24 երէցները Գառնուկին առջեւ երգեն Յայտնութիւն 5։9, 10–ի խօսքերը։

12 Թէեւ հոգեւոր Իսրայէլի անդամներ ընտրուելու առաջին պատեհութիւնը մարմնաւոր Հրեաներուն ու Հրեայ նորադարձներուն տրուեցաւ, բայց այդ ազգէն միայն քիչեր ընդառաջեցին։ Ուստի, Եհովա հրաւէրը երկարեց Հեթանոսներուն։ (Յովհաննու 1։10-13. Գործք 2։4, 7-11. Հռովմայեցիս 11։7) Արդ, Հրեայ չեղողները պիտի կարենային Աստուծոյ սուրբ հոգիով կնքուիլ եւ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին մաս կազմել, որոնք ատեն մը Եփեսացիներուն նման՝ ‘հեռացած էին Իսրայէլի հասարակութենէն’։ (Եփեսացիս 2։11-13. 3։5, 6. Գործք 15։14) Ուստի, շատ տեղին էր որ 24 երէցները Գառնուկին առջեւ երգէին. «Քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։—Յայտնութիւն 5։9, 10

13. Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յակոբոս, ինչո՞ւ կրնար պատշաճօրէն իր նամակը ուղղել ‘ցրուած տասներկու ցեղերուն’։

13 Քրիստոնէական ժողովքը ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ մըն է’։ (Ա. Պետրոս 2։9) Որպէս Աստուծոյ ազգը մարմնաւոր Իսրայէլի տեղը առնելով, անիկա նոր Իսրայէլ մը՝ «իսկական ‘Իսրայէլ’»ը կ’ըլլայ։ (Հռովմայեցիս 9։6-8, ՆԱ. Մատթէոս 21։43) * Այս պատճառով, Յիսուսի կէս–եղբօր՝ Յակոբոսի կողմէ տեղին էր իր նամակը ուղղել ‘տասներկու ցեղերուն, որ ամէն կողմ ցրուած էին’, այսինքն՝ օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած համաշխարհային ժողովքին, որ ի վերջոյ 144,000–ի պիտի հասնէր։—Յակոբու 1։1

Ներկայիս Աստուծոյ Իսրայէլը

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովայի Վկաները հաստատօրէն հաւատացած են որ 144,000–ը հոգեւոր Իսրայէլի բառացի թիւն է։

14 Հետաքրքրական է որ Չարլզ Թ. Ռասըլ անդրադարձաւ թէ 144,000–ը՝ հոգեւոր Իսրայէլը կազմող անհատներու բառացի թիւն է։ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ շարքին մէջ, 1904–ին հրատարակուած Նոր Ստեղծագործութիւնը գրքին, Զ. Հատորին մէջ, ան գրեց. «Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու որ ընտրուածներուն [ընտրուած օծեալներուն] որոշուած թիւը մի քանի անգամ նշուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ (7։4. 14։1). այսինքն ‘մարդոց մէջէն գնուած’ 144,000 հոգի»։ 1930–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ հրատարակուած՝ Լոյս, Հատոր Մէկին մէջ դարձեալ ըսուած էր. «Քրիստոսի մարմնին 144,000 անդամները . . . ցոյց տրուած են որպէս ընտրուած, օծուած կամ կնքուածներու խումբ մը»։ Եհովայի Վկաները հաստատօրէն կառչած են այն տեսակէտին թէ բառացիօրէն 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներ կը կազմեն հոգեւոր Իսրայէլը։

15. Տէրունական օրուընէ ճիշդ առաջ, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտները խորհեցան որ մարմնաւոր Հրեաները ի՞նչ պիտի վայելէին ազգերուն ժամանակները վերջանալէ յետոյ։

15 Այսուհանդերձ, մարմնաւոր Իսրայէլը ներկայիս որոշ չափով մասնայատուկ բարեհաճութեան արժանի չէ՞։ Տէրունական օրուընէ ճիշդ առաջ, երբ Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտները Աստուծոյ Խօսքին շատ մը հիմնական ճշմարտութիւնները դարձեալ երեւան կը հանէին, կը կարծուէր որ ազգերուն ժամանակներուն վերջաւորութեան, Հրեաները անգամ մը եւս Աստուծոյ առջեւ առանձնաշնորհեալ դիրքի պիտի արժանանային։ Անոր համար 1889–ին հրատարակուած Չ. Թ. Ռասըլի՝ Ժամանակը Մօտ Է գիրքը (Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ, Հատոր Բ.), Երեմեայ 31։29-34–ը կիրարկեց մարմնաւոր Հրեաներուն, ըսելով. «Աշխարհը վկայ է այն իրողութեան թէ Հեթանոսներուն տիրապետութեան ներքեւ Իսրայէլի պատիժը շարունակուած է Ք.Ա. [607]–էն սկսեալ, եւ պատճառ չկայ ակնկալելու որ անոնց ազգային վերակազմութիւնը Ք.Թ. 1914–էն առաջ ըլլայ, երբ իրենց ‘եօթը ժամանակները’՝ 2,520 տարիները պիտի վերջանան»։ Ըստ երեւոյթին, Հրեաները այդ ատեն ազգային վերահաստատում մը պիտի ունենային եւ այս ակնկալութիւնը աւելի պայծառացաւ 1917–ին, երբ Պալֆորի Ծանուցումը երաշխաւորեց որ Բրիտանիան թիկունք պիտի կանգնի Պաղեստինը Հրեաներուն ազգային հայրենիքը դարձնելու մէջ։

16. Եհովայի Վկաները ի՞նչ ջանք թափեցին, քրիստոնէական պատգամով մարմնաւոր Հրեաներուն հասնելու համար, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

16 Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, Պաղեստինը Մեծն Բրիտանիոյ հովանաւորութեան ներքեւ եղող հողամաս մը եղաւ եւ բազմաթիւ Հրեաներու առջեւ դուռ բացուեցաւ որ իրենց երկիրը վերադառնան։ 1948–ին, Իսրայէլի քաղաքական Պետութիւնը յառաջ եկաւ։ Ասիկա չէ՞ր մատնանշեր որ Հրեաները աստուածային օրհնութեան արժանանալու որակեալ էին։ Տարիներէ ի վեր, Եհովայի Վկաները կը հաւատային որ այս էր պարագան։ Անոր համար, 1925–ին, 128 էջնոց Մխիթարութիւն՝ Հրեաներուն Համար գիրքը հրատարակեցին։ 1929–ին, անոնք 360 էջնոց գրաւիչ գիրք մը հրատարակեցին, Կեանք, որ Հրեաներուն ուղղուած էր եւ Աստուածաշունչի Յոբի գիրքն ալ կը քննարկէր։ Մեծ ջանքեր թափուեցան, մանաւանդ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, Մեսիական այս պատգամը Հրեաներուն հասցնելու համար։ Բարեբախտաբար, կարգ մը անհատներ ընդառաջեցին, սակայն ընդհանուր առմամբ, Հրեաները իրենց առաջին դարու նախահայրերուն նման, Մեսիական ներկայութեան իրողութիւնը մերժեցին։

17, 18. Երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ հասկցան նոր ուխտին եւ Աստուածաշունչի վերահաստատման մարգարէութիւններուն մասին։

17 Բացայայտ էր որ Հրէութիւնը, որպէս ժողովուրդ ու ազգ, Յայտնութիւն 7։4-8–ի, կամ տէրունական օրուան առնչուած ուրիշ մարգարէութիւններու մէջ նկարագրուած Իսրայէլը չէր։ Աւանդութեան հետեւելով, Հրեաները շարունակեցին Աստուծոյ անունը գործածելէն ետ կենալ։ (Մատթէոս 15։1-3, 7-9) Երեմեայ 31։31-34–ի մասին խօսելով, 1934–ին, Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած Եհովա խորագրով գիրքը վճռականօրէն նշեց. «Նոր ուխտը Իսրայէլի մարմնաւոր սերունդին եւ ընդհանուր մարդկութեան հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի, այլ, . . . միայն հոգեւոր Իսրայէլի սահմանուած է»։ Աստուածաշունչի վերահաստատման մարգարէութիւնները ո՛չ մէկ կապ ունին մարմնաւոր Հրեաներու կամ քաղաքական Իսրայէլի հետ, որ Միացեալ Ազգերու անդամ մըն է եւ Յովհաննու 14։19, 30 եւ 18։36–ի մէջ Յիսուսի նշած աշխարհին մէկ մասն է։

18 1931–ին, երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաները մեծ ուրախութեամբ որդեգրեցին Եհովայի Վկաներ անունը։ Անոնք սրտանց կրնային մասնակցիլ Սաղմոս 97։11–ի խօսքերուն. «Արդարին համար լոյս ծագեցաւ եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն»։ Անոնք յստակօրէն կրցան ըմբռնել որ միայն հոգեւոր Իսրայէլն էր որ նոր ուխտին մէջ բերուած էր։ (Եբրայեցիս 9։15. 12։22, 24) Ո՛չ անտարբեր Իսրայէլը անոր մէջ բաժին ունէր, ո՛չ ալ ընդհանուր մարդկութիւնը։ Այս հասկացողութիւնը աստուածային լոյսը շողալուն նպաստեց, ինչ որ շատ ուշագրաւ եղաւ աստուածպետական պատմութեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Ասիկա ցոյց տուաւ թէ Եհովա ո՛ր աստիճան իրեն մօտեցող անհատներուն իր ողորմութիւնը, քաղցրութիւնը եւ ճշմարտութիւնը կը մատուցանէ։ (Ելից 34։6. Յակոբու 4։8) Այո, Աստուծոյ Իսրայէլէն զատ ուրիշներ ալ պիտի օգտուէին, հրեշտակներու կողմէ կործանումի չորս հովերուն ետ պահուելէն։ Ասոնք որո՞նք են. դուք ալ անոնցմէ մէկը կրնա՞ք ըլլալ։ Տեսնե՛նք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Տեղին ըլլալով Իսրայէլ անունը կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ Հետ Մարտնչող»։—Ծննդոց 32։28, ստորանիշ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 114]

[Նկարներ՝ էջ 116, 117]

Աստուծոյ իրական Իսրայէլի ընդհանուր ընտրութիւնը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1935, երբ Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ Եհովայի Վկաներու պատմական համաժողովին, ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ երկրային ակնկալութիւն ունեցող մեծ բազմութեան հաւաքումին վրայ (Յայտնութիւն 7։9)