Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եահը փառաբանեցէք իր դատաստաններուն համար

Եահը փառաբանեցէք իր դատաստաններուն համար

Գլուխ 38

Եահը փառաբանեցէք իր դատաստաններուն համար

1. Յովհաննէս ի՞նչ կը լսէ, որպէս ‘շատ բազմութեան մեծ ձայն մը երկինքէն’։

 ՄԵԾՆ Բաբելոնը գոյութենէ դադրած է։ Ասիկա իրապէս ուրախ լուր մըն է։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս երկնքի մէջ ուրախութեան աղաղակներ կը լսէ։ «Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. ‘Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց’։ Եւ կրկին անգամ ըսին. ‘Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ’»։—Յայտնութիւն 19։1-3

2. (ա) «Ալէլուիա՜» բառը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ այս հանգրուանին Յովհաննէսի զայն երկու անգամ լսելը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (բ) Մեծն Բաբելոնը կործանելու փառքը որո՞ւ կ’երթայ. բացատրեցէք։

2 Իրապէս՝ Ալէլուիա՜. այս բառը կը նշանակէ «Փառաբանեցէք Եահը»։ «Եահ»ը Աստուծոյ անուան՝ Եհովայի կրճատուած ձեւն է։ Հոս կը յիշենք սաղմոսերգուին յորդորը. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜»։ (Սաղմոս 150։6) Յայտնութեան այս հանգրուանին, երբ Յովհաննէս կը լսէ որ երկնային երգչախումբը ցնծութեամբ երկու անգամ «Ալէլուիա՜» կ’երգէ, ասիկա ցոյց կու տայ աստուածային ճշմարտութեան շարունակական յայտնութիւնը։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն Աստուածը, նախկին Եբրայերէն Գրութիւններուն նոյն Աստուածն է, որու անունը Եհովա է։ Վաղեմի Բաբելոնի անկումը պատճառող Աստուածը, հիմա դատած ու կործանած է Մեծն Բաբելոնը։ Այս քաջագործութեան ամբողջ փառքը իրե՛ն պէտք է տրուի։ Անոր անկումը պատճառող զօրութիւնը Իրեն կը պատկանի. անիկա պէտք չէ վերագրել ազգերուն, զորս ինք որպէս գործիք գործածեց որ զինք կործանեն։ Միայն Եհովայի կը պարտինք փրկութիւնը։—Եսայեայ 12։2. Յայտնութիւն 4։10. 7։10, 12

3. Ինչո՞ւ մեծ պոռնիկը ա՛յսքան արժանի է այս դատաստանին։

3 Մեծ պոռնիկը ինչո՞ւ այս դատաստանին այսքան արժանի էր։ Նոյի՝ եւ անոր միջոցաւ ամբողջ մարդկութեան, տուած Եհովայի օրէնքին համաձայն, անգթօրէն արիւն թափելը մահուան դատավճիռին կ’արժանացնէ անհատը։ Իսրայէլի տուած Աստուծոյ Օրէնքին մէջ ասիկա դարձեալ կրկնուեցաւ։ (Ծննդոց 9։6. Թուոց 35։20, 21) Ասկէ աւելին, Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր շնութիւնը մահուան կ’արժանացնէր։ (Ղեւտացւոց 20։10. Բ. Օրինաց 13։1-5) Հազարաւոր տարիներէ ի վեր Մեծն Բաբելոնը արիւնապարտ եղած է եւ ան մեծ պոռնիկ մըն է։ Օրինակ, վարդապետներու ամուսնութիւնը արգիլող Կաթողիկէ Եկեղեցիին քաղաքականութիւնը պատճառ եղած է որ անոնցմէ շատեր լուրջ անբարոյութիւններ գործեն եւ անոնցմէ շատեր ներկայիս ԷՅՏԾ–ով վարակուած են։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Ա. Տիմոթէոս 4։1-3) Բայց անոր ‘մինչեւ երկինք հասած’ գլխաւոր մեղքերը իր հոգեւոր պոռնկութեան գայթակղեցուցիչ արարքներն են, զոր գործած է ստութիւններ սորվեցնելով եւ պիղծ քաղաքագէտներու հետ դաշնակցելով։ (Յայտնութիւն 18։5) Քանի որ ի վերջոյ պատիժը անոր վրայ եկաւ, երկնային բազմութիւնը երկրորդ Ալէլուիա՜ մը կը թնդացնէ։

4. Մեծն Բաբելոնի ծուխը «յաւիտեանս յաւիտենից» բարձրանալը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

4 Մեծն Բաբելոնը պարտուած քաղաքի մը նման հրկիզուած է եւ ‘անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից կ’ելլէ’։ Երբ յաղթող բանակները այրեն բառացի քաղաք մը, ծուխը կը շարունակէ բարձրանալ այնքան ատեն որ մոխիրները տակաւին տաք են։ Ոեւէ մէկը որ փորձէ զայն վերակառուցանել մինչ տակաւին կը մխայ, պիտի այրի աւերակներուն ներքեւ թաքցուած կրակէն։ Քանի որ Մեծն Բաբելոնի ծուխը «յաւիտեանս յաւիտենից» պիտի բարձրանայ, իր դատաստանին վերջնական ըլլալը խորհրդանշելով, ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ այդ անօրէն քաղաքը վերականգնեցնել։ Սուտ կրօնքը յաւիտեան չքացած է. արդարեւ՝ Ալէլուիա՜։—Համեմատել՝ Եսայեայ 34։5, 9, 10

5. (ա) 24 երէցներն ու չորս կենդանի արարածները ի՞նչ կ’ընեն ու կ’ըսեն։ (բ) Ալէլուիայի կրկներգը ինչո՞ւ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ երգուած Ալէլուիաներէն շա՜տ աւելի քաղցրահնչիւն է։

5 Նախորդ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս աթոռին շուրջ տեսաւ չորս կենդանի արարածներ, 24 երէցներուն հետ, որոնք Թագաւորութեան ժառանգորդները կը պատկերացնեն իրենց երկնային փառաւոր դիրքին մէջ։ (Յայտնութիւն 4։8-10) Հիմա անգամ մը եւս զանոնք կը տեսնէ, մինչ անոնք Մեծն Բաբելոնի կործանումին համար երրորդ Ալէլուիա՜ մը կը թնդացնեն. «Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. ‘Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜’»։ (Յայտնութիւն 19։4) Ալէլուիա՜յի այս հոյակապ կրկներգը, Գառնուկը փառաբանող «նոր երգ»ին վրայ յաւելում մըն է։ (Յայտնութիւն 5։8, 9) Արդ, անոնք կ’երգեն յաղթանակի հոյակապ կրկներգը, մեծ պոռնիկին՝ Մեծն Բաբելոնի վրայ վճռական յաղթանակ տարուած ըլլալուն ամբողջ փառքը Գերիշխան Տէր Եհովայի վերագրելով։ Այս Ալէլուիաները շատ աւելի քաղցրահնչիւն են, քան Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ երգուած որեւէ Ալէլուիա, ուր Եհովան կամ Եահը կ’անպատուեն եւ կը նախատեն։ Եհովայի անուան նախատինք բերող այսպիսի կեղծաւոր երգեցողութիւններ յաւիտեան պիտի լռեն։

6. Որո՞ւ «ձայն»ը կը լսուի, անիկա ի՞նչ կը յորդորէ եւ որո՞նք ասոր կ’ընդառաջեն։

6 1918–ին էր որ Եհովա սկսաւ վարձատրել ‘իր անունէն վախցողները, մեծերն ու պզտիկները’. առաջինները եղան օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք հաւատարիմ մեռած էին եւ որոնց յարուցանեց ու երկնքի մէջ 24 երէցներուն շարքին դասեց։ (Յայտնութիւն 11։18) Ուրիշներ անոնց կը միանան, Ալէլուիաներ երգելով, քանի որ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. ‘Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր’»։ (Յայտնութիւն 19։5) Ասիկա Եհովայի Խօսնակին, իր իսկ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի «ձայն»ն է, որ ‘աթոռին մէջտեղ կը կայնի’։ (Յայտնութիւն 5։6) Ոչ միայն երկնքի մէջ, այլ երկրի վրայ ալ, իր «բոլոր ծառաներ»ը կը մասնակցին երգեցողութեան, երկրի վրայ անոր գլուխը անցած ըլլալով Յովհաննէս դասակարգը։ Անոնք ի՜նչ մեծ ցնծութեամբ կը մասնակցին ասոր, «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք» հրամանին հնազանդելով։

7. Մեծն Բաբելոնը կործանելէ ետք, որո՞նք պիտի փառաբանեն Եհովան։

7 Այո, մեծ բազմութեան անդամներն ալ այս ծառաներուն մէջ հաշուըւած են։ 1935–էն ի վեր, անոնք Մեծն Բաբելոնէն դուրս եկած են եւ Աստուծոյ հետեւեալ խոստումին կատարումը տեսած են. «Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ, պզտիկները՝ մեծերուն հետ»։ (Սաղմոս 115։13) Երբ պոռնկանման Բաբելոնը կործանի, միլիոնաւորներ միանալով Յովհաննէս դասակարգին եւ երկնային բոլոր բանակներուն, ‘Աստուծոյ օրհնութիւն պիտի տան’։ Հետագային, երկրի վրայ յարուցուողներ, նախապէս կարկառուն եղած ըլլան կամ ոչ, երբ սորվին որ Մեծն Բաբելոնը յաւիտեան չքացած է, անկասկած ուրիշ Ալէլուիաներ պիտի երգեն։ (Յայտնութիւն 20։12, 15) Եհովա փառաբանութեան արժանի է, դարաւոր պոռնիկին վրայ իր տարած թնդացնող յաղթանակին համար։

8. Յովհաննէսի տեսած երկնային փառաբանութեան խմբերգները, Մեծն Բաբելոնի կործանումէն առաջ ի՞նչ ընելու պէտք է մղեն մեզ։

8 Այս բոլորը ի՜նչ դրդապատճառ մը կու տան մեզի, որպէսզի Աստուծոյ ներկայ գործին լիարժէք կերպով մասնակցինք։ Թող որ Եահի բոլոր ծառաները ոգի ի բռին մասնակցին Աստուծոյ դատաստանները եւ Թագաւորութեան հոյակապ յոյսը ծանուցանելու, հիմա՝ Մեծն Բաբելոնը գահընկէց ըլլալէ ու բնաջնջուելէ առաջ։—Եսայեայ 61։1-3. Ա. Կորնթացիս 15։58

‘Ալէլուիա՜, Եհովա կը Թագաւորէ’

9. Վերջին Ալէլուիան ինչո՞ւ լեցուն, հարուստ ձայնով կը թնդայ։

9 Ինչպէս Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել, ուրախանալու ուրիշ պատճառներ ալ կան. «Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. ‘Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց [«սկսաւ թագաւորել», ՆԱ]’»։ (Յայտնութիւն 19։6) Այս վերջին Ալէլուիան, եղած ծանուցումը քառակուսի կամ համաչափ կը դարձնէ։ Անիկա երկնային հզօր ձայն մըն է, մարդկային որեւէ խմբերգէ աւելի վեհաշուք, երկրային որեւէ ջրվէժէ աւելի շքեղ եւ երկրային որեւէ որոտումէ աւելի ահաւոր։ Երկնային բիւրաւոր ձայներ տօնախմբութեան մէջ են, քանի որ «մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը սկսաւ թագաւորել»։

10. Ի՞նչ առումով կրնայ ըսուիլ որ Եհովա կը սկսի թագաւորել Մեծն Բաբելոնի կործանումէն ետք։

10 Սակայն, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ Եհովա կը սկսի թագաւորել։ Հազարաւոր տարիներ առաջ սաղմոսերգուն ըսած էր. «Սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է»։ (Սաղմոս 74։12) Եհովայի թագաւորութիւնը արդէն այդ ատեն վաղուց եղած ըլլալով, տիեզերական երգչախումբը ի՞նչպէս կ’երգէ որ ‘Եհովա սկսաւ թագաւորել’։ Այդ առումով որ, երբ Մեծն Բաբելոնը բնաջնջուի, Եհովա որպէս Տիեզերքի Գերիշխան իրեն տրուելիք հնազանդութիւնը շեղեցնող այդ յաւակնոտ մրցակիցը այլեւս պիտի չունենայ։ Սուտ կրօնքը այլեւս պիտի չկարենայ երկրի կառավարիչները դրդել որ Իրեն հակառակին։ Երբ վաղեմի Բաբելոնը աշխարհի տիրապետութենէն ինկաւ, Սիօն հետեւեալ յաղթական ծանուցումը լսեց. «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։ (Եսայեայ 52։7) 1914–ին Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, 24 երէցները ծանուցանեցին. «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, . . . որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր»։ (Յայտնութիւն 11։17) Հիմա, Մեծն Բաբելոնի կործանումէն ետք, դարձեալ կը լսուի հետեւեալ աղաղակը. «Տէր Աստուածը սկսաւ թագաւորել»։ Մարդակերտ աստուած մը գոյութիւն չունի որ կարենայ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի գերիշխանութեան հակառակիլ։

Գառնուկին Ամուսնութիւնը Մօտ Է

11, 12. (ա) Վաղեմի Երուսաղէմը ի՞նչպէս արտայայտուած էր վաղեմի Բաբելոնի նկատմամբ. ասիկա ի՞նչ նախօրինակ մը ձգած է Նոր Երուսաղէմի ու Մեծն Բաբելոնի համար։ (բ) Մեծն Բաբելոնի վրայ տարուած յաղթանակին որպէս հետեւանք, երկնային բազմութիւններ ի՞նչ կ’երգեն եւ կը ծանուցանեն։

11 «Ո՛վ իմ թշնամիս»։ Ահա այս կերպով է որ կռապաշտ Բաբելոնի մասին արտայայտուեցաւ Երուսաղէմը, ուր կը գտնուէր Եհովայի պաշտամունքին տաճարը։ (Միքիայ 7։8) Նոյն կերպով, հարսը կազմող 144,000 անդամներէն բաղկացած «սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը», ամէն պատճառ ունի Մեծն Բաբելոնը իր թշնամին կոչելու։ (Յայտնութիւն 21։2) Վերջապէս, մեծ պոռնիկը ձախորդութեան, չարիքի եւ աւերումի հանդիպած է։ Անոր ոգեհարցական սովորութիւնները եւ աստղաբաշխները չեն կրցած զինք փրկել։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 47։1, 11-13) Արդարեւ, ասիկա շատ մեծ յաղթանակ մըն է ճշմարիտ պաշտամունքին համար։

12 Զզուելի պոռնիկը՝ Մեծն Բաբելոնը, յաւիտեան չքացած ըլլալով, հիմա ուշադրութիւնը կարելի է դարձնել Գառնուկին կոյսի մը նման մաքուր հարսին վրայ։ Ուստի, երկնային բազմութիւններ Եհովան փառաբանելով ցնծութեամբ կ’երգեն. «Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց։ Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, (քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է)»։—Յայտնութիւն 19։7, 8

13. Գառնուկին հարսանիքին համար ի՞նչ պատրաստութիւններ տեսնուած են դարերու ընթացքին։

13 Դարերու ընթացքին, Յիսուս սիրալիր կերպով պատրաստած էր այս երկնային ամուսնութիւնը։ (Մատթէոս 28։20. Բ. Կորնթացիս 11։2) Ան հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամները կը մաքրէր, «որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ»։ (Եփեսացիս 5։25-27) «Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը ձեռք ձգելու համար, իւրաքանչիւր օծեալ Քրիստոնեայ ստիպուած է իր վրայէն հանել հին անձնաւորութիւնը եւ անոր սովորութիւնները ու հագնիլ քրիստոնէական նոր անձնաւորութիւնը եւ սրտանց արդար գործեր կատարել ‘որպէս թէ Եհովայի’։—Փիլիպպեցիս 3։8, 13, 14. Կողոսացիս 3։9, 10, 23

14. Սատանան ի՞նչպէս փորձած է ապականել Գառնուկին կնոջ ապագայ անդամները։

14 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Սատանան Մեծն Բաբելոնը գործածած է, փորձելով Գառնուկին կնոջ ապագայ անդամները ապականել։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, ան բաբելոնական կրօնքի սերմեր ցանած էր ժողովքին մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 15։12. Բ. Տիմոթէոս 2։18. Յայտնութիւն 2։6, 14, 20) Պօղոս առաքեալ հաւատք քանդողները հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ. «Այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։13, 14) Անոր յաջորդող դարերուն, հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհը, Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն նման, հարստութիւն եւ փառք՝ «ծիրանի ու կարմիր հագած էր, . . . ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով»։ (Յայտնութիւն 17։4) Անոր կղերները եւ պապերը Կոստանդինի ու Շարլըմանի նման արիւնախանձ կայսրերու հետ ընկերակցած են։ Ան բնաւ «սուրբերուն արդարութիւն»ով չէ զարդարուած։ Որպէս կեղծ հարս մը, ան իրապէս սատանայական խաբկանքի գլուխ գործոց մըն էր։ Վե՜րջապէս, ան յաւիտեան գացած պիտի ըլլայ։

Գառնուկին Կինը Ինքզինք Պատրաստեց

15. Կնքումը ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ եւ օծեալ Քրիստոնեայէ մը ի՞նչ պահանջուած է։

15 Ուստի հիմա, գրեթէ 2,000 տարիներ ետք, հարս դասակարգին 144,000 անդամներուն բոլորը կազմ ու պատրաստ են։ Բայց ո՞ր ժամանակին համար կարելի է ըսել որ ‘Գառնուկին կինը ինքզինք պատրաստեց’։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, հաւատացեալ օծեալները աստիճանաբար ‘խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցան’, եւ ասիկա գալիք «փրկութեան օրուանը համար»։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ արտայայտուեցաւ, Աստուած «մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ»։ (Եփեսացիս 1։13. 4։30. Բ. Կորնթացիս 1։22) Իւրաքանչիւր օծեալ Քրիստոնեայ «կանչուած ու ընտրուած», եւ «հաւատարիմ» գտնուած է։—Յայտնութիւն 17։14

16. (ա) Պօղոս առաքեալի կնքուիլը ե՞րբ ամբողջացաւ եւ ի՞նչպէս գիտենք։ (բ) Գառնուկին կինը ե՞րբ լիովին ‘ինքզինք պատրաստած’ պիտի ըլլայ։

16 Տասնեակ տարիներու փորձարկութենէ ետք, Պօղոս անձամբ կրցաւ ըսել. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամենուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8) Այնպէս կ’երեւայ որ առաքեալին կնքուիլը ամբողջացած էր, հակառակ անոր որ ան տակաւին մարմնի մէջ կը գտնուէր եւ պիտի նահատակուէր։ Նոյն կերպով, ժամանակ մը պիտի գայ, երբ երկրի վրայ 144,000–ի մնացեալ բոլոր անդամները անհատապէս կնքուած պիտի ըլլան, որպէս Եհովայի պատկանողներ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։19) Ասիկա տեղի պիտի ունենայ, երբ Գառնուկին կինը լիովին ինքզինք պատրաստած ըլլայ. 144,000–ին մեծամասնութիւնը արդէն երկնային վարձատրութիւն ստացած ըլլալով, իսկ երկրի վրայ մնացածները, որպէս հաւատարիմներ վերջնականապէս փորձուած ու կնքուած ըլլալով։

17. Գառնուկին հարսանիքը ե՞րբ կրնայ տեղի ունենալ։

17 Եհովայի ժամանակացոյցի այս հանգրուանին, երբ 144,000–ի կնքուիլը աւարտի, հրեշտակները մեծ նեղութեան չորս հովերը պիտի արձակեն։ (Յայտնութիւն 7։1-3) Նախ՝ պոռնկանման Մեծն Բաբելոնին դատաստանը պիտի գործադրուի։ Ապա, Յաղթական Քրիստոս շուտով Արմագեդոնին պիտի անցնի, երկրի վրայ Սատանայի կազմակերպութեան մնացեալ մասերը կործանելու, ու վերջապէս Սատանան ու իր դեւերը անդունդը ձգելու համար։ (Յայտնութիւն 19։11–20։3) Եթէ օծեալներէն ոմանք տակաւին երկրի վրայ ողջ են, Քրիստոս իր յաղթանակը ամբողջացնելէ անմիջապէս ետք՝ անկասկած իրենց երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան եւ հարս դասակարգի իրենց ընկերակիցներուն պիտի միանան։ Ապա Աստուծոյ որոշած ժամանակին, Գառնուկին հարսանիքը տեղի կրնայ ունենալ։

18. 45–րդ Սաղմոսը ի՞նչպէս կը հաստատէ Գառնուկին հարսանիքին կապակցաբար յաջորդական դէպքերը։

18 Սաղմոս 45–ի մարգարէական արձանագրութիւնը կը նկարագրէ դէպքերուն շարքաւորումը։ Նախ՝ թագադրուած Թագաւորը իր թշնամիները պարտութեան մատնելու համար կը ձիավարէ։ (Համարներ՝ 1-7) Ապա՝ հարսանիքը տեղի կ’ունենայ, երկնային հարսին կ’օգնեն երկրի վրայ իր կոյս ընկերուհիները՝ մեծ բազմութիւնը։ (Համարներ՝ 8-15) Անկէ ետք, ամուսնութիւնը արգասաբեր կ’ըլլայ, յարուցանուած մարդկութիւնը կատարելութեան կը հասնի, ‘բոլոր երկրի իշխաններուն’ վերատեսչութեան ներքեւ։ (Համարներ՝ 16, 17) Արդարեւ, Գառնուկին հարսանիքին կ’ընկերակցին շատ փառաւոր օրհնութիւններ։

Երանի՛ Հրաւիրուածներուն

19. Յայտնութեան եօթը երանելիներուն չորրորդը ի՞նչ է, եւ այս մասնայատուկ ուրախութեան որո՞նք կը մասնակցին։

19 Արդ, Յովհաննէս կ’արձանագրէ Յայտնութիւն գրքին եօթը երանելիներուն չորրորդը. «Եւ ինծի [այն հրեշտակը որ Յովհաննէսի ցոյց կու տար այս բաները] ըսաւ. ‘Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են’ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը’»։ (Յայտնութիւն 19։9) * «Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին» հրաւիրուածները՝ հարս դասակարգի անդամներն են։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 22։1-14) Բոլոր օծեալ հարսնեւորները այս հրաւէրը ստացած ըլլալու ուրախութեան կը մասնակցին։ Հրաւիրեալներուն մեծամասնութիւնը արդէն երկինք գացած են, ուր տեղի պիտի ունենայ հարսանեկան ընթրիքը։ Անոնք որոնք տակաւին երկրի վրայ են, անոնք ալ ուրախ են որ այդ հրաւէրը ստացած են։ Հարսանեկան ընթրիքին մէջ իրենց տեղերը ապահովուած են։ (Յովհաննու 14։1-3. Ա. Պետրոս 1։3-9) Երբ անոնք երկինք յարուցանուին, այն ատեն հարսը ամբողջացած ու միացած ըլլալով, Գառնուկին հետ պիտի վայելէ այդ գերցնծալի հարսանիքը։

20. (ա) «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը» բառերուն իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Հրեշտակին խօսքերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Յովհաննէսի վրայ, իսկ հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ անոր։

20 Հրեշտակը կ’աւելցնէ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։ «Ճշմարիտ» բառը Յունարէն ա·լէ·թի·նոս–ի թարգմանութիւնն է որ կը նշանակէ՝ «հարազատ» կամ «վստահելի»։ Քանի որ այս խօսքերը ուղղակի Եհովայի կը պատկանին, անոնք հաւատարիմ ու վստահելի են։ (Համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 4։1-3. Յայտնութիւն 21։5. 22։6) Որպէս այդ հարսանեկան խնճոյքին հրաւիրուած մը, Յովհաննէս ասիկա լսելով ու հարս դասակարգին սպասող օրհնութիւններուն մասին մտածելով մեծապէս ուրախացած ըլլալու էր։ Արդարեւ, ան ա՛յդքան խոր կերպով ազդուած էր, որ հրեշտակը իրեն հետեւեալ խրատը տուաւ, ինչպէս Յովհաննէս կը պատմէ. «Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. ‘Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ’»։—Յայտնութիւն 19։10ա

21. (ա) Յայտնութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ հրեշտակներուն առնչութեամբ։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է դիտեն հրեշտակները։

21 Ամբողջ Յայտնութեան մէջ ուշագրաւ վկայութիւն մը տրուած է հրեշտակներու հաւատարմութեան եւ ջանասիրութեան մասին։ Յայտնուած ճշմարտութիւնները փոխանցելու մէջ անոնք դեր ունին։ (Յայտնութիւն 1։1) Բարի լուրը քարոզելու եւ այլաբանական հարուածները թափելու մէջ անոնք մարդոց հետ կը համագործակցին։ (Յայտնութիւն 14։6, 7. 16։1) Անոնք Յիսուսի կողքին պատերազմեցան Սատանան եւ իր հրեշտակները երկինքէն դուրս նետելու համար. Արմագեդոնին ալ անոր կողքին պիտի պատերազմին։ (Յայտնութիւն 12։7. 19։11-14) Արդարեւ, անոնք ուղղակի Եհովայի քով կրնան մտնել։ (Մատթէոս 18։10. Յայտնութիւն 15։6) Այսուհանդերձ, անոնք պարզապէս Աստուծոյ խոնարհ ծառաներն են։ Մաքուր պաշտամունքին մէջ, հրեշտակներու պաշտամունքի տեղ չկայ. ոչ իսկ՝ յարաբերական պաշտամունքի՝ Աստուծոյ մօտենալով «սուրբ»ի մը կամ հրեշտակի մը միջնորդութեամբ։ (Կողոսացիս 2։18) Քրիստոնեաները միայն Եհովան կը պաշտեն, Իրեն մատուցանելով իրենց խնդրանքը՝ Յիսուսի անունով։—Յովհաննու 14։12, 13

Յիսուսի Դերը Մարգարէութեան Մէջ

22. Հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէսի եւ անոր իմաստը ի՞նչ է։

22 Ապա հրեշտակը կը շարունակէ ըսել. «Վասն զի Յիսուսի մասին վկայութիւն տալու համար ներշնչուած են մարգարէութիւնները»։ (Յայտնութիւն 19։10բ, ՆԱ) Ի՞նչպէս։ Ասիկա կը նշանակէ որ բոլոր ներշնչուած մարգարէութիւնները Յիսուսի եւ՝ Եհովայի նպատակներուն մէջ անոր խաղցած դերին հետ կապուած են։ Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը կը խոստանար սերունդի մը գալը։ (Ծննդոց 3։15) Յիսուս եղաւ այդ Սերունդը։ Հետագայ յայտնութիւնները այս հիմնական խոստումին վրայ մարգարէական ճշմարտութեան հսկայ կառոյց մը շինեցին։ Պետրոս առաքեալ հաւատացեալ Հեթանոս Կոռնելիոսի ըսաւ. «Անոր [Յիսուսի] կը վկայեն բոլոր մարգարէները»։ (Գործք 10։43) Շուրջ 20 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր [Յիսուսի] մէջ ‘Այո’ են»։ (Բ. Կորնթացիս 1։20) Անկէ տակաւին 43 տարիներ ետք, Յովհաննէս ինք մեզի կը յիշեցնէ թէ «ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղաւ»։—Յովհաննու 1։17

23. Յիսուսի ունեցած բարձր դիրքը եւ հեղինակութիւնը ինչո՞ւ մեզ չի շեղեցներ Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքէն։

23 Ասիկա արդեօք որեւէ կերպով Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքէն կը շեղեցնէ՞ մեզ։ Ո՛չ. յիշեցէք հրեշտակին ազդարարական խրատը՝ «Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ Յիսուս բնաւ չի փորձեր Եհովայի հետ մրցիլ։ (Փիլիպպեցիս 2։6) Ճիշդ է թէ բոլոր հրեշտակներուն ըսուած է որ «անոր [Յիսուսի] երկրպագութիւն թող ընեն». նաեւ՝ ամբողջ ստեղծագործութիւնը պէտք է ընդունի իր բարձր դիրքը, որպէսզի «Յիսուսին անունին ծնրադրեն» բոլորը։ Բայց նկատի առէք որ այս բոլորը «Հօր Աստուծոյ փառքին համար», ու իր հրամանով են։ (Եբրայեցիս 1։6. Փիլիպպեցիս 2։9-11) Եհովա Յիսուսի տուաւ այս բարձր հեղինակութիւնը, եւ երբ ընդունինք այդ հեղինակութիւնը՝ Աստուծոյ փառք տուած կ’ըլլանք։ Եթէ մերժենք Յիսուսի իշխանութեան ենթարկուիլ, անիկա ուղղակի Եհովա Աստուածը մերժելու համահաւասար կը նկատուի։—Սաղմոս 2։11, 12

24. Ի՞նչ երկու ապշեցուցիչ դէպքեր կ’ակնկալենք, ուստի ի՞նչ բանի պէտք է միացնենք մեր ձայնը։

24 Ուստի, մենք ալ միաձայնութեամբ 146–էն 150–րդ Սաղմոսներուն բացման խօսքերը արձագանգենք. «Ալէլուիա՜»։ Թող որ խմբերգը շարունակէ Ալէլուիաներ թնդացնել, մինչ բաբելոնական սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ Եհովայի յաղթանակին կը սպասենք։ Իսկ թող որ ուրախութիւնը աւելնայ, մինչ Գառնուկին հարսանիքը կը մօտենայ։

[Ստորանիշ]

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 273]

«Թուղթ առ Սոդոմ ու Գոմոր»

Այս վերնագրով Լոնտոնի Տէյլի Թէլէկրէֆ–ի 12 Նոյեմբեր 1987–ի համարը տեղեկագրեց Անգլիոյ Եկեղեցիին Ընդհանուր Խորհրդաժողովին ներկայացուած առաջարկի մը մասին։ Անիկա կոչ կ’ընէր միասեռական «Քրիստոնեաները» եկեղեցիէն վտարել։ Թղթակից Կոտֆրէ Պարգըր նշեց. «Երէկ, Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը վատ տրամադրութեամբ արտայայտուեցաւ. ‘Եթէ Սբ. Պօղոսը Անգլիոյ Եկեղեցիին նամակ գրելու ըլլար, կրնանք հարց տալ թէ ի՛նչպիսի նամակ մը պիտի ըլլար ատիկա’»։ Պր. Պարգըր անձամբ ըսաւ. «Պատասխանը՝ թուղթ առ Սոդոմ ու Գոմոր պիտի ըլլար», եւ աւելցուց. «Տոքթ. Ռանսին [արքեպիսկոպոսը] խորհեցաւ որ անիկա Հռովմայեցիսի Առաջին Գլուխին պիտի նմանէր»։

Թղթակիցը մէջբերեց Պօղոսի խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Հռովմայեցիս 1։26-32–ի մէջ. «Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ . . . Արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին . . . Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան»։ Ան եզրակացուց. «Սբ. Պօղոսի մտահոգութիւնը միայն եկեղեցիի նստարանները գրաւողներն էին, բայց Տոքթ. Ռանսիի խնդիրը՝ ամպիոնները գրաւողներն են»։

Արքեպիսկոպոսը ինչո՞ւ այսպիսի խնդիր մը ունի։ Լոնտոնի Տէյլի Մէյլ–ի 22 Հոկտեմբեր 1987–ի համարին մէջ, խոշոր խորագիրներ կ’ըսէին. «‘Երեք կղերականներէն մէկը միասեռական է’ . . . Միասեռականները դուրս դնելու արշաւը, ‘Անգլիոյ Եկեղեցիին դռները փակել պիտի նշանակէ’»։ Տեղեկագրութիւններ կը մէջբերէին Միասեռական Աղջիկներու ու Տղոց Քրիստոնէական Շարժումի ընդհանուր քարտուղար «գերաշնորհ»ին խօսքերը. «Եթէ այս առաջարկը ընդունուէր, անիկա Եկեղեցին նաւաբեկութեան պիտի մատնէր եւ Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը ասկէ տեղեակ է։ Կը խորհինք որ Անգլիոյ Եկեղեցիի կղերներուն միջին հաշուով 30-40 տոկոսը միասեռական են։ Իսկ անոնք են որ ուրիշներէ աւելի Եկեղեցիին ծառայութեան մէջ իրենց նպաստը կը բերեն»։ Եկեղեցի յաճախողներու նուազումին պատճառը անկասկած մասամբ հետզհետէ աւելցող միասեռականներու կողմէ կատարուած ժամերգութիւններուն հանդէպ յայտնաբերուած նողկանքն է։

Եկեղեցական խորհրդաժողովը ի՞նչ որոշեց։ Անոր 388 անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (կղերներուն 95 տոկոսը) ոչ խիստ առաջարկի ի նպաստ քուէարկեց։ Այս մասին, Տի Իքոնոմիսթ–ի 14 Նոյեմբեր 1987–ի համարը տեղեկագրեց. «Անգլիոյ Եկեղեցին միասեռական ունակութիւններու դէմ է, բայց՝ ոչ շատ։ Ընդհանուր խորհրդաժողովը՝ Եկեղեցիին խորհրդարանը, միասեռական կղերները ի մտի ունենալով, այս շաբաթ որոշեց որ միասեռական արարքները պոռնկութեան եւ շնութեան նման մեղքեր չեն, անոնք միայն ‘իտէալէն շեղում մըն են’, եւ թէ՝ ‘սեռային յարաբերութիւնը ամբողջական յանձնառութեան արարք մըն է, որ պատշաճօրէն կը պատկանի ամուսնական մնայուն յարաբերութեան մէջ եղողներուն միայն’»։ Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին բռնած դիրքը հակադրելով Հռովմայեցիս 1։26, 27–ի մէջ Պօղոսի բացայայտ խօսքերուն, Տի Իքոնոմիսթ–ը Պօղոսի խօսքերէն մէջբերում մը ըրաւ, որուն ներքեւ դնելով հետեւեալ գրութիւնը՝ «Սբ. Պօղոս գիտէր ինչ կ’ըսէր»։

Յիսուս Քրիստոս ալ գիտէր ինչ կ’ըսէր, եւ զայն յստակօրէն նշեց։ Ան ըսաւ որ «Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը», քան այն կրօնաւորներուն, որոնք իր պատգամը կ’արհամարհեն։ (Մատթէոս 11։23, 24, Անթիլիաս) Յիսուս հոս գրական չափազանցութիւն մը կը գործածէր, ցոյց տալու համար թէ Աստուծոյ Որդին ու անոր ուսուցումը մերժող կրօնական առաջնորդները, Սոդոմացիներէն աւելի այպանելի էին։ Յուդա 7–րդ համարը ցոյց կու տայ որ Սոդոմացիները «յաւիտենական կրակին դատապարտութիւն»ը կրեցին, որ իրենց համար յաւիտենական կործանում նշանակեց։ (Մատթէոս 25։41, 46) Ուստի, ո՜րքան աւելի խիստ պիտի ըլլայ այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ առաջնորդներու դատաստանը, որոնք կուրօրէն իրենց կոյր հօտերը Աստուծոյ Թագաւորութեան բարոյական բարձր չափանիշներէն հեռու, դէպի այս աշխարհի թոյլատու, անառակ ճամբաները կ’առաջնորդեն։ (Մատթէոս 15։14) Սուտ կրօնքի՝ Մեծն Բաբելոնի առնչութեամբ, երկինքէն եկած ձայնը ստիպողական կոչ մը կ’ընէ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք»։—Յայտնութիւն 18։2, 4

[Նկարներ՝ էջ 275]

Երկինքը կը թնդայ չորս Ալէլուիաներով, Մեծն Բաբելոնի վրայ տարած իր յաղթանակին համար Եահը փառաբանելով