Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լուսափայլ քաղաքը

Լուսափայլ քաղաքը

Գլուխ 43

Լուսափայլ քաղաքը

Տեսիլք 16—Յայտնութիւն 21։9–22։5

Նիւթ. Նոր Երուսաղէմի նկարագրութիւնը

Կատարման ժամանակ. Մեծ նեղութենէն եւ Սատանան անդունդը ձգուելէն ետք

1, 2. (ա) Հրեշտակ մը ո՞ւր կը տանի Յովհաննէսը, որպէսզի Նոր Երուսաղէմը տեսնէ, եւ հոս ի՞նչ հակապատկեր մը կը նկատենք։ (բ) Ասով ինչո՞ւ Յայտնութիւնը իր հոյակապ յանգումին կը հասնի։

 ՀՐԵՇՏԱԿ մը Յովհաննէսը անապատ մը տարած էր, որպէսզի Մեծն Բաբելոնը ցոյց տար անոր։ Հրեշտակներու նոյն խումբէն ուրիշ մը հիմա Յովհաննէսը կը տանի դէպի բարձր լեռ մը։ Ի՜նչ հակապատկեր մը կը տեսնէ ան։ Ասիկա պիղծ, անբարոյ քաղաք մը չէ բաբելոնական պոռնիկին նման, այլ, մաքուր, հոգեւոր եւ սուրբ Նոր Երուսաղէմն է, որ երկինքէն կ’իջնէ։—Յայտնութիւն 17։1, 5

2 Երկրային Երուսաղէմն անգամ բնաւ չէ ունեցած այսպիսի փառք մը։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Եօթը վերջին հարուածներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը’։ Եւ հոգիով մեծ ու բարձր լերան մը վրայ տարաւ զիս եւ ցուցուց ինծի սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը, որ երկնքէն՝ Աստուծմէ կ’իջնէր, Աստուծոյ փառքը ունէր»։ (Յայտնութիւն 21։9-11ա) Այդ բարձր լերան դիտակէտէն Յովհաննէս գեղեցիկ քաղաքը մանրամասնօրէն կը զննէ։ Մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան մէջ իյնալէն ասդին, հաւատքի տէր մարդիկ բուռն ակնկալութեամբ անոր գալը սպասած են։ Ահա վերջապէս ան եկած է։ (Հռովմայեցիս 8։19. Ա. Կորնթացիս 15։22, 23. Եբրայեցիս 11։39, 40) Անիկա հոգեւոր շքեղ քաղաքն է, որ 144,000 հաւատարիմ եւ ուղղամիտ անհատներէ բաղկացած է, իր սրբութեան մէջ շողշողուն եւ ուղղակի Եհովայի փառքը արտացոլացնող։ Ահաւասիկ, ասով Յայտնութիւնը իր հոյակապ յանգումին կը հասնի։

3. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Նոր Երուսաղէմի գեղեցկութիւնը։

3 Նոր Երուսաղէմը ապշեցուցիչ գեղեցկութիւն մը ունի. «Անոր լուսաւորութիւնը խիստ պատուական քարի նման էր, ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս։ Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր։ Տասներկու դռներ ունէր ու դռներուն վրայ տասներկու հրեշտակներ կային եւ դռներուն վրայ անուններ գրուած էին՝ այսինքն Իսրայէլի որդիներուն տասներկու ցեղերուն անունները։ Արեւելեան կողմէն երեք դուռ ու հիւսիսային կողմէն երեք դուռ եւ հարաւային կողմէն երեք դուռ ու արեւմտեան կողմէն երեք դուռ։ Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր։ Անոնց վրայ Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն [տասներկու] անունները գրուած էին»։ (Յայտնութիւն 21։11բ-14) Ո՜րքան տեղին է որ Յովհաննէս նախ խօսի անոր շլացուցիչ փայլքին մասին։ Նոր հարսի մը նման լուսափայլ, Նոր Երուսաղէմը Քրիստոսի կինը ըլլալու յարմար է։ Այո, ան իրապէս կը փայլի, ինչպէս կը վայելէ «լոյսի Հօրմէն» ստեղծուածի մը։—Յակոբու 1։17

4. Ի՞նչ բան կը նշէ որ Նոր Երուսաղէմը մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը չէ։

4 Անոր 12 դռներուն վրայ, Իսրայէլի 12 ցեղերուն անունները գրուած են։ Հետեւաբար, այս այլաբանական քաղաքը 144,000 հոգիէ բաղկացած է, որոնք «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն» կնքուած են։ (Յայտնութիւն 7։4-8) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, հիմերուն վրայ Գառնուկին 12 առաքեալներուն անունները կան։ Այո, Նոր Երուսաղէմը Յակոբի 12 որդիներուն վրայ հիմնուած մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը չէ։ Անիկա հոգեւոր Իսրայէլն է, որ «առաքեալներուն ու մարգարէներուն» վրայ հիմնուած է։—Եփեսացիս 2։20

5. Նոր Երուսաղէմի «պարիսպը մեծ ու բարձր» ըլլալը եւ իւրաքանչիւր մուտքին հրեշտակ մը դրուած ըլլալը ի՞նչ կը մատնանշեն։

5 Այս խորհրդանշական քաղաքը հսկայական պարիսպ մը ունի։ Անցեալին, քաղաքին շուրջ պարիսպներ կը շինէին թշնամիներէն ապահով ըլլալու համար։ Նոր Երուսաղէմի «պարիսպը մեծ ու բարձր» ըլլալը ցոյց կու տայ որ ան հոգեւորապէս ապահով է։ Անոր մէջ արդարութեան թշնամի մը, պիղծ կամ անպարկեշտ մէկը բնաւ պիտի չկարենայ մտնել։ (Յայտնութիւն 21։27) Սակայն հոն մտնելու արտօնութիւն ունեցողներուն համար, այս գեղեցիկ քաղաքը մտնելը, Դրախտ մտնելու համահաւասար է։ (Յայտնութիւն 2։7) Ադամի վտարումէն ետք, առաջին Դրախտի մուտքին քերովբէներ դրուեցան, որպէսզի պիղծ անհատներ չկարենային ներս մտնել։ (Ծննդոց 3։24) Նոյն կերպով Երուսաղէմ սուրբ քաղաքին իւրաքանչիւր մուտքին հրեշտակներ դրուած են, քաղաքին հոգեւոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։ Արդարեւ, վերջին օրերու ամբողջ տեւողութեան, հրեշտակներ բաբելոնական ապականութենէ պաշտպանած են օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը, որ Նոր Երուսաղէմը կը կազմէ։—Մատթէոս 13։41

Քաղաքը կը Չափուի

6. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ քաղաքին չափուիլը, եւ այս չափուիլը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) ‘Մարդու ու հրեշտակի չափ’ գործածուիլը ի՞նչպէս կարելի է բացատրել։ (Տես ստորանիշը։)

6 Յովհաննէս կը շարունակէ պատմել. «Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։ Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։ Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը»։ (Յայտնութիւն 21։15-17) Երբ տաճարին սրբարանը չափուեցաւ, անիկա՝ անոր նկատմամբ Եհովայի նպատակին իրագործուիլը կ’երաշխաւորէր։ (Յայտնութիւն 11։1) Հիմա հրեշտակին կողմէ Նոր Երուսաղէմին չափուիլը ցոյց կու տայ թէ այս փառահեղ քաղաքին նկատմամբ Եհովայի նպատակները իրապէս անփոփոխելի են։ *

7. Քաղաքին չափերը ի՞նչ կերպով ուշագրաւ են։

7 Ասիկա ի՜նչ ուշագրաւ քաղաք մըն է։ Անթերի քառակուսի մը, որուն շրջագիծն է 12,000 ասպարէզ (շուրջ 2,220 քմ.), շրջապատուած 144 կանգուն (64 մեթր) բարձրութիւն ունեցող պարիսպով մը։ Բառացի ո՛չ մէկ քաղաք այսպիսի չափեր կրնայ ունենալ։ Անիկա արդի Իսրայէլի հողամասին 14 անգամը կրնայ ծածկել, եւ դէպի երկինք սլացող շուրջ 560 քմ. բարձրութիւն կ’ունենայ։ Յայտնութիւնը խորհրդանշաններով տրուած է։ Ուստի, այս չափերը մեզի ի՞նչ կը հասկցնեն երկնային Նոր Երուսաղէմի մասին։

8. Ի՞նչ կը նշէ (ա) քաղաքի պարիսպի բարձրութեան 144 կանգուն ըլլալը. (բ) քաղաքին չափը 12,000 ասպարէզ ըլլալը. (գ) քաղաքը անթերի քառակուսի ըլլալը։

8 Պարիսպին բարձրութիւնը 144 կանգուն ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ որ այդ քաղաքը Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած 144,000 հոգեւոր որդիներէն կը բաղկանայ։ Քաղաքին չափը՝ համահաւասար երկայնութիւնը, լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը, 12,000 ասպարէզ էր. այս չափին մէջ 12 թիւին յայտնուիլը Աստուածաշունչի մարգարէական պատկերներուն մէջ գործածուած է խորհրդանշելու համար կազմակերպչական կարգադրութիւններ։ Հետեւաբար, Նոր Երուսաղէմը հոյակապօրէն ծրագրուած կազմակերպչական կարգադրութիւն մըն է Աստուծոյ յաւիտենական նպատակը իրագործելու համար։ Նոր Երուսաղէմը, Յիսուս Քրիստոս Թագաւորին հետ, Եհովայի թագաւորական կազմակերպութիւնն է։ Կայ նաեւ քաղաքին ձեւը, որ անթերի քառակուսի մըն է։ Սողոմոնի տաճարին մէջ, Սրբութիւն Սրբութեանցը, որ Եհովայի ներկայութիւնը խորհրդանշող բան մը կը պարունակէր, անթերի քառակուսի մըն էր։ (Գ. Թագաւորաց 6։19, 20) Ուստի ո՜րքան տեղին է որ ուղղակի Եհովայի փառքով լուսաւորուած Նոր Երուսաղէմը, կատարեալ ու հսկայ քառակուսիի մը երեւոյթը ունենայ։ Անոր բոլոր չափերը կատարելապէս հաւասարակշռուած են։ Անիկա քաղաք մըն է որ անհարթութիւններ կամ թերութիւններ չունի։—Յայտնութիւն 21։22

Շինարարական Թանկարժէք Նիւթեր

9. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ քաղաքին շինարարութեան նիւթերը։

9 Յովհաննէս կը շարունակէ նկարագրել. «Անոր պարիսպին շինուածքը յասպիս քարէ էր ու քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման։ Քաղաքին պարիսպին հիմերը ամէն տեսակ պատուական քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ, հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ ամեթովս։ Եւ տասներկու դռները տասներկու մարգարիտ էին, ամէն մէկ դուռը մէյ մէկ ամբողջ մարգարիտ էր ու քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման»։—Յայտնութիւն 21։18-21

10. Քաղաքը յասպիսով, ոսկիով եւ «ամէն տեսակ պատուական քարեր»ով շինուած ըլլալը ի՞նչ կը նշէ։

10 Քաղաքին շինութիւնը իրապէս շքեղ է։ Կաւէ կամ քարէ հասարակ, երկրային շինարարական նիւթերու փոխարէն, կը կարդանք յասպիսի, մաքուր ոսկիի եւ «ամէն տեսակ պատուական քարեր»ու մասին։ Ասոնք ո՜րքան պատշաճօրէն կը նկարագրեն երկնային շինարարութեան նիւթեր։ Ասկէ աւելի վեհաշուք բան մը չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ։ Նախկին ուխտի տապանակը զուտ ոսկիով պատուած էր եւ Աստուածաշունչին մէջ ոսկին յաճախ լաւ եւ արժէքաւոր բաներ կը ներկայացնէ։ (Ելից 25։11. Առակաց 25։11. Եսայեայ 60։6, 17) Բայց Նոր Երուսաղէմը ամբողջութեամբ, նոյնիսկ անոր հրապարակը «զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման», որ գլխու պտոյտ պատճառող գեղեցկութիւն եւ իւրայատուկ արժէք մը ունէր։

11. Ի՞նչ երաշխիք ունինք որ Նոր Երուսաղէմը կազմողները հոգեւոր գերազանց մաքրութեամբ պիտի պսպղան։

11 Մարդ արարածներու մէջ չկայ ոեւէ հալիչ որ այսքան մաքուր ոսկի կարենայ արտադրել։ Բայց Եհովա Վարպետ Զտողն է։ Ան «արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս» կը նստի եւ հոգեւոր Իսրայէլի հաւատարիմ անդամները անհատապէս «ոսկիի պէս ու արծաթի պէս» կը զտէ, անոնց մէջէն բոլոր անմաքրութիւնները վերցնելով։ Իրապէս զտուած եւ մաքրուած անհատներն են միայն որ վերջապէս պիտի կազմեն Նոր Երուսաղէմը։ Հետեւաբար, Եհովա քաղաքը կը շինէ շինարարական կենդանի նիւթերով, որոնք հոգեւոր գերազանց մաքրութեամբ կը պսպղան։—Մաղաքեայ 3։3, 4

12. Ի՞նչ կը ներկայացնեն (ա) 12 պատուական գոհարներով զարդարուած քաղաքին հիմերը. (բ) քաղաքի դռները մարգարիտէ ըլլալը։

12 Քաղաքին հիմերն անգամ գեղեցիկ են, 12 պատուական գոհարներով զարդարուած։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ երբեմնի Հրեայ քահանայապետը, որ հանդիսաւոր օրերուն եփուտ մը կը հագնէր որու վրայ 12 տարբեր թանկագին քարեր գամուած էին, գրեթէ հոս նկարագրուածներուն նման։ (Ելից 28։15-21) Վստահաբար ասիկա զուգադիպութիւն մը չէ։ Հապա, Նոր Երուսաղէմի քահանայական պաշտօնը կը շեշտէ, որու «ճրագը» Յիսուս՝ մեծ Քահանայապետն է։ (Յայտնութիւն 20։6. 21։23. Եբրայեցիս 8։1) Նաեւ, Նոր Երուսաղէմի միջոցաւ է որ Յիսուսի քահանայապետական ծառայութեան օգուտները կը հասնին մարդկութեան։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Քաղաքին 12 դռները, որու իւրաքանչիւրը շատ գեղեցիկ մարգարիտ մըն է, մեզի կը յիշեցնեն Յիսուսի առակը, որու մէջ Թագաւորութիւնը պատուական մարգարիտի մը նմանցուց։ Հոգեւոր արժէքները իրապէս գնահատողներն են որ պիտի մտնեն այս դռներէն ներս։—Մատթէոս 13։45, 46. համեմատել՝ Յոբայ 28։12, 17, 18

Լուսոյ Քաղաք մը

13. Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ Նոր Երուսաղէմի մասին, եւ քաղաքը ինչո՞ւ բառացի տաճարի մը կարիքը չունի։

13 Սողոմոնի օրերուն, քաղաքին հիւսիսը, ամենաբարձր տեղին՝ Մօրիա Լերան բարձունքին վրայ շինուած տաճարը, կը տիրապետէր ամբողջ Երուսաղէմին։ Բայց ի՞նչ էր պարագան Նոր Երուսաղէմին։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։ Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է»։ (Յայտնութիւն 21։22, 23) Իրականութեան մէջ, հոս բառացի տաճար մը շինելու կարիքը չկայ։ Երբեմնի հրէական տաճարը պարզապէս նմոյշ մըն էր, իսկ անոր իրականութիւնը՝ հոգեւոր մեծ տաճարը առկայ է Հ.Դ. 29–էն ի վեր, երբ Եհովա որպէս Քահանայապետ օծեց Յիսուսը։ (Մատթէոս 3։16, 17. Եբրայեցիս 9։11, 12, 23, 24) Ուր որ տաճար կայ, քահանայական դաս մըն ալ պէտք է ըլլայ, որ ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի զոհեր մատուցանէ։ Բայց Նոր Երուսաղէմի բոլոր անդամները քահանաներ են։ (Յայտնութիւն 20։6) Իսկ Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքը՝ մեծագոյն զոհը, մի անգամ ընդմիշտ մատուցուած է։ (Եբրայեցիս 9։27, 28) Ասկէ զատ, այդ քաղաքի բոլոր բնակիչներուն համար Եհովա անձամբ մատչելի է։

14. (ա) Նոր Երուսաղէմը ինչո՞ւ արեւու ու լուսնի լոյսին կարիքը չունի։ (բ) Եսային ի՞նչ մարգարէացաւ Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան մասին, եւ Նոր Երուսաղէմը ի՞նչպէս պարփակուած է ասոր մէջ։

14 Երբ Սինա Լերան վրայ Եհովայի փառքը Մովսէսի առջեւէն անցաւ, անիկա պատճառ եղաւ որ Մովսէսի դէմքը ա՛յնքան փայլի, որ ան ստիպուեցաւ իր դէմքը ծածկել իր Իսրայելացի եղբայրներուն ներկայութեան։ (Ելից 34։4-7, 29, 30, 33) Ուստի, կրնա՞ք երեւակայել քաղաքի մը փայլքը, որ անջնջելիօրէն Եհովայի փառքով լուսաւորուած է։ Այսպիսի քաղաք մը գիշեր չի ճանչնար։ Անիկա բառացի արեւու կամ լուսնի պէտք չունի։ Անիկա յաւիտենապէս լոյս կ’արձակէ։ (Համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 6։16) Նոր Երուսաղէմը այսպիսի պսպղուն փայլքի մէջ կը լողայ։ Արդարեւ, այս հարսը եւ անոր Փեսայ Թագաւորը, Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան՝ իր ‘կնոջ’, «վերի Երուսաղէմ»ի մայրաքաղաքը կը կազմեն, որու մասին Եսայի մարգարէացաւ. «Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։ Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան»։—Եսայեայ 60։1, 19, 20ՆԱ. Գաղատացիս 4։26

Լոյս մը՝ Ազգերուն Համար

15. Նոր Երուսաղէմի մասին Յայտնութեան ո՞ր խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն Եսայիի մարգարէութիւնը։

15 Այս նոյն մարգարէութիւնը նաեւ նախագուշակեց. «Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը»։ (Եսայեայ 60։3) Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ որ այս խօսքերը Նոր Երուսաղէմին կը վերաբերէր. «Եւ [փրկուած] ազգերը անոր լոյսովը պիտի քալեն ու երկրին թագաւորները իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։ Անոր դռները ցորեկը պիտի չգոցուին. (վասն զի հոն գիշեր պիտի չըլլայ.) ազգերուն փառքն ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն»։—Յայտնութիւն 21։24-26

16. Նոր Երուսաղէմի լոյսով քալող «ազգեր»ը որո՞նք են։

16 Նոր Երուսաղէմի լոյսով քալող այս «ազգեր»ը որո՞նք են։ Նախապէս այս ամբարիշտ աշխարհի ազգերուն պատկանած անհատներ, որոնք այս երկնային փառաւոր քաղաքէն արձակուած լոյսին կ’ընդառաջեն։ Անոնց մէջէն առաջինները մեծ բազմութեան անդամներն են, որոնք «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» եկած են, եւ որոնք Յովհաննէս դասակարգի ընկերակցութեամբ ցերեկ ու գիշեր Աստուծոյ երկրպագութիւն կ’ընեն։ (Յայտնութիւն 7։9, 15) Նոր Երուսաղէմը երկինքէն իջնելէն եւ մեռելները յարուցանելու համար Յիսուս մահուան ու Հատէսին բանալիները գործածելէն ետք, անոնց պիտի միանան միլիոնաւոր ուրիշներ, որոնք նախապէս «ազգերուն» կը պատկանէին. անոնք պիտի սիրեն Եհովան եւ իր Որդին՝ Նոր Երուսաղէմի Գառնուկի նմանող Ամուսինը։—Յայտնութիւն 1։18

17. Նոր Երուսաղէմի մէջ ‘իրենց փառքը բերող’ «երկրին թագաւորները» որո՞նք են։

17 Ուստի, որո՞նք են «երկրին թագաւորները», որոնք «իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն»։ Անոնք երկրի վրայ տիրած բառացի թագաւորներուն ամբողջութիւնը չէ, քանի որ այդ թագաւորները Արմագեդոնին Աստուծոյ Թագաւորութեան դէմ կռուելով՝ պիտի կործանին։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։17, 18) Թագաւորները կրնա՞ն ազգերուն մէջէն բարձրաստիճան անհատներ ըլլալ, որոնք մեծ բազմութեան մէկ մասը եղած են, կամ՝ յարուցեալ թագաւորներ ըլլալ, որոնք նոր աշխարհին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան պիտի ենթարկուին։ (Մատթէոս 12։42) Դժուար է այսպէս խորհիլ, քանի որ այսպիսի թագաւորներու փառքը աշխարհային փառք մըն էր եւ արդէն շատոնց մոռացութեան մատնուած է։ Ուստի, իրենց փառքը Նոր Երուսաղէմի մէջ բերող «երկրին թագաւորները» պէտք է ըլլան 144,000–ը, որոնք «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» ‘ծախու առնուած’ են, Գառնուկ Յիսուս Քրիստոսի հետ որպէս թագաւորներ իշխելու համար։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 22։5) Անոնք իրենց աստուածատուր փառքը կը բերեն քաղաք, անոր փայլքը աւելցնելու համար։

18. (ա) Որո՞նք Նոր Երուսաղէմի մէջ ընդունուած չեն։ (բ) Միայն որո՞նք քաղաքը մտնելու արտօնութիւն պիտի ունենան։

18 Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Հոն բնաւ անմաքրութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը, հապա միայն անոնք՝ որ Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են»։ (Յայտնութիւն 21։27) Սատանայի իրերու դրութեան կողմէ արատաւորուած որեւէ բան չի կրնար Նոր Երուսաղէմի մաս կազմել։ Թէեւ անոր դռները միշտ բաց են, բայց թոյլ պիտի չտրուի որ «պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը» հոն մտնէ։ Այդ քաղաքին մէջ հաւատուրացներ կամ Մեծն Բաբելոնի անդամ մը պիտի չգտնուի։ Իսկ եթէ ոեւէ անհատ փորձէ քաղաքը սրբապղծել, երկրի վրայ եղած ժամանակ անոր ապագայ անդամները ապականելով՝ իր ջանքերը ի դերեւ պիտի ելլեն։ (Մատթէոս 13։41-43) Նոր Երուսաղէմի մէջ վերջապէս պիտի մտնեն միայն 144,000–ը, որոնց անունները «Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են»։ *Յայտնութիւն 13։8. Դանիէլ 12։3

Կեանքի Ջուրի Գետը

19. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ մարդկութեան վրայ օրհնութիւններ բերելու մէջ Նոր Երուսաղէմի խաղցած դերը։ (բ) «Կեանքի ջուրի գետ»ը ե՞րբ կը հոսի եւ ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։

19 Երկրի վրայ մարդկութեան վրայ տեղալիք հոյակապ օրհնութիւնները պիտի գան լուսափայլ Նոր Երուսաղէմի միջոցաւ։ Այժմ Յովհաննէս այս է որ կը տեսնէ. «Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ»էն։ (Յայտնութիւն 22։1, 2ա) Այս «գետ»ը ե՞րբ կը հոսի։ Քանի որ անիկա «Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն» կը հոսի, անիկա միայն տէրունական օրը սկսելէն ետք կրնայ ըլլալ, որ տեղի ունեցաւ 1914–ին։ Ատիկա եօթներորդ փողին հնչուելով յայտարարուած դէպքին եւ հետեւեալ հոյակապ ծանուցման ժամանակն էր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը»։ (Յայտնութիւն 11։15. 12։10) Վերջին ժամանակին ընթացքին, հոգին ու հարսը ուղղաբարոյ անհատները հրաւիրած են որ կենաց ջուրը ձրի առնեն։ Այս գետին ջուրը պիտի շարունակէ այսպիսիներուն մատչելի ըլլալ մինչեւ իրերու ներկայ դրութեան վախճանը, ապա՝ նոր աշխարհին մէջ, երբ Նոր Երուսաղէմը «երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէ»։—Յայտնութիւն 21։2

20. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ հիմա իսկ որոշ չափով կեանքի ջուրը մատչելի է։

20 Առաջին անգամը չէ որ կենաց ջուրը կը հրամցուի մարդոց։ Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն խօսեցաւ յաւիտենական կեանք տուող ջուրի մը մասին։ (Յովհաննու 4։10-14. 7։37, 38) Ասկէ զատ, Յովհաննէս հետեւեալ սիրալիր հրաւէրը լսելու վրայ է. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Այս հրաւէրը նոյնիսկ հիմա կը տրուի, ցոյց տալով որ արդէն որոշ չափով կենաց ջուրը մատչելի է։ Բայց նոր աշխարհին մէջ, այս ջուրերը իսկական գետի նման պիտի հոսին Աստուծոյ աթոռէն եւ Նոր Երուսաղէմի մէջէն։

21. «Կեանքի ջուրի գետ»ը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ այս գետին մասին Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչպէս ասիկա գիտնալու կ’օգնէ։

21 Այս «կեանքի ջուրի գետ»ը ի՞նչ է։ Բառացի ջուրը կեանքի համար կենսական տարր մըն է։ Առանց ուտելու մարդ մը կրնայ քանի մը շաբաթ ապրիլ, բայց առանց ջուրի ան շուրջ մէկ շաբթուան մէջ կը մեռնի։ Ջուրը նաեւ մաքրող տարր մըն է եւ առողջութեան համար՝ կենսական։ Ուստի, կեանքի ջուրը մարդոց կեանքին ու առողջութեան համար անհրաժեշտ եղող բան մը պէտք է ներկայացնէ։ Եզեկիէլ մարգարէին ալ տեսիլքով մը ցոյց տրուեցաւ այս «կեանքի ջուրի գետ»ը, եւ անոր տեսիլքին մէջ գետը կը հոսէր տաճարէն եւ կ’երթար մինչեւ Մեռեալ Ծով։ Յանկարծ մե՜ծ հրաշք մը տեղի կ’ունենայ. անկենդան, քիմիական տարրերով ծանրացած ջուրի այդ զանգուածը մաքուր ջուրի կը վերածուի, որու մէջ ձուկեր կը վխտան։ (Եզեկիէլ 47։1-12) Այո, տեսիլքին մէջի գետը նախապէս մեռած բանի մը կեանք կու տայ. ասիկա կը հաստատէ թէ կեանքի ջուրի գետը կը պատկերացնէ մարդկային ‘մեռած’ ցեղը, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ մարդկային կատարեալ կեանքի վերադարձնելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը։ Այս գետը «ակնվանիի պէս պայծառ» է, որ Աստուծոյ կարգադրութիւններուն մաքրութիւնն ու սրբութիւնը ցոյց կու տայ։ Անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի արիւնոտ, մահացու «ջուրերուն» չի նմանիր։—Յայտնութիւն 8։10, 11

22. (ա) Գետը ուրկէ՞ կը բխի, եւ ասիկա ինչո՞ւ յարմար է։ (բ) Կեանքի ջուրը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ այս այլաբանական գետը ի՞նչ ալ կը խորհրդանշէ։

22 Գետը կը բխէր «Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն»։ Ասիկա յարմար է, քանի որ Եհովայի կենսատու կարգադրութիւններուն հիմը կը կազմէ փրկանքի զոհը եւ ասիկա հայթայթուած էր, քանի որ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Կեանքի ջուրը Աստուծոյ Խօսքն ալ կը պարփակէ, որու մասին Աստուածաշունչին մէջ ակնարկուած է որպէս ջուր։ (Եփեսացիս 5։26) Սակայն, կեանքի ջուրի գետը ոչ միայն ճշմարտութիւնը կը խորհրդանշէ, այլ նաեւ՝ հնազանդ մարդիկը մեղքէն ու մահէն ազատելու եւ անոնց յաւիտենական կեանք շնորհելու համար, Յիսուսի զոհագործութեան վրայ հիմնուած Եհովայի միւս կարգադրութիւնները։—Յովհաննու 1։29. Ա. Յովհաննու 2։1, 2

23. (ա) Կեանքի ջուրի գետը Նոր Երուսաղէմի հրապարակին մէջտեղէն հոսիլը ինչո՞ւ յարմար է։ (բ) Երբ կեանքի ջուրը առատօրէն հոսի, Աբրահամի տուած Աստուծոյ ո՞ր խոստումը պիտի կատարուի։

23 Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, փրկանքին օգուտները լիովին կը կիրարկուին՝ Յիսուսի եւ իր 144,000 ենթաքահանաներուն քահանայութեան միջոցաւ։ Ուստի, տեղին է որ կեանքի ջուրի գետը հոսի Նոր Երուսաղէմի հրապարակին մէջտեղէն։ Անիկա բաղկացած է հոգեւոր Իսրայէլէ, որ Յիսուսի հետ Աբրահամի իրական սերունդը կը կազմէ։ (Գաղատացիս 3։16, 29) Հետեւաբար, երբ կեանքի ջուրը առատօրէն հոսի այլաբանական քաղաքին հրապարակին մէջէն, «երկրի բոլոր ազգերը» իրապէս առիթը պիտի ունենան իրենք զիրենք օրհնելու Աբրահամի սերունդին միջոցաւ։ Այս կերպով, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը ամբողջովին պիտի կատարուի։—Ծննդոց 22։17, 18

Կենաց Ծառեր

24. Կեանքի ջուրի գետին երկու ափերուն այժմ Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ, եւ անոնք ի՞նչ կը պատկերացնեն։

24 Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ գետը նոյնիսկ հեղեղանման յորձանք մը դարձաւ եւ մարգարէն տեսաւ որ անոր երկու ափերուն, ամէն տեսակ պտղատու ծառեր աճեցան։ (Եզեկիէլ 47։12) Բայց Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ Հետեւեալը. «Ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն [«ազգերուն», ՆԱ] բժշկութիւն կ’ըլլային»։ (Յայտնութիւն 22։2բ) Այս «կենաց ծառ»երն ալ պէտք է պատկերացնեն հնազանդ մարդկութեան յաւիտենական կեանք տալու համար Եհովայի կարգադրութեան մէկ մասը։

25. Համաշխարհային Դրախտին մէջ, Եհովա ի՞նչ առատաձեռն կարգադրութիւն մը կ’ընէ ընդառաջող մարդոց համար։

25 Եհովա ի՜նչ առատաձեռն հայթայթում մը կ’ընէ ընդառաջող մարդոց համար։ Անոնք ոչ միայն թարմացնող ջուրերէն կրնան խմել, այլ նաեւ կրնան յարատեւ քաղել այդ ծառերուն սննդարար ու այլազան պտուղները։ Ա՜խ, եթէ մեր առաջին ծնողները գոհանային Եդեմի Դրախտին նոյնանման «հաճելի» հայթայթումով. . . ։ (Ծննդոց 2։9) Բայց ահաւասիկ համաշխարհային Դրախտ մը, եւ Եհովա նոյնիսկ կարգադրութիւն կ’ընէ որ այդ այլաբանական ծառերուն տերեւները ‘ազգերուն բժշկութեան’ ծառայեն։ * Ներկայիս գործածուած բուսական կամ որեւէ այլ դեղէ գերակայ ըլլալով, այս այլաբանական տերեւներուն գործածութեան տուած հանգստութիւնը, հաւատացեալ մարդկութիւնը հոգեւոր ու մարմնաւոր կատարելութեան պիտի հասցնէ։

26. Կենաց ծառերը ի՞նչ կրնան պարփակել եւ ինչո՞ւ։

26 Այս ծառերը, լաւ ոռոգուած ըլլալով գետէն, կրնան Գառնուկին կնոջ 144,000 անդամները պարփակել։ Իրենց երկրային կեցութեան ընթացքին, անոնք ալ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կեանքի համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութենէն կը խմեն։ Հետաքրքրական է որ Յիսուսի այս հոգիէն–ծնած եղբայրները մարգարէաբար կոչուած են «Արդարութեան բեւեկնիներ»։ (Եսայեայ 61։1-3. Յայտնութիւն 21։6) Անոնք արդէն հոգեւոր առատ պտուղ տուած են, ի փառս Եհովայի։ (Մատթէոս 21։43) Իսկ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անոնք փրկանքի կարգադրութիւնները մատակարարելու պիտի մասնակցին, որոնք մեղքէն ու մահէն պիտի ‘բժշկեն ազգերը’։—Համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 1։7

Ա՛լ Գիշեր Պիտի Չըլլայ

27. Ըստ Յովհաննէսի, Նոր Երուսաղէմ մտնելու առանձնաշնորհում ունեցողները յաւելեալ ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն, եւ ինչո՞ւ ըսուած է որ «ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ»։

27 Նոր Երուսաղէմի մէջ մտնե՛լ. վստահաբար ասկէ աւելի հոյակապ առանձնաշնորհում մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Պահ մը խորհեցէք. ատենին հեզ, անկատար մարդիկ Յիսուսի պիտի հետեւին երկինքի մէջ, այսպիսի փառաւոր կարգադրութեան մը մէկ մասը կազմելու համար։ (Յովհաննու 14։2) Յովհաննէս մեզի որոշ գաղափար կու տայ անոնց վայելելիք օրհնութիւններուն մասին, ըսելով. «Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։ Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 22։3, 4) Երբ Իսրայէլի քահանայութիւնը ապականեցաւ, Եհովայի անէծքին հանդիպեցաւ։ (Մաղաքեայ 2։2) Յիսուս ըսաւ որ Երուսաղէմի անհաւատ «տունը» աւերակ պիտի մնար։ (Մատթէոս 23։37-39) Բայց Նոր Երուսաղէմի մէջ, «ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ»։ (Համեմատել՝ Զաքարեայ 14։11) Անոր բոլոր բնակիչները հոս երկրի վրայ կրակոտ փորձութիւններէ անցած են, եւ քանի որ յաղթած են, ‘անապականութիւն ու անմահութիւն պիտի հագնին’։ Եհովա վստահ է որ անոնք բնա՛ւ պիտի չիյնան, ինչպէս՝ Յիսուսէն վստահ էր։ (Ա. Կորնթացիս 15։53, 57) Ասկէ զատ, «Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը» հոն պիտի ըլլայ, քաղաքին դիրքը յաւիտեան ապահով դարձնելով։

28. Նոր Երուսաղէմի անդամներուն ճակատներուն վրայ ինչո՞ւ Աստուծոյ անունը գրուած է, եւ անոնց առջեւ ի՞նչ խայտալի հեռանկար մը կայ։

28 Յովհաննէսի նման, այդ երկնային քաղաքին բոլոր ապագայ անդամները Աստուծոյ «ծառաներ»ն են։ Որպէս ծառաներ, անոնց ճակատներուն վրայ, բացայայտօրէն գրուած է Աստուծոյ անունը, բնորոշելով զինք որպէս իրենց Սեփականատէրը։ (Յայտնութիւն 1։1. 3։12) Անոնք որպէս Նոր Երուսաղէմի մաս կազմողներ, Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելը իրենց համար անգին առանձնաշնորհում մը պիտի նկատեն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան այս ապագայ կառավարիչներուն ոգեւորիչ խոստում մը տուաւ, ըսելով. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած»։ (Մատթէոս 5։8) Այս ծառաները ո՜րքան ուրախ պիտի ըլլան Եհովան անձամբ տեսնելով ու զայն պաշտելով։

29. Յովհաննէս երկնային Նոր Երուսաղէմի համար ինչո՞ւ կ’ըսէ որ «հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ»։

29 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք»։ (Յայտնութիւն 22։5ա) Վաղեմի Երուսաղէմը, երկրի վրայ ուրիշ որեւէ քաղաքի նման, լոյսի համար ցերեկը արեւուն, իսկ գիշերը լուսնին կամ արուեստական լոյսերուն կ’ապաւինէր։ Բայց երկնային Նոր Երուսաղէմի մէջ, այսպիսի լուսաւորումի կարիքը պիտի չըլլայ։ Եհովան ի՛նք պիտի լուսաւորէ քաղաքը։ «Գիշեր» բառը կարելի է այլաբանական առումով ալ գործածել, հակառակութեան, կամ Եհովայէ հեռանալուն ակնարկելով։ (Միքիայ 3։6. Յովհաննու 9։4. Հռովմայեցիս 13։11, 12) Ամենակալ Աստուծոյ փառաւոր, լուսափայլ ներկայութեան այդպիսի գիշեր կարելի չէ գոյանալ։

30. Յովհաննէս ի՞նչպէս կ’եզրափակէ այս հոյակապ տեսիլքը, եւ Յայտնութիւնը ի՞նչ երաշխաւորութիւն կու տայ մեզի։

30 Յովհաննէս այս հոյակապ տեսիլքը կը փակէ, Աստուծոյ այս ծառաներուն մասին ըսելով. «Եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն»։ (Յայտնութիւն 22։5բ) Ճիշդ է որ Հազարամեայի վերջաւորութեան, փրկանքին օգուտները լիովին կիրարկուած պիտի ըլլան եւ Յիսուս մարդկային կատարեալ ցեղ մը պիտի ներկայացնէ իր Հօրը։ (Ա. Կորնթացիս 15։25-28) Հիմա չենք գիտեր թէ անկէ ետք Եհովա ի՛նչ վերապահած է Յիսուսի եւ 144,000–ին համար։ Բայց Յայտնութիւնը մեզի կը վստահեցնէ որ անոնք պիտի շարունակեն յաւիտեան սրբազան ու առանձնաշնորհեալ ծառայութիւն մատուցանել Եհովայի։

Յայտնութեան Ուրախ Յանգումը

31. (ա) Նոր Երուսաղէմի տեսիլքը ի՞նչ ուրախ յանգում մը կը նշէ։ (բ) Մարդկութեան միւս հաւատարիմ մարդոց համար Նոր Երուսաղէմը ի՞նչ կ’իրագործէ։

31 Նոր Երուսաղէմի, Գառնուկին հարսին մասին այս տեսիլքին կատարումը այն ուրախ յանգումն է, զոր կը մատնանշէ Յայտնութիւնը, շատ տեղին ըլլալով։ Յովհաննէսի առաջին դարու Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն բոլորը, որոնց առաջին հերթին ուղղուած էր այս գիրքը, անձկագին կը սպասէին այդ քաղաքը մտնել Յիսուս Քրիստոսի հետ, որպէս հոգեղէն անմահ իշխանակիցներ։ Օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը որ տակաւին երկրի վրայ ողջ է, նոյն յոյսը կը տածէ։ Ուստի, Յայտնութիւնը իր հոյակապ յանգումին կը հասնի, երբ հարսին բոլոր անդամները միանան Գառնուկին։ Անկէ ետք, Նոր Երուսաղէմի միջոցաւ, Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները պիտի կիրարկուին մարդոց, որպէսզի վերջապէս բոլոր հաւատարիմները յաւիտենական կեանքի մէջ մտնեն։ Այս կերպով, հարսը՝ Նոր Երուսաղէմը, որպէս իր Փեսայ Թագաւորին հաւատարիմ աջակիցը, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յաւիտեան արդար նոր երկրի կազմութեան, եւ ասիկա ի փառս մեր Գերիշխան Տէր Եհովայի։—Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 10։10, 16. Հռովմայեցիս 16։27

32, 33. Յայտնութենէն ի՞նչ սորվեցանք, եւ մեր անկեղծ ընդառաջումը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

32 Մինչ Յայտնութիւն գրքի ուսումնասիրութեան աւարտին կը մօտենանք, մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Տեսանք որ Սատանայի ու անոր սերունդին վերջին փորձերը բոլորովին ի դերեւ կ’ելլեն եւ Եհովայի արդար դատաստանները ամբողջովին կը կատարուին։ Մեծն Բաբելոնը յաւիտեան պէտք է չքանայ, որուն պիտի յաջորդեն Սատանայի աշխարհին անվերականգնելիօրէն ապականած միւս բոլոր տարրերը։ Սատանան եւ իր դեւերը անդունդը պիտի ձգուին, ապա՝ պիտի բնաջնջուին։ Նոր Երուսաղէմը Քրիստոսի հետ երկինքէն պիտի իշխէ, մինչ յարութիւնը եւ դատաստանը գործընթացի մէջ են, եւ կատարեալ վիճակի մէջ բերուած մարդկութիւնը վերջապէս յաւիտենական կեանքը պիտի վայելէ Դրախտ երկրի վրայ։ Յայտնութիւնը ո՜րքան վառ կերպով կը նկարագրէ այս բաները։ Ասիկա մեզ աւելի վճռական կը դարձնէ, որպէսզի այժմ երկրի վրայ բնակող ‘ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն քարոզենք յաւիտենական աւետիսը’։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Այս սքանչելի գործին ձեր կարելիութեան լաւագոյն չափով կը մասնակցի՞ք։

33 Երախտագիտութեամբ յորդած սրտերով, Յայտնութիւն գրքին վերջին խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 ‘Մարդու ու հրեշտակի չափ’ գործածուիլը կրնայ նշել այն իրողութեան որ քաղաքը կազմուած էր 144,000–է, որոնք նախապէս մարդ արարածներ էին, բայց ետքը հոգեւոր արարածներ եղան՝ հրեշտակներուն մէջ։

^ պարբ. 18 Նկատի առէք որ «Գառնուկին կեանքի գրքին» մէջ կան միայն հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներուն անունները։ Ուստի, անիկա տարբեր է «կեանքի գիրք»էն, որու մէջ երկրի վրայ կեանք ստացողներուն անունները գրուած են։—Յայտնութիւն 20։12

^ պարբ. 25 Նկատի առէք որ «ազգեր» արտայայտութիւնը յաճախ հոգեւոր Իսրայէլի չպատկանողներուն կ’ակնարկէ։ (Յայտնութիւն 7։9. 15։4. 20։3. 21։24, 26) Այս գործածութիւնը հոս չի թելադրեր որ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին մարդկութիւնը պիտի շարունակէ ազգային տարբեր խմբաւորումներու բաժնուած ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]