Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկու վկաներուն վերակենդանացումը

Երկու վկաներուն վերակենդանացումը

Գլուխ 25

Երկու վկաներուն վերակենդանացումը

1. Զօրաւոր հրեշտակը ի՞նչ ընելու հրաւէր տուաւ Յովհաննէսի։

 ԵՐԿՐՈՐԴ վայը վերջապէս աւարտելէն առաջ, զօրաւոր հրեշտակը Յովհաննէսի հրաւէր կու տայ, որպէսզի մարգարէական ուրիշ ներկայացումի մը մասնակցի, որ տաճարին հետ կապ ունի։ (Յայտնութիւն 9։12. 10։1) Ահաւասիկ թէ ինչ կը տեղեկագրէ Յովհաննէս. «Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. ‘Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները’»։—Յայտնութիւն 11։1

Տաճարը

2. (ա) Ո՞ր տաճարը մինչեւ մեր օրերը պիտի գոյատեւէր։ (բ) Այս տաճարին Քահանայապետը ո՞վ է, եւ ի՞նչ է անոր Սրբութիւն Սրբութեանցը։

2 Հոս յիշուած տաճարը չի կրնար Երուսաղէմի մէջ որեւէ բառացի տաճար մը ըլլալ, քանի որ անոնցմէ վերջինը Հռովմէացիները կործանեցին Հ.Դ. 70–ին։ Սակայն, Պօղոս առաքեալ ցոյց կու տայ որ նոյնիսկ այդ կործանումէն առաջ, ուրիշ տաճար մը ի յայտ եկած էր, որ պիտի գոյատեւէր մինչեւ մեր օրերը։ Ասիկա հոգեւոր մեծ տաճարն էր, որ նախ տաղաւարին ու ապա Երուսաղէմի մէջ շինուած տաճարներուն մարգարէական հակատիպերուն կատարումը պիտի ըլլար։ Անիկա է ‘ճշմարիտ խորանը որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը’, եւ անոր Քահանայապետը Յիսուս է, զոր Պօղոս կը նկարագրէ որպէս արդէն իսկ «երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստած»։ Անոր Սրբութիւն Սրբութեանցը՝ ուղղակի երկնքի մէջ Եհովայի ներկայութեան վայրն է։—Եբրայեցիս 8։1, 2. 9։11, 24

3. Տաղաւարին մէջ ի՞նչ կը պատկերացնէր (ա) Սրբութիւն Սրբութեանցը Սրբութենէն բաժնող վարագոյրը, (բ) անասնական զոհերը, (գ) զոհասեղանը։

3 Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ որ տաղաւարին վարագոյրը, որ Սրբութիւն Սրբութեանցը կը բաժնէր Սրբութենէն՝ Յիսուսի մարմինը կը պատկերացնէր։ Երբ Յիսուս իր կեանքը զոհեց, այդ վարագոյրը երկուքի բաժնուեցաւ, ցոյց տալով որ Յիսուսի մարմինը այլեւս երկինք՝ Եհովայի ներկայութեան՝ մտնելու արգելք մը չէր։ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ, հաւատարմաբար մեռած իր օծեալ ենթաքահանաներն ալ, յարմար ժամանակին երկինք պիտի մտնէին։ (Մատթէոս 27։50, 51. Եբրայեցիս 9։3. 10։19, 20) Պօղոս նաեւ կը նշէ որ տաղաւարին մէջ շարունակաբար կատարուած անասնական զոհերը, Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքի միակ զոհը կը մատնանշէին։ Գաւիթին մէջի զոհասեղանը կը ներկայացնէր Իր կամքին համեմատ, Յիսուսի զոհագործութեան առնչութեամբ Եհովայի կարգադրութիւնը, ‘փրկութեան համար իրեն սպասող’ «շատերուն»՝ նախ օծեալներուն, ապա ուրիշ ոչխարներուն՝ ի նպաստ։—Եբրայեցիս 9։28. 10։9, 10. Յովհաննու 10։16

4. Ի՞նչ կը պատկերացնէր (ա) Սուրբ Տեղը, (բ) ներքին գաւիթը։

4 Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած այս տեղեկութենէն կ’եզրակացնենք որ տաղաւարին Սուրբ Տեղը կը խորհրդանշէ սուրբ վիճակ մը, զոր կը վայելեն նախ Քրիստոս, ապա՝ 144,000 թագաւորական քահանայութեան օծեալ անդամները, երբ տակաւին երկրի վրայ են, «վարագոյրին» մէջէն անցնելէ առաջ։ (Եբրայեցիս 6։19, 20. Ա. Պետրոս 2։9) Անիկա կը ներկայացնէ թէ անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ, ինչպէս որ Աստուած հաստատեց թէ Յիսուս իր Որդին էր, Հ.Դ. 29–ին Յորդանան Գետին մէջ անոր մկրտութենէն ետք։ (Ղուկաս 3։22. Հռովմայեցիս 8։15) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ներքին գաւիթին մասին, որ քահանայութեան չպատկանող Իսրայելացիներուն կողմէ տեսանելի եղող միակ տեղն էր եւ ուր զոհեր կը մատուցուէին։ Ասիկա կը պատկերացնէ մարդ Յիսուսի կատարեալ դիրքը, որուն շնորհիւ որակեալ եղաւ մարդկութեան համար իր կեանքը տալու։ Անիկա նաեւ կը ներկայացնէ որպէս սուրբեր, երկրի վրայ իր օծեալ հետեւորդներուն վայելած արդար կեցուածքը՝ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ կարելի եղած։ *Հռովմայեցիս 1։7. 5։1

Տաճարը կը Չափուի

5. Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններու մարգարէութեանց մէջ, ի՞նչ իմաստ ունէր (ա) Երուսաղէմի չափուիլը, (բ) Եզեկիէլի տեսլական տաճարին չափուիլը։

5 Յովհաննէսի ըսուեցաւ որ «չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները»։ Ասիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ։ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններու մարգարէութեանց մէջ, չափելը երաշխիք մը կու տար որ Եհովայի կատարեալ չափանիշներուն հիման վրայ, արդարութիւն ի գործ պիտի դրուէր։ Մանասէ չար թագաւորին օրերուն, Երուսաղէմի մարգարէական չափումը կը վկայէր որ այդ քաղաքին վրայ աներկբայ կործանումի դատաստան պիտի գար։ (Դ. Թագաւորաց 21։13. Ողբք 2։8) Հետագային սակայն, երբ Երեմիա Երուսաղէմի չափուիլը տեսաւ, ասիկա հաստատեց որ այդ քաղաքը պիտի վերաշինուէր։ (Երեմեայ 31։39. տես նաեւ՝ Զաքարեայ 2։2-8) Նմանապէս, Եզեկիէլի ականատես եղած տեսլական տաճարին մանրամասնօրէն չափուիլը, Բաբելոնի Հրեայ աքսորեալներուն երաշխիք կու տար թէ ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր իրենց հայրենիքին մէջ։ Անիկա նաեւ յիշեցում մըն էր թէ իրենց յանցանքներուն ի տես, Իսրայէլ պէտք էր Աստուծոյ սուրբ չափանիշներուն գոհացում տար։—Եզեկիէլ 40։3, 4. 43։10

6. Տաճարը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընող քահանաները չափելու մասին Յովհաննէսի տրուած պատուէրը ի՞նչ բանի նշան է։ Բացատրեցէք։

6 Հետեւաբար, երբ Յովհաննէսի պատուէր կը տրուի որ տաճարը եւ անոր երկրպագուները չափէ, անիկա նշան մըն է որ որեւէ բան պիտի չկարենայ արգելք հանդիսանալ տաճարի կարգադրութեան եւ անոր հետ առնչուողներուն նկատմամբ Եհովայի նպատակներուն գործադրութեան եւ թէ, այդ նպատակները իրենց յանգումին մօտենալու վրայ են։ Հիմա որ ամէն բան Եհովայի զօրաւոր հրեշտակին ոտքերուն տակ դրուած է, ժամանակն է որ ‘Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ հաստատուի’։ (Եսայեայ 2։2-4) Եհովայի մաքուր պաշտամունքը պէտք է բարձրացուի, Քրիստոնեայ Աշխարհի դարաւոր հաւատուրացութենէն ետք։ Նաեւ ժամանակն է որ Յիսուսի հաւատարիմ եղբայրները՝ որոնք մահացած են՝ «Սրբութիւն սրբոց»ին մէջ յարուցանուին։ (Դանիէլ 9։24, Էջմիածին. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13-15. Յայտնութիւն 6։11. 14։4) Իսկ «մեր Աստուծոյն ծառաներուն» երկրի վրայ վերջին կնքուածները պիտի չափուին աստուածային չափանիշներուն համաձայն, որպէսզի որակեալ ըլլան տաճարի կարգադրութեան մէջ իրենց մնայուն տեղը ունենալու, որպէս հոգիէն ծնած Աստուծոյ որդիներ։ Յովհաննէս դասակարգը շատ լաւ գիտէ այդ սուրբ չափանիշները եւ որոշած է անոնց գոհացում տալ։—Յայտնութիւն 7։1-3. Մատթէոս 13։41, 42. Եփեսացիս 1։13, 14. համեմատել՝ Հռովմայեցիս 11։20

Գաւիթին Կոխկռտուիլը

7. (ա) Ինչո՞ւ Յովհաննէսի ըսուեցաւ որ գաւիթը չչափէ։ (բ) Սուրբ քաղաքը ե՞րբ կոխկռտուեցաւ 42 ամիս։ (գ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչպէս Եհովայի արդար չափանիշները յարգելու մէջ թերացան 42 ամիս։

7 Ինչո՞ւ Յովհաննէսի թոյլ չի տրուիր որ գաւիթը չափէ։ Ան կը բացատրէ. «Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն [«ազգերուն», ՆԱ] տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս»։ (Յայտնութիւն 11։2) Նշեցինք թէ ներքին գաւիթը կը պատկերացնէ հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն երկրի վրայ ունեցած արդար կեցուածքը։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, հոս խօսքը 42 բառացի ամիսներու մասին է, Դեկտեմբեր 1914–էն Յունիս 1918–ը, երբ դաւանեալ Քրիստոնեաներուն բոլորը խիստ փորձի ենթարկուեցան։ Անոնք պատերազմի այս տարիներուն Եհովայի արդար չափանիշները պիտի յարգէի՞ն։ Մեծամասնութիւնը չյարգեց։ Որպէս ամբողջութիւն Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ազգայնականութիւնը աստուածային օրէնքին հնազանդելէն առաջ դասեցին։ Գլխաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի կողմէ մղուած պատերազմի երկու ճակատներուն վրայ, կղերները կը քարոզէին որ երիտասարդները զէնք վերցնէին։ Միլիոնաւորներ սպաննուեցան։ 1918–ին այդ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսած ատեն, Միացեալ Նահանգներն ալ այդ արիւնահեղութեան մէջ մտած էր եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի բոլոր կղերները այնպիսի արիւնապարտութեան տակ եկան, որու համար մինչեւ հիմա վրէժխնդրութեան աղաղակ կը բարձրանայ Աստուծոյ։ (Ա. Պետրոս 4։17) Այդ դասակարգը վերջնականապէս, անշրջելիօրէն մերժուեցաւ։—Եսայեայ 59։1-3, 7, 8. Երեմեայ 19։3, 4

8. Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտներէն շատեր ի՞նչ բանի անդրադարձան, բայց ի՞նչ բան լիովին չըմբռնեցին։

8 Սակայն Աստուածաշունչի Աշակերտներու պզտիկ խումբին պարագան ի՞նչ էր։ Աստուածային չափանիշներուն որքանով կառչած ըլլալուն կապակցաբար անոնք 1914–ին անմիջապէս պիտի չափուէի՞ն։ Ոչ. Քրիստոնեայ Աշխարհի անուանական Քրիստոնեաներուն նման, անոնք ալ փորձի պիտի ենթարկուէին։ Անոնք ‘ձգուեցան եւ ազգերուն տրուեցան’, որպէսզի խստօրէն փորձուին եւ հալածուին։ Անոնցմէ շատեր գիտակցեցան որ պէտք չէ երթան ու սպաննեն իրենց նմանները, սակայն տակաւին քրիստոնէական չէզոքութիւնը լիովին չէին ըմբռնած։ (Միքիայ 4։3. Յովհաննու 17։14, 16. Ա. Յովհաննու 3։15) Ազգերուն կողմէ եկած ճնշումներուն ներքեւ, անոնցմէ ոմանք զիջումներ ըրին։

9. Ազգերուն կողմէ կոխկռտուած սուրբ քաղաքը ի՞նչ է, եւ երկրի վրայ ո՞վ կը ներկայացնէ այս քաղաքը։

9 Սակայն, սուրբ քաղաքը ի՞նչպէս կոխկռտուեցաւ այդ ազգերուն կողմէ։ Որոշ է որ ասիկա Երուսաղէմին չ’ակնարկեր, որ Յայտնութիւնը գրուելէն աւելի քան 25 տարի առաջ կործանած էր։ Այլ, սուրբ քաղաքը՝ Նոր Երուսաղէմն է, որ հետագային նկարագրուած է Յայտնութեան մէջ, որ ներկայիս երկրի վրայ ներկայացուած է տաճարին ներքին գաւիթին մէջ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդով։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք ալ սուրբ քաղաքին մաս պիտի կազմեն։ Ուստի, զանոնք կոխկռտելը՝ ուղղակի քաղաքը կոխկռտելու համարժէք է։—Յայտնութիւն 21։2, 9-21

Երկու Վկաները

10. Կոխկռտուելու ժամանակ, Եհովայի հաւատարիմ վկաները ի՞նչ կ’ընեն։

10 Նոյնիսկ երբ կը կոխկռտուին, այդ ուղղամիտ անհատները Եհովայի հաւատարիմ վկաները ըլլալէ չեն դադրիր։ Ուստի, մարգարէութիւնը կը շարունակէ, ըսելով. «Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն։ Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան»։—Յայտնութիւն 11։3, 4

11. Օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներու համար ի՞նչ նշանակեց «քուրձ հագած» մարգարէանալը։

11 Այս հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները համբերութեան պէտք ունէին, քանի որ «քուրձ հագած» մարգարէութիւն պիտի ընէին։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քուրձը յաճախ սուգի նշան էր։ Զայն հագնիլը նշան մըն էր որ անհատը անտրամադիր կամ տխուր էր։ (Ծննդոց 37։34. Յոբայ 16։15, 16. Եզեկիէլ 27։31) Երբ Աստուծոյ մարգարէները դատապարտութեան կամ վշտի ողբալի պատգամներ ծանուցանէին, յաճախ անոր կ’ընկերակցէր քուրձը։ (Եսայեայ 3։8, 24-26. Երեմեայ 48։37. 49։3) Քուրձ հագնիլը կրնար նշել խոնարհիլ կամ զղջալ, աստուածային ազդարարութեան ի տես։ (Յովնանու 3։5) Երկու վկաներուն քուրձ հագնիլը երեւութապէս Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու մէջ անոնց խոնարհ համբերութիւնը կը մատնանշէ։ Անոնք վկաներ էին որոնք կը ծանուցանէին Իր վրէժխնդրութեան օրը, որ ազգերուն վրայ ալ ողբ պիտի բերէր։—Բ. Օրինաց 32։41-43

12. Սուրբ քաղաքին կոխկռտուելու ժամանակաշրջանը ինչո՞ւ բառացի կը թուի ըլլալ։

12 Յովհաննէս դասակարգը այս պատգամը պիտի քարոզէր որոշ ժամանակ մը՝ 1,260 օր կամ 42 ամիս. սուրբ քաղաքին կոխկռտուելուն համապատասխան ժամանակ մը։ Այնպէս կը թուի որ այս ժամանակաշրջանը բառացի է, քանի որ երկու կերպով տրուած է. նախ ամիսներով, ապա՝ օրերով։ Ասկէ զատ, տէրունական օրուան սկիզբը, երեքուկէս տարուան ժամանակաշրջան մը նշուած էր, երբ Աստուծոյ ծառաներուն դառն փորձառութիւնները հոս մարգարէացուած դէպքերուն կը համեմատէին. սկսելով 1914–ի Դեկտեմբերէն եւ շարունակուելով մինչեւ 1918–ի Յունիսը։ (Յայտնութիւն 1։10) Անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ այս աշխարհին վրայ Եհովայի դատաստաններուն մասին «քուրձ»ի պատգամ մը քարոզեցին։

13. (ա) Ի՞նչ կը նշէ այն իրողութիւնը թէ օծեալ Քրիստոնեաները երկու վկաներով խորհրդանշուած էին։ (բ) Յովհաննէս երկու վկաները «երկու ձիթենիներն եւ երկու աշտանակներ» կոչելը, Զաքարիայի ո՞ր մարգարէութիւնը կը յիշեցնէ մեզի։

13 Այն իրողութիւնը թէ անոնք երկու վկաներով խորհրդանշուած էին, կը հաստատէ որ անոնց վկայութիւնը շիտակ է եւ՝ լաւ հիմնուած։ (Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 17։6. Յովհաննու 8։17, 18) Յովհաննէս զանոնք կը կոչէ «երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներ», ըսելով թէ անոնք «երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան»։ Ասիկա բացայայտօրէն Զաքարիայի մարգարէութեան կ’ակնարկէ, որ եօթը ճրագներով աշտանակ մը եւ երկու ձիթենիներ տեսաւ։ Ըսուեցաւ որ ձիթենիները կը պատկերացնէին «երկու օծեալներ»ը, այսինքն, Զօրաբաբէլ Կառավարիչը եւ Յեսու Քահանայապետը, որոնք «բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։—Զաքարեայ 4։1-3, 14

14. (ա) Երկու ձիթենիներու ու աշտանակին մասին Զաքարիայի տեսիլքը ի՞նչ կը մատնանշէր։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի փորձառութիւնը պիտի ունենային Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին։

14 Զաքարիան վերակառուցման շրջանի մը մէջ կ’ապրէր, եւ իր տեսած երկու ձիթենիները կը նշանակէին որ Զօրաբաբէլը եւ Յեսուն Եհովայի հոգիով պիտի տոգորուէին, որպէսզի ժողովուրդը աշխատանքի լծէին։ Աշտանակի տեսիլքը Զաքարիայի կը յիշեցնէր որ ‘պզտիկ բաներուն օրը չանարգէր’, քանի որ Եհովայի նպատակները պիտի կատարուէին. «‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Զաքարեայ 4։6, 10. 8։9) Քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը, որ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին առանց դադարելու մարդոց ճշմարտութեան լոյսը կը տանէր, պիտի գործածուէր նաեւ վերաշինութեան գործին մէջ։ Անոնք ալ քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլային եւ թիւով քիչ ըլլալով հանդերձ, պիտի սորվէին Եհովայի ուժին ապաւինիլ, պզտիկ բաներուն օրը չանարգելով։

15. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաներուն երկու վկաներով նկարագրուած ըլլալը ի՞նչ բան ալ կը յիշեցնէ մեզի։ (բ) Երկու վկաները ի՞նչ նշաններ ընելու հեղինակութիւն ունէին։

15 Անոնց երկու վկաներով ներկայացուած ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ այլակերպութիւնը։ Այդ տեսիլքին մէջ, Յիսուսի առաքեալներէն երեքը զինք տեսան Թագաւորութեան փառքով, իրեն հետ ունենալով Մովսէսն ու Եղիան։ Ասիկա կը խորհրդանշէր թէ Յիսուս 1914–ին իր փառաւոր գահին վրայ նստելով, այս երկու մարգարէներով նախապատկերացուած գործ մը պիտի իրագործէր։ (Մատթէոս 17։1-3) Տեղին ըլլալով, երկու վկաները Մովսէսն ու Եղիան յիշեցնող նշաններ կ’ընեն։ Զոր օրինակ, անոնց մասին Յովհաննէս կ’ըսէ. «Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։ Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ»։—Յայտնութիւն 11։5, 6ա

16. (ա) Կրակի մասին եղած նշանը մեզի ի՞նչպէս կը յիշեցնէ այն ժամանակը, երբ Իսրայէլի մէջ Մովսէսի հեղինակութիւնը հակաճառուեցաւ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչպէս ասպարէզ կարդացին Աստուածաշունչի Աշակերտներուն եւ Առաջին Աշխարհամարտին դժուարութիւններ յարուցին անոնց. իսկ անոնք ի՞նչպէս իրենք զիրենք պաշտպանեցին։

16 Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն ժամանակը, երբ Մովսէսի հեղինակութիւնը հակաճառուեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Այդ մարգարէն դատաստանի կրակոտ խօսքեր արտասանեց եւ Եհովա կործանեց ըմբոստները, անոնցմէ 250 հոգի երկինքէն իջած բառացի կրակով սպառելով։ (Թուոց 16։1-7, 28-35) Նոյն կերպով, Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները Աստուածաշունչի Աշակերտները արհամարհեցին, ըսելով որ անոնք բնաւ աստուածաբանական վարժարաններ գացած չեն։ Բայց Աստուծոյ վկաները աւելի բարձր յանձնարարականներ ունէին որպէս քարոզիչներ. իրենց տուած սուրբ գրային պատգամին ընդառաջող խոնարհ անհատները։ (Բ. Կորնթացիս 3։2, 3) 1917–ին Աստուածաշունչի Աշակերտները հրատարակեցին Կատարուած Խորհուրդը. Յայտնութիւն եւ Եզեկիէլի գիրքերուն մասին զօրաւոր մեկնաբանութիւն մը։ Ասոր յաջորդեց 10,000,000 օրինակներով չորս էջնոց թերթիկի մը բաշխումը, Աստուածաշունչի Աշակերտներու Ամսաթերթը խորագրով, որուն գլխաւոր յօդուածին խորագիրն էր՝ «Բաբելոնի Անկումը—Քրիստոնեայ Աշխարհը Այժմ Ինչո՛ւ Պէտք Է Տառապի—Վերջնական Արդիւնքը»։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կատղած կղերները պատերազմի լարուածութիւնը օգտագործեցին գիրքը արգիլել տալու համար։ Ուրիշ երկիրներու մէջ գիրքը գրաքննութեան ենթարկուեցաւ։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ ծառաները շարունակեցին պայքարիլ, Թագաւորութեան Լուրեր խորագիր կրող չորս էջնոց բոցավառող թերթիկներու շարքով մը։ Մինչ տէրունական օրը կը յառաջանար, ուրիշ հրատարակութիւններ յստակօրէն պիտի յայտնէին Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւորապէս մահամերձ վիճակը։—Համեմատել՝ Երեմեայ 5։14

17. (ա) Եղիայի օրերուն ի՞նչ դէպքեր երաշտի ու կրակի առնչուած էին։ (բ) Երկու վկաներուն բերնէն ի՞նչպէս կրակ կ’ելլէր, եւ հարցը ի՞նչ երաշտի մասին էր։

17 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Եղիայի մասին։ Իսրայէլի թագաւորներուն օրերուն, այս մարգարէն երաշտ մը մարգարէացաւ, որ Եհովայի բարկութիւնը կ’արտացոլացնէր Բահաղը պաշտող Իսրայելացիներուն վրայ։ Այդ երաշտը երեքուկէս տարի տեւեց։ (Գ. Թագաւորաց 17։1. 18։41-45. Ղուկաս 4։25. Յակոբու 5։17) Աւելի ետք, երբ անհաւատարիմ Ոքոզիա թագաւորը զինուորներ ղրկեց, որպէսզի Եղիան բռնի կերպով պալատ իր քով բերեն, մարգարէն երկինքէն կրակ իջեցուց եւ զինուորները սպառեց։ Երբ յիսնապետ մը որպէս մարգարէ իր դիրքին հանդէպ պատշաճ յարգանք ցոյց տուաւ, այն ատեն էր միայն որ Եղիա անոր հետ թագաւորին քով երթալու համաձայն գտնուեցաւ։ (Դ. Թագաւորաց 1։5-16) Նոյն կերպով, օծեալ մնացորդը 1914–էն 1918 խիզախօրէն մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրեց Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր երաշտին վրայ, եւ զգուշացուց որ կրակոտ դատաստան մը պիտի գար «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը» եկած ատեն։—Մաղաքեայ 4։1, 5. Ամովսայ 8։11

18. (ա) Երկու վկաներուն ի՞նչ հեղինակութիւն տրուած է, եւ ասիկա ի՞նչպէս նման է Մովսէսի տրուած հեղինակութեան։ (բ) Երկու վկաները ի՞նչպէս քօղազերծեցին Քրիստոնեայ Աշխարհը։

18 Յովհաննէս երկու վկաներուն մասին կը շարունակէ ըսել. «[Անոնք] Ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն»։ (Յայտնութիւն 11։6բ) Իսրայէլը ազատ արձակելու մէջ Փարաւոնը համոզելու համար, Եհովա Մովսէսը գործածեց, որպէսզի հարստահարող Եգիպտոսը պատուհասներով զարնէ, մէջը ըլլալով ջուրերու արեան վերածուիլը։ Դարեր ետք, Իսրայէլի Փղշտացի թշնամիները տակաւին շատ լաւ կը յիշէին Եգիպտոսի դէմ Եհովայի արարքները, պատճառ ըլլալով որ անոնք աղաղակեն. «Այս զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն ո՞վ մեզ պիտի ազատէ։ Ասոնք այն աստուածներն են, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ հարուածներով զարկին անապատին մէջ»։ (Ա. Թագաւորաց 4։8. Սաղմոս 105։29) Մովսէս կը պատկերացնէր Յիսուսը, որ հեղինակութիւն ունէր իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն վրայ Աստուծոյ դատաստանները ծանուցանելու։ (Մատթէոս 23։13. 28։18. Գործք 3։22) Իսկ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Քրիստոսի եղբայրները՝ երկու վկաները՝ երեւան հանեցին որ իր ծուխերուն տուած Քրիստոնեայ Աշխարհի «ջուրեր»ը մահաբեր էին։

Երկու Վկաները կը Սպաննուին

19. Յայտնութիւն գրքին համաձայն, երբ երկու վկաները իրենց վկայութիւնը աւարտեն, ի՞նչ կը պատահի։

19 Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ եկած այս հարուածները այնքան խիստ էին որ երկու վկաները 42 ամիս քուրձ հագած մարգարէանալէ յետոյ, անիկա իր աշխարհային ազդեցութիւնը գործածեց, որպէսզի այս վկաները ‘սպաննուին’։ Յովհաննէս կը գրէ. «Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։ Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։ Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։ Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին»։—Յայտնութիւն 11։7-10

20. «Անդունդէն ելլող գազանը» ի՞նչ է։

20 Յայտնութիւն գրքին մէջ գազանի մասին եղած 37 ակնարկութիւններուն առաջինն է ասիկա։ Երբ ժամանակը գայ, այս եւ ուրիշ գազաններ մանրամասնօրէն նկատի պիտի առնենք։ Բայց բաւարարուինք հոս ըսելով որ «անդունդէն ելլող գազանը» Սատանայի ձեռքին գործն է. անիկա գործօն քաղաքական դրութիւն մըն է։ *—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 13։1. Դանիէլ 7։2, 3, 17

21. (ա) Երկու վկաներուն կրօնական թշնամիները ի՞նչպէս շահագործեցին պատերազմը։ (բ) Երկու վկաներուն դիակներուն չթաղուիլը ի՞նչ կը նշէր։ (գ) Երեքուկէս օրուան ժամանակաշրջանը ի՞նչպէս պէտք է նկատել։ (Տես ստորանիշը։)

21 Ազգերը 1914–էն մինչեւ 1918, Առաջին Աշխարհամարտով զբաղած էին։ Ազգայնասիրական զգացումները գրգռուած էին, եւ 1918–ի գարնան, երկու վկաներուն կրօնական թշնամիները առիթէն օգտուեցան։ Անոնք Պետութեան իրաւական մարմինը դրդեցին, որպէսզի Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պատասխանատու ծառաները բանտարկուին խռովարարութեան սուտ ամբաստանութեամբ։ Հաւատարիմ աշխատակիցները ապշեցան։ Թագաւորութեան գործունէութիւնը գրեթէ դադրեցաւ։ Կարծես թէ քարոզչութիւնը մեռած էր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն գերեզմանին մէջ չթաղուիլը մեծ անարգանք մըն էր։ (Սաղմոս 79։1-3. Գ. Թագաւորաց 13։21, 22) Հետեւաբար, երկու վկաները առանց թաղելու ձգելը մեծ նախատինք կը բերէր։ Պաղեստինեան տաք կլիմային ներքեւ, փողոցին մէջ նետուած դիակ մը իրապէս պիտի նեխէր բառացի երեքուկէս օր ետք։ * (Համեմատել՝ Յովհաննու 11։39) Մարգարէութեան այս մանրամասնութիւնը կը նշէ այդ երկու վկաներուն կրած նախատինքը։ Վերոյիշեալ բանտարկուած անհատներուն նոյնիսկ մերժուեցաւ երաշխաւորութեամբ դուրս գալ, մինչ իրենց դատին համար վերաքննութեան դիմում եղած էր։ Անոնք բաւական երկար ժամանակ հանրութեան դիմաց փռուած մնացին, «մեծ քաղաք»ին բնակիչներուն համար գարշահոտ դառնալով։ Բայց այս «մեծ քաղաք»ը ի՞նչ էր։

22. (ա) Ի՞նչ է մեծ քաղաքը։ (բ) Հանրային մամուլը ի՞նչպէս կղերներուն միացաւ երկու վկաներուն լռութեան վրայ ուրախանալու համար։ (Տես շրջագիծը։)

22 Յովհաննէս կծիկը կը քակէ։ Ան կ’ըսէ թէ Յիսուս հոն ցցահարուեցաւ։ Ուստի, ինքնաբերաբար Երուսաղէմի մասին կը մտածենք։ Բայց նաեւ կ’ըսէ որ այդ մեծ քաղաքը կը կոչուի Սոդոմ եւ Եգիպտոս։ Այո, բառացի Երուսաղէմը ատեն մը Սոդոմ կոչուած էր, իր պիղծ սովորութիւններուն պատճառաւ։ (Եսայեայ 1։8-10. համեմատել՝ Եզեկիէլ 16։49, 53-58) Իսկ Եգիպտոսը՝ առաջին աշխարհակալ ուժը, երբեմն այս աշխարհի իրերու դրութիւնը կը պատկերացնէ։ (Եսայեայ 19։1, 19. Յովելեայ 3։19) Հետեւաբար, այս մեծ քաղաքը կը պատկերացնէ պղծուած «Երուսաղէմ» մը, որ կը դաւանի Աստուած պաշտել, բայց Սոդոմի նման պիղծ եւ մեղաւոր եղած է, եւ Եգիպտոսի նման՝ սատանայական այս աշխարհի իրերու դրութեան մէկ մասը։ Անիկա կը պատկերացնէ Քրիստոնեայ Աշխարհը, անհաւատարիմ Երուսաղէմի արդի համարժէքը, կազմակերպութիւն մը, որու անդամները ուրախանալու շատ պատճառներ ունէին, երբ զիրենք խանգարող երկու վկաներուն քարոզչութիւնը լռեցուցին։

Կը Վերականգնին

23. (ա) Երեքուկէս օր ետք ի՞նչ կը պատահի երկու վկաներուն, ի՞նչ ազդեցութիւն ձգելով իրենց թշնամիներուն վրայ։ (բ) Յայտնութիւն 11։11, 12–ը եւ չորցած ոսկորներու հովիտին վրայ Եհովայի փչելուն նկատմամբ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ե՞րբ արդի կատարում մը ունեցան։

23 Մամուլը կղերներուն միացաւ Աստուծոյ ծառաները վարկաբեկելու համար։ Լրագիր մը կ’ըսէր. «Կատարուած Խորհուրդը վերջ գտաւ»։ Բայց ասկէ աւելի մեծ սխալ մը չէ՛ր կրնար ըլլալ։ Երկու վկաները մեռած վիճակի մէջ չմնացին։ Կը կարդանք. «Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. ‘Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք’։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան»։ (Յայտնութիւն 11։11, 12) Այս կերպով, անոնք տեսիլքի մէջ Եզեկիէլի այցելած հովիտին չորցած ոսկորներուն նման փորձառութիւն մը ունեցան։ Եհովա այդ չորցած ոսկորներուն վրայ փչեց եւ անոնք կենդանացան, Բաբելոնի 70 տարուան գերութենէն ետք Իսրայէլ ազգին վերածնունդը պատկերացնելով։ (Եզեկիէլ 37։1-14) Թէ՛ Եզեկիէլի եւ թէ Յայտնութիւն գրքին այս մարգարէութիւնները ուշագրաւօրէն արդի կատարում մը ունեցան 1919–ին, երբ Եհովա իր «մեռած» վկաները զեղուն կեանքի վերադարձուց։

24. Երկու վկաները ե՞րբ վերականգնեցան եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց կրօնական հալածիչներուն վրայ։

24 Ասիկա ի՜նչ մեծ ցնցում մը եղաւ այդ հալածիչներուն համար։ Երկու վկաներուն դիակները յանկարծ կենդանացան եւ դարձեալ գործի լծուեցան։ Ասիկա մարսելը դժուար էր կղերներուն համար, մանաւանդ որ այն Քրիստոնեայ ծառաները, որոնց զրպարտութեամբ կրցած էին բանտ նետել տալ, հիմա դարձեալ ազատ էին եւ հետագային ամբողջովին անմեղ պիտի յայտարարուէին։ Անոնք շատ աւելի ցնցուած ըլլալու էին, երբ 1919–ի Սեպտեմբերին, Աստուածաշունչի Աշակերտները համաժողով մը ունեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.)։ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ բանտէն նոր արձակուած էր, հանդիսականները ոգեւորեց Յայտնութիւն 15։2 եւ Եսայեայ 52։7–ի վրայ հիմնուած իր դասախօսութեամբ, որուն խորագիրն էր՝ «Թագաւորութիւնը Ծանուցանենք»։ Յովհաննէս դասակարգէն եղողները անգամ մը եւս սկսան ‘մարգարէութիւն ընել’, կամ հանրապէս քարոզել։ Անոնք հետզհետէ ուռճացան, անվախօրէն քօղազերծելով Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծաւորութիւնը։

25. (ա) Երկու վկաներուն ե՞րբ ըսուեցաւ. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք»։ (բ) Երկու վկաներուն վերահաստատումը ի՞նչ ցնցիչ ազդեցութիւն ունեցաւ մեծ քաղաքին վրայ։

25 Քրիստոնեայ Աշխարհը բազմիցս ջանաց 1918–ի իր յաղթանակը վերանորոգել։ Ան խուժանային արարքներու, իրաւաբանական կերպերու, բանտարկութեան, նոյնիսկ սպանութեանց դիմեց, բայց ի զուր։ 1919–էն ետք, երկու վկաներուն գործունէութեան հոգեւոր մարզը իր հասողութենէն վեր էր։ Այդ տարին Եհովա անոնց ըսած էր. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք», եւ անոնք հոգեւոր բարձր վիճակի մէջ բերուեցան, ուր իրենց թշնամիները կրնային տեսնել զիրենք, բայց չէին կրնար անոնց դպչիլ։ Յովհաննէս կը նկարագրէ մեծ քաղաքին վրայ իրենց վերահաստատման ձգած ցնցիչ ազդեցութիւնը. «Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն»։ (Յայտնութիւն 11։13) Իրապէս մեծ ցնցումներ կատարուեցան կրօնքի ծիրէն ներս։ Երբ վերակենդանացած Քրիստոնեաներու այս մարմինը գործի լծուեցաւ, աւանդական եկեղեցիներու առաջնորդներուն ոտքին տակ կարծես գետինը շարժեցաւ։ Անոնց քաղաքին տասներորդ մասը, այլաբանական 7,000 անհատներ, այնքան զօրաւոր կերպով ազդուեցան, որ անոնց մասին ըսուած է որ մեռան։

26. Որո՞նք պատկերացուած են Յայտնութիւն 11։13–ի «քաղաքին տասներորդ մաս»ով եւ «եօթը հազար»ով։ Բացատրեցէք։

26 «Քաղաքին տասներորդ մասը» մեզի կը յիշեցնէ Եսայիի մարգարէութիւնը թէ երբեմնի Երուսաղէմի տասներորդ մասը պիտի վերապրէր քաղաքին կործանումէն, որպէս սուրբ սերունդ։ (Եսայեայ 6։13) Դարձեալ 7,000 թիւը մեզի կը յիշեցնէ որ երբ Եղիա զգաց որ միայն ինք հաւատարիմ մնացած էր Իսրայէլի մէջ, Եհովա իրեն ըսաւ որ արդարեւ 7,000 անհատներ կային, որոնք Բահաղի դիմաց չէին ծնրադրած։ (Գ. Թագաւորաց 19։14, 18) Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ այդ 7,000–ը կը պատկերացնէր Հրեաներու այն մնացորդը որ Քրիստոսի մասին բարի լուրին ընդառաջեց։ (Հռովմայեցիս 11։1-5) Այս համարները մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ Յայտնութիւն 11։13–ի «եօթը հազար»ը եւ «քաղաքին տասներորդ մասը» անոնք են, որոնք կ’ընդառաջեն երկու վկաներուն եւ մեղաւոր մեծ քաղաքը կը լքեն։ Անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի նկատմամբ կը մեռնին։ Անոնց անունները հանուեցան անոր տոմարէն։ Այդ քաղաքին համար, այլեւս անոնք գոյութիւն չունին։ *

27, 28. (ա) Ի՞նչպէս ‘մնացածները փառք տուին երկնքի Աստուծոյն’։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչ բան ընդունելու ստիպուեցան։

27 Բայց ի՞նչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհի ‘մնացածները փառք տուին երկնքի Աստուծոյն’։ Վստահաբար իրենց հաւատուրաց կրօնքները լքելով եւ Աստուծոյ ծառաները ըլլալով չըրին ասիկա։ Այլ, Վինսէնթի՝ Նոր Կտակարանի Բառերու Ուսումնասիրութիւններ–ու մէջ՝ «փառք տուին երկնքի Աստուծոյն» նախադասութեան մասին տրուած բացատրութեան համաձայն։ Հոն նշուած էր. «Այս նախադասութիւնը ո՛չ դարձի գալ, ո՛չ զղջում եւ ոչ ալ գոհաբանութիւն կը նշանակէ, այլ՝ ճանաչում, եւ համարին մէջ ա՛յս է անոր սովորական իմաստը։ Համեմատել՝ Յես. Է։19 (Եօթանասնից). Յովհ. Թ։24. Գործք ԺԲ։23. Հռովմ. Դ։20»։ Ի ցաւ իրեն, Քրիստոնեայ Աշխարհը ստիպուած է ընդունիլ որ Աստուածաշունչի Աշակերտներու Աստուածը մեծ արարք մը ըրած է զիրենք վերադարձնելով քրիստոնէական գործունէութեան։

28 Կրնայ ըլլալ որ կղեր դասակարգը ասիկա ընդունեց միայն իր մտքին մէջ, կամ իրենք իրենց միջեւ։ Անշուշտ արձանագրութիւն մը չկայ թէ անոնցմէ ոեւէ մէկը հանրապէս ընդունեց երկու վկաներուն Աստուածը։ Բայց Յովհաննէսի միջոցաւ Եհովայի տուած մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու թէ անոնց սրտին մէջ ի՛նչ կար եւ հասկնալ՝ 1919–ին անոնց ունեցած նուաստացուցիչ ցնցումը։ Այդ տարուընէ սկսեալ, երբ «եօթը հազար»ը լքեցին Քրիստոնեայ Աշխարհը, հակառակ իր ոչխարները պահելու իր ջանքերուն, կղերները ստիպուեցան ընդունիլ որ Յովհաննէս դասակարգին Աստուածը իրենց աստուծմէն զօրաւոր էր։ Յառաջիկայ տարիներուն, անոնք աւելի պիտի անդրադառնային ասոր, երբ իրենց հօտէն շատեր պիտի մեկնէին, Կարմեղոս Լերան վրայ Բահաղի երկրպագուներուն վրայ Եղիա յաղթանակ տանելէն ետք, ժողովուրդին արտասանած խօսքերը արձագանգելով. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։—Գ. Թագաւորաց 18։39

29. Ըստ Յովհաննէսի, ի՞նչ բան շուտով պիտի գայ եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի ուրիշ ի՞նչ ցնցում կը սպասէ։

29 Բայց մտի՛կ ըրէք. Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ»։ (Յայտնութիւն 11։14) Եթէ Քրիստոնեայ Աշխարհը ցարդ պատահած բաներէն ցնցուած է, ի՞նչ պիտի ընէ, երբ երրորդ վայը ծանուցանուի, եօթներորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնէ եւ Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը վերջապէս աւարտի։—Յայտնութիւն 10։7

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Այս հոգեւոր մեծ տաճարին մասին մանրամասնութեանց համար տես՝ «Եհովայի Հոգեւոր Մեծ Տաճարը» յօդուածը, Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1996 թիւին մէջ, եւ «Միակ Ճշմարիտ Տաճարը՝ Պաշտամունքի Համար» յօդուածը, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1972 թիւին մէջ (Անգլերէն)։

^ պարբ. 20 «Անդունդ»ը (Յունարէն՝ ապիս·սոս, Եբրայերէն՝ թէհոհմ) կը խորհրդանշէ անգործութեան վայր մը։ (Տես՝ Յայտնութիւն 9։2) Բառացի առումով սակայն, անիկա կրնայ ակնարկել նաեւ ընդարձակ ծովու։ Եբրայերէն բառը յաճախ թարգմանուած է՝ «ջուրերու խորքը»։ (Սաղմոս 71։20ՆԱ. 106։9. Յովնանու 2։5ՆԱ) Ուստի, «անդունդէն ելլող գազանը» կրնայ զուգորդուիլ ‘ծովէն ելլող գազան’ին հետ։—Յայտնութիւն 11։7. 13։1

^ պարբ. 21 Նկատի առէք որ Աստուծոյ ժողովուրդին այդ ժամանակուան փորձառութիւնը քննելով կը տեսնուի որ թէեւ 42 ամիսները երեքուկէս բառացի տարիներ կը ներկայացնէին, բայց երեքուկէս օրը, բառացի 84 ժամուան շրջան մը չի ներկայացներ։ Երեքուկէս օրը որ երկու անգամ յիշուած է (9 եւ 11–րդ համարներուն մէջ), հաւանաբար շեշտելու համար է որ միայն կարճ ժամանակաշրջան մը պիտի տեւէր, համեմատած անոր նախորդող բառացի երեքուկէս տարուան գործունէութեան հետ։

^ պարբ. 26 Հռովմայեցիս 6։2, 10, 11. 7։4, 6, 9. Գաղատացիս 2։19. Կողոսացիս 2։20. 3։3–ի համարներուն մէջ համեմատեցէք «մեռած», «մեռաւ», եւ «կենդանի» բառերուն գործածութիւնը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 168]

Յայտնութիւն 11։10–ի ուրախութիւնը

Քարոզիչներ Զէնքեր կը Ներկայացնեն խորագրով՝ 1933–ին հրատարակուած իր գրքին մէջ, Ռէյ Հ. Էպրամզ, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ հրատարակուած Կատարուած Խորհուրդը գրքին դէմ, կղերներու դառն հակառակութեան ակնարկութիւն կ’ընէ։ Ան աչքէ կ’անցընէ, Աստուածաշունչի Աշակերտներէն եւ անոնց «վտանգաւոր համոզումէն» ձերբազատուելու կղերներուն ջանքերը։ Ասոր որպէս արդիւնք, անոնք դատի քաշուեցան եւ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտն ու իր եօթը ընկերակիցները երկար տարիներու բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Տոքթ. Էպրամզ կ’աւելցնէ. «Երբ վերլուծենք ամբողջ խնդիրը, այն եզրակացութեան կը յանգինք որ եկեղեցիները եւ կղերականներն էին Ռասըլականները ջնջելու շարժումին ետին գտնուողները։ Գանատայի մէջ, 1918 Փետրուարին, կղերականները անոնց եւ անոնց հրատարակութիւններուն՝ մանաւանդ, Կատարուած Խորհուրդ–ին դէմ կանոնաւոր արշաւի մը ձեռնարկեցին։ Ուինիբէկի Թրիպիուն–ին համաձայն, . . . անոնց գրքին վրայ դրուած արգելքը կը կարծուի որ ուղղակիօրէն վերագրելի է ‘կրօնականներու բողոքին’»։

Տոքթ. Էպրամզ կը շարունակէ. «Երբ քսան տարուան դատապարտութեան լուրը հասաւ կրօնական մամուլի խմբագիրներուն, այդ հրատարակութիւններուն գրեթէ բոլորը՝ մեծ թէ փոքր՝ ուրախացան այս լուրով։ Չկարողացայ կարեկցութեան որեւէ բառ գտնել ուղղափառ կրօնական թերթերուն մէջ։ Ափթըն Սինգլէր եզրակացուց. ‘Կասկած չկայ որ հալածանքը . . . մասամբ մը ծագում առաւ այն իրողութենէն թէ անոնք «ուղղափառ» կրօնական անձնակազմին ատելութիւնը շահած էին’։ Ինչ որ եկեղեցիներու միասնական ջանքերը չկարողացան ընել, այնպէս թուեցաւ որ կառավարութիւնը յաջողեցաւ իրագործել անոնց համար»։ Կրօնական կարգ մը հրատարակութիւններու յարգազուրկ մեկնութիւններէն քանի մը հատը մէջբերելէ յետոյ, հեղինակը Վերաքննիչ Ատեանի կողմէ որոշումի յեղաշրջման ակնարկութիւն ըրաւ եւ նշեց. «Այս որոշումը եկեղեցիները լռելեայն ողջունեցին»։

[Նկար՝ էջ 163]

Յովհաննէս կը չափէ հոգեւոր տաճարը—օծեալ քահանայութիւնը անոր չափանիշներուն գոհացում պէտք է տայ

[Նկարներ՝ էջ 165]

Զօրաբաբէլի եւ Յեսուի վերակառուցման գործը կը նշէր թէ տէրունական օրուան մէջ, Եհովայի Վկաներուն պզտիկ սկիզբին պիտի յաջորդէր մեծ յաւելում մը։ Վերեւը ցոյց տրուած Պրուքլինի (Նիւ Եորք) մէջ եղածին նման համալիրներ մեծապէս ընդարձակելու հարկը տեսնուեցաւ, իրենց կարիքներուն գոհացում տալու համար

[Նկարներ՝ էջ 166]

Երկու վկաներուն ծանուցանած կրակոտ դատաստանի պատգամները Մովսէսի ու Եղիայի մարգարէական գործով նախագուշակուած էին

[Նկարներ՝ էջ 169]

Եզեկիէլ 37–րդ գլուխի չորցած ոսկորներուն նման, երկու վկաները վերստին աշխուժացան մերօրեայ քարոզչութեան համար