Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»

«Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»

Գլուխ 15

«Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»

1. Արդ ի՞նչ կը պատահի Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ։

 ՎԵՀԱՇՈ՜ՒՔ. ԱԿՆԱԾԱԼԻ՜։ Ա՛յս զգացումը կը յառաջացնէ կրակէ լամբարներուն, քերովբէներուն, 24 երէցներուն եւ ապակեղէն ծովուն միջեւ գտնուող Եհովայի աթոռին տեսիլքը։ Բայց Յո՛վհաննէս, ասկէ ետք ի՞նչ կը տեսնես։ Յովհաննէս այս երկնային թատերաբեմին ճիշդ կեդրոնը կը սեւեռէ իր աչքերը ու մեզի կ’ըսէ. «Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։ Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձայնով կը կանչէր. ‘Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու’։ Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։ Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու»։—Յայտնութիւն 5։1-4

2, 3. (ա) Յովհաննէս ինչո՞ւ անհամբեր է որ գիրքը բանալու համար մէկը գտնուի, բայց ըստ երեւոյթին, ի՞նչ է պարագան։ (բ) Աստուծոյ օծեալ ծառաները մեր օրերուն ի՞նչ բան անհամբեր սպասած են։

2 Ամբողջ ստեղծագործութեան Գերիշխան, Տէր Եհովայի ձեռքին մէջ է այդ գիրքը։ Անիկա կենսական տեղեկութիւններով լեցուն ըլլալու է, քանի որ ներսէն ու դուրսէն գրուած էր։ Մեր հետաքրքրութիւնը կ’արթննայ։ Արդեօք այդ գիրքը ի՞նչ կը պարունակէ։ Կը յիշենք Յովհաննէսի տուած Եհովայի հրաւէրը. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։ (Յայտնութիւն 4։1) Մեծ յուզմունքով, անհամբեր կը սպասենք որ այդ բաներուն մասին տեղեկութիւն ստանանք։ Բայց աւա՜ղ, գիրքը ամուր կերպով գոցուած, եւ եօթը կնիքով կնքուած է։

3 Հզօր հրեշտակը արդեօք պիտի գտնէ՞ մէկը որ արժանի ըլլայ գիրքը բանալու։ Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութեան համաձայն, գիրքը կը գտնուի Եհովայի «աջ ձեռքին վրայ»։ Ասիկա կը թելադրէ որ իր բաց ափին մէջ բռնած է զայն։ Բայց այնպէս կը թուի որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ մէկը չկայ որ արժանի ըլլայ գիրքը առնելու ու զայն բանալու։ Նոյնիսկ երկրի տակ գտնուողներէն՝ Աստուծոյ մահացած հաւատարիմ ծառաներուն մէջէն իսկ, ոեւէ մէկը չկայ որ արժանի ըլլայ այս մեծ պատիւին։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս զգալիօրէն վշտացած է։ Թերեւս բնաւ պիտի չկարենայ գիտնալ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։ Մեր օրերուն ալ, Աստուծոյ օծեալ ծառաները մեծ ցանկութեամբ կը սպասէին որ Եհովա Յայտնութիւն գրքին վրայ իր լոյսը եւ ճշմարտութիւնը ղրկէր։ Ասիկա պիտի ընէր աստիճանաբար, մարգարէութեանց կատարման համար նշանակուած ժամանակին, որպէսզի իր ժողովուրդը ‘փրկութեան’ ճամբուն մէջ առաջնորդէր։—Սաղմոս 43։3, 5

Արժանի Եղողը

4. (ա) Ո՞վ արժանի կը գտնուի գիրքը ու անոր կնիքները բանալու։ (բ) Յովհաննէս դասակարգը եւ անոր ընկերակիցները հիմա ի՞նչ վարձատրութիւն եւ առանձնաշնորհում կը վայելեն։

4 Այո, կա՛յ մէկը որ կրնայ բանալ գիրքը։ Յովհաննէս կը պատմէ. «Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. ‘Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ’»։ (Յայտնութիւն 5։5) Ուստի, ո՛վ Յովհաննէս սրբէ այդ արցունքներդ։ Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցներն ալ տասնեակ տարիներ խիստ փորձութիւններու ենթարկուեցան, մինչ համբերութեամբ լուսաբանութեան կը սպասէին։ Մեզի համար ո՜րքան մխիթարիչ վարձատրութիւն մըն է տեսիլքը հասկնալ եւ ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է անոր կատարման մասնակցիլ, անոր պատգամը ուրիշներուն ծանուցանելով։

5. (ա) Յուդայի մասին ի՞նչ մարգարէութիւն եղած էր եւ անոր շառաւիղէն եղողները ո՞ւր իշխեցին։ (բ) Սելովը ո՞վ է։

5 Ո՜հ, «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը»։ Յովհաննէսի ծանօթ էր Յակոբի՝ Հրեայ ցեղին նախահօր՝ ըրած մարգարէութիւնը. իր չորրորդ որդիին, Յուդայի մասին ան ըսած էր. «Յուդա առիւծի ձագ է. որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։ Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։ (Ծննդոց 49։9, 10) Աստուծոյ ժողովուրդին արքայական շառաւիղը Յուդայէն սերեցաւ։ Դաւիթէն սկսեալ մինչեւ Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանումը, այդ քաղաքին մէջ իշխող բոլոր թագաւորները Յուդայէ սերած էին։ Բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը Յակոբի կողմէ մարգարէացուած Սելովն էր։ Սելով կը նշանակէ՝ «Ան Որուն կը Վայելէ [Իրաւունքն Է]»։ Մարգարէաբար, այս անունը կը մատնանշէր Յիսուսը, որուն ներկայիս վերջնականապէս կը պատկանի Դաւիթենական Թագաւորութիւնը։—Եզեկիէլ 21։25-27. Ղուկաս 1։32, 33. Յայտնութիւն 19։16

6. Ի՞նչ առումով Յիսուս Յեսսէի «շառաւիղ»ը, ինչպէս նաեւ «Դաւիթին Արմատ»ն էր։

6 Յովհաննէս շուտով կը հասկնայ թէ «Դաւիթին Արմատը» արտայայտութիւնը որո՛ւ կ’ակնարկէ։ Խոստացեալ Մեսիան մարգարէաբար կոչուած է «Յեսսէին [Դաւիթ թագաւորին հայրը] բունէն շառաւիղ մը . . . ընձիւղ մը» եւ «Յեսսէին արմատը [որ] պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար»։ (Եսայեայ 11։1, 10) Յիսուս Յեսսէի բունէն շառաւիղ մըն էր, Յեսսէի որդւոյն՝ Դաւիթի արքայական ընտանիքին մէջ ծնած ըլլալով։ Նաեւ, Յեսսէի արմատը ըլլալով, Ինք պատճառ եղաւ որ Դաւիթենական հարստութիւնը դարձեալ ծլի, անոր յաւիտեան կեանք եւ գոյամիջոց տալով։—Բ. Թագաւորաց 7։16

7. Յիսուս ինչո՞ւ արժանի կ’ըլլայ աթոռին վրայ Նստողին ձեռքէն գիրքը առնելու։

7 Ուշագրաւօրէն Յիսուս ինքն էր որ որպէս կատարեալ մարդ, տանջալից փորձութիւններու ներքեւ ուղղամտութեամբ Եհովայի ծառայեց։ Ան Սատանայի մարտահրաւէրին լիարժէք պատասխան մը հայթայթեց։ (Առակաց 27։11) Անոր համար ան կրնար ըսել, այն ինչ որ ըսաւ իր զոհաբերական մահուընէ ճիշդ առաջ. «Ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Այս պատճառաւ, Եհովա յարուցեալ Յիսուսի յանձնեց «ամէն իշխանութիւն . . . երկնքի ու երկրի մէջ»։ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն մէջէն միմիայն ի՛նքն է որ գիրքը ստանալու արժանի է, որպէսզի անոր մեծ նշանակութիւն ունեցող պատգամը գիտցնէ։—Մատթէոս 28։18

8. (ա) Թագաւորութեան նկատմամբ, ի՞նչ բան Յիսուսը արժանի կը դարձնէ։ (բ) Ինչո՞ւ յարմար է որ 24 երէցներէն մէկը Յովհաննէսի գիտցնէ թէ գիրքը բանալու արժանի եղողը ո՛վ է։

8 Արդարեւ, պատշաճ է որ Յիսուս բանայ գիրքը։ 1914–էն ի վեր, ան Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան որպէս Թագաւոր թագադրուած է, եւ այդ գիրքը շատ բան կը յայտնէ Թագաւորութեան եւ անոր իրագործելիք բաներուն մասին։ Յիսուս երբ երկրի վրայ էր, հաւատարմօրէն վկայութիւն տուաւ Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին։ (Յովհաննու 18։36, 37) Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթեն։ (Մատթէոս 6։9, 10) Ան քրիստոնէական դարաշրջանին սկիզբը Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան ձեռնարկեց եւ մարգարէացաւ որ այդ քարոզչութիւնը վերջին ժամանակին իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր։ (Մատթէոս 4։23. Մարկոս 13։10) Դարձեալ պատշաճ է որ 24 երէցներէն մէկը Յովհաննէսի ցոյց տայ թէ Յիսուս է ան որ պիտի բանայ գիրքը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ աթոռներու վրայ նստած եւ պսակներ ունեցող այդ երէցները, իր Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ժառանգակիցներն են։—Հռովմայեցիս 8։17. Յայտնութիւն 4։4

‘Գառնուկը որ Մորթուած Էր’

9. Փոխանակ առիւծի, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ ‘աթոռին մէջտեղը կայնած’ եւ ան ի՞նչպէս կը նկարագրէ զայն։

9 Յովհաննէս կը նայի տեսնելու համար «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը»։ Բայց զարմանալի՜, բոլորովին տարբեր խորհրդանշական պատկեր մը կը տեսնէ. «Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին»։—Յայտնութիւն 5։6

10. Յովհաննէսի տեսած «Գառնուկ»ը ո՞վ է եւ այս արտայայտութիւնը ինչո՞ւ տեղին է։

10 Աթոռին կողքին, ճիշդ կեդրոնը, չորս կենդանիներուն եւ 24 երէցներուն կազմած շրջանակին մէջտեղ գառնուկ մը կայ։ Անկասկած, Յովհաննէս անմիջապէս կը կապէ այս գառնուկը «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծ»ին եւ «Դաւիթին Արմատ»ին հետ։ Ան գիտէ որ աւելի քան 60 տարի առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ իր շուրջը գտնուող Հրեաներուն զայն ներկայացուց որպէս «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ (Յովհաննու 1։29) Երկրի վրայ գտնուած ամբողջ շրջանին, Յիսուս աշխարհի կողմէ չարատաւորուեցաւ, անարատ գառնուկի մը պէս՝ որպէսզի իր անմեղադրելի կեանքը մարդկութեան համար որպէս զոհ մատուցանէ։—Ա. Կորնթացիս 5։7. Եբրայեցիս 7։26

11. Ինչո՞ւ անպատուաբեր չէ փառաւորեալ Յիսուսը ներկայացնել ‘որպէս թէ մորթուած գառնուկ մը’։

11 Բայց քիչ մը նսեմացուցիչ կամ անպատուաբեր չէ՞ Յիսուսը ներկայացնել ‘որպէս թէ մորթուած գառնուկ մը’։ Բնաւ երբեք։ Մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարիմ մնալը մեծ պարտութիւն մըն էր Սատանայի համար, իսկ մեծ յաղթանակ՝ Եհովա Աստուծոյ համար։ Յիսուսը այս ձեւով ներկայացնելը վառ կերպով կը նկարագրէ Սատանայի աշխարհին վրայ իր տարած յաղթանակը, եւ մարդկութեան հանդէպ Եհովայի ու Յիսուսի խոր սէրը կը յիշեցնէ։ (Յովհաննու 3։16. 15։13. համեմատել՝ Կողոսացիս 2։15) Այսպիսով Յիսուս մատնանշուած է որպէս խոստացեալ Սերունդը, ուշագրաւօրէն որակեալ՝ գիրքը բանալու։—Ծննդոց 3։15

12. Գառնուկին եօթը եղջիւրները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

12 Ուրիշ ի՞նչ բան այս «Գառնուկ»ին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելցնէ։ Ան եօթը եղջիւր ունի։ Աստուածաշունչին մէջ եղջիւրները ընդհանրապէս զօրութիւն կամ հեղինակութիւն կը խորհրդանշեն, իսկ եօթն՝ ամբողջութիւն կը մատնանշէ։ (Համեմատել՝ Ա. Թագաւորաց 2։1, 10. Սաղմոս 112։9. 148։14) Հետեւաբար, Գառնուկին եօթը եղջիւրները կը ներկայացնեն Եհովայի կողմէ Յիսուսի վստահուած զօրութեան լիութիւնը։ Ան «ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ [է] եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ»։ (Եփեսացիս 1։20-23. Ա. Պետրոս 3։22) Յիսուս հեղինակութիւն, կառավարական հեղինակութիւն, կը բանեցնէ մասնաւորաբար 1914–էն ի վեր, երբ Եհովա թագադրեց զինք որպէս երկնային Թագաւոր։—Սաղմոս 2։6

13. (ա) Գառնուկին եօթը աչքերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) Գառնուկը ի՞նչ կ’ընէ։

13 Ասկէ զատ, Յիսուս ամբողջովին սուրբ հոգիով լեցուած է, որ պատկերացուած է Գառնուկին եօթը աչքերով, «որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են»։ Յիսուս այն խողովակն է որու ընդմէջէն Եհովայի գործօն ուժը լիովին կը հոսի Իր երկրային ծառաներուն վրայ։ (Տիտոս 3։6) Բացայայտօրէն, այս նոյն հոգիին միջոցաւ է որ ինք երկնքէն կը տեսնէ ինչ որ տեղի կ’ունենայ երկրի վրայ։ Իր Հօրը նման, Յիսուս կատարեալ խորատեսութիւն ունի։ Ոչ մէկ բան կը վրիպի իր աչքէն։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 11։4. Զաքարեայ 4։10) Յստակ է ուրեմն, որ այս Որդին՝ աշխարհի յաղթող ուղղամիտը, Յուդայի ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին արմատը, մարդկութեան համար իր կեանքը մատուցանողը, ամբողջական հեղինակութիւն, սուրբ հոգին իր լիութիւնովը եւ Եհովա Աստուծմէ կատարեալ խորատեսութիւն ունեցողը՝ այո, այսպիսի մէկը ուշագրաւօրէն արժանի է Եհովայի ձեռքէն գիրքը առնելու։ Արդեօք ան կը վարանի՞ Եհովայի փառաշուք կազմակերպութեան մէջ ծառայութեան այս պաշտօնը ընդունելու։ Բնա՛ւ. այլ՝ «Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ»։ (Յայտնութիւն 5։7) Յօժարակամ հպատակութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։

Գովաբանութեան Երգեր

14. (ա) Երբ Յիսուս կ’առնէ գիրքը, չորս կենդանիներուն եւ 24 երէցներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։ (բ) 24 երէցներուն մասին Յովհաննէսի ստացած տեղեկութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ անոնց ինքնութիւնը եւ դիրքը։

14 Եհովայի աթոռին առջեւ գտնուող միւս արարածները ի՞նչպէս կը հակազդեն։ «Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են»։ (Յայտնութիւն 5։8) Աստուծոյ աթոռին առջեւ եղող քերովբէի նմանող չորս կենդանիներուն նման, 24 երէցները Յիսուսի առջեւ կը խոնարհին իր հեղինակութեան որպէս ճանաչում։ Բայց միայն այս երէցներն են որ քնարներ եւ խունկով լեցուն խնկամաններ ունին եւ հիմա միայն իրենք են որ նոր երգ մը կ’երգեն։ * (Յայտնութիւն 5։9) Այս կերպով անոնք կը նմանին «Աստուծոյ [սուրբ] Իսրայէլ»ի 144,000 անդամներուն, որոնք նոյնպէս քնարներ ունին եւ նոր երգ մը կ’երգեն։ (Գաղատացիս 6։16. Կողոսացիս 1։12. Յայտնութիւն 7։3-8. 14։1-4) Դարձեալ, ցոյց կը տրուի որ 24 երէցները երկնային, քահանայական պաշտօն կը կատարեն, վաղեմի Իսրայէլի քահանաներուն նման, որոնք տաղաւարին մէջ Եհովայի խունկ կը ծխէին. պաշտօն մը որ երկրի վրայ վերջ գտաւ, երբ Աստուած Մովսիսական Օրէնքը մէջտեղէն վերցուց, զայն Յիսուսի տանջանքի ցիցին վրայ գամելով։ (Կողոսացիս 2։14) Այս բոլորէն ո՞ր եզրակացութեան կը յանգինք։ Հոս կը տեսնենք օծեալ յաղթողները, որոնք իրենց վերջնական նշանակումը կը կատարեն, որպէս ‘Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները, անոր հետ հազար տարի թագաւորելով’։—Յայտնութիւն 20։6

15. (ա) Իսրայէլի մէջ միայն ո՞վ առանձնաշնորհումը ունէր տաղաւարին Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնելու։ (բ) Ինչո՞ւ քահանայապետին համար Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնելէն առաջ խունկ ծխելը մահու ու կենաց հարց էր։

15 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, միայն քահանայապետը կրնար մտնել Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ, Եհովայի այլաբանական ներկայութեան առջեւ։ Իրեն հետ խունկ տանիլը մահու ու կենաց հարց էր։ Եհովայի օրէնքը կ’ըսէր. «[Ահարոն] Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։ Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին մուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի»։ (Ղեւտացւոց 16։12, 13) Անկարելի էր որ քահանայապետը առանց խունկ ծխելու կարենար յաջող կերպով Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնել։

16. (ա) Քրիստոնէական իրերու դրութեան մէջ, որո՞նք կը մտնեն հակատիպ Սրբութիւն Սրբութեանցը։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է ‘խունկ ծխեն’։

16 Քրիստոնէական իրերու դրութեան մէջ, ոչ միայն հակատիպ Քահանայապետը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ այլ նաեւ 144,000 ենթաքահանաներուն իւրաքանչիւրը վերջապէս կը մտնէ հակատիպ Սրբութիւն Սրբութեանցը, երկնքի մէջ Եհովայի ներկայութեան վայրը։ (Եբրայեցիս 10։19-23) Հոս 24 երէցներով ներկայացուած այս քահանաներուն համար անկարելի է Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնել առանց ‘խունկ ծխելու’, այսինքն, անդադար Եհովայի աղօթքներ ու աղաչանքներ մատուցանելու։—Եբրայեցիս 5։7. Յուդա 20, 21. համեմատել՝ Սաղմոս 141։2

Նոր Երգ մը

17. (ա) 24 երէցները ի՞նչ նոր երգ կ’երգեն։ (բ) Աստուածաշունչին մէջ «նոր երգ» արտայայտութիւնը սովորաբար ի՞նչպէս գործածուած է։

17 Արդ, քաղցրահնչիւն երգ մը կը լսուի։ Այս երգը Գառնուկին համար կ’երգեն իր ընկերակից քահանաները՝ 24 երէցները. «Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. ‘Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ’»։ (Յայտնութիւն 5։9) Աստուածաշունչին մէջ բազմիցս կը գտնենք «նոր երգ» արտայայտութիւնը եւ սովորաբար անիկա Եհովայի ազատագրութեան հզօր մէկ արարքը կը գովաբանէ։ (Սաղմոս 96։1. 98։1. 144։9) Հետեւաբար, երգը նոր է, քանի որ երգիչը հիմա Եհովայի հոյակապ նոր գործերը կը ծանուցանէ եւ Իր փառաւոր անուան հանդէպ վերանորոգուած գնահատութիւն կ’արտայայտէ։

18. 24 երէցները իրենց նոր երգով ի՞նչ բանի համար կը գովաբանեն Յիսուսը։

18 Սակայն հոս, 24 երէցները նոր երգ մը կ’երգեն ոչ թէ Եհովայի, այլ Յիսուսի առջեւ։ Բայց սկզբունքը նոյնն է։ Անոնք Յիսուսը կը գովաբանեն, որպէս Աստուծոյ Որդի իրենց նկատմամբ իր ըրած նոր բաներուն համար։ Իր արեան միջոցաւ, ան նոր ուխտին միջնորդութիւն ըրաւ եւ այս կերպով կարելի դարձուց որ նոր ազգ մը մէջտեղ գայ, որպէս Եհովայի սեփականութիւնը։ (Հռովմայեցիս 2։28, 29. Ա. Կորնթացիս 11։25. Եբրայեցիս 7։18-25) Այս հոգեւոր նոր ազգին անդամները շատ մը ազգերէն եկած են, բայց Յիսուս զիրենք միացուց մէկ ժողովքի մէջ, որպէս մէկ ազգ։—Եսայեայ 26։2. Ա. Պետրոս 2։9, 10

19. (ա) Մարմնաւոր Իսրայէլը իր անհաւատարմութեան պատճառաւ ո՞ր օրհնութեան չարժանացաւ։ (բ) Եհովայի նոր ազգը ի՞նչ օրհնութեան արժանացաւ։

19 Երբ Եհովա Իսրայելացիները որպէս ազգ կազմաւորեց Մովսէսի օրերուն, անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ եւ անոնց խոստացաւ որ եթէ այդ ուխտին հաւատարիմ մնային, իր առջեւ թագաւորական քահանայութիւն մը պիտի ըլլային։ (Ելից 19։5, 6) Իսրայելացիները հաւատարիմ չեղան եւ այդ խոստումին կատարումը բնաւ չտեսան։ Իսկ միւս կողմէ, նոր ազգը, որ Յիսուսի միջնորդած նոր ուխտին արժանիքով կազմուած էր, հաւատարիմ մնաց։ Հետեւաբար, անոր անդամները որպէս թագաւորներ երկրի իշխանութիւնը ստացան, ծառայելով նաեւ որպէս քահանաներ, մարդկութեան մէջէն արդարամիտ անհատներուն օգնելով որ Եհովայի հետ հաշտուին։ (Կողոսացիս 1։20) Ճիշդ ինչպէս նոր երգին բառերը կ’արտայայտէին. «Եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։ (Յայտնութիւն 5։10) Ի՜նչ ուրախութիւն է 24 երէցներուն համար գովաբանութեան այս նոր երգը երգել փառաւորեալ Յիսուսի։

Երկնային Երգչախումբ

20. Արդ, Գառնուկը գովաբանելու համար ի՞նչ երգ կը թնդայ։

20 Եհովայի կազմակերպութեան երկնային հսկայ բանակին մնացեալ մասերը ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն այս նոր երգին։ Յովհաննէսի սիրտը կը խայտայ տեսնելով անոնց անկեղծ միաբանութիւնը. «Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր. որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. ‘Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու’»։ (Յայտնութիւն 5։11, 12) Փառաբանութեան ի՜նչ տպաւորիչ երգ։

21. Գառնուկը գովերգելը Եհովայի գերիշխանութիւնը կամ դիրքը կը նսեմացնէ՞. բացատրեցէք։

21 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ այլեւս Յիսուս կերպով մը Եհովա Աստուծոյ տեղը առած է եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը սկսած է զինք փառաբանել, փոխանակ իր Հօրը փառաբանելու։ Բնաւ երբեք։ Հապա այս փառաբանութեան երգը համաձայն է Պօղոս առաքեալի գրութեան հետ. «Աստուած ալ [Յիսուսը] խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։ (Փիլիպպեցիս 2։9-11) Հոս Յիսուս կը մեծարուի, ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ մեծագոյն հարցը՝ Եհովայի իրաւացի գերիշխանութեան ջատագովումը, լուծելու մէջ իր բերած մասնակցութեան համար։ Ասիկա արդարեւ, ի՜նչ փառք բերած է իր Հօրը։

Հետզհետէ Ծաւալող Գովերգ

22. Երկրային ծիրէն եկող ձայները ո՞ր գովերգին կը միանան։

22 Տեսիլքին մէջ, Յովհաննէսի կողմէ նկարագրուած երկնային զօրքերը, քաղցրահնչիւն աղաղակ մը կը բարձրացնեն ի պատիւ Յիսուսի, իր հաւատարմութիւնը եւ երկնային հեղինակութիւնը ընդունելով։ Ասոր կը միանան երկրային ծիրէն եկող ձայներ, որոնք նաեւ Հայրը ու Որդին գովաբանելու կը միանան։ Ճիշդ ինչպէս որ երկրային զաւկի մը իրագործումները մեծ պատիւ կը բերեն իր ծնողներուն, նոյն կերպով Յիսուսի հաւատարիմ ընթացքը ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ «Հօր Աստուծոյ փառքին» կը նպաստէ։ Ուստի, Յովհաննէս կը շարունակէ գրել. «Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. ‘Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից’»։—Յայտնութիւն 5։13

23, 24. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ այս գովերգը ե՛րբ պիտի սկսէր երկնքի մէջ ու ե՛րբ՝ երկրի վրայ։ (բ) Մինչ տարիները կ’անցնին, այս գովերգը ի՞նչպէս աւելի ծաւալուն կը դառնայ։

23 Այս հոյակապ գովերգը ե՞րբ է որ կը թնդայ։ Անիկա տէրունական օրուան սկիզբը սկսաւ։ Սատանան եւ իր դեւերը երկնքէն դուրս նետուելէն ետք, «բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ» են, իրենց ձայները կրցան միացնել այս գովերգին։ Իսկ ինչպէս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, 1919–էն ի վեր, երկրի վրայ հետզհետէ աճող բազմութիւն մը՝ քանի մը հազարէն՝ աւելի քան վեց միլիոնի հասնելով 2006–ին՝ իրենց ձայները միացուցած են Եհովայի գովերգին։ * Սատանայի երկրային դրութիւնը կործանելէ յետոյ, «բոլոր արարածները . . . երկրի վրայ» պիտի գովերգեն Եհովան եւ իր Որդին։ Եհովայի որոշած ժամանակին, անհաշիւ միլիոնաւոր մեռելներու յարութիւնը պիտի սկսի եւ այն ատեն ‘երկրի տակի բոլոր արարածները’, որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, առիթը պիտի ունենան միանալու այս գովերգին։

24 Արդէն ‘երկրի ծայրերէն, ծովէն ու կղզիներէն’ միլիոնաւոր մարդիկ այս նոր երգը կ’երգեն Եհովայի համաշխարհային կազմակերպութեան ընկերակցութեամբ։ (Եսայեայ 42։10. Սաղմոս 150։1-6) Այս ուրախ երգը իր բարձրակէտին պիտի հասնի Հազարամեայի վերջաւորութեան, երբ մարդկութիւնը կատարելութեան հասնի։ Անկէ ետք, Սատանան՝ առաջուան օձը, գերխաբեբան՝ պիտի բնաջնջուի, Ծննդոց 3։15–ը իր ամբողջական կատարումը ունենալով, եւ բոլոր ապրող արարածները՝ հոգեղէն թէ մարմնաւոր՝ միաձայնութեամբ պիտի թնդացնեն հետեւեալ յաղթական երգը. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։ Համայն տիեզերքին մէջ տարակարծիք ձայն մը պիտի չլսուի։

25. (ա) Տիեզերական գովերգին մասին Յովհաննէսի տեղեկութիւնը կարդալը մեզ ի՞նչ ընելու կը մղէ։ (բ) Տեսիլքին վերջաւորութեան, չորս կենդանիները եւ 24 երէցները ի՞նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանան մեզի։

25 Ատիկա ի՜նչ ուրախ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Անկասկած ինչ որ Յովհաննէս կը նկարագրէ հոս, մեր սրտերը ուրախութեամբ կը յորդեցնէ եւ մեզ կը դրդէ որ միանանք երկնային բազմութեան, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի բոլոր սրտով գովերգներ մատուցանելով։ Որեւէ ժամանակէ աւելի վճռական չե՞նք լաւ գործերու մէջ յարատեւելու։ Եթէ այսպէս վարուինք, կրնանք ակնկալել որ Եհովայի օգնութեամբ անհատապէս պիտի կարենանք այդ ուրախ յանգումին ներկայ ըլլալ եւ մեր ձայները միացնել տիեզերական երգչախումբի այդ գովերգին։ Վստահաբար, քերովբէի նմանող չորս կենդանիները եւ յարուցեալ օծեալ Քրիստոնեաները կատարեալ միաբանութեան մէջ են, քանի որ տեսիլքը հետեւեալ բառերով կը վերջանայ. «Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. ‘Ամէն’ ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին»։—Յայտնութիւն 5։14

26. Ի՞նչ բանի հաւատք պէտք է ընծայենք, եւ Գառնուկը ի՞նչ ընելու կը պատրաստուի։

26 Սիրելի ընթերցող, կը մաղթենք որ դո՛ւք ալ հաւատք ընծայէք Գառնուկին՝ ‘արժանի եղողին’՝ զոհագործութեան, եւ թէ Եհովան՝ «աթոռին վրայ նստող»ը պաշտելու եւ անոր ծառայելու ձեր խոնարհ ջանքերը օրհնութեամբ պսակուին։ Թող որ Յովհաննէս դասակարգը օգնէ ձեզի, մինչ ‘ատենին [հոգեւոր] ուտելիքը կու տայ’։ (Ղուկաս 12։42) Բայց նայեցէ՜ք. Գառնուկը եօթը կնիքները բանալու կը պատրաստուի։ Արդ, ի՞նչ հետաքրքրական յայտնութիւններ վերապահուած են մեզի։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 14 Քերականականօրէն խօսելով, «ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն» արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել թէ՛ երէցներուն եւ թէ չորս կենդանիներուն։ Սակայն ընդհանուր բովանդակութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ անիկա միայն 24 երէցներուն կ’ակնարկէ։

^ պարբ. 23 Տես՝ 64–րդ էջի ցուցակը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 86]