«Ունեցածդ ամուր բռնէ»
Գլուխ 12
«Ունեցածդ ամուր բռնէ»
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ
1. Յիսուսի վեցերորդ պատգամը ո՞ր քաղաքի ժողովքին ուղղուած էր եւ այդ քաղաքին անուան իմաստը ի՞նչ է։
ԵՂԲԱՅՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ. ի՜նչ փափաքելի յատկութիւն մը։ Անկասկած Յիսուս ասիկա ի մտի ունենալու էր, երբ իր վեցերորդ պատգամը կը ներկայացնէր, որ Ֆիլատելֆիայի ժողովքին ուղղուած էր, քանի որ այդ անունը կը նշանակէ՝ «Եղբայրսիրութիւն»։ Տարեց Յովհաննէսի մտքին մէջ էր տակաւին այն առիթը, երբ աւելի քան 60 տարի առաջ, Պետրոս երեք անգամ պնդած էր Յիսուսի որ ինք ջերմ սէր ունէր իր Տէրոջ հանդէպ։ (Յովհաննու 21։15-17) Արդեօք Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաները իրենց կարգին եղբայրսիրութիւն ցոյց կու տայի՞ն։ Այնպէս կը թուի որ՝ այո՛։
2. Ֆիլատելֆիան ի՞նչպիսի քաղաք մըն էր եւ հոն ի՞նչպիսի ժողովք մը կար. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ այդ ժողովքի հրեշտակին։
2 Յովհաննէսի օրերուն Ֆիլատելֆիան բաւական ծաղկուն քաղաք մըն էր, որ Սարդիկէէն շուրջ 50 քմ. հարաւ–արեւելք կը գտնուէր (թրքական արդի Ալաշէհիր քաղաքին վայրը)։ Բայց շատ աւելի ուշագրաւ էր հոն գտնուող քրիստոնէական ժողովքին բարգաւաճութիւնը։ Անոնք ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ ընդունած ըլլալու էին, հաւանաբար Սարդիկէի ճամբով իրենց եկած քարոզիչը։ Անոր բերած պատգամը ոգեւորիչ խրատներ կը պարունակէր իրենց համար։ Բայց նախ, ակնարկութիւն կ’ընէր այդ նամակին փառաւոր Ղրկողին հեղինակութեան։ Ան կ’ըսէ. «Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ’»։—Յայտնութիւն 3։7
3. Ինչո՞ւ յարմար է որ Յիսուս «սուրբ» կոչուի, եւ ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ որ ան «ճշմարիտ» է։
3 Յովհաննէս լսած էր Յիսուս Քրիստոս մարդուն ըսած Պետրոսի խօսքերը. «Յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը»։ (Յովհաննու 6։68, 69, Անթիլիաս) Քանի որ Եհովա Աստուած սրբութեան բուն էութիւնն է, իր միածին Որդին ալ պէտք է «սուրբ» ըլլայ։ (Յայտնութիւն 4։8) Յիսուս նաեւ «ճշմարիտ»ն է։ Հոս գործածուած Յունարէն բառը (ա·լէ·թի·նոս) իր մէջ հարազատութիւն կը պարփակէ։ Այս առումով Յիսուս ճշմարիտ լոյսը եւ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացն է։ (Յովհաննու 1։9. 6։32) Ան ճշմարիտ որթատունկն է։ (Յովհաննու 15։1) Յիսուս ճշմարիտ է այն իմաստով նաեւ որ ան վստահելի է։ Ան միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսի։ (Տես՝ Յովհաննու 8։14, 17, 26) Աստուծոյ այս Որդին արդարեւ արժանի է որպէս Թագաւոր եւ Դատաւոր ծառայելու։—Յայտնութիւն 19։11, 16
«Դաւիթին Բանալին»
4, 5. «Դաւիթին բանալին» ո՞ր ուխտին առնչուած էր։
4 Յիսուս «Դաւիթին բանալին ունի»։ Զայն գործածելով, ան «կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ»։ Ի՞նչ է այս «Դաւիթին բանալին»։
5 Եհովա Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին հետ էր որ յաւիտենական թագաւորութեան մը ուխտ ըրաւ։ (Սաղմոս 89։1-4, 34-37) Դաւիթի տունը Երուսաղէմի մէջ Եհովայի աթոռին վրայ նստած իշխեց՝ Հ.Դ.Ա. 1070-607, բայց այդ թագաւորութիւնը չարանալով, Աստուծոյ դատաստանին արժանացաւ։ Այս կերպով, Եհովա սկսաւ Եզեկիէլ 21։27–ի մարգարէութիւնը կատարել. «Զանիկա [երկրային Երուսաղէմը] տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ [Դաւիթի շառաւիղին մէջ թագաւորութեան մականը] պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ»։
6, 7. «Իրաւունք» ունեցողը երբ եւ ի՞նչպէս պիտի յայտնուէր։
6 Այս «իրաւունք» ունեցողը երբ եւ ի՞նչպէս պիտի յայտնուէր։ Դաւիթի թագաւորութեան մականը ի՞նչպէս իրեն պիտի տրուէր։
7 Շուրջ 600 տարիներ ետք, Դաւիթ թագաւորէն սերած Հրէուհի կոյս Մարիամ սուրբ հոգիով յղացաւ։ Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց, Մարիամի տեղեկացնելու որ որդի մը պիտի ունենար, որու անունը Յիսուս պիտի դնէր։ Գաբրիէլ աւելցուց. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։—Ղուկաս 1։31-33
8. Յիսուս ի՞նչպէս փաստեց որ Դաւիթենական թագաւորութիւնը ժառանգելու համար որակեալ էր։
8 Երբ Յիսուս Յորդանան Գետին մէջ մկրտուեցաւ Հ.Դ. 29–ին, եւ սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ան Դաւիթի շառաւիղէն Նշանակուած Թագաւորը եղաւ։ Ան Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ օրինակելի նախանձախնդրութիւն ցոյց տուաւ եւ իր աշակերտներուն ալ յանձնարարեց որ նոյնպէս քարոզեն։ (Մատթէոս 4։23. 10։7, 11) Յիսուս ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ տանջանքի ցիցին վրայ մեռնելու յօժարեցաւ, փաստելով որ լիովին որակեալ է Դաւիթենական թագաւորութիւնը ժառանգելու։ Եհովա Յիսուսը յարուցանեց որպէս անմահ հոգեղէն մը եւ երկնքի մէջ Իր աջ կողմը բարձրացուց զինք։ Հոն ան Դաւիթենական թագաւորութեան ամէն իրաւունք ժառանգեց։ Երբ ժամանակը գար, Յիսուս իր ‘թշնամիներուն մէջտեղը տիրելու’ իրաւունքը ի գործ պիտի դնէր։—Սաղմոս 110։1, 2. Փիլիպպեցիս 2։8, 9. Եբրայեցիս 10։13, 14
9. Յիսուս ի՞նչպէս Դաւիթին բանալին կը գործածէ բանալու ու գոցելու համար։
9 Մինչ այդ, Յիսուս Դաւիթին բանալին գործածելով, Աստուծոյ Թագաւորութեան կապակցաբար պատեհութիւններու եւ առանձնաշնորհումներու դուռ պիտի բանար։ Յիսուսի միջոցաւ, Եհովա երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաները պիտի ազատագրէր «խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը» պիտի փոխադրէր։ (Կողոսացիս 1։13, 14) Բանալին պիտի գործածուէր նաեւ, անհաւատարիմ եղող ոեւէ մէկը այսպիսի առանձնաշնորհումներէ զրկելու համար։ (Բ. Տիմոթէոս 2։12, 13) Քանի որ Դաւիթի թագաւորութեան այս մնայուն ժառանգորդը Եհովայի աջակցութիւնը կը վայելէ, ոեւէ մէկը չի կրնար անոր արգելք հանդիսանալ այս պարտականութիւնները կատարելու։—Համեմատել՝ Մատթէոս 28։18-20
10. Ֆիլատելֆիայի ժողովքին Յիսուս ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ։
10 Այսպիսի հեղինակաւոր աղբիւրէ մը եկած ըլլալով, Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը մասնաւորաբար մխիթարական ըլլալու էին։ Յիսուս զանոնք կը գովէ, ըսելով. «Գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար»։ (Յայտնութիւն 3։8) Ժողովքը գործունեայ եղած էր եւ անոր առջեւ դուռ մը բացուած էր. անկասկած ծառայելու պատեհութեան դուռ մը։ (Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 16։9. Բ. Կորնթացիս 2։12) Հետեւաբար, Յիսուս ժողովքը կը քաջալերէ որ քարոզելու այս պատեհութիւնը լիովին օգտագործէ։ Անոնք տոկացած ու ցոյց տուած էին որ բաւարար զօրութիւն ունին, Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, Եհովայի ծառայութեան մէջ յաւելեալ «գործեր» ընելու։ (Բ. Կորնթացիս 12։10. Զաքարեայ 4։6) Անոնք Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդած էին եւ Քրիստոսը ուրացած չէին, ո՛չ խօսքով եւ ոչ գործով։
«Քեզի Երկրպագութիւն Պիտի Ընեն»
11. Յիսուս ի՞նչ օրհնութիւն կը խոստանայ Քրիստոնեաներուն եւ անիկա ի՞նչպէս կ’իրականանայ։
11 Ուստի, Յիսուս անոնց կը խոստանայ որ իրենց գործին պտուղը պիտի վայելեն. «Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի»։ (Յայտնութիւն 3։9) Թերեւս Զմիւռնիայի նման, ժողովքը տեղւոյն Հրեաներուն հետ խնդիրներ ունէր։ Յիսուս այդ Հրեաները կը բնորոշէ որպէս «Սատանային ժողով»ը։ Այսուհանդերձ, այդ Հրեաներէն առնուազն ոմանք, սկսած էին գիտակցիլ թէ ինչ որ Քրիստոնեաները կը քարոզէին Յիսուսի մասին՝ ճշմարտութիւն էր։ Անոնց ‘երկրպագութիւն ընելը’ հաւանաբար պիտի ըլլար Ա. Կորնթացիս 14։24, 25–ի մէջ Պօղոսի բացատրած կերպով. իրապէս զղջալով ու Քրիստոնեաներ դառնալով, լիովին գնահատելով Յիսուսի մեծ սէրը, որ իր կեանքը տուաւ իր աշակերտներուն համար։—Յովհաննու 15։12, 13
12. Ֆիլատելֆիայի հրէական ժողովարանի անդամները ինչո՞ւ հաւանաբար պիտի ապշէին տեղեկանալով որ իրենցմէ ոմանք «երկրպագութիւն» պիտի ընէին տեղւոյն քրիստոնէական համայնքին։
12 Ֆիլատելֆիայի հրէական ժողովարանի անդամները շատ հաւանաբար պիտի ապշէին տեղեկանալով որ իրենցմէ ոմանք տեղւոյն քրիստոնէական համայնքին ‘երկրպագութիւն պիտի ընէին’։ Իսկ քանի որ անկասկած այդ ժողովքին մէջ բազմաթիւ Հրեայ չեղողներ կային, անոնք պիտի ակնկալէին որ ճիշդ հակառակը պատահէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եսային նախագուշակեց. «[Ոչ–Հրեայ] թագաւորները քու [Իսրայէլ ազգին] խնամակալներդ պիտի ըլլան, անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։ Երեսնին գետինը ծռելով՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 49։23. 45։14. 60։14) Նոյն գծով, Զաքարիան ներշնչման ներքեւ գրեց. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն [ոչ–Հրեայ] տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Այո, ոչ–Հրեաներն են որ պիտի խոնարհէին Հրեաներուն առջեւ եւ ո՛չ թէ հակառակը։
13. Վաղեմի Իսրայէլի ուղղուած մարգարէութիւնները ո՞ր Հրեաներուն վրայ պիտի կատարուէին։
13 Այս մարգարէութիւնները ուղղուած էին Աստուծոյ ընտրեալ ազգին։ Այդ խօսքերը ըսուած ժամանակ, մարմնաւոր Իսրայէլը այդ պատուական դիրքը կը գրաւէր։ Բայց երբ Հրեայ ազգը չընդունեց Մեսիան, Եհովան ալ զինք մերժեց։ (Մատթէոս 15։3-9. 21։42, 43. Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 1։10, 11) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, անոնց տեղ Ան Աստուծոյ ճշմարիտ Իսրայէլը՝ քրիստոնէական ժողովքը, ընտրեց։ Անոր անդամները հոգեւոր Հրեաներն են եւ սրտի իրական թլփատութիւնը ունին։ (Գործք 2։1-4, 41, 42. Հռովմայեցիս 2։28, 29. Գաղատացիս 6։16) Անկէ ետք, մարմնաւոր Հրեայի մը համար Եհովայի հետ դարձեալ հաճելի յարաբերութեան մէջ գալու միակ կերպն էր՝ Յիսուսի հաւատալ որպէս Մեսիա։ (Մատթէոս 23։37-39) Արդարեւ, ասիկա էր որ պիտի ընէին կարգ մը Հրեաներ՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ։ *
14. Եսայեայ 49։23 եւ Զաքարեայ 8։23–ը ի՞նչպէս յատկանշական կատարում մը ունին արդի ժամանակներուն։
14 Արդի ժամանակներուն, Եսայեայ 49։23 եւ Զաքարեայ 8։23–ի նման մարգարէութիւններ շատ իմաստալից կատարում ունեցած են։ Յովհաննէս դասակարգի քարոզչութեան որպէս հետեւանք, հսկայ բազմութիւններ բացուած դռնէն անցնելով, մտած են Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ։ * Մեծաւ մասամբ անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհէն եկած են, որու կրօնքները կեղծօրէն կը դաւանին հոգեւոր Իսրայէլը ըլլալ։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 9։6) Ասոնք՝ որպէս մեծ բազմութիւն մը՝ իրենց հանդերձները կը լուան եւ զանոնք կը ճերմկցնեն, Յիսուսի զոհագործական արիւնին հաւատք ընծայելով։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14) Քրիստոսի թագաւորական իշխանութեան հնազանդելով, անոնք կը յուսան հոս երկրի վրայ անոր օրհնութիւնները ժառանգել։ Անոնք Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն կու գան եւ անոնց առջեւ «երկրպագութիւն» կ’ընեն՝ հոգեւոր առումով՝ քանի որ ‘լսած են որ Աստուած իրենց հետ է’։ Անոնք այս օծեալներուն կը ծառայեն, որոնց հետ միանալով համաշխարհային եղբայրակցութիւն մը կազմած են։—Մատթէոս 25։34-40. Ա. Պետրոս 5։9
«Փորձութեան Ժամանակ»
15. (ա) Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն, եւ ի՞նչ ընելու քաջալերութիւն տրուեցաւ անոնց։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ «պսակ» ստանալ կ’ակնկալէին։
15 Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։ Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ»։ (Յայտնութիւն 3։10, 11) Թէեւ Յովհաննէսի օրուան Քրիստոնեաները պիտի չվերապրէին մինչեւ տէրունական օրը (որ սկսաւ 1914–ին), բայց Յիսուսի գալուն վրայ իրենց ունեցած վստահութիւնը զիրենք պիտի զօրացնէր որ շարունակէին քարոզել։ (Յայտնութիւն 1։10. Բ. Տիմոթէոս 4։2) Յաւիտենական կեանքի մրցանակը կամ «պսակ»ը իրենց կը սպասէր երկնքի մէջ։ (Յակոբու 1։12. Յայտնութիւն 11։18) Եթէ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնային, ոեւէ մէկը պիտի չկարենար զիրենք զրկել այդ վարձատրութենէն։—Յայտնութիւն 2։10
16, 17. (ա) Ի՞նչ է այն ‘փորձութեան ժամանակը, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ’։ (բ) «Փորձութեան ժամանակ»ը սկսած ատեն, օծեալներուն վիճակը ի՞նչ էր։
16 Արդ, ի՞նչ է «փորձութեան ժամանակ»ը։ Անկասկած, Ասիոյ մէջ ապրող այդ Քրիստոնեաները կայսերական Հռովմէն եկած յաւելեալ հալածանքի ահաւոր ալիքին պէտք էր տոկային։ * Սակայն եւ այնպէս, ասոր գլխաւոր կատարումը՝ մաղելու ու դատելու ժամանակն էր, որ վերջապէս եկաւ տէրունական օրուան ընթացքին, իր բարձրակէտին հասնելով 1918–ին եւ անկէ ետք։ Այս փորձութիւնը առիթ կու տար որոշելու թէ անհատ մը Աստուծոյ հաստատած Թագաւորութեա՞ն կողմն էր թէ՝ Սատանայի աշխարհին։ Թէեւ բաղդատաբար անիկա կարճ ժամանակաշրջանի՝ «ժամանակ»ի մը համար է, բայց տակաւին վերջացած չէ։ Մինչեւ որ անիկա վերջ չգտնէ, բնաւ պէտք չէ մոռնանք որ «փորձութեան ժամանակ»ի մէջ կ’ապրինք։—Ղուկաս 21։34-36
17 1918–ին, օծեալ Քրիստոնեաներու Յովհաննէս դասակարգը՝ Ֆիլատելֆիայի անսասան ժողովքին նման՝ արդի «Սատանային ժողով»էն հակառակութիւն կրեց։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները, որոնք հոգեւոր Հրեաներ ըլլալ կը դաւանէին, խորամանկութեամբ դրդեցին կառավարիչները, որպէսզի ճշմարիտ Քրիստոնեաները մէջտեղէն վերցնեն։ Սակայն այս վերջինները ճգնեցան, որպէսզի ‘Յիսուսի համբերութեան խօսքը պահեն’. ուստի, հոգեւոր օգնութեամբ, յատկանշական ‘քիչ մը կարողութեամբ’, անոնք վերապրեցան եւ իրենց դիմաց բացուած դռնէն մտնելու համար ոգեւորուեցան։ Ի՞նչ կերպով։
«Բացուած Դուռ մը»
18. Յիսուս ի՞նչ նշանակում ըրաւ 1919–ին, իսկ նշանակում ստացողները ի՞նչպէս Եզեկիայի հաւատարիմ ծառային նման եղան։
18 1919–ին, Յիսուս իր խոստումը կատարեց եւ հարազատ օծեալ Քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը ընդունեց որպէս իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ (Մատթէոս 24։45-47) Ասոնք՝ Եզեկիա թագաւորին ժամանակ Եղիակիմ հաւատարիմ ծառային ունեցած առանձնաշնորհեալ դիրքին նման դիրք մը ունեցան։ * Եղիակիմի մասին Եհովա ըսաւ. «Դաւիթին տանը բանալին անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ ու գոցէ եւ բացող չըլլայ»։ Եղիակիմ ծանր պատասխանատուութիւններ շալկեց, Դաւիթի արքայազուն որդւոյն՝ Եզեկիայի համար։ Այսօր ալ, Յովհաննէս դասակարգին ուսին վրայ «Դաւիթին տանը բանալին» դրուած է, այն առումով որ անոր վստահուած են Մեսիական Թագաւորութեան երկրային շահերը։ Եհովա իր ծառաները զօրացուցած է այս առանձնաշնորհումին ի տես, անոնց քիչ կարողութիւնը հսկայական ուժի վերածելով, ինչ որ բաւարար է համաշխարհային հսկայական վկայութիւն տալու համար։—Եսայեայ 22։20, 22. 40։29
19. Յովհաննէս դասակարգը 1919–ին Յիսուսի տուած պատասխանատուութիւնները ի՞նչպէս ձեռք առաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով։
19 1919–էն ի վեր, օծեալ մնացորդը, Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ամէնուրեք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու ժրաջան արշաւին ձեռնարկեց։ (Մատթէոս 4։17. Հռովմայեցիս 10։18) Որպէս հետեւանք, Սատանայի արդի ժողովէն՝ Քրիստոնեայ Աշխարհէն ոմանք, այս օծեալ մնացորդին եկան, զղջացին եւ ծառային հեղինակութիւնը ընդունելով անոր ‘երկրպագութիւն ըրին’։ Անոնք ալ Յովհաննէս դասակարգի տարեցներուն հետ միաբանութեամբ սկսան Եհովայի ծառայել։ Ասիկա շարունակուեցաւ մինչեւ որ Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն թիւը ամբողջացաւ։ Անոր ետեւէն, «մեծ բազմութիւն մը, . . . բոլոր ազգերէն» եկած եւ օծեալ ծառային ‘երկրպագութիւն ըրած’ է։ (Յայտնութիւն 7։3, 4, 9) Ծառան եւ այս մեծ բազմութիւնը միասնաբար կը ծառայեն որպէս Եհովայի Վկաներու մէկ հօտը։
20. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ մասնաւորաբար ներկայիս հաւատքով զօրաւոր եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աշխոյժ պէտք է ըլլան։
20 Անկեղծ եղբայրսիրութեան կապով միացած Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն նման, ներկայիս Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ քարոզչութեան իրենց գործը ստիպողական հոգիով պէտք է ընեն։ Շատ շուտով մեծ նեղութիւնը Սատանայի չար աշխարհին վրայ պիտի գայ։ Թող որ այդ ժամանակ ամէն մէկս հաւատքի մէջ զօրաւոր եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աշխոյժ գտնուինք, որպէսզի մեր անունները Եհովայի կենաց գրքէն չջնջուին։ (Յայտնութիւն 7։14) Ֆիլատելֆիայի ժողովքին ուղղուած Յիսուսի յորդորը շատ լուրջի առնենք, որպէսզի ծառայութեան մեր առանձնաշնորհումներուն կառչած մնանք եւ յաւիտենական կեանքի վարձատրութեան հասնինք։
Յաղթողներուն Օրհնութիւնները
21. Օծեալ Քրիստոնեաները ներկայիս ի՞նչպէս ‘Յիսուսի համբերութեան խօսքը պահած են’ եւ ի՞նչ ակնկալութիւն ունին։
21 Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ‘Յիսուսի համբերութեան խօսքը պահած’ է, այսինքն, անոնք Յիսուսի օրինակին եւ համբերութեան հետեւած են։ (Եբրայեցիս 12։2, 3. Ա. Պետրոս 2։21) Այս կերպով անոնք մեծապէս քաջալերուած են Ֆիլատելֆիայի ժողովքին ուղղուած Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն. «Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ»։—Յայտնութիւն 3։12ա
22. (ա) Յիսուսի Աստուծոյն տաճարը ի՞նչ է։ (բ) Յաղթող օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս այս տաճարին մէջ սիւներ պիտի ըլլան։
22 Եհովայի տաճարին մէջ սիւն մը ըլլալը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է անհատի մը համար։ Վաղեմի Երուսաղէմի մէջ, բառացի տաճարը Եհովայի պաշտամունքի կեդրոնն էր։ Տաճարէն ներս, քահանայապետը զոհուած անասուններու արիւնը կը ներկայացնէր տարին օր մը, «Սրբութիւն Սրբութեանց»ին մէջ Եհովայի ներկայութիւնը ներկայացնող հրաշալի լոյսին առջեւ։ (Եբրայեցիս 9։1-7) Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ, ուրիշ տաճար մը գոյացաւ, Եհովայի պաշտամունքին համար հոգեւոր, մեծ, տաճարանման կարգադրութիւն մը։ Այս տաճարին սրբութիւն սրբութեանցը երկնքի մէջ է, ուր Յիսուս ամենայն պատշաճութեամբ «Աստուծոյ առջեւ» ներկայացաւ։ (Եբրայեցիս 9։24) Յիսուս Քահանայապետն է եւ մեղքերը ամբողջովին ծածկելու համար միայն մէկ զոհ կայ. կատարեալ մարդ Յիսուսի թափած արիւնը։ (Եբրայեցիս 7։26, 27. 9։25-28. 10։1-5, 12-14) Այնքան ատեն որ հաւատարիմ կը մնան, օծեալ Քրիստոնեաները երկրի վրայ կը ծառայեն որպէս ենթաքահանաներ, այս տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ (Ա. Պետրոս 2։9) Բայց անգամ մը որ յաղթեն, իրենք ալ կը մտնեն երկնային սրբութիւն սրբութեանցը եւ պաշտամունքի տաճարանման կարգադրութեան մէջ սիւնի նման անշարժ նեցուկները կ’ըլլան։ (Եբրայեցիս 10։19. Յայտնութիւն 20։6) Այլեւս անկէ ‘դուրս ելլելու’ վտանգ չկայ։
23. (ա) Յիսուս ուրիշ ի՞նչ խոստում կու տայ այն օծեալ Քրիստոնեաներուն, որոնք կը յաղթեն։ (բ) Քրիստոնեայ յաղթողներու վրայ Եհովայի անունը եւ նոր Երուսաղէմի անունը գրուելուն արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
23 Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս»։ (Յայտնութիւն 3։12բ) Այո, այդ յաղթողներուն վրայ պիտի գրուի Եհովա անունը՝ իրենց եւ Յիսուսի Աստուծոյն անունը։ Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Եհովան եւ Յիսուսը երկու տարբեր անհատներ են, ո՛չ թէ Եռեակ Աստուծոյ մը կամ Երրորդութեան երկու մասերը։ (Յովհաննու 14։28. 20։17) Բոլոր ստեղծագործութիւնը պէտք է տեսնէ որ այս օծեալները Եհովայի կը պատկանին։ Անոնք իր վկաներն են։ Անոնց վրայ գրուած պիտի ըլլայ նաեւ նոր Երուսաղէմին՝ երկնային քաղաքին անունը, որ երկնքէն կ’իջնէ, այն առումով որ ան իր բարերար իշխանութիւնը պիտի տարածէ ամբողջ հաւատարիմ մարդկութեան վրայ։ (Յայտնութիւն 21։9-14) Այս կերպով երկրի վրայ գտնուող բոլոր Քրիստոնեայ ոչխարները պիտի գիտնան որ այս օծեալ յաղթողները Թագաւորութեան՝ երկնային Երուսաղէմի քաղաքացիներն են։—Սաղմոս 87։5, 6. Մատթէոս 25։33, 34. Փիլիպպեցիս 3։20. Եբրայեցիս 12։22
24. Յիսուսի նոր անունը ի՞նչ կը ներկայացնէ եւ այդ անունը օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն վրայ ի՞նչպէս կը գրուի։
24 Վերջապէս, օծեալ յաղթողներուն վրայ գրուած է նաեւ Յիսուսի նոր անունը։ Ասիկա կ’ակնարկէ Յիսուսի նոր պաշտօնին եւ Եհովայի կողմէ իրեն շնորհուած յատուկ առանձնաշնորհումներուն։ (Փիլիպպեցիս 2։9-11. Յայտնութիւն 19։12) Ուրիշ ոեւէ մէկը չի գիտեր այդ անունը, այն առումով որ ուրիշ ոեւէ մէկը այդ փորձառութիւնները չունի, կամ ալ ոեւէ մէկու այդպիսի առանձնաշնորհումներ վստահուած չեն։ Սակայն, երբ Յիսուս իր անունը իր հաւատարիմ եղբայրներուն վրայ գրէ, անոնք այդ երկնային ոլորտին մէջ իրեն հետ սերտ յարաբերութեան մէջ կու գան եւ նոյնիսկ իր առանձնաշնորհումներուն կը մասնակցին։ (Ղուկաս 22։29, 30) Զարմանալի չէ որ Յիսուս այդ օծեալներուն տուած իր պատգամը աւարտէ հետեւեալ յորդորը կրկնելով. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։—Յայտնութիւն 3։13
25. Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ներկայիս ի՞նչպէս կրնայ կիրարկել Ֆիլատելֆիայի ժողովքին տուած Յիսուսի խրատին սկզբունքները։
25 Այդ պատգամը ի՜նչ մեծ քաջալերութիւն եղած ըլլալու էր Ֆիլատելֆիայի մէջ գտնուող հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն։ Իսկ վստահաբար անիկա ազդու դաս մը ունի ներկայիս՝ տէրունական օրուան մէջ գտնուող Յովհաննէս դասակարգին։ Բայց անոր սկզբունքները կարեւոր են իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի համար, օծեալներէն ըլլան թէ ուրիշ ոչխարներէն։ (Յովհաննու 10։16) Լաւ կ’ընենք, եթէ ամէն մէկս շարունակենք Թագաւորութեան պտուղներ արտադրել, Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն նման։ Բոլորս ալ առնուազն քիչ մը կարողութիւն ունինք։ Բոլորս ալ կրնանք բան մը ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Ուրեմն գործածե՛նք այդ կարողութիւնը։ Իսկ Թագաւորութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ունենալու նկատմամբ, մեր դիմաց բացուած որեւէ դռնէ մտնելու արթուն ըլլանք։ Նոյնիսկ կրնանք Եհովայի աղօթել որ մեր դիմաց այսպիսի դռներ բանայ։ (Կողոսացիս 4։2, 3) Մինչ Յիսուսի համբերութեան օրինակին կը հետեւինք եւ իր անուան արժանի անհատներ կ’ըլլանք, ցոյց պիտի տանք որ մենք ալ ականջ ունինք լսելու ինչ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին կ’ըսէ ժողովքներուն։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 13 Պօղոսի օրերուն, Կորնթոսի հրէական ժողովարանին ժողովրդապետը՝ Սոսթենէս, Քրիստոնեայ եղբայր մը եղաւ։—Գործք 18։17. Ա. Կորնթացիս 1։1
^ պարբ. 14 Յովհաննէս դասակարգին կողմէ հրատարակուած Դիտարան պարբերաթերթը շարունակած է ընդգծել այս առիթէն օգտուելու եւ կարելի եղած չափով լիովին քարոզչութեան գործին մասնակցելու ստիպողականութիւնը. օրինակ, 1 Յունուար 2004 համարին մէջ, տեսէք հետեւեալ յօդուածները. «Բոլորս Եհովայի Փառքը Ծանուցանենք», եւ «Բոլոր Երկի՛ր Ելաւ Անոնց Հնչիւնը»։ 1 Յունիս 2004 համարին՝ «Աստուծոյ Փառք Տուողները Օրհնեալ Են» յօդուածին մէջ, շեշտը դրուած էր «բացուած դռնէն» լիաժամ ծառայութեան մէջ մտնելու վրայ։ 2005–ին, 1,093,552 ռահվիրաներու գագաթնակէտ մը տեղեկագրուեցաւ։
^ պարբ. 16 Մգլինթոքի ու Սթրոնկի Համայնագիտարան–ը (Հատոր Ժ., էջ 519) կը տեղեկագրէ. «Քրիստոնէութիւնը կայսրերու ուշադրութեան յանձնուեցաւ, հեթանոս քահանաներու կողմէ հասարակ ժողովուրդին մէջ հրահրուած խռովութեան որպէս հետեւանք, որոնք այդ հաւատքին ուշագրաւ յառաջդիմութիւնը ահաբեկուած կը դիտէին. հետեւաբար Տրայանոս [Հ.Դ. 98-117] հրովարտակներ հանեց, աստիճանաբար մէջտեղէն վերցնելու համար այս նոր ուսուցումը, որ մարդիկը չաստուածներ ատողներու կը վերածէր։ Բիւթանիայի վրայ [Ասիոյ հռովմէական նահանգին հիւսիսի սահմանին վրայ գտնուող] որպէս կառավարիչ Պլինիոս կրտսերի վարչութիւնը դժուարացաւ, Քրիստոնէութեան արագ տարածման եւ իր նահանգին մէջ գտնուող հեթանոս բնակչութեան զայրոյթին պատճառաւ»։
^ պարբ. 18 Եզեկիա անունը կը նշանակէ՝ «Եհովա կը Զօրացնէ»։ Տես՝ Դ. Թագաւորաց 16։20, ՆԱ, ստորանիշ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 63]
Շատերուն օգնել որ երկրպագութիւն ընեն
Այնպէս կը թուի թէ երկնային Թագաւորութիւնը ժառանգելու համար կանչուած 144,000 օծեալներէն մնացորդ մը, Յովհաննէս դասակարգը՝ 9,000–էն նուազ՝ տակաւին իրենց երկրային ընթացքը պէտք է աւարտեն։ Միեւնոյն ժամանակ, մեծ բազմութիւնը աճած է, աւելի քան 6,600,000–ի հասնելով։ (Յայտնութիւն 7։4, 9) Ի՞նչ բան նպաստած է այս հսկայական աճման։ Եհովայի Վկաներուն վարած տարբեր դպրոցները մեծապէս նպաստած են ասոր։ Քրիստոնեայ Աշխարհի աշխարհիկ փիլիսոփայութիւններ սորվեցնող եւ Աստուածաշունչը նուաստացնող դպրեվանքերէն շա՜տ տարբեր ըլլալով, Վկաներուն այս դպրոցները Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խոր հաւատք կը կերտեն։ Անոնք ցոյց կու տան մաքուր ու բարոյական կեանքի, եւ Աստուծոյ նուիրեալ ծառայութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի գործնական կիրարկումը։ 1943–էն ի վեր, համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաներու իւրաքանչիւր ժողովք իր Թագաւորութեան Սրահին մէջ կը վարէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց–ը։ Ամէն շաբաթ միլիոնաւորներ կը յաճախեն այս դպրոցը, Աստուածաշունչի կրթութեան միակերպ յայտագրի մը հետեւելով։
1959–էն ի վեր, Եհովայի Վկաները նաեւ վարած են Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոց–ները, ժողովքի երէցները եւ օգնական ծառաները մարզելու համար։ Իսկ 1977–էն ի վեր, Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոց–ները հարիւր հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր մարզած են, որոնք ֆիլատելֆիական իսկական հոգիով, քարոզչութեան մէջ լիաժամ կը ծառայեն Եհովայի։ 1987–ին, Ծառաներու Մարզումի Դպրոց–ը սկսաւ մարզել Վկայ եղբայրները, աշխարհի դաշտին մէջ մասնայատուկ նշանակումներու համար։
Եհովայի Վկաներուն կողմէ վարուած դպրոցներուն մէջ ամենէն ուշագրաւը եղած է Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոց–ը։ 1943–էն ի վեր այս միսիոնարական դպրոցը, որ Նիւ Եորք Նահանգին մէջ կը գտնուի, գրեթէ ամէն տարի շրջանաւարտներու երկու խումբ կը պատրաստէ։ Անիկա ընդամէնը աւելի քան 7,000 Եհովայի ծառաներ մարզած է միսիոնարական օտար դաշտին համար։ Այս դպրոցի շրջանաւարտները աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ ծառայած են, որոնցմէ շատերուն մէջ Թագաւորութեան գործին բացումը իրենք կատարած են։ Շուրջ 60 տարի ետք, այդ միսիոնարներէն ոմանք տակաւին գործի վրայ են, նոր միսիոնարներուն հետ մասնակցելով Եհովայի կազմակերպութեան համաշխարհային ընդլայնման։ Ի՜նչ հոյակապ ընդլայնում մը ձեռք ձգուած է։
[Ցուցակ՝ էջ 64]
Իշխող Թագաւոր Յիսուս 1919–ին քրիստոնէական ծառայութեան տանող դուռ մը բացաւ։ Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձնուէր Քրիստոնեաներ այս պատեհութենէն օգտուած են։
Տարի
Երկիրներ ուր քարոզչութիւնը հասած է
Քարոզչութեան մասնակցող քրիստոնեաներ *
Լիաժամ Քարոզիչներ *
1918 14 3,868 591
1928 32 23,988 1,883
1938 52 47,143 4,112
1948 96 230,532 8,994
1958 175 717,088 23,772
1968 200 1,155,826 63,871
1978 205 2,086,698 115,389
1988 212 3,430,926 455,561
1998 233 5,544,059 698,781
2006 236 6,491,775 911,739
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 71 Վերի թուանշանները ամսական միջիններն են։
^ պարբ. 72 Վերի թուանշանները ամսական միջիններն են։
[Ցուցակ՝ էջ 65]
Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը սիրայօժար է։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, քարոզելու ու սորվեցնելու համար անոնց տրամադրած ժամերը եւ մարդոց տուներուն մէջ անոնց վարած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու հսկայ թիւը։
Տարի
Քարոզչութեան տրամադրուած ժամեր (տարեկան գումար)
Աստուածաշունչի վարուած ուսումնասիրութիւններ (ամսական միջին)
1918 19,116 Արձանագրութիւն Չկայ
1928 2,866,164 Արձանագրութիւն Չկայ
1938 10,572,086 Արձանագրութիւն Չկայ
1948 49,832,205 130,281
1958 110,390,944 508,320
1968 208,666,762 977,503
1978 307,272,262 1,257,084
1988 785,521,697 3,237,160
1998 1,186,666,708 4,302,852
2006 1,333,966,199 6,286,618
[Նկար՝ էջ 59]
Առաջին դարու հռովմէական բանալի մը