Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորուած Յիսուսը

Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորուած Յիսուսը

Գլուխ 5

Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորուած Յիսուսը

Տեսիլք 1—(Յայտնութիւն 1։10–3։22)

Նիւթ. Յիսուս երկրի վրայ հոգեւոր Իսրայէլը քննութենէ կ’անցընէ եւ ջերմ քաջալերութիւններ կու տայ

Կատարման ժամանակ. Տէրունական օրուան այս երեսակը կ’երկարի 1914–էն մինչեւ հաւատարիմ օծեալներուն վերջին անդամին մահը ու յարուցանուիլը

1. Առաջին տեսիլքը ի՞նչպէս ներկայացուած է եւ Յովհաննէս անոր ճիշդ կիրարկման ժամանակը ի՞նչպէս կը նշէ։

 ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ գրքին առաջին տեսիլքը կը սկսի առաջին գլուխին 10–րդ համարէն։ Այս տեսիլքը՝ Յայտնութեան միւս տեսիլքներուն նման՝ կը ներկայացուի ծանուցումով մը, զոր Յովհաննէս կը լսէ, կամ՝ արտասովոր բան մը կը տեսնէ։ (Յայտնութիւն 1։10, 12. 4։1. 6։1) Այս առաջին տեսիլքը ներկայացուած է առաջին դարուն պատկանող շրջանակի մը մէջ, ուր Յովհաննէսի ժամանակակից եօթը ժողովքներու պատգամներ ուղղուած են։ Բայց Յովհաննէս անոր կիրարկման ճիշդ ժամանակը կը նշէ, երբ կ’ըսէ. «Կիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ [«ներշնչմամբ տէրունական օրուան մէջ գտնուեցայ», ՆԱ]»։ (Յայտնութիւն 1։10ա) Այս «օրը» ե՞րբ է։ Այս փոթորկալից ժամանակներու շշմեցուցիչ դէպքերը որեւէ կապակցութիւն ունի՞ն անոր հետ։ Եթէ այո՛, ուրեմն շատ մօտէն պէտք է հետաքրքրուինք այս մարգարէութեամբ, քանի որ անիկա մեր կեանքին, նոյնիսկ մեր վերապրումին կրնայ ազդել։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։20, 21

Տէրունական Օրուան Մէջ

2. Տէրունական օրը ե՞րբ կը սկսի եւ ե՞րբ կը վերջանայ։

2 Ասիկա Յայտնութեան կատարումը ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ կը դնէ։ Լաւ, ի՞նչ է տէրունական օրը։ Պօղոս առաքեալ անոր կ’ակնարկէ որպէս դատաստանի եւ աստուածային խոստումներուն կատարման ժամանակ մը։ (Ա. Կորնթացիս 1։8. Բ. Կորնթացիս 1։14. Փիլիպպեցիս 1։6, 10. 2։16) Այդ «օրը» հասնելով, Եհովայի հոյակապ նպատակները աստիճանաբար եւ յաղթականօրէն դէպի իրենց յանգումը կ’ընթանան։ Այդ «օրը» կը սկսի որպէս երկնային Թագաւոր Յիսուսի թագադրութեամբ։ Յիսուս Սատանայի աշխարհին վրայ դատաստան ի գործ դնելէ ետքն իսկ այդ օրը կը շարունակուի, Դրախտին վերահաստատումով եւ մարդկութեան կատարելագործումով, մինչեւ որ Յիսուս վերջապէս ‘թագաւորութիւնը տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը’։—Ա. Կորնթացիս 15։24-26. Յայտնութիւն 6։1, 2

3. (ա) Դանիէլի «եօթը ժամանակ»ի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ տէրունական օրը ե՛րբ կը սկսի։ (բ) Երկրի վրայ ո՞ր իրադարձութիւնները կը հաստատեն որ տէրունական օրը սկսաւ 1914–ին։

3 Աստուածաշունչի ուրիշ մարգարէութիւններուն կատարումը մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ տէրունական օրը ե՛րբ կը սկսի։ Օրինակ, Դանիէլ նկարագրեց որ Դաւիթ թագաւորի շառաւիղէն եղող իշխանութիւնը պիտի կտրուէր. «եօթը ժամանակ» ետք պիտի գիտցուէր որ «մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ (Դանիէլ 4։23, 24, 31, 32) Այդ մարգարէութեան առաջին կատարումը սկսաւ Յուդայի թագաւորութեան կործանումով, ինչ որ սուրբ գրային իրողութիւններու համաձայն տեղի ունեցած է Հ.Դ.Ա. 607–ի Հոկտեմբերին։ Յայտնութիւն 12։6, 14–ը ցոյց կու տայ թէ երեքուկէս ժամանակը՝ 1,260 օր կ’ընէ. հետեւաբար, եօթը ժամանակը (անոր կրկինը) պէտք է ընէ 2,520 օր։ ‘Ամէն մէկ օրուան համար մէկ տարի’ հաշուելով, կը գտնենք որ «եօթը ժամանակ»ը 2,520 տարի պէտք է ըլլայ։ (Եզեկիէլ 4։6, ՆԱ) Ուրեմն, Յիսուս Քրիստոս իր երկնային իշխանութիւնը սկսաւ 1914–ի վերջաւորութեան։ Այդ տարին պայթող Առաջին Աշխարհամարտը «ցաւերուն սկիզբ»ը նշեց, եւ անոնք կը շարունակեն հարուածել մարդկութիւնը։ 1914–էն ի վեր, այս արիւնահեղ երկրին իրադարձութիւնները ո՜րքան արտակարգ կերպով հաստատած են որ այդ տարին սկսաւ Յիսուսի ներկայութեան «օրը»։—Մատթէոս 24։3-14 *

4. (ա) Յայտնութիւն գիրքը ինքնին ի՞նչ կը յայտնէ առաջին տեսիլքին կատարման ժամանակին նկատմամբ։ (բ) Առաջին տեսիլքին կատարումը ե՞րբ կը վերջանայ։

4 Ուստի այս առաջին տեսիլքը եւ անոր պարունակած խրատները տէրունական օրուան համար են՝ 1914–էն սկսեալ։ Ասոր թիկունք կանգնողը այն է որ Յայտնութեան մէջ աւելի անդին արձանագրութիւնը կը նկարագրէ Աստուծոյ իրական ու արդար դատաստաններու գործադրումը, որու մէջ Տէր Յիսուս ուշագրաւ դեր մը կը խաղայ։ (Յայտնութիւն 11։18. 16։15. 17։1. 19։2, 11) Եթէ առաջին տեսիլքը սկսաւ կատարուիլ 1914–ին, անիկա ե՞րբ վերջ կը գտնէ։ Ինչպէս պատգամները ինքնին ցոյց կու տան, խնդրոյ առարկայ կազմակերպութիւնը՝ երկրի վրայ Աստուծոյ օծեալներուն ժողովքն է։ Այս առաջին տեսիլքին կատարումը վերջ կը գտնէ, երբ օծեալ ժողովքին վերջին հաւատարիմ անդամը մեռնի եւ երկնային կեանքի յարուցուի։ Սակայն, Տէրունական Օրը, երկրային ուրիշ ոչխարներու օրհնութեանց հետ մէկտեղ, կը շարունակուի մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանը։—Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 20։4, 5

5. (ա) Ձայն մը ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէսի որ ընէ։ (բ) «Եօթը եկեղեցիներ»ուն դիրքը ի՞նչպէս գալարը ղրկուելու համար նպաստաւոր էր։

5 Այս առաջին տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս բան մը տեսնելէն առաջ՝ բան մը կը լսէ. «Ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր. ‘Ինչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են’»։ (Յայտնութիւն 1։10բ, 11) Փողի մը ձայնին նման հեղինակաւոր եւ հրամայական ոճով, ձայն մը Յովհաննէսի կ’ըսէ որ «եօթը եկեղեցիներուն» գրէ։ Ան շարք մը պատգամներ պիտի ստանար եւ իր տեսած ու լսած բաները պիտի հրատարակէր։ Նկատի առէք որ հոս յիշուած ժողովքները իրապէս գոյութիւն ունէին Յովհաննէսի օրերուն։ Բոլորն ալ Փոքր Ասիոյ մէջ կը գտնուէին, Պատմոսի դիմաց, ծովուն անդիի կողմը։ Այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հռովմէական հոյակապ ճամբաներուն շնորհիւ, շատ դիւրութեամբ կարելի էր մէկէն միւսին անցնիլ։ Պատգամաբեր մը առանց դժուարութեան կրնար գալարը մէկ ժողովքէն միւսին տանիլ։ Այդ եօթը ժողովքները կարելի է նմանցնել ներկայիս Եհովայի Վկաներու շրջանի մը մէկ հատուածին։

6. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «զայն որ կայ» խօսքերը։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ այսօր ալ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին մէջ վիճակները պէտք է ըլլան Յովհաննէսի օրերուն ժողովքներուն նման։

6 Յայտնութեան մէջի մարգարէութիւններուն մեծամասնութիւնը Յովհաննէսի ժամանակէն ետք պիտի կատարուէր։ Անոնք կ’ակնարկէին այն բաներուն որոնք «ետքը պիտի ըլլայ»ին։ Բայց եօթը ժողովքներուն տրուած խրատները այդ ժամանակ եօթը ժողովքներուն մէջ իրապէս գոյութիւն ունեցող բաներուն մասին էին՝ «զայն որ կայ»։ Պատգամները թանկարժէք նպաստներ էին այդ եօթը ժողովքներուն մէջ նշանակուած հաւատարիմ երէցներուն, ինչպէս նաեւ այն ժամանակուան օծեալ Քրիստոնեաներու միւս բոլոր ժողովքներուն համար։ * Քանի որ տեսիլքը իր գլխաւոր կատարումը պիտի ունենար տէրունական օրուան մէջ, հետեւաբար Յիսուսի ըսածը կը նշէ որ մեր օրերուն ալ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքէն ներս նոյն վիճակները կ’ակնկալուին։—Յայտնութիւն 1։10, 19

7. Յովհաննէս իր առաջին տեսիլքին մէջ զո՞վ կը տեսնէ եւ ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր եւ խայտալի է մեզի համար։

7 Այս առաջին տեսիլքին մէջ Յովհաննէս կը տեսնէ շողշողուն Տէր Յիսուս Քրիստոսը իր երկնային փառքին մէջ։ Երկինքէն պաշտօն ստացած այս Տէրոջ առնչուած մեծ օրուան մասին խօսող մարգարէական գրքէ մը չսպա՞սուիր այսպիսի բացում մը։ Իսկ մեզի, որ ներկայիս այդ ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք ու իր իւրաքանչիւր պատուէրին ուշի–ուշով կը հետեւինք, ասկէ աւելի կարեւոր բան մը կրնա՞յ ըլլալ։ Իսկ Եհովայի գերիշխանութեան համակիրներուն համար ո՜րքան խայտալի է երաշխաւորութիւն ունենալ որ Սատանայի կողմէ եկած բոլոր փորձութիւններուն ու հալածանքներուն տոկալէ եւ շուրջ 2,000 տարի առաջ «գարշապար»ի խայթուածքով տանջալի մահ մը ճաշակելէ յետոյ, Մեսիական Սերունդը հիմա կենդանի է երկնքի մէջ եւ Աստուծոյ հոյակապ նպատակը վերջնական յաղթութեան հասցնելու համար լիազօրութիւն ստացած է։—Ծննդոց 3։15

8. Հիմա Յիսուս ո՞ր արարքին համար կազմ ու պատրաստ է։

8 Բացայայտ է որ ներկայիս Յիսուս կազմ ու պատրաստ է գործելու որպէս թագադրուած Թագաւոր։ Ան նշանակուած է որպէս Եհովայի Գլխաւոր Դահիճը, որպէսզի Անոր վերջնական դատաստանները գործադրէ այս հին ու ամբարիշտ իրերու դրութեան եւ անոր դիւային աստուծոյն, Սատանային վրայ։ Ան նաեւ պատրաստ է դատելու իր օծեալներու ժողովքը եւ անոնց ընկերակիցները, մեծ բազմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհը։—Յայտնութիւն 7։4, 9. Գործք 17։31

9. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ ոսկեղէն աշտանակներու միջեւ եղող փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը։ (բ) Տաճարանման միջավայրը եւ Յիսուսի հագած պատմուճանը ի՞նչ կը նշեն։ (գ) Անոր ոսկիէ գօտին ի՞նչ կը ներկայացնէ։

9 Յովհաննէս դէպի ձայնը կը դառնայ եւ հետեւեալը կը տեսնէ. «Դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ»։ (Յայտնութիւն 1։12) Աւելի ետք Յովհաննէս կը սորվի թէ այդ եօթը աշտանակները ի՛նչ կը խորհրդանշեն։ Բայց իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ աշտանակներու մէջտեղ գտնուող անհատը։ «Եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած» էր։ (Յայտնութիւն 1։13) Յիսուս՝ ‘մարդու Որդին’, ապշահար վկային՝ Յովհաննէսի դիմաց ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս փառահեղ, լուսաշող մէկը։ Ան ոսկեղէն բոցավառ աշտանակներու միջեւ կ’երեւնայ շողշողուն փառքով։ Տաճարանման այս միջավայրը Յովհաննէսի ուշադրութեան կը յանձնէ այն իրողութիւնը թէ Յիսուս որպէս Եհովայի մեծ Քահանայապետը ներկայ է՝ դատելու հեղինակութեամբ։ (Եբրայեցիս 4։14. 7։20-25) Իր երկար, տպաւորիչ պատմուճանը քահանայական իր պաշտօնին կը պատշաճի։ Վաղեմի Հրեայ քահանայապետներուն նման ան գօտի մը՝ իր կուրծքին վրայ ոսկիէ գօտի մը ունի, որ իր սիրտը կը ծածկէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ ինք բոլոր սրտով պիտի կատարէ Եհովա Աստուծմէ ստացած իր պաշտօնը։—Ելից 28։8, 30. Եբրայեցիս 8։1, 2

10. (ա) Յիսուսի ձիւնի նման սպիտակ մազերը եւ կրակի բոցի պէս աչքերը ի՞նչ կը նշեն։ (բ) Յիսուսի պղինձի պէս փայլուն ոտքերը ի՞նչ իմաստ կը կրեն։

10 Յովհաննէս կը շարունակէ նկարագրել. «Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս»։ (Յայտնութիւն 1։14) Ձիւնի պէս սպիտակ իր մազերը՝ կեանքի երկարութեան շնորհիւ ձեռք ձգուած իմաստութիւն կը նշեն։ (Համեմատել՝ Առակաց 16։31) Իսկ կրակի բոցի պէս իր աչքերը ցոյց կու տայ որ ան սուր նայուածք ունի եւ արթուն է, երբ կը քննէ, կը փորձէ կամ կը բարկանայ։ Յիսուսի ոտքերն անգամ Յովհաննէսի ուշադրութիւնը կը գրաւեն. «Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս»։ (Յայտնութիւն 1։15) Տեսիլքին մէջ Յիսուսի ոտքերը պղինձի պէս են, փայլուն եւ շողշողուն, ինչ որ շատ տեղին է անոր համար, որ նախանձախնդրաբար կը քալէ Եհովա Աստուծոյ ներկայութեան եւ լաւ դիրք մը կը վայելէ։ Իսկ մինչ Աստուածաշունչին մէջ աստուածային բաները յաճախ ոսկիով խորհրդանշուած են, մարդոց վերաբերեալ բաները՝ պղինձով։ * Ուստի մաքուր պղինձի նման՝ Յիսուսի փայլուն ոտքերը մեզի կը յիշեցնեն թէ ո՜րքան «գեղեցիկ» էին անոր ոտքերը, երբ երկրի վրայ բարի լուրը քարոզելու համար կը շրջագայէր։—Եսայեայ 52։7. Հռովմայեցիս 10։15

11. (ա) Յիսուսի փառաւոր ոտքերը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնեն։ (բ) Յիսուսի ձայնը «շատ ջուրերու ձայնի պէս» ըլլալը ի՞նչ կը նշէ։

11 Արդարեւ, որպէս կատարեալ մարդ, Յիսուս այնպիսի փայլք մը ունէր որ նկատելի էր թէ՛ հրեշտակներուն եւ թէ մարդոց կողմէ։ (Յովհաննու 1։14) Իր փառաւոր ոտքերն ալ մեզի կը յիշեցնեն թէ ան Եհովայի կազմակերպութեան սուրբ հողերուն վրայ կը քալէ, ուր կը ծառայէ որպէս Քահանայապետ։ (Համեմատել՝ Ելից 3։5) Իսկ ինչ կը վերաբերի իր ձայնին, անիկա հսկայ ջրվէժի մը նման կ’որոտայ։ Անիկա տպաւորիչ, ահաւոր է, ինչպէս կը վայելէ անոր, որ պաշտօնապէս կոչուած է Բանն Աստուծոյ, ան՝ որ կու գայ ‘աշխարհս արդարութեամբ դատելու’։—Գործք 17։31. Յովհաննու 1։1

12. Ի՞նչ է «սրած երկբերան սուր»ին իմաստը։

12 «Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս»։ (Յայտնութիւն 1։16, 17ա) Յիսուս քիչ մը անդին կը բացատրէ եօթը աստղերուն իմաստը։ Բայց ուշադրութիւն ըրի՞ք թէ իր բերնէն ինչ կ’ելլէր. «սրած երկբերան սուր մը»։ Ի՜նչ յարմար պատկեր մը։ Քանի որ Յիսուս նշանակուած է որպէսզի Եհովայի վերջին դատաստանները արձակէ Իր թշնամիներուն դէմ։ Իր բերնէն ելած վճռական հրամանները բոլոր չարերուն համար բնաջնջում պիտի նշանակեն։—Յայտնութիւն 19։13, 15

13. (ա) Յիսուսի փայլուն, շողշողուն դէմքը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ (բ) Յիսուսի մասին Յովհաննէսի նկարագրութիւնը ընդհանուր ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր վրայ։

13 Յիսուսի փայլուն եւ շողշողուն դիմագիծը մեզի կը յիշեցնէ Մովսէսը, որուն դէմքը կը փայլէր Սինա Լերան վրայ Եհովա իրեն հետ խօսելէ յետոյ։ (Ելից 34։29, 30) Յիշեցէք նաեւ որ Յիսուս շուրջ 2,000 տարի առաջ իր երեք առաքեալներուն դիմաց այլակերպած ժամանակ, «իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս»։ (Մատթէոս 17։2) Արդ, տէրունական օրուան ընթացքին Յիսուսը ներկայացնող տեսիլքին մէջ, անոր դէմքը դարձեալ շքեղօրէն կը ճառագայթէ, որպէս մէկը որ Եհովայի ներկայութիւնը կը վայելէ։ (Բ. Կորնթացիս 3։18) Արդարեւ, Յովհաննէսի տեսիլքին հաղորդած ընդհանուր պատկերը լուսաճաճանչ փառք մըն է. ձիւնի նման սպիտակ մազեր, բոցավառ աչքեր, լուսափայլ դէմք ու շողշողուն ոտքեր։ Իրապէս անբաղդատելի տեսիլք մը անոր՝ որ հիմա ‘անմերձենալի լոյսի մէջ կը բնակի’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։16) Ա՛յնքան իրական ու կենսունակ տեսարանին դիմաց ի՞նչ կ’ըլլայ ահաբեկուած Յովհաննէսի հակազդեցութիւնը։ Առաքեալը մեզի կ’ըսէ. «Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս»։—Յայտնութիւն 1։17

14. Երբ փառաւորեալ Յիսուսի մասին Յովհաննէսի տեսիլքը կարդանք, ի՞նչպէս պէտք է ազդուինք։

14 Ներկայիս Յովհաննէսի տեսիլքին գունագեղ, մանրամասնուած նկարագրութիւնը Աստուծոյ ծառաները խոր գնահատութեամբ կը լեցնէ։ Արդէն տէրունական օրուընէ աւելի քան 90 տարի անցած է, որու ընթացքին տեսիլքը կը շարունակէ զգայացունց կերպով կատարուիլ։ Յիսուսի թագաւորական իշխանութիւնը մեզի համար կենդանի, ներկայ իրողութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ ապագայ յոյս մը։ Հետեւաբար, որպէս Թագաւորութեան հպատակներ շատ պատշաճ է որ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւինք այս առաջին տեսիլքին մէջ Յովհաննէսի տակաւին նկարագրելիք բաներուն եւ փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը հլու հնազանդ մտիկ ընենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Մանրամասն տեղեկութեանց համար, տես Աստուածաշունչը Իրապէս Ի՞նչ կը Սորվեցնէ գիրքը, էջ 88-92, 215-218, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 6 Առաջին դարուն, երբ ժողովք մը առաքեալէ մը նամակ ստանար, սովորութիւն էր այդ նամակը շրջաբերութեան մէջ դնել, որպէսզի ուրիշ ժողովքներ ալ օգտուէին տրուած խրատներէն։—Համեմատել՝ Կողոսացիս 4։16

^ պարբ. 10 Սողոմոնի տաճարին ներքին կահաւորումն ու զարդարանքները, կա՛մ ոսկիէ շինուած էին եւ կամ ոսկեզօծ էին, մինչդեռ պղինձը գաւիթի կարասիներուն համար գործածուած էր։—Գ. Թագաւորաց 6։19-23, 28-35. 7։15, 16, 27, 30, 38-50. 8։64

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 23]

Հնախուզական աւերակներ եօթը ժողովքներուն գտնուած քաղաքներուն մէջ, որոնք կը հաստատեն Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը։ Հոս էր որ առաջին դարու Քրիստոնեաները ստացան Յիսուսի քաջալերական պատգամները, որոնք ներկայիս կ’ոգեւորեն համաշխարհային ժողովքը

ՊԵՐԳԱՄՈՆ

ԶՄԻՒՌՆԻԱ

ԹԻՒԱՏԻՐ

ՍԱՐԴԻԿԷ

ԵՓԵՍՈՍ

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ

ԼԱՒՈԴԻԿԷ