«Ինկա՜ւ Մեծ Բաբելոնը»
Գլուխ 30
«Ինկա՜ւ Մեծ Բաբելոնը»
1. Երկրորդ հրեշտակը ի՞նչ կը ծանուցանէ, եւ Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ է։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ դատաստանին ժամը հասա՛ծ է։ Ուստի, լսեցէք աստուածային պատգամը. «Անոր ետեւէն ուրիշ [«երկրորդ», ՆԱ] հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով’»։ (Յայտնութիւն 14։8) Առաջին անգամ ըլլալով՝ բայց ո՛չ վերջին՝ Յայտնութիւնը իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Մեծն Բաբելոնի վրայ։ Գլուխ 17–ն զինք պիտի նկարագրէ որպէս հաճոյամոլ պոռնիկ մը։ Ո՞վ է ան։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, ան համաշխարհային կայսրութիւն մըն է, Աստուծոյ կնոջ սերունդին դէմ պայքարելու համար Սատանայի գործածած կրօնական կեղծ դրութիւն մը։ (Յայտնութիւն 12։17) Մեծն Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է։ Ան իր մէջ կը պարփակէ երբեմնի Բաբելոնի կրօնական բոլոր ուսուցումները եւ սովորութիւնները պահող ու անոր հոգին արտացոլացնող բոլոր կրօնքները։
2. (ա) Բաբելոնական կրօնքը ի՞նչպէս համայն երկրի վրայ ցրուեցաւ։ (բ) Մեծն Բաբելոնի ամենէն կարկառուն հատուածը ո՞րն է, եւ անիկա ե՞րբ մէջտեղ եկաւ որպէս հզօր կազմակերպութիւն մը։
2 Բաբելոնի մէջն էր որ աւելի քան 4,000 տարի առաջ, Եհովա Բաբելոնի Աշտարակը շինել ծրագրողներուն լեզուները խառնակեց։ Լեզուական տարբեր խմբաւորումներ երկրի չորս կողմը ցրուեցան, իրենց հետ տանելով հաւատուրաց հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ, որոնք ներկայ շատ մը կրօնքներուն հիմը կը կազմեն։ (Ծննդոց 11։1-9) Մեծն Բաբելոնը Սատանայի կազմակերպութեան կրօնական մասն է։ (Համեմատել՝ Յովհաննու 8։43-47) Անոր ամենէն կարկառուն հատուածը ներկայիս, հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհն է, որ Քրիստոսէ ետք չորրորդ դարուն մէջտեղ եկաւ որպէս հզօր, անօրէն կազմակերպութիւն մը, որու հանգանակները եւ ձեւապաշտութիւնները ոչ թէ Աստուածաշունչէն, այլ մեծաւ մասամբ բաբելոնական կրօնքէն ծագում առած են։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3-11
3. Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ որ Մեծն Բաբելոնը ինկած է։
3 Կրնաք հարց տալ. ‘Քանի որ կրօնքը տակաւին մեծ ազդեցութիւն կը բանեցնէ երկրի վրայ, հրեշտակը ինչո՞ւ կը ծանուցանէ որ Մեծն Բաբելոնը ինկած է’։ Լաւ, ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 539–էն ետք, երբ վաղեմի Բաբելոնը ինկաւ։ Այո, Իսրայէլ ազատագրուելով իր հայրենիքը վերադարձաւ եւ հոն մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեց։ Ուստի, 1919–ին հոգեւոր Իսրայէլը ուշագրաւ հոգեւոր բարգաւաճութեան մէջ բերուիլը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի եւ կը ծաղկի, ապացոյց մըն է որ այդ տարին Մեծն Բաբելոնը ինկաւ։ Անիկա այլեւս Աստուծոյ ժողովուրդին արգելք ըլլալու որեւէ հեղինակութիւն չունի։ Ասկէ զատ, ան ինքն իր դասերուն մէջ լուրջ դժուարութիւններու հանդիպած է։ 1919–էն ի վեր, անոր պղծութիւնը, անպարկեշտութիւնը եւ անբարոյութիւնը համայն աշխարհի յայտնի եղած է։ Եւրոպայի շատ մը մասերուն մէջ, քիչեր տակաւին եկեղեցի կ’երթան։ Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը սիրողներուն աչքին անպատուուելով, Մեծն Բաբելոնը հիմա մահապարտի մը նման իր վրայ գալիք Եհովայի արդար դատավճիռին կը սպասէ։
Բաբելոնի Ամօթալի Անկումը
4-6. Ի՞նչպէս «մեծ Բաբելոնը . . . բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։
4 Հիմա աւելի մանրամասնօրէն քննենք Մեծն Բաբելոնի ամօթալի անկումին նպաստող պարագաները։ Հոս հրեշտակը մեզի կ’ըսէ որ «մեծ Բաբելոնը . . . բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ասիկա յաղթանակ կը նշէ։ Եհովա, զոր օրինակ, Երեմիայի ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։ Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։ (Երեմեայ 25։15, 16) Հ.Դ.Ա. վեցերորդ եւ եօթներորդ դարերուն, Եհովա վաղեմի Բաբելոնը գործածեց, որպէսզի շատ մը ազգերու նեղութեան այլաբանական գաւաթը խմցնէ, ի միջի այլոց ապստամբ Յուդայի, այնպէս որ նոյնիսկ իր ժողովուրդը գերի քշուեցաւ։ Ապա, իր կարգին, Բաբելոնը ինկաւ, քանի որ անոր թագաւորը ինքզինք բարձրացուց Եհովայի՝ «երկնքի Տէրոջը» դէմ։—Դանիէլ 5։23
5 Մեծն Բաբելոնը ինքն ալ յաղթանակներ տարած է, բայց մեծաւ մասամբ աւելի նենգութեամբ։ Ան ‘բոլոր ազգերը արբեցուցած’ է, պոռնիկի մը հնարքները գործածելով, անոնց հետ կրօնական պոռնկութիւն ընելով։ Ան քաղաքական կառավարիչները հրապուրած է, որպէսզի իրեն հետ դաշինքներ կնքեն ու բարեկամութիւններ հաստատեն։ Կրօնական քօղին տակ, ան քաղաքական, առեւտրական եւ տնտեսական գետնի վրայ ճնշումներ բերած է։ Ան կրօնական հալածանք ու կրօնական պատերազմներ եւ խաչակրութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային պատերազմներ հրահրած է, զուտ քաղաքական եւ առեւտրական նպատակներով։ Իսկ ան այս պատերազմները սրբացուցած է, ըսելով թէ անոնք Աստուծոյ կամքով եղած են։
6 Բոլորին ծանօթ է 20–րդ դարու պատերազմներուն ու քաղաքականութեան մէջ կրօնքին բերած մասնակցութիւնը։ Այս եղած է պարագան շինթոյական Ճափոնի, պրահմանական Հնդկաստանի, պուտտայական Վիեթնամի, «Քրիստոնեայ» Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ, եւ այլ տեղեր։ Չմոռնանք երկու աշխարհամարտերու ընթացքին երկու կողմերու երիտասարդները զիրար սպաննելու քաջալերող բանակի կղերները։ Մեծն Բաբելոնի քծնանքին ծանօթ մէկ օրինակն է՝ 1936-1939–ի Սպանիոյ Քաղաքացիական Պատերազմին մէջ անոր ունեցած մասնակցութիւնը, որու ընթացքին առնուազն 600,000 անհատներ սպաննուեցան։ Այս արիւնահեղութիւնը դրդողները եղան Կաթողիկէ կղերներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն նեցուկ կանգնողները, մասամբ, քանի որ եկեղեցիին հարստութիւնը եւ դիրքը սպառնալիքի տակ էր սպանական օրինական կառավարութեան կողմէ։
7. Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր թիրախը ո՞վ եղած է, եւ անոր դէմ ի՞նչ կերպեր գործածած է։
7 Քանի որ Մեծն Բաբելոնը Սատանայի սերունդին կրօնական մասն է, ան միշտ Եհովայի ‘կինը’՝ «վերի Երուսաղէմը» իր գլխաւոր թիրախը դարձուցած է։ Առաջին դարուն, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը բացորոշապէս ճանչցուած էր որպէս կնոջ սերունդը։ (Ծննդոց 3։15. Գաղատացիս 3։29. 4։26) Մեծն Բաբելոնը ամէն ջանք թափեց, որպէսզի այդ մաքուր ժողովքին յաղթէ, քաջալերելով որ ան կրօնական պոռնկութեան միջամուխ ըլլայ։ Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները ազդարարեցին որ հաւատացեալներէն շատեր տեղի պիտի տային, որու հետեւանքը պիտի ըլլար մեծ հաւատուրացութիւն։ (Գործք 20։29, 30. Բ. Պետրոս 2։1-3) Եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամը ցոյց տուաւ որ Յովհաննէսի կեանքին վերջաւորութեան, Մեծն Բաբելոնը ապականելու իր ջանքին մէջ կարգ մը յաջողութիւններ արձանագրած էր։ (Յայտնութիւն 2։6, 14, 15, 20-23) Բայց Յիսուս նախապէս ցոյց տուած էր թէ ան մինչեւ ո՛ւր երթալու արտօնութիւն ունէր։
Ցորենը եւ Որոմը
8, 9. (ա) Յիսուսի ցորենի ու որոմի առակը ի՞նչ կը նշէր։ (բ) Ի՞նչ տեղի ունեցաւ «երբ մարդիկ կը քնանային»։
8 Ցորենի ու որոմի իր առակին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ մարդու մը մասին, որ իր դաշտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Բայց «երբ մարդիկ կը քնանային», թշնամի մը եկաւ եւ անոնց մէջ որոմ ցանեց։ Ուստի, ցորենները ծածկուեցան որոմներուն պատճառաւ։ Յիսուս հետեւեալ կերպով բացատրեց այս առակը. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է. արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։ Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է»։ Ապա ցոյց տուաւ որ պիտի թոյլատրուէր որ ցորենը եւ որոմը իրարու հետ աճէին «մինչեւ աշխարհիս վերջ»ը, երբ հրեշտակները այլաբանական որոմները պիտի ‘ժողվէին’։—Մատթէոս 13։24-30, 36-43
9 Ինչ որ Յիսուս եւ Պօղոս ու Պետրոս առաքեալները ազդարարած էին՝ տեղի ունեցաւ։ «Երբ մարդիկ կը քնանային»՝ կամ առաքեալները մահուան մէջ ննջելէն ետք, եւ կամ Աստուծոյ հօտը հովուելու մէջ Քրիստոնեայ տեսուչներուն թմրած վիճակի ընթացքին՝ բաբելոնական հաւատուրացութիւն մը ծաղկեցաւ ուղղակիօրէն ժողովքին մէջ։ (Գործք 20։31) Որոմները շատ շուտով ցորեններէն շատ աւելի ըլլալով, զանոնք ծածկեցին։ Երկար դարեր թերեւս այնպէս թուեցաւ որ կնոջ սերունդը ամբողջովին Մեծն Բաբելոնի տարածուած փէշերուն տակ ծածկուած էր։
10. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ 1870–ական թուականներուն, իսկ Մեծն Բաբելոնը ի՞նչպէս հակազդեց։
10 1870–ական թուականներուն, օծեալ Քրիստոնեաները սկսած էին վճռական ջանքեր թափել իրենք զիրենք անջատելու համար Մեծն Բաբելոնի պոռնկանման ճամբաներէն։ Անոնք լքեցին այն սուտ վարդապետութիւնները, զորս Քրիստոնեայ Աշխարհը հեթանոսութենէն փոխ առած էր, եւ խիզախօրէն Աստուածաշունչը գործածեցին իրենց քարոզչութեան մէջ, ապացուցանելու համար թէ ազգերուն ժամանակները պիտի վերջանային 1914–ին։ Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր գործիքը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղեր դասակարգը, մաքուր պաշտամունքի վերահաստատման այս գործունէութիւններուն հակառակեցաւ։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, անոնք պատերազմի տագնապալի վիճակէն օգտուելով, փորձեցին հաւատարիմ Քրիստոնեաներու այդ խմբակը մէջտեղէն վերցնել։ 1918–ին, երբ անոնց գործունէութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ սանձուած էր, այնպէս թուեցաւ որ Մեծն Բաբելոնը յաջողած էր։ Երեւութապէս, ան յաղթանակ տարած էր անոնց վրայ։
11. Երբեմնի Բաբելոնի անկումին հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
11 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Բաբելոն հպարտ քաղաքը իր հեղինակաւոր դիրքէն ջախջախիչ կերպով ինկաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Ապա աղաղակ մը լսուեցաւ. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ»։ Համաշխարհային կայսրութեան մեծ ոստանը ինկաւ Մեծն Կիւրոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Մարա–Պարսկական բանակներուն կողմէ։ Թէեւ պարտութենէն ետք քաղաքը վերապրեցաւ, բայց հեղինակաւոր դիրքէն իր անկումը բացայայտ էր, որուն հետեւանքով Հրեայ գերիները ազատագրուեցան։ Անոնք Երուսաղէմ վերադարձան, հոն մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու համար։—Եսայեայ 21։9. Բ. Մնացորդաց 36։22, 23. Երեմեայ 51։7, 8
12. (ա) Ներկայիս, ի՞նչպէս կրնանք ըսել որ Մեծն Բաբելոնը ինկած է։ (բ) Ի՞նչ բան կը փաստէ որ Եհովա ամբողջովին մերժած է Քրիստոնեայ Աշխարհը։
12 Մեր օրերո՛ւն ալ լսուեցաւ Մեծն Բաբելոնը ինկած ըլլալուն աղաղակը։ Բաբելոնական Քրիստոնեայ Աշխարհի անցաւոր յաջողութիւնը 1918–ին, ուղղակիօրէն յեղաշրջուեցաւ 1919–ին, երբ օծեալներու մնացորդը, Յովհաննէս դասակարգը, հոգեւոր յարութեամբ վերահաստատուեցաւ։ Մեծն Բաբելոնը ինկած էր այն առումով որ, այլեւս չէր կրնար գերեվարել Աստուծոյ ծառաները։ Մարախներու նման, Քրիստոսի օծեալ եղբայրները անդունդէն դուրս խուժեցին՝ գործելու պատրաստ։ (Յայտնութիւն 9։1-3. 11։11, 12) Անոնք արդի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» էին եւ Տէրը զիրենք երկրի վրայ իր բոլոր ունեցածին վրայ դրաւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Անոնց այս հանգամանքով գործածուիլը փաստեց որ Եհովա ամբողջովին մերժած էր Քրիստոնեայ Աշխարհը, հակառակ երկրի վրայ իր ներկայացուցիչը ըլլալու անոր դաւանութեան։ Մաքուր պաշտամունքը վերահաստատուեցաւ եւ ճամբան բացուեցաւ որ 144,000–ի մնացորդին՝ կնոջ սերունդին մնացեալ անդամներուն, Մեծն Բաբելոնի դարաւոր թշնամիին, կնքուիլը ամբողջանայ։ Այս բոլորը կը նշէին որ այդ սատանայական կրօնական կազմակերպութիւնը ջախջախիչ պարտութեան մատնուած էր։
Սուրբերուն Համբերութիւնը
13. (ա) Երրորդ հրեշտակը ի՞նչ կը ծանուցանէ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը դատէ գազանին դրոշմը ընդունողները։
13 Արդ, երրորդ հրեշտակը կը խօսի. «Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակ մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. ‘Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ’»։ (Յայտնութիւն 14։9, 10ա) Յայտնութիւն 13։16, 17–ի մէջ, յայտնուեցաւ որ տէրունական օրուան ընթացքին, գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընողները նեղութիւն պիտի կրեն՝ նոյնիսկ սպաննուին։ Հիմա կը սորվինք որ Եհովա վճռած է դատաստան ի գործ դնել անոնց վրայ որ ունին «դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը»։ Անոնք պիտի ստիպուին խմել Եհովայի «բարկութեանը [դառն] գաւաթ»էն։ Ասիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ իրենց համար։ Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Եհովա պարտադրեց որ Երուսաղէմ խմէ իր «բարկութեանը բաժակը», քաղաքը Բաբելոնացիներու կողմէ ‘կործանումի ու կոտորածի, սովի ու սուրի’ մատնուեցաւ։ (Եսայեայ 51։17, 19) Նոյն կերպով, երբ երկրի քաղաքական զօրութիւնները եւ անոնց պատկերը՝ Միացեալ Ազգերը, կուռքի վերածողները Եհովայի բարկութեան գաւաթէն խմեն, անոնց համար ալ աղիտալի պիտի ըլլայ ասիկա։ (Երեմեայ 25։17, 32, 33) Անոնք ամբողջովին պիտի բնաջնջուին։
14. Գազանը եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները բնաջնջուելէ առաջ ի՞նչի պիտի ենթարկուին, եւ Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ ասիկա։
14 Սակայն, ասիկա պատահելէն առաջ իսկ, գազանին դրոշմը ունեցողները Եհովայի տհաճութեան տանջալից հետեւանքները պիտի կրեն։ Գազանին ու անոր պատկերին երկրպագուներուն մասին խօսելով, հրեշտակը Յովհաննէսի կ’ըսէ. «Եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։ Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։—Յայտնութիւն 14։10բ, 11
15, 16. Յայտնութիւն 14։10–ի մէջ յիշուած ‘կրակ ու ծծումբ’ բառերը ի՞նչ իմաստ կը կրեն։
15 Ոմանք հոս յիշուած կրակն ու ծծումբը կը վերագրեն դժոխքի գոյութեան։ Բայց նոյն ոճով տրուած ուրիշ մարգարէութեան վրայ ակնարկ մը նետելը, այս հատուածին մէջ այս բառերուն իրական իմաստը երեւան կը հանէ։ Եսայիի օրերուն, Եհովա ազդարարեց Եդովմի որ Իսրայէլի հանդէպ իր թշնամական կեցուածքին համար պիտի պատժուէր։ Ան ըսաւ. «Անոր գետերը՝ ձիւթի ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։ Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ, գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի. անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։ Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ»։—Եսայեայ 34։9, 10
16 Արդեօք Եդովմը առասպելական դժոխքի՞ մը մէջ նետուեցաւ, յաւիտեան այրուելու համար։ Անշուշտ ոչ։ Այլ, այդ ազգը ամբողջովին սրբուեցաւ աշխարհի թատերաբեմէն, որպէս թէ կրակով ու ծծումբով հիմնովին վառուելով։ Պատիժին վերջնական արդիւնքը յաւիտենական տանջանք չէր, այլ՝ ‘դատարկութիւն, ունայնութիւն եւ ոչնչութիւն’։ (Եսայեայ 34։11, 12) ‘Յաւիտեանս յաւիտենից ելլող’ ծուխը վառ կերպով կը պատկերացնէ ասիկա։ Երբ տուն մը այրի, բոցերը հանգելէն ետք, տակաւին մոխիրներէն ծուխ կը բարձրանայ որոշ ժամանակ մը, անցորդներուն ապացուցանելով որ քանդիչ հրդեհ մը տեղի ունեցած է։ Մինչեւ այսօր, Աստուծոյ ծառաները Եդովմի կործանումով տրուած դասը կը յիշեն։ Այս կերպով, անոր ‘վառուելուն ծուխը’ այլաբանօրէն տակաւին կը բարձրանայ։
17, 18. (ա) Գազանին դրոշմը ընդունողներուն ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (բ) Գազանին երկրպագուները ի՞նչ կերպով կը չարչարուին։ (գ) Ի՞նչպէս է որ անոնց «տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից»։
17 Գազանին դրոշմը ընդունողներն ալ ամբողջովին պիտի կործանին, որպէս թէ կրակով։ Ինչպէս մարգարէութիւնը հետագային կը յայտնէ, անոնց դիակները պիտի չթաղուին, անասուններու ու թռչուններու կեր պիտի դառնան։ (Յայտնութիւն 19։17, 18) Ուստի, որոշ է որ անոնք բառացիօրէն յաւիտեան չեն տանջուիր։ Արդ, ի՞նչպէս է որ «կրակով ու ծծումբով կը տանջուին»։ Այն առումով որ ճշմարտութեան ծանուցումը զիրենք կը մերկացնէ ու իրենց վրայ Աստուծոյ դատաստանին գալը կ’ազդարարէ։ Հետեւաբար, անոնք Աստուծոյ ծառաները կը մրոտեն, եւ ուր որ կրնան, խորամանկօրէն քաղաքական գազանը կը համոզեն որ հալածէ, նոյնիսկ սպաննէ Եհովայի Վկաները։ Բայց այս հակառակորդները վերջ ի վերջոյ պիտի կործանին, որպէս թէ կրակով ու ծծումբով։ Այն ատեն անոնց «տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից», այն առումով որ անոնց վրայ եկած Աստուծոյ դատաստանը որպէս փորձաքար պիտի ծառայէ, եթէ պատահի որ օր մը Եհովայի իրաւացի գերիշխանութեան ասպարէզ կարդացուի։ Այդ հարցը յաւիտեանս յաւիտենից լուծուած պիտի ըլլայ։
18 Ներկայիս այս չարչրկող պատգամը տուողները որո՞նք են։ Յիշեցէք որ այլաբանական մարախները հեղինակութիւն ունէին իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունեցողները չարչարելու։ (Յայտնութիւն 9։5) Բացայայտօրէն, հրեշտակներու առաջնորդութեան ներքեւ եղող այս մարախներն են չարչարողները։ Այլաբանական մարախները այնպիսի յարատեւութիւն մը ունին, որ «ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։ Իսկ վերջապէս, անոնց կործանումէն ետք, Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման հոյակապ ապացոյցը, ուրիշ խօսքով, «անոնց տանջանքին ծուխը», յաւիտեանս յաւիտենից պիտի բարձրանայ։ Թող որ Յովհաննէս դասակարգը համբերէ, մինչեւ որ այդ ջատագովումը ամբողջական ըլլայ։ Ինչպէս հրեշտակը կ’եզրափակէ. «Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն»։—Յայտնութիւն 14։12
19. Սուրբերէն ինչո՞ւ համբերութիւն պահանջուած է, եւ Յովհաննէսի տեղեկացած ո՞ր բանը կը զօրացնէ զանոնք։
19 Այո, «սուրբերուն համբերութիւնը» անոնց համար կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանել։ Անոնց պատգամը ժողովրդական չէ։ Անիկա հակառակութեան, հալածանքի եւ նոյնիսկ նահատակութեան դուռ կը բանայ։ Բայց անոնք կը զօրանան Յովհաննէսի տեսածով. «Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Գրէ՛. Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն’. ‘Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան’»։—Յայտնութիւն 14։13
20. (ա) Յովհաննէսի կողմէ տեղեկագրուած խոստումը եւ Յիսուսի ներկայութեան մասին Պօղոսի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս իրարու հետ ներդաշնակ են։ (բ) Սատանան երկինքէն նետուելէն ետք մեռնող օծեալներուն մասնայատուկ ի՞նչ առանձնաշնորհում մը խոստացուած է։
20 Այս խոստումը Յիսուսի ներկայութեան առնչութեամբ Պօղոսի մարգարէութեան կը համապատասխանէ. «Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ [տէրունական օրուան ընթացքին ողջ եղող օծեալները] անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16) Սատանան երկինքէն դուրս նետուելէն ետք, Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն առին։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 6։9-11) Անկէ ետք, տէրունական օրուան ընթացքին մեռնող օծեալներուն մասնայատուկ առանձնաշնորհում մը խոստացուած է։ Երկնքի մէջ հոգեղէն կեանքի անոնց յարութիւնը ակնթարթի մը մէջ պիտի ըլլայ՝ «աչք գոցել բանալու մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։52) Ասիկա ի՜նչ հոյակապ բան մըն է։ Իսկ անոնց արդար գործերը ուղղակիօրէն իրենց կը հետեւին երկնային ծիրին մէջ։
Երկրի Հունձքը
21. Յովհաննէս մեզի ի՞նչ կ’ըսէ «երկրի հունձք»ին մասին։
21 Դատաստանի այս օրուընէ ուրիշներն ալ պիտի օգտուին, ինչպէս Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։ Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը [չորրորդ] ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. ‘Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է’։ Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ»։—Յայտնութիւն 14։14-16
22. (ա) Ո՞վ է ան որ ոսկիէ պսակ ունի եւ ճերմակ ամպի վրայ նստած է։ (բ) Հունձքը ե՞րբ իր բարձրակէտին կը հասնի եւ ի՞նչպէս։
22 Ճերմակ ամպին վրայ նստողին ինքնութեան մասին կասկած չկայ։ Ճերմակ ամպի վրայ նստած, իր գլխուն ոսկիէ պսակ ունեցող որդի մարդոյ նման մէկը յստակօրէն Յիսուսն է, տեսիլքի մէջ Դանիէլի տեսած Մեսիական Թագաւորը։ (Դանիէլ 7։13, 14. Մարկոս 14։61, 62) Բայց հոս մարգարէացուած հունձքը ի՞նչ է։ Երկրի վրայ եղած ժամանակ, Յիսուս աշակերտելու գործը նմանցուց մարդկային աշխարհի հունձքին։ (Մատթէոս 9։37, 38. Յովհաննու 4։35, 36) Այս հունձքը իր բարձրակէտին կը հասնի տէրունական օրուան մէջ, երբ Յիսուս կը թագադրուի որպէս Թագաւոր եւ իր Հօրը կողմանէ դատաստան ի գործ կը դնէ։ Ուստի, 1914–էն ի վեր իր իշխանութեան ժամանակն ալ հունձքը հաւաքելու համար ուրախ ժամանակ մըն է։—Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 16։13-15
23. (ա) Հնձելու սկսելու հրամանը որմէ՞ կու գայ։ (բ) 1919–էն մինչեւ հիմա ի՞նչ հունձք տեղի ունեցած է։
23 Թէեւ ինք Թագաւոր եւ Դատաւոր է, բայց Յիսուս իր Աստուծոյն՝ Եհովայի հրամանին կը սպասէ՝ հնձելու սկսելու համար։ Այդ հրամանը կու գայ «տաճարէն», հրեշտակի մը միջոցաւ։ Յիսուս անմիջապէս կը հնազանդի։ Նախ՝ 1919–էն ի վեր, իր հրեշտակներուն միջոցաւ ամբողջացնել տուած է 144,000–ին հունձքը։ (Մատթէոս 13։39, 43. Յովհաննու 15։1, 5, 16) Ապա՝ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան հունձքը սկսած է։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9) Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ 1931-1935–ի միջոցին, ուրիշ ոչխարներու կարեւոր թիւ մը ի յայտ եկաւ։ 1935–ին, Եհովա Յայտնութիւն 7։9-17–ի մեծ բազմութեան իրական ինքնութեան մասին հասկացողութիւն տուաւ Յովհաննէս դասակարգին։ Անկէ ի վեր, այս բազմութիւնը հաւաքելու վրայ շատ մեծ շեշտ դրուեցաւ։ Անոր թիւը վեց միլիոնը անցած էր 2006–ին, եւ տակաւին կ’աւելնայ։ Վստահաբար, որդի մարդոյ նման մէկը այս վերջին ժամանակին մէջ առատ եւ ուրախ հունձք մը հաւաքած է։—Համեմատել՝ Ելից 23։16. 34։22
Երկրի Այգին կը Կոխուի
24. Հինգերորդ հրեշտակին ձեռքին մէջ ի՞նչ կայ, եւ վեցերորդ հրեշտակը մեծ ձայնով ի՞նչ կ’ըսէ անոր։
24 Փրկութեան հունձքը ամբողջացած ըլլալով, ուրիշ հունձքի մը ժամանակը հասած է։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը [հինգերորդ] ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։ Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը [վեցերորդ] ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. ‘Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են’»։ (Յայտնութիւն 14։17, 18) Տէրունական օրուան ընթացքին հրեշտակային բանակներուն վստահուած է մեծ հունձք մը՝ բարիները չարերէն զատելու գործը։
25. (ա) Հինգերորդ հրեշտակին տաճարէն ելլելը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Ինչո՞ւ յարմար է որ հնձելու սկսելու պատուէրը ‘սեղանէն ելլող’ հրեշտակէ մը գայ։
25 Հինգերորդ հրեշտակը տաճարէն՝ Եհովայի ներկայութենէն կու գայ. ուստի, վերջին հունձքն ալ Եհովայի կամքին համաձայն կը կատարուի։ Այս հրեշտակը իր գործը սկսելու համար պատուէր կը ստանայ ‘սեղանէն ելլող’ ուրիշ հրեշտակի մը կողմէ փոխանցուած պատգամով։ Այս իրողութիւնը շատ յատկանշական է, քանի որ սեղանին տակ գտնուող հաւատարիմ հոգիները հարցուցած էին. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն»։ (Յայտնութիւն 6։9, 10) Երկրի այգին կթելով, վրէժխնդրութեան համար այս աղաղակին գոհացում պիտի տրուի։
26. Ի՞նչ է ‘երկրի այգին’։
26 Բայց ի՞նչ է ‘երկրի այգին’։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ Հրեայ ազգին ակնարկուած է որպէս Եհովայի այգին։ (Եսայեայ 5։7. Երեմեայ 2։21) Նոյն կերպով, Յիսուս Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ ծառայողներուն ակնարկուած է որպէս այգի։ (Յովհաննու 15։1-8) Այս պատկերին մէջ, այգիին ուշագրաւ յատկանիշներէն մէկը անոր պտուղ արտադրելն է, իսկ քրիստոնէական ճշմարիտ այգին առատ պտուղ արտադրած է ի փառս Եհովայի։ (Մատթէոս 21։43) Ուստի ‘երկրի այգին’ պէտք է ըլլայ, ո՛չ թէ այս հարազատ այգին, այլ Սատանայի կեղծ այգին, մարդկութեան վրայ իր տեսանելի ապականած կառավարական դրութիւնը՝ դարերու ընթացքին անոր արտադրած դիւային պտուղներու տարբեր «ողկոյզներ»ով։ Մեծն Բաբելոնը, որուն մէջ հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհը շատ կարկառուն է, այս թունաւոր այգիին վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցած է։—Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 32։32-35
27. (ա) Երբ մանգաղ ունեցող հրեշտակը երկրի այգին կթէ, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ (բ) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ո՞ր մարգարէութիւնները հունձքին տարողութիւնը կը նշեն։
27 Դատավճիռը պէտք է գործադրուի։ «Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։ Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր»։ (Յայտնութիւն 14։19, 20) Այս այգիին դէմ Եհովայի սաստիկ բարկութիւնը երկար ժամանակէ ծանուցուած է։ (Սոփոնեայ 3։8) Եսայիի գրքին մէջ մարգարէութիւն մը աներկբայելիօրէն կը նշէ որ ազգեր պիտի կործանին երբ հնձանը կոխուի։ (Եսայեայ 63։3-6) Յովէլ ալ մարգարէացաւ որ «վճիռի հովիտին» մէջ մեծ «բազմութիւններ», ամբողջ «ազգեր» «հնձան»ին մէջ ճզմուելով պիտի բնաջնջուին։ (Յովելեայ 3։12-14) Արդարեւ այնպիսի ահռելի հունձք մը պիտի ըլլայ, որուն նմանը բնաւ պիտի չըլլայ։ Յովհաննէսի տեսիլքին համաձայն, ո՛չ միայն կթուած ողկոյզները, այլ ամբողջ այլաբանական այգին կը կտրուի եւ հնձանին մէջ կը նետուի՝ կոխուելու համար։ Հետեւաբար, երկրի այգին պիտի տրորուի եւ անգամ մը եւս պիտի չբուսնի։
28. Երկրի այգին ո՞վ կը կոխէ, եւ հնձանը ‘քաղաքէն դուրս կոխուելուն’ իմաստը ի՞նչ է։
28 Տեսիլքին մէջ, այս կոխկռտումը ձիերու կողմէ կը կատարուի, որովհետեւ կ’ըսուի որ այգիէն հոսող արիւնը կը հասնէր «մինչեւ ձիերուն սանձերը»։ Քանի որ «ձիեր» արտայայտութիւնը սովորաբար պատերազմի գործողութիւններու կը նշէ, ասիկա պատերազմի ժամանակ մը պէտք է ըլլայ։ Ըսուած է որ Սատանայի իրերու դրութեան դէմ վերջնական պատերազմ մղելու համար Յիսուսի հետեւող երկնային բանակներն են որ պիտի կոխեն «Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը»։ (Յայտնութիւն 19։11-16) Որոշ է որ դարձեալ իրենք են որ պիտի կոխեն երկրի այգին։ Հնձանը «քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ», այսինքն, երկնային Սիօնէն դուրս։ Արդարեւ, յարմար է որ երկրի այգին՝ երկրի վրայ կոխուի։ Բայց անիկա նաեւ «քաղաքէն դուրս» պիտի կոխուի, այն առումով որ երկրի վրայ երկնային Սիօնը ներկայացնող կնոջ սերունդին մնացորդին որեւէ վնաս պիտի չհասնի։ Ասոնք, մեծ բազմութեան հետ, Եհովայի երկրային կազմակերպութեան կարգադրութեան մէջ ապահով կերպով պիտի պահուըտին։—Եսայեայ 26։20, 21
29. Հնձանէն ելած արիւնին խորութիւնը ո՞րքան է, անիկա մինչեւ ո՞ւր կը հասնի եւ այս բոլորը ի՞նչ կը նշեն։
29 Զուգահեռ մը գոյութիւն ունի այս շատ տպաւորիչ տեսիլքին եւ, Դանիէլ 2։34, 44–ի մէջ նկարագրուած Թագաւորութեան քարին կողմէ, երկրի թագաւորութիւնները փշռուելուն միջեւ։ Ամբողջական բնաջնջում մը պիտի ըլլայ։ Հնձանէն հոսող արեան գետը շատ խորունկ է, մինչեւ ձիերուն սանձերը եւ 1,600 ասպարէզ կը հասնէր։ * Այս հսկայական թիւը, որ չորս քառակուսին տասը քառակուսիի հետ բազմապատկելուն գումարն է (4 × 4 × 10 × 10), ուժգին կերպով կը փոխանցէ այն պատգամը թէ կործանումը համայն երկրի վրայ պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 66։15, 16) Կործանումը ամբողջական եւ անյեղաշրջելի պիտի ըլլայ։ Սատանայի երկրի այգին բնա՛ւ ու բնա՛ւ անգամ մը եւս արմատ պիտի չբռնէ։—Սաղմոս 83։17, 18
30. Սատանայի այգիին պտուղները ի՞նչ են, եւ ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։
30 Վերջին ժամանակը հիմա շատ յառաջացած ըլլալով, այս երկու հունձքերուն տեսիլքը շատ իմաստալից է մեզի համար։ Կը բաւէ միայն աչք մը նետել մեր շուրջը, տեսնելու համար Սատանայի այգիին պտուղները։ Վիժում եւ այլ տեսակի սպանութիւն, միասեռականութիւն, շնութիւն եւ անբարոյութեան այլազան տեսակներ, անպարկեշտութիւն եւ բնական սիրոյ պակաս. այս բոլոր բաները կը ստորնացնեն այս աշխարհը Եհովայի աչքին։ Սատանայի այգին «թոյն ու դառնութիւն բերող» պտուղներ ունի։ Անոր աւերիչ, կռապաշտական ընթացքը մարդկութեան Մեծ Ստեղծիչը կ’անպատուէ։ (Բ. Օրինաց 29։18. 32։5. Եսայեայ 42։5, 8) Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է Յովհաննէս դասակարգին հետ եռանդունօրէն մասնակցիլ լաւ պտուղներու հունձքին, զոր Յիսուս կը հաւաքէ Եհովայի փառքին համար։ (Ղուկաս 10։2) Թող որ բոլորս վճռենք բնաւ չարատաւորուիլ այս աշխարհի այգիէն, եւ այս կերպով Եհովայի դատավճիռը ի գործ դրուելու ժամանակ այս երկրի այգիին հետ կոխուելէ զերծ մնանք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 29 1,600 ասպարէզը մօտաւորապէս 300 քիլոմեթր, կամ 180 անգլիական մղոն կ’ընէ։—Յայտնութիւն 14։20, ՆԱ, ստորանիշ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 208]
‘Իր պոռնկութեանը գինին’
Կաթողիկէ Եկեղեցին Մեծն Բաբելոնի կարկառուն մէկ մասն է։ Այս եկեղեցին Հռովմի մէջ եղող Պապին կողմէ կը ղեկավարուի եւ կը դաւանի որ իւրաքանչիւր պապ Պետրոս առաքեալի յաջորդն է։ Ստորեւ կու տանք այդպէս կոչուած յաջորդներու մասին հրատարակուած իրողութիւններ.
Ֆորմոսիոս (891-896). «Իր մահուընէ ինը ամիս ետք, Ֆորմոսիոսի մարմինը պապական դամբարանէն հանուեցաւ եւ Ստեփանոսի [նոր Պապին] կողմէ ղեկավարուած ‘դիակաքննական’ խորհուրդի դիմաց դատուելու համար ատեան առաջնորդուեցաւ։ Վախճանած Պապը մեղադրուեցաւ պապական պաշտօնի համար իր ունեցած ծայրայեղ ցանկութեան համար եւ իր բոլոր արարքները անվաւեր յայտարարուեցան։ . . . Դիակին վրայէն հանեցին հայրապետական զգեստը. աջ ձեռքին մատները կտրեցին»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան
Ստեփանոս Զ. (896-897). «[Ֆորմոսիոսի դիակի դատէն] քանի մը ամիս ետք, բուռն հակազդեցութիւն մը վերջ դրաւ Ստեփանոս Պապին հայրապետութեան. անոր ձեռքէն առնուեցաւ հայրապետական պատուանշանը, զինք բանտարկեցին ու խեղդեցին»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան
Սերգիոս Գ. (904-911). «Իր երկու անմիջական նախորդները . . . բանտին մէջ խեղդամահ եղան։ . . . Հռովմի մէջ, Թիոփիլակտոս ընտանիքը իրեն թիկունք կանգնեցաւ, որուն աղջիկներէն մէկը՝ Մարոցիան, կը կարծուի որ իրմէ որդի մը ունեցած է (որ հետագային Յովհաննէս ԺԱ. Պապը եղած է)»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան
Ստեփանոս Է. (928-931). «Իր հայրապետութեան վերջին տարիներուն, Յովհաննէս Ժ. Պապը . . . Մարոցիայի, Հռովմի Տոնա Սէնաթրիքս–ի բարկութիւնը գրգռեց, եւ բանտարկուեցաւ ու սպաննուեցաւ։ Ապա Մարոցիան պապականութիւնը տուաւ Լեւոն Զ. Պապին, որ վեցուկէս ամիս պաշտօնի վրայ մնալէ յետոյ մահացաւ։ Անոր յաջորդեց Ստեփանոս Է., հաւանաբար Մարոցիայի բանեցուցած ազդեցութեան շնորհիւ։ . . . 2 տարի տեւող պապական իր պաշտօնին մէջ, ան Մարոցիայի ձեռքին մէջ ըլլալով՝ անզօր էր»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան
Յովհաննէս ԺԱ. (931-935). «Ստեփանոս Է.–ի մահուընէ ետք, . . . Մարոցիան, որ Թիոփիլակտոսի տունէն էր, պապականութիւնը ձեռք ձգեց իր տղուն՝ Յովհաննէսի համար, որ նոր մտած էր իր քսանական տարիքին մէջ։ . . . Որպէս Պապ, Յովհաննէս իր մօրը կողմէ ղեկավարուեցաւ»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան
Յովհաննէս ԺԲ. (955-964). «Ան հազիւ 18 տարեկան էր եւ ժամանակակից տեղեկագրութիւններու համաձայն, հոգեւոր հարցերով հետաքրքրուած չէր, գռեհիկ հաճոյամոլ մըն էր եւ անսանձօրէն անառակ կեանք մը կը վարէր»։—Տը Օքսֆորտ Տիքշընըրի աֆ Փոփս
Բենետիկտոս Թ. (1032-1044. 1045. 1047-1048). «Ան պապականութիւնը իր կնքահօր ծախած, ապա զայն երկու անգամ դարձեալ պահանջած ըլլալու վատ համբաւին տիրացած էր»։—Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը
Հետեւաբար, փոխանակ հաւատարիմ Պետրոսի օրինակին հետեւելու, այս եւ ուրիշ պապեր գէշ ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնք արիւնապարտութիւնը եւ հոգեւոր ու մարմնաւոր պոռնկութիւնը, ինչպէս նաեւ, յեզաբէլական ազդեցութիւնը թոյլատրեցին, իրենց ղեկավարած եկեղեցին ապականելու համար։ (Յակոբու 4։4) Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ հրատարակուած՝ Կատարուած Խորհուրդը գիրքը (1917), ամենայն մանրամասնութեամբ կը յայտնէր այս իրողութիւնները։ Ի միջի այլոց, ասիկա կերպերէն մէկն էր, որով Աստուածաշունչի Աշակերտները ‘ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարկին’։—Յայտնութիւն 11։6. 14։8. 17։1, 2, 5
[Նկար՝ էջ 206]
Թագադրուած Քրիստոս հրեշտակներու աջակցութեամբ դատաստան ի գործ կը դնէ
[Նկար՝ էջ 207]
Հ.Դ.Ա. 539–ին Բաբելոնը իյնալէ ետք, անոր բանտարկեալները ազատ արձակուեցան