Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրորդ վայը—Հեծելազօրք

Երկրորդ վայը—Հեծելազօրք

Գլուխ 23

Երկրորդ վայը—Հեծելազօրք

1. Ի՞նչ պատահած է հակառակ մարախները կոխկռտելու կղերներու ջանքերուն, եւ տակաւին գալիք երկու վայերը ի՞նչ ցոյց կու տան։

 ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ Աշխարհի վրայ այլաբանական մարախներուն յարձակումը 1919–էն ասդին, կղերականները շատ անհանգստացուցած է։ Անոնք փորձած են մարախները կոխկռտել, բայց անոնք շարունակած են առաջուընէ աւելի զօրացած յարձակիլ։ (Յայտնութիւն 9։7) Բայց այսքանով ալ չի վերջանար։ Յովհաննէս կը գրէ. «Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան»։ (Յայտնութիւն 9։12) Չարչրկող ուրիշ պատուհասներ կը սպասեն Քրիստոնեայ Աշխարհին։

2. (ա) Երբ վեցերորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնէ, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ (բ) ‘Ոսկիէ սեղանին չորս եղջիւրներէն եկած ձայնը’ ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (գ) Ինչո՞ւ չորս հրեշտակներ յիշուած են։

2 Երկրորդ վայը ուրկէ՞ կու գայ։ Յովհաննէս կը գրէ. «Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն, որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. ‘Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ’»։ (Յայտնութիւն 9։13, 14) Ոսկի սեղանին եղջիւրներէն եկած ձայնին ընդառաջելով է որ հրեշտակները կ’արձակուին։ Ասիկա խունկի ոսկի սեղանն է եւ նախապէս երկու անգամ այս սեղանին ոսկիէ խնկամաններուն խունկերը սուրբերուն աղօթքներուն առնչուած էին։ (Յայտնութիւն 5։8. 8։3, 4) Հետեւաբար, այս մէկ ձայնը կը ներկայացնէ երկրի վրայ սուրբերուն միակամ աղօթքները։ Անոնք կը խնդրեն որ ազատ արձակուին, որպէսզի նախանձախնդրաբար ծառայեն որպէս Եհովայի «պատգամաբերները», քանի որ այս է «հրեշտակներ» թարգմանուած Յունարէն բառին հիմնական իմաստը։ Բայց ինչո՞ւ չորս հրեշտակներ կան։ Կը թուի թէ այլաբանական այս թիւը ցոյց կու տայ որ անոնք այնպէս մը կազմակերպուած պիտի ըլլան, որ ամբողջ երկիրը ծածկեն։—Յայտնութիւն 7։1. 20։7

3. Չորս հրեշտակները ի՞նչպէս «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած» էին։

3 Այդ հրեշտակները ի՞նչպէս «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած» են։ Անցեալին Եփրատ գետը Եհովայի կողմէ Աբրահամի խոստացուած երկրին հիւսիս–արեւելեան կողմին սահմանն էր։ (Ծննդոց 15։18. Բ. Օրինաց 11։24) Երեւութապէս, հրեշտակները բռնուած էին իրենց աստուածատուր երկրին՝ գործունէութեան երկրային ծիրին՝ սահմանին վրայ, իրենց համար Եհովայի պատրաստած ծառայութեան լիովին մասնակցելէ ետ պահուած։ Եփրատը նաեւ սերտ կապակցութիւն ունէր Բաբելոն քաղաքին հետ, եւ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի անկումէն ետք, մարմնաւոր Իսրայելացիները 70 տարի, որպէս գերիներ անցուցին հոն, «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած»։ (Սաղմոս 137։1) 1919–ին հոգեւոր Իսրայելացիներն ալ նոյն կերպով կապուած, անմխիթար էին, եւ Եհովայէ առաջնորդութիւն կը հայցէին։

4. Չորս հրեշտակներուն ի՞նչ պաշտօն տրուած է, եւ անոնք ի՞նչպէս կատարած են զայն։

4 Բարեբախտաբար, Յովհաննէս կրնար տեղեկագրել. «Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն»։ (Յայտնութիւն 9։15) Եհովա ճշգրիտ Ժամանակապահ մըն է։ Ան ժամանակացոյց մը ունի եւ անոր կառչած կը մնայ։ Ուստի, այս պատգամաբերները ճիշդ յայտագրուած ժամանակին կ’արձակուին, իրենց պարտականութիւնը կատարելու համար։ Երեւակայեցէք անոնց ուրախութիւնը, երբ 1919–ին իրենց կապանքներէն արձակուեցան՝ գործի լծուելու պատրաստ։ Անոնց պաշտօն տրուած է ոչ միայն չարչարելու, այլ նաեւ՝ ‘մարդոց երրորդ մասը մեռցնելու’։ Ասիկա կապակցութիւն ունի առաջին չորս փողերու հնչումով ծանուցուած պատուհասներուն հետ, որոնք երկրին, ծովուն, ծովային արարածներուն, աղբիւրներուն, գետերուն եւ երկնային լոյսի աղբիւրներուն երրորդ մասը հարուածեցին։ (Յայտնութիւն 8։7-12) Չորս հրեշտակները քայլ մը աւելի անդին կ’երթան։ Անոնք ‘կը սպաննեն’, Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւորապէս մեռած վիճակը ամբողջովին քօղազերծելով։ 1922–էն ասդին եւ մինչեւ օրս, փողանման ծանուցումները ասիկա իրագործած են։

5. Քրիստոնեայ Աշխարհի նկատմամբ, վեցերորդ փողին ձայնը ի՞նչպէս արձագանգուեցաւ 1927–ին։

5 Յիշեցէք թէ հրեշտակը տակաւին երկինքէն նոր հնչեցուցած է վեցերորդ փողը։ Անոր ընդառաջելով, Աստուածաշունչի Աշակերտներու տարեկան միջազգային վեցերորդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ, Օնթարիօ (Գանատա)։ 24 Յուլիս 1927–ի Կիրակի օրուան յայտագիրը ձայնասփիւռի 53 կայաններէն սփռուեցաւ, ամենատարածուն ձայնասփռումը ըլլալով այդ ժամանակուան համար։ Այդ բերանացի պատգամը հաւանաբար միլիոնաւոր ունկնդիրներու հասաւ։ Նախ՝ ազդու որոշում մը երեւան հանեց Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւորապէս մեռած վիճակը եւ հետեւեալ հրաւէրը տուաւ. «Շփոթութեան այս ժամուն, Եհովա Աստուած մարդոց կ’առաջարկէ որ լքեն եւ յաւիտեան ձգեն ‘Քրիստոնեայ Աշխարհը’, կամ ‘կազմակերպուած Քրիստոնէութիւնը’, եւ ամբողջովին հեռանան անկէ . . . մարդիկ [թող] սրտագին նուիրուին ու ամբողջովին հպատակին Եհովա Աստուծոյ եւ իր Թագաւորին ու թագաւորութեան»։ Անոր յաջորդող հանրային դասախօսութեան խորագիրն էր՝ «Ժողովուրդներու Ազատութիւն»։ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ ներկայացուց զայն, իր սովորական ուժգին ձայնով, որ շատ կը յարմարէր Յովհաննէսի տեսած ‘կրակին, ծուխին եւ ծծումբին’։

6. Յովհաննէս իր տեսած հեծելազօրքը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

6 «Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։ Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։ Այս երեք հարուածներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին»։—Յայտնութիւն 9։16-18

7, 8. (ա) Որո՞նց հովանաւորութեան ներքեւ այս հեծելազօրքը դղրդող ձայնով կ’արշաւէ։ (բ) Հեծելազօրքը ի՞նչ կերպով իրեն կանխող մարախներուն կը նմանի։

7 Երեւութապէս, չորս հրեշտակներու հովանաւորութեան ներքեւ է որ այս հեծեալները դղրդող ձայնով կ’արշաւեն։ Ի՜նչ սարսափազդու տեսարան։ Երեւակայեցէք թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ ձեր հակազդեցութիւնը, եթէ այդ հեծեալներուն թիրախը դուք եղած ըլլայիք։ Անոնց երեւոյթն իսկ ձեր սրտերը սարսափով պիտի լեցնէր։ Սակայն նշմարեցի՞ք թէ այս հեծեալները ո՛րքան կը նմանին զիրենք կանխող մարախներուն։ Մարախները ձիերու նման էին. իսկ հեծելազօրքին պարագային ձիեր կան։ Ուստի, երկուքն ալ աստուածպետական պատերազմի մը ձեռնարկած են։ (Առակաց 21։31) Մարախները առիւծներու ակռաներուն պէս ակռաներ ունէին, իսկ հեծեալներուն ձիերը՝ առիւծներու գլուխներուն պէս գլուխներ։ Ուստի երկուքն ալ առնչուած են Յուդայի ցեղէն եղող քաջասիրտ Առիւծին, Յիսուս Քրիստոսի, որ իրենց Առաջնորդը, Հրամանատարը եւ Տիպարն է։—Յայտնութիւն 5։5. Առակաց 28։1

8 Մարախները եւ հեծեալները, երկուքն ալ կը մասնակցին Եհովայի դատաստանական գործին։ Մարախները ծուխէն դուրս կ’ելլեն, որ Քրիստոնեայ Աշխարհի համար վայեր եւ աւերիչ կրակ կը գուշակէր. ձիերուն բերաններէն կրակ, ծուխ եւ ծծումբ դուրս կու գար։ Մարախները երկաթէ զրահներ ունէին, որոնք կը պատկերացնէին արդարութեան հանդէպ անշեղ նուիրումով անոնց սրտերուն պաշտպանուած ըլլալը. հեծեալները ունէին հրեղէն, յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ, որոնք կրակի, ծուխի եւ ծծումբի նման ձիերուն բերնէն ելած դատաստանական մահացու պատգամները կ’արտացոլացնէին։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 19։24, 28. Ղուկաս 17։29, 30) Մարախները կարիճներու նման պոչեր ունէին՝ չարչարելու համար. ձիերը օձերու նման պոչեր ունէին՝ սպաննելու համար։ Այնպէս կը թուի թէ ինչ որ մարախները սկսան, հեծեալները աւելի մեծ թափով պիտի շարունակէին, զայն ամբողջացնելով։

9. Հեծելազօրքը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

9 Ուստի այս հեծելազօրքը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Ճիշդ ինչպէս որ օծեալ Յովհաննէս դասակարգը սկսաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի դէմ Եհովայի վրէժխնդիր դատաստանին մասին փողանման ծանուցումներ ընել, ‘խայթելու ու վնասելու’ հեղինակութեամբ, պիտի ակնկալէինք որ այս նոյն խումբը գործածուէր՝ ‘մեռցնելու’ համար. ուրիշ խօսքով, գիտցնէին որ Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ իր կղեր դասակարգը հոգեւոր գետնի վրայ ամբողջովին մեռած, Եհովայի կողմէ մերժուած, եւ յաւիտենական կործանումի «կրակի հնոցին» մէջ նետուելու պատրաստ են։ Այո, Մեծն Բաբելոնը ամբողջովին պիտի բնաջնջուի։ (Յայտնութիւն 9։5, 10. 18։2, 8. Մատթէոս 13։41-43) Այդ կործանումէն առաջ, սակայն, Յովհաննէս դասակարգը կը գործածէ «հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է», Քրիստոնեայ Աշխարհի մահամերձ վիճակը երեւան հանելու համար։ Չորս հրեշտակները եւ ձիերուն հեծեալները իրենք ուղղութիւն կու տան «մարդոց երրորդ մաս»ը սպաննելու համար։ (Եփեսացիս 6։17. Յայտնութիւն 9։15, 18) Ասիկա Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերատեսչութեան ներքեւ պատշաճ կազմակերպութիւն եւ աստուածպետական առաջնորդութիւն ցոյց կու տայ, մինչ Թագաւորութեան հրատարակիչներու այս ահաւոր խումբը պատերազմի կը նետուի։

Երկու Բիւր Բիւրաւոր

10. Ի՞նչ առումով հեծելազօրքը երկու բիւր բիւրաւոր է։

10 Այս հեծելազօրքը ի՞նչպէս երկու բիւր բիւրաւոր կրնայ ըլլալ։ Բիւրը բառացիօրէն 10,000 է։ Ուստի, երկու բիւր բիւրաւորը կ’ընէ 200 միլիոն։ * Բարեբախտաբար, ներկայիս միլիոնաւոր Թագաւորութեան հրատարակիչներ կան, բայց անոնց թիւը հարիւրաւոր միլիոններու չի հասնիր։ Սակայն յիշեցէք Թուոց 10։36–ի մէջ Մովսէսի խօսքերը. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 24։60) Անիկա բառացիօրէն կը նշանակէ ‘Իսրայէլի տասնեակ միլիոնաւորներուն դարձի՛ր’։ Սակայն, Մովսէսի օրերուն, Իսրայէլ երկու կամ երեք միլիոն էր։ Ուստի, Մովսէս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Անկասկած ան իր մտքին մէջ ունէր որ Իսրայելացիները «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» անհամար պիտի ըլլային։ (Ծննդոց 22։17. Ա. Մնացորդաց 27։23) Ուստի, ան «բիւրաւոր» բառը գործածեց մեծ բայց չսահմանուած թիւ մը նշելու համար։ Անոր համար Անգլերէն Նոր Աստուածաշունչը այս համարը սապէս կը թարգմանէ. «Կա՛նգ առ, Իսրայէլի անհամար հազարաւորներուն ՏԷՐԸ»։ Ասիկա համաձայն է Յունարէն եւ Եբրայերէն բառարաններու մէջ «բիւրաւոր» բառին համար տրուած երկրորդ սահմանումին հետ. «Անթիւ բազմութիւն մը», «բազմութիւն մը»։—Թէյըրի՝ Նոր Կտակարանի Յունարէնէ–Անգլերէն Նոր Բառագիրք. Կիզէնիըսի Հին Կտակարանի Եբրայերէն եւ Անգլերէն Բառագիրք, Էտուարտ Ռոպինսընի կողմէ թարգմանուած։

11. Յովհաննէս դասակարգը նոյնիսկ փոխաբերական առումով բիւրաւոր ըլլալու համար, ի՞նչ բանի կարիքը պիտի ըլլար։

11 Սակայն Յովհաննէս դասակարգէն տակաւին երկրի վրայ գտնուողները 10,000–էն քիչ են, մէկ բիւր անգամ չեն։ Անոնք ի՞նչպէս կրնան անհամար հազարաւոր հեծեալներու նմանցուիլ։ Նոյնիսկ փոխաբերական առումով բիւրաւորներ ըլլալու համար նոր ուժերու կարիքը չունի՞ն։ Ճիշդ ասոր կարիքը ունէին եւ Եհովայի շնորհքով ճիշդ այդ էր որ ստացան։ Այս նոր ուժերը ուրկէ՞ եկան։

12, 13. 1918-1935–ի ընթացքին պատմական ի՞նչ դէպքեր նշեցին գալիք նոր ուժերուն աղբիւրը։

12 1918-1922–ի ընթացքին, Յովհաննէս դասակարգը ընկճուած մարդկութեան հետեւեալ ուրախ ակնկալութիւնը մատակարարեց. «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին»։ 1923–ին նաեւ գիտցուեցաւ որ Մատթէոս 25։31-34–ի մէջ յիշուած ոչխարները Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ կեանք պիտի ժառանգեն։ Նոյնանման յոյս մըն ալ մատակարարուեցաւ 1927–ի միջազգային համաժողովին, գրքոյկի մը մէջ, որուն խորագիրն էր՝ Ժողովուրդներու Ազատութիւն։ 1930–ական թուականներուն սկիզբը, ցոյց տրուեցաւ որ ուղղամիտ Յովնադաբ դասակարգը եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի խղճալի հոգեւոր վիճակին համար ‘հառաչող ու ողբացող մարդիկը’, երկրային յոյս ունեցող այլաբանական ոչխարներուն նոյն խումբին կը պատկանին։ (Եզեկիէլ 9։4. Դ. Թագաւորաց 10։15, 16) Այս անհատները արդի «ապաստանի քաղաք»ները ուղղելով, 15 Օգոստոս 1934–ի Դիտարան–ը կը նշէր. «Յովնադաբ դասակարգին պատկանողները Աստուծոյ փողին ձայնը լսած եւ ազդարարութեան ականջ տուած են, Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ գալով եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցելով. անոնք հոն պէտք է մնան»։—Թուոց 35։6

13 1935–ին, այս Յովնադաբ դասակարգին պատկանողները մասնաւորաբար հրաւիրուեցան Եհովայի Վկաներու Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի (Ա.Մ.Ն.) համաժողովին ներկայ գտնուելու։ Հոն՝ Ուրբաթ 31 Մայիսին, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ իր հռչակաւոր դասախօսութիւնը տուաւ՝ «Մեծ Բազմութիւնը», որուն մէջ ան յստակօրէն ցոյց տուաւ որ Յայտնութիւն 7։9–ի այս խումբը եւ Մատթէոս 25։33–ի ոչխարները նոյնն են. երկրային յոյս ունեցող նուիրուած անհատներ։ Որպէս գալիք բաներու նախակարապետներ, այդ համաժողովին 840 նոր Վկաներ մկրտուեցան, որոնց մեծամասնութիւնը մեծ բազմութենէն էր։ *

14. Մեծ բազմութիւնը որեւէ բաժին պիտի ունենա՞ր այլաբանական հեծելազօրքին արշաւին մէջ, եւ 1963–ին ի՞նչ որոշում որդեգրուեցաւ։

14 Այս մեծ բազմութիւնը որեւէ բաժին ունեցա՞ւ 1922–ին սկսած հեծելազօրքին արշաւին մէջ, եւ որու վրայ մասնաւոր շեշտ դրուեցաւ 1927–ի Թորոնթոյի համաժողովին։ Վստա՛հաբար, չորս հրեշտակներուն՝ օծեալ Յովհաննէս դասակարգի առաջնորդութեան ներքեւ։ Համայն աշխարհի մէջ կազմակերպուած 1963–ի «Յաւիտենական Բարի Լուրը» համաժողովին, անիկա Յովհաննէս դասակարգին միացաւ՝ ոգեւորիչ որոշում մը որդեգրելով։ Անիկա կը յայտարարէր որ աշխարհը «պիտի ցնցուի այնպիսի խռովութիւններով, զորս ցարդ բնաւ չէր ճանչցած եւ անոր քաղաքական բոլոր հաստատութիւնները եւ արդի կրօնական Բաբելոնը փուլ պիտի գան»։ Որոշումը հետեւեալը կ’ըսէր. «Մենք պիտի շարունակենք անաչառօրէն բոլոր մարդոց ծանուցանել Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան ‘յաւիտենական բարի լուրը’. ինչպէս նաեւ իր դատաստանները, որոնք իր թշնամիներուն համար պատուհասներու նման են, բայց անոնց գործադրութեան շնորհիւ պիտի ազատագրուին բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Արարիչ Աստուածը ընդունելի կերպով պաշտել՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ Այս որոշումը խանդավառութեամբ որդեգրուեցաւ համայն աշխարհի մէջ կատարուած 24 համաժողովներուն հաւաքուած 454,977 անհատներուն կողմէ, որոնց աւելի քան 95 տոկոսը մեծ բազմութենէն էին։

15. (ա) 2006–ին՝ մեծ բազմութիւնը դաշտին մէջ Եհովայի գործածած աշխատող ձեռքերուն քանի՞ տոկոսը կը կազմէր։ (բ) Յովհաննու 17։20, 21–ի մէջ Յիսուսի աղօթքը ի՞նչպէս մեծ բազմութեան ու Յովհաննէս դասակարգին միջեւ եղած միութիւնը կ’արտայայտէր։

15 Մեծ բազմութիւնը շարունակած է Յովհաննէս դասակարգին հետ իր ունեցած անվերապահ միութիւնը ծանուցանել, Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ պատուհասներ տեղացնելով։ 2006–ին, այս մեծ բազմութիւնը դաշտին մէջ Եհովայի գործածած աշխատող ձեռքերուն աւելի քան 99.8 տոկոսը կը կազմէր։ Անոր անդամները սրտանց համերաշխութեան մէջ են Յովհաննէս դասակարգին հետ, որուն մասին Յիսուս աղօթեց Յովհաննու 17։20, 21–ի մէջ. «Միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ Մինչ Յովհաննէս դասակարգը Յիսուսի հովանաւորութեան ներքեւ գլխաւորութիւնը կը ստանձնէ, եռանդուն մեծ բազմութիւնը անոնց հետ կը մասնակցի մարդկային պատմութեան մէջ ամենէն կործանարար հեծելազօրքի արշաւին։ *

16. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ այլաբանական ձիերուն բերանները եւ պոչերը։ (բ) Եհովայի ծառաներուն բերանները ի՞նչպէս պատրաստուած են ծառայութեան համար։ (գ) Անոնց ‘օձերու նման պոչերը’ ի՞նչ իրողութեան կը համապատասխանէ։

16 Այդ հեծելազօրքը պատերազմի համար գործիքներու կարիքը ունէր, զոր Եհովա հոյակապ կերպով հայթայթած է։ Յովհաննէս հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին»։ (Յայտնութիւն 9։19) Եհովա իր նուիրուած ու մկրտուած ծառաները այս ծառայութեան համար նշանակած է։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին եւ ժողովքային ուրիշ հանդիպումներու ու դպրոցներու միջոցաւ, անոնց սորվեցուցած է ինչպէս խօսքը քարոզել, որպէսզի անոնք կարենան հեղինակութեամբ խօսիլ՝ ‘իմաստուններու լեզուով’։ Ան իր խօսքերը անոնց բերնին մէջ դրած է եւ ղրկած է որ իր դատաստանները ծանուցանեն «հրապարակաւ եւ տունէ տուն»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2. Եսայեայ 50։4. 61։2. Երեմեայ 1։9, 10. Գործք 20։20ՆԱ) Յովհաննէս դասակարգը եւ մեծ բազմութիւնը տարիներու ընթացքին բաշխուած միլիառաւոր Աստուածաշունչերով, գրքերով, գրքոյկներով եւ պարբերաթերթերով, ձիերու «պոչեր»ուն համեմատող խայթող պատգամներ ձգած են, իրենց ետին։ Եհովայի մօտալուտ «վնաս»ներուն դէմ զգուշացնելով, այս հեծելազօրքը իր թշնամիներուն աչքին իրապէս երկու բիւր բիւրաւորի նման է։—Համեմատել՝ Յովելեայ 2։4-6

17. Եհովայի Վկաները հեծելազօրքին արշաւին կը մասնակցի՞ն այն երկիրներուն մէջ, ուր գործը արգիլուած ըլլալուն պատճառաւ հրատարակութիւններ չեն կրնար բաշխել։ Բացատրեցէք։

17 Եհովայի Վկաներու գործը արգելքի տակ դրուած երկիրներուն մէջ եղող մեր եղբայրները, այս հեծելազօրքին ամենէն եռանդուն ջոկատը կը կազմեն։ Գայլերու մէջ եղող ոչխարներու նման, անոնք «օձերու պէս խորագէտ . . . եւ աղաւնիներու պէս միամիտ» պէտք է ըլլան։ Եհովայի հնազանդ ըլլալով, անոնք չեն կրնար չխօսիլ իրենց լսած ու տեսած բաներուն մասին։ (Մատթէոս 10։16. Գործք 4։19, 20. 5։28, 29, 32) Քանի որ անոնք շատ քիչ կամ բնաւ հրատարակութիւններ չունին որպէսզի բաշխեն, կը նշանակէ՞ որ հեծելազօրքին արշաւին մէջ մասնակցութիւն չեն ունենար։ Չե՛նք կրնար այդպէս ըսել։ Անոնք բերաններ ունին եւ Եհովա անոնց հեղինակութիւն տուած է որ իրենց բերնով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները արտայայտեն։ Ասիկա կ’ընեն անպաշտօն եւ համոզիչ կերպով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելով եւ ‘շատերը արդարութեան առաջնորդելով’։ (Դանիէլ 12։3) Թէեւ անոնք իրենց պոչերով չեն խայթեր, իրենց ետին ձգելով ուժեղ հարուածող հրատարակութիւններ, բայց անոնց բերնէն այլաբանական կրակ, ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէ, մինչ փափկանկատութեամբ եւ խորատեսութեամբ կը վկայեն Եհովայի մօտալուտ ջատագովումի օրուան մասին։

18. Քանի՞ լեզուներով եւ ի՞նչ քանակութեամբ այս հեծելազօրքը հարուածող պատգամը տարածած է տպագրուած էջերով։

18 Ուրիշ տեղեր, Թագաւորութեան մասին հրատարակութիւնները կը շարունակեն Քրիստոնեայ Աշխարհի բաբելոնական վարդապետութիւնները եւ ճամբաները քօղազերծել, այլաբանօրէն արժանի վնաս հասցնելով անոր։ Տպագրական արդիական կերպեր գործածելով, այս բազմանդամ հեծելազօրքը 2006–էն առաջ՝ 69 տարուան ընթացքին, կրցած է շուրջ 450 լեզուներով բաշխել միլիառաւոր Աստուածաշունչեր, գիրքեր, պարբերաթերթեր եւ գրքոյկներ. բառացի երկու բիւր բիւրաւորէն շատ աւելի։ Այդ պոչերը ի՜նչ խայթոցներ պատճառած են։

19, 20. (ա) Թէեւ հարուածող պատգամներուն մասնայատուկ թիրախը եղած է Քրիստոնեայ Աշխարհը, բայց անկէ դուրս գտնուող երկիրներուն բնակիչներէն ոմանք ի՞նչպէս ընդառաջած են անոնց։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ ընդհանուր մարդոց հակազդեցութիւնը։

19 Եհովայի նպատակն էր որ այդ հարուածող պատգամը սպաննէր «մարդոց երրորդ մասը»։ Հետեւաբար, Քրիստոնեայ Աշխարհը անոր մասնայատուկ թիրախը եղած է։ Բայց անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհէն դուրս գտնուող երկիրներն ալ հասած է, պարփակելով շատ մը վայրեր, ուր Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն կեղծաւորութիւնը հանրածանօթ եղած է։ Այս ապականած կրօնական կազմակերպութեան վրայ եկած հարուածները տեսնելով, այս երկիրներուն բնակիչները Եհովայի աւելի մօտեցա՞ծ են։ Այո՛, շատեր։ Քրիստոնեայ Աշխարհի ազդեցութեան անմիջական ոլորտէն դուրս գտնուող շրջաններու մէջ բնակող խոնարհ եւ սիրալիր մարդիկ անմիջապէս ընդառաջած են։ Իսկ Յովհաննէս կը նկարագրէ ընդհանուր մարդոց հակազդեցութիւնը, ըսելով. «Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել. նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն»։ (Յայտնութիւն 9։20, 21) Չենք ակնկալեր որ այս չզղջացողները հաւաքականօրէն դարձի գան։ Անոնք որոնք իրենց ամբարիշտ ճամբաներուն մէջ կը յարատեւեն, Եհովայի կողմէ պիտի դատապարտուին իր ջատագովման մեծ օրուան ընթացքին։ Բայց «ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։—Յովելեայ 2։32. Սաղմոս 145։20. Գործք 2։20, 21

20 Հոս նկատի առնուածները երկրորդ վային մաս կը կազմեն։ Ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ գլուխներուն մէջ, այս վայը իր աւարտին հասնելէ առաջ, ուրիշ շատ բաներ պիտի պատահին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Յայտնութիւն Գրքին Մեկնաբանութիւնը (Անգլերէն), Հէնրի Պարգլէ Սուիթի կողմէ, «երկու բիւր բիւրաւոր» թիւին մասին կը նշէ. «Այս հսկայական թիւը մեզ կ’արգիլէ որ բառացի կատարում մը փնտռենք եւ արդէն անոր յաջորդող նկարագրութիւնը այս եզրակացութեան թիկունք կը կանգնի»։

^ պարբ. 13 Տես նախորդ 119-126–րդ էջերը. նաեւ՝ Ջատագովում, Հատոր Երեք, էջ 83-84, 1932–ին հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 15 Յովհաննէսի տեսած հեծելազօրքը մարախներուն նման «գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս» բաներ չունէր։ (Յայտնութիւն 9։7) Ասիկա կը համեմատի այն իրողութեան հետ թէ մեծ բազմութիւնը՝ որ ներկայիս հեծելազօրքին մեծ մասը կը կազմէ՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու յոյսը չունի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 149]

Վեցերորդ փողին հնչուիլը երկրորդ վային առիթ կու տայ

[Նկարներ՝ էջ 150, 151]

Չորս հրեշտակները պատմութեան մեծագոյն հեծելազօրքին արշաւը կ’առաջնորդեն

[Նկարներ՝ էջ 153]

Անհամար հեծելազօրքը անհաշիւ միլիոններով սուրբ գրային հրատարակութիւններ բաշխած է

[Նկարներ՝ էջ 154]

Մնացեալ մարդիկը չապաշխարեցին