Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի երկնային աթոռին շքեղութիւնը

Եհովայի երկնային աթոռին շքեղութիւնը

Գլուխ 14

Եհովայի երկնային աթոռին շքեղութիւնը

Տեսիլք 2—Յայտնութիւն 4։1–5։14

Նիւթ. Աստուծոյ դատաստանի աթոռին առջեւ ահաւոր պատահարներ

Կատարման ժամանակ. Այս տեսիլքը այնպիսի դէպքեր կը նկարագրէ, որոնք 1914–էն մինչեւ Հազարամեայի վերջաւորութիւնը եւ անկէ ետք տեղի պիտի ունենային, երբ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն արարած Եհովան պիտի փառաբանէ։—Յայտնութիւն 5։13

1. Ինչո՞ւ անկեղծօրէն հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք այն տեսիլքներով զորս Յովհաննէս մեզի հետ կը բաժնէ։

 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ կը սկսի մեզի հետ բաժնել ոգեցունց ուրիշ տեսիլքներ։ Ան ներշնչման ներքեւ տակաւին տէրունական օրուան մէջ կը գտնուի։ Ուստի, ինչ որ կը նկարագրէ, խոր իմաստ մը ունի մեզի համար, որ փաստօրէն այդ օրուան մէջ կ’ապրինք։ Այս տեսիլքներուն միջոցաւ, Եհովա երկնային իրողութիւններուն վրայէն անտեսանելիութեան քօղը կը վերցնէ եւ երկրի վրայ ի գործ դրուելիք իր դատաստաններուն մասին իր իսկ տեսակէտը կը յայտնէ։ Ասկէ զատ, մեր յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, երկնային թէ երկրային, այս յայտնութիւնները մեզի կ’օգնեն որ Եհովայի նպատակին մէջ մեր տեղը գիտնանք։ Հետեւաբար, բոլորս ալ պէտք է անկեղծօրէն հետաքրքրուինք Յովհաննէսի արտայայտութեամբ. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է»։—Յայտնութիւն 1։3

2. Արդ, Յովհաննէս ի՞նչ փորձառութիւն կ’ունենայ։

2 Այժմ ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ, շա՜տ աւելի գերիվեր է քան՝ ինչ որ արդի մարդուն կրնայ ներկայացուիլ պատկերիզով։ Ան կը գրէ. «Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. ‘Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ’»։ (Յայտնութիւն 4։1) Տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս կը ներթափանցէ Եհովայի ներկայութեան անտեսանելի երկինքը, աստղանաւորդներուն կողմէ խուզարկուած ֆիզիքական անջրպետէն շա՜տ աւելի բարձր, նոյնիսկ նիւթական տիեզերքի հոյախումբերէն շա՛տ աւելի վեր։ Որպէս թէ բացուած դռնէ մը կը մտնէ, Յովհաննէսի կ’ըսուի որ իր աչքերը սեւեռէ ամենահեռաւոր հոգեղէն երկնքին վրայ, ուր Եհովայի գահը կը գտնուի։ (Սաղմոս 11։4. Եսայեայ 66։1) Ի՜նչ առանձնաշնորհում։

3. «Փողի նման» ձայնը ի՞նչ կը յիշեցնէ մեզի եւ անկասկած անոր Աղբիւրը ո՞վ է։

3 Աստուածաշունչը չի բնորոշեր այս «առաջին ձայնը»։ Նախապէս լսուած Յիսուսի զօրաւոր ձայնին նման, անիկա հրամայական՝ փողանման կը հնչէ։ (Յայտնութիւն 1։10, 11) Անիկա մեզի կը յիշեցնէ Սինա Լերան վրայ Եհովայի ներկայութիւնը նշող փողի սուր ձայնը։ (Ելից 19։18-20) Անկասկած, Եհովան է այս շքեղ կոչին Աղբիւրը։ (Յայտնութիւն 1։1) Ինք բացած է դուռը, որպէսզի Յովհաննէս տեսիլքով կարենայ մտնել Իր գերիշխանութեան ընդարձակ ոլորտի ամենասուրբ վայրը։

Եհովայի Փառահեղ Ներկայութիւնը

4. (ա) Յովհաննէսի տեսիլքը ի՞նչ իմաստ ունի օծեալ Քրիստոնեաներուն համար։ (բ) Այս տեսիլքը ի՞նչ իմաստ ունի երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցողներուն համար։

4 Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ Մտիկ ըրէք, մինչ ան մեզի հետ կը բաժնէ իր սքանչելի փորձառութիւնը. «Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։ Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր»։ (Յայտնութիւն 4։2, 3ա) Վայրկենական, Աստուծոյ գործօն ուժը Յովհաննէսը հոգեւորապէս կը փոխադրէ մինչեւ Եհովայի աթոռին առջեւ։ Սարսուռ մը պատած ըլլալու էր Յովհաննէսը։ Ահաւասիկ իրեն կը տրուի շլացուցիչ կանխայայտ ցուցադրութիւնը այն բուն երկինքին, որ իրեն եւ միւս օծեալ Քրիստոնեաներուն համար վերապահուած է՝ ‘անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն’ մը։ (Ա. Պետրոս 1։3-5. Փիլիպպեցիս 3։20) Յովհաննէսի տեսիլքը խոր իմաստ ունի նաեւ անոնց համար, որոնց յոյսն է յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ։ Անիկա իրենց կ’օգնէ որ հասկնան Եհովայի ներկայութեան փառքը եւ երկնային իշխանութեան կառոյցը, զոր Եհովա կը գործածէ ազգերը դատելու, ապա երկրի վրայ ապրողներուն կեանքերը կառավարելու համար։ Արդարեւ, Եհովա գերազանցօրէն կազմակերպող Աստուած մըն է։

5. Յովհաննէս ի՞նչ իրողութիւն կը տեսնէ, որ ուխտի տապանակին կափարիչով պատկերացուած էր։

5 Ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ վերը երկինքը, մեծաւ մասամբ անապատի մէջի տաղաւարին իրերուն կը նմանի։ Անիկա շուրջ 1,600 տարի առաջ կառուցուած էր, որպէս ճշմարիտ պաշտամունքի սրբարան մը Իսրայելացիներու համար։ Այդ տաղաւարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ կար ուխտին տապանակը եւ այդ Տապանակին զուտ ոսկիէ կափարիչին վրայէն էր որ Եհովա անձամբ կը խօսէր։ (Ելից 25։17-22. Եբրայեցիս 9։5) Ուստի, Տապանակին կափարիչը, Եհովայի աթոռը կը խորհրդանշէր։ Արդ, Յովհաննէս կը տեսնէ այդ խորհրդանշական ներկայացումին իրողութիւնը. ուղղակի Գերիշխան Տէր Եհովան, իր երկնային շքեղ աթոռին վրայ նստած՝ գերազանց պերճանքի մէջ։

6. Յովհաննէս Եհովայի մասին ի՞նչ տպաւորութիւն կը հաղորդէ մեզի եւ ասիկա ինչո՞ւ տեղին է։

6 Եհովայի աթոռը տեսիլքի մէջ տեսած նախկին մարգարէներուն նման Յովհաննէս անոր վրայ նստող Սուրբը մանրամասնօրէն չի նկարագրեր։ (Եզեկիէլ 1։26, 27. Դանիէլ 7։9, 10) Սակայն գահին վրայ նստողին մասին իր տպաւորութիւնը կու տայ, ըսելով. «Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։ Եւ աթոռին բոլորտիքը ծիածան՝ զմրուխտի երեւոյթի նման»։ (Յայտնութիւն 4։3բ, 4ա, Արեւմտահայերէն) Ի՜նչ աննման շքեղութիւն։ Յովհաննէս պսպղուն, ճառագայթող գոհարներու նման պայծառ ու շողշողուն գեղեցկութիւն մը կը նշմարէ։ Ասիկա ո՜րքան ներդաշնակ է Եհովայի մասին Յակոբոս աշակերտի նկարագրութեան հետ, որպէս երկնային ‘լուսոյ Հայր’։ (Յակոբու 1։17) Յայտնութիւնը գրելէն քիչ ետք, Յովհաննէս նշեց. «Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ»։ (Ա. Յովհաննու 1։5) Արդարեւ, Եհովա ի՜նչ գերազանցօրէն փառաւոր Անձնաւորութիւն մըն է։

7. Եհովայի աթոռին շուրջ ծիածանի մը առկայութիւնը մեզի ի՞նչ իրողութիւն կը սորվեցնէ։

7 Նկատի առէք որ Յովհաննէս աթոռին շուրջ զմրուխտի գոյնով ծիածան մը կը տեսնէ։ Հոս ծիածան թարգմանուած Յունարէն բառը (իրիս) ամբողջովին կլոր ձեւ մը կը թելադրէ։ Աստուածաշունչի մէջ առաջին անգամ ծիածանը յիշուած է Նոյի օրերուն կապակցաբար։ Ջրհեղեղի ջուրերը քաշուելէն ետք, Եհովա պատճառ եղաւ որ ծիածան մը երեւնայ ամպերուն մէջ եւ բացատրեց թէ անիկա ի՛նչ կը խորհրդանշէր, ըսելով. «Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ։ Այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը։ Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ»։ (Ծննդոց 9։13, 15) Ուստի, երկնային այս տեսիլքը ի՞նչ յիշեցուց Յովհաննէսի։ Ծիածանը իրեն յիշեցուցած ըլլալու էր Եհովայի հետ խաղաղ յարաբերութեան մէջ ըլլալու կարիքը, ինչ որ Յովհաննէս դասակարգը կը վայելէ ներկայիս։ Եհովայի ներկայութեան անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնն ալ տպաւորած ըլլալու էին զինք, անդորրութիւն մը, որ բոլոր հնազանդ մարդկութեան վրայ պիտի ըլլայ, երբ Եհովա իր վրանը տարածէ մարդկութեան վրայ՝ նոր աշխարհի ընկերութեան մէջ։—Սաղմոս 119։165. Փիլիպպեցիս 4։7. Յայտնութիւն 21։1-4

24 Երէցներուն Ինքնութիւնը Հաստատել

8. Յովհաննէս աթոռին բոլորտիքը որո՞նց կը տեսնէ, եւ անոնք ի՞նչ կը ներկայացնեն։

8 Յովհաննէս գիտէր թէ վաղեմի տաղաւարին մէջ ծառայելու համար քահանաներ նշանակուած էին։ Ուստի, հաւանաբար ան զարմացաւ տեսնելով ինչ որ այժմ կը նկարագրէ. «Եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին»։ (Յայտնութիւն 4։4բ) Այո, քահանաներու փոխարէն կան 24 երէցներ, թագաւորներու նման թագադրուած։ Որո՞նք են այս երէցները։ Անոնք քրիստոնէական ժողովքի օծեալներն են, յարուցանուած եւ Եհովայի իրենց խոստացած երկնային դիրքը գրաւած։ Ի՞նչպէս գիտենք։

9, 10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ 24 երէցները քրիստոնէական օծեալ ժողովքը կը ներկայացնեն իր երկնային փառաւոր դիրքին մէջ։

9 Նախ՝ անոնք պսակներ ունին։ Աստուածաշունչը օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին կը խօսի որպէս ‘անեղծանելի պսակ’ եւ անվերջ կեանք՝ անմահութիւն, ստացողներ։ (Ա. Կորնթացիս 9։25. 15։53, 54) Բայց քանի որ այս 24 երէցները աթոռներու վրայ նստած են, հոս «ոսկիէ պսակներ»ը թագաւորական հեղինակութիւն կը ներկայացնեն։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 6։2. 14։14) Ասիկա սատար կը կանգնի այն եզրակացութեան թէ 24 երէցները կը պատկերացնեն Յիսուսի քայլերուն հետեւող օծեալները՝ իրենց երկնային դիրքին մէջ, քանի որ Յիսուս անոնց հետ ուխտ ըրաւ որ իր թագաւորութեան մէջ աթոռներու վրայ պիտի նստէին։ (Ղուկաս 22։28-30) Միայն Յիսուս եւ այս 24 երէցները, ուրիշ ո՛չ մէկը, ոչ իսկ հրեշտակները, ներկայացուած են որպէս երկնքի մէջ Եհովայի ներկայութեան իշխողներ։

10 Ասիկա ներդաշնակ է Լաւոդիկէի ժողովքին տուած Յիսուսի խոստումին հետ. «Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի»։ (Յայտնութիւն 3։21) Սակայն 24 երէցներու երկնային նշանակումը միայն կառավարել չէ։ Յայտնութիւն գրքին բացման խօսքերուն մէջ, Յովհաննէս Յիսուսի մասին ըսաւ. «Մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով»։ (Յայտնութիւն 1։5, 6) Ասոնք միաժամանակ թագաւորներ եւ քահանաներ են։ «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն»։—Յայտնութիւն 20։6

11. Ինչո՞ւ տեղին է որ երէցներուն թիւը 24 ըլլայ եւ այդ թիւը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

11 Յովհաննէս աթոռին շուրջ 24 երէցներ կը տեսնէ. այս թիւին իմաստը ի՞նչ է։ Շատ մը երեսակներով, այս երէցները վաղեմի Իսրայէլի հաւատարիմ քահանաներով նախապատկերացուած էին։ Պետրոս առաքեալ օծեալ Քրիստոնեաներուն հետեւեալը գրեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը»։ (Ա. Պետրոս 2։9) Հետաքրքրական է որ վաղեմի հրէական քահանայութիւնը 24 դասի բաժնուած էր։ Իւրաքանչիւր դաս տարուան մէջ Եհովայի առջեւ ծառայելու որոշուած շաբաթներ ունէր, այսպիսով առանց ընդհատուելու սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանուէր։ (Ա. Մնացորդաց 24։5-19) Ուստի, յարմար էր որ երկնային քահանայութեան կապակցաբար Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ 24 երէցներ ըլլային, քանի որ այս քահանայութիւնը շարունակաբար, անդադար Եհովայի կը ծառայէ։ Երբ անիկա ամբողջանայ, 24 դասակարգութիւն պիտի ըլլայ, իւրաքանչիւրը 6,000 յաղթողներէ բաղկացած, քանի որ Յայտնութիւն 14։1-4–ը մեզի կ’ըսէ որ «մարդոց մէջէն գնուեցան» 144,000 (24 × 6,000) անհատներ, Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ երկնային Սիօն Լերան վրայ կայնելու համար։ Քանի որ 12 թիւը հաւասարակշռուած աստուածային կազմակերպութիւն կը նշէ, 24–ը՝ այս կարգադրութիւնը կը կրկնապատկէ կամ կը զօրացնէ։

Փայլակներ, Ձայներ եւ Որոտումներ

12. Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ ու կը լսէ, իսկ ‘փայլակները, ձայները եւ որոտումները’ մեզի ի՞նչ կը յիշեցնեն։

12 Ապա Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ ու կը լսէ։ «Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին»։ (Յայտնութիւն 4։5ա) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Եհովայի երկնային զօրութիւնը դրսեւորող ուրիշ ահաւոր յայտնաբերումներ։ Օրինակ, երբ Եհովա Սինա Լերան վրայ «իջաւ», Մովսէս տեղեկագրեց. «Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը . . . եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ»։—Ելից 19։16-19

13. Եհովայի աթոռէն ելած փայլակները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

13 Տէրունական օրուան ընթացքին, Եհովա իր զօրութիւնը եւ ներկայութիւնը վսեմ կերպով կը յայտնաբերէ։ Անշուշտ ոչ թէ բառացի փայլակներով, քանի որ Յովհաննէսի տեսածը նշաններ էին։ Արդ, փայլակները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Փայլակը կը լուսաւորէ, բայց կրնայ նաեւ մահացու կերպով հարուածել։ Ուստի, Եհովայի աթոռէն ելած այս փայլակները լաւ կերպով կը պատկերացնեն այն լուսաբանութիւնները զորս ան անդադար կու տայ իր ժողովուրդին, իսկ աւելի նշանակալից կերպով, իր կրակոտ դատաստանական պատգամները։—Համեմատել՝ Սաղմոս 18։14. 144։5, 6. Մատթէոս 4։14-17. 24։27

14. Ներկայիս ձայները ի՞նչպէս կը հնչեն։

14 Ձայներուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Երբ Եհովա Սինա Լերան վրայ իջաւ, ձայն մը խօսեցաւ Մովսէսի հետ։ (Ելից 19։19) Երկինքէն եկած ձայներով տրուեցան Յայտնութիւն գրքին շատ մը պատուէրները եւ ծանուցումները։ (Յայտնութիւն 4։1. 10։4, 8. 11։12. 12։10. 14։13. 16։1, 17. 18։4. 19։5. 21։3) Այսօր ալ Եհովա պատուէրներ եւ ծանուցումներ տուած է իր ժողովուրդին, Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու եւ սկզբունքներու նկատմամբ անոնց հասկացողութիւնը լուսաւորելով։ Յաճախ լուսաբանող տեղեկութիւններ յայտնաբերուած են միջազգային համաժողովներուն եւ Աստուածաշունչի այսպիսի ճշմարտութիւններ հետագային համայն աշխարհի մէջ ծանուցանուած են։ Բարի լուրի հաւատարիմ քարոզիչներու մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։—Հռովմայեցիս 10։18

15. Տէրունական օրուան այս շրջանին աթոռէն ի՞նչպիսի որոտումներ գոռացած են։

15 Սովորաբար փայլակին կը յաջորդէ որոտումը։ Դաւիթ բառացի որոտումին մասին խօսեցաւ որպէս «Տէրոջը ձայնը»։ (Սաղմոս 29։3, 4) Երբ Եհովա Դաւիթի թշնամիներուն դէմ կռուեցաւ, կ’ըսուի որ Իրմէ որոտումներ կու գար։ (Բ. Թագաւորաց 22։14. Սաղմոս 18։13) Եղիուս Յոբին ըսաւ որ Եհովայի ձայնը կ’որոտայ, երբ «այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ»։ (Յոբայ 37։4, 5) Տէրունական օրուան այս շրջանին, Եհովա ‘որոտացած’ է, իր թշնամիներուն դէմ իր ընելիք մեծ գործերուն մասին ազդարարութիւն տալով։ Խորհրդանշական այս որոտումներու գոռոցները համայն երկրի վրայ կրկին ու կրկին արձագանգած են։ Երանելի էք, եթէ այս որոտանման ծանուցումներուն ուշադրութիւն ընծայած, եւ ձեր ձայներն ալ անոնց միացնելով զանոնք աւելի ուժգին դարձուցած էք։—Եսայեայ 50։4, 5. 61։1, 2

Կրակի Լամբարներ եւ Ապակեղէն Ծով մը

16. ‘Կրակի եօթը լամբարները’ ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

16 Ասկէ ետք, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ Հետեւեալը. «Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։ Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման»։ (Յայտնութիւն 4։5բ, 6ա) Յովհաննէս ինք մեզի կ’ըսէ եօթը լամբարներուն իմաստը. «Աստուծոյ եօթը Հոգիներն» են։ Եօթը թիւը աստուածային ամբողջութիւն կը խորհրդանշէ. ուստի եօթը լամբարները պէտք է ներկայացնեն սուրբ հոգիին լուսաւորութեան ուժին լիութիւնը։ Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ո՜րքան երախտապարտ է որ իրեն յանձնուած է այս լուսաւորութիւնը, եւ երկրի վրայ հոգեւորապէս անօթի եղողներուն զայն փոխանցելու պատասխանատուութիւնը։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ ամէն տարի Դիտարան պարբերաթերթի հարիւր միլիոնաւոր օրինակներով այս լոյսը կը շարունակուի փայլիլ 160–է աւելի լեզուներով։—Սաղմոս 43։3

17. «Ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման» ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

17 Յովհաննէս կը տեսնէ նաեւ «ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման»։ Ասիկա ի՞նչ կրնայ խորհրդանշել, Եհովայի երկնային ատեանին մէջ հրաւիրուածներուն համար։ Պօղոս խօսեցաւ թէ Յիսուս ի՛նչ կերպով սրբացուց ժողովքը՝ ‘զանիկա մաքրելով աւազանին ջրովը եւ խօսքով’։ (Եփեսացիս 5։26) Իր մահուընէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ»։ (Յովհաննու 15։3) Հետեւաբար, այս ակնվանիի նման ապակեղէն ծովը պէտք է ներկայացնէ Աստուծոյ մաքրական, գրաւոր Խօսքը։ Եհովայի ներկայութեան եկող թագաւորական քահանայութեան պատկանողները իր Խօսքով ամբողջովին մաքրուած պէտք է ըլլան։

Նայեցէ՛ք՝ «Չորս Կենդանիներ»

18. Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ աթոռին մէջ եւ անոր բոլորտիքը։

18 Արդ Յովհաննէս կը տեսնէ ուրիշ կերպարներ։ Ան կը գրէ. «Եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն»։—Յայտնութիւն 4։6բ

19. Չորս կենդանիները ի՞նչ կը պատկերացնեն եւ ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։

19 Այս արարածները ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Ուրիշ մարգարէի մը՝ Եզեկիէլի կողմէ տեղեկագրուած տեսիլք մը մեզի կ’օգնէ ասոր պատասխանը գտնելու։ Եզեկիէլ տեսաւ Եհովան երկնային կառքի մը մէջ, որուն կ’ընկերակցէին կենդանի արարածներ, որոնք Յովհաննէսի կողմէ նկարագրուած յատկանիշները ունէին։ (Եզեկիէլ 1։5-11, 22-28) Հետագային, Եզեկիէլ դարձեալ տեսաւ այդ կառքը եւ անոր ընկերակցող կենդանի արարածները։ Բայց այս անգամ ան այդ կենդանի արարածները քերովբէներ կոչեց։ (Եզեկիէլ 10։9-15) Յովհաննէսի տեսած չորս կենդանիներն ալ պէտք է ներկայացնեն Աստուծոյ բազմաթիւ քերովբէները՝ Իր հոգեղէն կազմակերպութեան մէջ բարձրաստիճան արարածներ։ Յովհաննէսի համար անսովոր չէր որ քերովբէներ այդքան մօտ ըլլային Եհովայի, քանի որ վաղեմի տաղաւարի կարգադրութեան մէջ, ոսկիէ երկու քերովբէներ կային Եհովայի աթոռը ներկայացնող ուխտի տապանակին կափարիչին վրայ։ Այս քերովբէներուն ընդմէջէն Եհովայի ձայնը պատուէրներ կու տար Իսրայէլ ազգին։—Ելից 25։22. Սաղմոս 80։1

20. Ի՞նչ կերպով կրնանք ըսել որ չորս կենդանիները «աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիք»ն են։

20 Այս չորս կենդանի արարածները «աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիք»ն էին։ Ասիկա ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա կրնայ նշանակել թէ անոնք աթոռին բոլորտիքն են այն կերպով որ ամէն մէկ կողմին մէջտեղ անոնցմէ մէկը կայնած է։ Անոր համար Անթիլիաս թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Հոն՝ կեդրոնը, գահին շուրջը, չորս կողմէն կային»։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ նշանակել թէ չորս կենդանի արարածները երկնքի մէջ կեդրոնական դիրք մը կը գրաւեն, ուր աթոռը կը գտնուի։ Հաւանաբար, անոր համար Երուսաղէմի Աստուածաշունչ–ը հետեւեալը կ’ըսէ. «կեդրոնը, ուղղակի աթոռին շուրջ հաւաքուած»։ Կարեւոր բանը քերովբէներուն Եհովայի աթոռին մօտիկ ըլլալն է, նման այն քերովբէներուն, զորս Եզեկիէլ տեսաւ Եհովայի կազմակերպչական կառքին իւրաքանչիւր անկիւնը։ (Եզեկիէլ 1։15-22) Այս բոլորը համապատասխան են Սաղմոս 99։1–ի խօսքերուն հետ. «Տէրը կը թագաւորէ, . . . ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի»։

21, 22. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ չորս կենդանիները։ (բ) Չորս կենդանիներուն իւրաքանչիւրը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

21 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման»։ (Յայտնութիւն 4։7) Այս չորս կենդանիները ինչո՞ւ իրարմէ ա՛յսքան տարբեր են։ Այս յատկանշական կենդանիները բացայայտօրէն կ’ընդգծեն աստուածային մասնայատուկ յատկութիւններ։ Առաջինը՝ առիւծ է։ Աստուածաշունչին մէջ առիւծը քաջութիւն կը խորհրդանշէ, մասնաւորաբար իրաւունք ու արդարութիւն հետապնդելու մէջ։ (Բ. Թագաւորաց 17։10. Առակաց 28։1) Հետեւաբար, առիւծը տեղին ըլլալով կը ներկայացնէ աստուածային յատկութիւն մը՝ քաջարի արդարութիւն։ (Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 89։14) Երկրորդ կենդանի արարածը զուարակի նման է։ Զուարակը ի՞նչ յատկութիւն կը յիշեցնէ ձեզի։ Իսրայելացիներուն համար զուարակը արժէքաւոր ստացուածք մըն էր իր ունեցած զօրութեան համար։ (Առակաց 14։4. տես նաեւ՝ Յոբայ 39։9-11) Ուրեմն, զուարակը կը ներկայացնէ զօրութիւն, Եհովայի կողմէ հայթայթուած սաստիկ զօրութիւն։—Սաղմոս 62։11. Եսայեայ 40։26

22 Երրորդ կենդանի արարածը մարդու երես ունէր։ Ասիկա պէտք է ներկայացնէ աստուածանման սէր, քանի որ երկրի վրայ միայն մարդն է որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած էր, սիրոյ գերադրական յատկութեամբ։ (Ծննդոց 1։26-28. Մատթէոս 22։36-40. Ա. Յովհաննու 4։8, 16) Անկասկած քերովբէները կը ցուցադրեն այս յատկութիւնը, մինչ Եհովայի աթոռին շուրջ կը ծառայեն։ Իսկ չորրորդ կենդանիին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Անիկա թռչող արծիւի երեւոյթ ունի։ Եհովա ինք արծիւներուն սուր տեսողութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ. «Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն»։ (Յոբայ 39։29) Ուստի արծիւը լաւ կերպով կը խորհրդանշէ հեռատես իմաստութիւն։ Եհովա է իմաստութեան Աղբիւրը։ Իր քերովբէները աստուածային իմաստութիւն ի գործ կը դնեն, մինչ կը հնազանդին իր պատուէրներուն։—Առակաց 2։6. Յակոբու 3։17

Եհովայի Փառաբանութիւններ կը Թնդան

23. Չորս կենդանիները ամէն կողմէ «աչքերով լեցուն» ըլլալը ի՞նչ կը խորհրդանշէ, իսկ երեք զոյգ թեւեր ունենալը ի՞նչ կը շեշտէ։

23 Յովհաննէս կը շարունակէ իր նկարագրութիւնը. «Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու [«շուրջանակի», ՆԱ] ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. ‘Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ’»։ (Յայտնութիւն 4։8) Աչքերով լեցուն ըլլալը կը թելադրէ որ անոնք կատարեալ ու հեռահաս տեսողութիւն մը ունին։ Չորս կենդանիները այս կարողութիւնը անդադար կը գործածեն, մանաւանդ որ անոնք քնանալու կարիք չունին։ Անոնք կ’ընդօրինակեն Զայն որու մասին գրուած է. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Այսքան շատ աչքեր ունենալով, քերովբէները կրնան ամէն տեղ տեսնել։ Որեւէ բան չի վրիպիր անոնց ուշադրութենէն։ Հետեւաբար, անոնք լաւ զինուած են Աստուծոյ դատելու գործին մէջ իրեն ծառայելու համար։ Եհովայի մասին ըսուած է. «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն»։ (Առակաց 15։3) Իսկ երեք զոյգ թեւերով (Աստուածաշունչին մէջ երեք թիւը շեշտելու համար գործածուած է), քերովբէները կրնան կայծակի արագութեամբ շարժիլ, Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու ու զանոնք գործադրելու համար։

24. Քերովբէները ի՞նչպէս կը փառաբանեն Եհովան եւ ի՞նչ իմաստով։

24 Մտի՛կ ըրէք. քերովբէները քաղցրահնչիւն, ոգեյոյզ փառաբանութեան երգ մը կ’երգեն Եհովայի. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։ Դարձեալ, երեք անգամ կրկնութիւնը ուժգնութիւն կը նշէ։ Քերովբէները զօրաւոր կերպով կը հաստատեն Եհովա Աստուծոյ սրբութիւնը։ Ան սրբութեան Աղբիւրը եւ բարձրագոյն Չափանիշն է։ Ան նաեւ «յաւիտենական թագաւոր»ն է. եւ միշտ՝ «Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճան»ը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Յայտնութիւն 22։13) Քերովբէները դադար չունին, երբ ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ կը ծանուցանեն Եհովայի անմրցելի յատկութիւնները։

25. Կենդանիները եւ 24 երէցները ի՞նչպէս միասնականօրէն Եհովան կը պաշտեն։

25 Երկնից երկինքը Եհովայի փառաբանութեամբ կը թնդայ։ Յովհաննէս կը շարունակէ նկարագրել. «Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. ‘Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան’»։ (Յայտնութիւն 4։9, 10) Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ ասիկա Եհովայի, մեր Աստուծոյն եւ Գերիշխան Տէրոջ տրուած փառաբանութեան մեծագոյն յայտարարութիւններէն մէկն է։

26. 24 երէցները ինչո՞ւ իրենց պսակները Եհովայի առջեւ կը ձգեն։

26 24 երէցները Յիսուսի ցուցաբերած նոյն մտավիճակը կը յայտնաբերեն, նոյնիսկ իրենց պսակները Եհովայի առջեւ ձգելով։ Անոնց մտքէն իսկ չանցնիր Եհովայի ներկայութեան իրենք զիրենք բարձրացնել։ Անոնք խոնարհաբար կ’ընդունին որ իրենց թագաւորութեան միակ նպատակն է իրեն փառք ու պատիւ բերել, ճիշդ ինչպէս Յիսուս միշտ կ’ընէ։ (Փիլիպպեցիս 2։5, 6, 9-11) Անոնք հնազանդութեամբ կը գիտակցին իրենց ստորադասութեան եւ կը խոստովանին որ իրենց իշխանութիւնը Եհովայի գերիշխանութենէն կախեալ է։ Հետեւաբար, բոլոր սրտով քերովբէներուն եւ մնացեալ հաւատարիմ արարածներուն միանալով, փառք ու պատիւ կու տան Աստուծոյ, որ բոլոր բաները ստեղծեց։—Սաղմոս 150։1-6

27, 28. (ա) Այս տեսիլքին մասին Յովհաննէսի նկարագրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։ (բ) Այժմ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

27 Ո՞վ կրնայ այս տեսիլքին մասին Յովհաննէսի գրածը կարդալով անտարբեր մնալ։ Անիկա փառահեղ, հոյակա՜պ է։ Իսկ իրակա՛նը ինչ ըլլալու է. . . ։ Եհովայի վսեմութիւնը պէտք է ոեւէ անհատի մէջ գնահատութեամբ լեցուն սիրտ մը արթնցնէ, որպէսզի միանալով չորս կենդանիներուն ու 24 երէցներուն, Աստուած փառաբանէ թէ աղօթքով եւ թէ հանրապէս Իր անունը ծանուցանելով։ Քրիստոնեաները այսպիսի Աստուծոյ մը վկաները ըլլալու առանձնաշնորհումը կը վայելեն այսօր։ (Եսայեայ 43։10) Մի՛ մոռնաք որ Յովհաննէսի տեսիլքը տէրունական օրուան կը վերաբերի, որու մէջ կը գտնուինք ներկայիս։ «Եօթը Հոգիներ»ը որեւէ ժամանակէ աւելի մեզ առաջնորդելու ու զօրացնելու պատրաստ են։ (Գաղատացիս 5։16-18) Ներկայիս Աստուծոյ Խօսքը մատչելի է, եւ մեզի կ’օգնէ որ սուրբ Աստուծոյ ծառայելու համար մենք ալ սուրբ ըլլանք։ (Ա. Պետրոս 1։14-16) Վստահաբար, այս մարգարէութեան խօսքերը բարձրաձայն կարդալէն հաճոյք կ’առնենք։ (Յայտնութիւն 1։3) Այդ խօսքերը ո՜րքան կը խթանեն մեզ, որպէսզի հաւատարիմ մնանք Եհովայի, թոյլ չտալով որ աշխարհը մեզ հեռացնէ Իր փառաբանութեան երգերը եռանդով երգելէ։—Ա. Յովհաննու 2։15-17

28 Մինչեւ հոս, Յովհաննէս կը նկարագրէ ինչ որ տեսաւ, երբ երկնքի մէջ բացուած դռնէ մը ներս մտնելու հրաւէր ստացաւ։ Շատ ուշագրաւօրէն, ան կը տեղեկագրէ որ Եհովա Իր երկնային աթոռին վրայ նստած է իր փառաշուք շքեղութեամբ ու փառքով։ Ան շրջապատուած է ամենահզօր կազմակերպութեամբ, որ իր վսեմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը ճառագայթէ։ Աստուածային Ատեանը բացուած է։ (Դանիէլ 7։9, 10, 18) Արտակարգ բան մը պատահելու համար բեմը պատրաստ է։ Ի՞նչ է այդ եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ այսօր։ Միասնաբար դիտենք, մինչ վարագոյրը կը բացուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 75]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 78]