Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չորս ձիաւորներ քառասմբակ կ’ընթանան

Չորս ձիաւորներ քառասմբակ կ’ընթանան

Գլուխ 16

Չորս ձիաւորներ քառասմբակ կ’ընթանան

Տեսիլք 3—Յայտնութիւն 6։1-17

Նիւթ. Չորս ձիաւորներուն արշաւը, սեղանին տակ նահատակուած վկաները եւ բարկութեան մեծ օրը

Կատարման ժամանակ. 1914–էն մինչեւ իրերու այս դրութեան կործանումը

1. Եհովա ի՞նչպէս Յովհաննէսի կը յայտնէ Յիսուսի բացած հետաքրքրաշարժ գրքին բովանդակութիւնը։

 ԱՅՍ ճգնաժամային օրերուն, ‘շուտով ըլլալիք բաներով’ հետաքրքրուած չե՞նք։ Վստա՛հաբար, քանի որ մենք ալ պարփակուած ենք անոր մէջ։ Արդ, Յովհաննէսի ընկերակցինք, մինչ Յիսուս կը բանայ այդ հետաքրքրաշարժ գիրքը։ Նկատի ունեցէք որ Յովհաննէս պէտք չունի զայն կարդալու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոր բովանդակութիւնը իրեն կը հաղորդուի «նշաններով»՝ շարժուն, գործողութիւններով լեցուն տեսարաններու շարքով մը։—Յայտնութիւն 1։1, 10ՆԱ

2. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ ու կը լսէ, եւ քերովբէին երեւոյթը ի՞նչ կը յիշեցնէ։ (բ) Առաջին քերովբէին պատուէրը որո՞ւ ուղղուած է եւ ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։

2 Մտիկ ըրէք Յովհաննէսի, մինչ Յիսուս կը բանայ գրքին առաջին կնիքը. «Ապա տեսայ, երբ Գառնուկը կնիքներէն մէկը քակեց, չորս կենդանիներէն մէկէն որոտումի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Եկուր ու տես’»։ (Յայտնութիւն 6։1) Ասիկա առաջին քերովբէին ձայնն է։ Անոր առիւծանման երեւոյթը Յովհաննէսի կը թելադրէր որ Եհովայի կազմակերպութիւնը քաջութեամբ պիտի վարուի Իր արդար դատաստանները գործադրելու համար։ Իսկ այդ պատուէրը որո՞ւ ուղղուած էր։ Ատիկա չէր կրնար Յովհաննէսի ուղղուած ըլլալ, քանի որ ան արդէն հրաւիրուած էր այս մարգարէական տեսարաններուն մէջ բաժին բերելու։ (Յայտնութիւն 4։1) Այդ «որոտումի ձայն»ը, չորս գրգռիչ միջադէպերու շարքին առաջինին մէջ մասնակցութիւն ունեցող ուրիշները կը կանչէր։

Ճերմակ Ձին եւ Անոր Հռչակաւոր Հեծեալը

3. (ա) Արդ, Յովհաննէս ի՞նչ կը նկարագրէ։ (բ) Աստուածաշունչի խորհրդանիշներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, ճերմակ ձին ի՞նչ պէտք է պատկերացնէ։

3 Յովհաննէս՝ եւ անոր հետ Յովհաննէս դասակարգը եւ անոր արդի ընկերակիցները՝ առանձնաշնորհումը կ’ունենան սրընթաց թատերախաղ մը տեսնելու։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց [«իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ», ՆԱ]»։ (Յայտնութիւն 6։2) Այո, այդ որոտանման «Եկուր» կոչին, ճերմակ ձի մը առաջ կը նետուի։ Աստուածաշունչին մէջ ձին յաճախ պատերազմ կը խորհրդանշէ։ (Սաղմոս 20։7. Առակաց 21։31. Եսայեայ 31։1) Այս ձին, հաւանաբար գեղեցիկ նժոյգ մը, պսպղուն ճերմակ է, որ անարատ սրբութիւն կը նշէ։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 1։14. 4։4. 7։9. 20։11) Ասիկա շա՜տ յարմար է, քանի որ կը պատկերացնէ պատերազմ մը որ մաքուր ու արդար է Եհովայի սուրբ աչքերուն։—Տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 19։11, 14

4. Ճերմակ ձիուն Հեծեալը ո՞վ է։ Բացատրեցէք։

4 Այս ձիուն Հեծեալը ո՞վ է։ Ան աղեղ մը ունի՝ յարձակողական զէնք մը, բայց անոր պսակ մըն ալ կը տրուի։ Տէրունական օրուան ընթացքին պսակ կրող միակ արդար անհատները Յիսուսը եւ 24 երէցներով ներկայացուած դասակարգն են։ (Դանիէլ 7։13, 14, 27. Ղուկաս 1։31-33. Յայտնութիւն 4։4, 10. 14։14) * Անհաւանական է որ 24 երէցներու խումբէն մէկը պսակ ստանայ իր անձնական արժանիքներուն համար։ Հետեւաբար, այս միակ ձիաւորը պէտք է ըլլայ Յիսուս Քրիստոս։ Յովհաննէս զինք կը տեսնէ երկինքը, 1914–ի պատմական պահուն, երբ Եհովա կը ծանուցանէ. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս». նպատակն ալ բացատրելով՝ «հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ»։ (Սաղմոս 2։6-8) * Ուստի, առաջին կնիքը բանալով, Յիսուս կը յայտնէ թէ որպէս նոր թագադրուած Թագաւոր, Աստուծոյ որոշած ժամանակին պատերազմի համար կը խոյանայ։

5. Սաղմոսերգուն ի՞նչպէս Յայտնութիւն 6։2–ի նման նկարագրութիւն մը կու տայ Հեծեալին մասին։

5 Այս տեսարանը շատ ներդաշնակ է Սաղմոս 45։4-7–ի հետ, որ Եհովայի կողմէ թագադրուած Թագաւորին ուղղուած է. «Քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։ Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։ Քու նետերդ սուր են ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։ Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։ Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։ Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։ Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես. անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ, ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի»։ Այս մարգարէական նկարագրութեան ծանօթ ըլլալով, Յովհաննէս կը հասկնայ որ անիկա Յիսուսի կը կիրարկուի՝ որպէս Թագաւոր։—Համեմատել՝ Եբրայեցիս 1։1, 2, 8, 9

Յաղթելու կ’Երթայ

6. (ա) Հեծեալը ինչո՞ւ յաղթելու պէտք է երթայ։ (բ) Ո՞ր տարիներէ ի վեր յաղթանակի արշաւը կը շարունակուի։

6 Բայց ինչո՞ւ նոր թագադրուած Թագաւորը պատերազմելու համար կ’ելլէ։ Քանի որ իր թագաւորութիւնը Եհովայի գլխաւոր հակառակորդին՝ Բանսարկու Սատանային, եւ երկրի վրայ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար անոր նպատակին ծառայող անհատներուն կողմէ դառն հակառակութեամբ հաստատուեցաւ։ Երկնքի մէջ Թագաւորութեան ծնունդը ինքնին մեծ պատերազմի դուռ բացաւ։ Միքայէլ (որ կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Նման») անունին տակ կռուելով, Յիսուս կը յաղթէ Սատանային ու իր դեւերուն եւ զանոնք կը նետէ երկիր։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Յիսուսի յաղթական արշաւը տէրունական օրուան սկիզբէն սկսելով կը շարունակուի տասնեակ տարիներէ ի վեր, մինչ ոչխարանման անհատներ կը հաւաքուին։ Թէեւ ամբողջ աշխարհ տակաւին «չարին զօրութեան ներքեւ է», սակայն Յիսուս կը շարունակէ սիրալիր կերպով հովուել իր օծեալ եղբայրները եւ անոնց ընկերակիցները, իւրաքանչիւրին օգնելով որ իրենց հաւատքը յաղթութեամբ պսակեն։—Ա. Յովհաննու 5։19ՆԱ

7. Տէրունական օրուան առաջին տասնամեակներուն, Յիսուս ի՞նչ յաղթանակներ տարած է, իսկ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր որոշումը։

7 Տէրունական օրուան աւելի քան 90 տարիներու ընթացքին Յիսուս ուրիշ ի՞նչ յաղթանակներ տարած է։ Համայն երկրի վրայ, Եհովայի ծառաները անհատապէս թէ որպէս ժողովք շատ մը դժուարութիւններու, ճնշումներու եւ հալածանքներու ենթարկուած են, իր քարոզչութիւնը վաւերացնելու համար Պօղոս առաքեալի նկարագրած հալածանքներուն նման։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-28) Եհովայի Վկաները ‘գերազանց զօրութեան’ կարիքը ունեցած են, մասնաւորաբար պատերազմի ու բռնութեան թատերաբեմ եղող վայրերու մէջ, որպէսզի կարենան տոկալ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Երուսաղէմ) Բայց նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներուն, հաւատարիմ Վկաները Պօղոսի կեցուածքը ունեցած են. «Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։17) Այո, Յիսուս անոնց տեղ յաղթեց եւ պիտի շարունակէ մեր տեղ ալ յաղթել, այնքան ատեն որ որոշած ենք հաւատքի մեր յաղթանակը ամբողջացնել։—Ա. Յովհաննու 5։4

8, 9. (ա) Եհովայի Վկաներու համաշխարհային ժողովքը ի՞նչ յաղթանակներու մասնակցած է։ (բ) Եհովայի Վկաներու աճը ո՞ր երկիրներու մէջ աւելի ուշագրաւ եղած է։

8 Եհովայի Վկաներու համաշխարհային ժողովքը բազմաթիւ յաղթանակներ տարած է իր յաղթական Թագաւորին առաջնորդութեան ներքեւ։ Ան ուշագրաւ կերպով 1918–ին բնաջնջումէ պաշտպանեց այս Աստուածաշունչի Աշակերտները, երբ անոնք ժամանակաւորապէս ‘յաղթուած’ էին Սատանայի քաղաքական կազմակերպութեան կողմէ։ 1919–ին սակայն, անոնց բանտի շղթաները կոտրեց, որպէսզի զիրենք ազատագրէ, ապա զանոնք աշխուժացուց որպէսզի բարի լուրը քարոզեն «մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Յայտնութիւն 13։7. Գործք 1։8

9 Երկրորդ Աշխարհամարտէն առաջ ու անոր ընթացքին, Առանցքային բռնակալական ուժերը ջանացին բնաջնջել Եհովայի Վկաները բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր կրօնական առաջնորդներ՝ մասնաւորաբար Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը՝ հարստահարիչ բռնաւորներուն բացէ ի բաց կամ լռելեայն թիկունք կանգնեցան։ Բայց 1939–ին՝ պատերազմը սկսած ատեն 71,509 քարոզող Վկաները, պատերազմին վերջաւորութեան՝ 1945–ին, հասած էին 141,606–ի, հակառակ անոր որ անոնցմէ 10,000–ը երկար տարիներ բանտերու կամ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ անցուցին եւ շուրջ 2,000 հոգի սպաննուեցան։ Համայն աշխարհի մէջ ներկայիս աւելի քան վեց միլիոն գործունեայ Վկաներ կան։ Աճը շատ ուշագրաւ եղած է Կաթողիկէ երկիրներու եւ ծանր հալածանք բերող երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Գերմանիա, Իտալիա եւ Ճափոն, ուր ներկայիս 600,000–է աւելի Վկաներ իրենց ծառայութիւնը կը տեղեկագրեն։—Եսայեայ 54։17. Երեմեայ 1։17-19

10. Յաղթող Թագաւորը ի՞նչ յաղթանակներով օրհնած է իր ժողովուրդը՝ «աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը» առնչութեամբ։

10 Մեր յաղթական Թագաւորը իր եռանդուն ծառաները օրհնած է, զանոնք առաջնորդելով որ «աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը» առնչութեամբ ատեաններու եւ կառավարիչներու առջեւ բազմաթիւ յաղթանակներ տանին։ (Փիլիպպեցիս 1։7. Մատթէոս 10։18. 24։9) Ասիկա միջազգային տարողութեամբ եղած է. Արժանթինի, Աւստրալիայի, Գանատայի, Զուիցերիայի, Թուրքիայի, Հնդկաստանի, Յունաստանի, Սուազիլանտի եւ ուրիշ երկիրներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին մէջ Եհովայի Վկաներու շահած 50 օրինական յաղթանակներուն մէջ կային բարի լուրը «հրապարակաւ եւ տունէ տուն» քարոզելու իրաւունքին, եւ հայրենասիրական կռապաշտական արարողութիւններէն զերծ մնալու երաշխաւորութիւնները։ (Գործք 5։42. 20։20ՆԱ. Ա. Կորնթացիս 10։14) Այս կերպով, համայն երկրի վրայ վկայութիւնը տարածելու համար դուռը բաց էր։

11. (ա) Հեծեալը ի՞նչպէս «իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ»։ (բ) Երկրորդ, երրորդ ու չորրորդ կնիքներուն բացուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

11 Յիսուս ի՞նչպէս «իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ»։ * Ինչպէս պիտի տեսնենք, ասիկա կ’ընէ սուտ կրօնքը մէջտեղէն վերցնելով եւ Սատանայի տեսանելի կազմակերպութեան մնացած ամէն հատուած, կործանումի խորհրդանշական ‘կրակէ լիճին’ մէջ նետելով, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու համար։ Հիմա ամենայն վստահութեամբ կը սպասենք այդ օրուան՝ Արմագեդոնին, երբ մեր «թագաւորներուն Թագաւորը» վերջնական յաղթանակ պիտի տանի Սատանայի հարստահարիչ քաղաքական կազմակերպութեան վրայ։ (Յայտնութիւն 16։16. 17։14. 19։2, 14-21. Եզեկիէլ 25։17) Մինչ այդ, ճերմակ ձիուն անպարտելի Յաղթողը կը շարունակէ իր արշաւը, մինչ Եհովա տակաւին երկրի վրայ պարկեշտ սիրտ ունեցող նորեկներ կ’աւելցնէ Իր արդար ազգին։ (Եսայեայ 26։2. 60։22) Օծեալ Յովհաննէս դասակարգին հետ Թագաւորութեան այս ուրախ ընդլայնումին մէջ դուք ալ բաժին կը բերէ՞ք։ Այդ պարագային, ինչ որ Յովհաննէս առաքեալ յաջորդ երեք կնիքներուն բացման մէջ կը տեսնէ, անկասկած ձեզ պիտի խթանէ որ աւելի մեծ մասնակցութիւն ունենաք ներկայի համար Եհովայի գործին մէջ։

Ահա՛ Շառագոյն Ձի մը

12. Ըստ Յիսուսի, որպէս Թագաւոր իր անտեսանելի ներկայութիւնը ի՞նչ բաներով պիտի նշուէր։

12 Երկրի վրայ Յիսուսի ծառայութեան վերջաւորութեան, աշակերտները իրեն առանձին հարցուցին. «Քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Իր պատասխանին մէջ, Յիսուս կարգ մը պատահարներ նախագուշակեց, որոնք «ցաւերուն սկիզբ»ը պիտի ըլլային։ Ան ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 24։3, 7, 8. Ղուկաս 21։10, 11) Ինչ որ Յովհաննէս կը տեսնէ, գրքին մնացեալ կնիքներուն բացուելով, ուղղակիօրէն նմանութիւն մը ունի այս մարգարէութեան հետ։ Արդ, ուշադրութեամբ նայեցէք, մինչ Յիսուս կը բանայ երկրորդ կնիքը։

13. Յովհաննէսի համար ի՞նչ հակադրութիւն յայտնուելու վրայ է։

13 «Ու երբ երկրորդ կնիքը քակեց, երկրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. ‘Եկուր’»։ (Յայտնութիւն 6։3) Զուարակի երեւոյթ ունեցող երկրորդ քերովբէն է որ հրամանը կ’արձակէ։ Հոս զօրութեան յատկութիւնը խորհրդանշուած է, բայց արդարութեամբ գործածուած զօրութիւն մը։ Բայց հոս, Յովհաննէս կը տեսնէ սոսկալի, մահաբեր զօրութիւն մը։

14. Յովհաննէս ի՞նչ ձի ու հեծեալ կը տեսնէ, եւ այս տեսիլքը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

14 Արդ, այս երկրորդ «Եկուր» հրամանին ի՞նչպէս կը պատասխանուի։ Ա՛յսպէս. «Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 6։4) Արդարեւ, ահաւոր տեսիլք մը։ Կասկած չկայ որ անիկա պատերազմ կը պատկերացնէ։ Ո՛չ թէ Եհովայի յաղթող Թագաւորին արդար ու յաղթական պատերազմը, այլ, մարդոց կողմէ, միջազգային պատերազմը՝ անպէտ արիւնահեղութեամբ ու ցաւով։ Այս ձիաւորը շառագոյն ձիու մը վրայ հեծած ըլլալը շա՜տ տեղին է։

15. Ինչո՞ւ պէտք չէ ուզենք երկրորդ ձիաւորին արշաւին մէջ որեւէ մասնակցութիւն ունենալ։

15 Անշուշտ, Յովհաննէս չ’ուզեր որեւէ բաժին ունենալ այս ձիաւորին եւ անոր սրընթաց արշաւին հետ, քանի որ Աստուծոյ ծառաներուն մասին ըսուած էր որ անոնք «ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ (Եսայեայ 2։4) Անոր համար «աշխարհին մէջ» ըլլալով հանդերձ, Յովհաննէս եւ անոր միջոցաւ Յովհաննէս դասակարգը եւ մեծ բազմութիւնն ալ, այս արիւնարբու դրութեան ‘մաս չեն կազմեր’։ Մեր զէնքերը հոգեւոր են եւ «Աստուծմէ զօրութիւն առած» ենք, ճշմարտութիւնը աշխոյժ կերպով ծանուցանելու համար՝ մարմնաւոր պատերազմէն հեռու մնալով։—Յովհաննու 17։11, 14ՆԱ. Բ. Կորնթացիս 10։3, 4

16. Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս շառագոյն ձիուն հեծեալին «մեծ սուր մը» տրուեցաւ։

16 Բազմաթիւ պատերազմներ մղուած են 1914–էն՝ ճերմակ ձիուն Հեծեալը իր պսակը ստացած տարուընէ առաջ։ Բայց հիմա շառագոյն ձիուն հեծեալին «մեծ սուր մը» կը տրուի։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Առաջին Աշխարհամարտին պայթումով, մարդկային պատերազմները աւելի արիւնահեղ եղան, որեւէ ժամանակէ աւելի աւերիչ։ 1914-1918–ի ջարդերուն, հրասայլեր, թունաւոր կազեր, օդանաւեր, ընդծովեաներ, հսկայ թնդանօթներ, եւ ինքնագործ զէնքեր գործածուեցան, կա՛մ առաջին անգամ ըլլալով եւ կամ աննախընթաց տարողութեամբ։ Շուրջ 28 ազգերու մէջ, ո՛չ միայն արհեստավարժ զինուորները, այլ ամբողջ բնակչութիւնը պատերազմին մասնակից ըլլալու հարկադրուեցան։ Զոհերուն թիւը ահաւոր էր։ Աւելի քան ինը միլիոն զինուորներ սպաննուեցան, իսկ սպաննուած քաղաքացիներուն թիւը աներեւակայելի էր։ Նոյնիսկ պատերազմը դադրելէն ետք, երկրի վրայ իրական խաղաղութիւն չհաստատուեցաւ։ Այդ պատերազմէն աւելի քան 50 տարի ետք, Գերմանացի քաղաքագէտ Գոնրատ Ատէնաուըր ըսաւ. «1914–էն ի վեր, ապահովութիւնն ու հանդարտութիւնը մարդոց կեանքերէն անհետացած են»։ Արդարեւ, շառագոյն ձիու հեծեալին երկրէ խաղաղութիւնը վերցնելու լիազօրութիւն տրուած էր։

17. «Մեծ սուր»ի գործածութիւնը ի՞նչպէս շարունակուած է Ա. Աշխարհամարտէն ետք։

17 Ապա, արեան ծարաւը յագեցնելու համար, շառագոյն ձիուն հեծեալը Երկրորդ Աշխարհամարտին մէջ մխրճուեցաւ։ Սպանութեան զէնքերը տակաւին աւելի ճիւաղային էին եւ Առաջին Աշխարհամարտէն չորս անգամ աւելի սպանութիւններ եղան։ 1945–ին, Ճափոնի վրայ երկու հիւլէական ռումբեր նետուեցան, իւրաքանչիւրը կայծակի արագութեամբ տասնեակ հազարաւոր կեանքեր խլեց։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, շառագոյն ձիուն ձիաւորը շուրջ 55 միլիոն կեանքեր խլեց եւ տակաւին չյագեցաւ։ Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, Երկրորդ Աշխարհամարտէն ի վեր աւելի քան 20 միլիոն կեանքեր ինկած են «մեծ սուր»ով։

18, 19. (ա) Զինուորական արուեստագիտութեան յաղթանակ մը ըլլալէն աւելի, Բ. Աշխարհամարտէն ետք տեղի ունեցած ջարդերը ի՞նչ բանի վկայութիւն մը եղած են։ (բ) Ի՞նչ վտանգ կը սպառնայ մարդկութեան, սակայն ճերմակ ձիուն Հեծեալը ի՞նչ պիտի ընէ զայն հակակշռելու համար։

18 Ասիկա կրնա՞նք զինուորական արուեստագիտութեան յաղթանակը կոչել։ Ընդհակառակը, անիկա վկայութիւն մըն է որ անգութ շառագոյն ձին քառասմբակ կ’ընթանայ։ Անոր ընթացքը ե՞րբ պիտի աւարտի։ Կարգ մը գիտնականներ կը խօսին կորիզային անակնկալ պատերազմի մը հաւանականութեան մասին. տակաւին առանց հաշիւ ընելու կորիզային ծրագրուած բախում մը։ Բայց բարեբախտաբար, ճերմակ ձիուն յաղթող Հեծեալը այս մասին ուրիշ ծրագիրներ ունի։

19 Այնքան ատեն որ մարդկային ընկերութիւնը հայրենասիրական հպարտութեան ու ատելութեան վրայ հիմնուած է, մարդկութիւնը պիտի շարունակէ կորիզային վտանգի տակառին վրայ նստիլ։ Եթէ նոյնիսկ ազգերը ուրիշ ճար չունենալով բնաջնջեն կորիզային բոլոր ուժերը, տակաւին պիտի պահեն զանոնք շինելու գիտութիւնը։ Կարճ ժամանակի մէջ, անոնք կրնան վերարտադրել կորիզային սպաննիչ հնարքներ. հետեւաբար, սովորական զէնքերով սկսուած որեւէ պատերազմ, շուտով կրնայ վերածուիլ ողջակիզութեան։ Ներկայիս ազգերը պատող հպարտութիւնն ու ատելութիւնը մարդկութիւնը անձնասպանութեան պիտի առաջնորդէ, ի բացառեալ, այո, ի բացառեալ եթէ ճերմակ ձիուն Հեծեալը կասեցնէ շառագոյն ձիուն մոլեգին արշաւը։ Ուստի, վստահութիւն ունենանք որ Քրիստոս Թագաւորը պիտի ամբողջացնէ Սատանայի կողմէ ղեկավարուած աշխարհին վրայ իր յաղթանակը, եւ պիտի հաստատէ երկրային նոր ընկերութիւն մը սիրոյ վրայ հիմնուած, սէր Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ. խաղաղութիւն հաստատող ոյժ մը, որ շա՜տ աւելի գերիվեր է քան՝ մեր խելագարուած ժամանակներուն կորիզային զէնքերու գործածութեան համար դրուած խախուտ արգելքները։—Սաղմոս 37։9-11. Մարկոս 12։29-31. Յայտնութիւն 21։1-5

Սեւ Ձի մը Առաջ կը Նետուի

20. Ի՞նչ վստահութիւն ունինք որ ճերմակ ձիուն Հեծեալը որեւէ չարաշուք կացութիւն ձեռք պիտի առնէ։

20 Յիսուս կը բանայ երրորդ կնիքը։ Յո՛վհաննէս, ի՞նչ կը տեսնես։ «Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. ‘Եկուր ու տես’»։ (Յայտնութիւն 6։5ա) Բարեբախտաբար, այս երրորդ քերովբէն «մարդու երես ունէր», որ սիրոյ յատկութիւնը կը խորհրդանշէ։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ սկզբունքային սէրը առատ պիտի ըլլայ, ինչպէս որ այս գեղեցիկ յատկութիւնը Եհովայի արդի կազմակերպութիւնը պատած է։ (Յայտնութիւն 4։7. Ա. Յովհաննու 4։16) Կրնանք վստահ ըլլալ որ ճերմակ ձիուն Հեծեալը որ «պէտք է թագաւորէ մինչեւ [«Աստուած», ՆԱ] բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ», սիրալիր կերպով պիտի անէացնէ այն չարաշուք կացութիւնը որ հոս Յովհաննէսի ուշադրութեան կը յանձնուի։—Ա. Կորնթացիս 15։25

21. (ա) Սեւ ձին ու անոր հեծեալը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ սեւ ձին տակաւին իր խօլ արշաւը կը շարունակէ։

21 Արդ, երբ երրորդ «Եկուր» կոչին կ’ընդառաջուի, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ «Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր»։ (Յայտնութիւն 6։5բ) Սաստիկ սով։ Մարգարէական այս տեսարանը, այս տխուր պատգամը կը հաղորդէ։ Անիկա կը նշէ տէրունական օրուան սկիզբի շրջաններուն, երբ ուտելիքը կշիռքով պէտք էր բաշխուէր։ 1914–էն ի վեր, սովը յարատեւաբար համաշխարհային հարց եղած է։ Արդի պատերազմները իրենց ետեւէն սով կը բերեն, քանի որ սովորաբար անօթիները կերակրող աղբիւրները, զէնքերու հայթայթման կ’ուղղուին։ Հողագործները կը զինուորագրուին եւ պատերազմով դրոշմուած դաշտերը եւ հողը հրկիզելու քաղաքականութիւնը կը նուազեցնէ ուտելիքի արտադրութիւնը։ Ասիկա ո՜րքան ճշմարիտ էր Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ միլիոնաւորներ անօթութենէ տառապեցան ու մեռան։ Սակայն, պատերազմին վերջաւորութեան սով խորհրդանշող սեւ ձիուն հեծեալը իր ընթացքը չդանդաղեցուց։ 1930–ական թուականներուն, միայն Ուքրանիոյ մէջ հինգ միլիոն անհատներ մահացան մէկ սովէ։ Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդեց աւելի մեծ ուտելիքի պակաս ու սով։ Մինչ սեւ ձին իր արշաւը կը շարունակէ, Ուտելիքի Համաշխարհային Խորհուրդը 1987–ի կիսուն տեղեկագրեց, որ 512 միլիոն մարդիկ սովաբեկ են եւ թէ անօթութեան պատճառաւ ամէն օր 40,000 երախաներ կը մահանան։

22. (ա) Ձայն մը ի՞նչ կ’ըսէ եւ ի՞նչ կարիք արտայայտելով։ (բ) Կապիճ մը ցորենին եւ երեք կապիճ գարիին գիները ի՞նչ ցոյց կու տան։

22 Յովհաննէս տակաւին շատ բաներ ունի ըսելիք։ «Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր’»։ (Յայտնութիւն 6։6) Չորս քերովբէներն ալ ուտելիքի հասոյթը ուշադրութեամբ գործածելու համար միաձայնութեամբ կ’արտայայտուին. ճիշդ ինչպէս որ Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, ժողովուրդը ‘հացը կշիռքով եւ անձկութեամբ պիտի ուտէր’։ (Եզեկիէլ 4։16) Յովհաննէսի օրերուն, կ’ենթադրուի թէ կապիճ մը ցորենը զինուորի մը օրաբաժինն էր։ Այդքան օրաբաժին մը ի՞նչ պիտի արժէր։ Մէկ դահեկան. մէկ օրավարձք։ (Մատթէոս 20։2) * Ընտանիք ունեցող մարդ մը ի՞նչ պիտի ընէր։ Անոր տեղ երեք կապիճ չզտուած գարի կրնար առնել. բայց ասիկա իսկ հազիւ կրնար պզտիկ ընտանիք մը կերակրել։ Իսկ գարին՝ ցորենի չափ սննդարար չէր նկատուեր։

23. «Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։

23 Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ՝ «ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր» արտայայտութիւնը։ Ըստ ոմանց, անիկա կը նշանակէ որ մէկ կողմէն շատեր ուտելիքի պակաս պիտի ունենային կամ սովամահ պիտի ըլլային, իսկ միւս կողմէ հարուստներուն պերճանքին ձեռք պիտի չդպցուէր։ Բայց Միջին Արեւելքի մէջ, ձէթն ու գինին իրականութեան մէջ պերճանք չեն։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հացը, ձէթը եւ գինին հիմնական տարրեր էին։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 14։18. Սաղմոս 104։14, 15) Ջուրը միշտ լաւորակ չէր, ուստի գինին լայնօրէն գործածուած խմիչք մըն էր, իսկ երբեմն՝ բժշկական նպատակներու համար կը գործածուէր։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23) Իսկ ինչ կը վերաբերի ձէթին, Եղիայի օրերուն, Սարեփթայի որբեւայրին շատ աղքատ ըլլալով հանդերձ, տակաւին քիչ մը իւղ ունէր, իր մնացեալ ալիւրը եփելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 17։12) Հետեւաբար, «ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր» պատուէրը այնպէս կը թուի թէ խրատ մըն է որ այս հիմնական տարրերը արագօրէն չսպառուին, այլ խնայողութեամբ գործածուին։ Ապա թէ ոչ անոնք պիտի ‘վնասուին’, ուրիշ խօսքով, սովը վերջանալէ առաջ պիտի սպառին։

24. Ինչո՞ւ սեւ ձին իր քառասմբակ արշաւը երկար ատեն պիտի չշարունակէ։

24 Ո՜րքան ուրախ ենք որ ճերմակ ձիուն Հեծեալը շուտով պիտի սանձէ քառասմբակ ընթացող այս սեւ ձին։ Քանի որ նոր աշխարհին մէջ Իր սիրազեղ կարգադրութեան առնչութեամբ գրուած է. «Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։ . . . Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։7, 16. տես նաեւ՝ Եսայեայ 25։6-8

Դեղին Ձին ու Անոր Հեծեալը

25. Երբ Յիսուս չորրորդ կնիքը կը բանայ, Յովհաննէս որո՞ւ ձայնը կը լսէ եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

25 Պատմութիւնը տակաւին չէ աւարտած։ Յիսուս չորրորդ կնիքը կը բանայ եւ Յովհաննէս իր տեսածը կը պատմէ. «Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Եկուր ու տես’»։ (Յայտնութիւն 6։7) Ասիկա արծիւի երեւոյթ ունեցող քերովբէին ձայնն է, որ հեռատես իմաստութիւն կը նշէ։ Իրապէս Յովհաննէս, Յովհաննէս դասակարգը եւ Աստուծոյ մնացեալ երկրային ծառաները պէտք ունեցած են խորատեսութեամբ դիտելու եւ անով վարուելու, հոս նկարագրուած բաներուն նկատմամբ։ Այդպէս վարուելով կրնանք որոշ չափով պաշտպանուիլ այն պատուհասներէն, որոնք կը հարուածեն ներկայ հպարտ ու անբարոյ, աշխարհային իմաստութեամբ օժտուած սերունդը։—Ա. Կորնթացիս 1։20, 21

26. (ա) Ո՞վ է չորրորդ ձիաւորը եւ անոր ձիուն գոյնը ինչո՞ւ յարմար է։ (բ) Չորրորդ ձիաւորին ո՞վ կը հետեւի եւ անոր զոհերուն ի՞նչ կը պատահի։

26 Արդ, մինչ չորրորդ ձիաւորը հրաւէրին կ’ընդառաջէ, սարսափելի ի՞նչ նոր բաներ կը պարզուին։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] անոր ետեւէն կ’երթար»։ (Յայտնութիւն 6։8ա) Վերջին ձիուն հեծեալը անուն մը ունի՝ Մահ։ Յայտնութեան չորս ձիաւորներուն մէջ ինք միակն է որ ուղղակիօրէն իր ինքնութիւնը կը յայտնէ։ Շատ տեղին ըլլալով, Մահը ձիու մը վրայ հեծած է որ դեղին է. քանի որ դեղին բառը (Յունարէն՝ խլո·րոս) յունական գրականութեան մէջ գործածուած է նկարագրելու համար հիւանդութենէ տժգունած դէմքեր։ Դարձեալ տեղին ըլլալով, Մահուան սերտօրէն կը հետեւի՝ անբացատրելի կերպով՝ Հատէսը (գերեզմանը), քանի որ Հատէսը ինք կ’ընդունի չորրորդ ձիաւորին կողմէ զոհ գացողներուն մեծ մասը։ Բարեբախտաբար հոն գացողները պիտի յարուցանուին, երբ «մահը եւ դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] իրենց մէջի մեռելները» տան։ (Յայտնութիւն 20։13) Բայց Մահը ի՞նչպէս իր զոհերը կը խլէ։

27. (ա) Մահ կոչուող հեծեալը իր զոհերը ի՞նչպէս կը խլէ։ (բ) «Երկրին չորրորդ մաս»ը արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, որու վրայ Մահը իշխանութիւն ունի։

27 Տեսիլքը քանի մը կերպեր կը թուէ. «Ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով [«մահացու պատուհասով», ՆԱ] ու երկրի գազաններով սատկեցնեն»։ (Յայտնութիւն 6։8բ) Պայման չէ որ բառացիօրէն երկրի բնակչութեան չորրորդ մասը ազդուի այս արշաւէն, բայց՝ երկրին մեծ մասը, բնակչութիւնը խիտ ըլլայ թէ ցանցառ։ Այս ձիաւորը՝ երկրորդ ձիաւորին մեծ սուրէն եւ երրորդ ձիաւորին սովէն եւ ուտելիքի պակասէն ինկած զոհերը կը հաւաքէ։ Ան իր հունձքը կը կատարէ նաեւ մահացու պատուհասէն, ինչպէս նաեւ երկրաշարժներէն, որ Ղուկաս 21։10, 11–ի մէջ նկարագրուած են։

28. (ա) «Մահացու պատուհաս»ին մասին եղած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուած է։ (բ) Եհովայի ծառաները ի՞նչպէս պաշտպանուած են ներկայիս շատ մը հիւանդութիւններէ։

28 Հոս կարեւոր բանը «մահացու պատուհաս»ն է։ Առաջին Աշխարհամարտի աւերումներուն յաջորդեց սպանական հարբուխը, որ միայն քանի մը ամսուան մէջ (1918-1919), աւելի քան 20 միլիոն մարդկային կեանքեր խլեց։ Երկրի վրայ միմիայն Սէնթ Հէլէնա կղզին խնայուեցաւ այս պատուհասէն։ Հոն ուր բնակչութիւնը մեծ զանգուածներով կը մահանար, դիզուած դիակները այրելու համար թաղման խարոյկներ կը գործածէին։ Իսկ այսօր կան սրտի հիւանդութեան ու խլիրդի ահաւոր պարագաներ, որոնց մեծամասնութիւնը ծխախոտի ապականութեան հետեւանքն է։ «Այլանդակ տասնամեակ» կոչուած 1980–ական տարիներուն, Աստուածաշունչի չափանիշներուն հակառակ եղող ապրելակերպ մը, «մահացու պատուհաս»ին վրայ աւելցուց ԷՅՏԾ–ը։ 2000–ին, Մ.Ն. Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի տնօրէնը նշեց թէ ԷՅՏԾ–ը «հաւանաբար ցարդ աշխարհի տեսած ամենագէշ համաճարակն է»։ Ան ըսաւ թէ աշխարհի տարածքին 52 միլիոն հոգի վարակուեցան Դիմադրողականութեան Անկման Վարակի ժահրով, իսկ անոնցմէ 20 միլիոն հոգի մահացան։ Եհովայի ծառաները ո՜րքան ուրախ են որ իր Խօսքին իմաստուն խրատները զիրենք ետ կը պահեն պոռնկութենէ ու արիւնի սխալ գործածութենէ, որոնց միջոցաւ շատ մը հիւանդութիւններ կը փոխանցուին ներկայիս։—Գործք 15։28, 29. համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 6։9-11

29, 30. (ա) Եզեկիէլ 14։21–ի «չորս սաստիկ պատիժներ»ուն արդի կիրարկումը ի՞նչ է։ (բ) Յայտնութիւն 6։8–ի «գազաններ» արտայայտութենէն ի՞նչ կրնանք հասկնալ։ (գ) Մարգարէական տեսարանին գլխաւոր կէտը ի՞նչ կը թուի ըլլալ։

29 Յովհաննէսի տեսիլքը կը յիշէ գազաններ, որպէս վաղահաս մահուան չորրորդ պատճառը։ Արդարեւ, չորրորդ կնիքին բացուելով յայտնաբերուած չորս բաները՝ պատերազմ, սով, հիւանդութիւն եւ գազաններ՝ անցեալին վաղահաս մահուան գլխաւոր պատճառները կը համարուէին։ Ուստի անոնք ներկայ վաղահաս մահուան բոլոր պատճառները կը նախագուշակեն։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա զգուշացուց Իսրայէլը. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ, մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար»։—Եզեկիէլ 14։21

30 Գազաններով սպանութիւնը հազուադէպ թերթերու խորագիրներ կազմած է արդի ժամանակներուն, թէեւ արեւադարձային երկիրներուն մէջ վայրի անասուններ յաճախակիօրէն զոհեր խլած են։ Ապագային, անոնք շատ աւելի զոհեր կրնան խլել, եթէ պատերազմի պատճառով շրջաններ ամայանան, կամ սովը այնքան հիւծէ մարդիկը, որ չկարենան անօթի անասուններու դէմ պայքարիլ։ Ասկէ զատ, ներկայիս կան շատ մարդիկ, որոնք անբան անասուններու նման գազանային բնաւորութիւններ կը յայտնաբերեն, Եսայեայ 11։6-9–ի նկարագրութեան ճիշդ հակառակը։ Այսպիսի անհատներ շատ մեծ պատասխանատուութիւն ունին արդի աշխարհի մէջ ծաւալող՝ սեռի առնչուած ոճիրներու, սպանութեան, ահաբեկչութեան եւ ռմբակոծումներու մէջ։ (Համեմատել՝ Եզեկիէլ 21։31. Հռովմայեցիս 1։28-31. Բ. Պետրոս 2։12) Չորրորդ ձիաւորը անոնց զոհերն ալ կը հնձէ։ Արդարեւ, կը թուի թէ մարգարէական այս տեսարանին գլխաւոր կէտը այդ է որ դեղին ձիուն հեծեալը շատ մը կերպերով մարդոց մէջէն կանխահաս մահով մեռնողները կը հնձէ։

31. Հակառակ շառագոյն, սեւ եւ դեղին ձիերու հեծեալներուն կողմէ կատարուած աւերներուն, ինչո՞ւ կրնանք քաջալերուիլ։

31 Առաջին չորս կնիքներուն բացուելով յայտնաբերուած տեղեկութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի, քանի որ մեզի կը սորվեցնէ որ ներկայիս վերելքի մէջ եղող պատերազմին, անօթութեան, հիւանդութեան եւ վաղահաս մահուան ուրիշ պատճառներուն համար չյուսահատինք. ոչ ալ յուսակտուր պէտք է ըլլանք, տեսնելով որ մարդկային առաջնորդներ ձախողած են ընթացիկ խնդիրները լուծելու։ Եթէ աշխարհի կացութիւնները բացայայտօրէն ցոյց կու տան որ շառագոյն, սեւ եւ դեղին ձիերուն հեծեալները իրենց արշաւին մէջ են, մի՛ մոռնաք որ ճերմակ ձիուն Հեծեալը առաջինն էր որ իր արշաւը սկսաւ։ Յիսուս Թագաւոր եղած է եւ արդէն յաղթած ըլլալով, Սատանան երկինքէն դուրս նետած է։ Իր յաւելեալ յաղթանակներուն մաս կը կազմէ հոգեւոր Իսրայէլի որդիներուն մնացորդին եւ միլիոններու հասնող ու մեծ նեղութենէն վերապրելիք միջազգային մեծ բազմութեան հաւաքումը։ (Յայտնութիւն 7։4, 9, 14) Ան իր արշաւը պիտի շարունակէ, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։

32. Առաջին չորս կնիքներուն իւրաքանչիւրը ի՞նչ բանով յատկանշուած էր։

32 Առաջին չորս կնիքներէն իւրաքանչիւրին բացումէն ետք, «Եկուր» հրաւէրը տրուեցաւ։ Ամէն անգամ ձի մը ու անոր հեծեալը առջեւ նետուեցաւ։ Հինգերորդ կնիքէն սկսեալ այս հրաւէրը պիտի չլսենք։ Բայց այդ ձիաւորները տակաւին կ’արշաւեն եւ մինչեւ իրերու դրութեան վախճանը, անոնք պիտի շարունակեն քառասմբակ ընթանալ։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 28։20) Յիսուս մեծ կարեւորութիւն ունեցող ուրիշ ի՞նչ դէպքեր կը յայտնէ, մինչ կը բանայ մնացեալ երեք կնիքները։ Կարգ մը պատահարներ մարդկային աչքերուն անտեսանելի են։ Ուրիշներ, որոնք տեսանելի են, տակաւին ապագային ըլլալիք բաներ են։ Սակայն եւ այնպէս, անոնց կատարումը վստահ է։ Տեսնենք թէ անոնք ի՛նչ են։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Նկատի ունեցէք սակայն, որ Յայտնութիւն 12։1–ի «կին»ը այլաբանական «տասներկու աստղէ պսակ մը» ունի։

^ պարբ. 4 Յիսուս 1914–ին իր Թագաւորութիւնը ստանձնելուն մանրամասնուած ապացոյցին համար, տես Աստուածաշունչը Իրապէս Ի՞նչ կը Սորվեցնէ գիրքը, էջ 215-218, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Մինչ շատ թարգմանութիւններ այս նախադասութիւնը կը թարգմանեն՝ «յաղթելու» (Անթիլիաս, Արարատ, Վերստուգուած), կամ՝ «յաղթելու վճռած» (Ֆիլլիբս, Նիու Ինթըրնէշընլ Վըրժըն), սակայն բնագիր Յունարէնի մէջ հոս գործածուած բաղադրեալ ապառնի ժամանակը, հաստատաբար կատարուելիքի կամ վերջնականի գաղափարը կու տայ։ Անոր համար, Ռապըրթսընի՝ Նոր Կտակարանի Բառապատկերները գիրքը կ’ըսէ. «Հոս՝ խոնարհումի եղանակը վերջնական յաղթանակ կը նշէ»։

^ պարբ. 22 Տես՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով, ստորանիշը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 92]

Թագաւորը յաղթական կ’արշաւէ

1930–ական եւ 1940–ական տարիներու ընթացքին, բուռն հակառակորդներ ջանացին այնպէս ցոյց տալ թէ Եհովայի Վկաներու քարոզչութիւնը անօրէն, վտանգաւոր եւ նոյնիսկ քանդիչ է։ (Սաղմոս 94։20) Միայն 1936–ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ 1,149 ձերբակալութիւններ արձանագրուած են։ Վկաները բազմաթիւ դատական պայքարներ մղեցին, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեան, եւ հետեւեալները անոնց ուշագրաւ յաղթանակներէն քանի մը հատն են։

3 Մայիս 1943–ին, Մըրտոգ ընդդէմ Փէնսիլվանիա–յի դատավարութեան համար Բարձրագոյն Ատեանը որոշեց որ Վկաները դրամով հրատարակութիւններ տալու համար արտօնութեան պէտք չունին։ Նոյն օրը, Մարթըն ընդդէմ Սթրութըրզ Քաղաք–ին դատավարութեան ընթացքին որոշուեցաւ որ անօրէն բան մը չէր դռներուն զանգերը զարնել, տունէ տուն թերթիկներ եւ ուրիշ ծանուցագրեր բաշխելու համար։

14 Յունիս 1943–ին, Թէյլըր ընդդէմ Միսիսիփի–ի դատավարութեան ընթացքին, Բարձրագոյն Ատեանը որոշեց թէ Վկաները իրենց քարոզչութեամբ կառավարութեան հանդէպ անհաւատարմութիւն չեն քաջալերեր։ Նոյն օրը, Արեւմտեան Վըրճինիայի Նահանգին Կրթական Խորհուրդը ընդդէմ Պարնէթ–ի դատավարութեան մէջ, Ատեանը որոշեց թէ դպրոցի անձնակազմը, դրօշակին չբարեւող Եհովայի Վկաներու զաւակները դպրոցէն վտարելու իրաւունք չունի։ Ճիշդ յաջորդ օրը, Աւստրալիոյ Բարձրագոյն լման Ատեանը Եհովայի Վկաներուն վրայէն արգելքը վերցուց, զայն կոչելով «կամայական, քմահաճ եւ հարստահարիչ»։

[Շրջանակ՝ էջ 94]

«Իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ»

Արուեստագիտութիւնը ո՞ւր կ’առաջնորդէ։ Տը Կլոպ էնտ Մէյլ, Թորոնթօ, Գանատա, 22 Յունուար 1987, Միջազգային Զարգացման Հետազօտութեան Կեդրոնի նախագահ Իվան Լ. Հէտի բանախօսութենէն հետեւեալը տեղեկագրեց.

«Վստահելի աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութեանց համաձայն, աշխարհի մէջ ամէն չորս գիտնականներէն եւ արուեստագիտութեան մասնագէտներէն մէկը, զէնքերու հետազօտութեան եւ զարգացման աշխատանքներու նուիրուած է։ . . . 1986–ի հաշիւով, ծախսերը վայրկեանը 1.5 միլիոն տոլարէն աւելի են։ . . . Արուեստագիտութեան վրայ դրուած այսքան շեշտին ի տես, մենք մեզ աւելի ապահով կը զգա՞նք։ Գերուժերու ունեցած կորիզային զինարանները, Երկրորդ Աշխարհամարտին բոլոր կռուողներուն կողմէ գործածուած բոլոր ռազմամթերքներուն մէջ եղած պայթուցիկ ուժերուն 6,000 անգամը կը պարունակեն։ Վեց հազար Երկրորդ Աշխարհամարտեր։ 1945–էն ի վեր, հազիւ եօթը շաբաթներ աշխարհը ռազմական գործունէութենէն զերծ եղած է։ Միջազգային կամ քաղաքացիական բնոյթ ունեցող 150 պատերազմներ եղած են, որոնք, ըստ մօտաւոր հաշիւներու, 19.3 միլիոն կեանքեր խլած են, որոնցմէ շատերը Միացեալ Ազգերու այս շրջանին մէջտեղ եկած նոր ազդու արուեստագիտութիւններու հետեւանքն են»։

Մինչեւ 2005 թուականը, ռազմական գործունէութիւնը աւելի քան 20 միլիոն հոգի սպաննած է։

[Շրջանակ՝ էջ 98, 99]

Յայտնութիւն գրքին կառուցուածքը

Յայտնութիւն գիրքը մինչեւ հոս նկատի առած ըլլալով, սկսանք աւելի յստակօրէն տեսնել անոր կառուցուածքը։ Անոր հետաքրքրաշարժ բացումէն ետք (Յայտնութիւն 1։1-9), Յայտնութիւնը կրնանք 16 տեսիլքներու բաժնել, հետեւեալ կերպով.

Ա. ՏԵՍԻԼՔ (1։10–3։22). Ներշնչման ներքեւ Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորեալ Յիսուսը, որ խրատ բովանդակող ջերմ պատգամներ ու խրատներ կը ղրկէ եօթը ժողովքներուն։

Բ. ՏԵՍԻԼՔ (4։1–5։14). Եհովա Աստուծոյ երկնային աթոռին փառաշքեղ տեսքը։ Ան Գառնուկին գիրք մը կը յանձնէ։

Գ. ՏԵՍԻԼՔ (6։1-17). Գրքին առաջին վեց կնիքները բանալով, Գառնուկը աստիճանաբար կը յայտնէ տէրունական օրուան ընթացքին պատահելիք դէպքերուն բաղադրեալ տեսիլքը։ Աբոքալիբսի չորս ձիաւորները կ’արշաւեն, Աստուծոյ նահատակուած ծառաները ճերմակ հանդերձներ կը ստանան եւ բարկութեան մեծ օրուան նկարագրականը կը տրուի։

Դ. ՏԵՍԻԼՔ (7։1-17). Հրեշտակները կործանումի հովերը կը բռնեն, մինչեւ որ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամները կնքուին։ Ամէն ազգերէ եկած մեծ բազմութիւն մը իր փրկութիւնը կը վերագրէ Աստուծոյ ու Քրիստոսի եւ մեծ նեղութենէն վերապրելու համար կը հաւաքուի։

Ե. ՏԵՍԻԼՔ (8։1–9։21). Եօթներորդ կնիքը բացուած ժամանակ եօթը փողեր կը հնչուին, որոնց առաջին վեցն՝ հինգերորդ տեսիլքը կը կազմեն։ Այս հնչուած վեց փողերը, մարդկութեան վրայ Եհովայի դատաստանները կը ծանուցանեն։ Հինգերորդ ու վեցերորդ փողերը, առաջին ու երկրորդ վայերն ալ կը ներկայացնեն։

Զ. ՏԵՍԻԼՔ (10։1–11։19). Զօրաւոր հրեշտակ մը Յովհաննէսի կու տայ պզտիկ գիրք մը, տաճարը կը չափուի, եւ երկու վկաներու փորձառութիւններուն մասին կը տեղեկանանք։ Անիկա իր բարձրակէտին կը հասնի եօթներորդ փողին հնչուելով, որ Աստուծոյ թշնամիներուն համար երրորդ վա՜յը կը ծանուցանէ. Եհովայի եւ իր Օծեալին մօտալուտ Թագաւորութիւնը։

Է. ՏԵՍԻԼՔ (12։1-17). Ասիկա Թագաւորութեան ծնունդը կը նկարագրէ, որու հետեւանքով Միքայէլ երկիր կը նետէ օձը՝ Սատանան։

Ը. ՏԵՍԻԼՔ (13։1-18). Զօրաւոր գազան մը ծովէն դուրս կու գայ, եւ գառնուկի երեւոյթով երկեղջիւրաւոր գազանը մարդոց կը յորդորէ որ անոր պաշտեն։

Թ. ՏԵՍԻԼՔ (14։1-20). Հոյակապ նախապատկերը 144,000–ի՝ Սիօն Լերան վրայ։ Երկրի շուրջ հրեշտակային պատգամներ կը լսուին, երկրի այգին կը հնձուի եւ Աստուծոյ բարկութեան հնձանը կը կոխուի։

Ժ. ՏԵՍԻԼՔ (15։1–16։21). Երկնային ատեանին ուրիշ մէկ երեւոյթը, որուն կը յաջորդէ երկրի վրայ Եհովայի բարկութեան եօթը սկաւառակներուն թափուիլը։ Այս հատուածն ալ կը վերջանայ Սատանայի դրութեան վախճանին մարգարէական նկարագրութեամբ։

ԺԱ. ՏԵՍԻԼՔ (17։1-18). Մեծ պոռնիկը՝ Մեծն Բաբելոնը, կարմիր գազանին վրայ հեծած է, որ կարճ ժամանակ մը անդունդը կ’երթայ, բայց ապա դարձեալ դուրս կ’ելլէ ու կը կործանէ զինք։

ԺԲ. ՏԵՍԻԼՔ (18։1–19։10). Մեծն Բաբելոնի անկումը եւ վերջնական կործանումը կը ծանուցանուի։ Իր կործանումէն ետք, ոմանք կ’ողբան, ուրիշներ Եհովան կը փառաբանեն. Գառնուկին հարսանիքը կը ծանուցանուի։

ԺԳ. ՏԵՍԻԼՔ (19։11-21). Յիսուս երկնային բանակները կ’առաջնորդէ, որպէսզի Սատանայի դրութեան, անոր բանակներուն եւ անոր թիկունք կանգնողներուն վրայ Աստուծոյ բարկութեան դատաստանը գործադրէ. Գիշատիչ թռչուններ անոնց դիակներով կը յագենան։

ԺԴ. ՏԵՍԻԼՔ (20։1-10). Բանսարկու Սատանան անդունդը կը նետուի, Քրիստոսի եւ իր թագաւորակիցներուն Հազարամեայ Իշխանութիւնը, մարդկութեան վերջնական փորձը եւ Սատանայի ու իր դեւերուն կործանումը։

ԺԵ. ՏԵՍԻԼՔ (20։11–21։8). Ընդհանուր յարութիւնը եւ Դատաստանի մեծ Օրը. նոր երկինք ու նոր երկիր մը երեւան կու գան, արդար մարդոց յաւիտենական օրհնութիւններ բերելով։

ԺԶ. ՏԵՍԻԼՔ (21։9–22։5). Յայտնութիւնը իր յանգումին կը հասնի Նոր Երուսաղէմի՝ Գառնուկին կնկան փառաւոր տեսիլքով։ Այդ քաղաքէն է որ կը հոսի մարդկութեան համար բուժումի ու կեանքի Աստուծոյ կարգադրութիւնը։

Յայտնութիւնը կ’աւարտի Եհովայէ, Յիսուսէ, հրեշտակէն եւ ուղղակի Յովհաննէսէ եկած ջերմ ողջոյններով եւ խրատներով։ Ամէն մէկուն տրուած հրաւէրն է՝ «Եկուր»։—Յայտնութիւն 22։6-21