Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի մեծ ու զարմանալի գործերը

Եհովայի մեծ ու զարմանալի գործերը

Գլուխ 31

Եհովայի մեծ ու զարմանալի գործերը

Տեսիլք 10—Յայտնութիւն 15։1–16։21

Նիւթ. Եհովան իր սրբարանին մէջ. իր բարկութեան եօթը սկաւառակները երկրի վրայ կը թափուին

Կատարման ժամանակ. 1919–էն մինչեւ Արմագեդոն

1, 2. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ երրորդ նշանի մը մասին կը գրէ։ (բ) Եհովայի ծառաները հրեշտակներու խաղցած դերին մասին երկար ժամանակէ ի՞նչ գիտէին։

 ԿԻՆ մը արու զաւկի մը ծնունդ կու տայ։ Մեծ վիշապ մը կը փորձէ կլլել այդ մանուկը։ Յայտնութիւն 12–րդ գլուխին մէջ վառ կերպով պատկերացուած երկնային այս երկու նշանները մեզի կը յիշեցնեն որ Աստուծոյ կնոջ Սերունդին եւ Սատանայի եւ իր դիւային սերունդին միջեւ դարաւոր թշնամութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի։ Այս խորհրդանիշներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, Յովհաննէս կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ . . . Ուրիշ նշան մը երեւցաւ»։ (Յայտնութիւն 12։1, 3, 7-12) Արդ, Յովհաննէս երրորդ նշան մը կը տեղեկագրէ. «Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը»։ (Յայտնութիւն 15։1) Այս երրորդ նշանն ալ կենսական կարեւորութիւն ունի Եհովայի ծառաներուն համար։

2 Նկատի առէք այն կարեւոր դերերը, զորս հրեշտակները անգամ մը եւս կը խաղան Աստուծոյ կամքին գործադրութեան մէջ։ Եհովայի ծառաներուն շատոնց ծանօթ է այս իրողութիւնը։ Այո, ներշնչման ներքեւ սաղմոսերգուն նոյնիսկ հրեշտակներուն ուղղելով իր խօսքը, հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք»։ (Սաղմոս 103։20) Արդ, այս նոր արարին մէջ, հրեշտակներ նշանակուած են, որպէսզի եօթը վերջին հարուածները թափեն։

3. Եօթը հարուածները ի՞նչ են եւ անոնց թափուիլը ի՞նչ կը նշէ։

3 Ի՞նչ են այս հարուածները։ Հնչուած եօթը փողերուն նման, ասոնք կործանարար դատաստանական ծանուցումներ են, որոնք հանրապէս այս աշխարհի տարբեր երեսակներուն նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը կը յայտնեն եւ իր դատաստանական վճիռներուն վերջնական արդիւնքին մասին ազդարարութիւն կու տան։ (Յայտնութիւն 8։1–9։21) Այս հարուածներուն թափուիլը կը նշէ այդ դատաստաններու գործադրութեան, երբ Եհովա կրակոտ բարկութեամբ կը սպառէ բարկութեան արժանի եղողները։ (Եսայեայ 13։9-13. Յայտնութիւն 6։16, 17) Հետեւաբար, ‘անոնցմով Աստուծոյ բարկութիւնը կը կատարուի’։ Բայց հարուածներուն թափուիլը նկարագրելէ առաջ, Յովհաննէս մեզի կը խօսի կարգ մը մարդոց մասին, որոնք անոնցմէ պիտի խնայուին։ Գազանին դրոշմը մերժած ըլլալով, այս հաւատարիմները Եհովան կը փառաբանեն, մինչ իր վրէժխնդրութեան օրուան մասին կը ծանուցանեն։—Յայտնութիւն 13։15-17

Մովսէսին ու Գառնուկին Երգը

4. Արդ, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։

4 Յովհաննէսի կը հրամցուի արտակարգ համայնապատկեր մը. «Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ [«քով», ՆԱ] կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին»։—Յայտնութիւն 15։2

5. Ի՞նչ կը պատկերացնէ ‘կրակով խառնուած ապակեղէն ծովը’։

5 «Ապակեղէն ծով»ը այն նոյն ծովն է զոր Յովհաննէս նախապէս տեսած էր Աստուծոյ աթոռին առջեւ։ (Յայտնութիւն 4։6) Անիկա Սողոմոնի տաճարին ‘ձուլածոյ ծովուն’ (ջուրի աւազան) կը նմանէր, ուրկէ քահանաները ջուր կ’առնէին լուացուելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 7։23) Հետեւաբար, անիկա լաւ կերպով կը ներկայացնէ ‘աւազանին ջուրը’, այսինքն, Աստուծոյ Խօսքը, որու միջոցաւ Յիսուս կը մաքրէ օծեալ Քրիստոնեաներու քահանայական ժողովքը։ (Եփեսացիս 5։25, 26. Եբրայեցիս 10։22) Այս ապակեղէն ծովը «կրակով խառնուած» էր. ասիկա կը նշէ թէ այս օծեալները իրենց համար դրուած բարձր չափանիշներուն հնազանդելով՝ փորձուած եւ մաքրուած են։ Ասկէ զատ, անիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուծոյ Խօսքը իր թշնամիներուն դէմ կրակոտ դատաստանի արտայայտութիւններ ալ կը պարունակէ։ (Բ. Օրինաց 9։3. Սոփոնեայ 3։8) Այդ կրակոտ դատաստաններէն ոմանք յայտնաբերուած են եօթը վերջին հարուածներուն մէջ, որոնք թափուելու վրայ են։

6. (ա) Երկնային ապակեղէն ծովուն առջեւ կայնող երգիչները որո՞նք են եւ ի՞նչպէս գիտենք։ (բ) Անոնք ի՞նչ կերպով ‘յաղթած’ են։

6 Քանի որ Սողոմոնի տաճարին ձուլածոյ ծովը քահանաներուն գործածութեան յատկացուած էր, ասիկա կը նշէ որ երկնային ապակեղէն ծովուն առջեւ կայնած երգողները քահանայական դաս մըն են։ Անոնք «Աստուծոյ քնարները ունէին». հետեւաբար, զանոնք կ’առնչենք 24 երէցներուն եւ 144,000–ին, քանի որ այս խումբերն ալ քնարներու ընկերակցութեամբ կ’երգեն։ (Յայտնութիւն 5։8. 14։2) Յովհաննէսի տեսած երգիչները «յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին»։ Ուստի անոնք պէտք է ըլլան 144,000–էն անոնք որ վերջին օրերուն տակաւին երկրի վրայ են։ Որպէս խումբ՝ անոնք իրապէս կը յաղթեն։ 1919–էն ի վեր, շուրջ 90 տարի է որ անոնք կը մերժեն գազանին դրոշմը ընդունիլ եւ անոր պատկերը նկատել որպէս խաղաղութեան համար մարդուն միակ յոյսը։ Անոնցմէ շատեր արդէն մինչեւ մահ հաւատարիմ մնացած են, եւ հիմա որ երկինքն են, անկասկած բացառիկ հաճոյքով կը հետեւին տակաւին երկրի վրայ գտնուող իրենց եղբայրներուն երգեցողութեան։—Յայտնութիւն 14։11-13

7. Երբեմնի Իսրայէլի մէջ ինչո՞ւ քնար կը գործածուէր, եւ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջի Աստուծոյ քնարներուն ներկայութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

7 Այս հաւատարիմ յաղթողները Աստուծոյ քնարները ունին։ Այս հանգամանքով, անոնք վաղեմի տաճարի Ղեւտացիներուն նման են, որոնք քնարներու ընկերակցութեամբ երգելով Եհովան կը պաշտէին։ Ոմանք նոյնիսկ քնարներու ընկերակցութեամբ երգելով մարգարէացան։ (Ա. Մնացորդաց 15։16. 25։1-3) Քնարին սրտայոյզ երաժշտութիւնը կը գեղեցկացնէր Եհովայի ուղղուած Իսրայէլի ուրախութեան երգերն ու փառաբանութեան եւ գոհութեան աղօթքները։ (Ա. Մնացորդաց 13։8. Սաղմոս 33։2. 43։4. 57։7, 8) Նեղութեան կամ գերութեան ժամանակ, քնարները կը լռէին։ (Սաղմոս 137։2) Այս տեսիլքին մէջ Աստուծոյ քնարներուն ներկայութիւնը, մեր Աստուծոյն փառաբանութեան եւ գոհութեան յաղթական եւ ուրախ երգ մը թնդացնելու համար մեր ակնկալութիւնը պիտի սրէ։ *

8. Ի՞նչ երգ կ’երգուէր, եւ ի՞նչ էին անոր բառերը։

8 Յովհաննէս այս է որ կը տեղեկագրէ. «Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. ‘Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան’»։—Յայտնութիւն 15։3, 4

9. Երգը ինչո՞ւ մասամբ կոչուած է «Մովսէսին երգը»։

9 Այս յաղթողները «Մովսէսին երգը կ’երգէին», այսինքն, այսպիսի պարագաներու ներքեւ Մովսէսի երգած երգին նման երգ մը։ Իսրայելացիները Եգիպտոսի վրայ եկած տասը պատուհասներուն եւ Կարմիր Ծովուն մէջ եգիպտական բանակներուն կործանման ականատես ըլլալէն ետք, Մովսէսի առաջնորդութեամբ, անոնք Եհովան գովաբանող այսպիսի յաղթական երգ մը թնդացուցին, ծանուցանելով. «Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ (Ելից 15։1-19) Շատ տեղին է որ գազանին յաղթողները եւ վերջին եօթը հարուածները ծանուցանող Յովհաննէսի տեսիլքին մէջի երգիչներն ալ երգեն «յաւիտենական թագաւորին»։—Ա. Տիմոթէոս 1։17

10. Մովսէս ուրիշ ի՞նչ երգ յօրինեց, եւ անոր վերջին տունը ի՞նչ կապակցութիւն ունի ներկայ մեծ բազմութեան հետ։

10 Քանանու նուաճման պատրաստուող Իսրայէլի համար յօրինած ուրիշ երգի մը մէջ, տարեց Մովսէս այդ ազգին ըսաւ. «Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյ պատիւ տուէք»։ Այս երգին վերջին տունը Իսրայելացի չեղողներուն ալ քաջալերութիւն կու տար։ Մովսէսի ներշնչեալ խօսքերը ուղղակիօրէն կը կիրարկուին ներկայ մեծ բազմութեան. «Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք»։ Իսկ ինչո՞ւ պէտք է ուրախանան։ Քանի որ Եհովա այժմ «իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ»։ Այս արդար դատաստանին գործադրութիւնը ցնծութիւն պիտի պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք Եհովայի կը յուսան։—Բ. Օրինաց 32։3, 43. Հռովմայեցիս 15։10-13. Յայտնութիւն 7։9

11. Յովհաննէսի լսած երգը ի՞նչպէս տակաւին կը շարունակէ կատարուիլ։

11 Մովսէս ո՜րքան ուրախ պիտի ըլլար, եթէ ապրած ըլլար տէրունական օրուան մէջ, եւ երկնային երգչախումբին հետ երգէր. «Բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։ Այդ գերազանց երգը կը շարունակէ հոյակապ կատարում մը ունենալ ներկայիս, ինչպէս կը տեսնենք, ո՛չ միայն տեսիլքին մէջ, հապա որպէս կենդանի իրողութիւն մը. ներկայիս «ազգեր»էն միլիոնաւորներ ուրախութեամբ կը խուժեն դէպի Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը։

12. Յաղթողներուն երգը ինչո՞ւ կոչուած է նաեւ «Գառնուկին երգը»։

12 Սակայն, ասիկա ոչ միայն Մովսէսին, այլ նաեւ «Գառնուկին» երգն է։ Ի՞նչպէս։ Մովսէս Իսրայէլի ղրկուած Եհովայի մարգարէն էր, բայց Մովսէս ինք մարգարէացաւ որ Եհովա իրեն նման ուրիշ մարգարէ մը պիտի հանէր։ Այդ մարգարէն Գառնուկը՝ Յիսուս Քրիստոսը եղաւ։ Թէեւ Մովսէս Աստուծոյ ‘ծառան’ էր, բայց Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին էր, արդարեւ Մեծագոյն Մովսէսը։ (Բ. Օրինաց 18։15-19. Գործք 3։22, 23. Եբրայեցիս 3։5, 6) Հետեւաբար, երգիչներուն երգած երգը նաեւ «Գառնուկին երգ»ն է։

13. (ա) Յիսուս Մովսէսէն մեծ ըլլալով հանդերձ, ի՞նչպէս անոր նման է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք երգիչներուն միանալ։

13 Մովսէսի նման, Յիսուս հանրապէս Աստուծոյ փառաբանութիւններ երգեց եւ իր բոլոր թշնամիներուն վրայ Անոր յաղթանակը մարգարէացաւ։ (Մատթէոս 24։21, 22. 26։30. Ղուկաս 19։41-44) Յիսուս ալ անձկալից կը սպասէր այն ժամանակին, երբ ազգերը պիտի գային Եհովան փառաբանելու համար, եւ որպէս անձնազոհ «Աստուծոյ Գառը», իր մարդկային կեանքը զոհեց, ասիկա կարելի դարձնելու համար։ (Յովհաննու 1։29. Յայտնութիւն 7։9. համեմատել՝ Եսայեայ 2։2-4. Զաքարեայ 8։23) Իսկ ճիշդ ինչպէս որ Մովսէս գնահատեց Աստուծոյ Եհովա անունը եւ զայն բարձրացուց, Յիսուս ալ ճանչցուց Աստուծոյ անունը։ (Ելից 6։2, 3. Սաղմոս 90։1, 17. Յովհաննու 17։6) Քանի որ Եհովան հաւատարիմ է, իր փառաւոր խոստումներն ալ վստահաբար պիտի կատարուին։ Հետեւաբար, այս հաւատարիմ երգիչներուն, Գառնուկին եւ Մովսէսի կը միանանք, երգին բառերուն հետ համաձայն ըլլալով. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ»։

Սկաւառակներ Ունեցող Հրեշտակները

14. Յովհաննէս սրբարանէն որո՞նց ելլելը կը տեսնէ, եւ անոնց ի՞նչ կը տրուի։

14 Տեղին է լսել այս օծեալ յաղթողներուն երգած երգը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք երկրի վրայ ծանուցանած են Աստուծոյ բարկութեամբ լեցուն սկաւառակներուն մէջի դատաստանները։ Բայց այս սկաւառակներուն թափուիլը միայն մարդիկը չի ներփակեր, ինչպէս Յովհաննէս կը շարունակէ ցոյց տալ. «Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը [«սրբարանը», ՆԱ], որ երկինքն էր ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն [«սրբարանէն», ՆԱ] ելան։ Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն»։—Յայտնութիւն 15։5-7

15. Եօթը հրեշտակներուն սրբարանէն ելլելը ինչո՞ւ զարմանալի չէ։

15 Իսրայէլի տաճարին մէջ՝ որ երկնային բաներու ներկայացումներ կը պարունակէր՝ միայն քահանայապետն էր որ կրնար մտնել Սրբութիւն Սրբութեանցը, որ հոս «սրբարան» կոչուած է։ (Եբրայեցիս 9։3, 7) Անիկա կը ներկայացնէ երկնքի մէջ Եհովայի ներկայութիւնը։ Սակայն, երկնքի մէջ ոչ միայն Քահանայապետ Յիսուս Քրիստոս առանձնաշնորհումը ունի Եհովայի առջեւ ներկայանալու, այլ՝ հրեշտակներն ալ։ (Մատթէոս 18։10. Եբրայեցիս 9։24-26) Ուստի, երկնային սրբարանէն եօթը հրեշտակներուն դուրս ելլելը զարմանալի չէ։ Անոնք ուղղակի Եհովա Աստուծմէ յանձնարարութիւն ստացած են. որ է՝ Աստուծոյ բարկութեամբ լեցուած սկաւառակները թափել։—Յայտնութիւն 16։1

16. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ եօթը հրեշտակները շատ որակեալ են իրենց գործին համար։ (բ) Ի՞նչ բան կը նշէ որ այլաբանական սկաւառակները թափելու հսկայ գործին մէջ ուրիշներն ալ պարփակուած են։

16 Այս հրեշտակները իրապէս որակեալ են այս գործին համար։ Անոնք մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած են, ապացուցանելու համար որ հոգեւորապէս մաքուր, սուրբ եւ արդար են Եհովայի աչքին։ Անոնք ոսկեղէն գօտիներ ալ կապած են։ Գօտին սովորաբար կը կապուէր, գործ մը իրագործելու համար։ (Ղեւտացւոց 8։7, 13. Ա. Թագաւորաց 2։18. Ղուկաս 12։37. Յովհաննու 13։4, 5) Ուստի, հրեշտակները գօտեպնդուած են նշանակում մը գլուխ հանելու համար։ Մանաւանդ որ անոնց գօտիները ոսկեղէն են։ Երբեմնի տաղաւարին մէջ, աստուածային, կամ երկնային բաներ ներկայացնելու համար, ոսկի կը գործածուէր։ (Եբրայեցիս 9։4, 11, 12) Ասիկա կը նշանակէ որ այս հրեշտակները թանկարժէք, աստուածային սպասարկութիւն մը ունին կատարելիք։ Այս հսկայ գործին մէջ ուրիշներ ալ պարփակուած են։ Չորս կենդանի արարածներէն մէկը անոնց կը յանձնէ սկաւառակները։ Անկասկած ասիկա առաջին կենդանի արարածն էր, որ առիւծի կը նմանէր, որ Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու համար հարկ եղող խիզախութիւնը եւ անսանձելի քաջութիւնը կը խորհրդանշէ։—Յայտնութիւն 4։7

Եհովան Իր Սրբարանին Մէջ

17. Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ սրբարանին մասին եւ ատիկա ի՞նչպէս մեզի կը յիշեցնէ երբեմնի Իսրայէլի մէջի սրբարանը։

17 Վերջապէս, տեսիլքին այս մասը աւարտելով, Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Տաճարը [«սրբարանը», ՆԱ] Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը [«սրբարանը», ՆԱ] մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները»։ (Յայտնութիւն 15։8) Իսրայէլի պատմութեան մէջ առիթներ կային, երբ ամպ մը կը լեցնէր բառացի սրբարանը եւ Եհովայի փառքին այս յայտնաբերումը քահանաներուն արգելք կը հանդիսանար հոն մտնելու։ (Գ. Թագաւորաց 8։10, 11. Բ. Մնացորդաց 5։13, 14. համեմատել՝ Եսայեայ 6։4, 5) Ասիկա այն ժամանակներուն էր, երբ Եհովա գործօն մասնակցութիւն կը բերէր երկրի վրայ կատարուած բաներուն մէջ։

18. Եօթը հրեշտակները ե՞րբ պիտի վերադառնան եւ իրենց տեղեկագիրը ներկայացնեն Եհովայի։

18 Եհովա երկրի վրայի իրադարձութիւններով ալ խորապէս հետաքրքրուած է։ Ան կ’ուզէ որ եօթը հրեշտակները իրենց նշանակումը ամբողջացնեն։ Անիկա դատաստանի ճակատագրական ժամանակ մըն է, ինչպէս նկարագրուած է Սաղմոս 11։4-6–ի մէջ. «Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Տէրոջը աթոռը երկինքն է. անոր աչքերը կը տեսնեն, անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։ Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։ Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ, հուր եւ ծծումբ ու խորշակ. ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը»։ Մինչեւ որ այս եօթը սկաւառակները ամբարիշտներուն վրայ չթափին, եօթը հրեշտակները պիտի չվերադառնան Եհովայի վեհաշուք ներկայութեան։

19. (ա) Ի՞նչ պատուէր տրուեցաւ եւ որո՞ւ կողմէ։ (բ) Այլաբանական սկաւառակներուն թափուիլը ե՞րբ սկսած ըլլալու էր։

19 Ահաւոր պատուէր մը կը թնդայ. «Տաճարէն [«սրբարանէն», ՆԱ] մեծ ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ’ըսէր. ‘Գացէ՛ք, Աստուծոյ բարկութեան [եօթը] սկաւառակները երկրի վրայ թափեցէք’»։ (Յայտնութիւն 16։1) Այս պատուէրը տուողը ո՞վ է։ Ան ուղղակի Եհովան ըլլալու է, քանի որ իր փառքին ու զօրութեան ճառագայթումը արգելք կը հանդիսանար ոեւէ մէկու որ սրբարանը մտնէր։ Եհովա դատաստանի համար իր հոգեւոր տաճարը եկաւ 1918–ին։ (Մաղաքեայ 3։1-5) Հետեւաբար, այդ թուականէն քիչ ետք ան պատուիրած ըլլալու էր որ Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակները թափուին։ Արդարեւ, այլաբանական սկաւառակներուն մէջի դատաստանները սկսան ուժգնութեամբ ծանուցանուիլ 1922–ին։ Իսկ անոնց ծանուցումը հետզհետէ աւելի ուժգնութեամբ կը կատարուի ներկայիս։

Սկաւառակները եւ Փողերուն Հնչուիլը

20. Եհովայի բարկութեան սկաւառակները ի՞նչ կը յայտնեն եւ կ’ազդարարեն, եւ անոնք ի՞նչպէս կը թափուին։

20 Եհովայի բարկութեան սկաւառակները իր տեսանկիւնէն կը յայտնեն աշխարհի իրադարձութիւնները եւ Եհովայի գործադրելիք դատաստաններուն նկատմամբ կը զգուշացնեն։ Հրեշտակները սկաւառակները կը թափեն երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին միջոցաւ, որու անդամները Մովսէսին ու Գառնուկին երգը կ’երգեն։ Թագաւորութիւնը որպէս բարի լուր ծանուցանելով հանդերձ, Յովհաննէս դասակարգը բարկութեան այս սկաւառակներուն բովանդակութիւնը խիզախօրէն կը յայտնէ։ (Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 14։6, 7) Ուստի, անոնց երկկողմանի պատգամը խաղաղարար եղած է՝ մարդկութեան ազատութիւն ծանուցանելով, բայց ռազմական՝ «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օր»ուան մասին ազդարարելով։—Եսայեայ 61։1, 2

21. Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակներուն առաջին չորսը ի՞նչպէս առաջին չորս փողերուն հնչուելուն նման նոյն թիրախը ունին, բայց ի՞նչ բանի մէջ իրարմէ տարբեր են։

21 Առաջին չորս փողերու հնչուելուն համեմատող Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակներուն առաջին չորսը որպէս թիրախ ունին երկիրը, ծովը, գետերն ու ջուրերու աղբիւրները եւ լոյսի երկնային աղբիւրները։ (Յայտնութիւն 8։1-12) Բայց փողերուն հնչուիլը կը ծանուցանէր որ «երրորդ մաս»ին վրայ պիտի գային հարուածները, մինչդեռ Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակներուն թափուելով բոլորը պիտի վնասուին։ Ուստի, թէեւ տէրունական օրուան ընթացքին նախ Քրիստոնեայ Աշխարհին ուշադրութիւն տրուեցաւ որպէս «երրորդ մաս», սակայն Սատանայի դրութեան որեւէ մասը չէ խնայուած Եհովայի դատաստանական կճող պատգամներուն կողմէ հարուածուելէ, որոնք ցաւ կը պատճառեն։

22. Վերջին երեք փողերուն հնչուիլը ի՞նչպէս տարբեր էր, եւ ի՞նչ բանով Եհովայի բարկութեան վերջին երեք սկաւառակներուն հետ առնչութիւն ունին։

22 Վերջին երեք փողերու հնչուիլը տարբեր բնոյթ ունէին, քանի որ անոնք վայեր կոչուած էին։ (Յայտնութիւն 8։13. 9։12) Անոնց առաջին երկուքը մասնաւորաբար մարախներէ եւ հեծելազօրքէ բաղկացած էին, իսկ երրորդը Եհովայի Թագաւորութեան ծնունդը կը ներկայացնէր։ (Յայտնութիւն 9։1-21. 11։15-19) Ինչպէս պիտի տեսնենք, իր բարկութեան սկաւառակներուն վերջին երեքն ալ այս երեսակներէն ոմանք կը պարփակեն, բայց որոշ չափով տարբեր են երեք վայերէն։ Արդ, հիմա մօտէն քննենք Եհովայի բարկութեան սկաւառակներուն թափուելով եղած շշմեցուցիչ յայտնութիւնները։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Նկատողութեան արժանի է այն իրողութիւնը թէ 1921–ին, Յովհաննէս դասակարգը Աստուծոյ Քնարը խորագրով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրք մը հրատարակեց, որմէ աւելի քան 20 լեզուներով, հինգ միլիոն օրինակներ շրջագայութեան մէջ դրուեցան։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ օծեալ երգիչներուն թիւը աւելնայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]