Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բաբելոնի վախճանին համար ողբ եւ ուրախութիւն

Բաբելոնի վախճանին համար ողբ եւ ուրախութիւն

Գլուխ 37

Բաբելոնի վախճանին համար ողբ եւ ուրախութիւն

1. «Երկրի թագաւորները» ի՞նչպէս պիտի հակազդեն Մեծն Բաբելոնի յանկարծական կործանումին։

 ԲԱԲԵԼՈՆԻ վախճանը բարի լուր մըն է Եհովայի ժողովուրդին համար, բայց ազգերը ի՞նչպէս կը նկատեն զայն։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան, պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ, երբ ատոր հրկիզումին ծուխը տեսնեն։ Ատոր տանջանքին վախէն հեռուն պիտի կայնին ու ըսեն. ‘Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մեծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, որ մէկ ժամու մէջ եկաւ քու դատաստանդ’»։—Յայտնութիւն 18։9, 10

2. (ա) Քանի որ կարմիր գազանին տասը եղջիւրները կը կործանեն Մեծն Բաբելոնը, ինչո՞ւ «երկրի թագաւորները» կ’ողբան անոր վախճանը։ (բ) Վշտահար թագաւորները ինչո՞ւ դատապարտուած քաղաքէն հեռու կը կենան։

2 Քանի որ Բաբելոնը կարմիր գազանին այլաբանական տասը եղջիւրներուն կողմէ կը կործանուի, ազգերուն հակազդեցութիւնը կրնայ զարմանալի թուիլ։ (Յայտնութիւն 17։16) Բայց երբ Բաբելոնը մէջտեղէն վերցուի, «երկրի թագաւորները» բացայայտօրէն պիտի անդրադառնան որ ան ժողովուրդները հանդարտ ու հնազանդ պահելուն կը նպաստէր։ Կղերները պատերազմները կը սրբացնէին, զինակոչի որպէս գործակալներ կը ծառայէին եւ կը քարոզէին որ երիտասարդները պատերազմի դաշտ երթան։ Կրօնքը սրբութեան պաստառ մը հայթայթած էր, որուն ետին պահուըտած պիղծ կառավարիչներ հասարակ ժողովուրդը կը հարստահարէին։ (Համեմատել՝ Երեմեայ 5։30, 31. Մատթէոս 23։27, 28) Սակայն նշմարեցէք որ այս վշտահար թագաւորները հիմա դատապարտուած քաղաքէն հեռու կեցած են։ Անոնք ո՛չ կը մօտենան եւ ոչ ալ օգնութեան կը փութան։ Անոնք տխուր են որ ան չքացաւ, բայց անոր համար իրենք զիրենք վտանգի տակ դնելու չափ չէ։

Վաճառականները կ’Ողբան եւ Սուգ կ’Ընեն

3. Մեծն Բաբելոնի չքանալուն համար որո՞նք ալ ցաւ կը զգան եւ ըստ Յովհաննէսի, ի՞նչ են պատճառները։

3 Մեծն Բաբելոնի չքացուելուն վրայ միայն թագաւորները չեն որ ցաւ կը զգան։ «Ու երկրին վաճառականները պիտի ողբան ու սուգ ընեն անոր վրայ. վասն զի ալ մէ՛կը ծախու պիտի չառնէ անոնց վաճառքը, ոսկիի ու արծաթի եւ պատուական քարերու ու մարգարիտներու եւ բեհեզի ու ծիրանիի եւ մետաքսի ու որդան կարմիրի վաճառքը եւ խունկի փայտերը ու փղոսկրեայ ամանները եւ պատուական փայտէ ու պղնձէ եւ երկաթէ ու մարմարիոնէ ամանները եւ կինամոնը [ու ամոմոնը] եւ խունկերը ու անուշահոտ իւղը ու կնդրուկը եւ գինին ու ձէթը եւ նաշիհը ու ցորենը եւ արջառները ու ոչխարները եւ ձիերը ու կառքերը եւ մարմինները ու մարդոց հոգիները։ Եւ քու [Մեծն Բաբելոնի] հոգիիդ ցանկացած պտուղները քեզմէ գացին ու բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները քեզմէ կորսուեցան եւ ալ բնաւ պիտի չգտնես զանոնք»։—Յայտնութիւն 18։11-14

4. «Վաճառականները» ինչո՞ւ կ’ողբան ու սուգ կ’ընեն Մեծն Բաբելոնի վախճանին համար։

4 Այո, Մեծն Բաբելոնը հարուստ վաճառականներուն մտերիմ բարեկամը եւ լաւ յաճախորդն էր։ Օրինակ, Քրիստոնեայ Աշխարհի վանքերը, մայրապետանոցները եւ եկեղեցիները դարերու ընթացքին հսկայական քանակութեամբ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, արժէքաւոր փայտեր եւ նիւթական ուրիշ հարստութիւններ ձեռք ձգած են։ Ասկէ զատ, կրօնքը օրհնած է Քրիստոսը անպատուող Ծննդեան Տօնին եւ ուրիշ այդպէս կոչուած սուրբ օրերուն ընկերակցող անսանձ դրամի մսխումը եւ գինարբութիւնները։ Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարներ հեռաւոր երկիրներէն ներս մտած են, այս աշխարհի «վաճառականներ»ուն համար նոր շուկաներ բանալով։ ԺԷ. դարու Ճափոնի մէջ, առեւտրականներու կողմէ եկած Կաթողիկէութիւնը նոյնիսկ աւատական կռիւներու մասնակից եղած է։ Օսագայի դղեակի պատերուն ներքեւ վճռական կռիւի մը մասին տեղեկագրելով, Պրիթանիքա Համայնագիտարանը կը նշէ. «Թոգուկավայի խումբերը թշնամիի մը դիմաց գտնուեցան, որուն դրօշակները խաչ, եւ Փրկչին ու Սբ. Յակոբին՝ Սպանիոյ մեծագոյն սուրբին, պատկերները կը կրէին»։ Յաղթական հակադիր խումբը հալածեց եւ գրեթէ ոչնչացուց Կաթողիկէութիւնը այդ երկրին մէջ։ Ներկայիս, աշխարհային գործերու մէջ եկեղեցիին բերած մասնակցութիւնը, նմանապէս որեւէ օգուտ պիտի չբերէ իրեն։

5. (ա) Երկնքէն եկած ձայնը «վաճառականներ»ուն ողբին մասին յաւելեալ ի՞նչ նկարագրութիւն կու տայ։ (բ) Ինչո՞ւ վաճառականներն ալ ‘հեռուն կը կայնին’։

5 Երկինքէն եկած ձայնը կը շարունակէ ըսել. «Այս բաներուն վաճառականները, որոնք անկէ հարստացած էին, հեռուն պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սուգ ընելով ու պիտի ըսեն. ‘Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, որ բեհեզ ու ծիրանի եւ որդան կարմիր հագած էիր ու ոսկիով եւ պատուական քարերով ու մարգարիտներով զարդարուած էիր, վասն զի այնքան հարստութիւնը մէկ ժամու մէջ փճացաւ’»։ (Յայտնութիւն 18։15-17ա) Երբ Մեծն Բաբելոնը կործանի, «վաճառականները» պիտի ողբան առեւտրական այդ լծակիցին կորուստին վրայ։ Իրապէս ալ իրենց համար «վա՜յ, վա՜յ» պիտի ըլլայ։ Բայց նկատի առէք որ անոնց ողբալուն պատճառները ամբողջովին անձնասիրական է եւ թէ անոնք թագաւորներուն նման՝ ‘հեռուն կը կայնին’։ Անոնք շատ չեն մօտենար որ որեւէ կերպով օգնութեան հասնին Մեծն Բաբելոնի։

6. Երկնքէն եկած ձայնը ի՞նչպէս կը նկարագրէ նաւավարներուն ու նաւաստիներուն ողբը, եւ անոնք ինչո՞ւ կու լան։

6 Տեղեկութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Նաւավարները եւ այն ամէնքը, որ նաւով տեղ կ’երթան ու նաւաստիները եւ որոնք որ ծովու մէջ կը բնակին, հեռուն կայնեցան։ Եւ տեսնելով անոր հրկիզումին ծուխը՝ կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Ո՞վ նման է այս մեծ քաղաքին’։ Իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին եւ լալով ու սուգ ընելով՝ աղաղակեցին, ըսելով. ‘Վա՜յ, վա՜յ այն մե՛ծ քաղաքին, որուն մէջ իր պատուականութենէն հարստացան ամէնքը, որոնք նաւեր ունէին ծովուն վրայ. վասն զի մէկ ժամու մէջ ամայացաւ’»։ (Յայտնութիւն 18։17բ-19) Վաղեմի Բաբելոնը առեւտրական քաղաք մըն էր եւ մեծ նաւատորմ մը ունէր։ Մեծն Բաբելոնն ալ իր ժողովուրդին «շատ ջուրեր»ով շատ առեւտուր կ’ընէ։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ իր ենթականերէն շատեր գործ ունենան։ Մեծն Բաբելոնի կործանումը տնտեսական ի՜նչ մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ անոնց համար։ Անոր նման եկամուտի աղբիւր մը ա՛լ բնաւ պիտի չգտնեն։

Անոր Բնաջնջումին Համար Ուրախութիւն

7, 8. Երկինքէն եկած ձայնը Մեծն Բաբելոնի մասին իր պատգամը ի՞նչպէս գագաթնակէտի մը կը հասցնէ, եւ որո՞նք պիտի ընդառաջեն այդ խօսքերուն։

7 Երբ վաղեմի Բաբելոնը տապալեցաւ Մարերու ու Պարսիկներու կողմէ, Երեմիան մարգարէաբար ըսաւ. «Երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան [«ցնծան», Արարատ]»։ (Երեմեայ 51։48) Երբ Մեծն Բաբելոնը կործանի, երկինքէն եկած ձայնը իր պատգամը գագաթնակէտի մը կը հասցնէ, անոր մասին ըսելով. «Ուրախացէ՛ք անոր վրայ, երկինք ու սուրբ առաքեալներ եւ մարգարէներ, որ Աստուած ձեր վրէժը անկէ առաւ»։ (Յայտնութիւն 18։20) Եհովան եւ հրեշտակները ուրախութեամբ պիտի դիտեն Աստուծոյ դարաւոր թշնամիին բնաջնջումը, ինչպէս նաեւ՝ առաքեալները եւ նախկին Քրիստոնեայ մարգարէները, որոնք մինչ այդ յարուցանուած եւ իրենց դիրքը գրաւած պիտի ըլլան, 24 երէցներու կարգադրութեան մէջ։—Համեմատել՝ Սաղմոս 97։8-12

8 Արդարեւ բոլոր «սուրբ»երը՝ ըլլան յարուցանուած ու երկինք գացած, թէ տակաւին երկրի վրայ՝ ուրախութեամբ պիտի աղաղակեն, անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան հետ։ Ժամանակի ընթացքին, երբեմնի բոլոր հաւատարիմները պիտի յարուցանուին իրերու նոր դրութեան մէջ, եւ անոնք ալ ուրախութեան մասնակից պիտի ըլլան։ Աստուծոյ ծառաները չեն փորձած վրէժ առնել սուտ կրօնքի հալածիչներէն։ Անոնք յիշած են Եհովայի խօսքերը. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը»։ (Հռովմայեցիս 12։19. Բ. Օրինաց 32։35, 41-43) Ահաւասիկ Եհովա կը հատուցանէ։ Մեծն Բաբելոնի կողմէ թափուած ամբողջ արեան վրէժը կ’առնուի։

Աղօրիքի Մեծ Քար մը կը Ձգուի

9, 10. (ա) Արդ, զօրաւոր հրեշտակ մը ի՞նչ կ’ընէ ու կ’ըսէ։ (բ) Յայտնութիւն 18։21–ի զօրաւոր հրեշտակին կատարածին նման ի՞նչ արարք տեղի ունեցաւ Երեմիայի ժամանակ, եւ անիկա ի՞նչ երաշխաւորեց։ (գ) Յովհաննէսի տեսած զօրաւոր հրեշտակին առած քայլը ի՞նչ կ’երաշխաւորէ։

9 Այժմ ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ, կը հաստատէ որ Մեծն Բաբելոնի վրայ Եհովայի դատաստանը վերջնական է. «Զօրաւոր հրեշտակ մը քար մը առաւ աղօրիքի մեծ քարի նման ու ծովը ձգեց՝ ըսելով. ‘Այսպէս ուժով վար պիտի ձգուի Բաբելոն մեծ քաղաքը ու ա՛լ պիտի չգտնուի’»։ (Յայտնութիւն 18։21) Երեմիայի օրերուն, մարգարէական շատ ծանր նշանակութիւն ունեցող նման արարք մը կատարուեցաւ։ Երեմիան ներշնչուեցաւ որպէսզի գրքի մը մէջ գրէ «Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները»։ Ան գիրքը Սարայիայի տուաւ եւ անոր ըսաւ որ Բաբելոն երթայ։ Հոն, Երեմիայի ըսածին հիման վրայ, Սարայիա քաղաքին դէմ հետեւեալ յայտարարութիւնը կարդաց. «Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ»։ Անկէ ետք, Սարայիան քար մը կապեց գրքին ու զայն Եփրատ Գետը նետեց, ըսելով. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով»։—Երեմեայ 51։59-64

10 Քարին կապուած գիրքը գետին մէջ նետելը երաշխիք մըն էր որ Բաբելոնը մոռացութեան պիտի մատնուէր, անգամ մըն ալ չապաքինելով։ Երբ Յովհաննէս կը տեսնէ որ զօրաւոր հրեշտակ մը նոյնանման արարք մը կը կատարէ, ասիկա ալ երաշխիք մըն է որ Մեծն Բաբելոնի նկատմամբ Եհովայի կամքը պիտի կատարուի։ Վաղեմի Բաբելոնի ներկայ ամբողջովին աւերուած վիճակը, զօրաւոր կերպով կը հաստատէ մօտ ապագային սուտ կրօնքին գլխուն գալիքը։

11, 12. (ա) Արդ, զօրաւոր հրեշտակը իր խօսքը ուղղելով Մեծն Բաբելոնին, ի՞նչ կ’ըսէ։ (բ) Երեմիա ի՞նչ մարգարէացաւ հաւատուրաց Երուսաղէմի մասին, եւ անիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեր օրերուն։

11 Արդ, զօրաւոր հրեշտակը իր խօսքը Մեծն Բաբելոնին կ’ուղղէ, ըսելով. «Եւ քնարահարներուն ու երաժիշտներուն եւ սրնգահարներուն ու փողոհարներուն ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ եւ ա՛լ վարպետ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ ու աղօրիքին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ եւ ճրագին լոյսը ա՛լ պիտի չերեւնայ քու մէջդ ու փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանզի քու վաճառականներդ երկրին մեծամեծներն էին. վասն զի քու կախարդութիւնովդ բոլոր ազգերը մոլորեցան»։—Յայտնութիւն 18։22, 23

12 Երեմիա նման արտայայտութիւններ գործածելով հաւատուրաց Երուսաղէմի մասին մարգարէացաւ. «Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։ Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ»։ (Երեմեայ 25։10, 11) Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր մասը կազմող Քրիստոնեայ Աշխարհը անկենդան աւերակի պիտի վերածուի, ինչպէս վառ կերպով պատկերացուած է Հ.Դ.Ա. 607–էն ետք Երուսաղէմի ամայացած վիճակով։ Քրիստոնեայ Աշխարհը որ ժամանակին անհոգ կերպով կը զուարճանար եւ ձայներով լեցուն էր, ինքզինք պարտուած եւ լքուած պիտի գտնէ։

13. Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ յանկարծական փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ իր «վաճառականներ»ուն վրայ։

13 Արդարեւ, ինչպէս հրեշտակը կ’ըսէ Յովհաննէսի, Մեծն Բաբելոնը ամբողջութեամբ պիտի դադրի հզօր, միջազգային կայսրութիւն մը ըլլալէ ու պիտի վերածուի անջրդի ու անապատային վայրի մը։ Անոր «վաճառականներ»ը, մէջը ըլլալով բարձրաստիճան միլիոնատէրերը, կրօնքը գործածած էին իրենց անձնական շահուն համար, կամ որպէս ծածկոյթ մը. իսկ կղերները շահաբեր նկատած էին անոնց հետ ուշադրութեան առարկայ դառնալը։ Սակայն այս վաճառականները այլեւս Մեծն Բաբելոնը որպէս մեղսակից պիտի չունենան։ Ան այլեւս պիտի չկարենայ իր կրօնական խորհրդաւոր սովորութիւններով երկրի ազգերուն աչքերը կապել։

Ահաւոր Արիւնապարտութիւն մը

14. Զօրաւոր հրեշտակը ի՞նչ պատճառ կու տայ Եհովայի դատաստանի խստութեան համար, իսկ Յիսուս ի՞նչ նման բան մը ըսաւ, երբ երկրի վրայ էր։

14 Զօրաւոր հրեշտակը եզրակացնելով, կ’ըսէ թէ Եհովա ինչո՛ւ այսքան խստօրէն կը դատէ Մեծն Բաբելոնը. «Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 18։24) Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Երուսաղէմի կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ որ անոնք հաշիւ պիտի տային ‘երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արեան համար, արդար Աբէլի արիւնէն’ սկսեալ։ Հետեւաբար, այդ խոտորած սերունդը բնաջնջուեցաւ Հ.Դ. 70–ին։ (Մատթէոս 23։35-38) Ներկայիս, կրօնականներու ուրիշ սերունդ մը Աստուծոյ ծառաները հալածելուն համար արիւնապարտութեան ներքեւ եկած է։

15. Նացի Գերմանիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ի՞նչ երկու պատճառներով արիւնապարտ էր։

15 Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Նացի Գերմանիան խորագրով իր գրքին մէջ, Կուէնթըր Լէուի կը գրէ. «13 Ապրիլին [1933], երբ Եհովայի Վկաները Պավարիոյ մէջ արգիլուեցան, Եկեղեցին իսկոյն ընդունեց Կրթական ու Կրօնական Նախարարութեան յանձնարարութիւնը, որ իրենց տեղեկացնէ, եթէ այդ աղանդէն ոեւէ անհատ տակաւին այդ արգիլուած կրօնքին կը հետեւի»։ Հետեւաբար, Կաթողիկէ Եկեղեցին ինքն ալ պատասխանատու է հազարաւոր Վկաներու կեդրոնացման ճամբարներու մէջ նետուելուն. անոր ձեռքերը սպաննուած հարիւրաւոր Վկաներուն արեան մէջ թաթախուած են։ Երբ երիտասարդ Վկաներ, ինչպէս Վիլհելմ Գուսըրօ, ցոյց տուին որ գնդակահարող ջոկատներու կողմէ մեռնելու քաջութիւնը ունէին, Հիթլեր որոշեց որ խղճմտանքի առարկուներու համար ասիկա շատ դիւրին մահ մըն էր. ուստի Վիլհելմի եղբայրը՝ Վոլֆկանկը, 20 տարեկան երիտասարդ մը, գլխատուեցաւ։ Նոյն միջոցին, Կաթողիկէ Եկեղեցին Գերմանացի երիտասարդները կը քաջալերէր որ իրենց հայրենիքի բանակին մէջ մեռնին։ Եկեղեցիին արիւնապարտութիւնը բացայայտ է։

16, 17. (ա) Ի՞նչ արիւնապարտութիւն պէտք է բեռցուի Մեծն Բաբելոնի ուսերուն վրայ, իսկ նացիական ջարդերուն սպաննուած Հրեաներուն պարագային Վատիկանը ի՞նչպէս արիւնապարտ դարձաւ։ (բ) Մեր օրերուն մղուած հարիւրաւոր պատերազմներուն մէջ միլիոնաւոր մարդոց սպանութեան համար սուտ կրօնքը ինչո՞ւ մեղադրելի է. պատճառ մը թուեցէք։

16 Սակայն, մարգարէութիւնը կ’ըսէ որ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը» Մեծն Բաբելոնէն պիտի պահանջուէր։ Ասիկա շատ ճիշդ է մեր օրերուն։ Օրինակ, քանի որ Կաթողիկէ եկեղեցին նենգամտօրէն օգնեց որ Հիթլեր իշխանութեան գլուխ անցնէր Գերմանիոյ մէջ, Վատիկանը մեծապէս արիւնապարտ է այն վեց միլիոն Հրեաներուն թափուած արեան, որոնք մեռան նացիական ջարդերուն։ Ասկէ զատ, մեր օրերուն, աւելի քան հարիւր միլիոն մարդիկ սպաննուած են մղուած հարիւրաւոր պատերազմներուն մէջ։ Կրնա՞նք սուտ կրօնքը մեղադրել ասոր համար։ Այո՛, եւ երկու պատճառով։

17 Պատճառներէն մէկը այդ է որ պատերազմներէն շատերը կրօնական երկպառակութեան հետեւանքն են։ Հնդկաստանի մէջ, զոր օրինակ, 1946-1948–ին Մահմետականներու եւ Հինտուներու միջեւ եղող բռնութիւնները, կրօնական բնոյթ ունէին։ Հարիւր հազարաւոր կեանքեր կորսուեցան։ 1980–ական թուականներուն Իրաքի եւ Իրանի միջեւ կռիւները աղանդական տարբերութիւններու հետ կապուած էին, որոնց ընթացքին հարիւր հազարաւորներ սպաննուեցան։ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ, Կաթողիկէներու եւ Բողոքականներու միջեւ բռնութիւնը հազարաւոր կեանքեր խլած է։ Այս հարցը զննելով, մամուլի տեսաբան Գ. Լ. Սալզպըրկըր 1976–ին ըսաւ. «Դժբախտաբար շիտակ է որ ներկայիս աշխարհի մէջ մղուած պատերազմներուն կէսը, կամ աւելին, կա՛մ ուղղակիօրէն կրօնական կռիւներ են եւ կամ կրօնական վէճերու առնչուած են»։ Արդարեւ, Մեծն Բաբելոնի ամբողջ խռովալից պատմութեան ընթացքին, պարագան ա՛յս եղած է։

18. Ի՞նչ երկրորդ պատճառով, աշխարհի կրօնքները արիւնապարտ են։

18 Իսկ երկրորդ պատճառը ի՞նչ է։ Եհովայի աչքին աշխարհի կրօնքները արիւնապարտ են, քանի որ անոնք համոզիչ կերպով իրենց ծուխերուն չեն սորվեցուցած թէ Եհովա իրապէս ի՛նչ կը պահանջէ իր ծառաներէն։ Անոնք մարդոց համոզիչ կերպով չեն սորվեցուցած թէ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները Յիսուս Քրիստոսը պէտք է ընդօրինակեն եւ իրարու հանդէպ սէր ցոյց տան, առանց նկատի առնելու անոնց ազգային ծագումը։ (Միքիայ 4։3, 5. Յովհաննու 13։34, 35. Գործք 10։34, 35. Ա. Յովհաննու 3։10-12) Քանի որ Մեծն Բաբելոնը կազմող կրօնքները այս բաները չեն սորվեցուցած, անոնց ծուխերը միջազգային պատերազմներու յորձանքով քշուած են։ Ասիկա ո՜րքան բացայայտ էր Ի. դարու առաջին կիսուն մղուած համաշխարհային երկու պատերազմներու մէջ, որոնց երկուքն ալ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ սկսան եւ պատճառ եղան որ հաւատակիցներ զիրար սպաննեն։ Եթէ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն բոլորը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչած ըլլային, այս պատերազմները բնաւ տեղի չէին ունենար։

19. Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ ահռելի արիւնապարտութիւն կը կրէ։

19 Եհովա այս ամէն արիւնահեղութիւնը կը բեռցնէ Մեծն Բաբելոնի ուսերուն վրայ։ Կրօնական առաջնորդները, մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի, եթէ իրենց ժողովուրդին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցուցած ըլլային, այսպիսի զանգուածային արիւնահեղութիւն բնաւ պիտի չկատարուէր։ Ուստի իրապէս, ուղղակի թէ անուղղակի, Մեծն Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը եւ մեծ պոռնիկը, պատասխան պէտք է տայ Եհովայի, ո՛չ միայն ‘մարգարէներուն ու սուրբերուն արեան’ համար, զորս հալածած եւ սպաննած է, այլ նաեւ՝ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն» արեան համար։ Մեծն Բաբելոնը իրապէս ահաւոր կերպով արիւնապարտ է։ Ի՜նչ մեծ ամոքում պիտի բերէ անոր վերջնական կործանումը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 270]

Զիջումներ ընելուն գինը

Կուէնթըր Լէուի, Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Նացի Գերմանիան խորագրով իր գրքին մէջ, կը գրէ. «Եթէ Գերմանիոյ Կաթողիկէութիւնը սկիզբէն իսկ Նացի վարչակարգին բացարձակ կերպով ընդդիմանալու քաղաքականութեան հետեւէր, աշխարհի պատմութիւնը հաւանաբար ուրիշ ուղղութիւն մը ստացած պիտի ըլլար։ Եթէ նոյնիսկ այս պայքարը Հիթլերը պարտութեան մատնելու ու անոր շատ մը ոճիրներուն արգելք ըլլալու մէջ ձախողէր, գոնէ Եկեղեցիին բարոյական վարկը չափէ դուրս պիտի բարձրացնէր։ Այսպիսի ընդդիմութիւն մը անժխտելիօրէն մարդկային զոհերու մեծ գին մը պիտի պահանջէր, բայց այդ զոհերը շատ վեհ նպատակի մը համար եղած պիտի ըլլային։ Երբ մայր երկրին մէջ ճակատը վստահելի չըլլար, Հիթլեր պիտի չհամարձակէր պատերազմի նետուիլ եւ բառացիօրէն միլիոնաւոր կեանքեր պիտի խնայուէին։ . . . Երբ հակա–Նացի հազարաւոր Գերմանացիներ մինչեւ մահ չարչարուեցան Հիթլերի կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, երբ Լեհ ինթէլիկէնցիա–ն ջարդուեցաւ, երբ հարիւր հազարաւոր Ռուսեր մարդոցմէ ստորին Սլաւներ նկատուելով սպաննուեցան, եւ երբ 6,000,000 անհատներ սպաննուեցան քանի որ ‘Արիական ցեղին’ չէին պատկաներ, Գերմանիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցիի պաշտօնեաները թիկունք կանգնեցան այդ ոճիրները գործող վարչաձեւին։ Հռովմի մէջ Պապը՝ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին հոգեւոր առաջնորդը եւ բարոյական գերագոյն ուսուցիչը, լո՛ւռ մնաց»։—Էջ 320, 341

[Նկար՝ էջ 268]

«Վա՜յ, վա՜յ», կ’ըսեն կառավարիչները

[Նկար՝ էջ 268]

«Վա՜յ, վա՜յ», կ’ըսեն վաճառականները