Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ

Կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ

Գլուխ 13

Կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ

ԼԱՒՈԴԻԿԷ

1, 2. Փառաւորեալ Յիսուսէն պատգամ ստացած եօթը ժողովքներէն վերջինը ո՞ւր կը գտնուի եւ այդ քաղաքին կարգ մը յատկանիշները ի՞նչ են։

 ԼԱՒՈԴԻԿԷՆ յարուցեալ Յիսուսէն պատգամ ստացող եօթը ժողովքներէն վերջինն է։ Իսկ ի՜նչ աչք–բացող ու ոգեւորիչ տեղեկութիւն հաղորդող պատգամ կը ստանայ։

2 Ներկայիս, Լաւոդիկէի աւերակները կրնաք գտնել Ալաշէհիրէն շուրջ 90 քմ. հարաւ–արեւելքը գտնուող Տէնիզլիին մօտերը։ Առաջին դարուն, Լաւոդիկէն բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ Մեծ խաչմերուկի մը վրայ տեղաւորուած ըլլալով, անիկա դրամատնային եւ վաճառականական կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Անոր հարստութեան կը նպաստէր համբաւ շահած աչքի դեղի վաճառքը. անիկա հռչակաւոր էր նաեւ տեղական լաւ սեւ բուրդէ արտադրուած որակաւոր հագուստներով։ Քաղաքին գլխաւոր խնդիրը՝ ջուրի պակասը՝ լուծուած էր, հեռաւոր վայրէ մը խողովակներով տաք աղբիւրներու ջուրեր հասցնելով դէպի քաղաք։ Այդ իսկ պատճառաւ, ջուրը մինչեւ քաղաք հասնէր՝ գաղջ կ’ըլլար։

3. Յիսուս ի՞նչպէս կը բանայ Լաւոդիկէի ժողովքին իր ղրկած պատգամը։

3 Լաւոդիկէն Կողոսայի մօտ կը գտնուէր։ Կողոսացիներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ կը յիշէ որ Լաւոդիկեցիներուն ալ նամակ մը յղած էր։ (Կողոսացիս 4։15, 16) Չենք գիտեր թէ Պօղոս ի՛նչ գրած էր այդ նամակին մէջ, բայց Լաւոդիկեցիներուն ղրկած Յիսուսի այս պատգամը ցոյց կու տայ որ անոնք հոգեւորապէս ողորմելի վիճակի մէջ ինկած էին։ Ըստ սովորութեան, Յիսուս նախ կը յիշէ իր հանգամանքը, ըսելով. «Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը’»։—Յայտնութիւն 3։14

4. Յիսուս ի՞նչ կերպով «Ամէն»ն է։

4 Յիսուս ինչո՞ւ ինքզինք «Ամէնը» կը կոչէ։ Այս տիտղոսը դատական կշիռ կու տայ իր պատգամին։ «Ամէն»ը Եբրայերէն բառի մը տառադարձութիւնն է, որ կը նշանակէ «անշուշտ», «այդպէս թող ըլլայ» եւ անիկա աղօթքի վերջաւորութեան կը գործածուի, անոր մէջ յիշուած զգացումները հաստատելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 14։16) Յիսուս «Ամէն»ն է, քանի որ իր անթերի ուղղամտութիւնը եւ զոհաբերական մահը հաստատեց, կամ երաշխաւորեց, Եհովայի բոլոր թանկագին խոստումներուն իրագործումը։ (Բ. Կորնթացիս 1։20) Այդ ժամանակէն սկսեալ, Եհովայի մատուցուած բոլոր աղօթքները պատշաճօրէն Յիսուսի միջոցաւ կ’ուղղուին։—Յովհաննու 15։16. 16։23, 24

5. Ի՞նչ կերպով Յիսուս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։

5 Յիսուս նաեւ «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։ Մարգարէութեան մէջ ան միշտ հաւատարմութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան առնչուած է, քանի որ ան լիովին վստահելի է որպէս Եհովայի ծառան։ (Սաղմոս 45։4. Եսայեայ 11։4, 5. Յայտնութիւն 1։5. 19։11) Ան Եհովայի մեծագոյն Վկան է։ Արդարեւ, որպէս «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը», Յիսուս սկիզբէն իսկ Աստուծոյ փառքը յայտարարած է։ (Առակաց 8։22-30) Երբ որպէս մարդ երկրի վրայ էր, ան ճշմարտութեան համար վկայեց։ (Յովհաննու 18։36, 37. Ա. Տիմոթէոս 6։13) Իր յարութենէն ետք, ան իր աշակերտներուն սուրբ հոգին խոստացաւ ու անոնց ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Յիսուս այս օծեալ Քրիստոնեաները առաջնորդեց, որպէսզի «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզ»են բարի լուրը։ (Գործք 1։6-8. Կողոսացիս 1։23) Իրապէս, Յիսուս հաւատարիմ ու ճշմարիտ վկայ կոչուելու արժանի է։ Լաւոդիկէի օծեալ Քրիստոնեաները իր խօսքերուն ականջ տալով պիտի օգտուէին։

6. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Լաւոդիկէի ժողովքին հոգեւոր վիճակը։ (բ) Յիսուսի ո՞ր գեղեցիկ օրինակին չէին հետեւած Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները։

6 Յիսուս ի՞նչ պատգամ ունի Լաւոդիկեցիներուն։ Գովասանքի խօսքեր չունի անոնց համար։ Ան անկեղծօրէն անոնց կ’ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ»։ (Յայտնութիւն 3։15, 16) Եթէ Տէր Յիսուս Քրիստոս այսպիսի պատգամ մը տար ձեզի, ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Զգաստանալով, դուք ձեզ պիտի չքննէի՞ք։ Վստահաբար, այդ Լաւոդիկեցիները պէտք էր ցնցուէին, քանի որ հոգեւորապէս թմրած էին, երեւութապէս ամէն բան շատ թեթեւի առնելով։ (Համեմատել՝ Բ. Կորնթացիս 6։1) Յիսուս, զոր պէտք էր ընդօրինակէին որպէս Քրիստոնեաներ, Եհովայի եւ Իր ծառայութեան հանդէպ միշտ կրակոտ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ։ (Յովհաննու 2։17) Իսկ խոնարհ անհատներ միշտ զինք ազնիւ ու հեզ գտած են, հեղձուցիչ տաք օրով մը՝ թարմացնող գաւաթ մը պաղ ջուրի նման։ (Մատթէոս 11։28, 29) Սակայն Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները ո՛չ տաք են ու ոչ պաղ։ Իրենց քաղաքը հասնող ջուրին նման, անոնք եղկ, գաղջ դարձած են։ Անոնք Յիսուսի կողմէ ամբողջովին մերժուելու՝ ‘բերնէն դուրս փսխուելու’ վրայ են։ Թող որ մենք միշտ ջանանք նախանձախնդիր ըլլալ Յիսուսի նման, որպէսզի ուրիշներուն համար հոգեւոր թարմացումի աղբիւր մը ըլլանք։—Մատթէոս 9։35-38

«Կ’ըսես. ‘Ես Հարուստ Եմ’»

7. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս երեւան կը հանէ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաներուն խնդրին բուն արմատը։ (բ) Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները «կոյր ու մերկ» են։

7 Լաւոդիկեցիներուն խնդրին բուն արմատը ի՞նչ է։ Յիսուսի յաջորդ խօսքերը լաւ գաղափար մը կու տան մեզի. «Քանզի կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ»։ (Յայտնութիւն 3։17. համեմատել՝ Ղուկաս 12։16-21) Հարուստ քաղաքի մը մէջ ապրելով, անոնք իրենց հարստութեամբ իրենք զիրենք ապահով կը զգային։ Հաւանաբար, մարզաւանները, թատրոնները եւ մարզասրահները ազդած էին իրենց ապրելակերպին, այնպէս որ անոնք «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» եղած էին։ * (Բ. Տիմոթէոս 3։4) Բայց նիւթական գետնի վրայ հարուստ եղող Լաւոդիկեցիները, հոգեւոր գետնի վրայ աղքատ էին։ Անոնք ‘երկինքը դիզուած գանձեր’ շատ քիչ ունէին կամ բնաւ չունէին։ (Մատթէոս 6։19-21) Անոնք պարզ աչք մը չէին պահած, իրենց կեանքին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով։ Անոնք իրապէս խաւարի մէջ էին, կոյր, առանց հոգեւոր տեսողութեան։ (Մատթէոս 6։22, 23, 33) Ասկէ զատ, հակառակ իրենց նիւթական հարստութեամբ թերեւս ունեցած գեղեցիկ հագուստներուն, Յիսուսի աչքին անոնք մերկ էին։ Որպէս Քրիստոնեաներ զիրենք բնորոշող հոգեւոր հագուստներ չունէին։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 16։15

8. (ա) Ի՞նչ կերպով Լաւոդիկէի նոյն վիճակը գոյութիւն ունի այսօր։ (բ) Կարգ մը Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս իրենք զիրենք խաբած են այս ընչաքաղց աշխարհին մէջ։

8 Ի՜նչ ցնցիչ վիճակ։ Մեր օրերուն ալ նոյնանման կացութիւններ չե՞նք տեսներ։ Ի՞նչ է բուն պատճառը։ Նիւթական ստացուածքներու եւ մարդկային միջոցներու վրայ ապաւինելէն բղխած ինքնավստահ կեցուածքն է։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցի յաճախողներուն նման, Եհովայի ծառաներէն ոմանք իրենք զիրենք խաբած են, խորհելով որ երբեմն ժողովներու յաճախելով Աստուած կրնան հաճեցնել։ Անոնք ձեւականօրէն ‘խօսքը կատարողներ’ ըլլալով կը փորձեն բաւականանալ։ (Յակոբու 1։22) Յովհաննէս դասակարգի կրկնակի ազդարարութիւնները լսելով հանդերձ, անոնք իրենց սիրտը կը դնեն հագուստի նորաձեւութեան, ինքնաշարժներու ու տուներու, զբօսանքի եւ հաճոյքներու վրայ կեդրոնացած կեանքի մը վրայ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Այս բոլորը անհատին հոգեւոր տեսողութիւնը կ’աղօտեն։ (Եբրայեցիս 5։11, 12) Փոխանակ անտարբեր ու գաղջ ըլլալու, անոնք պէտք է վերարծարծեն ‘հոգիին կրակը’ եւ ‘խօսքը քարոզելու’ համար թարմացուցիչ ջանադրութիւն ցոյց տան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։19ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 4։2, 5

9. (ա) Յիսուսի ո՞ր խօսքերը պէտք է ցնցեն գաղջ Քրիստոնեաները եւ ինչո՞ւ։ (բ) Մոլորած «ոչխար»ները ի՞նչպէս կրնան օգնութիւն գտնել ժողովքէն։

9 Յիսուս ի՞նչպէս կը դիտէ գաղջ Քրիստոնեաները։ Անոր անկեղծ խօսքերը պէտք է ցնցեն զիրենք. «Չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ»։ Անոնց խղճմտանքը այն աստիճան բթացած է, որ անոնք նոյնիսկ չեն անդրադառնար իրենց ողորմելի վիճակին։ (Համեմատել՝ Առակաց 16։2. 21։2) Կարելի չէ ժողովքին այս լուրջ կացութեան վրայէն թեթեւօրէն անցնիլ։ Երէցները, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ նշանակուած ուրիշներ, նախանձախնդրութեան ու սիրալիր հովուութեան մէջ օրինակ հանդիսանալով, կրնան մոլորած այս «ոչխար»ները զգաստացնել եւ զանոնք վերադարձնել սրտանց ծառայութիւն մատուցանելէն առթած իրենց նախկին ուրախութեան։—Ղուկաս 15։3-7

Խրատներ ‘Հարստանալու’ Մասին

10. Ի՞նչ է այն «ոսկի»ն զոր Յիսուս կը յանձնարարէ որ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները իրմէ ծախու առնեն։

10 Լաւոդիկէի տխուր կացութեան համար լուծում մը գոյութիւն ունի՞։ Այո, եթէ այդ Քրիստոնեաները Յիսուսի խրատին հետեւին. «Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինծմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս»։ (Յայտնութիւն 3։18ա) Կրակով զտուած եւ բոլոր կեղտերէն մաքրուած քրիստոնէական իրական «ոսկի»ն, զիրենք ‘Աստուծոյ աչքին հարուստ’ պիտի դարձնէ։ (Ղուկաս 12։21, Անթիլիաս) Ուրկէ՞ կրնան գնել այսպիսի ոսկի։ Ո՛չ թէ տեղւոյն դրամատէրներէն, այլ՝ Յիսուսէն։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց այդ ոսկիին ի՛նչ ըլլալը, երբ Տիմոթէոսի ըսաւ որ հարուստ Քրիստոնեաներուն պատուէր տայ որ «բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել»։ Միայն այսպէս աշխատելով է որ պիտի կարենային ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգել’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Նիւթապէս հարուստ Լաւոդիկեցիները եթէ հետեւէին Պօղոսի խրատին, հոգեւորապէս պիտի հարստանային։—Տես նաեւ՝ Առակաց 3։13-18

11. «Կրակի մէջ փորձուած ոսկի» ծախու առնողներու ի՞նչ արդի օրինակներ ունինք։

11 «Կրակի մէջ փորձուած ոսկի» ծախու առնողներու արդի օրինակներ կա՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Երբ տէրունական օրը կը մօտենար, Աստուածաշունչի աշակերտներու պզտիկ խումբ մը անդրադարձաւ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի բաբելոնական շատ մը ուսուցումները կեղծ էին, ինչպէս Երրորդութիւնը, հոգիի անմահութիւնը, դժոխքի տանջանքը, մանուկներու մկրտութիւնը եւ պատկերներու (խաչն ու Մարիամն ալ ներառեալ) պաշտամունքը։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ջատագովելով, այս Քրիստոնեաները ծանուցանեցին Եհովայի Թագաւորութիւնը որպէս մարդկութեան միակ յոյսը եւ Յիսուսի փրկանքի զոհը, որպէս փրկութեան հիմը։ Գրեթէ 40 տարի առաջ, անոնք 1914–ը մատնանշեցին, որպէս Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ նշուած տարի մը, երբ ազգերուն ժամանակները վերջ պիտի գտնէին եւ սոսկալի դէպքեր տեղի պիտի ունենային երկրի վրայ։—Յայտնութիւն 1։10

12. Ո՞վ էր զարթնող Քրիստոնեաներուն գլուխը անցնողներէն մէկը, եւ ան երկինքը գանձեր դիզելու մէջ ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

12 Այս զարթնող Քրիստոնեաներուն գլուխը անցած էր Չարլզ Թէյզ Ռասըլ, որ 1870–ական թուականներուն սկիզբը, Էլլըկէնիի մէջ (հիմա Փիթցպըրկի մաս կը կազմէ), Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասարան մը կազմեց։ Երբ ան ճշմարտութեան համար իր փնտռտուքը սկսաւ, Ռասըլ իր հօրը հետ բաժնետէր էր եւ միլիոնատէր ըլլալու ճամբուն վրայ էր։ Բայց ան խանութներու–շարքի իր շահաբաժինները ծախեց եւ իր հարստութիւնը տրամադրեց համայն երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հրատարակելու ծախսերուն։ 1884–ին, Ռասըլ առաջին նախագահը եղաւ այն ընկերութեան որ ներկայիս ճանչցուած է որպէս Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւն։ 1916–ին, Նիւ Եորք վերադարձին, ան գնացքին մէջ մահացաւ Փամբայի մօտ, Թէքսաս, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը քարոզչութեան համար իր կատարած վերջին շրջապտոյտէն սպառած։ Ան երկինքը գանձ դիզելու մէջ հոյակապ օրինակ մը հադիսացաւ, որու օրինակին կը հետեւին ներկայիս հարիւր հազարաւոր անձնազոհ ռահվիրաներ։—Եբրայեցիս 13։7. Ղուկաս 12։33, 34. համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 9։16. 11։1

Աչքի Հոգեւոր Դեղը Դնել

13. (ա) Աչքի հոգեւոր դեղը ի՞նչպէս պիտի բարելաւէր Լաւոդիկեցիներու վիճակը։ (բ) Յիսուս ի՞նչ տեսակ հանդերձ կը յանձնարարէ եւ ինչո՞ւ։

13 Յիսուս նաեւ հետեւեալ խիստ խրատը կու տայ Լաւոդիկեցիներուն. «Ծախու առ, . . . ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես»։ (Յայտնութիւն 3։18բ) Անոնք իրենց հոգեւոր կուրութեան համար բուժում մը պէտք էր փնտռէին, աչքի դեղ գնելով, ոչ թէ այդ շրջանի բուժիչներէն, այլ այն դեղը զոր միայն Յիսուս կրնար տալ։ Ասիկա պիտի օգնէր որ անոնք հոգեւոր խորատեսութիւն ունենային եւ ‘արդարներուն ճամբուն մէջ’ քալէին, իրենց ճառագայթող աչքերը Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ կեդրոնացնելով։ (Առակաց 4։18, 25-27) Այս կերպով, անոնք ոչ թէ տեղացի Լաւոդիկեցիներու կողմէ շինուած սեւ բուրդէ սուղնոց հանդերձներ պիտի հագնէին, այլ գեղեցիկ «ճերմակ հանդերձներ», որոնք որպէս Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ իրենց առանձնաշնորհեալ ինքնութիւնը պիտի յայտնէին։—Համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10. Ա. Պետրոս 3։3-5

14. (ա) 1879–էն ի վեր աչքի ի՞նչ հոգեւոր դեղ մատչելի եղած է։ (բ) Եհովայի Վկաները նիւթական գլխաւոր օգնութիւնը ուրկէ՞ կը ստանան։ (գ) Նուիրատուութիւններու գործածութեան մէջ, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս ուրիշներէն տարբեր են։

14 Աչքի այս հոգեւոր դեղը ներկայիս ալ կարելի՞ է ձեռք ձգել։ Վստա՛հաբար։ 1879–ին, Հովիւ Ռասըլ՝ ինչպէս մարդիկ խանդաղատանքով կը կոչէին զինք, ճշմարտութիւնը պաշտպանելու համար սկսաւ հրատարակել պարբերաթերթ մը, որ ներկայիս համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած է որպէս Դիտարանը կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Երկրորդ համարին մէջ ան ծանուցանեց. «Կը հաւատանք որ ԵՀՈՎԱ թիկունք կը կանգնի [այս պարբերաթերթին] եւ այնքան ատեն որ այս է պարագան, անիկա բնա՛ւ պիտի չմուրայ, ո՛չ ալ մարդոցմէ օգնութիւն պիտի խնդրէ։ Երբ ‘լեռներուն բոլոր ոսկին ու արծաթը իմս է’ Ըսողը հարկ եղած դրամը չհայթայթէ, այն ատեն պիտի հասկնանք որ ժամանակն է որ անոր հրատարակութիւնը առկախենք»։ Հեռատեսիլի աւետարանիչներէն ոմանք հսկայ հարստութիւն դիզած ու անամօթ (երբեմն ալ անբարոյ) պերճանքի մէջ ապրած են։ (Յայտնութիւն 18։3) Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչի Աշակերտները, որ ներկայիս ճանչցուած են որպէս Եհովայի Վկաներ, առանց պահանջելու ստացուած բոլոր նուիրատուութիւնները գործածած են, Եհովայի մօտալուտ Թագաւորութեան մասին համաշխարհային քարոզչութիւն կազմակերպելու ու յառաջ տանելու համար։ Մինչեւ օրս Յովհաննէս դասակարգը Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի հրատարակութիւնը կ’առաջնորդէ, որոնք 2006–ին, միասնաբար աւելի քան 59 միլիոն շրջաբերութիւն ունէին։ Դիտարան–ը մատչելի է աւելի քան 160 լեզուներով։ Անիկա աւելի քան վեց միլիոն Քրիստոնեաներու ժողովքին պաշտօնական պարբերաթերթն է, որոնք աչքի այս հոգեւոր դեղը գործածած են, որպէսզի իրենց աչքերը բացուելով տեսնեն սուտ կրօնքը եւ բոլոր ազգերուն բարի լուրը քարոզելու չափազանց անհրաժեշտութիւնը։—Մարկոս 13։10

Յանդիմանութենէն եւ Խրատէն Օգտուինք

15. Յիսուս ինչո՞ւ զօրաւոր խրատներ կու տայ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաներուն, եւ ժողովքը ի՞նչպէս պէտք է հակազդէ անոնց։

15 Վերադառնանք Լաւոդիկեցիներուն։ Անոնք ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէին Յիսուսի խիստ խրատներուն։ Անոնք պէ՞տք էր յուսահատէին եւ զգային որ այլեւս Յիսուս զիրենք չ’ընդունիր որպէս իր հետեւորդները։ Ո՜չ, պարագան բնաւ այդ չէր։ Պատգամը կը շարունակէ ըսել. «Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛»։ (Յայտնութիւն 3։19) Ինչպէս Եհովայի խրատը, Յիսուսի խրատն ալ սիրոյ նշան մըն է։ (Եբրայեցիս 12։4-7) Լաւոդիկէի ժողովքը պէտք էր օգտուէր իր սիրալիր հետաքրքրութենէն եւ կիրարկէր իր խրատը։ Անոնք պէտք էր զղջային, գիտակցելով որ գաղջ ըլլալը մեղանչելու համահաւասար էր։ (Եբրայեցիս 3։12, 13. Յակոբու 4։17) Թող անոնց երէցները իրենց ետին ձգեն նիւթապաշտական միջոցները եւ Աստուծմէ ստացած իրենց պարգեւը ‘արծարծեն’։ Աչքի հոգեւոր դեղը իր օգուտը ընելով, թող որ ժողովքին բոլոր անդամները թարմանան, աղբիւրի պաղ ջուրէն զովացուցիչ ումպի մը նման։—Բ. Տիմոթէոս 1։6. Առակաց 3։5-8. Ղուկաս 21։34

16. (ա) Ներկայիս Յիսուսի սէրը եւ խանդաղատանքը ի՞նչպէս կը յայտնուի։ (բ) Եթէ զօրաւոր խրատներ ստանանք, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

16 Ներկայիս, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Յիսուս կը շարունակէ ‘սիրել իրենները, որոնք աշխարհի մէջ են’։ Ան պիտի շարունակէ ասիկա ընել «մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Յովհաննու 13։1. Մատթէոս 28։20) Իր սէրը եւ խանդաղատանքը յայտնի կ’ըլլայ արդի Յովհաննէս դասակարգին եւ աստղերուն՝ քրիստոնէական ժողովքի երէցներուն՝ միջոցաւ։ (Յայտնութիւն 1։20) Այս շատ դժուար ժամանակներուն, երէցները անկեղծօրէն հոգ կը տանին, որպէսզի բոլորս, տարեց թէ երիտասարդ, աստուածպետական հօտին ցանկապատէն ներս մնանք, մեզի օգնելով որ աշխարհի անկախութեան, ընչաքաղցութեան եւ պիղծ անբարոյութեան ընդդիմանանք։ Եթէ պատահի որ զօրաւոր խրատներ կամ յանդիմանութիւն ստանանք, յիշենք որ «խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են»։ (Առակաց 6։23) Բոլորս ալ անկատար ենք եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ պէտք է սրտանց զղջանք, որպէսզի սրբագրուինք եւ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնանք։—Բ. Կորնթացիս 13։11

17. Հարստութիւնը ի՞նչպէս կրնայ հոգեւոր գետնի վրայ վտանգաւոր ըլլալ մեզի համար։

17 Պէտք չէ թոյլ տանք որ նիւթապաշտութիւնը, հարստութիւնը կամ անոր պակասը մեզ գաղջ վիճակի հասցնեն։ Հարստութիւնը կրնայ ծառայութեան նոր կարելիութիւններու դուռ բանալ, բայց միեւնոյն ատեն կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ (Մատթէոս 19։24) Բարեկեցիկ անհատ մը թերեւս խորհի որ ինք ուրիշներուն չափ նախանձախնդիր ըլլալու պէտք չունի քարոզչութեան մէջ, պայմանաւ որ երբեմն մեծ նուիրատուութիւններ ընէ։ Կամ կրնայ խորհիլ որ հարուստ ըլլալուն պատճառաւ իրեն տարբեր աչքով պէտք է նայուի։ Ասկէ զատ, շատ զբօսանքներ ու ժամանցներ հարուստներուն մատչելի են, զորս ուրիշներ չեն կրնար ունենալ։ Բայց այս բոլոր ժամանցները ժամանակ կը սպառեն եւ կրնան անուշադիրները քրիստոնէական ծառայութենէն հեռացնել, անխոհեմները գաղջ վիճակի մէջ բերելով։ Թող որ բոլորս ալ այսպիսի որոգայթներէ զգուշանանք եւ շարունակենք սրտանց ‘տքնիլ’, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։—Ա. Տիմոթէոս 4։8-10, Անթիլիաս. 6։9-12

‘Ընթրիք Ընել’

18. Յիսուս ի՞նչ առիթ տուաւ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաներուն։

18 Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ»։ (Յայտնութիւն 3։20) Եթէ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները բարի գալուստ մաղթէին Յիսուսի իրենց ժողովքին մէջ, ան պիտի օգնէր որ իրենց գաղջութենէն ձերբազատուէին։—Մատթէոս 18։20

19. Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կը խոստանայ Լաւոդիկէի ժողովքին հետ ընթրել։

19 Յիսուսի յիշած ընթրիքը հաւանաբար Լաւոդիկեցիներուն միտքը բերաւ այն ժամանակները, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կը ճաշէր։ (Յովհաննու 12։1-8) Այսպիսի առիթներ, միշտ ներկաներուն հոգեւոր օրհնութիւններ բերած էին։ Նաեւ ուշագրաւ են այն առիթները, երբ Յիսուս իր յարութենէն ետք իր աշակերտներուն հետ ճաշած էր, ու այդ առիթները մեծապէս զօրացուցած էին զիրենք։ (Ղուկաս 24։28-32. Յովհաննու 21։9-19) Ուստի, Լաւոդիկեցիներուն ժողովքը գալով անոնց հետ ընթրիք ընելը խոստում մըն է որ անոնց պիտի բերէր հոգեւոր ճոխ օգուտներ, եթէ միայն զինք ընդունէին։

20. (ա) Տէրունական օրուան սկիզբը, Քրիստոնեայ Աշխարհի գաղջութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Յիսուսի դատաստանը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ։

20 Լաւոդիկեցիներուն տուած Յիսուսի սիրալիր յորդորները ներկայիս մեծ կարեւորութիւն ունին օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին։ Անոնցմէ ոմանք կը յիշեն որ երբ տէրունական օրը սկսաւ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնաւորները սոսկալի կերպով գաղջ էին։ Փոխանակ 1914–ին մեր Տէրոջ վերադարձը ողջունելու, անոր կղերները Առաջին Աշխարհամարտի սպանդին խառնուեցան, որու մասնակցող 28 ազգերուն 24–ը կը դաւանէին Քրիստոնեայ ըլլալ։ Անոնց արիւնապարտութիւնը ո՜րքան մեծ է։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, որ դարձեալ մեծաւ մասամբ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ տեղի ունեցաւ, սուտ կրօնքներուն մեղքերը դարձեալ «մինչեւ երկինք հասան»։ (Յայտնութիւն 18։5) Ասկէ զատ, կղերները կռնակ դարձուցած էին Եհովայի մօտալուտ Թագաւորութեան, նեցուկ կանգնելով Ազգերու Դաշնակցութեան, Միացեալ Ազգերու եւ ազգայնական ու յեղափոխական շարժումներու, որոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ լուծել մարդկութեան խնդիրները։ Յիսուս շատո՜նց մերժած է կղերական դասը, զանոնք դատապարտելով ու իրմէ հեռու նետելով, ճիշդ ձկնորսի մը նման որ իր ուռկանին մէջ բռնուած անշահ ձուկերը կը նետէ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն ներկայ ողորմելի վիճակը վկայութիւն մըն է որ ան դատապարտուած է։ Թող որ անոր վերջնական ճակատագիրը մեզի որպէս ազդարարութիւն ծառայէ։—Մատթէոս 13։47-50

21. 1919–էն ետք, ճշմարիտ ժողովքին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջած են Լաւոդիկէի Քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն։

21 Նոյնիսկ ճշմարիտ ժողովքին մէջ, գաղջ անհատներ եղած են, որոնք ո՛չ հաճելիօրէն տաք, ո՛չ ալ թարմացնող պաղ խմիչքի կը նմանին։ Բայց Յիսուս տակաւին ջերմօրէն կը սիրէ իր ժողովքը։ Ան ինքզինք մատչելի կ’ընէ այն Քրիստոնեաներուն, որոնք հիւրասիրութեամբ կ’ընդառաջեն, եւ շատեր սիրով ընդունած են զինք, որպէս թէ ընթրիքի մը։ Առ ի հետեւանք, 1919–էն ի վեր անոնց աչքերը բացուած են Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն իմաստին նկատմամբ։ Անոնք մեծ լուսաւորութեան շրջան մը վայելած են։—Սաղմոս 97։11. Բ. Պետրոս 1։19

22. Յիսուս ապագայ ի՞նչ ընթրիք ի մտի ունենալու էր եւ որո՞նք անոր մէջ բաժին պիտի ունենան։

22 Լաւոդիկեցիներուն ուղղած իր խօսքերով, Յիսուս թերեւս ուրիշ ընթրիք մըն ալ ունէր իր միտքը։ Հետագային Յայտնութիւն գրքին մէջ կը կարդանք. «Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են»։ Ասիկա սուտ կրօնքի վրայ իր դատաստանը գործադրելէն ետք, Եհովան փառաբանող շքեղ յաղթանակի կոչունք մըն է. երկնային կոչունք մը, որուն կը մասնակցին Քրիստոս եւ իր հարսը՝ 144,000–ը ամբողջութեամբ։ (Յայտնութիւն 19։1-9) Այդ վաղեմի Լաւոդիկէի ժողովքին ընդառաջող անդամները, ինչպէս նաեւ ներկայիս Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ եղբայրները, որոնք մաքուր հանդերձներով որպէս օծեալ Քրիստոնեաներ իրենք զիրենք կը բնորոշեն, բոլորն ալ իրենց Փեսային հետ կոչունք պիտի ընեն այդ ընթրիքին։ (Մատթէոս 22։2-13) Նախանձախնդիր ըլլալու եւ զղջալու ի՜նչ զօրաւոր դրդապատճառ մը։

Յաղթողներուն Տրուած Աթոռը

23, 24. (ա) Յիսուս յաւելեալ ի՞նչ վարձատրութեան մասին կը խօսի։ (բ) Յիսուս ե՞րբ իր Մեսիական աթոռին վրայ նստաւ եւ Քրիստոնէութիւն դաւանողները ե՞րբ սկսաւ դատել։ (գ) Երբ իր մահուան Յիշատակատօնը կը հաստատէր, Յիսուս ի՞նչ հոյակապ խոստում մը տուաւ իր աշակերտներուն։

23 Յիսուս յաւելեալ վարձատրութեան մասին ալ կը խօսի, ըսելով. «Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ»։ (Յայտնութիւն 3։21) Սաղմոս 110։1, 2–ի Դաւիթի խօսքերուն որպէս կատարում, ուղղամիտ Յիսուս աշխարհի յաղթած ըլլալով, յարուցանուեցաւ Հ.Դ. 33–ին եւ Հօրը հետ Իր երկնային աթոռին վրայ նստելու մեծարանքը ստացաւ։ (Գործք 2։32, 33) Ուրիշ վճռական տարուան մը մէջ՝ 1914–ին, Յիսուս եկաւ իր Մեսիական աթոռին վրայ նստելու համար որպէս Թագաւոր եւ Դատաւոր։ Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն համար դատաստանը բացայայտօրէն սկսաւ 1918–ին։ Այդ ժամանակէն առաջ մեռած օծեալ յաղթողները այն ատեն պիտի յարուցանուէին եւ Յիսուսի միանային իր թագաւորութեան մէջ։ (Ա. Պետրոս 4։17) Երբ իր մահուան Յիշատակատօնը կը հաստատէր, իր աշակերտներուն հետեւեալ խոստումը տուած էր. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։—Ղուկաս 22։28-30

24 Ի՜նչ հոյակապ նշանակում մը. «վերստին ծննդեան մէջ» թագադրուած Թագաւորին հետ նստիլ եւ անոր կատարեալ զոհագործութեան հիման վրայ, հնազանդ մարդկութիւնը Եդեմական կատարելութեան հասցնելու մէջ մասնակցութիւն բերել։ (Մատթէոս 19։28. 20։28) Ինչպէս Յովհաննէս կը տեղեկացնէ, Յիսուս յաղթողները «թագաւորներ ու քահանաներ [կ’ընէ] Աստուծոյ ու իր Հօրը քով», որպէսզի Եհովայի երկնային փառաշուք գահին շուրջ աթոռներու վրայ նստին։ (Յայտնութիւն 1։6. 4։4) Ի՛նչ որ ըլլայ մեր կոչումը, ըլլանք օծեալներէն թէ Դրախտը վերահաստատելու յոյսը բաժնող նոր երկրի ընկերութենէն, թող որ բոլորս ալ սրտանց ուշադրութիւն ընծայենք Լաւոդիկեցիներու ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն։—Բ. Պետրոս 3։13. Գործք 3։19-21

25. (ա) Նախկին պատգամներուն նման, Յիսուս Լաւոդիկէի յղած իր պատգամը ի՞նչպէս վերջացուց։ (բ) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ այժմ ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջէ Լաւոդիկէի ժողովքին ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն։

25 Նախկին պատգամներուն նման, Յիսուս ասիկա ալ հետեւեալ յորդորով կը վերջացնէ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։ (Յայտնութիւն 3։22) Վերջին ժամանակին մէջ շա՜տ յառաջացած ենք։ Մեր շուրջը յստակօրէն կը տեսնենք որ Քրիստոնեայ Աշխարհը իր սիրոյն մէջ պաղած է։ Անոր հակառակը, որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ թող որ ջերմեռանդօրէն ընդառաջենք Լաւոդիկէի ժողովքին, այո, եօթը ժողովքներուն, Յիսուսի յղած պատգամներուն։ Ասիկա կրնանք ընել, ժրաջան մասնակցութիւն բերելով մեր օրերուն համար Յիսուսի տուած մեծ մարգարէութեան մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։12-14

26. Յիսուս ե՞րբ է որ դարձեալ ուղղակի Յովհաննէսի հետ կը խօսի, բայց ան ի՞նչ բանի կը մասնակցի։

26 Եօթը ժողովքներուն տուած Յիսուսի խրատները կ’աւարտին։ Ան անգամ մը եւս Յովհաննէսին հետ կը խօսի միայն վերջին գլուխին մէջ. բայց ան շատ մը տեսիլքներուն մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ, զոր օրինակ, Եհովայի դատաստանները գործադրելու մէջ։ Հիմա Յովհաննէս դասակարգին միանանք, Տէր Յիսուս Քրիստոսի յայտնած ուշագրաւ երկրորդ տեսիլքը քննելու համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Լաւոդիկէի շրջանին մէջ այս վայրերը պեղումներով երեւան ելած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 73]

Նիւթապաշտութիւնը՝ ընդդէմ իմաստութեան

1956–ին, լրագրող մը գրեց. «Կ’ենթադրուի թէ, դար մը առաջ սովորական մարդ մը 72 պահանջներ ունէր, որոնցմէ 16–ն անհրաժեշտութիւններ նկատուած էին։ Ներկայիս, կ’ենթադրուի թէ սովորական մարդ մը ունի 474 պահանջներ, որոնցմէ 94–ն անհրաժեշտութիւններ նկատուած են։ Դար մը առաջ, վաճառողները սովորական մարդու մը յորդոր կու տային որ 200 իրեր գնէ, իսկ ներկայիս 32,000 իրեր գնելու դրդումին ընդդիմանալ կը պահանջուի։ Մարդուն անհրաժեշտութիւնները քիչ են, իսկ պահանջները՝ անվերջ»։ Ներկայիս, մարդիկ ամէն կողմէ ռմբակոծուած են այն գաղափարով թէ նիւթական հարստութիւնը եւ ստացուածքները կարեւորագոյն բաներն են կեանքի մէջ։ Ուստի, շատեր կ’անտեսեն Ժողովողի 7։12–ի իմաստուն խրատը որ կ’ըսէ. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։

[Նկար՝ էջ 67]

Լաւոդիկէ հասած ջուրը անհաճելիօրէն գաղջ կ’ըլլար։ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները անգոհացուցիչ գաղջ հոգի մը ունէին