Յաղթանակի նոր երգը կ’երգեն
Գլուխ 29
Յաղթանակի նոր երգը կ’երգեն
Տեսիլք 9—Նիւթ. 144,000–ը Գառնուկին հետ Սիօն Լերան վրայ են. հրեշտակային ծանուցումներ կ’ըլլան համայն երկրի վրայ. բերքը կը հնձուի
Կատարման ժամանակ. 1914–էն մինչեւ մեծ նեղութիւն
1. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք Յայտնութիւն 7, 12 եւ 13–րդ գլուխներէն, իսկ հիմա ի՞նչ պիտի սորվինք։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ յաջորդ տեսիլքին անցնիլը ո՜րքան կը թարմացնէ մեզ։ Վիշապին այլանդակ՝ գազանանման կազմակերպութիւններուն փոխարէն, հիմա կը տեսնենք Եհովայի հաւատարիմ ծառաները եւ տէրունական օրուան ընթացքին անոնց գործունէութիւնը։ (Յայտնութիւն 1։10) Արդէն, Յայտնութիւն 7։1, 3–ը մեզի յայտնեց որ կործանումի չորս հովերը ետ պահուած են, մինչեւ որ այս 144,000 օծեալ ծառաներուն բոլորը կնքուին։ Յայտնութիւն 12։17–ը մեզի գիտցուց որ այդ միջոցին կնոջ սերունդին «միւս զաւակներ»ը Սատանային՝ վիշապին, յարձակման մասնաւոր թիրախը կ’ըլլան։ Իսկ Յայտնութիւն 13–րդ գլուխը վառ կերպով նկարագրեց որ երկրի վրայ քաղաքական կազմակերպութիւններ ելած են Սատանային կողմէ, մեծ ճնշում եւ անգութ հալածանք բերելու համար Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ։ Բայց այդ գերթշնամին չի կրնար Աստուծոյ նպատակները ի դերեւ հանել։ Հիմա պիտի սորվինք որ հակառակ Սատանայի չարաբաղձ գործունէութեան, 144,000–ի լման թիւը յաղթականօրէն կը հաւաքուի։
2. Յայտնութիւն 14։1–ի մէջ, Յովհաննէս ուրախ վախճանի մը ի՞նչ նախատեսիլը կու տայ եւ ո՞վ է Գառնուկը։
2 Յովհաննէսի, եւ իրեն հետ ներկայիս Յովհաննէս դասակարգին, այդ ուրախ վախճանին նախատեսիլը կը տրուի. «Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։ (Յայտնութիւն 14։1) Ինչպէս տեսանք, այս Գառնուկը նոյն Միքայէլն է, որ Սատանան եւ իր դեւերը վար նետելով երկինքը մաքրած է։ Ան այն Միքայէլն է, զոր Դանիէլ կը նկարագրէ որպէս Աստուծոյ ‘ժողովուրդին որդիներուն վրայ կեցած’, որ Եհովայի արդար դատաստանները գործադրելու համար ‘ելլելու’ կը պատրաստուի։ (Դանիէլ 12։1. Յայտնութիւն 12։7, 9) 1914–էն ի վեր, Աստուծոյ այս անձնազոհ Գառնուկը որպէս Մեսիական Թագաւոր Սիօն Լերան վրայ կեցած է։
3. ‘Սիօն լեռը’ ի՞նչ է, որուն վրայ ‘կայնած’ են Գառնուկը եւ 144,000–ը։
3 Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Եհովա նախագուշակած էր. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։ (Սաղմոս 2։6. 110։2) Ասիկա այլեւս երկրային Սիօն Լերան, երկրային Երուսաղէմի աշխարհագրական վայրին չ’ակնարկեր, ուր Դաւիթի շառաւիղէն մարդկային թագաւորներ կ’իշխէին։ (Ա. Մնացորդաց 11։4-7. Բ. Մնացորդաց 5։2) Քանի որ Հ.Դ. 33–ին, իր մահուընէ եւ յարութենէն ետք, Յիսուս որպէս անկիւնաքար դրուած է երկնային Սիօն Լերան վրայ, երկնային վայր մը, ուր Եհովա որոշեց դնել ‘կենդանի Աստուծոյ քաղաքը, երկնաւոր Երուսաղէմը’։ Հետեւաբար, հոս ‘Սիօն լեռը’ կը ներկայացնէ, երկնաւոր Երուսաղէմը՝ այսինքն Թագաւորութիւնը կազմող, Յիսուսի եւ իր ժառանգակիցներուն բարձրացուած դիրքը։ (Եբրայեցիս 12։22, 28. Եփեսացիս 3։6) Անիկա արքայական այն փառաւոր դիրքն է, որու մէջ կը բերէ զիրենք Եհովա, տէրունական օրուան ընթացքին։ Դարերէ ի վեր, օծեալ Քրիստոնեաները որպէս «կենդանի քարեր», անձկագին սպասած են որ այդ երկնաւոր Սիօն Լերան վրայ կայնին, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսի միանալով, իր վեհաշուք Թագաւորութեան մէջ։—Ա. Պետրոս 2։4-6. Ղուկաս 22։28-30. Յովհաննու 14։2, 3
4. Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ ամբողջ 144,000–ը կայնած է Սիօն Լերան վրայ։
4 Յովհաննէս ոչ միայն Յիսուսը, հապա երկնային Թագաւորութեան 144,000 ժառանգորդներու ամբողջ մարմինը կը տեսնէ, Սիօն Լերան վրայ կայնած։ Տեսիլքին մէջի դէպքերուն կատարուած ժամանակ, 144,000–էն շատեր՝ բայց ո՛չ բոլորը, արդէն երկնքի մէջ են։ Տեսիլքին մէջ քիչ մը անդին, Յովհաննէս կը տեղեկանայ որ սուրբերէն ոմանք տակաւին պէտք է համբերեն եւ հաւատարիմ մեռնին։ (Յայտնութիւն 14։12, 13) Հետեւաբար, բացայայտ է որ 144,000–էն ոմանք տակաւին երկրի վրայ են։ Արդ, Յովհաննէս ի՞նչպէս բոլորը կը տեսնէ Յիսուսի հետ Սիօն Լերան վրայ կայնած։ * Այն առումով որ, որպէս օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքի անդամներ, անոնք արդէն «Սիօն լերան մօտեցեր [են] ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին»։ (Եբրայեցիս 12։22) Երկրի վրայ եղած ժամանակ ճիշդ Պօղոսի նման, անոնք արդէն՝ հոգեւոր առումով՝ յարուցանուած են, երկնքի մէջ Քրիստոս Յիսուսի հետ ըլլալու համար։ (Եփեսացիս 2։5, 6) Ասկէ զատ, 1919–ին, անոնք՝ «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք» հրաւէրին ընդառաջեցին, եւ այլաբանօրէն «ամպով երկինք բարձրացան»։ (Յայտնութիւն 11։12) Այս համարներուն հիման վրայ, կրնանք տեսնել որ հոգեւոր առումով 144,000–ը Յիսուս Քրիստոսի հետ երկնային Սիօն Լերան վրայ են։
5. Որո՞նց անունները գրուած են 144,000–ի ճակատներուն վրայ, եւ իւրաքանչիւր անուան նշանակութիւնը ի՞նչ է։
5 144,000–ը գազանին երկրպագուներուն հետ որեւէ գործ չունի, որոնք խորհրդանշական 666 թիւով դրոշմուած են։ (Յայտնութիւն 13։15-18) Ճիշդ հակառակը, այս հաւատարիմները իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ եւ Գառնուկին անունները գրուած ունին։ Յովհաննէս, Հրեայ մը ըլլալով, անկասկած Աստուծոյ անունը Եբրայերէնով տեսաւ՝ יהוה։ * Յիսուսի Հօրը անունը այլաբանօրէն իրենց ճակատներուն վրայ գրուած ունենալով, այս կնքուածները բոլորին կը գիտցնեն որ իրենք Եհովայի վկաներ, Իր ծառաներն են։ (Յայտնութիւն 3։12) Անոնց ճակատներուն վրայ Յիսուսի անունն ալ գրուած ըլլալը կը նշէ որ անոնք կ’ընդունին որ Յիսուսի կը պատկանին։ Ան իրենց ապագայ «այր»ն է եւ իրենք անոր խոստացուած «հարս»ն են, «նոր ստեղծուած մը», որոնք երկնային կեանքի ակնկալութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն։ (Եփեսացիս 5։22-24. Յայտնութիւն 21։2, 9. Բ. Կորնթացիս 5։17) Եհովայի եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ անոնց ունեցած մտերիմ յարաբերութիւնը իրենց ամբողջ խորհուրդներուն եւ արարքներուն կ’ազդէ։
Որպէս թէ Նոր Երգ մը կ’Երգէին
6. Յովհաննէս ի՞նչ երգեցողութիւն կը լսէ եւ ան ի՞նչպէս կը նկարագրէ զայն։
6 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։ Եւ [«որպէս թէ», ՆԱ] նոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին»։ (Յայտնութիւն 14։2, 3) Զարմանալի չէ որ ամբողջ 144,000–ին ձայներուն միացումով կատարուած քաղցրահնչիւն խմբերգը լսելը Յովհաննէսի յիշեցուց շատ ջուրերու եւ որոտումի ձայն։ Իսկ անոր ընկերակցող քնարներուն ձայնը ո՜րքան հաճելի ըլլալու էր։ (Սաղմոս 81։2) Երկրի վրայ կա՞յ երգչախումբ մը որ կրնայ այդ շքեղ երգչախումբին վայելչութեան հետ մրցիլ։
7. (ա) Յայտնութիւն 14։3–ի նոր երգը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ Սաղմոս 149։1–ի երգը նոր է մեր օրերուն։
7 Իսկ այս «նոր երգ»ը ի՞նչ է։ Ինչպէս նկատի առինք երբ քննարկեցինք Յայտնութիւն 5։9, 10–ը, այս երգը Եհովայի Թագաւորութեան նպատակներուն եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, հոգեւոր Իսրայէլը «մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ» ընելու իր հոյակապ կարգադրութեան առնչուած է։ Անիկա Եհովայի մատուցուած փառաբանութեան երգ մըն է, որ կը ծանուցանէ իր իրագործած նոր բաները՝ Աստուծոյ Իսրայէլին միջոցաւ եւ անոր ի նպաստ։ (Գաղատացիս 6։16) Այս հոգեւոր Իսրայէլի անդամները կ’ընդառաջեն սաղմոսերգուին սա հրաւէրին. «Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։ Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ»։ (Սաղմոս 149։1, 2) Ճիշդ է որ այս խօսքերը դարեր առաջ գրուած էին, բայց մեր օրերուն անոնք նոր հասկացողութեամբ մը կ’երգուին։ 1914–ին Մեսիական Թագաւորութիւնը ծնաւ։ (Յայտնութիւն 12։10) 1919–ին, երկրի վրայ Եհովայի ծառաները սկսան վերանորոգուած եռանդով ծանուցանել «թագաւորութեան խօսքը»։ (Մատթէոս 13։19) 1919–ի տարուան համարէն (Եսայեայ 54։17) ոգեւորուած եւ հոգեւոր դրախտի մէջ վերահաստատուելէն քաջալերուած, այդ տարին անոնք սկսան ‘սաղմոս ըսել Տէրոջը իրենց սրտերուն մէջ’։—Եփեսացիս 5։19
8. Ինչո՞ւ Յայտնութիւն 14։3–ի նոր երգը միայն 144,000–ը կրնայ սորվիլ։
8 Սակայն, ինչո՞ւ միայն 144,000–ը կարող է սորվիլ Յայտնութիւն 14։3–ի մէջ յիշուած երգը։ Քանի որ անիկա որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան ընտրուած ժառանգորդներ իրենց ունեցած փորձառութեանց հետ կապ ունի։ Միայն իրենք են որ որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ որդիներ եւ սուրբ հոգիէն օծուած։ Միայն իրենք են որ երկրէ գնուած են երկնային Թագաւորութեան մաս կազմելու համար, եւ միայն իրենք են որ ‘քահանաներ պիտի ըլլան ու պիտի թագաւորեն’ Յիսուս Քրիստոսի հետ հազար տարի, մինչեւ որ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնեն։ Միայն իրենք են որ Եհովայի ներկայութեան ‘որպէս թէ նոր երգ մը կ’երգեն’։ * Այս անզուգական փորձառութեանց ու ակնկալութեանց պատճառաւ, անոնք մասնայատուկ գնահատութիւն ունին Թագաւորութեան հանդէպ եւ կարող են անոր մասին այնպէս մը երգել, որ ուրիշ ոեւէ մէկը չի կրնար երգել։—Յայտնութիւն 20։6. Կողոսացիս 1։13. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։11, 12
9. Մեծ բազմութիւնը օծեալներու երգին ի՞նչպէս ընդառաջած է եւ այս կերպով ո՞ր յորդորը կատարած է։
9 Սակայն, ուրիշներ մտիկ կ’ընեն եւ կ’ընդառաջեն անոնց երգին։ 1935–էն ի վեր, ուրիշ ոչխարներու հետզհետէ աճող մեծ բազմութիւն մը լսած է անոնց յաղթական երգը եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հրատարակելու համար անոնց միանալու մղուած է։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9) Ճիշդ է որ այս նորեկները չեն կրնար ճշգրտօրէն սորվիլ այն նոր երգը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ապագայ թագաւորները կ’երգեն։ Բայց անոնք ալ Եհովայի փառաբանութեան երգ մը կը թնդացնեն եւ ասիկա Եհովան կը գովաբանէ իր կատարած նոր բաներուն համար։ Այս կերպով անոնք կը կատարեն սաղմոսերգուին յորդորը. «Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։ Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։ Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. ‘Տէրը կը թագաւորէ’»։—Սաղմոս 96։1-3, 7, 10. 98։1-9
10. Ի՞նչպէս 144,000–ը կրնայ այլաբանական 24 երէցներուն «առջեւ» երգել։
10 Ի՞նչպէս 144,000–ը կրնայ երգել երէցներուն «առջեւ», երբ 24 երէցները 144,000–ն են իրենց երկնային փառաւոր դիրքին մէջ։ Տէրունական օրուան սկիզբը, «Քրիստոսով մեռածները» յարուցուեցան որպէս հոգեղէն արարածներ։ Հետեւաբար, յաղթած ու հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները ներկայիս երկինքն են, եւ այլաբանօրէն քահանայական երէցներու 24 դասերուն նման պաշտօններ կը կատարեն։ Անոնք Եհովայի երկնային կազմակերպութեան տեսիլքին մէջ պարփակուած են։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15, 16. Ա. Մնացորդաց 24։1-18. Յայտնութիւն 4։4. 6։11) Ուրեմն, տակաւին երկրի վրայ եղող 144,000–ի մնացորդն է որ նոր երգը կ’երգէ երկնքի մէջ յարուցանուած իր եղբայրներուն առջեւ, կամ անոնց դիմաց։
11. Ինչո՞ւ օծեալ յաղթողներուն ակնարկուած է թէ՛ որպէս 24 երէցներ եւ թէ որպէս 144,000։
11 Արդ, հոս ուրիշ հարցում մը կրնանք ուղղել. ‘Ինչո՞ւ այս օծեալ յաղթողներուն ակնարկուած է թէ՛ որպէս այլաբանական 24 երէցներ եւ թէ որպէս 144,000’։ Քանի որ Յայտնութիւնը այս նոյն խումբը երկու տեսանկիւնէ կը դիտէ։ 24 երէցները միշտ ցոյց տրուած են որպէս Եհովայի աթոռին շուրջ իրենց վերջնական դիրքը գրաւած, երկնքի մէջ որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ տեղաւորուած։ Անոնք 144,000–ի ամբողջ խումբը կը խորհրդանշեն իրենց երկնային դիրքին մէջ, թէեւ ներկայիս տակաւին անոնցմէ քիչ թիւով մնացորդ մը կայ երկրի վրայ։ (Յայտնութիւն 4։4, 10. 5։5-14. 7։11-13. 11։16-18) Բայց Յայտնութիւն 7–րդ գլուխը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ 144,000–ին վրայ, որպէս մարդոց մէջէն գնուած, եւ շեշտը կը դնէ հոգեւոր Իսրայելացիներու լման թիւը կնքելու եւ անհամար մեծ բազմութեան փրկութիւն շնորհելու Եհովայի հոյակապ նպատակին վրայ։ Յայտնութիւն 14–ը պատկեր մը կը գծէ, հաստատելով որ Թագաւորութեան դասակարգի 144,000 յաղթող անդամները Գառնուկին հետ Սիօն Լերան վրայ պիտի հաւաքուին։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, հոս կը խօսուի նաեւ 144,000–էն ըլլալու համար պահանջուած որակումներուն մասին։ *
Գառնուկին Հետեւորդները
12. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը շարունակէ նկարագրել 144,000–ը։ (բ) Ի՞նչ առումով 144,000–ը կոյսեր են։
12 «Երկրէն գնուած» 144,000–ի մասին Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են»։ (Յայտնութիւն 14։4, 5) 144,000–ին «կոյս» ըլլալը չի թելադրեր որ այս դասակարգի անդամները անպայմանօրէն ամուսնացած չեն։ Երկնային կոչում ունեցող Կորնթացիներուն Պօղոս առաքեալ գրեց, որ թէեւ ամուրի մնալով Քրիստոնեան առաւելութիւններ ունէր, կարգ մը պարագաներուն սակայն, ամուսնութիւնը նախընտրելի էր։ (Ա. Կորնթացիս 7։1, 2, 36, 37) Այս դասակարգը յատկանշողը հոգեւոր կուսութիւնն է։ Անոնք աշխարհի քաղաքականութեան ու սուտ կրօնքին հետ հոգեւոր շնութենէ խուսափած են։ (Յակոբու 4։4. Յայտնութիւն 17։5) Որպէս Քրիստոսի նշանածը, անոնք իրենք զիրենք մաքուր պահած են, «առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ»։—Փիլիպպեցիս 2։15
13. Ինչո՞ւ 144,000–ը յարմար հարս մըն է Յիսուս Քրիստոսի համար, եւ անոնք ի՞նչպէս կը շարունակեն ‘Գառնուկին ետեւէն երթալ՝ ուր որ ան երթայ’։
13 Ասկէ զատ, «անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ»։ Ասոր մէջ անոնք իրենց Թագաւորին, Յիսուս Քրիստոսի կը նմանին։ Երբ կատարեալ մարդ էր, «ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ»։ (Ա. Պետրոս 2։21, 22) Միաժամանակ առանց մեղադրանքի ու ճշմարտախօս ըլլալով, 144,000–ը որպէս մաքուր կոյս պատրաստուած է, Եհովայի մեծ Քահանայապետին համար։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան արդարամիտ անհատները հրաւիրեց որ իրեն հետեւին։ (Մարկոս 8։34. 10։21. Յովհաննու 1։43) Անոնք որոնք ընդառաջեցին, իր ապրելակերպը ընդօրինակեցին եւ իր ուսուցումներուն հնազանդեցան։ Այս կերպով, իրենց երկրային կեանքի ընթացքին, անոնք «Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ», մինչ ան կ’առաջնորդէ զիրենք Սատանայի աշխարհին մէջ։
14. (ա) Ի՞նչպէս 144,000–ը «Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի»ն է։ (բ) Ի՞նչ առումով մեծ բազմութիւնն ալ երախայրի է։
14 «Երկրէն գնուած»՝ ‘մարդոց մէջէն գնուած’ են 144,000–ը։ Անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ որդիներ, եւ իրենց յարութենէն ետք՝ այլեւս միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարդիկ պիտի չըլլան։ Ինչպէս նշուած է 4–րդ համարին մէջ, անոնք «Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի» կ’ըլլան։ Ճիշդ է որ առաջին դարուն, Յիսուս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղ»ն էր։ (Ա. Կորնթացիս 15։20, 23) Բայց 144,000–ը անկատար մարդկութեան «երախայրի»ն կ’ըլլայ, Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ գնուած։ (Յակոբու 1։18) Սակայն մարդկութենէն պտուղներ քաղելը միայն իրենցմով վերջ չի գտներ։ Յայտնութիւն գիրքը արդէն խօսած է որ անհամար մեծ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, որ բարձրաձայն կ’աղաղակէ. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ Այս մեծ բազմութիւնը պիտի վերապրի մեծ նեղութենէն եւ մինչ կը շարունակեն «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»ով թարմանալ, անոնք երկրի վրայ մարդկային կատարելութեան պիտի բերուին։ Մեծ նեղութենէն որոշ ժամանակ ետք, Հատէսը պիտի պարպուի, եւ միլիոնաւորներ պիտի յարուցանուին եւ այդ նոյն ջուրերէն խմելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։ Ասիկա ի մտի ունենալով, կրնանք մեծ բազմութիւնն ալ ուրիշ ոչխարներուն երախայրին կոչել. անոնք առաջիններն են որ ‘իրենց հանդերձները կը լուան ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը կը ճերմկցնեն’, յուսալով երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14, 17. 20։12, 13
15. Երեք տարբեր երախայրիներուն եւ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ պահուած տօներուն միջեւ ի՞նչ համեմատութիւններ կան։
15 Այս երեք երախայրիները (Յիսուս Քրիստոս, 144,000–ը եւ մեծ բազմութիւնը), երբեմնի Մովսիսական Օրէնքին համաձայն պահուած տօներուն մէջ հետաքրքրական համեմատութիւններ ունին։ Նիսան 16–ին, Բաղարջակերաց Տօնին, գարիի հունձքի երախայրիէն որայ մը կը մատուցանուէր Եհովայի։ (Ղեւտացւոց 23։6-14) Յիսուս մեռելներէն յարուցանուեցաւ Նիսան 16–ին։ Նիսան 16–էն հաշուելով 50–րդ օրը, երրորդ ամսուն, Իսրայելացիները կը տօնէին հունձքի տօնը, երբ ցորենի հասունցած առաջին պտուղները կը հնձէին։ (Ելից 23։16. Ղեւտացւոց 23։15, 16) Այս տօնակատարութիւնը Պէնտէկոստէ կոչուեցաւ (Յունարէն բառէ մը որ «յիսուներորդ» կը նշանակէ), եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին էր որ 144,000–ի առաջին անդամները սուրբ հոգիով օծուեցան։ Վերջապէս, եօթներորդ ամսուն, երբ ամբողջ հունձքը կը ժողվուէր, կար Տաղաւարահարաց Տօնը, շնորհակալութեան ուրախ ժամանակ մը, երբ Իսրայելացիները շաբաթ մը արմաւենիի ոստերէ եւ ուրիշ բաներէ շինուած տաղաւարներուն մէջ կը բնակէին։ (Ղեւտացւոց 23։33-43) Համապատասխանօրէն, մեծ բազմութիւնը, որ մեծ հաւաքումին մաս կը կազմէ, գոհութիւն կը մատուցանէ աթոռին առջեւ՝ «ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած»։—Յայտնութիւն 7։9
Յաւիտենական Աւետիսը Քարոզել
16, 17. (ա) Յովհաննէս ո՞ւր կը տեսնէ թռչող հրեշտակ մը եւ ան ի՞նչ կը ծանուցանէ։ (բ) Որո՞նք ալ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ բաժին կը բերեն եւ ո՞ր փորձառութիւնները կ’ապացուցանեն ասիկա։
16 Յովհաննէս կը գրէ. «Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի [«բարձունքին», Անթիլիաս] մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները’»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Հրեշտակը կը թռչէր «երկնքի բարձունքին մէջ», ուր թռչուններ կը թռչին։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 19։17, ՆԱ) Հետեւաբար, իր ձայնը ամբողջ երկրագունդի վրայ կը լսուի։ Այս հրեշտակին համաշխարհային ծանուցումը, շատ աւելի մարդոց կը հասնի, քան հեռատեսիլէն տրուած որեւէ լուրի ձայնասփռում։
17 Ամէն ոքի յորդոր կը տրուի որ ոչ թէ գազանէն եւ անոր պատկերէն վախնայ, այլ՝ Եհովայէ, որ Սատանայի կողմէ ղեկավարուած այլաբանական որեւէ գազանէ աւելի ուժեղ է։ Այո, Եհովա երկինքն ու երկիրը ստեղծած է, եւ հիմա ժամանակը եկած է որ դատէ երկիրը։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 1։1. Յայտնութիւն 11։18) Երկրի վրայ եղած ժամանակ, Յիսուս մեր օրերուն մասին մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը այս յանձնարարութիւնը կը կատարէ։ (Ա. Կորնթացիս 9։16. Եփեսացիս 6։15) Այս համարով Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ թէ անտեսանելի հրեշտակներ ալ պարփակուած են այս քարոզչութեան մէջ։ Ո՜րքան յաճախ հրեշտակային բացայայտ առաջնորդութեամբ Եհովայի Վկայ մը եկած է տուն մը, ուր ընկճուած անձ մը հոգեւոր օգնութեան կարօտը ունէր, կամ նոյնիսկ անոր համար կ’աղօթէր։
18. Երկնքի բարձունքին մէջ թռչող հրեշտակին համաձայն, ի՞նչ բանի ժամը հասած է եւ որո՞նք յաւելեալ ծանուցումներ պիտի ընեն։
18 Ինչպէս երկնքի բարձունքին մէջ թռչող հրեշտակը կը ծանուցանէր, դատաստանի ժամը հասած էր։ Արդ, Աստուած ի՞նչ դատավճիռ պիտի արձակէր։ Այո, մարդոց ականջները պիտի զնգան երկրորդ, երրորդ, չորրորդ ու հինգերորդ հրեշտակներուն կատարելիք ծանուցումներէն։—Երեմեայ 19։3, ՆԱ
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Ինչպէս Ա. Կորնթացիս 4։8–ը ցոյց կու տայ, օծեալ Քրիստոնեաները երբ երկրի վրայ են, որպէս թագաւորներ չեն իշխեր։ Այսուհանդերձ, Յայտնութիւն 14։3, 6, 12, 13–ի բովանդակութեան համաձայն, անոնք բարի լուրը քարոզելով նոր երգը երգելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, իրենց երկրային ընթացքին մէջ մինչեւ վերջը համբերելով։
^ պարբ. 5 Ասոր թիկունք կը կանգնի ուրիշ տեսիլքներու մէջ Եբրայերէն անուններու գործածութիւնը. Եբրայերէն «Աբադոն» անունը (որ կը նշանակէ՝ «Կործանում») տրուած է Յիսուսի, որ «Եբրայեցերէն Արմագեդոն» կոչուած վայրի մը մէջ դատաստան ի գործ կը դնէ։—Յայտնութիւն 9։11. 16։16
^ պարբ. 8 Համարը կ’ըսէ՝ «որպէս թէ նոր երգ մը», քանի որ այս երգը անցեալին մարգարէական խօսքին մէջ արձանագրուած էր։ Բայց այդ երգը երգելու համար որակեալ մէկը չկար։ Արդ, Թագաւորութիւնը հաստատուելով եւ սուրբերուն յարութեամբ, իրողութիւնները ցցուն կերպով կատարած էին մարգարէութիւնները եւ ժամանակն էր որ այս երգը երգուէր ամենայն վայելչութեամբ։
^ պարբ. 11 Կացութիւնը կարելի է համեմատել հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառային հետ, որ ատենին ծառաներուն կերակուր կու տայ։ (Մատթէոս 24։45) Ծառան՝ որպէս մարմին, կերակուր հայթայթելու պատասխանատուութիւնը ունի, բայց ծառաները՝ այդ մարմինին անհատական անդամները՝ այս հոգեւոր սնունդը առնելով կը զօրանան։ Անոնք նոյն խումբն են, բայց տարբեր արտայայտութիւններով նկարագրուած՝ հաւաքականօրէն եւ անհատապէս։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 202, 203]
144,000
24 երէցներ
Գառնուկին՝ Քրիստոս Յիսուսի ժառանգակիցները, երկու տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած