Յիսուս քաջալերական խօսքերով կու գայ
Գլուխ 4
Յիսուս քաջալերական խօսքերով կու գայ
1. Արդ Յովհաննէս որո՞նց կը գրէ եւ ներկայիս որո՞նք այս պատգամով մեծապէս պէտք է հետաքրքրուին։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ժողովուրդին ժողովքներուն հետ ընկերակցող իւրաքանչիւր անհատ մեծ յափշտակութեամբ պէտք է հետեւի տեղի ունենալիք բաներուն։ Ահաւասիկ պատգամներու շարք մը, որոնք մասնայատուկ կիրարկում ունին, մինչ «որոշուած ժամանակը» կը մօտենայ։ (Յայտնութիւն 1։3, ՆԱ) Մեր յաւիտենական բարիքին համար այդ ծանուցումներուն ականջ պէտք է տանք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են եւ Յիսուս Քրիստոս»էն։—Յայտնութիւն 1։4, 5ա
2. (ա) «Եօթը» թիւը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Տէրունական օրուան ընթացքին, «եօթը եկեղեցիներուն» ղրկուած պատգամները որո՞նց կը կիրարկուին։
2 Հոս Յովհաննէս իր խօսքը կ’ուղղէ «եօթը եկեղեցիներուն», որոնց անունները հետագային տրուած են մեզի։ Յայտնութեան մէջ «եօթը» թիւը յաճախ կրկնուած է։ Անիկա կը նշանակէ ամբողջութիւն, մասնաւորաբար Աստուծոյ եւ իր օծեալ ժողովքին առնչուած բաներուն նկատմամբ։ Քանի որ տէրունական օրուան ընթացքին համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքները տասնեակ հազարներու հասած են, կրնանք վստահ ըլլալ որ ինչ որ գլխաւորաբար օծեալներու «եօթը եկեղեցիներուն» ըսուած է, Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուի ներկայիս։ (Յայտնութիւն 1։10) Այո, Յովհաննէս կենսական պատգամ մը ունի այս երկրի երեսին վրայ եղող Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովքներուն եւ անոնց հետ ընկերակցողներուն։
3. (ա) Յովհաննէսի ողջոյնին համաձայն, «շնորհք եւ խաղաղութիւն»ը ուրկէ՞ կու գան։ (բ) Պօղոս առաքեալի ո՞ր արտայայտութիւնը կը նմանի Յովհաննէսի ողջոյնին։
3 «Շնորհք եւ խաղաղութիւն». ի՜նչ փափաքելի բաներ են, մանաւանդ երբ անոնց աղբիւրը գնահատենք։ Անոնք կը բղխին Գերիշխան Տէր Եհովայէ, «Անկէ»՝ «յաւիտենական Թագաւոր»էն, որ «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեան» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Սաղմոս 90։2) Հոս նաեւ պարփակուած են ‘եօթը հոգիները’. այս արտայայտութիւնը կը նշէ Աստուծոյ գործօն ուժին՝ կամ սուրբ հոգիին՝ ամբողջական գործողութիւնը, քանի որ անիկա է որ հասկացողութիւն ու օրհնութիւն կու տայ այս մարգարէութեան բոլոր ուշադրութիւն ընծայողներուն։ Նաեւ, գլխաւոր դեր մը կը կատարէ «Յիսուս Քրիստոս», որուն մասին Յովհաննէս հետագային գրեց, որ ան «շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն» է։ (Յովհաննու 1։14) Ուստի, Յովհաննէսի ողջոյնը, Կորնթացիներու ժողովքին երկրորդ նամակին փակման մէջ Պօղոս առաքեալի յիշած նոյն արտայայտութիւնները կը գործածէ. «Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ»։ (Բ. Կորնթացիս 13։13) Թող որ այս խօսքերը կիրարկուին նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։—Սաղմոս 119։97
‘Հաւատարիմ Վկան’
4. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը շարունակէ նկարագրել Յիսուս Քրիստոսը եւ այս նկարագրութիւնները ինչո՞ւ շատ տեղին են։
4 Եհովայէ ետք, տիեզերքի ամենափառաւոր անձնաւորութիւնը Յիսուսն է, ինչպէս Յովհաննէս կ’ընդունի, զինք նկարագրելով որպէս ‘հաւատարիմ վկան, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը’։ (Յայտնութիւն 1։5բ) Երկնքի մէջ եղող լուսնին նման, ան ամրօրէն հաստատուած է որպէս Եհովայի Աստուածութեան մեծագոյն Վկան։ (Սաղմոս 89։37) Մինչեւ զոհաբերական մահ ուղղամիտ մնալով, ան մարդոց մէջէն առաջին անհատը եղաւ որ հոգեղէն անմահ կեանքի յարուցուեցաւ։ (Կողոսացիս 1։18) Հիմա Եհովայի ներկայութեան, ան երկրային բոլոր թագաւորներէն աւելի բարձր է, իրեն տրուած ըլլալով «ամէն իշխանութիւն . . . երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18. Սաղմոս 89։27. Ա. Տիմոթէոս 6։15) 1914–ին, ան թագադրուեցաւ՝ երկրային ազգերուն մէջ իշխելու համար։—Սաղմոս 2։6-9
5. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը շարունակէ իր գնահատութիւնը արտայայտել Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։ (բ) Ո՞վ կ’օգտուի Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքի պարգեւէն, իսկ օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս մասնայատուկ օրհնութեան մը մասնակից եղած են։
5 Յովհաննէս կը շարունակէ իր գնահատութիւնը արտայայտել Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, հետեւեալ ջերմ խօսքերով. «Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ (Յայտնութիւն 1։5գ, 6) Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքը տուաւ, որպէսզի մարդկային աշխարհէն անոնք որ իրեն հաւատք ընծայեն՝ կատարեալ կեանք վերստանան։ Դուք ալ, ո՛վ սիրելի ընթերցող, կրնաք անոնց մէջ գտնուիլ։ (Յովհաննու 3։16) Սակայն Յիսուսի զոհաբերական մահը մասնայատուկ օրհնութեան դուռ մը բացաւ Յովհաննէսի նման օծեալ Քրիստոնեաներու դիմաց։ Անոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ արդար յայտարարուած են։ Յիսուսի նման երկրային կեանքի ամէն ակնկալութիւն մերժելով, պզտիկ հօտի անդամները Աստուծոյ հոգիով ծնած են, յարութեամբ Յիսուս Քրիստոսի հետ իր Թագաւորութեան մէջ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ ծառայելու ակնկալութիւնը ունենալով։ (Ղուկաս 12։32. Հռովմայեցիս 8։18. Ա. Պետրոս 2։5. Յայտնութիւն 20։6) Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս այդքան հաստատօրէն բացագանչեց որ փառքն ու զօրութիւնը Յիսուսի կը պատկանին։
«Ամպերով կու Գայ»
6. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ Յիսուսի ‘ամպերով գալուն’ մասին եւ հաւանաբար ան Յիսուսի ո՞ր մարգարէութիւնը յիշեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս «կու գայ» եւ որո՞նք երկրի վրայ կոծ պիտի ընեն։
6 Ապա, Յովհաննէս ցնծագին կ’ըսէ. «Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն»։ (Յայտնութիւն 1։7) Անկասկած, հոս Յովհաննէս յիշեց իրերու դրութեան վախճանին մասին Յիսուսի տուած նախկին մարգարէութիւնը։ Հոն Յիսուս նշեց. «Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։ (Մատթէոս 24։3, 30) Ուստի, Յիսուս «կու գայ» ազգերուն վրայ Եհովայի դատաստանի գործադրութեան ուշադրութիւն դարձնելու համար։ Ասիկա հսկայական փոփոխութիւն պիտի բերէ երկրի վրայ, եւ քանի որ «երկրի բոլոր ազգերը» անտեսած են Յիսուսի թագաւորութեան իրողութիւնը, արդարեւ «Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը» պիտի արժանանան։—Յայտնութիւն 19։11-21. Սաղմոս 2։2, 3, 8, 9
7. Ի՞նչպէս «ամէն աչք պիտի տեսնէ» Յիսուսը, մէջը ըլլալով անհնազանդները։
7 Իր աշակերտներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ»։ (Յովհաննու 14։19) Ուստի, ի՞նչպէս «ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա»։ Չենք կրնար ակնկալել որ Յիսուսի թշնամիները մարմնաւոր աչքերով տեսնեն զինք, քանի որ Պօղոս առաքեալ Յիսուսի երկինք համբառնալէն ետք ըսաւ որ այլեւս ան ‘անմերձենալի լոյսի մէջ կը բնակի’, «որ մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ, ո՛չ ալ տեսնելու կարող է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։16) Ուրեմն բացայայտ է որ Յովհաննէս երբ խօսեցաւ ‘տեսնելու’ մասին, անիկա «ըմբռնելու» իմաստով ըլլալու էր, ինչպէս որ մենք Աստուծոյ անտեսանելի յատկութիւնները կը տեսնենք կամ կ’ըմբռնենք իր ստեղծագործութեան միջոցաւ։ (Հռովմայեցիս 1։20) Յիսուս «ամպերով կու գայ», այն առումով որ մերկ աչքերով չենք կրնար զինք տեսնել, ինչպէս՝ արեւը երբ ամպերուն ետին ըլլայ։ Նոյնիսկ երբ ցերեկ ատեն արեւը ամպերուն ետին ըլլայ, մեզ շրջապատող լոյսը կը վկայէ որ անիկա հոն է։ Նոյն կերպով, թէեւ Տէր Յիսուս անտեսանելի է, ան պիտի յայտնուի ‘բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ իր աւետարանին չեն հնազանդիր’։ Ասոնք ալ պիտի ստիպուին զինք ‘տեսնել’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8. 2։8
8. (ա) Հ.Դ. 33–ին ‘զանիկա խոցողները’ որո՞նք էին, իսկ ներկայիս որո՞նք են։ (բ) Քանի որ Յիսուս այլեւս հոս երկրի վրայ չէ, մարդիկ ի՞նչպէս կրնան ‘զինք խոցել’։
8 Յիսուսը պիտի ‘տեսնէին’ նաեւ «անոնք որ զանիկա խոցեցին»։ Որո՞նց մասին է խօսքը։ Երբ Յիսուս Հ.Դ. 33–ին սպաննուեցաւ, Հռովմէացի զինուորները բառացիօրէն զինք խոցեցին։ Հրեաներն ալ մեղսակից էին այդ սպանութեան, քանի որ Պետրոս Պէնտէկոստէին անոնցմէ քանի մը հատին ըսաւ. «Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ (Գործք 2։5-11, 36. համեմատել՝ Զաքարեայ 12։10. Յովհաննու 19։37) Այդ Հռովմէացիները եւ Հրեաները արդէն շուրջ 2,000 տարիներէ ի վեր մեռած են։ Ուստի, ներկայիս ‘զանիկա խոցողները’ պէտք է ներկայացնեն այն ազգերն ու ժողովուրդները որոնք Յիսուսը ցցահարողներուն նման ատելութիւն ցոյց կու տան։ Յիսուս այլեւս երկրի վրայ չէ։ Բայց երբ հակառակորդներ գործօն մասնակցութիւն բերեն Յիսուսի համար վկայող Եհովայի Վկաները հալածելու մէջ, կամ այսպիսի վերաբերմունքի լռելեայն համամիտ ըլլան, անիկա ուղղակիօրէն Յիսուսը ‘խոցելու’ հաւասար կը նկատուի։—Մատթէոս 25։33, 41-46
«Ալֆան եւ Օմէղան»
9. (ա) Հիմա ո՞վ կը խօսի եւ Յայտնութիւն գրքին մէջ ան քանի՞ անգամ կը խօսի։ (բ) Երբ Եհովա ինքզինք կը կոչէ «Ալֆան եւ Օմէղան» եւ «Ամենակալը», ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։
9 Իսկ հիմա ամենազարմանալի՜ն. Գերիշխան Տէր Եհովան անձամբ կը խօսի։ Ասիկա ո՜րքան տեղին է որպէս քօղազերծուելիք տեսիլքներուն ներածականը, քանի որ ինքն է մեր Մեծ Ուսուցիչը եւ Յայտնութեան բացարձակ Աղբիւրը։ (Եսայեայ 30։20, ՆԱ) Մեր Աստուածը կ’ըսէ. «‘Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան’, որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը»։ (Յայտնութիւն 1։8) Յայտնութեան մէջ ասիկա երեք անգամներէն մէկն է ուր Եհովա ուղղակի կը խօսի երկինքէն։ (Տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 21։5-8. 22։12-15) Առաջին դարու Քրիստոնեաները շուտով գիտցած ըլլալու էին որ ալֆան եւ օմէղան Յունարէն այբուբենի առաջին եւ վերջին տառերն էին։ Եհովան ինքզինք այս երկու տառերով կոչելը կը շեշտէր որ իրմէ առաջ ամենակալ Աստուած գոյութիւն չէ ունեցած եւ իրմէ վերջն ալ պիտի չըլլայ։ Ան Աստուածութեան հարցին յաջողութեամբ ու յաւիտեան վերջ պիտի դնէ։ Ան յաւիտեան պիտի ջատագովուի որպէս միակ ամենակալ Աստուածը, իր ամբողջ ստեղծագործութեան Գերիշխանը։—Համեմատել՝ Եսայեայ 46։10. 55։10, 11
10. (ա) Յովհաննէս ինքզինք ի՞նչպէս կը շարունակէ նկարագրել եւ ան ո՞ւր բանտարկուած էր։ (բ) Յովհաննէսի գրած գալարը որո՞նց համագործակցութեամբ ժողովքներուն հասած ըլլալու էր։ (գ) Ներկայիս, հոգեւոր կերակուրը ի՞նչպէս կը հայթայթուի։
10 Քաջ գիտնալով որ Եհովա ինք հարցերուն ուղղութիւն պիտի տայ, Յովհաննէս իր ծառայակիցներուն կ’ըսէ. «Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Բարի լուրին համար Պատմոսի մէջ բանտարկուած, իր եղբայրներուն հետ նեղութիւն կրած, մօտալուտ Թագաւորութեան մէջ բաժին ունենալու հաստատ յոյսով, տարեց Յովհաննէս կը սկսի տեսնել Յայտնութեան առաջին տեսիլքները։ Անկասկած այս տեսիլքները մեծապէս քաջալերած ըլլալու էին զինք, ճիշդ ինչպէս որ Յովհաննէս դասակարգը ներկայիս անոնց կատարումը տեսնելով կը տոգորուի։ Չենք գիտեր թէ Յովհաննէս Յայտնութեան գալարը ի՛նչպէս հասցուց ժողովքներուն, քանի որ այդ ժամանակ արգելափակուած էր։ (Յայտնութիւն 1։11. 22։18, 19) Վստահաբար Եհովայի հրեշտակները ասոր մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած ըլլալու են, ճիշդ ինչպէս որ յաճախ պահպանած են ներկայիս արգելքներու ներքեւ ծառայող Եհովայի հաւատարիմ Վկաները, այնպէս որ անոնք կրցած են ժամանակին հոգեւոր կերակուրը հասցնել ճշմարտութեան ծարաւը ունեցող իրենց եղբայրներուն։—Սաղմոս 34։6, 7
11. Յովհաննէս դասակարգը՝ Յովհաննէսի վայելած ո՞ր առանձնաշնորհումին նման առանձնաշնորհում մը մեծապէս կ’արժեւորէ ներկայիս։
11 Յովհաննէս ո՜րքան գնահատած ըլլալու էր ժողովքներուն համար որպէս Եհովայի հաղորդակցութեան խողովակը ծառայելու իր առանձնաշնորհումը։ Նոյն կերպով, ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը մեծապէս կ’արժեւորէ Աստուծոյ տան ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր տալու’ իր առանձնաշնորհումը։ (Մատթէոս 24։45) Կը մաղթենք որ դուք ալ մաս կազմէք անոնց՝ որոնք այս հոգեւոր սնունդով կը զօրանան, որպէսզի յաւիտենական կեանքի փառաւոր նպատակակէտին հասնին։—Առակաց 3։13-18. Յովհաննու 17։3
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 21]
Հոգեւոր կերակուրը ձեռք ձգել դժուար ժամանակներու մէջ
Այս վերջին օրերու ընթացքին, երբ Եհովայի Վկաները այսքան հալածանքներու ու դժուարութիւններու մատնուած են, հաւատքի մէջ զօրաւոր մնալու համար, հոգեւորապէս կերակրուիլը կենսական եղած է իրենց համար։ Ընդհանրապէս, բաւարար կերակուր հայթայթուած է, յաճախ շնորհիւ Եհովայի զօրութեան ուշագրաւ ցուցադրութեան։
Օրինակ, Հիթլերի ժամանակ Գերմանիոյ մէջ, Վկաները Դիտարան–ի օրինակներ բազմագրեցին եւ ցրուեցին, ինչ որ պաշտօնապէս արգիլուած էր անգութ Նացի հեղինակութեանց կողմէ։ Համպուրկի մէջ, Կեսթափոները տուն մը խուժեցին, ուր այսպիսի բազմագրութիւն կը կատարուէր։ Տունը պզտիկ էր եւ կարելի չէր ապահով կերպով բան մը պահել։ Գրամեքենան պահարանի մը մէջ դրուած էր, իսկ բազմագրող հսկայ մեքենան գետնայարկը դրուած էր, գետնախնձորի արկղի մը մէջ։ Իսկ արկղին ետեւ պայուսակ մը կար պարբերաթերթերով լեցուն։ Անկարելի էր պահել։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Պահարանը բացող պաշտօնեան այնպէս մը բացաւ զայն որ չտեսաւ գրամեքենան։ Իսկ գետնայարկի պարագային, տանտէրը կը տեղեկագրէ. «Երեք պաշտօնեաները սենեակին մէջտեղը կայնեցան, ճիշդ հո՛ն ուր արկղը կար, որուն ետին Դիտարան–ներով լեցուն պայուսակը։ Բայց ոեւէ մէկը չնկատեց զայն. կարծես կուրութեամբ զարնուած էին»։ Այս հոյակապ նախախնամութեան շնորհիւ, տանտէրը կրցաւ շարունակել հոգեւոր սնունդ հայթայթել դժուար եւ վտանգաւոր ժամանակներու մէջ։
1960–ական թուականներուն, քաղաքացիական պատերազմ կար Նիկերիոյ եւ անկէ անջատուած Պիաֆրա նահանգին միջեւ։ Քանի որ Պիաֆրան ամբողջովին շրջապատուած էր Նիկերիոյ հողամասով, անոր եւ դուրսի աշխարհին հետ միակ կապը օդային գիծն էր։ Ասիկա կը նշանակէր որ Պիաֆրայի Վկաները հոգեւոր սնունդէ պիտի կտրուէին։ Ապա, 1968–ի սկիզբը, Պիաֆրական հեղինակութիւններ իրենց քաղաքային սպասարկութեան անձնակազմերէն մէկը Եւրոպայի մէջ կարեւոր պաշտօնի մը վրայ դրին, իսկ ուրիշ մը՝ Պիաֆրայի օդային գծին վրայ։ Այնպէս պատահեցաւ որ այս երկուքն ալ Եհովայի Վկաներ էին, եւ հիմա երկուքն ալ Պիաֆրայի ու դուրսի աշխարհի միջեւ գտնուող միակ կապին երկու կողմերը կը գտնուէին։ Երկուքն ալ գիտակցեցան որ այս կարգադրութիւնը Եհովայի կողմէ եղած ըլլալու էր։ Ուստի, անոնք հոգեւոր սնունդը Պիաֆրա հասցնելու շատ նուրբ եւ վտանգաւոր պաշտօնը յօժարակամօրէն ստանձնեցին։ Ամբողջ պատերազմի ընթացքին, անոնք կրցան ասիկա ընել։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Կարելի չէր որ այս կարգադրութիւնը ծրագրուէր մարդոց կողմէ»։
[Շրջանակ՝ էջ 19]
Յայտնութեան մէջի խորհրդանշական թիւերը
Թիւ Խորհրդանշական իմաստ
2 Կը նշանակէ որ բան մը զօրաւոր կերպով հաստատուած է։ (Յայտնութիւն 11։3, 4. համեմատել՝ Բ. Օրինաց 17։6)
3 Շեշտելու, նաեւ ուժգնութիւն ցոյց տալու համար է։ (Յայտնութիւն 4։8. 8։13. 16։13, 19)
4 Կը նշէ համապարփակութիւն, կամ քառանկիւնի մը համաչափութիւնը։ (Յայտնութիւն 4։6. 7։1, 2. 9։14. 20։8. 21։16)
6 Կը նշէ անկատարութիւն, բան մը որ բնական չէ, այլանդակ է։ (Յայտնութիւն 13։18. համեմատել՝ Բ. Թագաւորաց 21։20)
7 Կը նշէ ամբողջութիւն՝ Աստուծոյ տեսակէտով, անիկա ըլլայ Եհովայի թէ Սատանայի նպատակներուն նկատմամբ։ (Յայտնութիւն 1։4, 12, 16. 4։5. 5։1, 6. 10։3, 4. 12։3)
10 Կը նշէ ֆիզիքական, երկրային բաներուն նկատմամբ ամբողջութիւն կամ լիութիւն։ (Յայտնութիւն 2։10. 12։3. 13։1. 17։3, 12, 16)
12 Կը նշէ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կազմակերպութիւն՝ երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ։ (Յայտնութիւն 7։5-8. 12։1. 21։12, 16. 22։2)
24 Կը նշանակէ Եհովայի կազմակերպչական կարգադրութեան ճոխութիւն կամ կրկնապատկում։ (Յայտնութիւն 4։4)
Յայտնութեան մէջ յիշուած կարգ մը թիւեր բառացիօրէն պէտք է առնել։ Յաճախ ընդհանուր բովանդակութենէն ասիկա կը հասկնանք։ (Տես՝ Յայտնութիւն 7։4, 9. 11։2, 3. 12։6, 14. 17։3, 9-11. 20։3-5)