Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը

Նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը

Գլուխ 42

Նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը

1. Յովհաննէս ի՞նչ կը նկարագրէ, երբ հրեշտակը զինք կը տանի Հազարամեայ Իշխանութեան սկիզբին։

 ՄԻՆՉ հրեշտակը Յովհաննէսը կը տանի Հազարամեայ Իշխանութեան սկիզբին, այս փառաւոր տեսիլքը հետզհետէ աւելի կը բացայայտուի։ Յովհաննէս ի՞նչ կը նկարագրէ։ «Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար»։ (Յայտնութիւն 21։1) Թովիչ տեսարան մը կը պարզուի։

2. (ա) Նոր երկինքի ու նոր երկրի մասին Եսայիի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս վերահաստատուած Հրեաներուն վրայ կատարուեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին։ (բ) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եսայիի մարգարէութիւնը ուրիշ կատարում մը պիտի ունենայ, եւ այս խոստումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։

2 Յովհաննէսի օրերէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովա ըսած էր Եսայիի. «Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ (Եսայեայ 65։17. 66։22) Այս մարգարէութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ հաւատարիմ Հրեաներ Երուսաղէմ վերադարձան Հ.Դ.Ա. 537–ին, Բաբելոնի մէջ 70 տարի աքսորուած մնալէ ետք։ Երբ վերահաստատուեցան, անոնք մաքրուած ընկերութիւն մը՝ «նոր երկիր մը» կազմեցին, վարչական նոր դրութեան մը՝ «նոր երկինք»ի ներքեւ։ Պետրոս առաքեալ սակայն, ցոյց տուաւ որ այս մարգարէութիւնը յաւելեալ կատարում մը պիտի ունենար, ըսելով. «Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Արդ, Յովհաննէս ցոյց կու տայ որ այս խոստումը կը կատարուի տէրունական օրուան ընթացքին։ «Առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը»՝ Սատանայի կազմակերպուած իրերու դրութիւնը, Սատանայի եւ իր դեւերուն ազդեցութեան ներքեւ եղող իր վարչական կառոյցով՝ պիտի անցնին։ Ամբարիշտ, ըմբոստ մարդկութեան ալեծուփ «ծով»ը գոյութենէ պիտի դադրի։ Անոր տեղը պիտի առնէ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը». երկրային նոր ընկերութիւն մը, նոր կառավարութեան մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 20։11

3. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ կը նկարագրէ, եւ Նոր Երուսաղէմը ի՞նչ է։ (բ) Նոր Երուսաղէմը ի՞նչպէս ‘երկինքէն կ’իջնէ’։

3 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած»։ (Յայտնութիւն 21։2) Նոր Երուսաղէմը Քրիստոսի հարսն է, որ բաղկացած է օծեալ Քրիստոնեաներէ, որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ մնացած են եւ որոնք յարուցանուած եւ փառաւորեալ Յիսուսի հետ թագաւորներ ու քահանաներ եղած են։ (Յայտնութիւն 3։12. 20։6) Ճիշդ ինչպէս որ երկրային Երուսաղէմը վաղեմի Իսրայէլին կառավարական աթոռը եղաւ, վեհաշուք Նոր Երուսաղէմը եւ իր Փեսան իրերու նոր դրութեան կառավարութիւնը կը կազմեն։ Ասիկա է նոր երկինքը։ ‘Հարսը երկինքէն կ’իջնէ’ ոչ թէ բառացի առումով, այլ՝ իր ուշադրութիւնը դէպի երկիր դարձնելու իմաստով։ Գառնուկին հարսը իր հաւատարիմ օգնականը պիտի ըլլայ, որպէսզի արդար կառավարութիւն մը գործէ ամբողջ մարդկութեան վրայ։ Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մը նոր երկրին համար։

4. Աստուած ի՞նչ խոստում կու տայ որ նորակազմ Իսրայէլ ազգին իր տուած խոստումին կը նմանի։

4 Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը’»։ (Յայտնութիւն 21։3) Երբ Եհովա Օրէնքի ուխտը հաստատեց նորակազմ Իսրայէլ ազգին հետ, ան խոստացաւ. «Իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք»։ (Ղեւտացւոց 26։11, 12) Արդ, Եհովա նոյնանման խոստում մը կու տայ հաւատարիմ մարդոց։ Հազարամեայ Դատաստանի Օրուան ընթացքին, անոնք իրեն մասնայատուկ ժողովուրդ մը պիտի ըլլան։

5. (ա) Աստուած ի՞նչպէս մարդոց հետ պիտի բնակի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (բ) Աստուած ի՞նչպէս մարդոց հետ պիտի բնակի Հազարամեայ Իշխանութենէն ետք։

5 Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Եհովա մարդոց մէջ «պիտի բնակի» ժամանակաւոր կարգադրութեամբ մը. իր արքայազուն Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս զինք պիտի ներկայացնէ։ Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան սակայն, երբ Յիսուս Թագաւորութիւնը իր Հօրը վերադարձնէ, այլեւս արքայական ներկայացուցիչի կամ միջնորդի մը կարիքը պիտի չըլլայ։ Եհովա հոգեւոր առումով ‘իր ժողովուրդին’ հետ պիտի բնակի, մշտատեւ եւ ուղղակի կերպով։ (Համեմատել՝ Յովհաննու 4։23, 24) Վերահաստատուած մարդկութեան համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը։

6, 7. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ հոյակապ խոստումներ կը յայտնէ, եւ որո՞նք մասնակից պիտի ըլլան այս օրհնութիւններուն։ (բ) Եսային ի՞նչպէս կը նկարագրէ հոգեւոր եւ ֆիզիքական դրախտ մը։

6 Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Դարձեալ ներշնչեալ նախկին խոստումներ կը յիշեցուին։ Եսային ալ մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէր ժամանակի մը երբ մահ ու սուգ պիտի չըլլային եւ տրտմութեան տեղը պիտի առնէր ցնծութիւնը։ (Եսայեայ 25։8. 35։10. 51։11. 65։19) Հոս Յովհաննէս կը հաստատէ որ այս խոստումները հոյակապ կատարում մը պիտի ունենան հազարամեայ Դատաստանի Օրուան ընթացքին։ Նախ՝ մեծ բազմութիւնը օրհնութիւններ պիտի վայելէ։ «Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է», զանոնք պիտի շարունակէ հովուել ու «դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։9, 17) Բայց վերջապէս, բոլոր անոնք որոնք յարուցանուած են եւ Եհովայի կարգադրութիւններուն հաւատք կ’ընծայեն, պիտի միանան անոնց, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական դրախտ մը վայելելու համար։

7 Եսային կ’ըսէ. «Այն ատեն, կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին»։ Այո, «այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 35։5, 6) Դարձեալ այն ատեն, «տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։ (Եսայեայ 65։21, 22) Ուստի, անոնք երկրէն արմատախիլ պիտի չըլլան։

8. Այս հոյակապ խոստումներուն վստահելի ըլլալու մասին Եհովա անձամբ ի՞նչ կ’ըսէ։

8 Երբ այս խոստումներուն մասին մտածենք, մեր մտքերը ի՜նչ հոյակապ նախաշողերով կը պարուրուին։ Երկնային սիրալիր կառավարութեան ներքեւ, հոյակապ կարգադրութիւններ վերապահուած են հաւատարիմ մարդկութեան։ Արդեօք այս խոստումները անհաւատալի՞ կը թուին ձեզի։ Արդեօք ասոնք Պատմոս կղզիին վրայ աքսորուած տարեց մարդու մը երեւակայութիւննե՞րն են։ Եհովա ինք կու տայ ասոնց պատասխանը. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’։ Նաեւ ըսաւ ինծի. ‘Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը’»։—Յայտնութիւն 21։5, 6ա

9. Ինչո՞ւ կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ որ այս ապագայ խոստումները պիտի կատարուին։

9 Կարծես այս ապագայ օրհնութիւններուն համար Եհովա ի՛նք հաւատարիմ մարդկութեան երաշխիք կու տայ, կամ վաւերագիր մը կը ստորագրէ։ Այսպիսի Երաշխաւորէ մը ո՛վ կրնայ կասկածիլ։ Այո, այս խոստումները ա՛յնքան վստահելի են, որ Եհովա անոնց մասին կը խօսի որպէս արդէն կատարուած՝ ‘Եղած’ բաներ։ Եհովան ինք չէ՞ «Ալֆան եւ Օմէղան, . . . որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը»։ (Յայտնութիւն 1։8) Արդարեւ ի՛նքն է։ Ան կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, ինծմէ զատ Աստուած չկայ»։ (Եսայեայ 44։6) Ուստի, Ան կրնայ մարգարէութիւններ ներշնչել տալ ու ապա զանոնք ամենայն մանրամասնութեամբ կատարել։ Ի՜նչ հաւատք կը զօրացնէ ասիկա։ Ուստի, ան կը խոստանայ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Փոխանակ այս հոյակապ բաներուն կատարուելուն վրայ կասկած ունենալու, մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Այսպիսի օրհնութիւններ ժառանգելու համար անհատապէս ի՞նչ պէտք է ընեմ’։

«Ջուր»՝ Ծարաւներուն Համար

10. Եհովա ի՞նչ «ջուր» կը հրամցնէ, եւ անիկա ի՞նչ կը ներկայացնէ։

10 Ուղղակի Եհովան է որ կը ծանուցանէ. «Ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն»։ (Յայտնութիւն 21։6բ) Այդ ծարաւը յագեցնելու համար, անհատ մը իր հոգեւոր կարիքներուն գիտակից պէտք է ըլլայ եւ սիրայօժարօրէն ընդունի Եհովայի հայթայթած «ջուր»ը։ (Եսայեայ 55։1. Մատթէոս 5։3ՆԱ) Ի՞նչ «ջուր»։ Յիսուս ինք պատասխանեց այդ հարցումին, երբ Սամարիոյ մէջ ջրհորի մը քով կնոջ մը կը վկայէր։ Յիսուս կնոջ ըսաւ. «Ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։ Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։ «Կենաց ջուրին աղբիւր»ը Աստուծմէ կը բխի Քրիստոսի միջոցաւ, մարդկութիւնը կատարեալ կեանքի վերահաստատելու Իր կարգադրութիւնը ըլլալով։ Սամարացի կնոջ նման, այդ աղբիւրէն անյագօրէն խմելու տենչ պէտք է ունենանք։ Իսկ դարձեալ այս կնոջ նման, մեր աշխարհային հետապնդումները ձգելու պատրաստ ըլլանք, ուրիշներուն բարի լուրը տալու համար։—Յովհաննու 4։13-15, 28, 29

Ան որ կը Յաղթէ

11. Եհովա ի՞նչ կը խոստանայ, եւ այս խօսքերը առաջին հերթին որոնց կը կիրարկուին։

11 Անոնք որոնք այս թարմացնող «ջուր»ը կը խմեն, անոնք ալ պէտք է յաղթեն, ինչպէս Եհովա կը շարունակէ ըսել. «Ան որ կը յաղթէ, ամէն բաները պիտի ժառանգէ ու ես անոր Աստուած պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։7) Այս խոստումը նման է եօթը ժողովքներուն ղրկուած պատգամներուն մէջ տրուած խոստումներուն. հետեւաբար այս խօսքերը առաջին հերթին կը կիրարկուին օծեալ աշակերտներուն։ (Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 26-28. 3։5, 12, 21) Դարերէ ի վեր, Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրները Նոր Երուսաղէմի մաս կազմելու իրենց առանձնաշնորհումին անձկալից սպասած են։ Եթէ անոնք յաղթեն, ինչպէս Յիսուս յաղթեց, անոնց յոյսերը պիտի իրականացուին։—Յովհաննու 16։33

12. Յայտնութիւն 21։7–ի մէջ տրուած Եհովայի խոստումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի մեծ բազմութեան պարագային։

12 Բոլոր ազգերէն հաւաքուած մեծ բազմութիւնն ալ այս խոստումին կը սպասէ։ Անոնք ալ պէտք է յաղթեն, հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելով, մինչեւ մեծ նեղութենէն անցնին։ Անկէ ետք, անոնք իրենց երկրային ժառանգութեան՝ ‘աշխարհի սկիզբէն իրենց համար պատրաստուած թագաւորութեան’ մէջ պիտի մտնեն։ (Մատթէոս 25։34) Ասոնք եւ Տէրոջ երկրային ոչխարներէն ուրիշներ, որոնք հազարամեայի վերջաւորութեան յաջողապէս կ’անցնին փորձէն, կը կոչուին «սուրբեր»։ (Յայտնութիւն 20։8) Անոնք իրենց Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ սրբազան եւ որդիական յարաբերութիւն մը պիտի վայելեն, որպէս իր տիեզերական կազմակերպութեան անդամները։—Եսայեայ 66։22. Յովհաննու 20։31. Հռովմայեցիս 8։21

13, 14. Աստուծոյ հոյակապ խոստումները ժառանգելու համար, պայման է որ ի՞նչպիսի սովորութիւններէ վճռենք խուսափիլ եւ ինչո՞ւ։

13 Այս հոյակապ հեռանկարը իրենց դիմաց ունենալով, ո՜րքան կարեւոր է որ հիմա Եհովայի Վկաները Սատանայի աշխարհին վարակիչ բաներէն մաքուր մնան։ Պէտք է զօրաւոր, անսասան մնանք, վճռած ըլլալով որ Սատանան բնա՛ւ պիտի չկարենայ մեզ քաշել եւ մտցնել այն խումբին մէջ, զոր Եհովա կը նկարագրէ հոս. «Բայց վախկոտներուն ու անհաւատներուն եւ պիղծերուն ու մարդասպաններուն ու պոռնիկներուն եւ կախարդներուն ու կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 21։8) Այո, այս ժառանգութեան ձգտող մը, իրերու այս հին դրութիւնը պղծող սովորութիւններէն պէտք է խուսափի։ Ան պէտք է յաղթող ըլլայ, բոլոր ճնշումներուն ու փորձութիւններուն դիմաց հաւատարիմ մնալով։—Հռովմայեցիս 8։35-39

14 Թէեւ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը դաւանի Քրիստոսի հարսը ըլլալ, բայց ան Յովհաննէսի հոս նկարագրած զզուելի սովորութիւններով յատկանշուած է։ Ուստի, ան ալ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն հետ յաւիտենական կործանումի կ’երթայ։ (Յայտնութիւն 18։8, 21) Նոյնպէս, օծեալներէն կամ մեծ բազմութենէն ոեւէ մէկը որ այսպիսի չարագործութիւններ սովորութիւն կը դարձնէ, կամ կը սկսի զանոնք քաջալերել, ինքն ալ յաւիտենական կործանում կը դիմագրաւէ։ Եթէ անոնք այսպիսի ընթացքի մէջ յարատեւեն, խոստումները պիտի չժառանգեն։ Իսկ նոր երկրին մէջ, ան որ կը փորձէ այսպիսի սովորութիւններ մտցնել, անմիջապէս պիտի բնաջնջուի, երկրորդ մահուան ենթարկուելով, առանց յարութեան յոյսի։—Եսայեայ 65։20

15. Որո՞նք արտակարգ յաղթողներ են, եւ Յայտնութիւնը ի՞նչ տեսիլքով իր շքեղ յանգումին կը հասնի։

15 Գառնուկը՝ Յիսուս Քրիստոս եւ իր 144,000 հարսը՝ Նոր Երուսաղէմը, արտակարգ յաղթողներ են։ Ուստի, ո՜րքան տեղին է որ Յայտնութիւնը իր շքեղ յանգումին հասնի, Նոր Երուսաղէմի վերջին եւ գերազանց տեսարանով մը։ Արդ, Յովհաննէս կը նկարագրէ վերջին տեսիլքը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 302]

Նոր երկրի ընկերութեան մէջ, բոլորին համար հաճելի գործ եւ ընկերակցութիւն պիտի ըլլայ