Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր անունը կենաց գրքին մէ՞ջ է

Ձեր անունը կենաց գրքին մէ՞ջ է

Գլուխ 11

Ձեր անունը կենաց գրքին մէ՞ջ է

ՍԱՐԴԻԿԷ

1. Սարդիկէի ժողովքին հոգեւոր վիճակը ի՞նչ է եւ Յիսուս իր պատգամը ի՞նչպէս կը սկսի։

 ԱՐԴԻ Ագհիսար (Թիւատիր) քաղաքէն 48 քմ. հարաւը կը գտնուի, փառաւորեալ Յիսուսէն պատգամ ստացող յաջորդ ժողովքը՝ Սարդիկէն։ Մեր հասարակ դարաշրջանէն առաջ Զ. դարուն, այս քաղաքը Լիդիայի վաղեմի թագաւորութեան հպարտ մայրաքաղաքը եւ մեծահարուստ Կրեսոս թագաւորին թագաւորանիստ քաղաքն էր։ Յովհաննէսի օրերուն անիկա իր փառքը կորսնցուցած էր, եւ Կրեսոսի իշխանութեան ներքեւ իր ունեցած փառքը պատմութեան մէջ անցած էր։ Հոն գտնուող ժողովքն ալ հոգեւորապէս աղքատացած էր։ Առաջին անգամ ըլլալով, Յիսուս գովասանքով չի սկսիր։ Ընդհակառակը, ան կ’ըսէ. «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. «Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես»’»։—Յայտնութիւն 3։1

2. (ա) Սարդիկէի Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի որ Յիսուս «եօթը Հոգիները» ունի։ (բ) Սարդիկէի ժողովքը ի՞նչ համբաւ ունէր, բայց իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տային։

2 Ինչո՞ւ Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «եօթը Հոգիները» ունեցողը։ Քանի որ այս հոգիները կը ներկայացնեն Եհովայի սուրբ հոգին, որ լիութեամբ կը հոսի։ Հետագային, Յովհաննէս զանոնք կը նկարագրէ որպէս «եօթը աչք»եր, ցոյց տալով սուրբ հոգիին կողմէ Յիսուսի տրուած տեսողութեան սրութիւնը։ (Յայտնութիւն 5։6) Հետեւաբար, ան կրնայ քօղազերծել եւ ձեռք առնել գոյութիւն ունեցող որեւէ կացութիւն։ (Մատթէոս 10։26. Ա. Կորնթացիս 4։5) Սարդիկէի ժողովքը ողջ, գործունեայ ըլլալու համբաւը ունէր։ Բայց Յիսուս կրնար տեսնել որ անիկա հոգեւորապէս մեռած էր։ Բացայայտօրէն, անոր անդամներէն շատերը Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ իրենց ունեցած անտարբեր վիճակին վերադարձած էին։—Համեմատել՝ Եփեսացիս 2։1-3. Եբրայեցիս 5։11-14

3. (ա) «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակ»ը ինչո՞ւ մասնաւորաբար նկատի պէտք էր առնէր որ Յիսուս «եօթը աստղերը» ունէր։ (բ) Յիսուս ի՞նչ զօրաւոր խրատ մը տուաւ Սարդիկէի ժողովքին։

3 Յիսուս «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին» կը յիշեցնէ թէ ինք ունի «եօթը աստղերը»։ Ժողովքի այդ երէցները իր աջ ձեռքին մէջ ունի, անոնց հովուական գործը առաջնորդելու հեղինակութիւն ունենալով։ Անոնք ‘իրենց ոչխարներուն վիճակը աղէ՛կ գիտնալու’ համար սրտանց պէտք էր աշխատէին։ (Առակաց 27։23) Հետեւաբար, անոնք պէտք ունէին ուշադրութեամբ մտիկ ընելու Յիսուսի յաջորդ խօսքերը. «Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։ Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ»։—Յայտնութիւն 3։2, 3

4. Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս պիտի օգնէին Սարդիկէի ժողովքին, որպէսզի ‘հաստատէր մնացած բաները’։

4 Սարդիկէի երէցները պէտք էր յիշէին իրենց ունեցած սկիզբի ուրախութիւնը, երբ ճշմարտութիւնը սորվեցան եւ օրհնութիւններ ստացան։ Բայց հիմա հոգեւոր գործունէութեան մէջ մեռած էին։ Անոնց ժողովքին լոյսը կը մարմրէր, հաւատքի գործերու պակասին պատճառով։ Տարիներ առաջ, Պետրոս առաքեալ Ասիոյ ժողովքներուն (հաւանաբար մէջը ըլլալով Սարդիկէի) նամակ գրած էր, որպէսզի գնահատութիւն կերտէին այն փառաւոր բարի լուրին հանդէպ, զոր Քրիստոնեաները ընդունած էին եւ որ ծանուցուած էր ‘երկնքէն ղրկուած սուրբ հոգիով’՝ որ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ եօթը հոգիներով պատկերացուած էր։ Պետրոս այդ Ասիացի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց նաեւ որ իրենք ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մըն էին, որպէսզի հռչակէին անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչած էր’։ (Ա. Պետրոս 1։12, 25. 2։9) Այսպիսի հոգեւոր ճշմարտութիւններու մասին մտածելը, պիտի օգնէր Սարդիկէի ժողովքին որ զղջար եւ ‘մնացած բաները հաստատէր’։—Համեմատել՝ Բ. Պետրոս 3։9

5. (ա) Սարդիկէի Քրիստոնեաներուն գնահատութեան ի՞նչ պատահած էր։ (բ) Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ Սարդիկէի Քրիստոնեաները չընդառաջէին Յիսուսի խրատին։

5 Այժմ, ճշմարտութեան հանդէպ իրենց գնահատութիւնն ու սէրը գրեթէ հանգած կրակի մը պէս էր։ Միայն քանի մը կայծեր մնացած էին։ Յիսուս անոնց քաջալերութիւն կու տայ որ կրակը հովեն ու վերարծարծեն, իրենց անտարբերութեան պատճառաւ իրենց գործած մեղքերէն զղջան, եւ անգամ մը եւս հոգեւորապէս կենդանի ժողովք մը դառնան։ (Համեմատել՝ Բ. Տիմոթէոս 1։6, 7) Ապա թէ ոչ, երբ Յիսուս դատաստան գործադրելու համար անակնկալօրէն «գողի պէս» գար, Սարդիկէի ժողովքը անպատրաստ պիտի գտնէր։—Մատթէոս 24։43, 44

«Գողի Պէս» կու Գայ

6. Յիսուս ի՞նչպէս «գողի պէս» եկաւ 1918–ին եւ դաւանեալ Քրիստոնեաներուն մէջ ի՞նչ վիճակ գտաւ։

6 Յիսուսի «գողի պէս» գալու ազդարարութիւնը մեր օրերուն ալ վաւերական է։ Անիկա մասնաւոր կիրարկում մը ունէր տէրունական օրուան ընթացքին ողջ եղող Քրիստոնեաներուն համար։ 1914–էն անմիջապէս ետք, Մաղաքիայի մարգարէութիւնը կատարում մը ունեցաւ. «Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը [«եւ ուխտին հրեշտակը», Արարատ], որու կը հաւնիք, յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։ Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Մաղաքեայ 3։1. Յայտնութիւն 1։10) Որպէս «ուխտին հրեշտակը», Յիսուս եկաւ որպէսզի քննէ ու դատէ իր հետեւորդները ըլլալ դաւանողները։ (Ա. Պետրոս 4։17) Այդ ժամանակ, 1918–ին, Քրիստոնեայ Աշխարհը Համաշխարհային Ա. Պատերազմի արիւնահեղութեան միջամուխ եղած էր եւ հոգեւոր գետնի վրայ ամբողջովին մեռած էր։ Պատերազմէն առաջ եռանդունօրէն քարոզող ճշմարիտ Քրիստոնեաներն անգամ, հոգեւոր թմրութեան շրջանէ մը անցան։ Անոնց կարկառուն երէցներէն ոմանք բանտարկուեցան եւ քարոզչութիւնը գրեթէ դադրեցաւ։ Անոր յաջորդող տարին, երբ Եհովայի հոգին արթնցուց այս Քրիստոնեաները, բոլորը պատրաստ չէին։ Ոմանք, Յիսուսի առակին յիմար կոյսերուն նման, Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումին համար հոգեւորապէս զինուած չէին։ Բարեբախտաբար կային շատեր, որոնք իմաստուն կոյսերուն նման, Յիսուսի ազդարարութեան ականջ տուած էին. «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։—Մատթէոս 25։1-13

7. Այսօր Քրիստոնեաները ինչո՞ւ արթուն ըլլալու կարիքը ունին։

7 Քրիստոնեաներուն արթուն մնալու անհրաժեշտութիւնը տէրունական օրուան սկիզբին համար չէր միայն։ ‘Այդ բաները կատարուելու ատեն եղած նշանին’ մասին իր տուած մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս զօրաւոր ազդարարութիւն մը տուաւ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, . . . Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մարկոս 13։4, 32, 33, 37) Այո, մինչեւ օրս, ամէն մէկս՝ ըլլանք օծեալներէն թէ մեծ բազմութենէն՝ պէտք է արթուն կենանք եւ հոգեւոր քունի մէջ մտնելէ խուսափինք։ Երբ Եհովայի օրը «գիշերուան գողի պէս» գայ, թող որ մեզ լրիւ արթուն գտնէ, որպէսզի նպաստաւոր վճիռ մը ստանանք։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3. Ղուկաս 21։34-36. Յայտնութիւն 7։9

8. Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս դրդած է Աստուծոյ ծառաները որ հոգեւորապէս ողջ մնան։

8 Ներկայիս, Յովհաննէս դասակարգը արթուն է Աստուծոյ ծառաները հոգեւորապէս ողջ մնալու համար զանոնք դրդելու մէջ։ Այս նպատակաւ, համայն երկրի մէջ, տարին մի քանի անգամ մասնաւոր հաւաքոյթներ կը կազմակերպուին։ Վերջին տարիներէն մէկուն ընթացքին 2,981 նահանգային համաժողովներու ընդհանուր ներկաներուն թիւը եղաւ 9,932,798 եւ 122,701 նոր հաւատացեալներ մկրտուեցան։ Աւելի քան 120 տարիէ ի վեր, Յովհաննէս դասակարգը կը գործածէ Դիտարան պարբերաթերթը, Եհովայի անունը եւ նպատակը ծանուցանելու համար։ Համաշխարհային երկու պատերազմներու ընթացքին դառն հալածանքներու տոկալու համար, Դիտարան–ը Եհովայի Վկաներուն եռանդը վերանորոգեց, հրատարակելով կարգ մը յօդուածներ, ինչպէս՝ «Անվախները Օրհնեալ Են» (1919), «Գործի Լծուելու Հրաւէր մը» (1925), եւ «Հալածանքին Պարտութիւնը» (1942)։

9. (ա) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ինքզինքին ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղէ։ (բ) Դիտարան–ը ի՞նչ քաջալերութիւն տուած է։

9 Ինչպէս Սարդիկէի պարագային, այսօր ալ ժողովքներուն մէջ, կենսական է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ինքնաքննութիւն մը կատարէ։ Մենք մեզի պէտք է հարց տանք. Աստուծոյ առջեւ ‘գործերս կատարեա՞լ են’։ Առանց ուրիշները դատելու, անձնապէս անձնազոհութեան հոգին կը մշակե՞մ եւ կը ջանա՞մ բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցանել Աստուծոյ։ Ասոր կապակցաբար, Դիտարան պարբերաթերթը մեզ քաջալերած է, հետեւեալին նման խորագրերով՝ «Քննեցէք ձեր անձերը» եւ «Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր»։ * Հոգեւոր այսպիսի նպաստներ ունենալով, մեր ամենաներքին անձնաւորութիւնը քննենք, մինչ կը ջանանք Եհովայի առջեւ խոնարհութեամբ, բարեպաշտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ քալել։—Սաղմոս 26։1-3. 139։23, 24

«Քանի մը Անձեր»

10. Յիսուս ի՞նչ քաջալերական երեւոյթ մը տեսաւ Սարդիկէի ժողովքին մէջ եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։

10 Սարդիկէի ժողովքին ուղղուած Յիսուսի յաջորդ խօսքերը շատ քաջալերական են։ Ան կ’ըսէ. «Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։ Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ»։ (Յայտնութիւն 3։4, 5) Այս խօսքերը մեզ չե՞ն ոգեւորեր ու հաւատարիմ ըլլալու մեր վճռականութիւնը չե՞ն զօրացներ։ Երէցներու մարմինին անփութութեան պատճառաւ, ամբողջ ժողովք մը կրնայ հոգեւոր խոր քունի մէջ մտնել։ Սակայն, անոր մէջ կարգ մը անհատներ կրնան իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը անբիծ ու անարատ պահել եւ շարունակել Եհովայի առջեւ մաքուր անուն մը ունենալ։—Առակաց 22։1

11, 12. (ա) Նոյնիսկ մեծ հաւատուրացութեան ընթացքին, ոմանք ի՞նչպէս Սարդիկէի հաւատարիմ «քանի մը անձեր»ուն նման եղած ըլլալու են։ (բ) Տէրունական օրուան ընթացքին ցորենանման Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ամոքուեցան։

11 Այո, այդ «հանդերձները», Քրիստոնեայ անհատի մը արդարութիւնը կ’ապացուցանեն։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 16։15. 19։8) Յիսուսի համար սրտապնդիչ ըլլալու էր տեսնել որ հակառակ մեծամասնութեան անփութութեան, Սարդիկէի մէջ «քանի մը անձեր», քանի մը օծեալ Քրիստոնեաներ, տակաւին կրցած էին իրենց ինքնութիւնը պահպանել։ Նմանապէս, երբ դաւանեալ Քրիստոնեաները Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ մէջ ձուլուեցան, մեծ հաւատուրացութեան երկար դարերու ընթացքին միշտ գտնուեցան քանի մը անհատներ, որոնք հսկայական հակառակութեանց դիմաց ջանացին Եհովայի կամքը կատարել։ Ասոնք արդար անհատներ էին, աղանդական առատ որոմներու մէջ պահուած ցորեններու նման։—Յայտնութիւն 17։3-6. Մատթէոս 13։24-29

12 Յիսուս խոստացած էր որ ինք այս ցորենանման Քրիստոնեաներուն հետ պիտի ըլլար «ամէն օր . . . մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Ան գիտէ թէ որոնք են անոնք եւ թէ ի՛նչ լաւ անուն մը շահած են։ (Մատթէոս 28։20. Ժողովողի 7։1) Երեւակայեցէք այդ «քանի մը» հաւատարիմ անհատներուն ուրախութիւնը, որոնք տակաւին կ’ապրէին երբ տէրունական օրը սկսաւ։ Անոնք վերջապէս բաժնուեցան հոգեւորապէս մեռած Քրիստոնեայ Աշխարհէն եւ Զմիւռնիայի ժողովքին նման արդար ժողովքի մը մէջ հաւաքուեցան։—Մատթէոս 13։40-43

13. ‘Իրենց հանդերձները չաղտոտած’ օծեալ Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ օրհնութիւններ վերապահուած են։

13 Սարդիկէի մէջ անոնք որոնք մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացին եւ իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը չաղտոտեցին, հոյակապ յոյսի մը իրականացումը տեսան։ 1914–ին Յիսուսի Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուելէ ետք, անոնք հոգեւոր կեանքի յարուցուեցան եւ որպէս յաղթողներ, իրենց անթերի, անարատ արդարութիւնը խորհրդանշող ճերմակ հանդերձներով պտըտեցան։ Կեանքի տանող նեղ ճամբէն քալած ըլլալով, անոնք յաւիտենական վարձատրութիւն պիտի վայելեն։—Մատթէոս 7։14. տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 6։9-11

Յաւիտեան Կենաց Գրքին Մէջ

14. Ի՞նչ է «կենաց գիրքը» եւ անոր մէջ որո՞նց անունները գրուած են։

14 Ի՞նչ է ‘կենաց գիրքը’ եւ անոր մէջ որո՞նց անունները պիտի մնան։ Կենաց գիրքը կամ գալարը, յաւիտենական կեանքի շնորհը ստանալու արժանի գտնուող Եհովայի ծառաներուն արձանագրութիւնն է։ (Մաղաքեայ 3։16) Հոս, Յայտնութեան մէջ մասնաւորաբար ակնարկուած է օծեալ Քրիստոնեաներու անուններուն։ Բայց անոր մէջ գրուած է նաեւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի արժանի եղողներուն անունները։ Սակայն, այդ գրքէն անունները կրնան ‘սրբուիլ’։ (Ելից 32։32, 33) Սակայն, Յովհաննէս դասակարգէն անոնց որոնց անունները մինչեւ իրենց մահը կը մնան կենաց գրքին մէջ, երկնքի մէջ անմահ կեանք պիտի ստանան։ (Յայտնութիւն 2։10) Ասոնք այն անուններն են, զորս Յիսուս մասնաւորաբար կը դաւանի իր Հօրը եւ Անոր հրեշտակներուն առջեւ։ Ի՜նչ փառաւոր վարձատրութիւն մը։

15. Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս պիտի կարենան իրենց անունները անջնջելիօրէն պահել կենաց գրքին մէջ։

15 Մեծ բազմութեան անդամները, որոնց անուններն ալ կենաց գրքին մէջ գրուած են, մեծ նեղութենէն ողջ պիտի անցնին։ Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան եւ անոր յաջորդող վճռական փորձի ընթացքին իրենց հաւատքը ապացուցանելով, անոնք ալ Դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքով պիտի վարձատրուին։ (Դանիէլ 12։1. Յայտնութիւն 7։9, 14. 20։15. 21։4) Այդ ատեն անոնց անունները անջնջելիօրէն պիտի մնան կենաց գրքին մէջ։ Գիտնալով թէ սուրբ հոգիին միջոցաւ ինչ մատուցուած է հոս, Յիսուսի կրկնակի յորդորին խանդավառութեամբ չէ՞ք ընդառաջեր. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։—Յայտնութիւն 3։6

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 2005 եւ 1 Ապրիլ 2005։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 57]

Թող որ ձեր անունները մնան կենաց գրքին մէջ