Մեծն Բաբելոնի մահապատիժին գործադրութիւնը
Գլուխ 35
Մեծն Բաբելոնի մահապատիժին գործադրութիւնը
1. Հրեշտակը ի՞նչպէս կը նկարագրէ կարմիր գազանը, եւ Յայտնութեան խորհրդանիշները հասկնալու համար ի՞նչպիսի իմաստութեան կարիքը ունինք։
ՅԱՒԵԼԵԱԼ նկարագրութիւն տալով Յայտնութիւն 17։3–ի կարմիր գազանին մասին, հրեշտակը կ’ըսէ Յովհաննէսի. «Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։ Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ»։ (Յայտնութիւն 17։9, 10) Հոս հրեշտակը վերին իմաստութիւնը կը հաղորդէ, միակ իմաստութիւնը որ կրնայ Յայտնութիւն գրքի խորհրդանիշները հասկնալի դարձնել։ (Յակոբու 3։17) Այս իմաստութիւնը կը լուսաբանէ Յովհաննէս դասակարգը եւ անոր ընկերակիցները, որ մեր ապրած ժամանակներուն լրջութիւնը ըմբռնեն։ Անիկա անձնուէր սրտերուն մէջ գնահատութիւն կը կերտէ Եհովայի դատաստաններուն հանդէպ, որոնք գործադրուելու վրայ են, եւ Եհովայի հանդէպ առողջ վախ կը դրոշմէ։ Ինչպէս Առակաց 9։10–ը կը նշէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է»։ Աստուածային իմաստութիւնը մեզի ի՞նչ կը յայտնէ գազանին մասին։
2. Կարմիր գազանին եօթը գլուխներուն իմաստը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս «հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ»։
2 Այս կատաղի գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն եօթը «լեռներ», կամ եօթը «թագաւորներ»։ Սուրբ Գրքին մէջ երկու արտայայտութիւններն ալ գործածուած են կառավարական հեղինակութիւններու ակնարկելու համար։ (Երեմեայ 51։24, 25. Դանիէլ 2։34, 35, 44, 45) Աստուածաշունչը կը յիշէ վեց աշխարհակալ ուժեր, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին գործերուն խառնուած են. անոնք են՝ Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը, Յունաստանը եւ Հռովմը։ Յովհաննէս Յայտնութիւնը ստացած ժամանակ, անոնցմէ հինգը եկած ու գացած էին, մինչդեռ Հռովմը տակաւին աշխարհակալ ոյժ մըն էր։ Ասիկա լաւ կերպով կը համապատասխանէ՝ «հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ» խօսքին։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այդ «միւս»ին մասին որ պիտի գար։
3. (ա) Հռովմէական Կայսրութիւնը ի՞նչպէս բաժնուեցաւ։ (բ) Արեւմուտքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղան։ (գ) Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատուի։
3 Հռովմէական Կայսրութիւնը Յովհաննէսէն ետք տակաւին հարիւրաւոր տարիներ գոյատեւեց եւ տարածուեցաւ։ Հ.Դ. 330–ին, Կոստանդին Կայսրը իր մայրաքաղաքը Հռովմէն փոխադրեց Բիւզանդիա, զայն վերանուանելով Կոստանդնուպոլիս։ Հ.Դ. 395–ին, Հռովմէական Կայսրութիւնը Արեւելեան ու Արեւմտեան մասերու բաժնուեցաւ։ Հ.Դ. 410–ին, Հռովմը Վիզիկոթներու (Գերմանացի ցեղախումբ մը, որ Արիական թեքում ունեցող «Քրիստոնէութիւն» որդեգրած էր) Ալարիկ թագաւորին ձեռքը ինկաւ։ Գերմանական ցեղախումբեր (նաեւ «Քրիստոնեայ») Սպանիան եւ Հռովմի պատկանող Հիւսիսային Ափրիկէի հողամասերէն շատերը գրաւեցին։ Դարեր շարունակ, Եւրոպայի մէջ վերիվայրումներ, անկայունութիւն եւ ճշդումներ եղան։ Համբաւաւոր կայսրեր ելան Արեւմուտքէն, ինչպէս Շարլըմանը, որ Թ. դարուն Լեւոն Գ. Պապին հետ դաշինք կնքեց. նաեւ՝ Ֆրետերիք Բ.–ը, որ ԺԳ. դարուն իշխեց։ Բայց անոնց հողամասը Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւն կոչուելով հանդերձ, շատ աւելի փոքր էր իր բարձունքի մէջ եղած Հռովմէական նախկին Կայսրութենէն։ Անիկա աւելի այս հին հեղինակութեան վերահաստատումը կամ շարունակութիւնն էր, քան՝ նոր կայսրութիւն մը։
4. Արեւելեան Կայսրութիւնը ի՞նչ յաջողութիւն ունեցաւ, սակայն Հիւսիսային Ափրիկէի, Սպանիոյ ու Սուրիոյ մէջ վաղեմի Հռովմի նախկին հողամասերէն շատեր ի՞նչ եղան։
4 Հռովմի Արեւելեան Կայսրութիւնը որու կեդրոնն էր Կոստանդնուպոլիս, Արեւմտեան Կայսրութեան հետ շատ հաշտ յարաբերութեան մէջ չէր։ Վեցերորդ դարուն, Արեւելքի Յուստինիանոս Ա. կայսրը կրցաւ Հիւսիսային Ափրիկէի մեծ մասը վերագրաւել. ան Սպանիա եւ Իտալիա ալ ներխուժեց։ Եօթներորդ դարուն, Յուստինիանոս Բ. Կայսրութեան վերամիացուց սլավական ցեղախումբերու կողմէ գրաւուած Մակեդոնիայի շրջանները։ Սակայն, ութերորդ դարուն, Հիւսիսային Ափրիկէի, Սպանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ վաղեմի Հռովմի նախկին հողամասերէն շատեր իսլամական նոր կայսրութեան ներքեւ եկան, եւ այս կերպով, թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ եւ թէ Հռովմի ձեռքէն առնուեցան։
5. Թէեւ Հռովմ քաղաքը ինկաւ Հ.Դ. 410–ին, ի՞նչպէս եղաւ որ դարեր տեւեց մինչեւ որ Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքական բոլոր հետքերը սրբուին աշխարհի թատերաբեմէն։
5 Կոստանդնուպոլիս քաղաքը կերպով մը քիչ մը աւելի տոկաց։ Անիկա Պարսիկներէն, Արաբներէն, Պուլկարներէն եւ Ռուսերէն եկած յաճախակի յարձակումներուն դէմ դրաւ, մինչեւ որ 1203–ին վերջապէս ինկաւ, ոչ թէ Մահմետականներու, այլ, Արեւմուտքէն եկած Խաչակիրներուն ձեռքը։ 1453–ին, սակայն, անիկա Մուհամմէտ Բ. Օսման Մահմետական կառավարիչին ձեռքը ինկաւ եւ շուտով Օսմանեան, կամ Թրքական Կայսրութեան մայրաքաղաքը եղաւ։ Այս կերպով, թէեւ Հռովմ քաղաքը ինկաւ Հ.Դ. 410–ին, սակայն դարեր տեւեց որպէսզի Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքական բոլոր հետքերը սրբուին աշխարհի թատերաբեմէն։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, անոր ազդեցութիւնը տակաւին նկատելի էր Հռովմի պապականութեան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն վրայ հիմնուած կրօնական կայսրութիւններուն մէջ։
6. Ի՞նչ նոր կայսրութիւններ երեւան եկան, եւ անոնցմէ ո՞ր մէկը ամենէն յաջողակը եղաւ։
6 ԺԵ. դարուն, սակայն, կարգ մը երկիրներ նոր կայսրութիւններ կը կերտէին։ Թէեւ այս կայսերական նոր իշխանութիւններէն ոմանք Հռովմի նախկին գաղութներու հողամասին վրայ կը գտնուէին, բայց անոնք պարզապէս Հռովմէական Կայսրութեան շարունակութիւնը չէին։ Փորթուկալը, Սպանիան, Ֆրանսան եւ Հոլանտան, բոլորն ալ լայնատարած հողամասերու ոստանները եղան։ Բայց ասոնց մէջէն ամենէն յաջողակը եղաւ Բրիտանիան, որ շատ հսկայ կայսրութեան մը վրայ տիրեց, որուն վրայէն ‘արեւը բնաւ մայր չէր մտներ’։ Տարբեր ժամանակներու, այս կայսրութիւնը տարածուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հնդկաստանի, եւ հարաւ–արեւելեան Ասիոյ մեծ մասերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Խաղաղականի տարածքին վրայ։
7. Տեսակ մը երկեակ աշխարհակալ ոյժ մը ի՞նչպէս գոյացաւ, եւ Յովհաննէսի ըսածին համաձայն, եօթներորդ «գլուխը» կամ աշխարհակալ ուժը ո՞րքան պիտի տեւէր։
7 ԺԹ. դարուն, Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներէն ոմանք արդէն անջատուած էին Բրիտանիայէն, կազմելու համար անկախ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Նոր ազգին եւ նախկին հայրենիքին միջեւ քաղաքական կարգ մը կռիւներ շարունակուեցան։ Այսուհանդերձ, Ա. Աշխարհամարտը ստիպեց որ երկու երկիրները իրենց հասարակաց շահերը նկատի առնեն եւ իրարու միջեւ մասնայատուկ յարաբերութիւն մը զարգացնեն։ Այս կերպով, տեսակ մը երկեակ աշխարհակալ ոյժ մը գոյացաւ, որ բաղկացած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ որ աշխարհի ամենահարուստ ազգը եղած էր, եւ Մեծն Բրիտանիայէն, որ աշխարհի ամենամեծ կայսրութեան ոստանն էր։ Ահաւասիկ ա՛յս է եօթներորդ «գլուխը» կամ աշխարհակալ ուժը, որ մինչեւ վերջին ժամանակը շարունակուած է, այն երկիրներուն մէջ, ուր Եհովայի արդի Վկաները առաջին անգամ հաստատուած են։ Վեցերորդ գլուխին երկար իշխանութեան հետ համեմատած, եօթներորդը միայն ‘քիչ ատեն կը մնայ’, մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ազգային բոլոր կառավարութիւնները կործանէ։
Ինչո՞ւ Կոչուած Է՝ Ութերորդ Թագաւոր
8, 9. Հրեշտակը ի՞նչ կը կոչէ այլաբանական կարմիր գազանը, եւ անիկա ի՞նչ առումով եօթնէն ծագում կ’առնէ։
8 Հրեշտակը կը շարունակէ բացատրել Յովհաննէսի. «Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն [«թագաւոր», Անթիլիաս] է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ»։ (Յայտնութիւն 17։11) Այլաբանական, կարմիր գազանը «եօթնէն է», կամ եօթը գլուխներէն ծագում կ’առնէ. այսինքն, անիկա ծնած է, կամ իր գոյութիւնը կը պարտի ‘ծովէն ելլող [առաջին] գազանին’ գլուխներուն, որու պատկերն է կարմիր գազանը։ Ի՞նչ կերպով։ Լաւ, 1919–ին, տիրող գլուխը Անգլօ–Ամերիկեան ուժն էր։ Նախկին վեց գլուխները ինկած էին, եւ աշխարհակալ ուժի դիրքը այս երկեակ գլուխին անցած ու անոր մէջ կեդրոնացած էր։ Այս եօթներորդ գլուխը, որպէս աշխարհակալ ուժերու շարքին ընթացիկ ներկայացուցիչը, ինքն էր որ դրդեց Ազգերու Դաշնակցութեան հաստատումը եւ տակաւին ինքն է Միացեալ Ազգերու գլխաւոր պաշտպանը եւ նիւթական գետնի վրայ անոր նեցուկ կանգնողը։ Ուստի, այլաբանօրէն, կարմիր գազանը՝ ութերորդ թագաւորը՝ առաջին եօթը գլուխներէն ծագում առած է։ Հարցը այս կողմէն դիտելով, անոր եօթնէն ծագում առնելու մասին եղած արտայայտութիւնը լաւ կերպով կը համապատասխանէ նախկին յայտնութեան, թէ գառնուկի նման երկեղջիւրաւոր գազանը (Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ուժը, այդ առաջին գազանին եօթներորդ գլուխը) ինք քաջալերեց որ գազանին պատկերը շինուի եւ անոր հոգի տուաւ։—Յայտնութիւն 13։1, 11, 14, 15
9 Ասկէ զատ, Ազգերու Դաշնակցութեան նախկին անդամներուն մէջ կային, Մեծն Բրիտանիոյ հետ, այն կառավարութիւնները, որոնք նախորդ կարգ մը գլուխներու հողամասերուն մէջ կ’իշխէին, ինչպէս Յունաստանը, Իրանը (Պարսկաստան) եւ Իտալիան (Հռովմը)։ Վերջապէս, նախկին վեց աշխարհակալ ուժերուն կողմէ ղեկավարուած հողամասերուն վրայ տիրող կառավարութիւնները, գազանին պատկերին նեցուկ կանգնող անդամներ եղան։ Այս առումով ալ կարելի է ըսել որ կարմիր գազանը եօթը աշխարհակալ ուժերէն ծագում առած է։
10. (ա) Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ որ կարմիր գազանը ‘ութերորդ թագաւոր’ մըն է։ (բ) Նախկին Սովետական Միութեան առաջնորդ մը ի՞նչ արտայայտուեցաւ Միացեալ Ազգերու սատար կանգնելու մասին։
10 Նկատի առէք որ կարմիր գազանը ինքն ալ ‘ութերորդ թագաւոր’ մըն է։ Հետեւաբար, ներկայիս Միացեալ Ազգերը աշխարհային կառավարութեան մը նման կը գործէ։ Երբեմն, ուղղակի կառավարութեան մը նման վարուած է, բանակներ ղրկելով ռազմադաշտերը, միջազգային վէճեր լուծելու համար, ինչպէս Քորէայի, Սինա Թերակղզիին, Ափրիկեան կարգ մը երկիրներուն եւ Լիբանանի մէջ։ Բայց անիկա թագաւորի մը միմիայն պատկերն է։ Կրօնական պատկերի մը նման, անիկա իրական ազդեցութիւն մը կամ իշխանութիւն մը չունի. անոր ունեցածը, իր գոյութեան պատճառ եղող եւ զայն պաշտողներուն կողմէ իրեն տրուածն է միայն։ Կարգ մը պարագաներուն, այս այլաբանական գազանը տկար կ’երեւայ. բայց անիկա բռնակալական թեքում ունեցող իր անդամներուն կողմէ բնաւ լիովին երեսի վրայ չէ ձգուած, ինչ որ Ազգերու Դաշնակցութեան պարագային, անոր անդունդին մէջ գլորուելուն պատճառ եղաւ։ (Յայտնութիւն 17։8) Ուրիշ մարզերու մէջ բոլորովին տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, նախկին Սովետական Միութեան կարկառուն առաջնորդ մը 1987–ին Հռովմի պապերուն միացաւ ՄԱԿ–ի սատար կանգնելու իր կամեցողութիւնը արտայայտելու համար։ Ան նոյնիսկ կոչ ըրաւ որ ՄԱԿ–ի վրայ հիմնուած «միջազգային ապահովութեան մեծապարփակ համակարգ» մը յառաջ բերուի։ Ինչպէս Յովհաննէս շուտով ականատես պիտի ըլլայ, ժամանակ մը պիտի գայ, երբ ՄԱԿ–ը շատ մեծ հեղինակութեամբ պիտի գործէ։ Ապա, իր կարգին, ինքն ալ ‘կորուստի պիտի երթայ’։
Տասը Թագաւորներ՝ Մէկ Ժամու Համար
11. Եհովայի հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ այլաբանական կարմիր գազանին վրայի տասը եղջիւրներուն մասին։
11 Յայտնութեան նախորդ գլուխին մէջ, վեցերորդ ու եօթներորդ հրեշտակները Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակները թափեցին։ Ուստի, մեզի տեղեկութիւն տրուած է որ երկրի թագաւորները կը հաւաքուին Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին համար եւ թէ «Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց»։ (Յայտնութիւն 16։1, 14, 19) Հիմա աւելի մանրամասնօրէն պիտի սորվինք թէ անոնց վրայ աստուածային դատաստանները ի՛նչպէս պիտի գործադրուին։ Դարձեալ լսեցէք ինչ որ Եհովայի հրեշտակը կ’ըսէ Յովհաննէսի։ «Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։ Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։ Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։—Յայտնութիւն 17։12-14
12. (ա) Տասը եղջիւրները ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) Այլաբանական տասը եղջիւրները ի՞նչ առումով «դեռ թագաւորութիւն առած չեն»։ (գ) Այլաբանական տասը եղջիւրները ի՞նչպէս հիմա «թագաւորութիւն» ունին եւ ո՞րքան ատեն։
12 Տասը եղջիւրները կը պատկերացնեն քաղաքական բոլոր ուժերը, որոնք ներկայիս աշխարհի թատերաբեմին վրայ հեղինակութիւն ունին եւ որոնք սատար կը կանգնին գազանին պատկերին։ Հիմա գոյութիւն ունեցող երկիրներէն շատ քիչեր ճանչցուած էին Յովհաննէսի օրերուն։ Իսկ անոնք որոնք կային, ինչպէս Եգիպտոսը եւ Պարսկաստանը (Իրան), ներկայիս քաղաքական բոլորովին տարբեր կառոյց մը ունին։ Անոր համար, առաջին դարուն, ‘տասը եղջիւրները դեռ թագաւորութիւն առած չէին’։ Բայց հիմա, տէրունական օրուան մէջ, անոնք «թագաւորութիւն», կամ քաղաքական իշխանութիւն ունին։ Գաղութային հսկայական կայսրութիւններուն փլուզումով, մասնաւորաբար Բ. Աշխարհամարտէն ետք, բազմաթիւ նոր պետութիւններ ծնած են։ Ասոնք, ինչպէս նաեւ հինէն հաստատուած ուժեր, կարճ ժամանակ մը, միայն «մէկ ժամու չափ» պիտի իշխեն գազանին հետ, նախ քան որ Եհովա Արմագեդոնին աշխարհային բոլոր քաղաքական հեղինակութիւններուն վերջ դնէ։
13. Տասը եղջիւրները ի՞նչ կերպով «մէկ կամք» ունին, եւ ասիկա Գառնուկին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք առնելու պատճառ պիտի ըլլայ։
13 Ներկայիս, այս տասը եղջիւրները դրդող մեծագոյն ուժերէն մէկը՝ ազգայնականութիւնն է։ Անոնք «մէկ կամք» ունին, որ է իրենց ազգային գերիշխանութիւնը պահպանել, փոխանակ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ընդունելու։ Երբ անոնք Ազգերու Դաշնակցութեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միացան, անոնց նպատակը ա՛յս էր. աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանել եւ անով՝ իրենց գոյութիւնը։ Այսպիսի կեցուածք մը անպայմանօրէն պատճառ պիտի ըլլայ որ անոնք Գառնուկին՝ ‘տէրերու Տէրոջը եւ թագաւորներու Թագաւորին’ հակառակին, քանի որ Եհովա նպատակադրած է որ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութիւնը շուտով այս բոլոր թագաւորութիւններուն տեղը առնէ։—Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 24։30. 25։31-33, 46
14. Աշխարհի կառավարիչները ի՞նչպէս կրնան Գառնուկին հետ պատերազմիլ եւ ի՞նչ արդիւնքով։
14 Անշուշտ, այս աշխարհի կառավարիչները ուղղակիօրէն Յիսուսի դէմ բա՛ն մը չեն կրնար ընել։ Ան երկինքն է, իրենց հասողութենէն շա՜տ հեռու։ Բայց Յիսուսի եղբայրները՝ կնոջ սերունդին մնացորդը, տակաւին երկրի վրայ են եւ երեւութապէս՝ անպաշտպան։ (Յայտնութիւն 12։17) Այս եղջիւրներէն շատեր արդէն բիրտ հակառակութիւն ցոյց տուած են անոնց հանդէպ, եւ ա՛յս կերպով Գառնուկին հետ պատերազմած են։ (Մատթէոս 25։40, 45) Բայց շուտով պիտի գայ այն ժամանակը, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»։ (Դանիէլ 2։44) Այն ատեն, երկրի թագաւորները վճռական կռիւ մը պիտի մղեն Գառնուկին դէմ, ինչպէս քիչ ետք նկատի պիտի առնենք։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Բայց արդէն բաւական տեղեկութիւն ունինք գիտնալու համար որ ազգերը պիտի չյաջողին։ Թէեւ իրենք եւ ՄԱԿ–ը պատկերացնող կարմիր գազանը «մէկ կամք» ունին, անոնք չեն կրնար պարտութեան մատնել ‘տէրերուն Տէրը ու թագաւորներուն Թագաւորը’ եւ ‘անոր հետ եղողները, որոնք կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են’, պարփակելով տակաւին երկրի վրայ եղող իր օծեալ հետեւորդները։ Անոնք ալ պիտի յաղթեն, իրենց ուղղամտութեամբ պատասխան մը տալով Սատանայի ստորին ամբաստանութիւններուն։—Հռովմայեցիս 8։37-39. Յայտնութիւն 12։10, 11
Պոռնիկին Աւերումը
15. Հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսէ պոռնիկին եւ անոր դէմ տասը եղջիւրներուն եւ գազանին կեցուածքին ու արարքին մասին։
15 Միայն Աստուծոյ ծառաները չեն որ տասը եղջիւրներուն հակակրանքին կ’արժանանան։ Հրեշտակը անգամ մը եւս Յովհաննէսի ուշադրութիւնը կը դարձնէ պոռնիկին վրայ. «Ու ըսաւ ինծի. ‘Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։ Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար [«եւ գազանը», ՆԱ], անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն’»։—Յայտնութիւն 17։15, 16
16. Մեծն Բաբելոնը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ պաշտպանութեան համար իր ջուրերուն վստահիլ, երբ քաղաքական կառավարութիւնները իրեն դէմ դառնան։
16 Ճիշդ ինչպէս որ երբեմնի Բաբելոնը իր ջուրերուն կը վստահէր, ներկայիս Մեծն Բաբելոնը ‘ժողովուրդներէ, բազմութիւններէ, ազգերէ ու լեզուներէ’ բաղկացած իր բազմահամար անդամներուն կը վստահի։ Տեղին ըլլալով, հրեշտակը նախ մեր ուշադրութիւնը անոնց կը դարձնէ, ցնցիչ իրադարձութեան մը մասին խօսելէ առաջ. այս երկրի քաղաքական կառավարութիւնները կատաղի կերպով Մեծն Բաբելոնի դէմ պիտի ելլեն։ Այն ատեն, այս բոլոր ‘ժողովուրդները, բազմութիւնները, ազգերն ու լեզուները’ ի՞նչ պիտի ընեն։ Աստուծոյ ծառաները արդէն ազդարարութիւն կու տան Մեծն Բաբելոնի, թէ Եփրատ Գետին ջուրերը պիտի ցամքին։ (Յայտնութիւն 16։12) Այս ջուրերը վերջապէս բոլորովին պիտի ցամքին։ Անոնք որեւէ կերպով սատար պիտի չկրնան կանգնիլ այս տարեց զզուելի պոռնիկին, երբ անոր ամենաշատ կարիքը պիտի ունենայ։—Եսայեայ 44։27. Երեմեայ 50։38. 51։36, 37
17. (ա) Մեծն Բաբելոնի հարստութիւնը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ փրկել զինք։ (բ) Մեծն Բաբելոնի վախճանը ի՞նչպէս անպատուաբեր կերպով պիտի ըլլայ։ (գ) Տասը եղջիւրներէն կամ անհատական ազգերէն զատ, ո՞վ ալ կը միանայ Մեծն Բաբելոնի վայրագ կործանման։
17 Մեծն Բաբելոնի նիւթական հսկայական հարստութիւնը վստահաբար պիտի չկարենայ փրկել զինք։ Թերեւս անիկա նոյնիսկ արագացնէ անոր կործանումը, քանի որ տեսիլքը ցոյց կու տայ որ երբ գազանը եւ տասը եղջիւրները իրենց ատելութիւնը թափեն պոռնիկին վրայ, անոնք անոր վրայէն պիտի հանեն իր ծիրանի հագուստները եւ բոլոր գոհարեղէնները։ Անոր հարստութիւնը պիտի կողոպտեն։ Զայն «պիտի մերկացնեն», անոր իսկական ինքնութիւնը երեւան պիտի հանեն, ամօթալի վիճակի մէջ ձգելով զինք։ Ի՜նչ աւերում։ Ան ամօթալի վախճան մըն ալ պիտի ունենայ։ Զայն պիտի կործանեն, «անոր մարմինը պիտի ուտեն», անկենդան կմախքի մը վերածելով զինք։ Վերջապէս, «զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ Ան ժանտահարի մը նման պիտի այրուի, առանց շնորհքով թաղումի մը արժանանալու։ Միայն տասը եղջիւրներով պատկերացուած ազգերը չեն որ կը կործանեն մեծ պոռնիկը, այլ՝ «գազանը», այսինքն ՄԱԿ–ն ալ անոնց կը միանայ այս կատաղի արարքին մէջ։ Ան իր հաւանութիւնը պիտի տայ սուտ կրօնքի կործանման համար։ ՄԱԿ–ի աւելի քան 190 ազգերուն մեծամասնութիւնը, քուէարկութեամբ արդէն կրօնքի դէմ թշնամութիւն ցուցաբերած են, մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն դէմ։
18. (ա) Ազգերը բաբելոնական կրօնքին դէմ դառնալու ի՞նչ հաւանականութիւն ցոյց տրուած է արդէն։ (բ) Մեծ պոռնիկին վրայ ամբողջական յարձակում կատարելու հիմնական պատճառը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
18 Ազգերը իրենց նախկին սիրուհիին հետ ինչո՞ւ այսքան վայրագ կերպով կը վարուին։ Ընթացիկ պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ ազգերը բաբելոնական կրօնքին դէմ ելլելու հաւանականութիւնը կայ։ Կառավարական պաշտօնական հակառակութեան հետեւանքով նախկին Սովետական Միութեան եւ Չինաստանի նման երկիրներու մէջ կրօնքին ազդեցութիւնը մեծապէս նուազած է։ Եւրոպայի Բողոքական հատուածներուն մէջ, ընդհանրացած անտարբերութիւնն ու կասկածները պատճառ եղած են որ եկեղեցիները պարպուին, այնպէս որ կրօնքը գրեթէ մեռած է։ Կաթողիկէ հսկայ կայսրութիւնը պառակտուած է ըմբոստութիւններով եւ անհամաձայնութիւններով, որոնց հետ չեն կրցած գլուխ ելլել անոր առաջնորդները։ Սակայն, պէտք չէ մոռնանք որ Մեծն Բաբելոնի վրայ գալիք այս վերջնական եւ ամբողջական յարձակումը, մեծ պոռնիկին վրայ Աստուծոյ անփոփոխելի դատաստանին արտայայտութիւնն է։
Աստուծոյ Կամքը Կատարել
19. (ա) Մեծ պոռնիկին վրայ գալիք Եհովայի դատաստանին գործադրումը ի՞նչպէս կարելի է բացատրել Հ.Դ.Ա. 607–ին հաւատուրաց Երուսաղէմի վրայ իր դատաստանով։ (բ) Հ.Դ.Ա. 607–էն ետք Երուսաղէմի աւերուած, ամայացած վիճակը ի՞նչ կը նախապատկերացնէ մեր օրերուն համար։
19 Եհովա այս դատաստանը ի՞նչպէս կը գործադրէ։ Ասիկա իր երբեմնի հաւատուրաց ժողովուրդին դէմ իր առած քայլերով կարելի է բացատրել, որոնց մասին ըսաւ. «Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն, չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն. անոնք ինծի Սոդոմի պէս ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։ (Երեմեայ 23։14) Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա գործածեց Նաբուգոդոնոսորը, որպէսզի հոգեւորապէս շնացող քաղաքը իր ‘հանդերձներէն մերկացնէ, անոր թանկագին զարդերը առնէ, զինք մերկ ու անծածկոյթ թողու’։ (Եզեկիէլ 23։4, 26, 29) Այդ ժամանակուան Երուսաղէմը ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհի նախապատկերն էր, եւ ինչպէս Յովհաննէս նախկին տեսիլքներուն մէջ տեսաւ, Եհովա Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ սուտ կրօնքի մնացեալ մասերուն վրայ նոյնանման պատիժ մը պիտի բերէ։ Հ.Դ.Ա. 607–էն ետք, Երուսաղէմի աւերուած, ամայացած վիճակը ցոյց կու տայ թէ երբ Քրիստոնեայ Աշխարհը իր հարստութենէն մերկանայ եւ ամօթալի կերպով քօղազերծուի, ի՛նչ բանի պիտի նմանի։ Իսկ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն վիճակը անկէ լաւ պիտի չըլլայ։
20. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ Եհովա անգամ մը եւս մարդկային կառավարիչներ պիտի գործածէ դատաստան ի գործ դնելու համար։ (բ) Ի՞նչ է Աստուծոյ «կամքը»։ (գ) Ազգերը իրենց ‘միակամութիւնը’ ի՞նչ կերպով պիտի կատարեն, բայց իրականութեան մէջ որո՞ւ կամքն է որ պիտի կատարուի։
20 Եհովա անգամ մը եւս մարդկային կառավարիչներ կը գործածէ, իր դատաստանը գործադրելու համար։ «Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին»։ (Յայտնութիւն 17։17) Ի՞նչ է Աստուծոյ «կամքը»։ Անոր կամքն է այնպէս ընել որ Մեծն Բաբելոնի դահիճները իրարու միանան զայն ամբողջովին կործանելու համար։ Անշուշտ, այս յարձակման մէջ կառավարիչներուն նպատակն է «միակամ»օրէն գործել։ Անոնք պիտի խորհին որ մեծ պոռնիկին դէմ ելլելը իրենց ազգային շահերուն համար է։ Թերեւս անոնք իրենց գերիշխանութեան դէմ սպառնալիք մը պիտի նկատեն, իրենց սահմաններէն ներս կազմակերպուած կրօնքներուն գոյատեւումը։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովան է որ խնդիրներուն ուղղութիւն պիտի տայ. Իր կամքն է որ պիտի կատարեն անոնք, մէկ հարուածով կործանելով իր դարաւոր, շնացող թշնամին։—Համեմատել՝ Երեմեայ 7։8-11, 34
21. Քանի որ կարմիր գազանը պիտի գործածուի Մեծն Բաբելոնը կործանելու համար, ազգերը բացայայտօրէն ի՞նչ պիտի ընեն Միացեալ Ազգերուն։
21 Այո, ազգերը կարմիր գազանը՝ Միացեալ Ազգերը, պիտի գործածեն, Մեծն Բաբելոնը կործանելու համար։ Անոնք ինքնագլուխ պիտի չգործեն, քանի որ Եհովա անոնց սրտին մէջ պիտի դնէ որ «միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան»։ Երբ ժամանակը գայ, ազգերը բացայայտօրէն Միացեալ Ազգերը զօրացնելու կարիքը պիտի տեսնեն։ Կարծես անոր ակռաներ պիտի տան, իրենց ունեցած ամէն հեղինակութիւնը ու զօրութիւնը անոր յանձնելով, որպէսզի սուտ կրօնքին դէմ ելլէ, եւ յաջող կերպով անոր դէմ կռուի, «մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին»։ Այս կերպով, երբեմնի պոռնիկը իր ամբողջական վախճանին պիտի հասնի։ Վերջապէ՜ս անոր ձեռքէն պիտի ազատինք։
22. (ա) Յայտնութիւն 17։18–ի մէջ, հրեշտակին վկայութեան եզրափակութեան կերպը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Խորհուրդին պարզուիլը ի՞նչ ընելու կը մղէ Եհովայի Վկաները։
22 Կարծես՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ Եհովայի դատաստանի գործադրութեան ստոյգ ըլլալը շեշտելու համար է որ հրեշտակը իր վկայութիւնը կ’եզրափակէ, ըսելով. «Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։ (Յայտնութիւն 17։18) Բաղտասարի ժամանակուան Բաբելոնին նման, Մեծն Բաբելոնը ‘կշիռքով կշռուած ու պակաս գտնուած է’։ (Դանիէլ 5։27) Անոր մահապատիժի գործադրութիւնը արագ եւ վերջնական պիտի ըլլայ։ Իսկ Եհովայի Վկաները մեծ պոռնիկին եւ կարմիր գազանին խորհուրդին պարզուիլը տեսնելով ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։ Անոնք եռանդով կը ծանուցանեն Եհովայի դատաստանի օրը, ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն փնտռողներուն «շնորհալի» պատասխաններ տալով։ (Կողոսացիս 4։5, 6, Անթիլիաս. Յայտնութիւն 17։3, 7) Ինչպէս յաջորդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, անոնք որ կը փափաքին մեծ պոռնիկին մահապատիժի գործադրութենէն վերապրիլ, անմիջապէս պէտք է գործի լծուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 252]
Աշխարհակալ եօթը ուժերուն յաջորդականութիւնը
ԵԳԻՊՏՈՍ
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ
ԲԱԲԵԼՈՆ
ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
ՀՌՈՎՄ
ԱՆԳԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԱ
[Նկարներ՝ էջ 254]
«Անիկա ալ ութերորդ թագաւոր է»
[Նկար՝ էջ 255]
Իրենց կռնակը Գառնուկին դարձնելով, «իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան»
[Նկար՝ էջ 257]
Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր հատուածը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ երբեմնի Երուսաղէմին պիտի նմանի. հիմնովին պիտի քանդուի