Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը

Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը

Գլուխ 41

Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը

Տեսիլք 15—Յայտնութիւն 20։11–21։8

Նիւթ. Ընդհանուր յարութիւնը, Դատաստանի Օրը, եւ նոր երկնքի ու նոր երկրի օրհնութիւնները

Կատարման ժամանակ. Հազարամեայ Իշխանութիւնը

1. (ա) Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, մարդկութիւնը ի՞նչ կորսնցուց։ (բ) Աստուծոյ ո՞ր նպատակը չփոխուեցաւ եւ ի՞նչպէս գիտենք։

 ՄԱՐԴ արարածներս յաւիտեան ապրելու համար ստեղծուած ենք։ Եթէ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդէին, բնաւ պիտի չմեռնէին։ (Ծննդոց 1։28. 2։8, 16, 17. Ժողովողի 3։10, 11) Բայց երբ մեղանչեցին, անոնք իրենց եւ իրենց սերունդին համար կատարելութիւնը եւ կեանքը կորսնցուցին. անկէ ետեւ մահը մարդկութեան վրայ տիրեց որպէս անողոք թշնամի մը։ (Հռովմայեցիս 5։12, 14. Ա. Կորնթացիս 15։26) Այսուհանդերձ, Աստուծոյ նպատակը չփոխուեցաւ, որ է դրախտային երկրի մը վրայ կատարեալ մարդոց յաւիտեան ապրիլը։ Մարդկութեան հանդէպ իր ունեցած մեծ սիրոյն պատճառաւ, ան երկիր ղրկեց իր միածին Որդին՝ Յիսուսը, որ իր մարդկային կատարեալ կեանքը որպէս փրկանք տուաւ, Ադամի սերունդէն «շատերու» համար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Արդ, Յիսուս կրնայ իր զոհագործութեան այս օրինաւոր արժէքը գործածել, հաւատացեալ մարդկութիւնը դրախտ երկրի մը վրայ կատարեալ կեանքի վերադարձնելու համար։ (Ա. Պետրոս 3։18. Ա. Յովհաննու 2։2) ‘Ցնծալու եւ ուրախանալու’ ի՜նչ հոյակապ պատճառ մը ունի մարդկութիւնը։—Եսայեայ 25։8, 9

2. Յայտնութիւն 20։11–ի մէջ Յովհաննէս ի՞նչ կը տեղեկագրէ, եւ ի՞նչ է «մեծ ճերմակ աթոռ»ը։

2 Սատանան բանտարկուած ըլլալով անդունդին մէջ, Յիսուսի փառաւոր Հազարամեայ Իշխանութիւնը կը սկսի։ Ա՛յս է այն «օր»ը որուն մէջ Աստուած «աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց»։ (Գործք 17։31. Բ. Պետրոս 3։8) Յովհաննէս կ’ըսէ. «Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց»։ (Յայտնութիւն 20։11) Ի՞նչ է այս «մեծ ճերմակ աթոռ»ը։ Անիկա ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ‘ամենուն Դատաւորը եղող Աստուծոյ’ դատաստանի աթոռը։ (Եբրայեցիս 12։23) Ժամը հասած է որ Աստուած դատէ մարդկութիւնը, որոշելու համար թէ որո՛նք Յիսուսի փրկանքի զոհէն պիտի օգտուին։—Մարկոս 10։45

3. (ա) Աստուծոյ աթոռին «մեծ» եւ «ճերմակ» ըլլալը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Դատաստանի Օրը ո՞վ պիտի վարէ դատը եւ ի՞նչ բանի հիման վրայ։

3 Աստուծոյ աթոռը «մեծ» է, որպէս Գերիշխան Տէր, Եհովայի մեծութիւնը շեշտելու համար, իսկ անիկա «ճերմակ» է, իր անթերի արդարութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։ Ան մարդկութեան գերագոյն Դատաւորն է։ (Սաղմոս 19։7-11. Եսայեայ 33։22. 51։5, 8) Սակայն, դատավարութեան լիազօրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի յանձնած է. «Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ»։ (Յովհաննու 5։22) Յիսուսի հետ կան իր 144,000 ընկերակիցները, որոնց «դատաւորութիւն տրուեցաւ . . . հազար տարի»։ (Յայտնութիւն 20։4) Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Եհովայի չափանիշներուն հիման վրայ ամէն մէկուն ի՛նչ վիճակուած ըլլալը պիտի որոշուի Դատաստանի Օրուան ընթացքին։

4. «Երկիր ու երկինք փախան» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

4 Ի՞նչ առումով «երկիր ու երկինք փախան»։ Ասիկա նոյն երկինքն է որ վեցերորդ կնիքը բացուելու ատեն գալարուող տոմսի մը պէս քաշուեցաւ. մարդկային տիրող ուժերը, որոնք «պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ (Յայտնութիւն 6։14. Բ. Պետրոս 3։7) Երկիրը՝ իրերու կազմակերպուած դրութիւնն է, որ այս իշխանութեան ներքեւ առկայ է։ (Յայտնութիւն 8։7) Գազանին եւ երկրի թագաւորներուն ու անոնց զօրքերուն, եւ անոնց հետ գազանին դրոշմը ունեցողներուն եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողներուն կործանումը, այս երկնքին ու երկրին փախչիլը կը նշէ։ (Յայտնութիւն 19։19-21) Սատանայի երկրին եւ երկնքին վրայ դատաստան ի գործ դրուած ըլլալով, Մեծ Դատաւորը Դատաստանի ուրիշ Օր մը կ’որոշէ։

Հազարամեայ Դատաստանի Օրը

5. Հին երկիրն ու հին երկինքը փախչելէ ետք, որո՞նք կը մնան դատուելու համար։

5 Հին երկիրն ու հին երկինքը փախչելէն ետք, որո՞նք կը մնան դատուելու համար։ 144,000–ին օծեալ մնացորդը չէ, քանի որ անոնք արդէն դատուած ու կնքուած են։ Եթէ օծեալներէն ոմանք տակաւին երկրի վրայ ողջ են Արմագեդոնէն ետք, շուտով պէտք է մեռնին եւ յարութեամբ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան։ (Ա. Պետրոս 4։17. Յայտնութիւն 7։2-4) Սակայն, մեծ նեղութենէն վերապրած միլիոնաւոր մեծ բազմութիւնն է որ հիմա ուշագրաւ կերպով կայնած է «աթոռին առջեւ»։ Ասոնք Յիսուսի թափած արեան վրայ իրենց ունեցած հաւատքին պատճառաւ արդէն վերապրումի համար արդար նկատուած են, բայց անոնց դատավարութիւնը պիտի շարունակուի ամբողջ հազարամեայի ընթացքին, մինչ Յիսուս կը շարունակէ զանոնք առաջնորդել «դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները»։ Յետոյ, մարդկային կատարելութեան հասնելով եւ անկէ ետք փորձուելով, անոնք բառին բուն առումով արդար պիտի յայտարարուին։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14, 17) Մեծ նեղութենէն վերապրած երախաները եւ Հազարամեայի ընթացքին մեծ բազմութեան բերած զաւակներն ալ պէտք է դատուին հազարամեայի ընթացքին։—Համեմատել՝ Ծննդոց 1։28. 9։7. Ա. Կորնթացիս 7։14

6. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ մեծ խումբ կը տեսնէ, եւ «պզտիկ ու մեծ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող միլիառաւորները անկասկած ի՞նչ կերպով պիտի յարուցանուին։

6 Սակայն Յովհաննէս վերապրող մեծ բազմութենէն շատ աւելի մեծ խումբ մը կը տեսնէ։ Անիկա միլիառաւորներու կը հասնի։ «Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան»։ (Յայտնութիւն 20։12ա) «Պզտիկ ու մեծ»ը իր մէջ կը պարփակէ նուազ կարկառուն եւ կարկառուն մարդիկը, որոնք անցեալ 6,000 տարիներու ընթացքին այս երկրին վրայ ապրած ու մեռած են։ Յայտնութենէն քիչ ետք Յովհաննէս առաքեալի գրած Աւետարանին մէջ, Յիսուս իր Հօրը մասին ըսաւ. «Դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր [Յիսուսի], քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։ Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։27-29) Ի՜նչ վիթխարի ծրագիր մը. ամբողջ պատմութեան ընթացքին գոյացուած մահերն ու գերեզմանները պիտի ոչնչացուին։ Անկասկած, Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող միլիառաւոր անհատներ աստիճանաբար պիտի յարուցանուին, որպէսզի բաղդատաբար քիչ եղող մեծ բազմութիւնը, կարող ըլլայ ասկէ առթած խնդիրները ձեռք առնել, քանի որ յարուցեալները թերեւս սկիզբը իրենց նախկին ապրելակերպին հետեւին, անոր մարմնաւոր տկարութիւններով եւ վարուելակերպով։

Որո՞նք կը Յարուցանուին ու կը Դատուին

7, 8. (ա) Ի՞նչ գիրք կը բացուի եւ անկէ ետք ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ (բ) Որո՞նք պիտի չյարուցանուին։

7 Յովհաննէս կ’աւելցնէ. «Եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած [«գրուածներէն», ՆԱ] մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 20։12բ, 13) Արդարեւ ապշեցուցիչ տեսարան մը։ ‘Ծովը, մահը եւ Հատէսը’ ամէն մէկը իր դերը կը խաղայ, բայց նկատի առէք որ ասոնք իրարմէ անջատ բաներ չեն։ * Յովնան երբ ձուկի մը փորին մէջ էր՝ հետեւաբար ծովուն մէջտեղ, ըսաւ որ ինք Շէօլին կամ Հատէսին մէջ էր։ (Յովնանու 2։2ՆԱ) Եթէ անհատ մը Ադամական մահուան ճիրաններուն մէջ կը գտնուի, ուրեմն հաւանական է որ Հատէսին մէջ ալ ըլլայ։ Մարգարէական այս բառերը զօրաւոր երաշխիք կու տան որ ոեւէ մէկը պիտի չանտեսուի։

8 Անշուշտ, կան անհատներ որոնք պիտի չյարուցանուին եւ որոնց թիւը անծանօթ է մեզի։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան չզղջացած դպիրներն ու Փարիսեցիները, որոնք Յիսուսը եւ առաքեալները մերժեցին. կրօնական «անօրէնութեան մարդը», ինչպէս նաեւ օծեալ Քրիստոնեաներ, որոնք ‘ինկած’ են։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3. Եբրայեցիս 6։4-6. Մատթէոս 23։29-33) Յիսուս խօսեցաւ նաեւ այծանման մարդոց մասին, որոնք աշխարհի վերջին պիտի երթան «յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար, ուրիշ խօսքով՝ «յաւիտենական կործանում»։ (Մատթէոս 25։41, 46ՆԱ) Այսպիսիները յարութիւն պիտի չառնեն։

9. Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս կը նշէ որ ոմանք յարութեան մէջ մասնաւորաբար առանձնաշնորհեալ պիտի ըլլան, եւ որո՞նք կը գտնուին անոնց մէջ։

9 Միւս կողմէ, ոմանք մասնաւորաբար առանձնաշնորհեալ պիտի ըլլան յարութեան ժամանակ։ Պօղոս առաքեալ ասոր մատնանշեց, երբ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Ինչ կը վերաբերի երկրային յարութեան, «արդարներուն» մէջ պիտի գտնուին երբեմնի հաւատարիմ այրերն ու կիները՝ Աբրահամ, Ռախաբ եւ շատ ուրիշներ, որոնք Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած բարեկամութեան հիման վրայ արդար յայտարարուեցան։ (Յակոբու 2։21, 23, 25) Այս նոյն խումբին մէջ պիտի ըլլան արդար ուրիշ ոչխարներէն ոմանք, որոնք արդի ժամանակներուն մէջ Եհովայի հաւատարիմ մեռան։ Շատ հաւանական է որ այսպիսի ուղղամիտ անհատները աւելի առաջ յարութիւն առնեն Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (Յոբայ 14։13-15. 27։5. Դանիէլ 12։13. Եբրայեցիս 11։35, 39, 40) Այս արդար յարուցեալներուն մէջէն անկասկած շատերուն մասնաւոր առանձնաշնորհումներ պիտի տրուին, Դրախտը վերահաստատելու հսկայական գործին վերատեսչութեան մէջ։—Սաղմոս 45։16. համեմատել՝ Եսայեայ 32։1, 16-18. 61։5. 65։21-23

10. Յարուցեալներուն մէջ «մեղաւորները» որո՞նք են։

10 Իսկ Գործք 24։15–ի մէջ յիշուած «մեղաւորներ»ը որո՞նք են։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան մարդկային պատմութեան ընթացքին մեռած հսկայ զանգուածներ, որոնք մասնաւորաբար «տգիտութեան ատենները» ապրած են։ (Գործք 17։30) Ասոնք իրենց ծնած վայրին կամ ապրած ժամանակին բերմամբ, Եհովայի կամքին ենթարկուիլ սորվելու պատեհութիւն չեն ունեցած։ Ասկէ զատ, անոնց մէջ կրնան ըլլալ այնպիսիներ, որոնք փրկութեան պատգամը լսեցին բայց այդ ժամանակ լիովին չընդառաջեցին, կամ նուիրումի ու մկրտութեան հասնելէ առաջ մահացան։ Այնպիսիներ, յարուցանուելէ յետոյ իրենց մտածելակերպին եւ ընթացքին մէջ յաւելեալ ճշդումներ պէտք է ընեն, յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու այս պատեհութենէն օգտուելու համար։

Կեանքի Գիրքը

11. (ա) «Կեանքի գիրք»ը ի՞նչ է եւ անոր մէջ որո՞նց անունները գրուած են։ (բ) Կեանքի գիրքը ինչո՞ւ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին պիտի բացուի։

11 Յովհաննէս կը խօսի «կեանքի գիրք»ին մասին։ Ասոր մէջ արձանագրուած է Եհովայէ յաւիտենական կեանք ստանալիք անհատներուն անունները։ Այս գրքին մէջ գրուած են Յիսուսի եղբայրներուն, մեծ բազմութեան եւ Մովսէսի նման վաղեմի հաւատարիմ մարդոց անունները։ (Ելից 32։32, 33. Դանիէլ 12։1. Յայտնութիւն 3։5) Սակայն յարուցանուած «մեղաւորներ»էն ոեւէ մէկուն անունը տակաւին գրուած չէ կեանքի գրքին մէջ։ Ուստի, կեանքի գիրքը Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին պիտի բացուի, որպէսզի որակեալ եղողներուն անուններն ալ արձանագրուին։ Անոնց որոնց անունները չեն գրուած կեանքի գրքին կամ գալարին մէջ, ‘կրակի լիճին մէջ կը ձգուին’։—Յայտնութիւն 20։15. համեմատել՝ Եբրայեցիս 3։19

12. Ի՞նչ բան պիտի որոշէ թէ անհատի մը անունը կեանքի բացուած գիրքին մէջ պիտի գրուի թէ ոչ, եւ Եհովայի նշանակած Դատաւորը ասոր մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։

12 Արդ, ի՞նչ պայմանաւ անհատի մը անունը պիտի գրուի այդ ժամանակ բացուած կեանքի գրքին մէջ։ Բանալի ազդակը պիտի ըլլայ այն ինչ որ էր Ադամի ու Եւայի օրերուն՝ Եհովայի հանդէպ հնազանդութիւն։ Ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ գրեց հաւատակից Քրիստոնեաներուն. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։4-7, 17) Հնազանդութեան հարցին մէջ, Եհովայի նշանակած Դատաւորը օրինակ հանդիսացաւ. «Թէպէտ [Յիսուս] Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։ Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ»։—Եբրայեցիս 5։8, 9

Ուրիշ Գիրքեր կը Բացուին

13. Յարուցեալները ի՞նչպէս ցոյց պիտի տան իրենց հնազանդութիւնը, եւ անոնք ի՞նչ սկզբունքներու պէտք է հետեւին։

13 Այս յարուցեալները իրենց հնազանդութիւնը ի՞նչպէս ցոյց պէտք է տան։ Յիսուս երկու մեծ պատուիրաններ նշեց, ըսելով. «Առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։ (Մարկոս 12։29-31) Անոնք Եհովայի լաւ կերպով հաստատուած սկզբունքներուն ալ պէտք է հետեւին, հրաժարելով գողութենէն, ստախօսութենէն, մարդասպանութենէն, անբարոյութենէն ու նման բաներէ։—Ա. Տիմոթէոս 1։8-11. Յայտնութիւն 21։8

14. Ուրիշ ի՞նչ գիրքեր կը բացուին եւ անոնք ի՞նչ կը պարունակեն։

14 Սակայն, Յովհաննէս տակաւին նոր յիշեց որ ուրիշ գիրքեր պիտի բացուին Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (Յայտնութիւն 20։12) Ի՞նչ են այդ գիրքերը։ Եղած է ժամանակներ, երբ Եհովա մասնայատուկ հրահանգներ տուած է որոշ պարագաներու համար։ Օրինակ, Մովսէսի օրերուն, ան մանրամասնուած օրէնքներու շարք մը տուաւ, որ Իսրայելացիներուն կեանք պիտի նշանակէր՝ եթէ հնազանդէին։ (Բ. Օրինաց 4։40. 32։45-47) Առաջին դարուն, նոր հրահանգներ տրուեցան, որպէսզի հաւատարիմները կարենային քրիստոնէական իրերու դրութեան ներքեւ Եհովայի սկզբունքներուն հետեւիլ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննու 13։34. 15։9, 10) Արդ, Յովհաննէս կը տեղեկագրէ որ «գրքերուն մէջ գրուածներէն մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ»։ Ուստի, ըստ երեւոյթին, այս գիրքերը բացուելով, հազարամեայի ընթացքին մանրամասնուած կերպով պիտի հրատարակուին այն ինչ որ Եհովա կը պահանջէ մարդոցմէ։ Այդ գիրքերուն կանոններն ու պատուիրանները իրենց կեանքին մէջ կիրառելով, հնազանդ մարդիկ պիտի կարենան իրենց օրերը երկարել ու վերջապէս յաւիտենական կեանքի հասնիլ։

15. Յարութեան ժամանակ, դաստիարակչական ի՞նչպիսի արշաւի կարիքը պիտի ըլլայ, եւ հաւանաբար յարութիւնը ի՞նչպէս պիտի ընթանայ։

15 Աստուածպետական դաստիարակութեան ի՜նչ ընդարձակ արշաւի մը կարիքը պիտի ըլլայ։ 2006–ին, համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները միջին հաշուով 6,286,618 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէին տարբեր վայրերու մէջ։ Բայց յարութեան ընթացքին, անկասկած միլիառաւոր ուսումնասիրութիւններ պիտի վարուին Աստուածաշունչին եւ նոր գիրքերուն հիման վրայ։ Աստուծոյ բոլոր ծառաները ուսուցիչներ պիտի ըլլան եւ այս գործով պիտի զբաղին։ Յարուցեալներն ալ իրենց կարգին յառաջդիմելով, անշուշտ պիտի մասնակցին ուսուցումի այս ընդարձակ յայտագրին։ Հաւանաբար, յարութիւնը այնպիսի կերպով մը պիտի ըլլայ, որ ողջ եղողները ուրախութիւնը կարենան ունենալ իրենց ընտանիքի նախկին անդամներուն ու ծանօթներուն բարի գալուստ մաղթելու եւ անոնց սորվեցնելու, իսկ անոնք իրենց կարգին՝ նոյնը պիտի ընեն ուրիշներուն։ (Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 15։19-28, 58) Ներկայիս վեց միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներ ջանադրութեամբ ճշմարտութիւնը կը տարածեն՝ յարութեան ժամանակ առանձնաշնորհումներ ունենալու յոյսով, հիմակուընէ լաւ հիմ մը կը դնեն։—Եսայեայ 50։4. 54։13

16. (ա) Կեանքի գրքին կամ գալարին մէջ որո՞նց անունները պիտի չգրուին։ (բ) Որո՞նց յարութիւնը «կեանք»ի յարութիւն պիտի ըլլայ։

16 Երկրային յարութեան նկատմամբ, Յիսուս ըսաւ որ «անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» դուրս պիտի գան։ Հոս «կեանք»ը եւ ‘դատապարտութիւնը’ հակադրուած են իրարու հետ, ցոյց տալով որ յարուցեալներէն անոնք որոնք ներշնչուած Աստուածաշունչէն եւ գիրքերէն սորվելէ ետք ‘չար գործեն’, կեանքի անարժան պիտի դատուին։ Անոնց անունները պիտի չգրուին կեանքի գրքին կամ գալարին մէջ։ (Յովհաննու 5։29) Նոյնը պիտի ըլլայ անոնց պարագան, որոնք նախապէս հաւատարիմ ընթացքի մը հետեւած են, բայց պատճառով մը կը մոլորին Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ Անունները կրնան սրբուիլ։ (Ելից 32։32, 33) Իսկ անոնք որոնք հնազանդօրէն կը հետեւին գիրքերուն մէջ գրուածներուն, իրենց անունները կեանքի գրքին մէջ գրուած պիտի մնան եւ պիտի շարունակեն ապրիլ։ Անոնց համար, յարութիւնը «կեանք»ի յարութիւն մը պիտի ըլլայ։

Մահուան ու Հատէսին Վախճանը

17. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ սքանչելի արարք մը կը նկարագրէ։ (բ) Հատէսը ե՞րբ կը պարպուի։ (գ) Ադամական մահը ե՞րբ ‘կրակի լիճին մէջ կը ձգուի’։

17 Անկէ ետք, Յովհաննէս իրապէս սքանչելի բան մը կը նկարագրէ. «Եւ մահը ու դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։ Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 20։14, 15) Հազարամեայ Դատաստանի Օրուան վերջաւորութեան, «մահը ու Հատէսը» ամբողջովին կը վերցուին։ Ասոր համար ինչո՞ւ հազար տարի պէտք է։ Հատէսը, մարդկութեան հասարակաց գերեզմանը, կը պարպուի, երբ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուած վերջին անհատը յարուցանուի։ Բայց այնքան ատեն որ մարդիկ ժառանգուած մեղքով արատաւորուած են, Ադամական մահը անոնցմէ պիտի չբաժնուի։ Երկրի վրայ բոլոր յարուցանուածները, ինչպէս նաեւ Արմագեդոնէն վերապրած մեծ բազմութիւնը, պէտք է հնազանդին գիրքերուն մէջ գրուածներուն, մինչեւ որ Յիսուսի փրկանքի արժանիքը կիրառուելով, ամբողջովին վերցնէ հիւանդութիւնը, ծերութիւնը եւ ժառանգուած որեւէ տկարութիւն։ Այն ատեն Ադամական մահն ու Հատէսը, ‘կրակի լիճին մէջ կը ձգուին’։ Անոնք յաւիտեան գացած պիտի ըլլան։

18. (ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս կը նկարագրէ Յիսուսի որպէս Թագաւոր յաջողութեամբ իշխելը։ (բ) Երբ մարդկային ընտանիքը կատարելութեան հասնի, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։ (գ) Հազարամեայի վերջաւորութեան ուրիշ ի՞նչ բաներ տեղի կ’ունենան։

18 Այս կերպով, Կորնթացիներուն նամակին մէջ Պօղոս առաքեալի նկարագրածը պիտի ամբողջանայ. «Վասն զի [Յիսուս] պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ [Ադամական] մահն է»։ Անկէ ետք ի՞նչ։ «Երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը»։ Ուրիշ խօսքով, Յիսուս «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։24-28) Այո, Յիսուս իր փրկանքի զոհին արժէքին շնորհիւ Ադամական մահուան յաղթած ըլլալով, իր Հօրը՝ Եհովայի պիտի վերադարձնէ մարդկային կատարելութեան հասած ընտանիք մը։ Հաւանաբար այս ատեն է որ՝ հազարամեայի վերջաւորութեան, Սատանան պիտի արձակուի եւ վերջին փորձը տեղի պիտի ունենայ, որոշելու համար թէ որո՛նց անունները մշտատեւ պիտի արձանագրուին կեանքի գրքին մէջ։ ‘Ջանք ըրէք’, որպէսզի ձեր անունն ալ անոնց մէջ գտնուի։—Ղուկաս 13։24. Յայտնութիւն 20։5

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Ծովէն յարուցանուողներուն մէջ պիտի չըլլան Նոյի օրուան Ջրհեղեղով բնաջնջուած երկրի ապականած բնակիչները։ Այդ կործանումը վերջնական էր, ինչ որ պիտի ըլլայ պարագան մեծ նեղութեան ընթացքին Եհովայի գործադրելիք դատաստանին։—Մատթէոս 25։41, 46. Բ. Պետրոս 3։5-7

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 298]

Յարուցանուած «մեղաւորներուն» անուններն ալ կեանքի գրքին մէջ կրնան գրուիլ, եթէ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին բացուած գիրքերուն հնազանդին