Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը—Անոր փառաւոր յանգո՛ւմը

Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը—Անոր փառաւոր յանգո՛ւմը

Գլուխ 26

Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը—Անոր փառաւոր յանգո՛ւմը

1. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը տեղեկացնէ մեզի որ սրբազան խորհուրդը կատարուած է։ (բ) Հրեշտակային բանակները ինչո՞ւ բարձրաձայն կը խօսին։

 ԿԸ ՅԻՇԷ՞Ք Յայտնութիւն 10։1, 6, 7–ի մէջ արձանագրուած զօրաւոր հրեշտակին երդուեալ ծանուցումը։ Ան նշեց. «Ա՛լ ժամանակ [«այլեւս ուշացում», Անթիլիաս] պիտի չըլլայ. հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ [«սրբազան», ՆԱ] խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց»։ Այդ վերջին փողը հնչեցնելու համար Եհովայի որոշած ժամանակը հասած է։ Արդ, սրբազան խորհուրդը ի՞նչպէս կը կատարուի։ Յովհաննէս մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ մեզի։ Ան կը գրէ. «Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. ‘Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից’»։ (Յայտնութիւն 11։15) Հրեշտակային այդ բանակները պատճառ ունին բարձր խօսելու, նոյնիսկ որոտալու։ Քանի որ պատմական այս ծանուցումը տիեզերական կարեւորութիւն ունի։ Անիկա կենսական է բոլոր կենդանի արարածներուն համար։

2. Ե՞րբ եւ ո՞ր դէպքով սրբազան խորհուրդը յաղթական աւարտ մը կ’ունենայ։

2 Սրբազան խորհուրդը իր ուրա՛խ յանգումին կը հասնի։ Անիկա փառաւոր եւ վեհաշուք կերպով իր յաղթական աւարտին կը հասնի 1914–ին, երբ Տէր Եհովա՝ իր Քրիստոսը կը թագադրէ որպէս ընկերակից Թագաւոր մը։ Իր Հօրը անունով գործելով, Յիսուս Քրիստոս կը սկսի գործօն կերպով իշխել մարդկային թշնամական աշխարհին մէջ։ Որպէս խոստացեալ Սերունդը, ան Թագաւորութեան հեղինակութիւն կը ստանայ, Օձը եւ իր սերունդը ջախջախելու եւ այս երկրի վրայ դրախտային խաղաղութիւն մը հաստատելու համար։ (Ծննդոց 3։15. Սաղմոս 72։1, 7) Մեսիական Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս պիտի կատարէ Եհովայի Խօսքը եւ պիտի ջատագովէ իր Հայրը՝ «յաւիտենական թագաւոր»ը, որ «յաւիտեանս յաւիտենից» պէտք է իշխէ որպէս Գերիշխան Տէր։—Ա. Տիմոթէոս 1։17

3. Եհովա Աստուած միշտ Թագաւոր ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ երկրի վրայ ուրիշ գերիշխանութիւններ գոյութիւն ունենան։

3 Բայց ի՞նչպէս «աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը»՝ Եհովայի եղան։ Եհովա Աստուած միշտ Թագաւոր չէ՞ եղած։ Անշուշտ եղած է, քանի որ Ղեւտացի Ասափ երգեց. «Սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է»։ Իսկ ուրիշ սաղմոսերգու մը բացագանչեց. «Տէրը կը թագաւորէ։ . . . Քու աթոռդ հինէն հաստատ է. յաւիտենական ես դուն»։ (Սաղմոս 74։12. 93։1, 2) Սակայն իր իմաստութեամբ, Եհովա թոյլ տուած է որ երկրի վրայ ուրիշ գերիշխանութիւններ ալ գոյանան։ Այս կերպով այն հարցը որ Եդեմի մէջ յարուցուած էր, ըստ որու մարդը կրնար ինքզինք կառավարել առանց Աստուծոյ թէ ոչ՝ լիովին փորձարկուեցաւ։ Մարդկային իշխանութիւնը ջախջախիչ կերպով ձախողած է։ Արդարեւ ճշմարիտ են Աստուծոյ մարգարէին խօսքերը. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Մեր առաջին ծնողքին մեղանչելէն ի վեր, ամբողջ մարդկութիւնը «առաջին օձ»ին՝ Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եկած է։ (Յայտնութիւն 12։9. Ղուկաս 4։6) Արդ, հիմա արմատական փոփոխութեան ժամանակն է։ Իր արդարացի դիրքը ջատագովելու համար, Եհովա կը սկսի իր գերիշխանութիւնը նոր կերպով մը ի գործ դնել երկրի վրայ, իր նշանակած Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ։

4. Երբ 1922–ին փողերուն հնչուիլը սկսաւ, ի՞նչ բանի վրայ ուշադրութիւն դարձուեցաւ. բացատրեցէք։

4 Երբ եօթը փողերուն ձայնը սկսաւ հնչել 1922–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաժողովին, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ դասախօսութիւն մը տուաւ, որ հիմնուած էր՝ «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է» համարին վրայ։ (Մատթէոս 4։17) Ան հետեւեալ բառերով եզրափակեց. «Ուստի վերադարձէք դաշտ, ո՛վ բարձրեալ Աստուծոյ որդիներ։ Սպառազինուեցէ՛ք։ Զգաստ եղէք, արթուն եղէք, գործունեայ եղէք, քաջասիրտ եղէք։ Տէրոջ համար հաւատարիմ ու ճշմարիտ վկաներ եղէք։ Պայքարը շարունակեցէք մինչեւ Բաբելոնի ամէն հետք չքանայ։ Ամէնուրեք ծանուցանեցէք պատգամը։ Աշխարհ պէտք է գիտնայ թէ Եհովա է Աստուած եւ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ թագաւորներուն Թագաւորը եւ տէրերուն Տէրն է։ Ասիկա կարեւորագոյն օրն է։ Ահաւասիկ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր մունետիկներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր Թագաւորութիւնը»։ Ուշադրութիւնը Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ դարձուեցաւ եւ ասիկա մեծ թափ մը տուաւ Թագաւորութեան քարոզչութեան, որուն մաս կը կազմէին հրեշտակներու կողմէ հնչուած եօթը փողերուն ծանուցանած դատաստանները։

5. 1928–ին ի՞նչ պատահեցաւ Աստուածաշունչի Աշակերտներու համաժողովին, որ եօթներորդ փողին հնչուիլը ընդգծեց։

5 Եօթներորդ հրեշտակին փողին հնչումը իր արձագանգը գտաւ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաժողովին ուշագրաւ դէպքերով, որ տեղի ունեցաւ Տիթրոյթի մէջ, Միշիկըն, 30 Յուլիսէն 6 Օգոստոս, 1928–ին։ Այդ ժամանակ ձայնասփիւռի 107 կայաններ կապուած էին, զոր Տը Նիու Եորք Թայմզ–ը նկարագրեց, որպէս ‘պատմութեան ամենատարածուն եւ ամենածախսալից միացուած ձայնասփռումը’։ Համաժողովին խանդավառութեամբ որդեգրուեցաւ՝ «Սատանայի Դէմ եւ Եհովայի Համար Յայտարարութիւն» մը, որ կը նշէր որ Արմագեդոնին Սատանան եւ իր ամբարիշտ կազմակերպութիւնը պիտի տապալին, իսկ բոլոր արդարութիւն սիրողները պիտի ազատագրուին։ Այս համաժողովին, Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները ուրախութեամբ ստացան Կառավարութիւն խորագրով 368 էջնոց գիրք մը։ Ասիկա յստակօրէն ապացուցանեց որ «Աստուած իր Օծեալ Թագաւորը թագադրած է 1914–ին»։

Եհովա Զօրութիւն կ’Առնէ

6. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը տեղեկագրէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի թագադրուած ըլլալուն ծանուցումը։

6 Քրիստոս թագադրուած է Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ. ի՜նչ ուրախ ծանուցում մը։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով. ‘Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր’»։—Յայտնութիւն 11։16, 17

7. Եհովայի ի՞նչպէս գոհութիւն կը յայտնեն (ա) այլաբանական 24 երէցներուն երկրի վրայի մնացորդը. (բ) իրենց երկնային դիրքին յարուցուած այլաբանական 24 երէցները։

7 Եհովա Աստուծոյ այս գոհութիւն մատուցանողները 24 երէցներն են, որ Քրիստոսի օծեալ եղբայրները կը խորհրդանշեն, իրենց երկնային դիրքին մէջ։ 1922–էն ասդին, այս 144,000 օծեալներէն երկրի վրայ մնացորդ մը, փողերուն հնչումով սկսուած գործին մէջ ժրաջան մասնակցութիւն բերաւ։ Անոնք Մատթէոս 24։3–25։46–ի մէջի նշանին կարեւորութեան գիտակցեցան։ Սակայն, տէրունական օրուան սկիզբն իսկ, «մինչեւ մահ հաւատարիմ» մնացած իրենց ընկեր վկաները արդէն յարուցանուած եւ երկնքի մէջ իրենց դիրքերը գրաւած էին, այնպէս որ կրնային լման 144,000–ը ներկայացնել, իրենց երեսին վրայ իյնալով ու Եհովան մեծարելով։ (Յայտնութիւն 1։10. 2։10) Անոնք ո՜րքան երախտապարտ են որ իրենց Գերիշխան Տէրը չէր ուշացած իր սրբազան խորհուրդը վերջնական կերպով կատարելու։

8. (ա) Եօթներորդ փողին հնչուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ազգերուն վրայ։ (բ) Ազգերը իրենց բարկութիւնը որո՞նց դէմ արտայայտած են։

8 Միւս կողմէ, եօթներորդ փողին հնչուիլը ազգերուն ուրախութիւն չի բերեր։ Ա՛լ ժամանակը եկած է որ անոնք Եհովայի բարկութիւնը ճաշակեն։ Ինչպէս Յովհաննէս կը պատմէ. «Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները [«ոչնչացնելու երկրի կործանիչները», Երուսաղէմ]»։ (Յայտնութիւն 11։18) 1914–էն ի վեր, աշխարհի ազգերը իրենց զայրոյթը արտայայտած են իրարու, Աստուծոյ Թագաւորութեան, իսկ մանաւանդ՝ Եհովայի երկու վկաներուն, դէմ։—Յայտնութիւն 11։3

9. Ազգերը ի՞նչպէս երկիրը կործանած են, եւ Աստուած ի՞նչ որոշած է ընել այս ուղղութեամբ։

9 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազգերը երկիրը աւերած են իրենց յարատեւ պատերազմներով եւ գէշ տնօրինութեամբ։ Սակայն, 1914–էն ի վեր, այս աւերումը ահազանգային վիճակի հասած է։ Ընչաքաղցութեան եւ ապականութեան հետեւանքով անապատները ընդարձակած եւ արգասաբեր հողի հսկայական տարածութիւններ կորսուած են։ Թթուային անձրեւներ եւ շողարձակ ամպեր հսկայական շրջաններ քանդած են։ Ուտելիքի աղբիւրներ ապականած են։ Մեր շնչած օդն ու խմած ջուրը՝ վարակուած են։ Ճարտարարուեստական թափօնները երկրային ու ծովային կեանքին կը սպառնան։ Իսկ ատեն մը, գերուժերը սպառնացին կատարեալ կործանում բերել՝ կորիզային զէնքերով ամբողջ մարդկութիւնը բնաջնջելով։ Բարեբախտաբար, Եհովա ‘երկրի կործանիչները պիտի ոչնչացնէ’. ան դատաստան պիտի բերէ բոլոր հպարտ, անաստուած մարդոց վրայ, որոնք երկրի այս ցաւալի վիճակին պատասխանատու են։ (Բ. Օրինաց 32։5, 6. Սաղմոս 14։1-3) Հետեւաբար, Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ երրորդ վայով, այս յանցագործներէն հաշիւ պահանջուի։—Յայտնութիւն 11։14

Վա՜յ Կործանիչներուն

10. (ա) Ի՞նչ է երրորդ վայը։ (բ) Երրորդ վայը ի՞նչ կերպով տանջանքէն աւելին կը պատճառէ։

10 Ահաւասիկ երրորդ վայը։ Անիկա արագօրէն կու գայ։ Այս միջոցաւ է որ Եհովա կործանում պիտի բերէ իր «պատուանդան»ը եղող այս սիրուն երկիրը սրբապղծողներուն վրայ, ուր մենք կ’ապրինք։ (Եսայեայ 66։1) Այս երրորդ վայը շարժման մէջ կը դրուի Մեսիական Թագաւորութեան՝ Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին՝ կողմէ։ Աստուծոյ թշնամիները, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները, առաջին երկու վայերով տանջուեցան, գլխաւորաբար մարախներու եւ հեծելազօրքի պատուհասներուն որպէս հետեւանք. Բայց երրորդ վայը, զոր Եհովայի Թագաւորութիւնն է որ կը բերէ, տանջանքէն աւելին կը պատճառէ։ (Յայտնութիւն 9։3-19) Անիկա մարդկային կործանիչ ընկերութիւնը եւ անոր կառավարիչները մէջտեղէն վերցնող մահացու հարուածը կու տայ։ Ասիկա պիտի պատահի Արմագեդոնին, որպէս Եհովայի դատաստանին յանգումը։ Ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացաւ. «Այն թագաւորներուն [երկիրը քանդող կառավարիչներուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Վեհաշուք լերան մը նման, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տիրէ փառաւորուած երկրի մը վրայ, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելով եւ մարդկութեան յաւիտենական ուրախութիւն բերելով։—Դանիէլ 2։35, 44. Եսայեայ 11։9. 60։13

11. (ա) Մարգարէութիւնը ուրախ դէպքերու ի՞նչ շարք մը կը նկարագրէ։ (բ) Ի՞նչ շնորհք կը տրուի, ի՞նչպէս եւ որո՞ւ կողմէ։

11 Երրորդ վային կը հետեւի ուրախ դէպքերու շարք մը, որ տէրունական օրուան ընթացքին աստիճանաբար տեղի պիտի ունենան։ Անիկա ժամանակ մըն է, երբ ‘մեռելները պիտի դատուին եւ Աստուած իր ծառաները, մարգարէները եւ սուրբերը եւ իր անունէն վախցողները պիտի վարձատրէ’։ Ուրիշ խօսքով, մեռելները պիտի յարուցանուի՛ն։ Արդէն մահուան մէջ քնացող օծեալ սուրբերուն համար, անիկա տեղի կ’ունենայ տէրունական օրուան սկիզբի շրջանին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15-17) Յարմար ժամանակին, մնացեալ սուրբերը վայրկենական յարութեամբ անոնց կը միանան։ Ուրիշներ ալ պէտք է վարձատրուին, մէջը ըլլալով Աստուծոյ երբեմնի մարգարէները եւ Եհովայի անունէն վախցող բոլոր ծառաները, ըլլան անոնք մեծ նեղութենէն վերապրող մեծ բազմութեան անդամները, թէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին կեանքի բերուած «պզտիկ ու մեծ մեռելներ»ը։ Քանի որ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորը մահուան ու Հատէսին բանալիները ունի, իր թագաւորական իշխանութիւնը ճամբան կը բանայ որ ան յաւիտենական կեանք տայ բոլոր անոնց որոնք այդ թանկագին հայթայթումին կը տենչան։ (Յայտնութիւն 1։18. 7։9, 14. 20։12, 13. Հռովմայեցիս 6։22. Յովհաննու 5։28, 29) Երկնքի մէջ անմահ կեանք ըլլայ թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք, կեանքի այս պարգեւը Եհովայի կողմէ մեզի մատուցուած շնորհք մըն է, որու համար անկէ օգտուողները յաւիտեան երախտապարտ կրնան ըլլալ։—Եբրայեցիս 2։9

Ահաւասիկ Իր Ուխտին Տապանակը

12. (ա) Յայտնութիւն 11։19–ի համաձայն, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ երկնքի մէջ։ (բ) Ուխտի տապանակը ի՞նչ բանի խորհրդանիշը եղած էր, եւ Իսրայէլ Բաբելոն աքսորուելէն ետք անոր ի՞նչ պատահեցաւ։

12 Եհովա կ’իշխէ՛։ Իր Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, ան մարդկութեան հանդէպ իր գերիշխանութիւնը հոյակապ կերպով ի գործ կը դնէ։ Յովհաննէսի տեսածը ասիկա կը հաստատէ. «Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ անոր ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ»։ (Յայտնութիւն 11։19) Յայտնութիւն գրքին մէջ հոս միակ տեղն է ուր Աստուծոյ ուխտի տապանակը յիշուած է։ Տապանակը՝ Իսրայէլ ժողովուրդին մէջ Եհովայի ներկայութեան տեսանելի խորհրդանշանն էր։ Տաղաւարին ու հետագային Սողոմոնի կողմէ կառուցուած տաճարին մէջ, անիկա Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ կը պահուէր։ Բայց երբ Իսրայէլ Բաբելոն աքսորուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երուսաղէմը ամայացաւ եւ ուխտի տապանակը անյայտացաւ։ Ասիկա այն ատենն էր, երբ Դաւիթի տունէն ներկայացուցիչներ դադրեցան ‘Տէրոջը աթոռին վրայ իբր թագաւոր նստելէ’։—Ա. Մնացորդաց 29։23 *

13. Աստուծոյ ուխտի տապանակը Աստուծոյ երկնային սրբարանին մէջ տեսնուիլը ի՞նչ կը նշէ։

13 Արդ, աւելի քան 2,600 տարի ետք Տապանակը անգամ մը եւս կը տեսնուի։ Բայց Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ այս Տապանակը երկրային տաճարի մը մէջ չէ։ Անիկա Աստուծոյ երկնային սրբարանին մէջ է։ Անգամ մը եւս, Եհովա կ’իշխէ Դաւիթի արքայական շառաւիղէն եղող թագաւորի մը միջոցաւ։ Բայց այս անգամ, Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ երկնաւոր Երուսաղէմի մէջ թագադրուած է. Եհովայի դատաստանները գործադրելու համար բարձր ու նպաստաւոր դիրքէ մը։ (Եբրայեցիս 12։22) Յայտնութիւն գրքին յաջորդ գլուխները ասիկա պիտի պարզեն մեր առջեւ։

14, 15. (ա) Երբեմնի Երուսաղէմի մէջ, միայն ո՞վ կրնար տապանակը տեսնել եւ ինչո՞ւ։ (բ) Աստուծոյ երկնային տաճարի սրբարանին մէջ, իր ուխտի տապանակը որո՞նք կը տեսնեն։

14 Երբեմնի երկրային Երուսաղէմի մէջ, բոլոր Իսրայելացիները չէին տեսներ Տապանակը, ոչ իսկ տաճարին մէջ ծառայող քահանաները, քանի որ անիկա կը գտնուէր Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ, որ Սրբութիւն մասէն վարագոյրով մը բաժնուած էր։ (Թուոց 4։20. Եբրայեցիս 9։2, 3) Միայն Քահանայապետը կրնար տեսնել զայն, երբ տարեկան Քաւութեան Օրը Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնէր։ Սակայն, երբ երկնքի տաճարին սրբարանը կը բացուի, այլաբանական տապանակը ոչ միայն Եհովայի Քահանայապետը՝ Յիսուս Քրիստոս կը տեսնէ, այլ նաեւ՝ իր ենթաքահանաները, 144,000–ը, մէջը ըլլալով Յովհաննէսը։

15 Երկինք գացող առաջին յարուցուողները մօտէն կը տեսնեն այլաբանական այս տապանակը, քանի որ անոնք որպէս 24 երէցներուն մէկ մասը Եհովայի աթոռին շուրջ իրենց տեղերը գրաւած են։ Իսկ երկրի վրայ Յովհաննէս դասակարգը Եհովայի հոգիին կողմէ լուսաւորուած է, որպէսզի Իր հոգեւոր տաճարին մէջ Իր ներկայութիւնը ըմբռնէ։ Այս հոյակապ դէպքին նկատմամբ ընդհանուր մարդկութիւնը զգաստացնելու համար նշաններ ալ եղած են։ Յովհաննէսի տեսիլքը կը խօսի փայլակներու, ձայներու, որոտումներու եւ երկրաշարժի ու կարկուտի մասին։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 8։5) Ասոնք ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

16. Ի՞նչպէս փայլակներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ կարծր կարկուտ եղած են։

16 1914–էն ի վեր կրօնական ծիրէն ներս շատ մեծ տակնուվրայութիւններ եղած են։ Բարեբախտաբար, սակայն, այս «երկրաշարժ»ին ընկերակցած են Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան մասին յստակ պատգամ տուող անձնուէր անհատներու ձայներ։ Անոնք Աստուածաշունչէն ‘որոտանման ազդարարութիւններ’ հնչեցուցած են։ Փայլակներու նման, Աստուծոյ մարգարէական Խօսքէն հասկացողութեան լոյսեր տեսնուած եւ հրատարակուած են։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ ընդհանուր սուտ կրօնքին վրայ, աստուածային դատաստաններու կարծր «կարկուտ» տեղացած է։ Այս բոլորը մարդոց ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էին։ Դժբախտաբար սակայն, մարդոց մեծամասնութիւնը՝ Յիսուսի օրուան Երուսաղէմի մարդոց նման՝ չէ նշմարած Յայտնութիւն գրքին այս նշաններուն կատարումը։—Ղուկաս 19։41-44

17, 18. (ա) Եօթը հրեշտակներուն փողերուն հնչուիլը ի՞նչ պատասխանատուութիւն դրած է նուիրուած Քրիստոնեաներուն վրայ։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը։

17 Եօթը հրեշտակները կը շարունակեն իրենց փողերը հնչեցնել, երկրի վրայ պատմական դէպքեր նշելու համար։ Նուիրուած Քրիստոնեաները այս ծանուցումները աշխարհին յայտարարելու մեծ պատասխանատուութիւնը ունին։ Անոնք այս յանձնարարութիւնը մե՜ծ ուրախութեամբ կը կատարեն։ Ասիկա կը տեսնուի այն իրողութեամբ որ 20 տարուան մէջ (1987-2006), անոնք իրենց տարեկան քարոզչութեան ժամերը գրեթէ կրկնապատկած են. 739,019,286–էն հասցնելով 1,333,966,199–ի։ Իրապէս, «Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին բարի լուրը» «մինչեւ աշխարհի ծայրերը» կը հասնի։—Յայտնութիւն 10։7ՆԱ. Հռովմայեցիս 10։18

18 Մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան նպատակները կը շարունակուին քօղազերծուիլ, ուրիշ տեսիլքներ կը սպասեն մեզի։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Հռովմէացի պատմաբան Տակիտոս կը տեղեկագրէ թէ, երբ Երուսաղէմ գրաւուեցաւ Հ.Դ.Ա. 63–ին, եւ Գնեոս Պոմպեոս մտաւ տաճարին սրբարանը, տեսաւ որ ան պարապ էր։ Անոր մէջ ուխտի տապանակը չկար։—Տակիտոս՝ Պատմութիւն, 5.9

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 173]

Եհովայի փողանման դատաստաններու ծանուցումներէն ուշագրաւ կէտեր

1. 1922, Սիտըր Փոյնթ, Օհայօ. Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական, քաղաքական եւ մեծ առեւտրական առաջնորդներուն մարտահրաւէր, որ խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ ուրախութիւն բերելու մէջ իրենց թերացումը արդարացնեն։ Մեսիայի Թագաւորութիւնն է համայնաբոյժ բալասանը։

2. 1923, Լոս Անճէլոս, Քալիֆորնիա. «Բոլոր Ազգերը Դէպի Արմագեդոն կը Քալեն, Բայց Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը, խաղաղասէր «ոչխարներ»ուն կոչ ըրաւ որ մարդկութեան մահաբեր ծովէն հեռանան։

3. 1924, Գոլըմպըս, Օհայօ. Կղերականները կ’ամբաստանուին ինքնաբարձրացման եւ Մեսիայի Թագաւորութիւնը քարոզելը մերժելու իրենց կեցուածքին համար։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք է քարոզեն Աստուծոյ վրէժխնդրութիւնը եւ սգացող մարդկութիւնը՝ մխիթարեն։

4. 1925, Ինտիանաբոլիս, Ինտիանա. Յոյսի պատգամ մը, որ Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւոր խաւարը կը հակադրէ Թագաւորութեան բերելիք՝ խաղաղութեան, բարգաւաճութեան, առողջութեան, կեանքի, ազատութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան փայլուն խոստումին։

5. 1926, Լոնտոն, Անգլիա. Քրիստոնեայ Աշխարհի ու անոր կղերներուն վրայ մարախանման պատուհաս, որ երեւան կը հանէր թէ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը մերժեն եւ երկնային այդ կառավարութեան ծնունդը չեն ողջուներ։

6. 1927, Թորոնթօ, Գանատա. Հրաւէր մը, հեծելազօրքի մը կողմէ տրուած, մարդոց կոչ ընելով որ ‘կազմակերպուած Քրիստոնէութիւնը’ լքեն եւ սրտանց հպատակին Եհովա Աստուծոյ եւ իր Թագաւորին ու Թագաւորութեան։

7. 1928, Տիթրոյթ, Միշիկըն. Յայտարարութիւն մը Սատանայի դէմ եւ Եհովայի համար, որ յստակօրէն ցոյց կու տար թէ Աստուծոյ օծեալ Թագաւորը որ 1914–ին թագադրուած է, պիտի կործանէ Սատանայի ամբարիշտ կազմակերպութիւնը եւ մարդկութիւնը պիտի ազատագրէ։

[Շրջանակ՝ էջ 175]

Երկրին կործանումը

«Իւրաքանչիւր երեք երկվայրկեան, ոտնագնդակի դաշտի մը չափ արեւադարձային անտառ կ’անհետանայ։ . . . Նախնական անտառի մը կորուստով հազարաւոր բոյսեր եւ անասնական տեսակներ կը փճանան»։—Իլըսթրէյթըտ Էթլըս օֆ տը Ուըրլտ (Ռէնտ Մքնէլլի)

«Երկու հարիւր տարի բնակչութիւն հաստատուելէն ետք, [Մեծ Լիճերն] ալ աշխարհի մեծագոյն կոյուղիները եղած են»։—Տը Կլոպ էնտ Մէյլ (Գանատա)

Ապրիլ 1986–ին, Ուքրանիոյ մէջ, Չէրնոպիլի աթոմակայանի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումն ու կրակը «կորիզային ամենանշանակալից դէպքն էր . . . Հիրոշիմայի ու Նակազաքիի ռմբակոծումէն ի վեր», որ «ցարդ պայթած կորիզային բոլոր ռումբերէն ու փորձերէն աւելի, երկարատեւ շողարձակումներ արձակեց աշխարհի օդին, հողին եւ ջուրին մէջ»։—ՃԱՄԱ, Տը Նիու Եորք Թայմզ

Մինամաթայի մէջ, Ճափոն, քիմիական գործարան մը մէթիլմէրգիւր թափեց ծոցին մէջ։ Թափօններէն վարակուած ձուկեր եւ խեցեմորթներ ուտելը, Մինամաթայի հիւանդութիւնը (MD) յառաջացուցած է, «ջղային երկարատեւ հիւանդութիւն մը։ . . . Ցարդ (1985), ամբողջ Ճափոնի մէջ 2,578 անհատներու այս հիւանդութենէն վարակուած ըլլալը պաշտօնապէս ստուգուած է»։—Ինթըրնէշընլ Ճըրնըլ օֆ Էփիտէմիոլոճի

[Շրջանակ՝ էջ 176]

Ծանրակշիռ ծանուցումները, որոնք կը գտնուին Յայտնութիւն 11։15-19–ի մէջ, յաջորդող տեսիլքներուն ներածականներն են։ Յայտնութիւն 12–րդ գլուխը, Յայտնութիւն 11։15, 17–ի հոյակապ ծանուցումներուն մանրամասնութեանց վրայ լոյս կը սփռէ։ 13–րդ գլուխը, 11։18–ին գետինը կը պատրաստէ, քանի որ երկիրը քանդած Սատանայի քաղաքական կազմակերպութեան ծագումը եւ զարգացումը կը նկարագրէ։ 14 եւ 15–րդ գլուխները աւելի մանրամասնութիւններ կու տան, Թագաւորութեան դատաստաններուն մասին, որոնք կապ ունին եօթներորդ փողի հնչուելուն եւ երրորդ վային հետ։

[Նկարներ՝ էջ 174]

Եհովա պիտի ‘ոչնչացնէ երկրի կործանիչները’