Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրաշարժներ՝ Տէրունական օրուան մէջ

Երկրաշարժներ՝ Տէրունական օրուան մէջ

Գլուխ 18

Երկրաշարժներ՝ Տէրունական օրուան մէջ

1, 2. (ա) Ուժգին երկրաշարժ մը ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ։ (բ) Երբ վեցերորդ կնիքը կը բացուի, Յովհաննէս ի՞նչ կը նկարագրէ։

 ՈՒԺԳԻՆ երկրաշարժի մը մէջէն անցա՞ծ էք։ Անիկա հաճելի փորձառութիւն մը չէ։ Մեծ երկրաշարժ մը կրնայ սկսիլ հիւանդացնող օրօրումով եւ որոտանման աղմուկով։ Մինչ ապահով տեղ մը, թերեւս սեղանի մը տակ կը վազէք, երերումը կրնայ սաստկանալ ընդհատ ցնցումներով։ Կամ յանկարծական, անակնկալ ցնցում մը կրնայ ըլլալ, որուն հետեւանքով ապակեղէններ, կարասիներ կը փշրուին եւ նոյնիսկ շէնքեր կրնան փուլ գալ։ Վնասները աղիտալի կրնան ըլլալ, եւ յաճախ կը յաջորդեն երկրորդական ցնցումներ, որոնք յաւելեալ վնասներ կը հասցնեն եւ մարդոց դժբախտութիւնը կ’աւելցնեն։

2 Ասիկա ի մտի ունենալով, նայեցէք թէ Յովհաննէս ի՛նչ կ’ըսէ, վեցերորդ կնիքը բացուած ատեն. «Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ»։ (Յայտնութիւն 6։12ա) Այս երկրաշարժը միւս կնիքներուն բացուած ժամանակին պէտք է զուգադիպի։ Արդ, տէրունական օրուան ո՞ր մասին մէջ ատիկա տեղի կ’ունենայ, եւ անիկա ի՞նչպիսի ցնցում մըն է։—Յայտնութիւն 1։10

3. (ա) Իր ներկայութեան նշանին մարգարէութեան մէջ Յիսուս ի՞նչ եղելութիւններ նախագուշակեց։ (բ) Բառացի երկրաշարժները ի՞նչ առնչութիւն ունին Յայտնութիւն 6։12–ի այլաբանական մեծ երկրաշարժին հետ։

3 Աստուածաշունչին մէջ բազմիցս յիշուած են բառացի եւ այլաբանական երկրաշարժներ։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան նշանին մասին իր տուած մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս նախագուշակեց. «տեղ տեղ . . . երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ «Ասոնք ցաւերուն սկիզբ»ին մաս պիտի կազմէին։ 1914–էն ի վեր, մինչ երկրի բնակչութիւնը արագօրէն կ’աւելնայ, հասնելով քանի մը միլիառներու, բառացի երկրաշարժներ մեր օրերուն թշուառութիւններուն յատկանշական կերպով կ’օժանդակեն։ (Մատթէոս 24։3, 7, 8) Թէեւ անոնք մարգարէութեան կատարումն են, բայց այդ երկրաշարժները բնական, ֆիզիքական աղէտներ են։ Անոնք Յայտնութիւն 6։12–ի այլաբանական մեծ երկրաշարժին նախերգանք են։ Ասիկա արդարեւ Սատանայի մարդկային ու երկրային իրերու դրութիւնը հիմէն ցնցող երկրաշարժներու շարքին կործանարար վերջին ցնցումն է։ *

Ցնցումներ Մարդկային Ընկերութեան Մէջ

4. (ա) Եհովայի ծառաները երբուընէ՞ կը սպասէին 1914–ին սկսելիք այդ աղիտալի դէպքերուն։ (բ) 1914–ը ո՞ր ժամանակաշրջանին վերջ պիտի դնէր։

4 1870–ական թուականներու կէսերէն ի վեր, Եհովայի ծառաները ակնկալած էին որ աղիտալի դէպքեր պիտի սկսէին տեղի ունենալ 1914–ին, որոնք ազգերուն ժամանակներուն վախճանը պիտի նշէին։ Ասիկա «եօթը ժամանակ»ն (2,520 տարի) է, որ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի մէջ Դաւիթենական թագաւորութեան տապալումէն մինչեւ Հ.Դ. 1914–ին, երկնաւոր Երուսաղէմի մէջ Յիսուսի թագադրումը պիտի տեւէր։—Դանիէլ 4։24, 25. Ղուկաս 21։24 *

5. (ա) Չ. Թ. Ռասըլ ի՞նչ ծանուցում ըրաւ 2 Հոկտեմբեր 1914–ին։ (բ) 1914–էն ի վեր քաղաքական ի՞նչ տակնուվրայութիւններ տեղի ունեցած են։

5 Արդ, երբ Չ. Թ. Ռասըլ 2 Հոկտեմբեր 1914–ին Պրուքլինի (Նիւ Եորք) Պէթէլի ընտանիքին առտուան պաշտամունքին համար երեւցաւ, ան շշմեցուցիչ ծանուցում մը ըրաւ. «Հեթանոսաց Ժամանակները վերջացա՛ն. անոնց թագաւորները իրենց ժամանակը ունեցան»։ Արդարեւ, 1914–ին սկսած համաշխարհային տակնուվրայութիւնը ա՛յնքան լայնապարփակ էր, որ երկար ժամանակէ իշխող միապետութիւններ անյայտացան։ 1917–ին, Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ ձարական իշխանութեան տապալումը, Մարքսականութեան եւ դրամատիրութեան միջեւ երկարատեւ բախումի մը առաջնորդեց։ Քաղաքական փոփոխութեան ցնցումները կը շարունակեն համայն երկրի վրայ մարդկային ընկերութիւնը սարսել։ Ներկայիս, շատ մը կառավարութիւններ միայն մէկ կամ երկու տարուան կեանք ունին։ Քաղաքական աշխարհի մէջ կայունութեան պակասը լաւ կերպով կը պատկերացուի Իտալիոյ պարագայով, որ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող 42 տարիներու ընթացքին, 47 նոր կառավարութիւններ ունեցած է։ Բայց այսպիսի նախնական ցնցումներ պարզապէս կառավարական տակնուվրայութեան մը նախերգանքն են։ Ասիկա ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առանձին համայն երկրի իշխանութիւնը ձեռք պիտի առնէ։—Եսայեայ 9։6, 7

6. (ա) Ուէլզ ի՞նչպէս նկարագրեց նոր եւ ծանրակշիռ ժամանակաշրջանը։ (բ) Իմաստասէր մը եւ քաղաքագէտ մը ի՞նչ գրեցին 1914–ին յաջորդող ժամանակաշրջանին մասին։

6 Պատմաբաններ, իմաստասէրներ եւ քաղաքական առաջնորդներ 1914–ը մատնանշեցին, որպէս նոր եւ ծանրակշիռ պատմական ժամանակաշրջանի մը սկիզբը։ Ատկէ 17 տարի ետք, պատմաբան Հ. Գ. Ուէլզ ըսաւ. «Մարգարէն ուրախութեամբ պիտի ուզէ մարգարէանալ հաճելի բաներ։ Բայց իր պարտականութիւնն է ըսել ինչ որ կը տեսնէ։ Ան կը տեսնէ աշխարհ մը, որ տակաւին զինուորներու, հայրենասէրներու, վաշխառուներու, եւ դրամական արկածախնդիրներու ափին մէջն է. աշխարհ մը, որ կասկածի ու ատելութեան անձնատուր եղած է, շատ արագօրէն կորսնցնելով անձնական ազատութեան բեկորները. աշխարհ մը, որ դասակարգի դառն պայքարներու ծանր սխալին մէջ կը շարունակէ ընթանալ եւ նոր պատերազմներու համար կը պատրաստուի»։ 1953–ին, իմաստասէր Պէրթրանտ Ռասըլ գրեց. «1914–էն ի վեր, անոնք որոնք աշխարհի անցուդարձերէն տեղեակ են, մտահոգութեան մէջ կ’ընկղմին, քանի որ անոր մէջ կը տեսնեն դէպի աւելի մեծ աղէտի մը անխուսափելի եւ նախածրագրուած ճակատագրի քայլարշաւը։ Շատ մը լուրջ մարդիկ այն եզրակացութեան հասած են, թէ ո՛չ մէկ բան կայ ընելիք աղէտի մէջ ընկղմելէ խուսափելու համար։ Անոնք մարդկային ցեղը կը տեսնեն՝ ճիշդ յունական ողբերգութեան մը հերոսին նման, որ բարկացած աստուածներու կողմէ կը քշուի եւ այլեւս իր ճակատագրին տէրը չէ»։ Ի. դարուն խաղաղ սկիզբին մասին մտածելով, 1980–ին, քաղաքագէտ Հէրոլտ Մէգմիլըն ըսաւ. «Ամէն բան երթալով աւելի լաւ պիտի ըլլար։ Ա. Աշխարհամարտը ծագեցաւ . . . ։ Յանկարծ, անակնկալօրէն, եւ 1914–ի առաւօտ մը ամէն բան վերջ գտաւ»։

7-9. (ա) 1914–էն ի վեր, ի՞նչ տակնուվրայութիւններ ցնցած են մարդկային ընկերութիւնը։ (բ) Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին մարդկային ընկերութեան մէջ կատարուելիք տակնուվրայութիւնները ի վերջոյ ի՞նչ կացութիւն պիտի պարփակեն։

7 Բ. Աշխարհամարտը տակնուվրայութեան ուրիշ ալիք մըն ալ բերաւ։ Իսկ աւելի պզտիկ պատերազմներ, միջազգային ահաբեկչութեան հետ մէկտեղ, կը շարունակեն երկիրը ցնցել։ Ահաբեկիչներու կամ պետութիւններու կողմէ զանգուածային կործանման զէնքեր գործածելու ահաւոր սպառնալիքը, շատերը մտահոգութեան կը մատնէ։

8 Պատերազմի կողքին, ուրիշ բաներ ալ մարդկային ընկերութիւնը իր հիմէն խախտած են 1914–էն ի վեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 29 Հոկտեմբեր 1929–ին սակարանային կացութեան փլուզումով, մեծագոյն աղիտալի տակնուվրայութիւնը տեղի ունեցաւ։ Ասիկա Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը բերաւ, որ դրամատիրական բոլոր երկիրներուն ազդեց։ Թէեւ այդ ձախորդութեան առաջքը առնուեցաւ 1932–էն 1934–ի միջեւ, բայց տակաւին անոր ազդեցութիւնը զգալի է։ 1929–էն ի վեր, տնտեսականօրէն հիւանդ աշխարհ մը կը փորձէ ինքզինք դարմանել՝ հնարքներ փնտռելով։ Կառավարութիւններ կը սնանկանան։ 1973–ի վառելանիւթի տագնապը եւ 1987–ի սակարանային փլուզումը ֆինանսական կայսրութիւնը անգամ մը եւս ցնցեցին։ Այս միջոցին, միլիոնաւոր մարդիկ սկսան մեծ մասամբ ապառիկ գնել։ Անհամար անհատներ զոհ կ’երթան դրամաշորթ հնարքներու, բրգային դրութեան եւ վիճակահանութիւններու եւ բախտախաղի խարդախ կերպերու, որոնցմէ շատերը խնամակալուած են կառավարութիւններու կողմէ, որոնցմէ կը սպասուի իրենց ժողովուրդը պաշտպանել։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի հեռատեսիլի քարոզիչներ բազմամիլիառ տոլարներ կը շորթեն։—Համեմատել՝ Երեմեայ 5։26-31

9 Անցեալին, տնտեսական դժուարութիւնները ճամբան հարթեցին որ Մուսոլինի եւ Հիթլեր հեղինակութեան գլուխ անցնին։ Մեծն Բաբելոնը առանց ժամանակ կորսնցնելու անոնց հաճութիւնը փնտռեց եւ Վատիկանը համաձայնութիւններ կնքեց Իտալիոյ հետ 1929–ին, իսկ Գերմանիոյ հետ՝ 1933–ին։ (Յայտնութիւն 17։5) Անոր յաջորդող խաւար օրերը վստահաբար իր ներկայութեան մասին Յիսուսի տուած մարգարէութեան կատարումն էին, որուն հետեւանքով ի վերջոյ «ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին . . . մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ (Ղուկաս 21։7-9, 25-31) * Այո, մարդկային ընկերութիւնը ցնցող շարժերը որ 1914–ին սկսան, զօրաւոր երկրորդական ցնցումներով շարունակուած են։

Եհովա Ցնցում մը կը Կատարէ

10. (ա) Մարդկային գործերը ինչո՞ւ այսքան խախտած են։ (բ) Եհովա ի՞նչ կ’ընէ եւ ի՞նչ բանի պատրաստուելով։

10 Մարդկային գործերուն մէջ տեղի ունեցող այսպիսի ցնցումներ, իր քայլերը ուղղելու մարդուն անկարողութեան արդիւնքն են։ (Երեմեայ 10։23) Ասկէ զատ, այդ առաջուան օձը, Սատանան, «որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց», ամբողջ մարդկութիւնը Եհովայի պաշտամունքէն հեռացնելու իր վերջին ճիգը կը թափէ, զանոնք վայերով հարուածելով։ Արդի արուեստագիտութիւնը երկիրը մէկ թաղի վերածած է, ուր ազգայնամոլական եւ ցեղապաշտական ատելութիւնը, մարդկային ընկերութիւնը իր հիմէն կը խախտէ, իսկ այդպէս կոչուած Միացեալ Ազգերը, ազդու բալասան մը գտնելու կարողութիւնը չունի։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, մարդը մարդուն վրայ կ’իշխէ իր թշուառութեան համար։ (Յայտնութիւն 12։9, 12. Ժողովողի 8։9) Իսկ Գերիշխան Տէր Եհովա, երկնքի ու երկրի Արարիչը, ինքն ալ իր կողմէ ցնցում կը պատճառէ շուրջ 90 տարիէ ի վեր, պատրաստուելով մի անգամ ընդմիշտ լուծելու համար երկրի խնդիրները։ Ի՞նչպէս։

11. (ա) Անգեայ 2։6, 7–ը ի՞նչ ցնցում կը նկարագրէ։ (բ) Անգէի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կը կատարուի։

11 Անգեայ 2։6, 7–ի մէջ կը կարդանք. «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը, բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ Մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Եհովա պատճառ եղած է որ իր վկաները երկրի վրայ մարդկային ընկերութեան բոլոր տարրերուն ծանուցանեն իր դատաստանները։ Այս աշխարհածաւալ ազդարարութիւնը տեղեակ պահած է Սատանայի համաշխարհային դրութիւնը։ * Մինչ ազդարարութիւնը աւելի ուժգին կերպով կը տրուի, աստուածավախ անհատներուն՝ «ցանկալի բաներ»ուն, քաջալերութիւն կը տրուի որ զատուին ազգերէն։ Անոնք Սատանայի կազմակերպութեան մէջ պատճառուած ցնցումներուն հետեւանքով դուրս նետուած չեն։ Հապա, երբ կը նկատեն կացութիւնը, անձնական որոշումով կը միանան Յովհաննէս օծեալ դասակարգին, Եհովայի պաշտամունքի տունը փառքով լեցնելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’իրագործուի։ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրի նախանձախնդիր քարոզչութեամբ։ (Մատթէոս 24։14) Այս Թագաւորութիւնը, որ բաղկացած է Յիսուսէ եւ իր օծեալ հետեւորդներէն, յաւիտեան պիտի մնայ որպէս «անշարժ թագաւորութիւն» մը։—Եբրայեցիս 12։26-29

12. Եթէ դուք Մատթէոս 24։14–ի մէջ նախագուշակուած քարոզչութեան սկսած էք ընդառաջել, ի՞նչ պէտք է ընէք Յայտնութիւն 6։12–ի մեծ երկրաշարժը տեղի ունենալէ առաջ։

12 Դուք այդ քարոզչութեան որպէս հետեւանք ընդառաջողներէն մէ՞կն էք։ Թերեւս մաս կը կազմէ՞ք միլիոնաւոր անհատներու, որոնք վերջին տարիներուն Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուած են։ Եթէ այո՛, շարունակեցէք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուսումնասիրել։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15. 3։16, 17) Սատանայի դատապարտուած երկրային ընկերութեան ապականած կենցաղը ամբողջովին լքեցէք։ Նոր աշխարհի քրիստոնէական ընկերութեան մէջ մտէք եւ լիարժէք կերպով անոր գործունէութիւններուն մասնակցեցէք, առաջ որ աղիտալի «երկրաշարժ»ը Սատանայի ամբողջ աշխարհը քարուքանդ ընէ։ Բայց այդ մեծ երկրաշարժը ի՞նչ է։

Մե՛ծ Երկրաշարժը

13. Մեծ երկրաշարժը ի՞նչ կերպով ամբողջովին նորութիւն մը պիտի ըլլայ մարդոց համար։

13 Այո, այս տագնապալից օրերը, բառացի եւ այլաբանական երկրաշարժներու ժամանակ մը եղած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Բայց այս երկրաշարժներէն որեւէ մէկը այն վերջնական ցնցումը չէ, զոր Յովհաննէս կը տեսնէ վեցերորդ կնիքին բացուելով։ Կանխահաս ցնցումներուն ժամանակը վերջացած է։ Արդ, մեծ երկրաշարժ մը կու գայ, որու փորձառութիւնը չէ ունեցած մարդկութիւնը։ Անոր պատճառած տակնուվրայութիւնը եւ ցնցումները ա՛յդքան մեծ են, որ կարելի չէ չափել Ռիխթըրի աստիճանով կամ մարդկային ուրիշ որեւէ գործիքով։ Ասիկա տեղական ցնցում մը չէ, այլ համայն «երկիր»ը, այսինքն, մարդկային ապականած ամբողջ ընկերութիւնը, սարսող ու կործանող աղիտալի ցնցում մըն է։

14. (ա) Ո՞ր մարգարէութիւնը մեծ երկրաշարժի մը ու անոր հետեւանքներուն մասին կը խօսի։ (բ) Յովէլի մարգարէութիւնը եւ Յայտնութիւն 6։12, 13–ը ի՞նչ բանի պէտք է ակնարկեն։

14 Եհովայի ուրիշ մարգարէներ ալ նախագուշակեցին այսպիսի երկրաշարժ մը եւ անոր աղիտալի հետեւանքները։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. 820–ի ատենները, Յովէլ խօսեցաւ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան մասին, նշելով որ այդ ատեն «արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի»։ Ապա հետեւեալ խօսքերը աւելցուց. «Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։ Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, երկինք ու երկիր պիտի սարսին, բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ»։ (Յովելեայ 2։31. 3։14-16) Այս ցնցումը կրնայ կիրարկուիլ միմիայն մեծ նեղութեան ժամանակ Եհովայի դատաստանի գործադրութեան։ (Մատթէոս 24։21) Ուստի, Յայտնութիւն 6։12, 13–ի զուգահեռ տեղեկութիւնը տրամաբանականօրէն նոյն կատարումը պիտի ունենայ։—Տես նաեւ՝ Երեմեայ 10։10. Սոփոնեայ 1։14, 15

15. Ամբակում մարգարէն ի՞նչպիսի մեծ ցնցում մը նախագուշակեց։

15 Յովէլէն շուրջ 200 տարի ետք, Ամբակում մարգարէն Աստուծոյ մատուցած իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ։ Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր, տարիներու մէջ գիտցուր, բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛»։ Այդ ‘բարկութիւնը’ ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Ամբակում կը շարունակէ մեծ նեղութիւնը պատկերալից կերպով նկարագրել, Եհովայի մասին ըսելով. «Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։ . . . Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր։ Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ»։ (Ամբակումայ 3։1, 2, 6, 12, 18) Երբ Եհովա ազգերը կոխկռտէ, ասիկա ի՜նչ մեծ ցնցում մը պիտի պատճառէ բոլոր երկրի մէջ։

16. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ Սատանայի վերջնական յարձակումին մասին Եզեկիէլ ի՞նչ նախագուշակեց։ (բ) Յայտնութիւն 6։12–ի մեծ երկրաշարժին հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

16 Եզեկիէլ ալ նախագուշակեց որ երբ Մագոգի Գոգը (նուաստացած Սատանան) իր վերջին յարձակումը գործէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ, Եհովա «մեծ երկրաշարժ» մը պիտի պատճառէ «Իսրայէլի երկրի վրայ»։ (Եզեկիէլ 38։18, 19, Էջմիածին) Թէեւ կրնայ ըլլալ որ բառացի երկրաշարժներ ալ ըլլան, բայց մի՛ մոռնաք որ Յայտնութիւնը պատկերաւոր լեզու մը կը գործածէ։ Այս մարգարէութիւնը եւ յիշուած միւս մարգարէութիւնները բոլորովին այլաբանական են։ Հետեւաբար, վեցերորդ կնիքին բացուիլը, իրերու այս երկրային դրութեան բոլոր ցնցումներուն գլուխ գործոցը կը յայտնէ. մեծ երկրաշարժ մը, որու ընթացքին Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան բոլոր հակառակորդները պիտի կործանին։

Խաւար Ժամանակ մը

17. Մեծ երկրաշարժը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ արեւուն, լուսնին ու աստղերուն վրայ։

17 Ինչպէս Յովհաննէս կը շարունակէ ցոյց տալ, մեծ երկրաշարժին կ’ընկերակցին ահռելի դէպքեր, որոնք նոյնիսկ երկնքին կ’ազդեն։ Ան կ’ըսէ. «Արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ»։ (Յայտնութիւն 6։12բ, 13) Ի՜նչ ապշեցուցիչ բներեւոյթ մը։ Եթէ այս մարգարէութիւնը բառացիօրէն կատարուի, կրնա՞ք երեւակայել անկէ առթած վախազդու խաւարը։ Օրուան ընթացքին, արեւուն ջերմութիւնը եւ հանգստութիւնը չկայ։ Գիշերը, հաճելի արծաթաշող լուսնի լոյսը չկայ։ Իսկ բիւրաւոր աստղեր այլեւս պիտի չպսպղան թաւշային երկնակամարին վրայ։ Փոխարէն, ցուրտ ու անողոք խաւար մը պիտի տիրէ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 24։29

18. Ի՞նչ կերպով Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի համար ‘երկինքը խաւարեցաւ’։

18 Մարգարէացուած էր որ վաղեմի Իսրայէլը հոգեւոր առումով այսպիսի խաւար մը պիտի ունենար։ Երեմիա զգուշացուց. «Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի, բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։ Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէ ու վերէն երկինքը պիտի խաւարի»։ (Երեմեայ 4։27, 28) Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, Եհովայի ժողովուրդին համար հարցերը իրապէս մութ էին։ Իրենց մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը, Բաբելոնացիներու ձեռքը ինկած էր։ Անոնց տաճարը կործանած եւ երկիրը ամայացած էր։ Իրենց համար երկնքէն մխիթարիչ լոյս չկար։ Ընդհակառակը, ինչպէս Երեմիա ողբալով ըսաւ Եհովայի. «Բարկութեամբ ծածկեցիր քու երեսդ ու մեզ հալածեցիր, մեռցուցիր ու չխնայեցիր։ Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի»։ (Ողբք 3։43, 44) Երուսաղէմի համար, այդ երկնային խաւարը մահ ու կործանում նշանակեց։

19. (ա) Աստուծոյ մարգարէն՝ Եսայի, վաղեմի Բաբելոնի համար երկնքի ի՞նչպիսի խաւարում մը նկարագրեց։ (բ) Եսայիի մարգարէութիւնը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

19 Հետագային, երկնային այսպիսի խաւարում վաղեմի Բաբելոնի համար ալ աղէտ նշանակեց։ Այս մասին, Աստուծոյ մարգարէն ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝ անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ, որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։ Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները իրենց լոյսը պիտի չտան։ Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար»։ (Եսայեայ 13։9-11) Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին, երբ Բաբելոնը ինկաւ Մարերու ու Պարսիկներու ձեռքը։ Անիկա լաւ կերպով կը բացատրէ Բաբելոնի խաւարը, անյուսութիւնը, որեւէ մխիթարող լոյսի չգոյութիւնը, երբ ան որպէս աշխարհակալ տիրող ոյժ իր դիրքէն յաւիտեան ինկաւ։

20. Երբ մեծ երկրաշարժը հարուածէ, իրերու այս դրութեան ի՞նչ սարսափելի բան կը սպասէ։

20 Նոյն կերպով, երբ մեծ երկրաշարժը հարուածէ, աշխարհի այս ամբողջ դրութիւնը ամբողջական խաւարի մէջ պիտի թաղուի անյոյս կերպով։ Սատանայի երկրային դրութեան պայծառ, շողշողուն լուսաւորները յոյսի նշոյլ մը պիտի չկարենան տալ։ Արդէն ներկայիս երկրի քաղաքական առաջնորդները, մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, համբաւաւոր են իրենց զեղծարարութեամբ, ստախօսութեամբ եւ անբարոյական կենցաղով։ (Եսայեայ 28։14-19) Անոնք այլեւս վստահելի չեն։ Անոնց պլպլացող լոյսը բոլորովին պիտի մարի, երբ Եհովա իր դատաստանը ի գործ դնէ։ Յայտնի պիտի ըլլայ որ լուսնին նման երկրի գործերուն վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը արիւնալի, մահացու եղած է։ Անոնց աշխարհային գերաստղերը պիտի մարին ինկող ասուպներու նման եւ փոթորիկէն ինկող տհաս թուզերու նման։ Այս ամբողջ երկրագունդը պիտի ցնցուի ‘մեծ նեղութեամբ’, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Ի՜նչ վախազդու հեռանկար մը։

«Երկինք» կը Գալարուի

21. Յովհաննէս իր տեսիլքին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ «երկինք»ի եւ ‘բոլոր լեռներուն եւ կղզիներուն’ նկատմամբ։

21 Յովհաննէսի տեսիլքը կը շարունակուի. «Եւ երկինք գալարուող տոմսի մը պէս կը քաշուէր ու բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան»։ (Յայտնութիւն 6։14) Անշուշտ, ասոնք բառացի երկինքը եւ բառացի լեռներ ու կղզիներ չեն։ Ուստի, ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

22. Եդովմի մէջ ի՞նչպիսի «երկինք» ‘մագաղաթի պէս գալարուեցաւ’։

22 «Երկինք» բառին իմաստը հասկնալու մէջ մեզի օգնութեան կը հասնի ուրիշ նոյնանման մարգարէութիւն մը, որ կը խօսի բոլոր ազգերուն վրայ եկող Եհովայի բարկութեան մասին. «Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի»։ (Եսայեայ 34։4) Մասնաւորաբար Եդովմը պիտի տառապէր ասկէ։ Ի՞նչպէս։ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն անմիջապէս ետք, Եդովմ ալ կործանեցաւ Բաբելոնացիներու կողմէ։ Մասնաւոր արձանագրութիւն մը չկայ թէ այդ ժամանակ, բառացի երկնքի վրայ ուշագրաւ դէպքեր պատահեցան։ Բայց Եդովմի «երկինք»ին վրայ աղիտալի դէպքեր տեղի ունեցան։ * Անոր մարդկային վարչաձեւը իր բարձր, երկնանման դիրքէն վար իջաւ։ (Եսայեայ 34։5) Անոնք ‘գալարուեցան’ եւ մէկ կողմ դրուեցան, հին գալարի մը նման որ այլեւս մէկու մը պիտանի չէ։

23. Ի՞նչ է այն «երկինք»ը որ ‘տոմսի մը պէս պիտի գալարուի’, եւ Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս այս հասկացողութիւնը կը հաստատեն։

23 Հետեւաբար ‘տոմսի մը պէս գալարուող’ «երկինք»ը, Աստուծոյ հակառակող կառավարութիւններուն կ’ակնարկէ, որոնք այս երկրին վրայ կը տիրեն։ Անոնք վերջնականապէս պիտի վերցուին ճերմակ ձիուն վրայի յաղթական Հեծեալին կողմէ։ (Յայտնութիւն 19։11-16, 19-21) Պետրոս առաքեալի խօսքերը ասիկա կը հաստատեն, երբ ան վեցերորդ կնիքին բացուելուն որպէս հետեւանք գալիք դէպքերուն կը սպասէր. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ (Բ. Պետրոս 3։7) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել՝ «բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան» արտայայտութեան մասին։

24. (ա) Աստուածաշունչին մէջ ո՞ւր ըսուած է որ լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն պիտի սարսին կամ անկայուն պիտի դառնան։ (բ) Երբ Նինուէն ինկաւ, ի՞նչպէս ‘լեռները շարժեցան’։

24 Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ ըսուած է որ, լեռներ եւ կղզիներ կը սարսին, կամ անկայուն կը դառնան քաղաքական մեծ տակնուվրայութեան ժամանակներուն։ Օրինակ, երբ Նինուէի դէմ Եհովայի դատաստանները կը նախագուշակէր, Նաւում մարգարէն գրեց. «Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին։ Երկիրը անոր երեսէն կը խախտի»։ (Նաւումայ 1։5) Հ.Դ.Ա. 632–ին Նինուէի անկման ժամանակ, բառացի լեռներուն քարուքանդ ըլլալուն մասին որեւէ արձանագրութիւն չկայ։ Սակայն, նախապէս իր զօրութեամբ լեռնանման թուող աշխարհակալ ոյժ մը յանկարծ փուլ եկաւ։—Համեմատել՝ Երեմեայ 4։24

25. Իրերու այս դրութեան վախճանին ժամանակ, «բոլոր լեռները եւ կղզիները» ի՞նչպէս իրենց տեղերէն պիտի շարժին։

25 Հետեւաբար, վեցերորդ կնիքին բացման մէջ ակնարկուած «բոլոր լեռները եւ կղզիները» տրամաբանօրէն այս աշխարհի քաղաքական կառավարութիւնները եւ անոնցմէ կախեալ եղող կազմակերպութիւններն են, որոնք մարդոց մեծամասնութեան աչքին կայուն կը թուէին։ Անոնք իրենց տեղէն պիտի խախտին, ահ ու սարսափ պատճառելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց վստահութիւնը անոնց վրայ դրած էին։ Ինչպէս մարգարէութիւնը կը շարունակէ ցոյց տալ, որոշ պիտի ըլլայ որ Եհովայի եւ իր Որդւոյն բարկութեան մեծ օրը՝ Սատանայի ամբողջ կազմակերպութիւնը մէջտեղէն վերցնելու համար վերջնական ցնցումը, վրէժխնդրութեամբ եկած է։

«Մեր Վրա՛յ Ինկէք ու Մեզ Ծածկեցէ՛ք»

26. Աստուծոյ գերիշխանութեան հակառակող մարդիկ սարսափահար վիճակի մէջ ի՞նչ պիտի ընեն ու ըսեն։

26 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներու մէջ պահուըտեցան եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. ‘Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։ Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ’»։—Յայտնութիւն 6։15-17

27. Սամարիայի անհաւատարիմ Իսրայելացիները ի՞նչ աղաղակեցին եւ այդ խօսքերը ի՞նչպէս կատարուեցան։

27 Երբ Ովսէէ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան մայրաքաղաքին՝ Սամարիայի վրայ գալիք Եհովայի դատաստանները կը ծանուցանէր, ան ըսաւ. «Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։ Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։ Լեռներուն պիտի ըսեն՝ ‘Մեզ ծածկեցէ՛ք’, ու բլուրներուն՝ ‘Մեր վրայ ինկէ՛ք’»։ (Ովսեայ 10։8) Այս խօսքերը ի՞նչպէս կատարուեցան։ Երբ Սամարիան անգութ Ասորեստանցիներուն ձեռքը ինկաւ Հ.Դ.Ա. 740–ին, Իսրայելացիները փախչելիք տեղ մը չունէին։ Ովսէէի խօսքերը կ’արտայայտեն այն ինչ որ այդ պարտուած ժողովուրդը զգաց. անոնք ահաւոր սարսափի մատնուեցան եւ անօգնական ու լքուած զգացին։ Սամարիայի ո՛չ բառացի բլուրները եւ ոչ ալ լեռնանման հաստատութիւնները կրնային պաշտպանել զիրենք, հակառակ անոր որ անոնք ա՛յդքան կայուն կը թուէին անցեալին։

28. (ա) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Երուսաղէմի կիներուն։ (բ) Յիսուսի տուած ազդարարութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

28 Յիսուս ալ երբ Հռովմէացի զինուորներու կողմէ մահուան կը տարուէր, իր խօսքը ուղղելով Երուսաղէմի կիներուն, ան ըսաւ. «Ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։ Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’»։ (Ղուկաս 23։29, 30) Հռովմէացիներու կողմէ Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի կործանումը վաւերագրուած է եւ բացայայտ է որ Յիսուսի խօսքերը Ովսէէի խօսքերուն նման նշանակութիւն մը ունեցան։ Հրէաստանի մէջ մնացած Հրեաներուն համար պատսպարուելիք վայր մը չկար։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ ո՛ւր որ փորձեցին պահուըտիլ, նոյնիսկ լերան գագաթը տեղաւորուած Մասատայի միջնաբերդը փախչելով, չկարողացան Եհովայի դատաստանի բուռն գործադրութենէն ազատիլ։

29. (ա) Երբ Եհովայի բարկութեան օրը գայ, իրերու այս դրութեան թիկունք կանգնողներուն գլխուն ի՞նչ պիտի գայ։ (բ) Երբ Եհովա Իր բարկութիւնը թափէ, Յիսուսի տուած ո՞ր մարգարէութիւնը պիտի կատարուի։

29 Արդ, վեցերորդ կնիքին բացուիլը ցոյց տուաւ որ Եհովայի մօտալուտ բարկութեան օրուան ընթացքին, նոյնանման բան մը պիտի պատահի։ Երբ երկրի իրերու դրութիւնը վերջնականապէս սարսի, անոնք որոնք անոր թիկունք կանգնած էին, յուսահատօրէն պահուըտելիք տեղ մը պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնեն։ Սուտ կրօնքը՝ Մեծն Բաբելոնը, արդէն զիրենք յուսախաբ ըրած պիտի ըլլայ։ Ո՛չ բառացի լեռներուն քարայրները, ո՛չ ալ այլաբանական լեռներու նմանող քաղաքական եւ առեւտրական կազմակերպութիւնները նիւթական ապահովութիւն կամ այլ տեսակի օգնութիւն պիտի հայթայթեն։ Եհովայի բարկութենէն ո՛չ մէկ բան պիտի պաշտպանէ զանոնք։ Յիսուս լաւ կերպով նկարագրեց անոնց սարսափը. «Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։30

30. (ա) «Ո՞վ կրնայ դիմանալ» հարցումը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։ (բ) Եհովայի դատաստանին ժամանակ ոեւէ մէկը պիտի կարենա՞յ դիմանալ։

30 Այո, անոնք որ մերժեցին ճերմակ ձիուն յաղթական Հեծեալին հեղինակութիւնը ճանչնալ, պիտի պարտադրուին իրենց սխալը ընդունիլ։ Այն մարդիկը որոնք կամովին օձի սերունդին մաս կազմեցին, Սատանայի աշխարհին հետ պիտի բնաջնջուին։ (Ծննդոց 3։15. Ա. Յովհաննու 2։17) Այդ ժամանակ աշխարհի կացութիւնը այնպէս մը պիտի ըլլայ, որ շատեր պիտի հարցնեն. «Ո՞վ կրնայ դիմանալ»։ Երեւութապէս անոնք պիտի ենթադրեն որ Եհովայի դատաստանի օրը ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ իր առջեւ կայնիլ։ Բայց Յայտնութիւն գրքին շարունակութիւնը ցոյց կու տայ որ անոնք կը սխալին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Բառացի երկրաշարժներուն յաճախ կը կանխեն գետնաշարժային խանգարումներ, որոնց պատճառաւ շուները կը սկսին հաջել կամ անսովոր կերպով վարուիլ, ուրիշ անասուններ եւ ձուկեր կը սկսին ջղագրգիռ ըլլալ, բայց մարդիկ բան մը չեն կասկածիր, մինչեւ որ իրապէս երկրաշարժը տեղի ունենայ։—Տես՝ Զարթի՛ր 8 Յուլիս 1982, էջ 14։

^ պարբ. 4 Մանրամասնութեանց համար տես՝ էջ 22, 24։

^ պարբ. 9 Աւելի քան 35 տարիներ, 1895-1931, Ղուկաս 21։25, 28, 31–ի խօսքերը մէջբերուած էին Դիտարան պարբերաթերթի կողքին վրայ, որու ետին կը տեսնուէր փարոս մը, որ կատաղի ծովուն վրայի գորշ երկինքը կը լուսաւորէր։

^ պարբ. 11 Օրինակ, 1931–ին մասնաւոր արշաւի մը ընթացքին, Եհովայի Վկաները համայն երկրի մէջ, ուղղակիօրէն կղերականներու, քաղաքագէտներու եւ առեւտրականներու հազարաւոր օրինակներով բաժնեցին գրքոյկ մը, որուն խորագիրն էր Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհի Յոյսը։

^ պարբ. 22 «Երկինք» բառին նոյնանման գործածութիւն մը կը տեսնենք Եսայեայ 65։17, 18–ի մէջ, ուր «նոր երկինք»ի մարգարէութիւնը իր առաջին կատարումը ունեցաւ Զօրաբաբէլ Կառավարիչը եւ Յեսու Քահանայապետը ներկայացնող կառավարական նոր կարգով, որ Խոստացեալ Երկրին մէջ հաստատուեցաւ, Բաբելոնի գերութենէն Հրեաներուն վերադարձէն ետք։—Բ. Մնացորդաց 36։23. Եզրասայ 5։1, 2. Եսայեայ 44։28

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 105]

1914–ը նախագուշակուած

«Ք.Ա. 606–ին է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ գտաւ, թագը հանուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը Հեթանոսներուն տրուեցաւ։ Ք.Ա. 606–էն հաշուելով, 2,520 տարիները պիտի վերջանան Ք.Թ. 1914–ին»։ *Երեք Աշխարհները, հրատարակուած՝ 1877–ին, էջ 83։

«Աստուածաշունչը յստակ եւ զօրաւոր կերպով կ’ապացուցանէ որ ‘Հեթանոսաց Ժամանակները’ 2,520 տարուան շրջան մըն են, Ք.Ա. 606–էն մինչեւ Ք.Թ. 1914–ը ներառեալ»։—Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ, Հատոր Բ., գրուած՝ Չ. Թ. Ռասըլի կողմէ եւ հրատարակուած՝ 1889–ին, էջ 79։

Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ Աստուածաշունչի մնացեալ Աշակերտները տասնեակ տարիներ առաջ անդրադարձան որ 1914–ը վերջ պիտի դնէր Հեթանոսաց Ժամանակներուն, կամ ազգերուն սահմանուած ժամանակներուն։ (Ղուկաս 21։24) Թէեւ այդ օրերուն անոնք լիովին չէին հասկցած թէ ասիկա ի՛նչ պիտի նշանակէր, բայց համոզուած էին որ 1914–ը աշխարհի պատմութեան մէջ առանցքային տարի մը պիտի ըլլար, եւ իրաւունք ունէին։ Նկատի առէք թերթէ մը առնուած հետեւեալ մէջբերումը.

«Եւրոպայի մէջ ծագած սարսափելի պատերազմը արտակարգ մարգարէութիւն մը կատարեց։ Քառորդ դարէ ի վեր, քարոզիչներու ու մամուլի միջոցաւ, ‘Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտները’, աւելի ճանչցուած որպէս ‘Հազարամեայի Արշալոյսականներ’, աշխարհի կը քարոզէին թէ Աստուածաշունչին մէջ մարգարէացուած Բարկութեան Օրը՝ 1914–ին պիտի սկսէր։ Հարիւրաւոր ուղեւոր աւետարանիչներու աղաղակն էր՝ ‘Ուշադրութի՛ւն 1914–ին’»։—Տը Ուըրլտ, Նիւ Եորքի լրագիր մը, 30 Օգոստոս 1914։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 75 Բարեբախտաբար, Աստուածաշունչի այս Աշակերտները կանխօրօք չէին անդրադարձած որ «Ք.Ա.»–ի եւ «Ք.Թ.»–ի միջեւ զէռօ տարի չկայ։ Հետագային, երբ հետազօտութիւններու որպէս հետեւանք հարկ տեսնուեցաւ որ Ք.Ա. 606–ը՝ Հ.Դ.Ա. 607–ի փոխուի, զէռօ տարին ալ հաշիւէն դուրս դրուեցաւ, այնպէս որ «Ք.Թ. 1914»–ի նախագուշակութիւնը չփոխուեցաւ։—Տես՝ «Ճշմարտութիւնը Ձեզ Պիտի Ազատէ», էջ 239, հրատարակուած 1943–ին՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ՝ էջ 106]

1914–ը՝ դարձակէտ մը

Գոբէնհակընի մէջ 1987–ին հրատարակուած՝ Փոլիթիգէնի Աշխարհի Պատմութիւնը. Պատմութեան Զօրութիւնը եւ Իմաստը աշխատասիրութիւնը հետեւեալ դիտողութիւնը կ’ընէ 40–րդ էջին վրայ.

«ԺԹ. դարուն յառաջդիմող հաւատքը մահացու հարուած մը ստացաւ 1914–ին։ Պատերազմը ծագելուն նախորդող տարին, Դանիացի պատմաբան ու քաղաքագէտ Փիթըր Մունչ լաւատեսօրէն գրեց. ‘Ամէն կերպով անհաւանական է որ եւրոպական ուժերու միջեւ պատերազմ ըլլայ։ Ապագային ալ «պատերազմի վտանգը» պիտի չքանայ, ինչպէս բազմիցս եղած է 1871–էն ի վեր’։

«Սակայն, իր հետագայ յուշերուն մէջ կը կարդանք. ‘1914–ի պատերազմին ծագումը մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարձակէտ մը եղաւ։ Յառաջդիմութեան փայլուն շրջանէն ելլելով՝ ուր տրամաբանական ապահովութեամբ կարելի էր ամէն մարդ իր զբաղումները շարունակել՝ աղէտի, սարսափի եւ ատելութեան դարաշրջանի մը մէջ մտանք, ուր ամէնուրեք անապահովութիւն կայ։ Ոեւէ մէկը չէր կրնար եւ նոյնիսկ ներկայիս չի կրնար ըսել թէ այդ ժամանակ մեզ պատած խաւարը, հազարամեակներէ ի վեր մարդուն ստեղծած մշակութային ամբողջ կառոյցը մնայուն կերպով պիտի կործանէ թէ ոչ’»։

[Նկար՝ էջ 110]

‘Բոլոր լեռները իրենց տեղերէն շարժեցան’

[Նկար՝ էջ 111]

Անոնք քարայրներու մէջ պահուըտեցան