Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ բարկութիւնը կ’աւարտի

Աստուծոյ բարկութիւնը կ’աւարտի

Գլուխ 32

Աստուծոյ բարկութիւնը կ’աւարտի

1. Երբ եօթը սկաւառակները ամբողջովին պարպուին, ի՞նչ տեղի ունեցած պիտի ըլլայ, եւ հիմա սկաւառակներուն մասին ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ արդէն ներկայացուց եօթը սկաւառակները թափելու յանձնարարութիւն ստացած հրեշտակները։ Ան մեզի կ’ըսէ որ անոնք «վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր [«աւարտէր», Անթիլիաս] Աստուծոյ բարկութիւնը»։ (Յայտնութիւն 15։1. 16։1) Երկրի վրայ կատարուած ամբարշտութեան համար Եհովայի վճիռները յայտնող այս հարուածները ամբողջութեամբ պէտք է թափուին։ Երբ անոնք վերջանան, Աստուծոյ դատաստանները գործադրուած պիտի ըլլան ու Սատանայի աշխարհը չքացած պիտի ըլլայ։ Այս հարուածները մարդկութեան եւ ներկայ ամբարիշտ դրութեան կառավարիչներուն համար ի՞նչ կը գուժեն։ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան խնայուիլ այս դատապարտուած աշխարհին հետ հարուածուելէ։ Ասոնք կենսական հարցումներ են, որոնց պատասխանները հիմա պիտի ստանանք։ Բոլոր անոնք որոնք կը տենչան տեսնել արդարութեան յաղթանակը, մեծապէս հետաքրքրուած պիտի ըլլան Յովհաննէսի յաջորդ տեսածով։

«Երկրի» Դէմ Եհովայի Բարկութիւնը

2. Երբ առաջին հրեշտակը իր սկաւառակը երկրի վրայ կը թափէ, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ, եւ ‘երկիրը’ ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

2 Առաջին հրեշտակը գործի կը լծուի։ «Առաջին հրեշտակը գնաց ու իր սկաւառակը երկրի վրայ թափեց ու չարաչար [«գէշ եւ մորմոքող», Անթիլիաս] պալարներ ելան այն մարդոց վրայ, որոնք գազանին դրոշմը ունէին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընէին»։ (Յայտնութիւն 16։2) Ինչպէս առաջին փողին պարագային, հոս ալ ‘երկիրը’ կը խորհրդանշէ կայուն երեւցող քաղաքական դրութիւնը, զոր Սատանան հոս երկրի վրայ սկսած է կերտել Նեբրովթի ժամանակ, աւելի քան 4,000 տարի առաջ։—Յայտնութիւն 8։7

3. (ա) Շատ մը կառավարութիւններ ի՞նչպէս պաշտամունքի համահաւասար հպատակութիւն պահանջած են իրենց հպատակներէն։ (բ) Ազգերը ի՞նչ յառաջ բերած են որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան փոխանորդը, եւ զայն պաշտողներուն վրայ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է։

3 Այս վերջին օրերուն, բազմաթիւ կառավարութիւններ իրենց հպատակներէն պաշտամունքի համահաւասար հպատակութիւն կը պահանջեն, պնդելով որ Պետութիւնը՝ Աստուծմէ եւ ուրիշ բաներու հանդէպ հաւատարմութենէն բարձր պէտք է դասուի։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. համեմատել՝ Ղուկաս 20։25. Յովհաննու 19։15) 1914–էն ի վեր ազգերուն համար սովորական եղած է իրենց երիտասարդները զինուորագրել, որպէսզի կռուին կամ պատրաստուին այնպիսի ամբողջական պատերազմներու համար, որոնք արդի պատմութեան էջերը արիւնով ներկած են։ Տէրունական օրուան ընթացքին, ազգերը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փոխարինած են գազանին պատկերով՝ Ազգերու Դաշնակցութիւնով եւ անոր յաջորդը եղող Միացեալ Ազգերով։ Ի՜նչ մեծ հայհոյութիւն է, այս մարդակերտ կազմակերպութիւնը կոչել խաղաղութեան համար ազգերուն միա՛կ յոյսը, ինչպէս վերջին պապերէն ոմանք ըրած են։ Անիկա Աստուծոյ Թագաւորութեան թունդ հակառակորդ մըն է։ Զայն պաշտողները հոգեւորապէս անմաքուր կ’ըլլան, ու պալարներով կը ծածկուին, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի օրերուն Եհովայի հակառակող Եգիպտացիները բառացի վէրքերով ու պալարներով հարուածուեցան։—Ելից 9։10, 11

4. (ա) Աստուծոյ բարկութեան առաջին սկաւառակին պարունակութիւնը ուժգին կերպով ի՞նչ կը շեշտէ։ (բ) Եհովան ի՞նչպէս կը նկատէ գազանին դրոշմը ընդունողները։

4 Այս սկաւառակին պարունակութիւնը զօրաւոր կերպով կը շեշտէ մարդոց դիմաց եղող ընտրութիւնը. կա՛մ աշխարհի տհաճութենէն տառապիլ եւ կամ Եհովայի բարկութենէն։ Մարդոց վրայ ճնշում կը բանեցուի, որպէսզի գազանին դրոշմը ընդունին, որպէսզի «մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը»։ (Յայտնութիւն 13։16, 17) Բայց ասոր համար գին մը պէտք է վճարուի։ Եհովա այս դրոշմը ընդունողները կը նկատէ որպէս «չարաչար պալարներ»ով զարնուածներ։ 1922–էն ի վեր, անոնք հանրապէս դրոշմը ստացած են, որպէս կենդանի Աստուածը մերժողներ։ Անոնց քաղաքական ծրագիրները յաջողութիւն չեն գտներ ու ապշութեամբ զարնուած են։ Անոնք հոգեւորապէս անմաքուր են։ Եթէ չզղջան, այս «գէշ» հիւանդութիւնը մահաբեր պիտի ըլլայ, քանի որ Եհովայի վրէժխնդրութեան օրը մօտ է։ Չէզոք դիրք մը չկայ. կա՛մ այս աշխարհի իրերու դրութեան մէկ մասն ենք եւ կամ Քրիստոսի կողքին Եհովայի կը ծառայենք։—Ղուկաս 11։23. համեմատել՝ Յակոբու 4։4

Ծովը Արիւն կը Դառնայ

5. (ա) Երբ երկրորդ սկաւառակը կը թափուի, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ այլաբանական ծովուն մէջ բնակողները։

5 Արդ, Աստուծոյ բարկութեան երկրորդ սկաւառակը պէտք է թափուի։ Ատիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ մարդկութեան համար։ Յովհաննէս կ’ըսէ մեզի. «Երկրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ծովուն վրայ թափեց ու ջուրերը մեռած մարդու արիւն դարձան եւ ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան»։ (Յայտնութիւն 16։3) Ինչպէս երկրորդ փողին հնչուիլը, այս սկաւառակն ալ ուղղուած է «ծովուն»՝ Եհովայէ հեռացած, ալեկոծ ու ըմբոստ մարդկային զանգուածին դէմ։ (Եսայեայ 57։20, 21. Յայտնութիւն 8։8, 9) Եհովայի աչքին, այս «ծով»ը արեան նման է. ոեւէ արարած չի կրնար ապրիլ անոր մէջ։ Անոր համար Քրիստոնեաները այս աշխարհին մէկ մասը պէտք չէ ըլլան։ (Յովհաննու 17։14) Աստուծոյ բարկութեան երկրորդ սկաւառակին թափուիլը կը յայտնէ որ այս ծովուն մէջ բնակող բոլոր մարդկութիւնը մեռած է Եհովայի աչքին։ Հաւաքական պատասխանատուութեան հիման վրայ, մարդկութիւնը անմեղ արիւն թափած ըլլալու մեծ յանցապարտութեան ներքեւ է։ Երբ Եհովայի բարկութեան օրը հասնի, անոնք բառացիօրէն պիտի մեռնին իր դահիճներուն ձեռքով։—Յայտնութիւն 19։17, 18. համեմատել՝ Եփեսացիս 2։1. Կողոսացիս 2։13

Անոնց Արիւն կը Տրուի որ Խմեն

6. Երբ երրորդ սկաւառակը կը թափուի, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, եւ հրեշտակէ մը ու սեղանէն ի՞նչ խօսքեր կը լսուին։

6 Աստուծոյ բարկութեան երրորդ սկաւառակը, երրորդ փողին հնչուելուն նման, անոյշ ջուրերու աղբիւրներուն կ’ազդէ։ «Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։ Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. ‘Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր. վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են’։ Եւ սեղանէն լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են’»։—Յայտնութիւն 16։4-7

7. Ի՞նչ կը պատկերացնեն ‘գետերն ու ջուրերուն աղբիւրները’։

7 Այս ‘գետերը ու ջուրերու աղբիւրները’ կը պատկերացնեն այս աշխարհի կողմէ ընդունելի եղող առաջնորդութեան եւ իմաստութեան այդպէս կոչուած անոյշ ջուրի աղբիւրները, այսինքն, քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, ընկերային, եւ կրօնական փիլիսոփայութիւնները, որոնք մարդոց արարքներուն ու որոշումներուն ուղղութիւն կու տան։ Փոխանակ կենսատու ճշմարտութեան համար Եհովայի՝ կեանքի Աղբիւրին նայելու, մարդիկ իրենց համար ‘ծակոտ գուբեր փորած’ են, եւ անյագօրէն խմած են «այս աշխարհի իմաստութիւնը [որ] Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։—Երեմեայ 2։13. Ա. Կորնթացիս 1։19. 2։6. 3։19. Սաղմոս 36։9

8. Մարդկութիւնը ի՞նչ կերպերով արիւնապարտ եղած է։

8 Այսպիսի ապականած «ջուրեր» մարդիկը արիւնապարտութեան առաջնորդած են։ Օրինակ, անոնք զիրենք քաջալերած են որ պատերազմներուն մէջ հսկայական տարողութեամբ արիւն հոսեցնեն. միայն անցեալ դարուն՝ աւելի քան հարիւր միլիոն հոգի սպաննուեցան։ Մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, ուր երկու համաշխարհային պատերազմները պայթած են, մարդիկ ‘անմեղ արիւն թափելու արտորացած են’, անոնց խառնելով նաեւ Աստուծոյ վկաներուն արիւնը։ (Եսայեայ 59։7. Երեմեայ 2։34) Մարդկութիւնը նաեւ արիւնապարտ եղած է, ներարկումի համար հսկայական քանակութեամբ արիւն գործածելով՝ Եհովայի արդար օրէնքը բեկանելով։ (Ծննդոց 9։3-5. Ղեւտացւոց 17։14. Գործք 15։28, 29) Որպէս հետեւանք, անոնք արդէն վիշտ հնձած են, արեան ներարկման միջոցաւ ԷՅՏԾ–ի, լերդատապի եւ ուրիշ հիւանդութիւններու ուռճացումով։ Այս բոլոր արիւնապարտութիւններուն համար անոնք լման հատուցում պիտի ստանան մօտ ատենէն, երբ յանցապարտները վերջնական պատիժը ստանան, «Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ» կոխուելով։—Յայտնութիւն 14։19, 20

9. Երրորդ սկաւառակին թափուիլը ի՞նչ կը բովանդակէ։

9 Մովսէսի օրերուն, երբ Նեղոս Գետը արիւնի վերածուեցաւ, Եգիպտացիները կրցան ողջ մնալ, ջուրի ուրիշ աղբիւրներ փնտռելով։ (Ելից 7։24) Սակայն ներկայիս, երբ հոգեւոր պատուհասը կը հարուածէ, Սատանայի աշխարհին մէջ ուրիշ որեւէ տեղ մարդիկ չեն կրնար կենարար ջուր գտնել։ Այս երրորդ սկաւառակին թափուիլը կը պարունակէ ծանուցում մը թէ ‘գետերը ու ջուրերուն աղբիւրները’ արեան նման են, անոնք որ անկէ կը խմեն՝ հոգեւորապէս կը մեռնին։ Եթէ մարդիկ Եհովայի չդառնան, իր դատապարտութիւնը պիտի հնձեն։—Համեմատել՝ Եզեկիէլ 33։11

10. «Ջուրերուն հրեշտակ»ը ի՞նչ կը յայտնէ, եւ «սեղան»ը ի՞նչ վկայութիւն կ’աւելցնէ։

10 «Ջուրերուն հրեշտակ»ը, այսինքն, ջուրերուն վրայ այս սկաւառակը թափող հրեշտակը Եհովան կը մեծարէ որպէս Տիեզերքի Դատաւոր, որու արդար վճիռները անփոփոխելի են։ Հետեւաբար, ան այս դատաստանին մասին կ’ըսէ որ անոնք «արժանի են»։ Անկասկած, հրեշտակը անձամբ ականատես եղած է հազարաւոր տարիներէ գոյատեւող արիւնահեղութեան եւ անգթութեան, որոնք հրահրուած են այս աշխարհի սուտ ուսուցումներուն ու փիլիսոփայութիւններուն միջոցաւ։ Հետեւաբար, ան գիտէ թէ Եհովայի դատավճիռը արդար է։ Նոյնիսկ Աստուծոյ «սեղանը» կ’արտայայտուի։ Յայտնութիւն 6։9, 10–ի մէջ, ըսուած է որ նահատակուածներուն հոգիները այդ սեղանին ներքեւ են։ Ուստի, «սեղան»ը զօրաւոր կերպով կը վկայէ որ Եհովայի վճիռները արդար են։ * Շատ տեղին է որ արիւն թափողներուն եւ արիւնը սխալ կերպով գործածողներուն պարտադրուի որ արիւն խմեն, Եհովայի կողմէ անոնց մահուան դատապարտուած ըլլալը խորհրդանշելու համար։

Մարդիկ Կրակով Խորշակահար կ’Ըլլան

11. Աստուծոյ բարկութեան չորրորդ սկաւառակը ի՞նչ ունի որպէս թիրախ, իսկ երբ անիկա թափուի, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

11 Աստուծոյ բարկութեան չորրորդ սկաւառակը որպէս թիրախ ունի արեւը։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Չորրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը արեւին վրայ թափեց։ Անոր զօրութիւն տրուեցաւ որ խորշակահար ընէ մարդիկը կրակով։ Եւ սաստիկ տաքէն խորշակահար եղան մարդիկ եւ հայհոյեցին Աստուծոյ անուան, որ այս հարուածներուն վրայ իշխանութիւն ունի ու չապաշխարեցին, որ անոր փառք տան»։—Յայտնութիւն 16։8, 9

12. Այս աշխարհի «արեւ»ը ի՞նչ է, եւ այս այլաբանական արեւին ի՞նչ շնորհուած է։

12 Ներկայիս, իրերու դրութեան վախճանին, Յիսուսի հոգեւոր եղբայրները «արեւի պէս [կը] փայլին . . . իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ»։ (Մատթէոս 13։40, 43) Յիսուս ինք «արդարութեան արեգակ»ն է։ (Մաղաքեայ 4։2) Սակայն մարդկութիւնը ունի իր «արեւ»ը՝ իր կառավարիչները, որոնք կը ջանան փայլիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան ընդդէմ։ Չորրորդ փողին հնչուիլը կը ծանուցանէր որ Քրիստոնեայ Աշխարհի երկնքին վրայ գտնուող ‘արեւը, լուսինը եւ աստղերը’ ոչ թէ լոյսի, այլ խաւարի աղբիւրներ են։ (Յայտնութիւն 8։12) Արդ, Աստուծոյ բարկութեան չորրորդ սկաւառակը ցոյց կու տայ որ աշխարհի «արեւ»ը անտանելիօրէն պիտի տաքնայ։ Արեւու նման առաջնորդներ թուողները մարդկութիւնը «խորշակահար» պիտի ընեն։ Ասիկա պիտի շնորհուի այլաբանական արեւուն։ Ուրիշ խօսքով, Եհովա ասիկա պիտի թոյլատրէ, որպէս մարդկութեան վրայ իր կրակոտ դատաստանին մէկ մասը։ Այս խորշակահարումը ի՞նչ կերպով տեղի ունեցած է։

13. Այս աշխարհի արեւանման կառավարիչները ի՞նչ կերպով «խորշակահար» ըրած են մարդկութիւնը։

13 Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, այս աշխարհի կառավարիչները Ազգերու Դաշնակցութիւնը կազմեցին, համաշխարհային ապահովութեան հարցը լուծելու համար, բայց անիկա ձախողեցաւ։ Ուստի, իշխանութեան ուրիշ կերպերու դիմեցին, ինչպէս՝ Ֆաշիզմը եւ Նացիականութիւնը։ Համայնավարութիւնը շարունակեց գետին գտնել։ Փոխանակ մարդոց վիճակը բարելաւելու, այս համակարգերուն պատկանող արեւանման կառավարիչները սկսան ‘սաստիկ տաքէն խորշակահար ընել’ զանոնք։ Սպանիայի, Եթովպիայի եւ Մանչուրիայի պատերազմները երկրորդ համաշխարհային պատերազմին առաջնորդեցին։ Արդի պատմութիւնը կը տեղեկագրէ որ Մուսոլինին, Հիթլերը եւ Սթալինը որպէս բռնապետեր ուղղակի թէ անուղղակիօրէն պատասխանատու եղան տասնեակ միլիոնաւորներու, նոյնիսկ իրենց ազգակիցներէն շատերուն, մահուան։ Աւելի վերջերս, միջազգային կամ քաղաքացիական պայքարները «խորշակահար» ըրին մարդիկը, Վիեթնամի, Գամպոտիայի, Իրանի, Լիբանանի, Իրլանտայի, ինչպէս նաեւ Լատին Ամերիկայի ու Ափրիկէի շատ մը երկիրներուն մէջ։ Ասոր վրայ աւելցուցէք գերուժերու միջեւ մղուած պայքարը, որոնց սարսափազդու կորիզային զէնքերը ամբողջ մարդկութիւնը կրնան մոխիրի վերածել։ Այս վերջին օրերուն, մարդկութիւնը արդարեւ ենթարկուած է խորշակահար ընող «արեւ»ու՝ անիրաւ կառավարիչներու։ Աստուծոյ բարկութեան չորրորդ սկաւառակին թափուիլը այս պատմական իրողութիւնները ճշգրտօրէն երեւան հանած է եւ Աստուծոյ ծառաները համայն երկրի վրայ ծանուցանած են զանոնք։

14. Եհովայի Վկաները միշտ ի՞նչ սորվեցուցած են որպէս մարդկութեան խնդիրներուն միակ լուծումը, բայց ընդհանուր մարդկութեան կողմէ ի՞նչպիսի ընդառաջում ստացած են։

14 Եհովայի Վկաները միշտ սորվեցուցած են որ մարդկութեան խառնաշփոթ խնդիրներուն միակ լուծումը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, որու միջոցաւ Եհովա որոշած է իր անունը սրբացնել։ (Սաղմոս 83։4, 17, 18. Մատթէոս 6։9, 10) Բայց մարդկութիւնը, որպէս ամբողջութիւն, ականջ դարձուցած է այս լուծումէն։ Թագաւորութիւնը մերժողներէն շատեր Աստուծոյ անունը կը նախատեն, ինչպէս որ Փարաւոն ըրաւ, երբ մերժեց Եհովայի գերիշխանութիւնը ճանչնալ։ (Ելից 1։8-10. 5։2) Մեսիական Թագաւորութեամբ չհետաքրքրուելով, այս հակառակորդները կը նախընտրեն տառապիլ մարդկային հարստահարիչ իշխանութեան խորշակահար ընող կիզիչ «արեւ»էն։

Գազանին Աթոռը

15. (ա) Հինգերորդ սկաւառակը ի՞նչ բանի վրայ կը թափուի։ (բ) «Գազանին աթոռ»ը ի՞նչ է, եւ անոր վրայ սկաւառակին թափուիլը ի՞նչ կը պարունակէ։

15 Յաջորդ հրեշտակը ի՞նչ բանի վրայ կը թափէ իր սկաւառակը։ «Հինգերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գազանին աթոռին վրայ թափեց»։ (Յայտնութիւն 16։10ա) «Գազան»ը Սատանայի կառավարական դրութիւնն է։ Անիկա բառացի աթոռ մը չունի, ինչպէս որ գազանը բառացի չէ։ Բայց աթոռի մը յիշատակութիւնը ցոյց կու տայ թէ գազանը արքայական հեղինակութիւն բանեցուցած է մարդկութեան վրայ. ասիկա ներդաշնակ է այն իրողութեան հետ թէ գազանին իւրաքանչիւր եղջիւրին վրայ արքայական թագ կայ։ Իրապէս, «գազանին աթոռ»ը այդ հեղինակութեան հիմը կամ աղբիւրն է։ * Աստուածաշունչը գազանին արքայական հեղինակութեան իրական ծագումը կը յայտնէ, երբ կ’ըսէ որ «վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։ (Յայտնութիւն 13։1, 2. Ա. Յովհաննու 5։19) Ուստի գազանին աթոռին վրայ թափուած սկաւառակը ծանուցում մը կը պարունակէ, որ գազանին թիկունք կանգնելու եւ զայն քաջալերելու մէջ Սատանայի խաղցած եւ տակաւին խաղալիք իրական դերը կը յայտնէ։

16. (ա) Ազգերը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար որո՞ւ կը ծառայեն. բացատրեցէք։ (բ) Աշխարհը ի՞նչպէս Սատանայի անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնէ։ (գ) Գազանին աթոռը ե՞րբ պիտի տապալի։

16 Սատանայի եւ ազգերուն միջեւ այս յարաբերութիւնը ի՞նչպէս կը պահուի։ Երբ Սատանան փորձեց Յիսուսը, տեսիլքով մը անոր ցոյց տուաւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ անոր հրամցուց «այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը»։ Բայց պայման մը կար. Յիսուս նախ Սատանայի առջեւ երկրպագութիւն պէտք էր ընէր։ (Ղուկաս 4։5-7) Կրնա՞նք խորհիլ որ աշխարհի կառավարութիւնները նուազ գին մը կը վճարեն իրենց ստացած հեղինակութեան համար։ Անշուշտ որ ոչ։ Աստուածաշունչի համաձայն, իրերու այս դրութեան աստուածը Սատանան է, ուստի, ազգերը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, իրեն է որ կը ծառայեն։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) * Ներկայ աշխարհի դրութեան կառոյցը, որ նեղմիտ ազգայնականութեան, ատելութեան եւ եսապաշտութեան վրայ կերտուած է, կը բացայայտէ ասիկա։ Անիկա Սատանայի ուզած կերպով կազմակերպուած է, որպէսզի մարդկութիւնը իր հսկողութեան ներքեւ պահէ։ Կառավարութեան մէջ ապականութիւնը, հեղինակութեան պապակը, սուտ զրոյց դիւանագիտութիւնը, զինամրցակցութիւնը, այս բոլորը Սատանայի ստորին անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Աշխարհը Սատանայի անիրաւ չափանիշներուն կ’ենթարկուի, զինք իր աստուածը դարձնելով։ Գազանին աթոռը պիտի տապալի, երբ գազանը բնաջնջուի եւ Աստուծոյ կնոջ Սերունդը վերջապէս Սատանան անդունդը ձգէ։—Ծննդոց 3։15. Յայտնութիւն 19։20, 21. 20։1-3

Խաւարը եւ Անոնց Կրծող Ցաւը

17. (ա) Հինգերորդ սկաւառակին թափուիլը ի՞նչ կապակցութիւն ունի գազանին մշտատեւ հոգեւոր խաւարով ծածկուած թագաւորութեան հետ։ (բ) Աստուծոյ բարկութեան հինգերորդ սկաւառակին թափուելէն ետք մարդիկ ի՞նչպէս կը հակազդեն։

17 Այս գազանին թագաւորութիւնը իր ծագումէն իսկ հոգեւոր խաւարի մէջ եղած է։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 8։12. Եփեսացիս 6։11, 12) Հինգերորդ սկաւառակը աւելի ուժգին կերպով հանրութեան կը ծանուցանէ այս խաւարը։ Անիկա անոր լրջութիւնը նոյնիսկ աւելի կը շեշտէ, Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակը այլաբանական գազանին ուղղակի աթոռին վրայ թափելով։ «Ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ։ Մարդիկ ցաւէն լեզունին կը ծամէին ու երկնքի Աստուծոյ հայհոյեցին իրենց ցաւերուն եւ իրենց պալարներուն պատճառով, բայց իրենց գործերէն չապաշխարեցին»։—Յայտնութիւն 16։10բ, 11

18. Ի՞նչ յարակցութիւն կայ հինգերորդ փողին հնչուելուն եւ Աստուծոյ բարկութեան հինգերորդ սկաւառակին միջեւ։

18 Հինգերորդ փողին հնչուիլը ճիշդ Աստուծոյ բարկութեան հինգերորդ սկաւառակին նման չէ, քանի որ փողին հնչուիլը մարախներու պատուհասը կը ծանուցանէր։ Բայց նկատի առէք որ մարախներու յարձակումով, արեւն ու օդը խաւարեցան։ (Յայտնութիւն 9։2-5) Իսկ Ելից 10։14, 15–ի մէջ, հետեւեալը կը կարդանք այն մարախներուն մասին, որոնցմով Եհովա հարուածեց Եգիպտոսը. «Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։ Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ»։ Այո, խաւարեցաւ։ Ներկայիս հինգերորդ փողին հնչուելով եւ Աստուծոյ բարկութեան հինգերորդ սկաւառակին թափուելով, աշխարհի հոգեւոր խաւարը շա՜տ աւելի բացայայտ եղած է։ Արդի մարախներու երամին ծանուցանած խայթիչ պատգամը չարչարանք եւ ցաւ կը պատճառէ ամբարիշտներուն, որոնք «խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին»։—Յովհաննու 3։19

19. Յայտնութիւն 16։10, 11–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, Սատանան իրերու այս դրութեան աստուածը ըլլալը հանրապէս քօղազերծելը ի՞նչ պատճառած է։

19 Որպէս աշխարհի կառավարիչը, Սատանան ինքն է պատճառը այսքան ապերջանկութեան ու տառապանքին։ Սով, պատերազմներ, բռնութիւն, ոճիր, թմրեցուցիչի մոլութիւն, անբարոյութիւն, սեռային գետնի վրայ փոխանցուող հիւանդութիւններ, անպարկեշտութիւն, կրօնական կեղծաւորութիւն. ասոնք եւ ասոնց նման ուրիշներ կը դրոշմեն Սատանայի իրերու դրութիւնը։ (Համեմատել՝ Գաղատացիս 5։19-21) Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Սատանան իրերու այս դրութեան աստուածը ըլլալուն քօղազերծումը ցաւցուցած եւ նեղութիւն պատճառած է անոր չափանիշներով ապրողներուն։ Մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ, ‘մարդիկ ցաւէն իրենց լեզուն կը ծամեն’։ Շատեր կ’ընդվզին որ ճշմարտութիւնը իրենց ապրելակերպը կը մերկացնէ։ Ոմանք ասիկա իրենց դէմ սպառնալիք մը նկատելով զայն հրատարակողները կը հալածեն։ Անոնք կը մերժեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Եհովայի սուրբ անունը կը մրոտեն։ Կրօնական գետնի վրայ անոնց հիւանդոտ, պալարներով զարնուած վիճակը ամենուն յայտնի կը դառնայ, անոր համար երկնքի Աստուծոյ դէմ կը հայհոյեն։ Ո՛չ, անոնք ‘իրենց գործերէն չեն ապաշխարեր’։ Ուստի, մենք չենք ակնկալեր որ իրերու այս դրութեան վախճանը գալէն առաջ ընդհանուր դարձի գալ մը տեղի ունենայ։—Եսայեայ 32։6

Եփրատ Գետը կը Ցամքի

20. Վեցերորդ փողին հնչուիլը եւ վեցերորդ սկաւառակին թափուիլը ի՞նչպէս Եփրատ Գետին հետ առնչութիւն ունին։

20 Վեցերորդ փողին հնչուիլը՝ «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակներ»ուն արձակուիլը կը ծանուցանէր։ (Յայտնութիւն 9։14) Պատմականօրէն, Բաբելոնը Եփրատ Գետին վրայ նստած մեծ քաղաքն էր։ Իսկ 1919–ին, այլաբանական չորս հրեշտակներուն արձակուելուն ընկերակցեցաւ Մեծն Բաբելոնի յատկանշական անկումը։ (Յայտնութիւն 14։8) Ուստի ուշագրաւ է որ Աստուծոյ բարկութեան վեցերորդ սկաւառակն ալ Եփրատ Գետին հետ առնչութիւն ունի. «Վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը մեծ գետին՝ Եփրատին վրայ թափեց ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի»։ (Յայտնութիւն 16։12) Ասիկա ալ գէշ լուր մըն է Մեծն Բաբելոնի համար։

21, 22. (ա) Բաբելոնի պաշտպան կանգնող Եփրատ Գետին ջուրերը ի՞նչպէս չորցան Հ.Դ.Ա. 539–ին։ (բ) Ի՞նչ են այն «ջուրեր»ը որոնց վրայ Մեծն Բաբելոնը նստած է, եւ այս այլաբանական ջուրերը ի՞նչպէս հիմակուընէ իսկ սկսած են չորնալ։

21 Վաղեմի Բաբելոնը իր փառքին մէջ եղած ժամանակ, իր պաշտպանութեան գլխաւոր միջոցն էր Եփրատի առատ ջուրը։ Հ.Դ.Ա. 539–ին, այդ ջուրերը չորցան, երբ Պարսիկ առաջնորդը Կիւրոս անոնց հոսանքը փոխեց։ Այս կերպով ճամբան բացուեցաւ որպէսզի Պարսիկներու Կիւրոս եւ Մարերու Դարեհ՝ «արեւելքի» թագաւորները, Բաբելոն մտնեն եւ զայն նուաճեն։ Ճակատագրական այդ պահուն, Եփրատ Գետը պաշտպան չկանգնեցաւ այն մեծ քաղաքին։ (Եսայեայ 44։27–45։7. Երեմեայ 51։36) Արդի Բաբելոնին՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային դրութեան, նոյնանման բան մը պիտի պատահի։

22 Մեծն Բաբելոնը «շատ ջուրերու վրայ կը նստի»։ Յայտնութիւն 17։1, 15–ի համաձայն, այդ ջուրերը՝ «ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ». համակիրներու զանգուածներ, որոնցմով ան ինքզինք ապահով կը զգար։ Բայց «ջուրեր»ը կը ցամքին։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ուր անցեալին անոր ազդեցութիւնը մեծ էր, հարիւր միլիոնաւորներ բացէ ի բաց կ’անտեսեն կրօնքը։ Ուրիշ կարգ մը երկիրներու մէջ, երկար տարիներ կրօնքին ազդեցութիւնը քանդելու բացայայտ քաղաքականութիւն մը կը վարուէր։ Այդ երկիրներու մէջ զանգուածներ իրեն թիկունք չեն կանգնիր։ Նոյն կերպով, երբ Մեծն Բաբելոնի կործանման ժամանակը հասնի, հետզհետէ նուազող իր համակիրները որեւէ կերպով պիտի չկարենան պաշտպանել զինք։ (Յայտնութիւն 17։16) Թէեւ միլիառաւոր անդամներ ունի, բայց Մեծն Բաբելոնը «արեւելքի թագաւորներուն» դիմաց անպաշտպան պիտի մնայ։

23. (ա) Հ.Դ.Ա. 539–ին, որո՞նք էին «արեւելքի» թագաւորները։ (բ) Տէրունական օրուան ընթացքին որո՞նք են «արեւելքի թագաւորներ»ը եւ անոնք ի՞նչպէս պիտի կործանեն Մեծն Բաբելոնը։

23 Այս թագաւորները որո՞նք են։ Հ.Դ.Ա. 539–ին, անոնք Մարերու Դարեհ եւ Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորներն էին, զորս Եհովա գործածեց վաղեմի Բաբելոն քաղաքը նուաճելու համար։ Տէրունական այս օրուան մէջ, Մեծն Բաբելոնի կեղծ կրօնքի դրութիւնն ալ մարդկային կառավարիչներու կողմէ պիտի կործանի։ Բայց դարձեալ ասիկա աստուածային դատաստանի գործադրութեամբ պիտի ըլլայ։ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս՝ «արեւելքի թագաւորներ»ը, մարդկային կառավարիչներու սրտին մէջ, Մեծն Բաբելոնի դէմ ելլելու ու զայն վերջնականօրէն կործանելու «կամքը» պիտի դնեն։ (Յայտնութիւն 17։16, 17) Վեցերորդ սկաւառակին թափուիլը հանրապէս կը ծանուցանէ որ այս դատաստանը կատարուելու վրայ է։

24. (ա) Եհովայի բարկութեան առաջին վեց սկաւառակներուն պարունակութիւնը ի՞նչպէս ծանուցուեցաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով։ (բ) Աստուծոյ բարկութեան մնացեալ մէկ սկաւառակին մասին խօսելէ առաջ, Յայտնութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ։

24 Եհովայի բարկութեան այս առաջին վեց սկաւառակները շատ լուրջ պատգամ մը կը պարունակեն։ Հրեշտակներու կողմէ օգնութիւն ստանալով, Աստուծոյ երկրային ծառաները համայն աշխարհի մէջ անոնց բովանդակութիւնը ծանուցանելով զբաղած են։ Այս կերպով, Սատանայի աշխարհի դրութեան բոլոր հատուածներուն տեղին ազդարարութիւններ տրուած են եւ Եհովա անհատապէս մարդոց պատեհութիւն տուած է որ արդարութեան դառնան եւ ապրին։ (Եզեկիէլ 33։14-16) Տակաւին Աստուծոյ բարկութեան մէկ սկաւառակը մնաց։ Բայց այդ մասին խօսելէ առաջ, Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ թէ Սատանան եւ իր երկրային գործակալները ի՛նչպէս կը ջանան Եհովայի դատաստաններուն ծանուցումը կասեցնել։

Արմագեդոնի Համար կը Հաւաքուին

25. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ մեզի գորտանման, պիղծ «ներշնչեալ արտայայտութիւններ»ու մասին։ (բ) Տէրունական օրուան մէջ ի՞նչպէս գորտանման զզուելի ‘ներշնչեալ պիղծ արտայայտութիւններու’ յարձակում եղած է եւ ի՞նչ արդիւնքով։

25 Յովհաննէս կ’ըսէ. «Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ [«ներշնչեալ արտայայտութիւններ», ՆԱ] կ’ելլէին գորտերու նման. վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ [«կողմէ ներշնչուած արտայայտութիւններ», ՆԱ] էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն»։ (Յայտնութիւն 16։13, 14) Մովսէսի օրերուն, Եհովա գորտերու զզուելի պատուհաս մը բերաւ Փարաւոնի կողմէ ղեկավարուած Եգիպտոսի վրայ, այնպէս որ «երկիրը հոտեցաւ»։ (Ելից 8։5-15) Տէրունական օրուան ընթացքին ալ գորտանման զզուելի յարձակում մը եղած է, բայց տարբեր աղբիւրէ մը։ Անիկա Սատանայի կողմէ եղած «պիղծ ներշնչեալ արտայայտութիւններ»ն են, յստակօրէն խորհրդանշելով այն պրոպականդը՝ որուն նպատակն է մարդկային բոլոր կառավարիչները՝ «թագաւորներ»ը, Եհովա Աստուծոյ դէմ հանել։ Այս կերպով Սատանան կ’ուզէ վստահ ըլլալ որ անոնք Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակներուն թափուելով տատանումի մէջ չըլլան, հապա իր կողքին հաստատ դիրք բռնեն, երբ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը սկսի։

26. (ա) Ո՞ր երեք աղբիւրներէ սատանայական պրոպականդներ կու գան։ (բ) «Սուտ մարգարէ»ն ի՞նչ է եւ ի՞նչպէս գիտենք ասիկա։

26 Պրոպականդը կու գայ «վիշապ»էն (Սատանայէն) եւ «գազան»էն (Սատանայի երկրային քաղաքական կառոյցէն), որոնց մասին արդէն խօսուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ։ Բայց «սուտ մարգարէ»ն ո՞վ է։ Ասոր միայն անունը նոր է։ Նախապէս, մեզի ցոյց տրուեցաւ գառնուկի նման երկեղջիւրաւոր գազան մը, որ եօթը գլխանի գազանին առջեւ մեծ նշաններ կ’ընէր։ Այս խաբէական արարածը այդ գազանին համար մարգարէի մը նման կը վարուէր։ Անիկա գազանին պաշտամունքը կը քաջալերէր, մինչեւ իսկ անոր պատկերը շինել տալով։ (Յայտնութիւն 13։11-14) Գառնուկի նման երկեղջիւրաւոր գազանը պէտք է հոս յիշուած «սուտ մարգարէ»ն ըլլայ։ Ասիկա հաստատելու համար, քիչ մը անդին կը կարդանք որ սուտ մարգարէն, երկեղջիւրաւոր այլաբանական գազանին նման, «[եօթը գլխանի գազանին] առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները»։—Յայտնութիւն 19։20

27. (ա) Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ժամանակայարմար ազդարարութիւն կու տայ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ երբ երկրի վրայ էր։ (գ) Պօղոս առաքեալ Յիսուսի ազդարարութեան ի՞նչպէս արձագանգեց։

27 Մեր շուրջը եղող սատանայական ա՛յսքան շատ պրոպականդին ի տես, Յովհաննէսի արձանագրած յաջորդ խօսքերը արդարեւ ժամանակայարմար են. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ (Յայտնութիւն 16։15) Ո՞վ է «գողի պէս» եկողը։ Յիսուս է, որ պիտի գայ որպէս Եհովայի Դահիճը, առանց գիտցնելու իր ժամանակը։ (Յայտնութիւն 3։3. Բ. Պետրոս 3։10) Երբ տակաւին երկրի վրայ էր, Յիսուս ալ իր գալը գողի մը գալուն նմանցուց, ըսելով. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։42, 44. Ղուկաս 12։37, 40) Պօղոս առաքեալ այս ազդարարութիւնը երկրորդելով՝ ըսաւ. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։ Սատանան այս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կեղծ ծանուցումին ետին կը կենայ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3

28. Աշխարհային ճնշումներու դիմադրելու մասին Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ, եւ ի՞նչ է «այն օրը» որ Քրիստոնեաները չեն ուզեր որ իրենց վրայ «որոգայթի պէս» գայ։

28 Յիսուս ալ զգուշացուց Քրիստոնեաները, պրոպականդով համակուած այս աշխարհին բերելիք զանազան ճնշումներուն դէմ։ Ան ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի . . . որոգայթի պէս . . . ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։ (Ղուկաս 21։34-36) «Այն օրը»՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օր»ն է։ (Յայտնութիւն 16։14) Մինչ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման «այն օրը» կը մօտենայ, կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելը շատ աւելի կը դժուարանայ։ Քրիստոնեաները պէտք է արթուն ըլլան ու հսկեն, մինչեւ որ այդ օրը հասնի։

29, 30. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի այն ազդարարութիւնը թէ ո՛վ որ քնացած գտնուի, իր «հանդերձները» կորսնցնելու ամօթը պիտի ունենայ։ (բ) «Հանդերձներ» հագնողը որպէս ի՞նչ կը բնորոշուի։ (գ) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ իր այլաբանական հանդերձները կորսնցնել եւ ի՞նչ հետեւանքով։

29 Արդ, ի՞նչ իմաստ կը կրէ այն ազդարարութիւնը թէ անոնք որոնք քնացած գտնուին, իրենց «հանդերձները» կորսնցնելու ամօթը պիտի ունենան։ Երբեմնի Իսրայէլի մէջ, ոեւէ քահանայ կամ Ղեւտացի որ տաճարին պահակութիւն կ’ընէր, լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունէր։ Հրեայ մեկնաբաններ կ’ըսեն, որ եթէ մէկը իր պաշտօնին վրայ քնացած բռնուէր, անոր վրայէն իր հանդերձները կը հանէին եւ կ’այրէին, այնպէս որ ան մարդոց դիմաց ամօթով կը մնար։

30 Հոս Յիսուս կը զգուշացնէ մեր օրերուն պատահելիք նոյնանման բանէ մը։ Քահանաները եւ Ղեւտացիները Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն նախաշուքն էին։ (Ա. Պետրոս 2։9) Բայց Յիսուսի ազդարարութիւնը մեծ բազմութեան ալ կը կիրարկուի։ Հոս ակնարկուած հանդերձները կը բնորոշեն հագնողը որպէս Եհովայի Քրիստոնեայ Վկայ մը։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 3։18. 7։14) Անոնք որ թոյլ կու տան որ Սատանայի աշխարհի ճնշումները զիրենք քունի մէջ մտցնեն կամ անգործունեայ դարձնեն, շատ հաւանաբար պիտի կորսնցնեն իրենց հանդերձները, ուրիշ խօսքով, որպէս Քրիստոնեաներ իրենց մաքուր ինքնութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Ասիկա ամօթալի պիտի ըլլայ. անհատը ամբողջովին կորսուելու վտանգին մէջ կրնայ ըլլալ։

31. (ա) Յայտնութիւն 16։16–ը ի՞նչպէս կը շեշտէ թէ Քրիստոնեաները արթուն մնալու կարիքը ունին։ (բ) Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ ի՞նչ ենթադրութիւններ ըրած են Արմագեդոնի առնչութեամբ։

31 Մինչ Յայտնութեան յաջորդ համարին կատարումը կը մօտենայ, Քրիստոնեաներուն համար շատ աւելի ստիպողական կը դառնայ արթուն կենալու կարիքը. «Եւ [դեւերու կողմէ ներշնչուած արտայայտութիւնները] զանոնք [երկրային թագաւորները կամ կառավարիչները] տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 16։16) Այս անունը միայն մէկ անգամ կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ։ Բայց անիկա մարդոց երեւակայութեան թռիչք տուած է։ Աշխարհի կառավարիչները կորիզային հաւանական Արմագեդոնի մը դէմ զգուշացուցած են։ Անիկա Աստուածաշունչի ժամանակներուն վճռական շատ մը պատերազմներու վայր եղող վաղեմի Մակեդդով քաղաքին հետ ալ կապուած է, հետեւաբար կրօնական կարգ մը առաջնորդներ ենթադրած են որ երկրի վրայ այդ վերջնական պատերազմը, այդ սահմանափակ վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Ասոր մէջ անոնք չարաչար կը սխալին։

32, 33. (ա) Փոխանակ բառացի վայր մը ըլլալու, Արմագեդոն անունը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (բ) Աստուածաշունչի ուրիշ ո՞ր բառերը կը նմանին «Արմագեդոն»ին կամ անոր առնչուած են։ (գ) Ե՞րբ ժամանակը հասած պիտի ըլլայ որ եօթներորդ հրեշտակը Աստուծոյ բարկութեան վերջին սկաւառակը թափէ։

32 Արմագեդոն անունը կը նշանակէ «Մակեդդովի Լեռը»։ Բայց անիկա բառացի վայրի մը չ’ակնարկեր, հապա համաշխարհային կացութիւն մը կը ներկայացնէ, որուն մէջ բոլոր ազգերը Եհովա Աստուծոյ դէմ կը հաւաքուին եւ ուր ան վերջնականապէս պիտի կործանէ զանոնք։ Ասիկա ամբողջ աշխարհը պիտի պարփակէ։ (Երեմեայ 25։31-33. Դանիէլ 2։44) Անիկա համանման է «Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին» եւ «վճիռի հովիտին»՝ կամ «Յովսափատի հովիտ»ին, ուր ազգերը հաւաքուած են Եհովայի կողմէ բնաջնջուելու համար։ (Յայտնութիւն 14։19. Յովելեայ 3։12, 14) Անիկա առնչութիւն ունի նաեւ «Իսրայէլի երկրին» հետ, ուր Մագոգի Գոգի սատանայական բանակները պիտի կործանին, ինչպէս նաեւ՝ ‘մեծ ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերանը մէջտեղ’ գտնուող վայրին հետ, ուր հիւսիսի թագաւորը ‘իր վախճանին պիտի հասնի’ Միքայէլ մեծ իշխանին ձեռքով։—Եզեկիէլ 38։16-18, 22, 23. Դանիէլ 11։45–12։1, Արեւմտահայերէն

33 Երբ ազգերը Սատանայի եւ իր երկրային գործակալներէն ծագում առած կռկռացող պրոպականդին պատճառաւ այս կացութեան մէջ գան, ժամանակը հասած պիտի ըլլայ որ եօթներորդ հրեշտակը Աստուծոյ բարկութեան վերջին սկաւառակը թափէ։

«Եղաւ»

34. Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ի՞նչ բանի վրայ կը թափէ, եւ «երկնքի սրբարանէն, աթոռէն» ի՞նչ ծանուցում կը կատարուի։

34 «Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը օդին վրայ թափեց ու երկնքի տաճարէն [«սրբարանէն», ՆԱ], աթոռէն մեծ ձայն մը ելաւ՝ ըսելով. ‘Եղաւ’»։—Յայտնութիւն 16։17

35. (ա) Յայտնութիւն 16։17–ի «օդ»ը ի՞նչ է։ (բ) Իր սկաւառակը օդին վրայ թափելով եօթներորդ հրեշտակը ի՞նչ կ’արտայայտէ։

35 «Օդ»ը վերջին կենսապահ տարրն է որ կը հարուածուի։ Բայց ասիկա բառացի օդը չէ։ Բառացի օդը՝ կամ բառացի երկիրը, ծովը, ջուրի աղբիւրները, կամ արեւը Եհովայի դատավճիռներուն արժանանալու համար բան մը ըրած չեն։ Հապա ասիկա այդ «օդ»ն է, որուն մասին Պօղոս կը խօսէր, երբ Սատանան կոչեց «օդին իշխանութեանը իշխան»ը։ (Եփեսացիս 2։2) Անիկա ներկայիս աշխարհին շնչած սատանայական «օդ»ն է, Սատանայի իրերու դրութիւնը յատկանշող ոգին, կամ ընդհանուր մտային հակումը, սատանայական մտածելակերպը, որ Եհովայի կազմակերպութենէն դուրս կեանքի բոլոր մարզերուն կը ներթափանցէ։ Ուստի, իր սկաւառակը օդին վրայ թափելով, եօթներորդ հրեշտակը Աստուծոյ բարկութիւնը կ’արտայայտէ Սատանայի, իր կազմակերպութեան եւ այն ամէն բանին վրայ, որ մարդիկը կը մղէ Սատանային թիկունք կանգնելու ու Եհովայի գերիշխանութեան ընդդիմանալու։

36. (ա) Եօթը հարուածները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ (բ) Եհովայի՝ «Եղաւ» յայտարարութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

36 Այս եւ առաջին վեց հարուածները, Սատանայի եւ իր դրութեան դէմ Եհովայի դատաստաններուն ամբողջութիւնը կը կազմեն։ Անոնք դատապարտութեան ծանուցումներ են Սատանայի եւ իր սերունդին համար։ Այս վերջին սկաւառակը թափուելէ ետք, Եհովա անձամբ կը ծանուցանէ. «Եղաւ»։ Ուրիշ ըսելիք չկայ։ Երբ Եհովայի աչքին գոհացուցիչ կերպով ծանուցանուին Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակներուն պարունակութիւնները, այդ պատգամներով ծանուցուած դատաստաններուն գործադրութիւնը պիտի չուշացնէ։

37. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Աստուծոյ բարկութեան եօթներորդ սկաւառակին թափուելէն ետք տեղի ունեցածը։

37 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Եւ փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ եղան ու մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ մարդոց երկրի վրայ ըլլալէն ի վեր այնպիսի մեծ երկրաշարժ մը եղած չէր։ Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ ու ազգերուն քաղաքները կործանեցան։ Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց, որպէս զի իր սաստիկ բարկութեան գինիին գաւաթը անոր տայ։ Ամէն կղզի փախաւ ու լեռները չգտնուեցան։ Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը»։—Յայտնութիւն 16։18-21

38. Ի՞նչ կը խորհրդանշեն (ա) «մեծ երկրաշարժ»ը. (բ) «մեծ քաղաք»ին՝ Մեծն Բաբելոնին «երեք մաս»ի բաժնուիլը. (գ) ‘ամէն կղզիին փախիլը ու լեռներուն չգտնուիլը’. (դ) «կարկուտին հարուած»ը։

38 Անգամ մը եւս, Եհովա մարդկութեան նկատմամբ ակնյայտ կերպով կը գործէ. «փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ»ը կը նշեն ասոր։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 4։5. 8։5) Մարդկութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի պիտի ցնցուի, որպէս թէ կործանարար երկրաշարժով մը։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 13։13. Յովելեայ 3։16) Այս զօրաւոր ցնցումը պիտի խորտակէ «մեծ քաղաքը»՝ Մեծն Բաբելոնը, այնպէս որ ան «երեք մաս»ի պիտի բաժնուի, որ իր անվերականգնելի աւերումը կը խորհրդանշէ։ «Ազգերուն քաղաքներ»ն ալ պիտի իյնան։ «Ամէն կղզի» եւ «լեռներ»՝ այս դրութեան մէջ շատ կայուն նկատուած հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, պիտի չքանան։ Իւրաքանչիւրը գրեթէ տաղանդի մը ծանրութեամբ, «խոշոր կարկուտ» պիտի հարուածէ մարդկութիւնը՝ շատ աւելի մեծ քան եօթներորդ պատուհասի ընթացքին Եգիպտոսի վրայ եկած կարկուտը, մեծ ցաւ պաճառելով։ * (Ելից 9։22-26) Սառած ջուրերու պատժական այս տարափը, հաւանաբար կը պատկերացնէ Եհովայի դատաստաններուն արտակարգօրէն ծանր բերանացի արտայայտութիւնները, նշելու համար թէ իրերու այս դրութեան վախճանը վերջապէս հասած է։ Եհովա իր աւերիչ գործին մէջ կրնայ բառացի կարկուտ ալ գործածել։—Յոբայ 38։22, 23

39. Հակառակ եօթը հարուածներու թափուելուն, մարդոց մեծամասնութիւնը ի՞նչ ընթացքի կառչած կը մնայ։

39 Այս կերպով, Սատանայի աշխարհը Եհովայի արդար դատաստանին պիտի ենթարկուի։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ Աստուծոյ հակառակիլ եւ հայհոյել։ Երբեմնի Փարաւոնին նման, անոնց սրտերը պիտի չկակուղնան կրկնակի հարուածներէն, կամ այս հարուածներուն մահացու վերջնական փուլէն։ (Ելից 11։9, 10) Վերջին վայրկեանին, մարդոց մեծամասնութեան սրտերը պիտի չփոխուին։ Մինչեւ իրենց վերջին շունչը, անոնք պիտի հեգնեն Աստուած, որ կ’ըսէ. «Պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը [«Եհովա», ՆԱ]»։ (Եզեկիէլ 38։23) Այսուհանդերձ, Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութիւնը ջատագովուած պիտի ըլլայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Անկենդան բաներուն որպէս վկայ ծառայելուն, կամ վկայութիւն տալուն կարգ մը օրինակները կրնաք տեսնել, Ծննդոց 4։10. 31։44-53. եւ Եբրայեցիս 12։24–ի մէջ։

^ պարբ. 15 «Աթոռ» բառին նմանօրինակ մէկ գործածութիւնը կը տեսնուի մարգարէաբար Յիսուսի ուղղուած խօսքերուն մէջ. «Աստուած քու աթոռդ է յաւիտեանս յաւիտենից»։ (Սաղմոս 45։6ՆԱ) Եհովա է Յիսուսի արքայական հեղինակութեան հիմը կամ աղբիւրը։

^ պարբ. 38 Եթէ Յովհաննէս իր մտքին մէջ ունէր յունական տաղանդը, իւրաքանչիւր կարկուտ պէտք էր կշռէր շուրջ 20 քիլոկրամ։ Արդարեւ կործանարար կարկուտներ պիտի ըլլան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 221]

«Երկրի վրայ»

Յովհաննէս դասակարգը ‘երկրի’ դէմ Եհովայի բարկութիւնը հրատարակած է հետեւեալին նման արտայայտութիւններով.

«Դարերու ջանքերէ ետք, քաղաքական կուսակցութիւնները ապացուցանեցին որ կարողութիւն չունին ներկայ կացութիւնները դիմագրաւելու եւ նեղութիւն պատճառող խնդիրները լուծելու։ Այս հարցը ջանադրութեամբ ուսումնասիրող տնտեսագէտներ եւ քաղաքագէտներ կը տեսնեն որ բա՛ն մը ընելու կարող չեն»։—Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին, 1920, էջ 61։

«Երկրի վրայ չկայ կառավարութիւն մը ներկայիս, որ աշխարհի մարդոց տրամաբանական համեմատութեան մը գոհացում տայ։ Շատ մը ազգեր բռնաւորներու կողմէ կը ղեկավարուին։ Գրեթէ ամբողջ աշխարհ սնանկացած է»։—Փափաքելի Կառավարութիւն մը, 1924, էջ 5։

«Այս աշխարհը չարութենէ մաքրելու միակ ճամբան ներկայ դրութեան այս կերպով վերջանալն է, որպէսզի անոր տեղ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը բարգաւաճին»։—«Թագաւորութեան Այս Բարի Լուրը», 1955, էջ 24։

«Ներկայ աշխարհը աչքառու եղած է մեղքի, անարդարութեան եւ Աստուծոյ ու իր կամքին դէմ յաւելեալ կերպով ըմբոստանալու մէջ։ . . . Անիկա անուղղայ է եւ հետեւաբար պէտք է չքանայ»։—Դիտարան, 15 Նոյեմբեր 1981, էջ 6 (Անգլերէն)։

[Շրջանակ՝ էջ 223]

«Ծովուն վրայ»

Ստորեւ տրուածները միայն քանի մը արտայայտութիւններ են, որոնք Յովհաննէս դասակարգին կողմէ տարիներու ընթացքին հրատարակուած են, Եհովայէ հեռացած ամբարիշտ մարդոց անհանդարտ եւ ըմբոստ «ծովուն» դէմ Աստուծոյ բարկութիւնը ծանուցանելու համար.

«Իւրաքանչիւր ազգի պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ միշտ դասակարգային պայքարներ մղուած են։ Միշտ փոքրամասնութիւն մը մեծամասնութեան դէմ եղած է։ . . . Այս պայքարները բազմաթիւ յեղափոխութիւններու, մեծ տառապանքի եւ անհաշիւ արիւնահեղութեան պատճառ եղած են»։—Կառավարութիւն, 1928, էջ 244։

Նոր աշխարհին մէջ, «անհանդարտ, ըմբոստ, ամբարիշտ մարդոց այլաբանական ‘ծովը’՝ ուրկէ շատոնց դուրս եկած է այլաբանական գազանը, Բանսարկուին կողմէ գործածուելու համար՝ չքացած պիտի ըլլայ»։—Դիտարան, 15 Սեպտեմբեր 1967, էջ 567 (Անգլերէն)։

«Մարդկային ներկայ ընկերութիւնը հոգեւորապէս հիւանդ ու ախտաւոր է։ Ոեւէ մէկս չենք կրնար զայն փրկել, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ որ անոր հիւանդութիւնը մահացու է»։—Իսկական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն—Ո՞ր Աղբիւրէ, 1973, էջ 131։

[Շրջանակ՝ էջ 224]

«Գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ»

Երրորդ հարուածը ‘գետերը ու ջուրերու աղբիւրները’ քօղազերծեց հետեւեալին նման արտայայտութիւններով.

«Կղերները՝ որոնք կը դաւանին [Քրիստոսի] վարդապետութիւններուն ուսուցիչները ըլլալ, պատերազմը սրբացուցած են։ Անոնց համար հաճոյք է իրենց դիմանկարները եւ արձանները ցուցադրել արիւնարբու ռազմիկներու կողքին»։—Դիտարան, 15 Սեպտեմբեր 1924, էջ 275 (Անգլերէն)։

«Ոգեհարցութիւնը հիմնուած է մեծ սուտի մը վրայ, թէ մարդուն հոգին մահուընէ ետք կը վերապրի ու անմահ է»։—Աստուածաշունչը Ի՞նչ կ’Ըսէ «Մահուընէ Ետք Վերապրելու» Մասին, 1955, էջ 51։

«Մարդկային փիլիսոփայութիւնները, քաղաքական գաղափարախօսականները, ընկերային կազմակերպիչները, տնտեսական խրատատուները եւ կրօնական աւանդութիւններ ջատագովողները իրական կենսատու թարմացում չեն բերած . . . Այս ջուրերը նոյնիսկ մղած են զայն խմողները, որ արեան սրբութեան նկատմամբ Ստեղծիչին օրէնքը բեկանեն եւ կրօնական հալածանք հրահրեն»։—Որոշում՝ որ որդեգրուեցաւ «Յաւիտենական Բարի Լուրը» Միջազգային Համաժողովին, 1963։

«Ո՛չ թէ գիտական փրկութիւն, այլ մարդկային ցեղին բնաջնջուիլն է որ կ’ակնկալուի մարդէն։ . . . Մենք աշխարհի հոգեբաններուն ու հոգեբոյժերուն չենք նայիր, որպէսզի մարդոց մտածելակերպը փոխեն . . . Մենք միջազգային որեւէ զինուորական ուժի կազմուելուն չենք ապաւինիր . . . որպէսզի այս երկիրը ապրելու համար ապահով վայրի մը վերածեն»։—Մարդկային Ցեղը Փրկել՝ Թագաւորութեան Կերպով, 1970, էջ 5։

[Շրջանակ՝ էջ 225]

«Արեւին վրայ»

Մարդկային իշխանութեան «արեւ»ը, մարդկութիւնը «խորշակահար» ըրած է տէրունական օրուան ընթացքին։ Ուստի, Յովհաննէս դասակարգը հետեւեալին նման արտայայտութիւններով, մարդոց ուշադրութիւնը պատահած բաներուն հրաւիրած է.

«Այսօր Հիթլեր եւ Մուսոլինի, ինքնագլուխ բռնակալներ, ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան կը սպառնան. եւ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը լիովին թիկունք կը կանգնի ազատութիւնը խորտակելու անոնց գործերուն»։—Ֆաշիզմ Կամ Ազատութիւն, 1939, էջ 12։

«Ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդկային բռնակալներուն հետեւած քաղաքականութիւնը եղած է՝ Տիրել կամ քանդել։ Բայց հիմա Աստուծոյ թագադրած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ համայն երկրի վրայ կիրարկուելիք օրէնքն է՝ Իշխուիլ կամ կործանուիլ»։—Երբ Բոլոր Ազգերը Միանան Աստուծոյ Թագաւորութեան Ներքեւ, 1961, էջ 23։

«1945–էն ի վեր, աւելի քան 25 միլիոն անհատներ սպաննուած են համայն աշխարհի մէջ մղուած շուրջ 150 պատերազմներու մէջ»։—Դիտարան, 15 Յունուար 1980, էջ 6 (Անգլերէն)։

«Աշխարհի մէջ ազգերը . . . շատ չեն մտահոգուիր միջազգային պատասխանատուութեան կամ կենցաղավարութեան օրէնքներով։ Իրենց նպատակին հասնելու համար, կարգ մը ազգեր լիովին արդարացի կը տեսնեն որեւէ միջոց գործածել, զոր անհրաժեշտ կը նկատեն. ջարդեր, մարդասպանութիւններ, օդահէնութիւններ, ռմբակոծումներ, եւայլն . . . Ազգերը մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանան այս անզգամ եւ անպատասխանատու ընթացքին»։—Դիտարան, 1 Հոկտեմբեր 1985, էջ 4։

[Շրջանակ՝ էջ 227]

«Գազանին աթոռին վրայ»

Եհովայի Վկաները քօղազերծած են գազանին աթոռը եւ անոր վրայ Եհովայի դատապարտութիւնը յայտարարած են այսպիսի արտայայտութիւններով.

«Ազգերուն կառավարիչները եւ քաղաքական առաջնորդները գերմարդկային չար ուժերու ազդեցութեան ներքեւ են, որ զիրենք անդիմադրելիօրէն Արմագեդոնի վճռական պատերազմի անձնասպանական ընթացքին կ’առաջնորդեն»։—Արմագեդոնէն Ետք՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհը, 1953, էջ 8։

«Աստուածպետական չեղող մարդկային կառավարութեան ‘գազանը’ իր զօրութիւնը, իշխանութիւնը եւ աթոռը ստացած է Վիշապէն։ Ուստի, անիկա անոր, այսինքն Վիշապին համակիր պէտք է ըլլայ»։—Արմագեդոնէն Ետք՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհը, 1953, էջ 15։

«Ազգերը դիրք կրնան բռնել միմիայն . . . Աստուծոյ Գլխաւոր Հակառակորդին, Բանսարկու Սատանայի կողմը»։—Որոշում, որդեգրուած «Աստուածային Յաղթանակ» բնաբանով Միջազգային Համաժողովին, 1973։

[Շրջանակ՝ էջ 229]

«Անոր ջուրերը ցամքեցան»

Նոյնիսկ հիմա բազմաթիւ վայրերու մէջ բաբելոնական կրօնքին նեցուկ կանգնողները կը ցամքին, նշելով թէ ինչ պիտի պատահի երբ «արեւելքի թագաւորներ»ը իրենց յարձակումը կատարեն։

«[Թայլանտի մէջ] ազգային փորձագիտանք մը երեւան հանեց որ քաղաքի շրջաններուն մէջ ապրողներուն 75 տոկոսը բնաւ պուտտայական տաճար չեն երթար քարոզ մտիկ ընելու համար, իսկ գիւղական շրջաններու մէջ, տաճարներ այցելող գիւղացիներու թիւն ալ հետզհետէ իջած է 50 տոկոսի»։—Պանքոկ Փոսթ, 7 Սեպտեմբեր 1987, էջ 4։

«Թաոյականութիւնը իր հրապոյրը կորսնցուցած է այն երկրին [Չինաստան] մէջ, ուր շուրջ երկու հազար տարի առաջ հիմնուած էր։ . . . Զրկուած ըլլալով այն կախարդական հնարքներէն, զորս իրենք եւ իրենց նախորդները կ’օգտագործէին մեծ թիւով հետեւորդներ շահելու համար, քահանայական դասը առանց յաջորդներու մնացած է. ասիկա այդ երկրին հաւատքին՝ Թաոյականութեան, ուղղակիօրէն կը սպառնայ»։—Տը Աթլանթա Ճըրնըլ էնտ Քանսթիթիուշըն, 12 Սեպտեմբեր 1982, էջ 36Ա։

«Ճափոն . . . աշխարհի այն երկիրներէն մէկն է ուր ամենաշատ օտար միսիոնարներ կան, մօտաւորապէս 5,200, սակայն . . . Քրիստոնեաները բնակչութեան մէկ տոկոսէն նուազ են։ . . . 1950–ական թուականներէն ի վեր հոն աշխատող Ֆրանսիսկան վարդապետ մը կը հաւատայ որ ‘Ճափոնի մէջ օտար միսիոնարներուն ժամանակը վերջացած է’»։—Տը Ուոլ Սթրիյթ Ճըրնըլ, 9 Յուլիս 1986, էջ 1։

Անգլիոյ մէջ անցեալ երեք տասնամեակներուն, «16,000 Անգլիքան եկեղեցիներուն մօտաւորապէս 2,000–ը անգործածութեան պատճառաւ գոցուած են։ Եկեղեցի յաճախողներուն թիւը ամենացած մակարդակին հասած է այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ։ . . . ‘Չենք կրնար ըսել որ ներկայիս Անգլիան Քրիստոնեայ երկիր մըն է’ ըսաւ [Տիւրհէմի Եպիսկոպոսը]»։—Տը Նիու Եորք Թայմզ, 11 Մայիս 1987, էջ Ա4։

«Երկար ժամերու հրատապ վիճաբանութենէն ետք, [Յունաստանի] Խորհրդարանը այսօր օրէնք մը քուէարկեց, թոյլ տալով որ Ընկերվարական Կառավարութիւնը ձեռք դնէ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին հսկայական կալուածներուն վրայ . . . Ասկէ զատ, օրէնքը կը թոյլատրէ որ աշխարհիկ անհատներ հսկեն եկեղեցիին կողմէ վարուած պանդոկներու, մարմարիոնի քարահանքերու շահագործման եւ վարչական գործերով զբաղող գրասենեակներու եկեղեցական խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն վրայ»։—Տը Նիու Եորք Թայմզ, 4 Ապրիլ 1987, էջ 3։

[Նկարներ՝ էջ 222]

Աստուծոյ բարկութեան առաջին չորս սկաւառակներուն հարուածները, առաջին չորս փողերուն հնչուելուն բերած հարուածներուն նման են

[Նկար՝ էջ 226]

Հինգերորդ սկաւառակը գազանին աթոռը կը մերկացնէ որպէս այն հեղինակութիւնը որ Սատանան կու տայ գազանին

[Նկարներ՝ էջ 231]

Դիւային պրոպականդը ներկայիս երկրի կառավարիչները կը հաւաքէ հրատապ կացութեան մը՝ Արմագեդոնին՝ երբ Եհովայի դատաստանները պիտի թափուին անոնց վրայ

[Նկար՝ էջ 233]

Սատանայի ապականած «օդ»էն ազդուողներուն վրայ պիտի գործադրուին Եհովայի արդար դատաստանները