Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ

Ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ

Գլուխ 3

Ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ

1. Այս աշխարհի վրայ գալիք Աստուծոյ դատաստանի գործադրումէն ի՞նչպէս կրնաք խուսափիլ։

 ԱՇԽԱՐՀԻ ներկայ իրադարձութիւններով խորապէս հետաքրքրուած պէտք է ըլլաք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս աշխարհը չի կրնար Աստուծոյ դատաստանի գործադրումէն խուսափիլ։ Բայց դուք՝ կրնա՛ք, եթէ կործանումի դատապարտուած ‘աշխարհին մէկ մասը չըլլաք’։ Ասիկա չի նշանակեր որ խստակեաց կեանք մը պիտի վարէք։ Այլ կը նշանակէ որ պիտանի ու իմաստալից կեանք մը վարելով հանդերձ, դուք ձեզ հեռու պահէք քաղաքական ապականութենէն, ընչաքաղց առեւտրականութենէն, եւ Աստուած անպատուող կրօնքէ, ինչպէս նաեւ վայրագ եւ անբարոյ վարքէ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ, պէտք է վարք ու բարքի շուրջ Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն հետեւիք եւ ջանաք իր կամքը կատարել։ (Յովհաննու 17։14-16, ՆԱ. Սոփոնեայ 2։2, 3. Յայտնութիւն 21։8) Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ թէ որքան կարեւոր է այս ուղղութեամբ ջանք թափել եւ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընել ձեր ապրելակերպին մէջ։

2. Յովհաննէս առաքեալ Յայտնութիւն գրքին հոյակապ մարգարէութեան բացումը ի՞նչպէս ըրաւ եւ Աստուած այս ծանրակշիռ պատգամը որո՞ւ տուաւ։

2 Յովհաննէս առաքեալ այս հոյակապ մարգարէութեան բացումը կ’ընէ հետեւեալ խօսքերով. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 1։1ա) Ուստի, յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս էր որ այս ծանրակշիռ պատգամը ստացաւ Աստուծմէ։ Հոս Յիսուս ցոյց տրուած է որպէս իր Հօրը ենթակայ մէկը, եւ ո՛չ թէ խորհրդաւոր Երրորդութեան մէկ մասը։ Նոյն կերպով, քրիստոնէական ժողովքը կազմող «ծառաներ»ը ենթակայ են Յիսուս Քրիստոսի, անոր համար անոր «ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ»։ (Յայտնութիւն 14։4. Եփեսացիս 5։24) Բայց այսօր որո՞նք են իրապէս Աստուծոյ «ծառաներ»ը, եւ Յայտնութիւնը ի՞նչպէս օգտակար է անոնց։

3. (ա) Յիսուս Քրիստոսի ենթակայ եղող «ծառաներ»ը որո՞նք են։ (բ) Հաւատարիմ «ծառաներ»ը ի՞նչ գործ կը կատարեն հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ։

3 Յայտնութիւնը գրող Յովհաննէս առաքեալ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ծառայ մը։ Ան ամենէն երկար ապրած առաքեալն էր եւ երկնքի մէջ անմահութիւն ժառանգող, հոգիէն օծուած ու ընտրուած «ծառաներ»ու խումբին մէկ անդամը։ Ներկայիս, անոնցմէ միայն քանի մը հազար մնացած են երկրի վրայ։ Աստուած ուրիշ ծառաներ ալ ունի, այրերու, կիներու եւ երախաներու մեծ բազմութիւն մը, որ հիմա միլիոններու կը հասնի։ Հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ, անոնք օծեալ «ծառաներ»ուն հետ ամբողջ մարդկութեան կը ծանուցանեն յաւիտենական բարի լուրը։ Այս բոլոր «ծառաներ»ը ո՜րքան ծանր կ’աշխատին, երկրի խոնարհ անհատներուն օգնելով, որ փրկուին։ (Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 7։9, 14. 14։6) Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պէտք է ընէք այս ցնծալի բարի լուրէն օգտուելու համար։

4. (ա) Քանի որ աւելի քան 1,900 տարի առաջ Յովհաննէս գրեց Յայտնութիւնը, ի՞նչպէս կրնար ըսել որ այդ բաները ‘շուտով պիտի ըլլան’։ (բ) Իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան նախագուշակուած բաներուն մասին։

4 Արդ, Յովհաննէս ի՞նչպէս կրնար ըսել որ այս «ծառաներուն» ցոյց պիտի տրուի «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։ Այս խօսքերը աւելի քան 1,900 տարի առաջ ըսուած չէի՞ն։ Հազար տարին ‘երէկուան պէս եղող’ Եհովայի հայեացքով, 1,900 տարին կարճ ժամանակ մըն է, բաղդատած երկիրը մարդկային բնակութեան համար ստեղծելու եւ պատրաստելու համար իր տրամադրած անհաշիւ ժամանակին հետ։ (Սաղմոս 90։4) Պօղոս առաքեալ իր ‘եռանդուն ակնկալութեան ու յոյսին’ մասին գրեց, քանի որ անկասկած իր վարձատրութեան իրողութիւն մը ըլլալը իրեն համար շատ մօտ կը թուէր։ (Փիլիպպեցիս 1։20) Ներկայիս, սակայն, իրապէս բացայայտ է որ նախագուշակուած բոլոր բաները ճիշդ ժամանակին պիտի կատարուին։ Պատմութեան մէջ որեւէ ատեն մարդկութեան վերապրումը այսքան չէ վտանգուած։ Միայն Աստուած ունի անոր լուծումը։—Եսայեայ 45։21

Հաղորդակցութեան Խողովակը

5. Յայտնութիւնը ի՞նչպէս հաղորդուեցաւ Յովհաննէս առաքեալին եւ ապա ժողովքներուն։

5 Յայտնութիւն 1։1բ, 2–ը կը շարունակէ ըսել. «[Յիսուս] իր հրեշտակին ձեռքով [Յայտնութիւնը] ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային [«նշաններով», ՆԱ] իմացուց, որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ»։ Ուրեմն, Յովհաննէս հրեշտակի մը, պատգամաբերի մը միջոցաւ ստացաւ ներշնչեալ արձանագրութիւնը։ Զայն գալարի մը վրայ գրեց եւ իր օրուան ժողովքներուն փոխանցեց։ Բարեբախտաբար, Աստուած զայն պահպանեց, որպէս քաջալերութիւն ծառայելու ներկայիս երկրի վրայ իր միակամ ծառաներէն բաղկացած շուրջ 100,000 ժողովքներուն։

6. Յիսուս ի՞նչպէս նկարագրեց այն խողովակը զոր պիտի գործածէ ներկայիս իր «ծառաներուն» հոգեւոր սնունդ տալու համար։

6 Յովհաննէսի օրերուն, Աստուած Յայտնութիւնը հաղորդելու խողովակ մը ունէր, եւ Յովհաննէս այդ խողովակին երկրային մասը կը կազմէր։ Նոյն կերպով, Աստուած ներկայիս իր «ծառաներուն» հոգեւոր սնունդ տալու համար իր խողովակը ունի։ Իրերու դրութեան վախճանի մասին իր մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս այս խողովակին երկրային մասը բնորոշեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ (Մատթէոս 24։3, 45-47) Ան այս Յովհաննէս դասակարգը կը գործածէ, մարգարէութեան իմաստը քօղազերծելու համար։

7. (ա) Յայտնութեան մէջի նշանները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։ (բ) Յովհաննէս դասակարգէն ոմանք ո՞րքան ժամանակէ ի վեր Յայտնութեան տեսիլքներուն կատարման կը մասնակցին։

7 Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ որ Յիսուս Յայտնութիւնը տուած է «նշաններ»ով, կամ խորհրդանիշներով։ Անոնց քննութիւնը ոգեւորիչ եւ խայտալի է։ Անոնք կը նկարագրեն շատ ուժեղ գործունէութիւններ, որոնք իրենց կարգին պէտք է մեզ դրդեն որ այս մարգարէութիւնը ու անոր իմաստը ջանանք եռանդունօրէն ուրիշներուն գիտցնել։ Յայտնութիւնը մեզի կը ներկայացնէ քանի մը ցնցիչ տեսիլքներ, որոնց իւրաքանչիւրին Յովհաննէս մասնակցեցաւ, կա՛մ անոր մէջ գործօն բաժին բերելով եւ կամ որպէս դէտ։ Յովհաննէս դասակարգին պատկանողները՝ որոնցմէ ոմանք տասնեակ տարիներէ ի վեր այդ տեսիլքներուն կատարման մէջ բաժին ունեցած են՝ ուրախ են որ Աստուծոյ հոգին յայտնած է անոնց իմաստը, որպէսզի կարենան զայն ուրիշներուն բացատրել։

8. (ա) Յայտնութեան իւրաքանչիւր տեսիլքը մասնայատուկ ի՞նչ բան ունի։ (բ) Դանիէլի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ Յայտնութեան գազաններուն ինքնութիւնը հասկնանք։

8 Յայտնութեան մէջի տեսիլքները ժամանակագրական շարքով տրուած չեն։ Ամէն մէկը կատարման իր իւրայատուկ ժամանակը ունի։ Տեսիլքներէն շատեր նախորդ մարգարէութիւններու խօսքերը կ’արձագանգեն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն անոնց մեկնութեան։ Օրինակ, Դանիէլի մարգարէութիւնը կը նկարագրէր չորս ահաւոր գազաններ, բացատրելով որ անոնք երկրի վրայ իշխող ուժեր կը պատկերացնէին։ Հետեւաբար, ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ Յայտնութեան մէջի գազանները կը պատկերացնեն քաղաքական ինքնութիւններ, մէջը ըլլալով անոնք որոնք հիմա առկայ են։—Դանիէլ 7։1-8, 17. Յայտնութիւն 13։2, 11-13. 17։3

9. (ա) Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ կեցուածք ունեցած է Յովհաննէսի նման։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս ուրախ ըլլալու ճամբան ցոյց տուաւ մեզի։

9 Յովհաննէս հաւատարմօրէն վկայութիւն տուաւ այդ պատգամին մասին, զոր Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իրեն տուաւ։ Ան մանրամասնօրէն նկարագրեց «ինչ որ տեսաւ»։ Յովհաննէս դասակարգը առաջնորդութեան համար միշտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի նայած է, մարգարէութիւնը լիովին հասկնալու եւ անոր գեղեցիկ կէտերը Աստուծոյ ծառաներուն գիտցնելու համար։ Օծեալ ժողովքին (ինչպէս նաեւ, Աստուծոյ կողմէ մեծ նեղութենէն ողջ պահուելիք միջազգային մեծ բազմութեան) օգտին համար, Յովհաննէս գրեց. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի [«որոշուած», ՆԱ] ժամանակը մօտ է»։—Յայտնութիւն 1։3

10. Ուրախութիւն ձեռք ձգելու համար Յայտնութեան նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընենք։

10 Յայտնութիւնը կարդալով մեծապէս պիտի օգտուիք, իսկ անոր մէջ գրուածները պահելով՝ շատ աւելի։ Յովհաննէս իր նամակներէն մէկուն մէջ բացատրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։ Վասն զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ»։ (Ա. Յովհաննու 5։3, 4) Այսպիսի հաւատք մը կերտելով, անբաղդատելի ուրախութիւն մը կրնաք ունենալ։

11. (ա) Ինչո՞ւ ստիպողական է որ մարգարէութեան խօսքերը պահենք։ (բ) Հիմա ո՞ր ժամանակը եղերականօրէն կը մօտենայ։

11 Ստիպողական է որ այս մարգարէութեան խօսքերը պահենք, «վասն զի որոշուած ժամանակը մօտ է»։ Ի՞նչ բանին որոշուած ժամանակը։ Յայտնութիւն գրքին մարգարէութեանց՝ մէջը ըլլալով Աստուծոյ դատաստաններուն կատարման։ Ժամանակը մօտ է որ Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս վերջնական դատաստան ի գործ դնեն Սատանայի աշխարհի դրութեան վրայ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան նշեց որ միայն իր Հայրը գիտէր ‘այն օրը եւ ժամը’։ Մեր օրերուն՝ երկրի վրայ բազմապատկուելիք դժուարութիւնները նախատեսելով, Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Այս ազգը [«սերունդը», Անթիլիաս] պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան»։ Ուստի, Աստուծոյ վճիռի գործադրութեան որոշուած ժամանակը պէտք է եղերականօրէն մօտ ըլլայ։ (Մարկոս 13։8, 30-32) Ինչպէս Ամբակումայ 2։3–ը կը նշէ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ Մեծ նեղութենէն փրկուիլը, Աստուծոյ մարգարէական Խօսքը պահելէն կախեալ է։—Մատթէոս 24։20-22

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 15]

Յայտնութիւն գիրքը հասկնալու համար պէտք ունինք

● Եհովայի հոգիին օգնութիւնը ստանալու

● Տէրունական օրուան սկիզբը գիտնալու

● Հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան ճանչնալու՝ հիմա