Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի անուան կառչած մնալ

Յիսուսի անուան կառչած մնալ

Գլուխ 9

Յիսուսի անուան կառչած մնալ

ՊԵՐԳԱՄՈՆ

1. Ո՞ր ժողովքը կը ստանայ Յիսուսի յաջորդ պատգամը եւ այդ Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի քաղաքի մը մէջ կ’ապրէին։

 ԶՄԻՒՌՆԻԱՅԻ ծովեզերեայ ճամբայէն 80 քմ. հիւսիս եւ ապա 24 քմ. դէպի ներս, Գայգըս Գետի հովիտին մէջէն անցնելով կը հասնինք Պերգամոն, որ ներկայիս Պերգամա կը կոչուի։ Քաղաքը համբաւաւոր էր Զեւսի, կամ Արամազդի, տաճարով։ 1800–ական թուականներուն, հնախոյզներ այդ տաճարին խորանը Գերմանիա փոխադրեցին, ու ներկայիս Պերլինի Պերգամոնի Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է, հեթանոսական չաստուածներու բազմաթիւ արձաններու եւ քանդակներու կողքին։ Տէր Յիսուս ի՞նչ պատգամ ղրկեց այսպիսի կռապաշտութեան մէջ ապրող ժողովքին։

2. Յիսուս իր ինքնութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնէ եւ իր ունեցած «երկբերան սուր»ին իմաստը ի՞նչ է։

2 Յիսուս, նախ ինքզինք կը ծանօթացնէ, ըսելով. «Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի’»։ (Յայտնութիւն 2։12) Հոս Յիսուս կը կրկնէ Յայտնութիւն 1։16–ի մէջ իրեն համար տրուած նկարագրութիւնը։ Որպէս Դատաւոր եւ Դահիճ, ան պիտի հարուածէ իր աշակերտները հալածողները։ Ի՜նչ մխիթարական երաշխիք մը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի դատաստանին, ժողովքին մէջ եղողներն ալ պէտք է գիտնան որ Եհովա, իր «ուխտին հրեշտակ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Քրիստոնեայ ըլլալ բոլոր դաւանողներուն դէմ ‘արագ վկայ պիտի ըլլայ’, որոնք կռապաշտութիւն, անբարոյութիւն, ստախօսութիւն, անպարկեշտութիւն եւ կարօտեալներուն զրկանք կ’ընեն։ (Մաղաքեայ 3։1, 5. Եբրայեցիս 13։1-3) Յիսուսի միջոցով Աստուծոյ տուած խրատը եւ յանդիմանութիւնը հաշուի պէտք է առնուի։

3. Պերգամոնի մէջ ի՞նչ սուտ պաշտամունք կը մատուցանուէր եւ ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ «Սատանային աթոռ»ը հոն էր։

3 Արդ, Յիսուս ժողովքին կ’ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը»։ (Յայտնութիւն 2։13ա) Արդարեւ, այս Քրիստոնեաները սատանայական պաշտամունքով շրջապատուած էին։ Զեւսի տաճարէն զատ, հոն կար բժշկութեան չաստուծոյն՝ Ասկղէպիոսի սրբարանը։ Պերգամոնը հռչակ ունէր նաեւ որպէս կայսրի պաշտամունքի կեդրոն։ «Սատանայ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը նշանակէ «Ընդդիմացող», եւ իր «աթոռ»ը կը ներկայացնէ աշխարհի վրայ իր ունեցած տիրապետութիւնը, որ որոշ ժամանակ մը թոյլատրուած է Աստուծոյ կողմէ։ (Յոբայ 1։6, ՆԱ, ստորանիշ) Պերգամոնի մէջ կռապաշտութեան ընդհանրացած ըլլալը ցոյց կու տար թէ Սատանայի «աթոռ»ը զօրաւոր կերպով հաստատուած էր այդ քաղաքին մէջ։ Սատանան ո՜րքան զայրացած ըլլալու էր որ այդտեղի Քրիստոնեաները իր առջեւ չէին խոնարհեր ազգայնական պաշտամունք կատարելով։

4. (ա) Յիսուս ի՞նչ կերպով կը գովէ Պերգամոնի Քրիստոնեաները։ (բ) Հռովմի պատուիրակը՝ Պլինիոս՝ ի՞նչ գրեց Տրայանոս Կայսրին, Քրիստոնեաներուն հանդէպ եղած վերաբերմունքին մասին։ (գ) Հակառակ վտանգի, Պերգամոնի Քրիստոնեաները ի՞նչ ընթացք բռնեցին։

4 Այո, «Սատանային աթոռ»ը ճիշդ հոն էր, Պերգամոնի մէջ։ Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի»։ (Յայտնութիւն 2։13բ) Ի՜նչ ոգեւորիչ գովասանք։ Անկասկած Անթիպասի նահատակութեան պատճառը, դիւային սովորութիւններու եւ Հռովմէացի կայսրի պաշտամունքին ընդդիմանալն էր։ Յովհաննէս այս մարգարէութիւնը ստանալէն քիչ ետք, Հռովմի Տրայանոս Կայսրին անձնական պատուիրակը՝ Պլինիոս Կրտսերը՝ Տրայանոսի գրեց եւ բացատրեց թէ ի՛նչպէս կը վարուէր այն անհատներուն հետ, որոնք մեղադրուած էին որպէս Քրիստոնեաներ. գործընթաց մը՝ որու կայսրը հաւանեցաւ։ Անոնք որոնք կ’ուրանային Քրիստոնեաներ ըլլալ, ազատ կ’արձակուէին, երբ, ինչպէս կ’ըսէ Պլինիոս, «իմ ետեւէս չաստուածներու ուղղուած աղերսանք մը կրկնէին, քու [Տրայանոսի] պատկերիդ խունկ եւ գինի մատուցանէին . . . ինչպէս նաեւ, Քրիստոսի հայհոյէին»։ Երբ մէկու մը Քրիստոնեայ ըլլալը փաստուէր՝ կը սպաննուէր։ Հակառակ այս վտանգին, Պերգամոնի Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը չէին ուրացած։ Անոնք ‘պահեցին Յիսուսի անունը’, շարունակելով պատուել անոր բարձր դիրքը որպէս Եհովայի Ջատագովը եւ նշանակուած Դատաւորը։ Անոնք հաւատարմօրէն Յիսուսի քայլերուն հետեւեցան, որպէս Թագաւորութեան վկաները։

5. (ա) Կայսրի պաշտամունքին փոխարինող ի՞նչ բան խիստ փորձի ենթարկած է այժմու Քրիստոնեաները։ (բ) Դիտարան–ը ի՞նչպէս Քրիստոնեաներուն օգնած է։

5 Տարբեր առիթներով, Յիսուս հասկցուցած էր որ ներկայ ամբարիշտ աշխարհին վրայ Սատանան կը տիրէ, բայց քանի որ ինք ուղղամիտ էր, Սատանան իր վրայ իշխանութիւն չունէր։ (Մատթէոս 4։8-11. Յովհաննու 14։30) Մեր օրերուն, հզօր ազգեր, յատկապէս «հիւսիսի թագաւորը» եւ «հարաւի թագաւորը» պայքարած են աշխարհի տիրապետութեան համար։ (Դանիէլ 11։40) Բուռն հայրենասիրութիւնը զարթօնքի մէջ է, եւ կայսրի պաշտամունքը փոխարինուած է՝ երկիրը համակող ազգայնական ոգիի ալիքով մը։ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1939, 1 Նոյեմբեր 1979 (Անգլերէն) եւ 1 Մարտ 1987–ի մէջ չէզոքութեան մասին յօդուածները, յստակօրէն պարզած են այս հարցին շուրջ Աստուածաշունչին ուսուցումը, ուղղութիւններ տալով այն Քրիստոնեաներուն, որոնք կը փափաքին Եհովայի անունով քալել եւ աշխարհի յաղթել, ինչպէս Յիսուս այդքան քաջութեամբ ըրաւ։—Միքիայ 4։1, 3, 5. Յովհաննու 16։33. 17։4, 6, 26. 18։36, 37. Գործք 5։29

6. Անթիպասի նման, արդի Եհովայի Վկաները ի՞նչ հաստատ դիրք բռնած են։

6 Այս խրատին ստիպողական կարիքը կար։ Անբանաւոր բուռն հայրենասիրութեան դիմաց, Եհովայի Վկաները՝ թէ՛ օծեալները եւ թէ անոնց ընկերակիցները՝ հաւատքի մէջ անսասան պէտք էր մնային։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, հարիւրաւոր երախաներ եւ ուսուցիչներ դպրոցներէն վտարուեցան, քանի որ դրօշակին չբարեւեցին, մինչ Գերմանիոյ մէջ, Վկաները բրտօրէն հալածուեցան, որովհետեւ կեռխաչին ողջունելը մերժեցին։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, Հիթլերի հետեւող Նացիները հազարաւոր Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ սպաննեցին, քանի որ անոնք այսպիսի ազգայնական կռապաշտութեան մէջ մերժեցին մասնակցութիւն բերել։ 1930–ական թուականներուն, Շինթոյական կայսրի պաշտամունքի Ճափոնի զուարթ օրերուն, երկու ռահվիրայ քարոզիչներ Թագաւորութեան շատ սերմեր ցանեցին Ճափոնի կողմէ գրաւուած Թայուանի մէջ։ Զինուորական պատասխանատուներ զանոնք բանտ նետեցին, ուր անոնցմէ մէկը վայրագ վերաբերմունքի զոհ գնաց։ Միւսը հետագային ազատ արձակուեցաւ, պարզապէս կռնակէն գնդակահարուելու համար. արդի Անթիպաս մը։ Տակաւին մեր օրերուն, կան երկիրներ ուր ազգայնական խորհրդանիշներու պաշտամունք, եւ Պետութեան հանդէպ բացարձակ նուիրում պահանջուած են։ Բազմաթիւ երիտասարդ Վկաներ բանտարկուած եւ շատեր սպաննուած են, քրիստոնէական չէզոքութեան իրենց խիզախ դիրքին պատճառով։ Ո՛վ երիտասարդներ, եթէ այսպիսի հարցեր կը դիմագրաւէք, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը սերտեցէք, որպէսզի ‘հաւատքը պահէք՝ ձեր հոգին փրկելու համար’, յաւիտենական կեանքը ի մտի ունենալով։—Եբրայեցիս 10։39–11։1, Անթիլիաս. Մատթէոս 10։28-31

7. Հնդկաստանի մէջ դեռատիներ ի՞նչպէս դիմագրաւեցին ազգայնական պաշտամունքի հարցը եւ ի՞նչ արդիւնքով։

7 Դպրոցական դեռատիներ նոյնանման վիճակներ դիմագրաւած են։ 1985–ին, Հնդկաստանի Գերալա նահանգին մէջ, Եհովայի Վկաներու երեք երախաներ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց հաւատքին մէջ մերժեցին զիջում ընել եւ ազգային քայլերգը չերգեցին։ Մինչ ուրիշները կ’երգէին, անոնք յարգանքով ոտքի կանգնած մնացին, այսուհանդերձ, դպրոցէն վտարուեցան։ Անոնց հայրը այս հարցը մինչեւ Հնդկաստանի Բարձրագոյն Ատեան տարաւ, ուր երկու դատաւորներ երախաներուն կողմը բռնելով, քաջութեամբ ըսին. «Մեր աւանդութիւնը հանդուրժողութիւն կը սորվեցնէ. մեր փիլիսոփայութիւնը հանդուրժողութիւն կը սորվեցնէ. մեր սահմանադրութիւնը հանդուրժողութիւն կը գործադրէ. զայն չնսեմացնե՛նք»։ Այս դատին շուրջ լրագիրներու ծանուցումները եւ նպաստաւոր խմբագրութիւնները, ամբողջ ազգի մը գիտցուցին՝ որ այդ ատեն աշխարհի բնակչութեան մէկ հինգերորդը կը կազմէր՝ թէ այդ երկրին մէջ Քրիստոնեաներ կան, որոնք ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտեն եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հաւատարմօրէն կառչած կը մնան։

Ապականիչ Ազդեցութիւններ

8. Յիսուս Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ յանդիմանութիւն տալու հարկը տեսաւ։

8 Այո, Պերգամոնի Քրիստոնեաները ուղղամիտ անհատներ են։ «Բայց», կ’ըսէ Յիսուս, «քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ»։ Ի՞նչ ըրած էին որ այս մեղադրանքին արժանացան։ Յիսուս կ’ըսէ մեզի. «Հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն»։—Յայտնութիւն 2։14

9. Ո՞վ էր Բաղաամ եւ անոր տուած խրատը ի՞նչպէս ‘գայթակղութիւն դրաւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ’։

9 Մովսէսի օրերուն, Մովաբի Բաղակ թագաւորը, Եհովայի ճամբաներուն մասին որոշ տեղեկութիւն ունեցող ոչ–Իսրայելացի Բաղաամ մարգարէն կաշառեց, որպէսզի Իսրայէլը անիծէր։ Եհովա ընդդիմացաւ Բաղաամի, պարտադրելով որ ան Իսրայելացիները օրհնէր եւ անոնց թշնամիներուն վրայ ողբեր կարդար։ Բաղաամ մեղմացուց ասկէ առթած Բաղակի զայրոյթը, անոր աւելի թաքուն յարձակում մը առաջարկելով. Մովաբացի կիները թող հրապուրեն Իսրայելացի տղամարդիկը, զանոնք սեռային լուրջ անբարոյութեան եւ Բելփեգովրի Բահաղ չաստուածին կռապաշտական պաշտամունք մատուցանելու մղելով։ Այս հնարամտութիւնը յաջողութիւն գտաւ։ Եհովայի բարկութիւնը արդարացիօրէն բորբոքեցաւ եւ պատուհաս մը ղրկելով այդ պոռնկացող Իսրայելացիներէն 24,000 հոգի սպաննեց. այս պատուհասը դադրեցաւ միայն երբ Փենէհէս քահանան դրական քայլեր առաւ, Իսրայէլի մէջէն այս չարութիւնը վերցնելու համար։—Թուոց 24։10, 11. 25։1-3, 6-9. 31։16

10. Պերգամոնի ժողովքէն ներս ի՞նչ գայթակղութիւններ սպրդած էին եւ այդ Քրիստոնեաները հաւանաբար ինչո՞ւ խորհեցան որ Աստուած պիտի անտեսէր իրենց յանցանքները։

10 Արդ, Յովհաննէսի օրերուն, Պերգամոնի մէջ նոյնանման գայթակղութիւններ կայի՞ն։ Այո՛։ Անբարոյութիւն ու կռապաշտութիւն սպրդած էին ժողովքէն ներս։ Այդ Քրիստոնեաները Պօղոս առաքեալի կողմէ տրուած Աստուծոյ ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն չէին ըրած։ (Ա. Կորնթացիս 10։6-11) Քանի որ անոնք հալածանքի տոկացած էին, թերեւս խորհեցան որ Եհովա պիտի անտեսէր իրենց սեռային յանցանքները։ Ուստի, Յիսուս յստակօրէն կը նշէ որ այսպիսի չարութիւն մը պէտք էր իրենցմէ վանէին։

11. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի դէմ զգոյշ պէտք է ըլլան, եւ ո՞ր մտածելակերպէն խուսափին։ (բ) Տարիներու ընթացքին, ո՞րքան անհատներ վտարուած են քրիստոնէական ժողովքէն եւ մեծամասնութիւնը ի՞նչ պատճառով։

11 Նմանապէս այսօր, Քրիստոնեաները պէտք է զգուշանան «մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան» դարձնելէ։ (Յուդա 4) Ստիպուած ենք ատել ի՛նչ որ չար է եւ ‘ճնշել մեր մարմինները’, քրիստոնէական առաքինի ընթացք մը հետապնդելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 9։27. Սաղմոս 97։10. Հռովմայեցիս 8։6) Բնաւ պէտք չէ խորհինք որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալը եւ հալածանքի ներքեւ ուղղամիտ մնալը մեզի արտօնութիւն կու տան սեռային անկարգ վարմունքի միջամուխ ըլլալու։ Տարիներէ ի վեր, ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուածներուն թիւը, մեծամասնութիւնը՝ սեռային անբարոյութեան պատճառաւ, տասնեակ հազարաւորներու կը հասնի։ Կարգ մը տարիներ, Բելփեգովրի Բահաղին պատճառով վաղեմի Իսրայէլի մէջ սպաննուողներէն աւելի վտարումներ եղած են։ Շարունակենք արթնութեամբ հսկել, որպէսզի բնաւ այդպիսիներուն մէջ չգտնուինք։—Հռովմայեցիս 11։20. Ա. Կորնթացիս 10։12

12. Ինչպէս Աստուծոյ նախկին ծառաներուն պարագան էր, այսօր ալ ո՞ր սկզբունքները կը կիրարկուին Քրիստոնեաներուն։

12 Յիսուս Պերգամոնի Քրիստոնեաները նաեւ կը յանդիմանէ, ‘կուռքերու զոհուածներ ուտելու’ պատճառաւ։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէր։ Կորնթացիներուն գրած Պօղոսի խօսքերէն դատելով, թերեւս ոմանք իրենց քրիստոնէական ազատութիւնը սխալ կը գործածէին եւ գիտակցաբար ուրիշներուն խղճմտանքը կը վիրաւորէին։ Շատ հաւանաբար, սակայն, անոնք կերպով մը կռապաշտական արարողութիւններու կը մասնակցէին։ (Ա. Կորնթացիս 8։4-13. 10։25-30) Այսօր հաւատարիմ Քրիստոնեաներ իրենց քրիստոնէական ազատութիւնը գործադրելու մէջ պէտք է անձնուրաց սէր ցոյց տան, ուշադիր ըլլալով որ ուրիշները չգայթակղեցնեն։ Անոնք կռապաշտական արդի կերպերէն վստահաբար պէտք է խուսափին, ինչպէս՝ հեռատեսիլի, շարժապատկերի, մարմնամարզանքի աստղեր պաշտելէ, կամ դրամը եւ նոյնիսկ իրենց փորը աստուածացնելէ։—Մատթէոս 6։24. Փիլիպպեցիս 1։9, 10. 3։17-19

Աղանդապաշտութենէն Խուսափիլ

13. Յիսուս յանդիմանական ի՞նչ յաւելեալ խօսքեր կ’ըսէ Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն եւ ժողովքը ինչո՞ւ անոր կարիքը ունէր։

13 Յիսուս կը շարունակէ Պերգամոնի Քրիստոնեաները յանդիմանել, անոնց ըսելով. «Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս»։ (Յայտնութիւն 2։15) Նախապէս, Յիսուս Եփեսացիները գոված էր, այս աղանդին գործերը ատած ըլլալնուն համար։ Բայց Պերգամոնի Քրիստոնեաները, ժողովքը աղանդապաշտութենէ զերծ պահելու համար խրատի կարիքը ունէին։ Անոնք քրիստոնէական չափանիշները բարձր պահելու մէջ աւելի վճռական պէտք էր ըլլային, որպէսզի միութիւնը պահպանուէր, որու համար Յիսուս աղօթեց, Յովհաննու 17։20-23–ի մէջ։ Անհրաժեշտ է «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել»։—Տիտոս 1։9

14. (ա) Սկիզբէն իսկ, քրիստոնէական ժողովքը որո՞նց դէմ պայքար պէտք էր մղէր եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս նկարագրեց զանոնք։ (բ) Անջատականներու խումբի մը հետեւելու հակում ունեցողները Յիսուսի ո՞ր խօսքերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն։

14 Սկիզբէն իսկ քրիստոնէական ժողովքը պէտք էր պայքարէր հպարտ առաքեալներու դէմ, որոնք քաղցր ու խաբէական խօսքերով, Եհովայի հայթայթած խողովակէն եկող «վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն»։ (Հռովմայեցիս 16։17, 18) Պօղոս առաքեալ գրեթէ իր բոլոր նամակներուն մէջ այս սպառնալիքին դէմ զգուշացուց։ * Ներկայիս, Յիսուս ճշմարիտ ժողովքը քրիստոնէական մաքրութեան ու միութեան մէջ բերած ըլլալով, աղանդապաշտութեան վտանգը տակաւին առկայ է։ Հետեւաբար, ոեւէ մէկը որ անջատականներու խումբի մը հետեւելու՝ եւ այսպիսով աղանդ մը կազմելու՝ հակումը ունի, պէտք է Յիսուսի յաջորդ խօսքերուն ականջ տայ. «[Ուստի] ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ»։—Յայտնութիւն 2։16

15. Աղանդապաշտութիւնը ի՞նչպէս կը սկսի։

15 Աղանդապաշտութիւնը ի՞նչպէս կը սկսի։ Թերեւս ինքզինք ուսուցիչի տեղ դնող մը Աստուածաշունչի կարգ մը ճշմարտութիւններու վրայ կասկած կը ցանէ (օրինակի համար, վերջին օրերու մէջ ըլլալուն նկատմամբ), ուստի խմբակ մը կրնայ անջատուիլ եւ անոր հետեւիլ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Բ. Պետրոս 3։3, 4) Կամ մէկը կրնայ քննադատել Իր գործը կատարել տալու Եհովայի գործելակերպը, եւ ինքզինք խնայելու հոգիին կոչ ընելով, ըսել որ Թագաւորութեան պատգամով տունէ տուն երթալը ո՛չ սուրբ գրային է եւ ո՛չ ալ՝ անհրաժեշտ։ Այսպիսիները Յիսուսի եւ առաքեալներուն օրինակին հետեւելով եւ այս ծառայութեան մասնակցելով կրնան խոնարհ մնալ, բայց անոնք կը նախընտրեն անջատուիլ եւ դիւրին կեանք մը վարել, թերեւս խմբովին երբեմն Աստուածաշունչ կարդալով։ (Մատթէոս 10։7, 11-13. Գործք 5։42. 20։20, 21) Այսպիսի անհատներ անձնական գաղափարներ կը յղանան Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին, արիւնէ հեռու մնալու սուրբ գրային հրամանին, տօները պահելու եւ ծխախոտի գործածութեան շուրջ։ Մանաւանդ, անոնք կը նսեմացնեն Եհովայի անունը. շատ շուտով անոնք կը վերադառնան Մեծն Բաբելոնի թոյլատու կերպերուն։ Տակաւին աւելի գէշ, ոմանք Սատանայէ դրդուած իրենց անցեալի եղբայրներուն դէմ կ’ելլեն եւ կը սկսին ‘իրենց ծառայակիցները ծեծել’։—Մատթէոս 24։49. Գործք 15։29. Յայտնութիւն 17։5

16. (ա) Հաւատուրացներու ազդեցութենէն տատանող անհատ մը ինչո՞ւ անմիջապէս պէտք է զղջայ։ (բ) Չզղջացողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։

16 Ոեւէ մէկը որ հաւատուրացներու ազդեցութեան պատճառով կը տատանի, անմիջապէս զղջալու Յիսուսի խրատին պէտք է հետեւի։ Թոյնէ մը խուսափելու նման հաւատուրաց պրոպականդներէ պէտք է խուսափինք։ Անոր հիմը կը կազմեն նախանձն ու ատելութիւնը, հակառակը արդար, մաքուր եւ սիրալիր ճշմարտութիւններուն, որոնցմով Յիսուս կը կերակրէ իր ժողովքը։ (Ղուկաս 12։42. Փիլիպպեցիս 1։15, 16. 4։8, 9) Իսկ անոնք որոնք կը մերժեն զղջալ, Տէր Յիսուս արդարեւ ‘իր բերնին սրովը պիտի պատերազմի անոնց հետ’։ Ան իր ժողովուրդը մաղէ կ’անցընէ, որպէսզի պահէ ա՛յն միութիւնը, որուն համար աղօթեց երկրի վրայ իր աշակերտներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը։ (Յովհաննու 17։20-23, 26) Քանի որ հաւատուրացները կը մերժեն Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ եղող աստղերուն տուած խրատին հետեւիլ, ան զանոնք կը դատէ ու կը պատժէ ‘չափազանց խստութեամբ’, զանոնք «դուրսի խաւար»ին յանձնելով։ Անոնք կը վտարուին եւ այլեւս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ թթխմորի նման ազդեցութիւն չեն ունենար։—Մատթէոս 24։48-51, ՆԱ. 25։30. Ա. Կորնթացիս 5։6, 9, 13. Յայտնութիւն 1։16

‘Պահուած Մանանան եւ Ճերմակ Խիճը’

17. ‘Յաղթող’ օծեալ Քրիստոնեաներուն ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ եւ Պերգամոնի Քրիստոնեաները ի՞նչ բաներ պէտք էր նուաճէին։

17 Հոյակապ վարձատրութիւն մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ տրուած Յիսուսի խրատին ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Մտի՛կ ըրէք. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։ (Յայտնութիւն 2։17) Ուստի, ինչպէս Զմիւռնիոյ, նոյնպէս ալ Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ‘յաղթեն’։ Յաջողելու համար, կռապաշտութենէ պէտք է խուսափէին Պերգամոնի մէջ եղողները, ուր Սատանայի աթոռը կար։ Անոնք անբարոյութիւնը, աղանդապաշտութիւնը եւ Բաղակի, Բաղաամի եւ Նիկողայոսի աղանդին առնչուած հաւատուրացութիւնը պէտք էր նուաճէին։ Եթէ այսպէս ընէին, այդ օծեալ Քրիստոնեաները պիտի հրաւիրուէին «պահուած մանանայէն» ուտելու։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։

18, 19. (ա) Ի՞նչ էր մանանան որ Եհովա Իսրայելացիներուն տուաւ։ (բ) Ի՞նչ էր պահուած մանանան։ (գ) Պահուած մանանայէն ուտելը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

18 Մովսէսի ժամանակ, Եհովա մանանան հայթայթեց, անապատէ անցնող Իսրայելացիները կերակրելու համար։ Այդ մանանան պահուած չէր, քանի որ ամէն առաւօտ՝ ի բացառեալ Շաբաթ օրերէն՝ հրաշալիօրէն կը տեսնուէր, եղեամի պէս ծածկելով երկիրը։ Անիկա Իսրայելացիները ողջ պահելու համար աստուածային հայթայթում մըն էր։ Եհովան պատուիրեց Մովսէսի որ «[Իսրայէլի] ազգերուն մէջ» յիշատակի համար այս «հաց»էն մաս մը ոսկիէ սափորի մը մէջ պահէ ու զայն դնէ ուխտի սրբազան տապանակին մէջ։—Ելից 16։14, 15, 23, 26, 33. Եբրայեցիս 9։3, 4

19 Ի՜նչ տեղին խորհրդանիշ մը։ Այս մանանան պահուած էր տաղաւարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ, ուր Տապանակին կափարիչին վրայ շողացող հրաշալի լոյսը, Եհովայի բուն ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր։ (Ելից 26։34) Ո՛չ մէկը արտօնութիւն ունէր այդ սուրբ տեղը մտնելով պահուած մանանան ուտելու։ Սակայն Յիսուս ըսաւ որ իր օծեալ հետեւորդները, որոնք պիտի յաղթէին, պիտի ուտէին «պահուած մանանան»։ Զիրենք կանխող Յիսուսի նման, անոնք «ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը [կը մտնեն], որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը»։ (Եբրայեցիս 9։12, 24) Յարութեան ժամանակ, անոնք անապականութիւն եւ անմահութիւն կը հագնին. Եհովայի հոյակապ հայթայթումը, որ իրենց տրուած անեղծ «պահուած մանանայ»ով խորհրդանշուած էր։ Յաղթողներու այդ պզտիկ խումբը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը ունի։—Ա. Կորնթացիս 15։53-57

20, 21. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաներուն համար ճերմակ խիճ մը ստանալը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (բ) Քանի որ միայն 144,000 ճերմակ խիճ կայ, մեծ բազմութեան յոյսը ի՞նչ է։

20 Անոնք նաեւ «ճերմակ խիճ մը» կը ստանան։ Հռովմի մէջ, խիճը կը գործածուէր դատաստան մը վաւերացնելու համար։ * Ճերմակ խիճը անպարտութեան, իսկ սեւ խիճը դատապարտութեան՝ յաճախ մահուան, նշան էր։ Յիսուս Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն «ճերմակ խիճ» մը տալով, կը վճռէ որ անոնք անմեղ, անապական ու մաքուր են։ Բայց Յիսուսի խօսքերը ուրիշ իմաստ մըն ալ կրնան ունենալ։ Հռովմէացիներու ժամանակ, դարձեալ խիճեր կը գործածուէին, կարեւոր դէպքերու ներկայ ըլլալու որպէս տոմս։ Ուստի, ճերմակ խիճը շատ մասնայատուկ բան մը կրնայ նշել յաղթող օծեալ Քրիստոնեաներուն համար. երկնքի մէջ, Գառնուկին հարսնիքին մէջ պատուական տեղ մը ստանալ։ Միայն 144,000 այսպիսի խիճեր հայթայթուած են։—Յայտնութիւն 14։1. 19։7-9

21 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ եթէ դուք հաւատակիցներու մեծ բազմութեան մէկ անդամն էք, որեւէ ուշադրութեան արժանի չէք։ Վստահաբար ո՛չ։ Թէեւ երկինք մտնելու համար ճերմակ խիճ մը չէք ստանար, բայց եթէ համբերէք, մեծ նեղութենէն պիտի կարենաք ազատուիլ, երկիրը Դրախտի մը վերածելու ուրախ գործին մասնակցելու համար։ Ասոր մէջ ձեզի մասնակից պիտի ըլլան նախաքրիստոնէական շրջանի հաւատարիմ յարուցեալները, ինչպէս նաեւ վերջերս մահացած ուրիշ ոչխարները։ Վերջապէս, փրկանքէն օգտուող մնացեալ բոլոր մեռելները պիտի յարուցանուին դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու համար։—Սաղմոս 45։16. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9, 14

22, 23. Օծեալ Քրիստոնեաներուն տրուած խիճին վրայ գրուած անուան իմաստը ի՞նչ է եւ ասիկա ի՞նչ քաջալերութիւն պէտք է տայ։

22 Խիճին վրայ գրուած նոր անունը ի՞նչ է։ Անուն մը անհատ մը բնորոշելու եւ զայն ուրիշներէն զատորոշելու կը ծառայէ։ Այս օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկրային ընթացքը յաղթականօրէն աւարտելէն ետքն է որ կը ստանան այս խիճը։ Որոշ է ուրեմն, որ խիճին վրայի անունը, երկնքի մէջ Յիսուսի միանալու առանձնաշնորհումին հետ կապ ունի. արքայական սպասարկութեան մէջ մասնայատուկ դիրք մը, զոր լիովին պիտի գնահատեն ու վայելեն միմիայն անոնք, որոնք երկնային Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Ուստի անիկա անուն մը, կամ պաշտօնի նշանակում մըն է, «որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի»։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 3։12

23 Ի՜նչ դրդապատճառ մը որ Յովհաննէս դասակարգը «լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» եւ զայն գործադրէ։ Իսկ ասիկա ո՜րքան կը քաջալերէ անոնց ընկերակիցները՝ մեծ բազմութիւնը՝ որպէսզի անոնց հետ հաւատարմօրէն ծառայեն, մինչ տակաւին երկրի վրայ անոնց ընկերակցութիւնը կը վայելեն եւ անոնց հետ Եհովայի Թագաւորութիւնը կը ճանչցնեն։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 20 Տես՝ Գործք 26։10, ՆԱ, եւ ստորանիշը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 43]

Հեթանոսական զեխ պաշտամունքի այս ապացոյցները ցուցադրուած են Պերլինի Պերգամոնի Թանգարանին մէջ

[Նկար՝ էջ 45]

Մանանայէն մաս մը պահուած էր ուխտի տապանակին մէջ։ Խորհրդանշական պահուած մանանայէն ստանալը յաղթական օծեալներուն համար կը նշանակէ՝ անմահութիւն ստանալ

[Նկար՝ էջ 45]

Ճերմակ խիճը, Գառնուկին հարսնիքին ընդունուածներուն համար է