Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծ քաղաքին աւերումը

Մեծ քաղաքին աւերումը

Գլուխ 36

Մեծ քաղաքին աւերումը

Տեսիլք 12—Յայտնութիւն 18։1–19։10

Նիւթ. Մեծն Բաբելոնի անկումը եւ կործանումը. Գառնուկին ամուսնութեան ծանուցումը

Կատարման ժամանակ. 1919–էն մինչեւ մեծ նեղութենէն ետք

1. Մեծ նեղութիւնը ի՞նչ դէպքով պիտի սկսի։

 ՅԱՆԿԱՐԾԱԿԻ, ապշեցուցիչ եւ քանդիչ. Մեծն Բաբելոնի աւերումը ա՛յսպէս պիտի ըլլայ։ Անիկա ամբողջ պատմութեան ամենէն աղիտալի դէպքը պիտի ըլլայ, նշելով ‘մեծ նեղութեան’ սկիզբը, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։21

2. Թէեւ քաղաքական կայսրութիւններ բարձրացած եւ ինկած են, սակայն ի՞նչպիսի կայսրութիւն մը գոյատեւած է։

2 Սուտ կրօնքը երկար ժամանակէ գոյութիւն ունի։ Անիկա առանց ընդմիջուելու շարունակուած է արիւնարբու Նեբրովթի օրերէն ի վեր, որ Եհովայի հակառակող մըն էր եւ մարդոց քաջալերեց որպէսզի Բաբելոնի Աշտարակը շինեն։ Երբ Եհովա այդ ըմբոստներուն լեզուները խառնակեց եւ բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեց զանոնք, Բաբելոնի սուտ կրօնքը անոնց հետ ճամբորդեց։ (Ծննդոց 10։8-10. 11։4-9) Անկէ ի վեր, քաղաքական կայսրութիւններ բարձրացած ու ինկած են, սակայն բաբելոնական կրօնքը գոյատեւած է։ Անիկա շատ ձեւեր ու կերպարներ առած է, դառնալով սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւն մը՝ մարգարէացուած Մեծն Բաբելոնը։ Անոր ամենէն կարկառուն մասը Քրիստոնեայ Աշխարհն է, որ բաբելոնական սկզբնական ուսուցումներուն եւ հաւատուրաց «քրիստոնէական» վարդապետութիւններուն ձուլումն է։ Քանի որ Մեծն Բաբելոնը դարաւոր պատմութիւն ունի, շատեր չեն հաւատար որ անիկա օր մը կը կործանի։

3. Յայտնութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ սուտ կրօնքի դատապարտութիւնը։

3 Ուստի, յարմար է որ Յայտնութիւնը հաստատէ սուտ կրօնքին դատապարտութիւնը, անոր անկումին եւ անոր ամբողջական կործանումին առաջնորդող յաջորդական դէպքերուն մասին մանրամասնուած երկու նկարագրութիւններ տալով։ Արդէն տեսանք որ անիկա ներկայացուած է որպէս «մեծ պոռնիկը», որ վերջապէս կը բնաջնջուի իր քաղաքական նախկին սիրահարներուն կողմէ։ (Յայտնութիւն 17։1, 15, 16) Հիմա, ուրիշ տեսիլքի մը մէջ զինք պիտի տեսնենք որպէս քաղաք մը, երբեմնի Բաբելոնին կրօնական հակատիպը։

Մեծն Բաբելոնի Անկումը

4. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ տեսիլք կը տեսնէ։ (բ) Հրեշտակին ո՛վ ըլլալը ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ եւ ինչո՞ւ յարմար է որ ինք ծանուցանէ Մեծն Բաբելոնի անկումը։

4 Յովհաննէս կը շարունակէ պատմել, ըսելով. «Ասկէ ետքը [«ուրիշ», ՆԱ] հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր ու երկիր անոր փառքով լուսաւորուեցաւ։ Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. ‘Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը’»։ (Յայտնութիւն 18։1, 2ա) Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Յովհաննէս կը լսէ հրեշտակային այս ծանուցումը։ (Տես՝ Յայտնութիւն 14։8) Սակայն այս անգամ, երկնային հրեշտակին շքեղութիւնը այդ ծանուցումին աւելի մեծ իմաստ մը կու տայ, քանի որ ամբողջ երկիր անոր փառքով կը լուսաւորուի։ Ո՞վ կրնայ ըլլալ ան։ Դարեր առաջ, Եզեկիէլ մարգարէն երկնային տեսիլքի մը մասին տեղեկութիւն տալով, նշեց որ «երկիրը անոր [Եհովայի] փառքէն լուսաւորուեցաւ»։ (Եզեկիէլ 43։2) Միակ հրեշտակը որ Եհովայի փառքին նման փառքով մը կը շողայ, պէտք է Տէր Յիսուսը ըլլայ, որ «[Աստուծոյ] փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը»։ (Եբրայեցիս 1։3) 1914–ին, Յիսուս երկնային Թագաւոր եղաւ, եւ անկէ ի վեր որպէս Եհովայի ընկերակից Թագաւոր ու Դատաւոր, երկրի վրայ իշխանութիւն կը բանեցնէ։ Հետեւաբար, տեղին է որ ի՛նք ըլլայ Մեծն Բաբելոնի անկումը ծանուցանողը։

5. (ա) Հրեշտակը որո՞նց կը գործածէ Մեծն Բաբելոնի անկումը հրատարակելու համար։ (բ) Երբ «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ դաւանողներէն սկսաւ դատաստանը, Քրիստոնեայ Աշխարհին ի՞նչ պատահեցաւ։

5 Մեծ հեղինակութիւն ունեցող այս հրեշտակը որո՞նք կը գործածէ, մարդկութեան այսպիսի ապշեցուցիչ լուր մը ծանուցանելու համար։ Անշուշտ այդ անհատները, որոնք այս անկումին պատճառաւ ազատագրուած են, այսինքն, երկրի վրայ օծեալներու մնացորդը՝ Յովհաննէս դասակարգը։ Անոնք Մեծն Բաբելոնի ձեռքէն մեծապէս տառապեցան 1914-1918, բայց 1918–ին, Տէր Եհովա եւ իր «[Աբրահամական] ուխտին հրեշտակը»՝ Յիսուս Քրիստոս, դատաստանը սկսան «Աստուծոյ տունէն»՝ Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն։ Ուստի հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհը դատի քաշուեցաւ։ (Մաղաքեայ 3։1. Ա. Պետրոս 4։17) Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին իր վրայ եկած արիւնապարտութիւնը, Եհովայի հաւատարիմ վկաներուն հալածանքին մէջ իր մեղսակցութիւնը եւ իր բաբելոնական հանգանակները, դատաստանի ժամանակ պիտի չկարենան օգնել իրեն. Մեծն Բաբելոնի միւս մասերն ալ Աստուծոյ հաճութեան պիտի չարժանանան։—Համեմատել՝ Եսայեայ 13։1-9

6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մեծն Բաբելոնը ինկաւ 1919–ին։

6 Այսպէս է որ 1919–ին Մեծն Բաբելոնը ինկաւ, ճամբան բանալով որ Աստուծոյ ծառաները ազատագրուին եւ հոգեւոր բարգաւաճութեան իրենց երկրին մէջ վերահաստատուին, որպէս թէ մէկ օրուան մէջ։ (Եսայեայ 66։8) Այդ տարին, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս՝ Մեծագոյն Դարեհը եւ Մեծագոյն Կիւրոսը, հարցերը այնպիսի կերպով մը ուղղեցին որ սուտ կրօնքը այլեւս չկարենար կաշկանդել Եհովայի ծառաները։ Անիկա այլեւս չէր կրնար արգելք ըլլալ որ անոնք Եհովայի ծառայէին ու մտիկ ընել ուզողներուն գիտցնէին թէ պոռնկանման Մեծն Բաբելոնը դատապարտուած է եւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը մօտ է։—Եսայեայ 45։1-4. Դանիէլ 5։30, 31

7. (ա) Թէեւ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին չկործանեցաւ, սակայն Եհովա ի՞նչպէս նկատեց զինք։ (բ) Երբ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին ինկաւ, Եհովայի ժողովուրդին համար արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

7 Ճիշդ է որ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին չկործանեցաւ, ինչպէս որ վաղեմի Բաբելոնը Հ.Դ.Ա. 539–ին չկործանեցաւ, երբ Պարսիկ Կիւրոսի բանակներուն կողմէ ինկաւ։ Բայց Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, այդ կազմակերպութիւնը ինկած էր։ Անիկա դատականօրէն դատապարտուած էր եւ իր մահապատիժի գործադրման կը սպասէր. հետեւաբար, սուտ կրօնքը այլեւս չէր կրնար Եհովայի ծառաները գերութեան մէջ պահել։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 9։59, 60) Անոնք ազատագրուեցան որպէսզի ծառայեն որպէս Տէրոջ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան, ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթելու համար։ Անոնք նպաստաւոր վճիռ մը ստացան. «Ապրի՛ս» ըսուեցաւ անոնց, եւ յանձնարարութիւն տրուեցաւ որ Եհովայի գործով դարձեալ զբաղած մնան։—Մատթէոս 24։45-47. 25։21, 23. Գործք 1։8

8. Եսայեայ 21։8, 9–ի դէտը ի՞նչ դէպք կը ծանուցանէ, եւ ներկայիս ան որո՞ւ նախաշուքն է։

8 Հազարաւոր տարիներ առաջ, Եհովա ուրիշ մարգարէներ գործածեց, որպէսզի պատմութեան էջերուն անցնելիք այս դէպքը նախագուշակեն։ Եսային խօսեցաւ դէտի մը մասին, որ «աղաղակեց առիւծի պէս. ‘Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ’»։ Իսկ այդ դէտը ի՞նչ կը նկատէր ու կը ծանուցանէր առիւծանման քաջութեամբ։ Հետեւեալը. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։ (Եսայեայ 21։8, 9) Այս դէտը իրապէս նախաշուքն էր ներկայ զգաստ ու արթուն Յովհաննէս դասակարգին, որ Դիտարան պարբերաթերթը եւ աստուածպետական ուրիշ հրատարակութիւններ գործածելով ամէնուրեք կը ծանուցանէ այն լուրը թէ Բաբելոնը ինկած է։

Մեծն Բաբելոնի Նուաստացումը

9, 10. (ա) Բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը ի՞նչպէս նուազած է Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր։ (բ) Հզօր հրեշտակը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Մեծն Բաբելոնի ինկած վիճակը։

9 Հ.Դ.Ա. 539–ին վաղեմի Բաբելոնի անկումը, երկար նուաստացումի սկիզբն էր, որ վերջապէս իր աւերումին առաջնորդեց։ Նոյն կերպով, Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր, բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը աշխարհի տարածքին ուշագրաւօրէն նուազած է։ Ճափոնի մէջ, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, շինթոյական կայսրին պաշտամունքը արգիլուեցաւ։ Չինաստանի մէջ, Համայնավար կառավարութիւնը կրօնական բոլոր նշանակումներուն ու գործունէութեան վրայ կը հսկէ։ Բողոքական հիւսիսային Եւրոպայի մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կրօնքի նկատմամբ անտարբեր է։ Իսկ Կաթողիկէ Եկեղեցին պառակտումներով ու ներքին անհամաձայնութիւններով տկարացած է։—Համեմատել՝ Մարկոս 3։24-26

10 Այս բոլոր հոսանքները անկասկած մաս կը կազմեն ‘Եփրատ Գետի ցամքելուն’, Մեծն Բաբելոնի վրայ մօտալուտ զինուորական յարձակման համար պատրաստութիւն տեսնուելով։ Այս ‘ցամքումը’ կ’արտացոլացուի նաեւ 1986–ի Հոկտեմբերին Պապին ըրած ծանուցման մէջ, թէ եկեղեցին պէտք է «դարձեալ մուրացկան դառնայ», եկամուտի հսկայական բացին պատճառաւ։ (Յայտնութիւն 16։12) Մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Մեծն Բաբելոնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնուած է որպէս հոգեւոր գետնի վրայ ամայացած վայր մը, ճիշդ ինչպէս հզօր հրեշտակը կը ծանուցանէ հոս. «Եւ դեւերու բնակարան եղաւ ու բոլոր պիղծ ոգիներուն՝ արգելանոց եւ բոլոր պիղծ ու ատելի թռչուններուն՝ վանդակ»։ (Յայտնութիւն 18։2բ) Շատ շուտով ան բառացիօրէն ամայի վայր մը պիտի ըլլայ, ճիշդ այժմու Իրաքի մէջ գտնուող Բաբելոնի աւերակներուն նման։—Տես նաեւ՝ Երեմեայ 50։25-28

11. Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ առումով ‘դեւերու բնակարան ու բոլոր պիղծ ոգիներու ու ատելի թռչուններուն արգելանոց’ եղած է։

11 Հոս գործածուած «դեւեր» բառը հաւանաբար «այծամարդեր» (սէի·րիմ) բառին անդրադարձումն է, զոր Եսայի գործածեց երբ ինկած Բաբելոնը նկարագրեց. «Հոն վայրենի կատուներ պիտի պառկին ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն»։ (Եսայեայ 13։21) Հաւանաբար անիկա բառացի դեւերու չ’ակնարկեր, այլ անապատի մէջ բնակող գզուամազ անասուններու, որոնց երեւոյթը տեսնողներուն խորհիլ կու տար որ դեւեր են։ Մեծն Բաբելոնի աւերակներուն մէջ, այսպիսի անասուններու այլաբանական գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ապականած, թունաւոր օդը («պիղծ ոգիներ») եւ ատելի թռչունները կը նշեն որ ան հոգեւորապէս մեռած վիճակ մը ունի։ Անիկա չի կրնար կեանքի որեւէ յոյս տալ մարդկութեան։—Համեմատել՝ Եփեսացիս 2։1, 2

12. Մեծն Բաբելոնի կացութիւնը ի՞նչպէս կը համեմատի Երեմեայ 50–րդ գլուխի մարգարէութեան։

12 Անոր կացութիւնը Երեմիայի մարգարէութեան հետ ալ կը համեմատի. «Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։ . . . Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։ Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ»։ Կռապաշտութիւնը եւ կրկնուած աղօթքներու տաղերգութիւնը չեն կրնար Մեծն Բաբելոնը փրկել Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը յիշեցնող աստուածային պատիժէն։—Երեմեայ 50։35-40

Կիրք Գրգռող Գինի

13. (ա) Հզօր հրեշտակը ի՞նչպէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ։ (բ) Վաղեմի Բաբելոնին մէջ տիրող ի՞նչպիսի անբարոյութիւն կը գտնուի նաեւ Մեծն Բաբելոնի մէջ։

13 Հզօր հրեշտակը ապա ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ, ըսելով. «Վասն զի անոր կատաղի [«կիրք գրգռող», ՆԱ, ստորանիշ] պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։ (Յայտնութիւն 18։3) Ան իր կրօնական պիղծ ճամբաները բոլոր ազգերուն ուսուցանած է։ Հերոդոտոս Յոյն պատմաբանին համաձայն, վաղեմի Բաբելոնին մէջ, իւրաքանչիւր կնոջմէ պահանջուած էր որ իր կեանքի ընթացքին մէկ անգամ, որպէս պաշտամունք տաճարի մէջ պոռնկութիւն գործէր։ Մինչեւ օրս, ընդվզեցուցիչ սեռային պղծութիւններ պատկերացուած են Գամպոտիայի, պատերազմէն վնասուած Անկգոր Ուաթի քանդակներուն մէջ։ Իսկ Հնդկաստանի Խաժուրահոյի տաճարներուն մէջ, ցոյց կը տրուի Հինտու Վիշնու աստուածը, շրջապատուած տռփական զզուելի տեսարաններով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, անբարոյութեան քօղազերծումը, որ հեռատեսիլի աւետարանիչներուն աշխարհը ցնցեց 1987–ին, ապա 1988–ին, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու մէջ լայնատարած սովորութիւն դարձած միասեռականութեան երեւան հանուիլը, ցոյց կու տան որ նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը հանդուրժէ իր անդամներուն կատարած բառացի ու գայթակղեցուցիչ պոռնկութեան։ Սակայն բոլոր ազգերը շատ աւելի լուրջ պոռնկութեան մը զոհ գացած են։

14-16. (ա) Ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ հոգեւորապէս անօրէն եղող կրօնա–քաղաքական ի՞նչ յարաբերութիւն զարգացաւ։ (բ) Երբ Իտալիա Հապէշիստան ներխուժեց, Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսները ի՞նչ արտայայտութիւններ ունեցան։

14 Արդէն աչքէ անցուցինք կրօնա–քաղաքական անօրէն յարաբերութիւնը, որ Նացի Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի իշխանութեան գլուխ անցնելու զարկ մը տուաւ։ Աշխարհիկ գործերուն մէջ կրօնքը իր քիթը մտցնելուն որպէս հետեւանք, ուրիշ ազգեր ալ տառապած են։ Օրինակ՝ ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ, 11 Փետրուար 1929–ին Մուսոլինի եւ Կարդինալ Կասբառի՝ Լաթէրանի Դաշինքը ստորագրեցին, Վատիկան Քաղաքը ինքնավար պետութիւն մը դարձնելով։ Փիուս ԺԱ. Պապը ըսաւ որ ինք «Իտալիան ետ Աստուծոյ եւ Աստուած ետ Իտալիոյ տուած» էր։ Ասիկա ճի՞շդ էր։ Նկատի առէք թէ վեց տարի ետք ի՛նչ պատահեցաւ։ 3 Հոկտեմբեր 1935–ին, Իտալիան Հապէշիստան ներխուժեց, պատճառաբանելով որ ան «բարբարոս երկիր մըն էր, ուր տակաւին գերեվարութիւն կը գործադրուէր»։ Իրականութեան մէջ ո՞վ էր բարբարոսը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին Մուսոլինիի բարբարոսութիւնը դատապարտե՞ց։ Մինչ Պապը երկդիմի ծանուցումներ կ’ընէր, իր եպիսկոպոսները բարձրաձայն կ’օրհնէին իրենց «հայրենիքին»՝ Իտալիոյ, զինեալ ուժերը։ Վատիկանը՝ Բռնաւորներու Դարուն իր գրքին մէջ, Էնթընի Ռոտզ կը տեղեկագրէ.

15 «19 Հոկտեմբեր [1935] թուակիր իր Հովուական Կոնդակով, Ուտինէի [Իտալիա] Եպիսկոպոսը գրեց. ‘Մեզի համար ո՛չ ժամանակն է եւ ոչ ալ տեղին է այս հարցին շիտակ կամ սխալ ըլլալուն մասին կարծիք յայտնել։ Որպէս Իտալացիներ եւ, աւելին ըլլալով, որպէս Քրիստոնեաներ, մեր պարտականութիւնն է մեր զէնքերուն յաջողութեան նպաստել’։ Փատուայի Եպիսկոպոսը 21 Հոկտեմբերին գրեց. ‘Այս դժուար ժամերուն, որոնց մէջէն կ’անցնինք, ձեզմէ կը խնդրենք որ հաւատաք մեր պետական մարդոց եւ զինեալ ուժերուն’։ 24 Հոկտեմբերին, Գրէմոնայի Եպիսկոպոսը գնդային դրօշակներ սրբագործեց եւ ըսաւ. ‘Աստուծոյ օրհնութիւնը այս զինուորներուն հետ ըլլայ, որոնք Ափրիկեան հողին վրայ պիտի գրաւեն նոր եւ բարեբեր հողամասեր իտալական հանճարին համար, եւ անով անոնց պիտի տանին հռովմէական եւ քրիստոնէական մշակոյթը։ Թող որ Իտալիան անգամ մը եւս համայն աշխարհի Քրիստոնեայ մենտորը (դաստիարակը) ըլլայ’»։

16 Ուստի, Հապէշիստանը բռնագրաւուեցաւ, Կաթողիկէ կղերներուն օրհնութեամբ։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը Պօղոս առաքեալի նման կրնա՞յ ըսել. «Անպարտ եմ ամենուն արիւնէն»։—Գործք 20։26

17. Իր կղերները ‘իրենց սուրերը խոփեր’ չշինելուն պատճառաւ, Սպանիա ի՞նչպէս տառապեցաւ։

17 Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Հապէշիստանի վրայ աւելցուցէք ուրիշ երկիր մը որ Մեծն Բաբելոնի պոռնկութեան զոհ գացած է, որ է Սպանիան։ Այդ երկրին մէջ 1936-1939–ի Քաղաքացիական Պատերազմը բռնկեցաւ մասամբ, երբ ժողովրդավարական կառավարութիւնը ուզեց սանձ դնել Կաթողիկէ Եկեղեցիին հսկայական զօրութեան։ Մինչ պատերազմը կը մղուէր, յեղափոխական ուժերու Կաթողիկէ Ֆաշիստ առաջնորդը՝ Ֆրանգոն, ինքզինք նկարագրեց որպէս «Սրբազան Խաչակրութեան Քրիստոնեայ Ընդհանուր Հրամանատար», տիտղոս մը որ հետագային մերժեց։ Այս կռիւներու ընթացքին հարիւր հազարաւոր Սպանիացիներ մեռան։ Ասկէ զատ, պահպանողական հաշուետուութեան մը համաձայն, Ֆրանգոյի Ազգայնամոլները, Ժողովրդային Ճակատի անդամներէն 40,000 հոգի սպաննեցին, իսկ այս վերջինները 8,000 կղերականներ՝ վանականներ, վարդապետներ, մայրապետներ եւ նորընծաներ սպաննեցին։ Քաղաքացիական պատերազմը շատ սարսափելի եւ եղերական եղաւ. ասիկա ցոյց կու տայ Յիսուսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելու իմաստութիւնը. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Իրապէս զզուելի է որ Քրիստոնեայ Աշխարհը այսպիսի զանգուածային արիւնահեղութեան մասնակից եղած է։ Անոր կղերները արդարեւ ‘իրենց սուրերէն խոփեր շինելու’ մէջ թերացած են։—Եսայեայ 2։4

Վաճառականները

18. «Երկրին վաճառականները» որո՞նք են։

18 «Երկրին վաճառականները» որո՞նք են։ Անկասկած մեր օրերուն զանոնք կը կոչենք առեւտրականներ, վաճառականական հսկաներ, մեծ առուծախերով զբաղողներ։ Ասիկա չի նշանակեր որ օրինաւոր առեւտուր ընելը սխալ է։ Աստուածաշունչը իմաստուն խրատներ կու տայ գործի տէրերուն, զանոնք զգուշացնելով անպարկեշտութեան, ագահութեան եւ նման բաներու դէմ։ (Առակաց 11։1. Զաքարեայ 7։9, 10. Յակոբու 5։1-5) «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։6, 17-19) Սակայն, Սատանայի աշխարհը արդար սկզբունքներու չի հետեւիր։ Ապականութիւնը կը վխտայ կրօնքին, քաղաքականութեան եւ մեծ առեւտուրի մէջ։ Պարբերաբար մամուլը պետական բարձր պաշտօնեաներու կողմէ դրամի կորզումի եւ զէնքերու անօրէն առեւտուրի նման խայտառակութիւններ երեւան կը հանէ։

19. Աշխարհի տնտեսութեան մասին ո՞ր իրողութիւնը մեզի կ’օգնէ բացատրելու թէ երկրի վաճառականները ինչո՛ւ գովասանքով չեն յիշուած Յայտնութիւն գրքին մէջ։

19 Ամէն տարի զէնքերու միջազգային առեւտուրը հազար միլիառ տոլարը կ’անցնի. միւս կողմէ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ կեանքի անհրաժեշտ բաներէն զրկուած են։ Ասիկա շատ գէշ է։ Բայց կը թուի թէ սպառազինութիւնը աշխարհի տնտեսութեան հիմերէն մէկն է։ 11 Ապրիլ 1987–ին, Լոնտոնի Սփէքթէյթըր շաբաթաթերթը տեղեկագրեց. «Եթէ միմիայն հաշուենք ուղղակիօրէն անոր հետ կապ ունեցող ճարտարարուեստները՝ Մ.Ն. մէջ շուրջ 400,000, իսկ Եւրոպայի մէջ 750,000 անհատներ կը գործեն։ Բայց շատ հետաքրքրականօրէն, մինչ զէնքեր շինելու ընկերային եւ տնտեսական դերը աւելցած է, սակայն զանոնք արտադրողներուն լաւ պաշտպանուած ըլլալու հարցը երկրորդական եղած է»։ Համայն երկրի վրայ, հսկայական շահեր ձեռք ձգուած են ռումբերու եւ ուրիշ զէնքերու առուծախէն, նոյնիսկ՝ հաւանական թշնամիներու։ Օրին մէկը, այս ռումբերը կրնան ողջակիզութեան դուռ բանալ եւ կործանել զանոնք ծախողները։ Ի՜նչ հակասական բաներ։ Ասոր վրայ աւելցուցէք կաշառքը, որ շատ սովորական է զէնքերու ճարտարարուեստին մէջ։ Սփէքթէյթըր–ի համաձայն, միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, «ամէն տարի Փենթակոնը անբացատրելիօրէն 900 միլիոն տոլարի համարժէք զէնքեր եւ գործիքներ կը կորսնցնէ»։ Զարմանալի չէ որ Յայտնութիւն գրքին մէջ երկրին վաճառականները գովասանքով յիշուած չեն։

20. Ո՞ր օրինակով կը տեսնուի առեւտրական պիղծ գործունէութիւններու մէջ կրօնքին միջամուխ ըլլալը։

20 Ինչպէս փառաւոր հրեշտակը նախագուշակեց, կրօնքը այսպիսի առեւտրական պիղծ գործունէութիւններու մէջ թաթախուած է։ Օրինակի համար, 1982–ին, Իտալիոյ Ամպրոսիանօ Դրամատան սնանկացման մէջ Վատիկանը ձեռք ունէր։ 1980–ական թուականներուն այս հարցը քաշկռտուեցաւ, բայց՝ ‘Դրամը ո՞ւր գնաց’ հարցումը անպատասխան մնաց։ 1987–ի Փետրուարին, Միլանի դատաւորները արտօնագիր մը հանեցին Վատիկանի երեք եկեղեցականներ ձերբակալելու համար՝ մէկը Ամերիկացի արքեպիսկոպոս մը, որոնք ամբաստանուած էին որպէս խարդախ սնանկացումի մեղսակիցներ, բայց Վատիկանը մերժեց զանոնք յանձնել։ 1987–ի Յուլիսին, բողոքի բարձր ալիքի մը մէջ, այդ արտօնագրերը չեղեալ համարուեցան Իտալիոյ բարձրագոյն Վերաքննիչ Ատեանին կողմէ, Վատիկանի եւ իտալական կառավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հին համաձայնութեան մը հիման վրայ։

21. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուս իր օրուան հարցական եղող առեւտրական գործունէութիւններու հետ առնչութիւն չունեցաւ, իսկ ներկայիս բաբելոնական կրօնքին պարագան ի՞նչ է։

21 Արդեօք Յիսուս իր օրերուն հարցական եղող առեւտրական գործունէութիւններու միջամուխ եղա՞ւ։ Ո՛չ. ան ստացուածք իսկ չունէր, քանի որ ‘իր գլուխը դնելու տեղ չունէր’։ Յիսուս հարուստ երիտասարդ իշխանի մը հետեւեալ խրատը տուաւ. «Քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ Ատիկա լաւ խրատ մըն էր, քանի որ անհատը պիտի ձերբազատուէր առեւտուրի վերաբերեալ բոլոր մտահոգութիւններէն։ (Ղուկաս 9։58. 18։22) Բայց ասոր հակառակը, Մեծն Բաբելոնը յաճախ մեծ առեւտուրի աշխարհին հետ անախորժ կապեր զարգացուցած է։ Օրինակ, 1987–ին, Էլպանի Թայմզ Եունիըն օրաթերթը տեղեկագրեց որ, Միամիի, Ֆլորիտա (Ա.Մ.Ն.), Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի ելեւմուտքի խնամակալը ընդունեց որ եկեղեցին՝ կորիզային զէնքեր շինող, 18–էն վար եղողներուն արգիլուած շարժապատկերներ պատրաստող եւ ծխախոտի ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր ունի։

«Ելէ՛ք Ատոր Մէջէն, Իմ Ժողովուրդս»

22. (ա) Երկինքէն ձայն մը ի՞նչ կ’ըսէ։ (բ) Ի՞նչ բան Աստուծոյ ժողովուրդին ուրախութեան պատճառ եղաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին եւ Հ.Դ. 1919–ին։

22 Յովհաննէսի յաջորդ խօսքերը մարգարէական պատկերին ուրիշ մէկ կատարումը կը նշեն. «Ու երկնքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք’»։ (Յայտնութիւն 18։4) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ վաղեմի Բաբելոնի անկումին մասին մարգարէութիւններն ալ իր ժողովուրդին ուղղուած Եհովայի հետեւեալ պատուէրը կը պարունակեն. «Բաբելոնէն փախէ՛ք»։ (Երեմեայ 50։8, 13) Նմանապէս, Մեծն Բաբելոնի մօտալուտ կործանումին ի տես, Աստուծոյ ծառաներուն այժմ յորդոր տրուած է որ փախչին։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, Բաբելոնէն փախչելու պատեհութիւնը շատ մեծ ուրախութիւն պատճառեց հաւատարիմ Իսրայելացիներուն։ Նոյն կերպով, 1919–ին, Աստուծոյ ծառաներն ալ մեծապէս ուրախացան բաբելոնական գերութենէն ազատագրուելով։ (Յայտնութիւն 11։11, 12) Անկէ ի վեր, միլիոնաւորներ հնազանդած են անկէ փախչելու հրամանին։

23. Երկնքէն եկած ձայն մը ի՞նչպէս կը շեշտէ Մեծն Բաբելոնէն փախչելու ստիպողականութիւնը։

23 Արդեօք Մեծն Բաբելոնէն փախչիլը, աշխարհի կրօնքներէն մեր անդամակցութիւնը քաշելը եւ ամբողջովին զատուիլը ա՞յդքան ստիպողական է։ Այո՛, քանի որ Մեծն Բաբելոնի՝ կրօնական այս դարաւոր հրէշութեան՝ Աստուծոյ տեսանկիւնէն պէտք է նայիլ։ Ան առանց քաշուելու զինք մեծ պոռնիկ կը կոչէ։ Արդ, երկինքէն եկող ձայնը յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ Յովհաննէսի, այս վատահամբաւ կնոջ մասին. «Վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց։ Հատուցանեցէք ատոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց ու իր գործերուն համեմատ կրկնապատիկ փոխարինեցէք ատոր։ Այն գաւաթը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատիկ լեցուցէք իրեն։ Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. վասն զի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. ‘Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ’։ Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները՝ մահ ու սուգ եւ սով ու կրակով պիտի այրի. վասն զի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց»։—Յայտնութիւն 18։5-8

24. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանէ խուսափելու համար պէտք է փախչի Մեծն Բաբելոնէն։ (բ) Անոնք որոնք Մեծն Բաբելոնէն չեն փախչիր, անոր ո՞ր յանցանքներուն մասնակից պիտի ըլլան։

24 Ի՜նչ կճող խօսքեր։ Ուստի, պէտք է գործի լծուիլ։ Երեմիան իր օրուան Իսրայելացիները յորդորեց որ գործի լծուին, ըսելով. «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։ . . . Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է, ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։ Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն»։ (Երեմեայ 51։6, 45) Նոյն կերպով, երկինքէն եկած ձայնը ներկայիս ալ Աստուծոյ ծառաներուն կ’ազդարարէ որ Մեծն Բաբելոնէն փախչին, որպէսզի անոր հարուածներուն մասնակից չըլլան։ Այս աշխարհի՝ մէջը ըլլալով Մեծն Բաբելոնի, վրայ Եհովայի պատուհասանման դատաստանները կը ծանուցանուին հիմա։ (Յայտնութիւն 8։1–9։21. 16։1-21) Աստուծոյ ծառաները պէտք է բաժնուին սուտ կրօնքէն, եթէ չեն ուզեր այդ պատուհասներուն մասնակից ըլլալ եւ անոր հետ ի վերջոյ բնաջնջուիլ։ Ասկէ զատ, այդ կազմակերպութեան մէջ մնալով անոր մեղքերուն հաղորդ պիտի ըլլան։ Անոնք անոր նման յանցաւոր պիտի ըլլան հոգեւոր պոռնկութեամբ եւ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն» արիւնահեղութեամբ։—Յայտնութիւն 18։24. համեմատել՝ Եփեսացիս 5։11. Ա. Տիմոթէոս 5։22

25. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ կերպերով վաղեմի Բաբելոնէն դուրս ելաւ։

25 Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս կ’ելլէ Մեծն Բաբելոնէն։ Վաղեմի Բաբելոնի պարագային, Հրեաները բառացի ճամբորդութիւն մը պէտք էր ընէին Բաբելոն քաղաքէն մինչեւ Խոստացեալ Երկիրը վերադառնալու համար։ Բայց ասկէ շատ աւելին պարփակուած էր անոր մէջ։ Եսայի մարգարէաբար ըսաւ Իսրայելացիներուն. «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ»։ (Եսայեայ 52։11) Այո, անոնք Եհովայի մատուցած իրենց պաշտամունքը արատաւորող բաբելոնական կրօնքին բոլոր անմաքուր բաները պէտք էր լքէին։

26. Կորնթացի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս հնազանդեցան ‘անոնց մէջէն ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք’ խօսքերուն։

26 Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Եսայիի խօսքերը մէջբերեց, ըսելով. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ . . . ‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք’»։ Այդ պատուէրին հնազանդելու համար, Կորնթացի Քրիստոնեաները Կորնթոսէն դուրս գալու կարիքը չունէին։ Սակայն, անոնք սուտ կրօնքի պիղծ տաճարներէն բառացիօրէն պէտք էր խուսափէին, ինչպէս նաեւ հոգեւորապէս իրենք զիրենք զատէին այդ կռապաշտներուն անմաքուր արարքներէն։ 1919–ին, Աստուծոյ ժողովուրդը սկսաւ այս կերպով փախչիլ Մեծն Բաբելոնէն, ինքզինք մաքրելով մնացած պիղծ ուսուցումներէն ու սովորութիւններէն։ Ուստի, անոնք կրցան Իրեն ծառայել որպէս իր մաքրուած ժողովուրդը։—Բ. Կորնթացիս 6։14-17. Ա. Յովհաննու 3։3

27. Ի՞նչ նմանութիւններ կան վաղեմի Բաբելոնին եւ Մեծն Բաբելոնին վրայ եկած դատաստաններուն միջեւ։

27 Վաղեմի Բաբելոնի անկումը եւ վերջնական աւերումը, անոր մեղքերուն հատուցումն էր։ «Վասնզի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ»։ (Երեմեայ 51։9) Նմանապէս, Մեծն Բաբելոնի մեղքերը ‘մինչեւ երկինք հասած’ ըլլալով, Եհովայի ուշադրութեան արժանացած է։ Անիկա անիրաւութեամբ, կռապաշտութեամբ, անբարոյութեամբ, հարստահարութեամբ, գողութեամբ եւ սպանութեամբ յանցաւոր է։ Վաղեմի Բաբելոնի անկումը մասամբ Եհովայի տաճարին եւ իր ճշմարիտ երկրպագուներուն իր ըրածին փոխարէն վրէժխնդրութիւն մըն էր։ (Երեմեայ 50։8, 14. 51։11, 35, 36) Մեծն Բաբելոնի անկումը եւ անոր վերջնական կործանումն ալ դարերու ընթացքին ճշմարիտ երկրպագուներուն դէմ իր ըրած բաներուն վրիժառութիւնն է։ Արդարեւ, անոր վերջնական կործանումը, «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օր»ուան սկիզբը պիտի նշէ։—Եսայեայ 34։8-10. 61։2. Երեմեայ 50։28

28. Եհովա արդարութեան ի՞նչ չափանիշ կը կիրարկէ Մեծն Բաբելոնի վրայ եւ ինչո՞ւ։

28 Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, եթէ Իսրայելացի մը իր քաղաքացիէն բան մը գողնար, առնուազն անոր կրկինը պէտք էր հատուցանէր։ (Ելից 22։1, 4, 7, 9) Մեծն Բաբելոնի մօտալուտ կործանումին, Եհովա նոյնանման արդար չափանիշ մը պիտի կիրարկէ։ Ան իր ըրածին կրկինը պիտի ստանայ։ Որեւէ ողորմութիւն պիտի չցուցաբերուի, քանի որ Մեծն Բաբելոնը որեւէ ողորմութիւն ցոյց չէ տուած իր զոհերուն հանդէպ։ Ան երկրի ժողովուրդներուն հաշւոյն «զեղխութեամբ ապրեցաւ»։ Արդ, տառապանք ու սուգ պիտի վայելէ։ Վաղեմի Բաբելոնը կը խորհէր որ ինք բացարձակապէս ապահով դիրք մը ունէր։ Ան յոխորտալով ըսաւ. «Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։ (Եսայեայ 47։8, 9, 11) Մեծն Բաբելոնն ալ ինքզինք ապահով կը խորհի։ Բայց անոր կործանման հրամանը «հզօր» Եհովայէ ելած ըլլալով, արագ կերպով, որպէս թէ «մէկ օրուան մէջ» պիտի գայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 263]

«Թագաւորները անոր հետ պոռնկացան»

1800–ական թուականներու սկիզբը Եւրոպացի վաճառականներ ապօրինի կերպով մեծ քանակութեամբ ափիոն կը մտցնէին Չինաստան։ 1839–ի Մարտին, Չինացի պաշտօնեաներ փորձեցին վերջ դնել այս անօրէն առեւտուրին, Բրիտանացի վաճառականներէն 20,000 սնտուկ թմրեցուցիչ գրաւելով։ Ասիկա Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի միջեւ լարուած վիճակ մը ստեղծեց։ Երբ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, Բողոքական կարգ մը միսիոնարներ հետեւեալին նման նախադասութիւններով քաջալերեցին որ Բրիտանիան պատերազմի ձեռնարկէ.

«Այս դժուարութիւնները ո՜րքան կ’ուրախացնեն իմ հոգիս, որովհետեւ կը խորհիմ որ անգլիական կառավարութիւնը կրնայ զայրանալ, եւ Աստուած Իր զօրութեամբ կրնայ քանդել այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան որ Քրիստոսի Աւետարանը Չինաստան մտնէ»։—Հէնրիէթա Շագ, Հարաւային Մկրտչական միսիոնար

Վերջապէս պատերազմը ծագեցաւ. պատերազմ մը որ ներկայիս ծանօթ է որպէս Ափիոնի Պատերազմ։ Միսիոնարներ սրտանց քաջալերեցին Բրիտանիան, հետեւեալին նման արտայայտութիւններով.

«Ստիպուած եմ ներկայ կացութեան մասին մտածելու ո՛չ որպէս ափիոնի կամ անգլիական հարց, այլ աւելի, որպէս Նախախնամութեան մեծ ծրագիրը, որ մարդուն չարութիւնը գործածելով Չինաստանի հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց կու տայ, զինք անջատող պատը քանդելով»։—Փիթըր Փարգըր, Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար

Ժողովական Եկեղեցիի ուրիշ միսիոնար մը, Սամուէլ Ու. Ուիլիըմզ, աւելցուց. «Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնուի պատահած բոլոր ուշագրաւ բաներուն մէջ։ Մենք չենք կասկածիր թէ Ան, որ ըսաւ որ Ինք սուր ձգելու եկած էր երկրի վրայ, եկած է հոս թէ՛ Իր թշնամիները արագօրէն կործանելու եւ թէ Իր թագաւորութիւնը հաստատելու համար։ Ան տակնուվրայ ու տակնուվրայ պիտի ընէ, մինչեւ որ Խաղաղութեան Իշխանը հաստատէ»։

Ազգութեամբ Չինացի եղողներու ահռելի ջարդին ակնարկելով, միսիոնար մը, Ժ. Լէուիս Շագ գրեց. «Այսպիսի տեսարաններ կը նկատեմ . . . որպէս Տէրոջ կողմէ գործածուած ուղղակի գործիքներ, Աստուածային Ճշմարտութեան յառաջխաղացքին արգելք եղող աղբերը մաքրելու համար»։

Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար, Էլայժա Գ. Պրիճմէն աւելցուց. «Աստուած Իր թագաւորութեան ճամբան պատրաստելու համար յաճախ աշխարհիկ հզօր բազուկը գործածած է . . . Այս կարեւոր պահերուն գործիքը մարդկային է, իսկ առաջնորդող ուժը՝ աստուածային։ Բոլոր ազգերուն վեհ կառավարիչը Անգլիան գործածած է Չինաստանը պատժելու եւ նուաստացնելու համար»։—Մէջբերումները կատարուած են՝ «Նպատակներ ու Միջոցներ» քննասիրութենէն, Սթուըրտ Գրէյթըն Միլլըրի կողմէ, 1974. հրատարակուած՝ Չինաստանի եւ Ամերիկայի Մէջ Միսիոնարական Ձեռնարկ գրքին մէջ (Հարվըրտական Ուսումնասիրութիւն, խմբագրուած Ճոն Գ. Ֆէյրպէնգի կողմէ)։

[Նկար՝ էջ 264]

‘Վաճառականները հարստացան’

«1929–էն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկսիլը, Վատիկանի ելեւմուտքի խնամակալը՝ [Պերնատինօ] Նոկարան՝ Վատիկանի դրամագլուխը եւ գործակալները Իտալիոյ տնտեսութեան տարբեր մարզերու մէջ աշխատցուց. մասնաւորաբար ելեկտրական հոսանքի, հեռաձայնային հաղորդագրութեանց, վարկի ու դրամատան, պզտիկ երկաթուղիի եւ հողագործական մեքենաներու, շաղախի եւ հիւսուածեղէնի արուեստական թելերու արտադրութեան մէջ։ Այս ներդրումներէն շատերը շահաբեր եղան։

«Նոկարան ձեռքը դրաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու վրայ, մէջը ըլլալով Լա Սոսիէթա Իթալիանա տէլլա Վիզգոզա, Լա Սուբէրթէսսիլէ, Լա Սոսիէթա Մերիտիոնալէ Ինտուստրիէ Թէսսիլի, եւ Լա Սիզարիոն։ Այս բոլորը մէկ ընկերութեան մէջ միաձուլեց, զոր կոչեց CISA-Viscosa եւ զայն յանձնեց Պարոն Ֆրանչէսգօ Մարիա Օտասոյի խնամակալութեան, որ Վատիկանի ամենավստահելի աշխարհականն էր։ Ապա Նոկարան այնպէս մը ըրաւ որ այս նոր ընկերութիւնը Իտալիոյ հիւսուածեղէնի մեծագոյն գործարանին՝ SNIA-Viscosa–ի կողմէ կլանուի։ Վերջապէս SNIA-Viscosa–ի հանդէպ Վատիկանի հետաքրքրութիւնը հետզհետէ աւելցաւ ու ժամանակի ընթացքին իր ղեկավարութեան ներքեւ բերաւ զայն. հետագային Պարոն Օտասոյին անոր փոխ–նախագահ ըլլալը կը վկայէ ասոր։

«Այս կերպով Նոկարան հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մէջ մտաւ։ Ան ուրիշ ճարտարարուեստներու մէջ ալ մտաւ գործածելով տարբեր տեսակի աճպարարութիւններ։ Այս անշահախնդիր մարդը . . . Իտալիոյ պատմութեան մէջ հաւանաբար ուրիշ ոեւէ առեւտրականէ աւելի Իտալիոյ տնտեսականութեան կեանք տուաւ . . . Պենիթօ Մուսոլինին իր երազած կայսրութիւնը բնաւ չկրցաւ իրականացնել, բայց թոյլ տուաւ որ Վատիկանը եւ Պերնատինօ Նոկարան ուրիշ տեսակի տէրութիւն մը ստեղծեն»։—Վատիկանի Կայսրութիւնը, Նինօ Լօ Պէլլոյի կողմէ, էջ 71-73։

Ասիկա միմիայն օրինակ մըն է երկրի վաճառականներուն եւ Մեծն Բաբելոնի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ համագործակցութեան։ Զարմանալի չէ որ այս վաճառականները պիտի ողբան, երբ իրենց առեւտրական լծակիցը մէջտեղէն վերցուի։

[Նկար՝ էջ 259]

Երբ մարդիկ ամբողջ երկրի վրայ ցրուեցան, բաբելոնական կրօնքը իրենց հետ տարին

[Նկարներ՝ էջ 261]

Յովհաննէս դասակարգը դէտի մը նման կը ծանուցանէ որ Բաբելոնը ինկած է

[Նկար՝ էջ 266]

Վաղեմի Բաբելոնի աւերակները կը գուշակեն Մեծն Բաբելոնի աւերումը