Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յայտնութիւնը եւ դո՛ւք

Յայտնութիւնը եւ դո՛ւք

Գլուխ 44

Յայտնութիւնը եւ դո՛ւք

1. (ա) Յայտնութիւն գրքին բոլոր սքանչելի խոստումներուն առնչութեամբ հրեշտակը ի՞նչ երաշխաւորութիւն կու տայ։ (բ) «Ահա ես շուտով կու գամ» ըսողը ո՞վ է, եւ անոր ‘գալը’ ե՞րբ է։

 ՆՈՐ Երուսաղէմի մասին այս հաճելի նկարագրութիւնը կարդալով, թերեւս հարց տաք. ‘Ա՛յսքան հոյակապ բան մը կրնա՞յ իրականանալ’։ Յովհաննէս կը պատասխանէ այս հարցումին, հրեշտակին յաջորդ խօսքերը տեղեկագրելով. «Հրեշտակը ըսաւ ինծի. ‘Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։ Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը’»։ (Յայտնութիւն 22։6, 7) Յայտնութիւն գրքին բոլոր սքանչելի խոստումները իրապէս պիտի կատարուին։ Յիսուսի անունով խօսելով, հրեշտակը կ’ըսէ որ ան «շուտով» պիտի գայ։ Ասիկա Եհովայի թշնամիները կործանելու եւ Յայտնութիւնը հոյակապ եւ ուրախ յանգումի մը հասցնելու համար Յիսուսի «գողի պէս» գալուն ակնարկելու է։ (Յայտնութիւն 16։15, 16) Այդ ժամանակ երանելի կոչուելու համար, «այս գրքին»՝ Յայտնութեան մէջ գրուածներուն համաձայն կեանք մը պէտք է վարենք։

2. (ա) Յովհաննէս այս ճոխ յայտնութեան ի տես ի՞նչ հակազդեցութիւն կ’ունենայ, եւ հրեշտակը իրեն ի՞նչ կ’ըսէ։ (բ) Հրեշտակին՝ «զգուշացի՛ր» եւ «Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ» խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։

2 Այսպիսի ճոխ յայտնութիւն մը ունենալէ ետք, հասկնալի է որ Յովհաննէս համակուած զգաց. «Ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր, բայց ան ըսաւ ինծի. ‘Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ’»։ (Յայտնութիւն 22։8, 9. համեմատել՝ Յայտնութիւն 19։10) Հրեշտակները չպաշտելու այս կրկնակի ազդարարութիւնը տեղին էր Յովհաննէսի օրերուն, երբ ոմանք այսպիսի պաշտամունք կը մատուցանէին, կամ կը դաւանէին որ հրեշտակներէ մասնաւոր յայտնութիւններ կը ստանային։ (Ա. Կորնթացիս 13։1. Գաղատացիս 1։8. Կողոսացիս 2։18) Այսօր, անիկա կը շեշտէ միմիայն Աստուած պաշտելու կարեւորութիւնը։ (Մատթէոս 4։10) Պէտք չէ մաքուր պաշտամունքը ապականենք, ուրիշ ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի պաշտամունք մատուցանելով։—Եսայեայ 42։5, 8

3, 4. Հրեշտակը տակաւին ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէսի, եւ օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս հնազանդած է անոր խօսքերուն։

3 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Եւ ըսաւ ինծի. ‘Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ’»։—Յայտնութիւն 22։10, 11

4 Ներկայիս, օծեալ մնացորդը հնազանդած է հրեշտակին խօսքերուն։ Անոնք մարգարէութեան խօսքերը չեն կնքած։ Այո, Սիօնի Դիտարանը եւ Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը պարբերաթերթին (Յուլիս 1879) առաջին թիւն իսկ Յայտնութեան շատ մը համարները մեկնաբանեց։ Ինչպէս նշեցինք այս գրքին առաջին գլուխին մէջ, Եհովայի Վկաները տարիներու ընթացքին Յայտնութիւնը լուսաբանող ուրիշ հրատարակութիւններ ալ ի լոյս ընծայած են։ Հիմա, անգամ մը եւս ճշմարտութիւնը սիրողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Յայտնութիւն գրքին ուժգին մարգարէութիւնները ու անոնց կատարումները։

5. (ա) Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որոնք կ’ուզեն անտեսել Յայտնութեան ազդարարութիւններն ու խրատները։ (բ) Խոնարհ ու արդար անհատներուն ընդառաջումը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

5 Եթէ մարդիկ կ’ուզեն անտեսել Յայտնութեան ազդարարութիւններն ու խրատները, թող անտեսեն։ «Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ»։ Անոնք որ մեր թոյլատու ժամանակաշրջանը յատկանշող պղծութեան մէջ թաւալելէն հաճոյք կ’առնեն, այդ պղծութեան մէջ ալ թող մեռնին։ Շատ շուտով Եհովայի դատաստանները պիտի գործադրուին ամբողջութեամբ, սկսելով Մեծն Բաբելոնի կործանումով։ Խոնարհ անհատներ թող որ մարգարէին հետեւեալ խօսքերուն ժրաջանօրէն անսան. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, . . . արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփոնեայ 2։3) Իսկ անոնք որ արդէն նուիրուած են Եհովայի, «ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ»։ Իմաստուն անհատ մը գիտէ թէ մեղքին տուած որեւէ ժամանակաւոր առաւելութիւն կարելի չէ բաղդատել այն մշտատեւ օրհնութիւններուն հետ, զորս արդարութիւն ու սրբութիւն հետապնդողները պիտի վայելեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Ձեր ընտրած ու հետեւած ճամբուն համեմատ պիտի վարձատրուիք։—Սաղմոս 19։9-11. 58։10, 11

6. Այս մարգարէութեան մէջ վերջին անգամ իր խօսքը ուղղելով, Եհովա ի՞նչ կ’ըսէ Յայտնութիւնը կարդացողներուն։

6 Արդ, յաւիտենականութեան Թագաւորը Եհովա, այս մարգարէութեան մէջ վերջին անգամ ըլլալով իր խօսքը կ’ուղղէ Յայտնութիւնը կարդացողներուն ու կ’ըսէ. «Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը։ Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն [«որ կը լուան իրենց հագուստները», Երուսաղէմ, ստորանիշ], որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպանութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն»։—Յայտնութիւն 22։12-15

7. (ա) Եհովա ի՞նչ բանի համար ‘շուտով կու գայ’։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ինչո՞ւ բաժին չունին Նոր Երուսաղէմին մէջ։

7 Անգամ մը եւս, Եհովա Աստուած կը շեշտէ իր յաւիտենական գերիշխանութիւնը եւ այն իրողութիւնը թէ ինչ որ սկիզբը նպատակադրած էր, վերջապէս պիտի կատարէ։ Ան ‘շուտով կու գայ’ դատաստան ի գործ դնելու եւ վարձատրելու անոնք որոնք ջանադրութեամբ զինք կը փնտռեն։ (Եբրայեցիս 11։6) Իր չափանիշները կ’որոշեն թէ որո՛նք պիտի վարձատրուին, իսկ որոնք՝ մերժուին։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները «համր շուներ» են, որոնք Եհովայի հոս նկարագրած մոլութիւններուն վրայ աչք կը խփեն։ (Եսայեայ 56։10-12. տես նաեւ՝ Բ. Օրինաց 23։18ՆԱ, ստորանիշ) Վստահաբար, անոնք եօթը ժողովքներուն Յիսուսի ղրկած խրատները ամբողջովին անտեսած եւ սուտ վարդապետութիւններ ‘սիրած ու ըրած’ են։ Հետեւաբար, անոնք Նոր Երուսաղէմի մէջ բաժին չունին։

8. (ա) Միայն որո՞նք «կենաց ծառէն» ուտելու իրաւունք պիտի ունենան, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս ‘լուացած են իրենց հանդերձները’, եւ անոնք ի՞նչպէս մաքուր կեցուածք մը կը պահեն։

8 Եհովայի աչքին մաքուր մնալու համար ‘իրենց հագուստները լուացած’ օծեալ Քրիստոնեաներն են միայն որ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան «կենաց ծառէն» ուտելու։ Ուրիշ խօսքով, իրենց երկնային դիրքին մէջ անմահ կեանք ունենալու իրաւունքն եւ իրաւասութիւնը կը ստանան։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 3։22-24. Յայտնութիւն 2։7. 3։4, 5) Երկրի վրայ որպէս մարդ արարածներ մեռնելէ ետք, անոնք յարութեամբ Նոր Երուսաղէմի մէջ կ’ընդունուին։ 12 հրեշտակները կը թոյլատրեն անոնց մուտքը, մինչ դուրս ձգելով այն բոլորը, որոնք երկնային յոյս ունենալ դաւանելով հանդերձ ստութիւն կամ անմաքրութիւն կը գործեն։ Երկրի վրայ մեծ բազմութիւնն ալ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’ են. անոնք պէտք է շարունակեն պահել իրենց մաքուր կեցուածքը։ Ասիկա կրնան ընել Եհովայի հոս զգուշացուցած մոլութիւններէն խուսափելով, ինչպէս նաեւ եօթը ժողովքներուն Յիսուսի ղրկած եօթը պատգամներուն մէջի յորդորներուն սրտանց հետեւելով։—Յայտնութիւն 7։14. Գլուխ՝ 2 եւ 3

9. Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ, եւ իր պատգամը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Յայտնութիւնը, գլխաւորաբար որո՞նց ուղղուած է։

9 Եհովայէ ետք, Յիսուս խօսք կ’առնէ։ Ան Յայտնութիւն գիրքը կարդացող արդարամիտ անհատներուն քաջալերական խօսքեր կ’ըսէ. «Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն [«ժողովքներուն», ՆԱ] մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։ (Յայտնութիւն 22։16) Այո, այս խօսքերը գլխաւորաբար «ժողովքներուն» ուղղուած են։ Նախ եւ առաջ ասիկա երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին ուղղուած պատգամ մըն է։ Յայտնութիւն գրքին մէջ ամէն բան առաջին հերթին ուղղուած է օծեալ Քրիստոնեաներուն, որոնք պիտի բնակին Նոր Երուսաղէմի մէջ։ Այդ ժողովքին միջոցաւ, մեծ բազմութիւնն ալ առանձնաշնորհումը ունի այս թանկարժէք մարգարէական ճշմարտութիւնները հասկնալու։—Յովհաննու 17։18-21

10. Յիսուս ինչո՞ւ ինքզինք կը կոչէ (ա) ‘Դաւիթին արմատը եւ ցեղը’. (բ) «առաւօտեան պայծառ աստղը»։

10 Յիսուս Քրիստոսի վստահուեցաւ որ Յայտնութիւնը Յովհաննէսի փոխանցէ եւ անով՝ ժողովքին։ Յիսուս «Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն» է։ Ան մարմնաւորապէս Դաւիթէն սերած է, հետեւաբար որակեալ է Եհովայի Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու։ Ան նաեւ, Դաւիթի «Յաւիտենական Հայր»ը պիտի ըլլայ, եւ այս կերպով Դաւիթին «արմատ»ը եղած կ’ըլլայ։ (Եսայեայ 9։6ՆԱ. 11։1, 10) Ան Դաւիթի շառաւիղէն մնայուն, անմահ Թագաւորն է, Դաւիթի հետ Եհովայի ըրած ուխտը կատարելով եւ Մովսէսի օրերուն նախագուշակուած «աստղ»ն է։ (Թուոց 24։17. Սաղմոս 89։34-37) Ան օրը ծագեցնող արշալոյսին բարձրացող «արուսեակ»ն է։ (Բ. Պետրոս 1։19) Մեծ թշնամիին՝ Մեծն Բաբելոնին բոլոր հնարքները չեն կրցած արգելք ըլլալ այս փառաւոր ծագումին։

Դուն ալ Ըսէ՝ «Եկո՛ւր»

11. Արդ, Յովհաննէս ի՞նչ բաց հրաւէր մը կու տայ, եւ որո՞նք կրնան անոր ընդառաջել։

11 Հիմա Յովհաննէսի կարգն է խօսելու։ Իր բոլոր տեսած ու լսած բաներուն հանդէպ գնահատութեամբ յորդող սրտով մը ան կը բացագանչէ. «Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան օգուտները պիտի չսահմանափակուին միայն 144,000–ին, քանի որ հոս հրաւէրը ուղղուած է բոլորին։ Եհովայի դրդող հոգին հարս դասակարգին միջոցաւ կը գործէ, այնպէս որ ‘կենաց ջուրը ձրի առէք’ պատգամը շատ յստակօրէն տակաւին կը հնչուի։ (Տես նաեւ՝ Եսայեայ 55։1. 59։21) Ան որ արդարութեան համար ծարաւ է, հրաւիրուած է որ «գայ» եւ Եհովայի առատաձեռնութենէն օգտուի։ (Մատթէոս 5։3, 6) Երկրային յոյս ունեցողներուն համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է ընդառաջել օծեալ Յովհաննէս դասակարգի հրաւէրին։

12. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ Յայտնութիւն 22։17–ի հրաւէրին։

12 1930–ական տարիներուն սկիզբէն ի վեր, մեծ բազմութեան հետզհետէ աճող թիւը ‘լսած’ եւ ուշադրութիւն ընծայած է տրուած հրաւէրին։ Անոնց օծեալ ծառայակիցներուն նման, անոնք Եհովայի առջեւ մաքուր նկատուած են։ Անոնք անձկագին կը սպասեն այն ժամանակին, երբ Նոր Երուսաղէմը երկինքէն պիտի իջնէ, եւ մարդկութեան օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Յայտնութեան ոգեւորիչ պատգամը լսելէ յետոյ, մեծ բազմութիւնը ո՛չ միայն կ’ըսէ «Եկո՛ւր», այլ աշխոյժ կերպով ուրիշներն ալ կը հաւաքէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ, եւ զանոնք կը մարզէ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին ըսեն. «Ան որ ծարաւ է՝ թող գայ»։ Անոր համար մեծ բազմութեան թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ. հիմա անոնք 6,000,000–է աւելի են, 236 երկիրներու մէջ։ Անոնք 9,000–է նուազ եղող օծեալ հարս դասակարգին հետ ուրիշներուն հրաւէր կու տան որ գան ու ‘կենաց ջուրը ձրի առնեն’։

13. Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։

13 Ասկէ ետք, դարձեալ Յիսուս է որ կը խօսի, ըսելով. «Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են»։—Յայտնութիւն 22։18, 19

14. Յովհաննէս դասակարգը Յայտնութիւն գրքին ‘մարգարէութիւնը’ ի՞նչպէս կը նկատէ։

14 Յովհաննէս դասակարգի անդամները պէտք է ուշադրութիւն հրաւիրեն Յայտնութեան «մարգարէութեան» վրայ։ Անոնք պէտք չէ գաղտնի պահեն զայն կամ անոր վրայ բան մը աւելցնեն։ Անոր պատգամը բացայայտօրէն պէտք է քարոզուի, «տանիքներուն վրայ»։ (Մատթէոս 10։27) Յայտնութիւնը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Ո՞վ կրնայ համարձակիլ նոյնիսկ բառ մը փոխել այն ինչ որ Աստուած խօսած է եւ փոխանցած է անոր միջոցով որ հիմա իշխող Թագաւորն է՝ Յիսուս Քրիստոս։ Վստահաբար, այսպիսի անհատ մը կեանքը պիտի կորսնցնէ եւ Մեծն Բաբելոնի ու ամբողջ աշխարհի վրայ գալիք պատուհասներուն մէջ բաժին պիտի ունենայ։

15. Ի՞նչ է Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն իմաստը. «Այս բաներուն վկայութիւն տուողը» եւ «Շուտով կու գամ ես»։

15 Արդ, Յիսուս քաջալերական վերջին խօսք մը կ’աւելցնէ. «Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. ‘Այո՛, շուտով կու գամ ես’»։ (Յայտնութիւն 22։20ա) Յիսուս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։ (Յայտնութիւն 3։14) Եթէ ան Յայտնութեան տեսիլքներուն համար կը վկայէ, ուրեմն անոնք ճշմարիտ պէտք է ըլլան։ Թէ՛ ինք եւ թէ Եհովա Աստուած կրկնակիօրէն կը շեշտեն որ «շուտով» կու գան. հոս հինգերորդ անգամն է որ Յիսուս ասիկա կ’ըսէ։ (Յայտնութիւն 2։16. 3։11. 22։7, 12, 20) Անոնք ‘կու գան’ դատաստան ի գործ դնելու համար մեծ պոռնիկին, քաղաքական «թագաւորներուն» եւ «մեր Տէրոջը [Եհովայի] ու իր Օծեալին» թագաւորութեան մնացեալ բոլոր հակառակորդներուն վրայ։—Յայտնութիւն 11։15. 16։14, 16. 17։1, 12-14

16. Գիտնալով որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս շուտով կու գան, ի՞նչ վճռական քայլ մը պէտք է առնէք։

16 Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի շուտով գալը գիտնալը ձեզ պէտք է քաջալերէ որ «Աստուծոյ օրուանը գալ»ը ձեր մտքէն չհանէք։ (Բ. Պետրոս 3։12) Սատանայի իրերու դրութեան երկրին որեւէ երեւութական կայունութիւն՝ խաբուսիկ է։ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհի կառավարիչներու երկնքին կողմէ իրագործուած որեւէ յաջողութիւն՝ կարճատեւ է։ Այս բաները անցնելու վրայ են։ (Յայտնութիւն 21։1) Միակ մնայուն բաներն են Եհովան, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութիւնը եւ իր խոստացած նոր աշխարհը։ Ասիկա բնաւ մի՛ մոռնաք։—Ա. Յովհաննու 2։15-17

17. Եհովայի սրբութեան հանդէպ ձեր գնահատութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ ձեր վրայ։

17 Ուստի, Յայտնութիւն գրքին ուսումնասիրութենէն ձեր սորված բաները թող որ խոր ազդեցութիւն ունենան ձեր կեանքին վրայ։ Եհովայի երկնային ներկայութեան վրայ հարեւանցի ակնարկ մը նետելը, մեծ տպաւորութիւն չձգե՞ց ձեր վրայ, մեր Ստեղծիչին գերազանց փառքին ու սրբութեան ի տես։ (Յայտնութիւն 4։1–5։14) Այսպիսի Աստուծոյ մը ծառայելը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։ Իր սրբութեան հանդէպ ձեր գնահատութիւնը թող որ ձեզ մղէ որ եօթը ժողովքներուն յղած Յիսուսի խրատները շատ լուրջի առնէք եւ նիւթապաշտութենէ, կռապաշտութենէ, անբարոյութենէ, անտարբերութենէ, հաւատուրաց աղանդապաշտութենէ կամ նման բաներէ զգուշանաք, որոնք Եհովայի մատուցած ձեր ծառայութիւնը անընդունելի կը դարձնեն։ (Յայտնութիւն 2։1–3։22) Յովհաննէս դասակարգին ուղղուած Պետրոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերը սկզբունքով մեծ բազմութեան ալ կը կիրարկուին. «Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ»։—Ա. Պետրոս 1։15, 16

18. Ի՞նչ բանի մէջ կարելի եղածին չափ լիարժէք մասնակցութիւն մը պէտք է բերէք, եւ այս գործը ինչո՞ւ խիստ անհրաժեշտ է։

18 Ասկէ զատ, թող որ վերանորոգուած եռանդով մը մղուած ծանուցանեցէք «Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը»։ (Եսայեայ 35։4. 61։2) Պզտիկ հօտէն ըլլաք թէ մեծ բազմութենէն, լիարժէք մասնակցութիւն մը ունեցէք Եհովայի բարկութեան եօթը սկաւառակներուն թափուիլը ծանուցանելով, Սատանայի աշխարհին վրայ Աստուծոյ գալիք դատաստաններուն մասին խօսելով։ Միեւնոյն ժամանակ, ձեր ձայները միացուցէք Եհովայի եւ իր Քրիստոսին հաստատուած Թագաւորութեան մասին յաւիտենական բարի լուրի ուրախ ծանուցումին։ (Յայտնութիւն 11։15. 14։6, 7) Այս գործը ստիպողականութեան զգացումով ըրէք։ Իսկ տէրունական օրուան մէջ ըլլալու գիտակցութիւնը տակաւին Եհովայի չծառայողներէն շատերը թող մղէ որ բարի լուրի ծանուցման գործին մասնակցին։ Թող որ անոնք ալ յառաջդիմելով իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրեն ու մկրտուին։ Մի՛ մոռնաք որ «որոշուած ժամանակը մօտ է»։—Յայտնութիւն 1։3ՆԱ

19. Տարեց Յովհաննէս առաքեալի եզրակացութիւնը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս կ’ընդառաջէք այդ խօսքերուն։

19 Ուստի, մենք ալ Յովհաննէսի հետ ջերմեռանդօրէն աղօթենք. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Իսկ տարեց Յովհաննէս առաքեալը կ’աւելցնէ. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն»։ (Յայտնութիւն 22։20բ, 21) Անիկա ըլլայ նաեւ բոլոր անոնց հետ, որոնք այս գիրքը կը կարդան։ Հաւատացէք որ Յայտնութեան հոյակապ յանգումը մօ՛տ է, որպէսզի դուք ալ մեզի միանաք ու սրտանց ըսէք. «Ամէ՛ն»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 314]

«Դուրս պիտի մնան շուներն . . . »

[Նկար՝ էջ 315]

«Երանելի՜ են անոնք, որ . . . դռներէն ներս քաղաքը [կը] մտնեն»