Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պայքար՝ երկու կատաղի գազաններու հետ

Պայքար՝ երկու կատաղի գազաններու հետ

Գլուխ 28

Պայքար՝ երկու կատաղի գազաններու հետ

Տեսիլք 8—Յայտնութիւն 13։1-18

Նիւթ. Եօթգլխանի գազանը, երկեղջիւրաւոր գազանը, եւ գազանին պատկերը

Կատարման ժամանակը. Նեբրովթի օրերէն մինչեւ մեծ նեղութիւն

1, 2. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ վիշապին մասին։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս այլաբանական լեզուով, վիշապին կողմէ գործածուած տեսանելի կազմակերպութիւն մը կը նկարագրէ։

 ՄԵԾ վիշապը երկրի վրայ նետուած է։ Յայտնութիւնը ուսումնասիրելով յստակօրէն կը տեսնենք որ Օձին կամ իր դեւ հետեւորդներուն, այլեւս երկինք վերադառնալու բնաւ թոյլտուութիւն պիտի չտրուի։ Բայց տակաւին չենք վերջացած անկէ որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Պատմութեան շարունակութիւնը յաւելեալ մանրամասնութիւններով կը բացատրէ թէ Սատանան ի՛նչ միջոց կը գործածէ ‘կնոջ ու անոր զաւակներուն’ դէմ պայքարելու համար։ (Յայտնութիւն 12։9, 17) Յովհաննէս այդ օձանման վիշապին մասին կ’ըսէ. «Եւ վիշապը կանգնեցաւ ծովու աւազին վրայ»։ (Յայտնութիւն 12։18, Անթիլիաս) Ուստի, պահ մը վիշապին գործունէութեան միջոցները քննենք։

2 Սուրբ երկինքը Սատանայի ու իր դեւերուն ներկայութենէն հանգստացած է։ Այդ ամբարիշտ հոգեղէն արարածները երկինքէն դուրս նետուած եւ երկրի շրջակայքը արգելափակուած են։ Անկասկած մեր օրերու ոգեհարցական սովորութիւններուն հսկայական աճը կարելի է ասոր վերագրել։ Խորամանկ Օձը տակաւին հոգեղէն պիղծ կազմակերպութեան մը գլուխն է։ Բայց արդեօք ան տեսանելի կազմակերպութիւն մըն ալ կը գործածէ՞ մարդկութիւնը մոլորեցնելու համար։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։ Այդ գազանը ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։—Յայտնութիւն 13։1, 2

3. (ա) Դանիէլ մարգարէն ի՞նչ կատաղի գազաններ տեսաւ տեսիլքներու մէջ։ (բ) Դանիէլի 7–րդ գլուխին վիթխարի գազանները ի՞նչ կը ներկայացնեն։

3 Ի՞նչ է այս այլանդակ գազանը։ Աստուածաշունչը ինք պատասխանը կը հայթայթէ։ Հ.Դ.Ա. 539–ին Բաբելոնը իյնալէն առաջ, Հրեայ մարգարէն՝ Դանիէլ, կատաղի գազաններու հետ առնչութիւն ունեցող տեսիլքներ տեսաւ։ Դանիէլ 7։2-8–ի մէջ, ան կը նկարագրէ ծովէն ելլող չորս գազաններ. առաջինը առիւծի նմանութեամբ, երկրորդը՝ արջու, երրորդը՝ ինձի, ապա «չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ . . . Տասը եղջիւր ունէր»։ Ուշագրաւօրէն ասիկա կը նմանէր շուրջ Հ.Դ. 96 թուին Յովհաննէսի տեսած գազանին։ Այս գազանն ալ առիւծի, արջու եւ ինձի յատկանիշներ ունէր, եւ՝ տասը եղջիւր։ Դանիէլի տեսած վիթխարի գազանները ի՞նչ կը ներկայացնէին։ Ան կ’ըսէ մեզի. «Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն»։ (Դանիէլ 7։17) Այո, այս գազանները կը ներկայացնեն «թագաւորներ», կամ երկրի վրայ քաղաքական զօրութիւններ։

4. (ա) Դանիէլ 8–րդ գլուխին մէջ, խոյը եւ քօշը ի՞նչ կը պատկերացնէին։ (բ) Քօշին մեծ եղջիւրին կտրուիլը եւ անոր տեղ չորս ուրիշ եղջիւրներ ելլելը ի՞նչ կը նշեն։

4 Ուրիշ տեսիլքի մը մէջ, Դանիէլ կը տեսնէ երկեղջիւրաւոր խոյ մը, որ մեծ եղջիւր ունեցող այծի մը կողմէ կը տապալուի։ Գաբրիէլ հրեշտակը Դանիէլի բացատրութիւն կու տայ, ըսելով. «Խոյը . . . Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է»։ Գաբրիէլ կը շարունակէ ըսել որ քօշին մեծ եղջիւրը պիտի կտրուի եւ անոր տեղ չորս հատ պիտի ելլէ։ Ասիկա իրապէս տեղի ունեցաւ աւելի քան 200 տարի ետք, երբ Մեծն Աղեքսանդր մեռաւ եւ իր թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ չորս թագաւորութիւններու, որոնց վրայ տիրեցին իր չորս զօրավարները։—Դանիէլ 8։3-8, 20-25 *

5. (ա) Յունարէն գազան բառը ի՞նչ իմաստներ կը հաղորդէ։ (բ) Յայտնութիւն 13։1, 2–ի գազանը եւ անոր եօթը գլուխները ի՞նչ կը ներկայացնեն։

5 Որոշ է ուրեմն, որ ներշնչեալ Աստուածաշունչին Հեղինակը երկրի քաղաքական ուժերը գազաններ կը նկատէ։ Ի՞նչպիսի գազաններ։ Մեկնաբան մը Յայտնութիւն 13։1, 2–ի գազանը կը կոչէ «վայրագ» եւ կ’աւելցնէ. «Կ’ընդունինք այն բոլոր ակնարկութիւնները, զորս θηρίον–ը [թէ·րիոն, գազանի համար գործածուած Յունարէն բառը] կը հաղորդէ, ինչպէս անգութ, կործանարար, սոսկալի, յօշոտող, եւայլն, հրէշ մը»։ * Ի՜նչ լաւ նկարագրութիւն մը այն քաղաքական արիւնարբու դրութեան, որու միջոցաւ Սատանան տիրած է մարդկութեան վրայ։ Այս գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ մինչեւ Յովհաննէսի օրերը իրարու յաջորդած վեց աշխարհակալ ուժերը՝ Եգիպտոս, Ասորեստան, Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան եւ Հռովմ, իսկ մարգարէացուած էր որ եօթներորդ աշխարհակալ ոյժ մը վերջը պիտի երեւնար։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 17։9, 10

6. (ա) Գազանին եօթը գլուխները ի՞նչ բանի մէջ առաջնորդութիւն առած են։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս Հռովմը գործածեց հրէական իրերու դրութեան վրայ իր դատաստանը գործադրելու համար, եւ Երուսաղէմի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ պատահեցաւ։

6 Ճիշդ է որ պատմութեան մէջ այս եօթը հատէն զատ ուրիշ աշխարհակալ ուժեր գոյութիւն ունեցած են, ինչպէս որ Յովհաննէսի տեսած գազանը մարմին մը ունէր, եօթը գլուխի ու տասը եղջիւրի կողքին։ Բայց եօթը գլուխները կը ներկայացնեն այն եօթը գլխաւոր ուժերը որոնք ամէն մէկը իր կարգին Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարելու մէջ առաջնորդութիւն առած է։ Հ.Դ. 33–ին, երբ Հռովմ իր բարձունքին մէջ էր, Սատանան գազանին այդ գլուխը գործածեց Աստուծոյ Որդին սպաննելու համար։ Այդ ժամանակ, Աստուած լքեց հրէական անհաւատարիմ իրերու դրութիւնը եւ հետագային Հ.Դ. 70–ին, թոյլ տուաւ որ Հռովմը Իր դատաստանը բերէ այդ ազգին վրայ։ Բարեբախտաբար, Աստուծոյ իրական Իսրայէլը, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը, կանխազգուշացուած էր եւ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ եղողները Յորդանան Գետին անդիի կողմը փախչելով՝ ապահով եղան։—Մատթէոս 24։15, 16. Գաղատացիս 6։16

7. (ա) Երբ իրերու դրութեան վախճանը հասաւ եւ տէրունական օրը սկսաւ, ի՞նչ տեղի պէտք էր ունենար։ (բ) Յայտնութիւն 13։1, 2–ի գազանին եօթներորդ գլուխը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

7 Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան սակայն, այդ սկզբնական ժողովքի անդամներէն շատեր ճշմարտութենէն հեռացան, եւ ճշմարիտ ցորենանման Քրիստոնեաները՝ «թագաւորութեանը որդիներ»ը մեծաւ մասամբ խեղդուեցան որոմներուն՝ «չարին որդիներ»ուն կողմէ։ Բայց երբ իրերու դրութեան վախճանը հասաւ, օծեալ Քրիստոնեաները անգամ մը եւս երեւան եկան որպէս կազմակերպուած խումբ մը։ Տէրունական օրուան ընթացքին, արդարները ‘արեւի պէս պիտի փայլէին’։ Հետեւաբար, քրիստոնէական ժողովքը աշխատանքի համար կազմակերպուեցաւ։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43) Այն ժամանակ, Հռովմէական Կայսրութիւնը ա՛լ գոյութենէ դադրած էր։ Բրիտանական հսկայ Կայսրութիւնը, հզօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ, աշխարհի թատերաբեմին վրայ բարձրացած էր։ Փաստուեցաւ որ այս երկեակ աշխարհակալ ուժը գազանին եօթներորդ գլուխը կը կազմէր։

8. Ինչո՞ւ Անգլօ–Ամերիկեան երկեակ աշխարհակալ ուժը գազանի մը նմանցուած ըլլալը գայթակղեցուցիչ բան մը չէ։

8 Քաղաքական տիրող ուժերը գազանի նմանցնելը գայթակղեցուցիչ բան մը չէ՞։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին կարգ մը հակառակորդներ այդպէս արտայայտուեցան, երբ որպէս կազմակերպութիւն կամ անհատներ Եհովայի Վկաներու իրաւական դրոյթը համայն աշխարհի ատեաններուն մէջ հարցականի տակ դրուեցաւ։ Բայց պահ մը կանգ առէք ու խորհեցէք։ Ազգերը որպէս զինանշան գազաններ կամ վայրի կենդանիներ ընտրած չե՞ն։ Օրինակի համար կայ բրիտանական առիւծը, Ամերիկեան արծիւը, եւ չինական վիշապը։ Ուստի, ինչո՞ւ առարկել, երբ Սուրբ Աստուածաշունչի Հեղինակն ալ գազաններ կը գործածէ աշխարհակալ ուժերը խորհրդանշելու համար։

9. (ա) Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը պէտք չէ առարկէ, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Սատանան է որ գազանին կու տայ անոր ունեցած մեծ իշխանութիւնը։ (բ) Աստուածաշունչին մէջ Սատանան ի՞նչպէս նկարագրուած է, եւ ան ի՞նչ ազդեցութիւն կը բանեցնէ կառավարութիւններուն վրայ։

9 Ասկէ զատ, ինչո՞ւ առարկել, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Սատանան է որ գազանին կու տայ անոր ունեցած մեծ իշխանութիւնը։ Աստուած ի՛նք է այդ խօսքին Հեղինակը եւ իր աչքին առջեւ ‘ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի ու մանր փոշիի պէս’ են։ Այդ ազգերը աւելի լաւ կ’ընեն եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռեն, քան թէ նեղուին որ իր մարգարէական Խօսքը այս կերպով կը նկարագրէ զիրենք։ (Եսայեայ 40։15, 17. Սաղմոս 2։10-12) Սատանան առասպելական անհատ մը չէ որ մեկնող հոգիները դժոխքի կրակին մէջ տանջելու համար նշանակուած է։ Այդպիսի տեղ գոյութիւն չունի։ Այլ, Սուրբ Գրքին մէջ Սատանան նկարագրուած է որպէս «լուսաւոր հրեշտակ»՝ վարպետ խաբող մը, որ քաղաքական ընդհանուր գործերուն մէջ հզօր ազդեցութիւն կը բանեցնէ։—Բ. Կորնթացիս 11։3, 14, 15. Եփեսացիս 6։11-18

10. (ա) Տասը եղջիւրներէն իւրաքանչիւրին վրայ թագ մը ըլլալը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Տասը եղջիւրները եւ տասը թագերը ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

10 Գազանը իր եօթը գլուխներուն վրայ տասը եղջիւր ունի։ Թերեւս չորս գլուխներէն ամէն մէկուն վրայ մէկ եղջիւր կայ, եւ երեք գլուխներէն իւրաքանչիւրին վրայ՝ երկու։ Ասկէ զատ, ան իր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ունէր։ Դանիէլի գրքին մէջն ալ գազաններ նկարագրուած են եւ անոնց եղջիւրներուն թիւը բառացի կը մեկնուի։ Օրինակ, խոյի մը վրայի երկու եղջիւրները կը ներկայացնէր երկու դաշնակիցներէ բաղկացած աշխարհակալ ոյժ մը, Մարաստանը եւ Պարսկաստանը, մինչ քօշի մը վրայի չորս եղջիւրները կը ներկայացնէր Մեծն Աղեքսանդրի Յունական Կայսրութենէն ելած չորս գոյակից կայսրութիւններ։ (Դանիէլ 8։3, 8, 20-22) Սակայն, այնպէս կը թուի թէ Յովհաննէսի տեսած գազանին տասը եղջիւրներուն թիւը այլաբանական է։ (Համեմատել՝ Դանիէլ 7։24. Յայտնութիւն 17։12) Անոնք կը ներկայացնեն Սատանայի քաղաքական կազմակերպութիւնը կազմող ինքնիշխան պետութիւններու ամբողջութիւնը։ Այս բոլոր եղջիւրները վայրագ ու յարձակողական են, բայց ինչպէս ցոյց կը տրուի եօթը գլուխներով, ամէն անգամ միայն մէկ աշխարհակալ ոյժ գլխաւորութիւնը առած է։ Նոյն կերպով, տասը թագերը ցոյց կու տան որ բոլոր ինքնիշխան պետութիւնները այդ ժամանակուան տիրող պետութեան՝ կամ աշխարհակալ ուժին՝ հետ միաժամանակ իշխանութիւն պիտի բանեցնէին։

11. Ի՞նչ կը նշէ այն իրողութիւնը թէ գազանին «գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ» կային։

11 Գազանին «գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային». անիկա այնպիսի բաներ կ’ըսէր որ շատ մեծ յարգանքի պակաս ցոյց կու տար Եհովա Աստուծոյ եւ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ։ Անիկա իր քաղաքական նպատակները իրագործելու համար կեղծաւոր կերպով գործածած է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի անունները. անիկա համագործակցած է սուտ կրօնքին հետ, նոյնիսկ թոյլ տալով որ կղերներ մասնակից ըլլան իր քաղաքական գործերուն։ Զոր օրինակ, Անգլիոյ մէջ Լորտերուն Տունը իր մէջ եպիսկոպոսներ ունի։ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, Կաթողիկէ կարդինալներ քաղաքական աչքառու դերեր խաղցած են եւ աւելի վերջերս, Լատին Ամերիկայի մէջ վարդապետներ քաղաքական պաշտօններ ստանձնած են։ Կառավարութիւններ կրօնական նշանաբաններ կը տպեն իրենց թղթադրամներուն վրայ, ինչպէս՝ «ՄԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՆՔ», իսկ իրենց մետաղադրամներուն վրայ իրենց կառավարիչներուն համար աստուածային հաճութիւնը դաւանող խօսքեր կը կոխեն, որպէս թէ անոնք «Աստուծոյ շնորհքով» նշանակուած ըլլան։ Այս բոլորը սակայն հայհոյութիւններ են, քանի որ կը փորձեն Աստուած իրենց ազգայնամոլ քաղաքական պիղծ կրկէսին մէջ մտցնել։

12. (ա) Գազանին «ծովէն» ելլելը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անիկա ե՞րբ սկսաւ ելլել։ (բ) Ի՞նչ կը նշէ այն իրողութիւնը թէ այլաբանական գազանը վիշապէն առած է իր մեծ իշխանութիւնը։

12 Գազանը «ծովէն» կ’ելլէ. ինչ որ լաւ խորհրդանիշ մըն է խռովայոյզ զանգուածներու, ուրկէ ծագում կ’առնեն մարդկային կառավարութիւնները։ (Եսայեայ 17։12, 13) Այս գազանը Նեբրովթի օրերուն սկսաւ խռովայոյզ մարդկութեան ծովէն դուրս ելլել (շուրջ Հ.Դ.Ա. ԻԱ. դարուն), երբ Եհովայի հակառակ յետ–Ջրհեղեղեան իրերու դրութիւն մը առաջին անգամ մէջտեղ եկաւ։ (Ծննդոց 10։8-12. 11։1-9) Բայց այդ եօթը գլուխներուն վերջինը տէրունական օրուան մէջ էր որ լիովին երեւան եկաւ։ Նաեւ, նկատի առէք որ «վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 4։6) Գազանը՝ մարդկային զանգուածներու մէջ Սատանայի քաղաքական ստեղծագործութիւնն է։ Իրապէս Սատանան է «այս աշխարհին իշխանը»։—Յովհաննու 12։31

Մահացու Վէրքը

13. (ա) Տէրունական օրուան սկիզբը գազանը ի՞նչ չարիքի կը հանդիպի։ (բ) Ամբողջ գազանը ի՞նչպէս տառապեցաւ երբ անոր գլուխներէն մէկը մահացու վէրք մը ստացաւ։

13 Տէրունական օրուան սկիզբը, գազանը չարիքի կը հանդիպի։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս էր, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ [«ու հետեւեցաւ գազանին», Անթիլիաս]»։ (Յայտնութիւն 13։3) Այս համարը կ’ըսէ որ գազանին գլուխներէն մէկը մահացու վէրք մը ստացաւ, բայց 12–րդ համարին համաձայն, կարծես թէ ամբողջ գազանը անկէ ազդուած էր։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Գազանին գլուխներուն բոլորը միեւնոյն ժամանակ տիրապետութեան մէջ չեն։ Ամէն մէկը իր կարգին մարդկութեան, մանաւանդ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ, տիրապետած է։ (Յայտնութիւն 17։10) Արդ, մինչ տէրունական օրը կը սկսի, միայն մէկ գլուխ՝ եօթներորդ գլուխն է որ տիրող աշխարհակալ ուժն է։ Այդ գլուխին վրայ եկած մահացու վէրքը ամբողջ գազանին սաստիկ ցաւ կը պատճառէ։

14. Մահացու վէրքը ե՞րբ տրուեցաւ, եւ զինուորական պաշտօնեայ մը Սատանայի գազանին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

14 Ի՞նչ էր այդ մահացու վէրքը։ Աւելի ետք անոր ակնարկուած է որպէս սուրի վէրք, իսկ սուրը պատերազմ կը խորհրդանշէ։ Տէրունական օրուան սկիզբի շրջանին տրուած սուրի այս վէրքը պէտք է առնչուած ըլլայ Առաջին Աշխարհամարտին, որ Սատանայի քաղաքական գազանը քանդեց եւ չորցուց։ (Յայտնութիւն 6։4, 8. 13։14) Այդ պատերազմին ժամանակ զինուորական պաշտօնեայ եւ գրող՝ Մորիս Ժընէվուա հետեւեալը կ’ըսէ անոր մասին. «Ամէն մարդ համաձայն պիտի գտնուի որ մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջ շատ քիչ թուականներ 2 Օգոստոս 1914–ին չափ կարեւորութիւն ունին։ Նախ Եւրոպան, ապա ամբողջ մարդկութիւնը ինքզինք մխրճուած գտաւ ահաւոր իրադարձութեան մէջ։ Համաձայնութիւններ, դաշինքներ, բարոյական օրէնքներ, բոլոր հիմնարկութիւնները ցնցուեցան. մէկ օրէն միւսը, ամէն բան հարցականի տակ դրուեցաւ։ Այս իրադարձութիւնը բոլոր նախազգացումներէն եւ տրամաբանական նախատեսութիւններէն անդին գնաց։ Այլանդակ, քաոսային, հրէշային, անիկա տակաւին մեզ իր ետեւէն կը քաշէ»։—Մորիս Ժընէվուա, Ֆրանսական Ակադեմիա–ի անդամ. քաղուած՝ Մեծութեան Խոստումը գրքէն (1968)։

15. Գազանին եօթներորդ գլուխը իր մահացու վէրքը ի՞նչպէս ստացաւ։

15 Իշխանութեան վրայ եղող գազանին եօթներորդ գլուխին համար, այդ պատերազմը շատ մեծ աղէտ մըն էր։ Եւրոպական ուրիշ ազգերուն կողքին, Բրիտանիան հսկայական թիւով երիտասարդներ կորսնցուց։ 1916–ին, միայն մէկ կռիւի մէջ՝ Սոմ Գետի Պատերազմին՝ 1,000,000–է աւելի անհատներ մեռան. 420,000 Բրիտանացի, շուրջ 194,000 Ֆրանսացի եւ 440,000 Գերմանացի։ Բրիտանիան, եւրոպական մնացեալ երկիրներուն հետ, տնտեսական գետնի վրայ ալ ցնցուեցաւ։ Բրիտանական հսկայ Կայսրութիւնը սասանեցաւ այդ հարուածին ներքեւ եւ բնաւ ինքզինք լիովին չվերագտաւ։ Արդարեւ այդ պատերազմը, որուն 28 գլխաւոր ազգեր մասնակցեցան, համայն աշխարհը այնպէս մը երերցուց, որպէս թէ մահացու հարուած մը ստացած էր։ 4 Օգոստոս 1979–ին, Առաջին Աշխարհամարտի պայթումէն միայն 65 տարի ետք, Լոնտոնի Տի Իքոնոմիսթ–ը հետեւեալ նշմարը ըրաւ. «1914–ին, աշխարհը միասնականութիւն մը կորսնցուց, որ անկէ ի վեր չէ կրցած վերագտնել»։

16. Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Միացեալ Նահանգները ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ինք աշխարհակալ երկեակ ուժին մաս կը կազմէ։

16 Ասկէ զատ, Մեծ Պատերազմը, ինչպէս կը կոչուէր այն ատեն, ճամբան հարթեց որ Միացեալ Նահանգները որոշապէս Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ուժին մէկ մասը դառնայ։ Պատերազմին առաջին տարիներուն, հանրային կարծիքը Միացեալ Նահանգները այս պայքարէն դուրս ձգած էր։ Բայց ինչպէս գրեց պատմաբան մը՝ Էսմէ Ուինկֆիլտ–Սթրէթֆորտ. «Այս աննման տագնապի պահուն, հարցը այն էր թէ արդեօք Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները իրենց անհամաձայնութիւնները թաղելով, ջախջախիչ միութիւն մը եւ հասարակաց խնամակալութիւն մը մէջտեղ պիտի բերէին թէ ոչ»։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան որ անոնք ըրին ասիկա։ 1917–ին, Միացեալ Նահանգները իր միջոցները եւ զինուորական ուժը ի սպաս դրաւ տատանող Դաշնակիցներու պատերազմի ջանքերուն օգնութեան հասնելու համար։ Այս կերպով, եօթներորդ գլուխը՝ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները՝ յաղթական դուրս եկան։

17. Պատերազմէն ետք Սատանայի երկրային դրութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

17 Պատերազմէն դուրս եկած աշխարհը ամբողջովին տարբեր էր։ Սատանայի երկրային դրութիւնը մահացու վէրք մը ստանալով հանդերձ, վերապրեցաւ եւ առաջուընէ շատ աւելի զօրացաւ, իր վերակազդուրման զօրութեան համար մարդոց կողմէ հիացմունքի արժանանալով։

18. Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ որ մեծաւ մասամբ մարդկութիւնը «զարմացաւ ու հետեւեցաւ գազանին»։

18 Պատմաբան Չարլզ Լ. Մի կրտսեր, կը գրէ. «Հին դրութեան փլուզումը [Ա. Աշխարհամարտի կողմէ պատճառուած] անհրաժեշտ նախերգանք մըն էր ինքնավարութիւնը, նոր ազգերու եւ դասակարգերու ազատութիւնը տարածելու, նոր ազատութեան եւ անկախութեան արտօնութիւն տալու»։ Յետպատերազմեան շրջանի այս զարգացումին մէջ առաջնորդութիւն առաւ գազանին եօթներորդ գլուխը, որ բուժուած էր եւ որուն մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տիրական դեր մը սկսած էր ունենալ։ Աշխարհակալ երկեակ ուժը Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ Միացեալ Ազգերը ջատագովելու մէջ գլուխ անցաւ։ Մինչեւ 2006 թուականը, Մ.Ն. քաղաքական ուժը առաջնակարգ տեղը գրաւած է որպէս երկիր մը որ մեծապէս յառաջդիմած է ապրուստի աւելի բարձր մակարդակ ստեղծելու, հիւանդութեան դէմ պայքարելու եւ արուեստագիտութիւնը յառաջ տանելու մէջ։ Անիկա նոյնիսկ 12 տղամարդիկ լուսնին վրայ քալեցուց։ Ուստի զարմանալի չէ որ մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ «զարմացաւ ու հետեւեցաւ գազանին»։

19. (ա) Մարդկութիւնը ի՞նչպէս գազանին վրայ հիանալէն աւելին ըրած է։ (բ) Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ անվիճելի հեղինակութիւն ունեցողը ո՞վ է եւ ի՞նչպէս գիտենք։ (գ) Սատանան ի՞նչպէս հեղինակութիւն կը շնորհէ գազանին եւ մարդոց մեծամասնութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունենալով։

19 Ինչպէս Յովհաննէս կը նշէ, մարդիկ զարմանալէն աւելին ըրին. «Եւ երկրպագութիւն ըրին վիշապին՝ որ գազանին իշխանութիւն տուաւ։ Երկրպագութիւն ըրին գազանին, ըսելով. ‘Ո՞վ գազանին նման է եւ ո՞վ կրնայ ատոր հետ պատերազմիլ’»։ (Յայտնութիւն 13։4) Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Սատանան դաւանեցաւ որ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ իշխանութիւն ունէր։ Յիսուս չհակաճառեց. իրականութեան մէջ ի՛նք էր որ Սատանան կոչեց այս աշխարհի իշխանը եւ չուզեց իր օրուան քաղաքականութեան մէջ որեւէ մասնակցութիւն ունենալ։ Հետագային Յովհաննէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներու մասին գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19. Ղուկաս 4։5-8. Յովհաննու 6։15. 14։30) Սատանան իշխանութիւն կու տայ գազանին, եւ ասիկա կ’ընէ ազգայնասիրական հիման վրայ։ Հետեւաբար, փոխանակ աստուածպաշտութեան կապով իրարու միացած ըլլալու, մարդկութիւնը տոհմային, ցեղային, եւ ազգային հպարտութեամբ բաժնուած է։ Իրականութեան մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կը պաշտէ գազանին այն մասը որ իրենց ապրած երկրին վրայ իշխանութիւն ունի։ Այս կերպով ամբողջ գազանը հիացմունքի ու պաշտամունքի առարկայ կը դառնայ։

20. (ա) Մարդիկ ի՞նչ առումով գազանը կը պաշտեն։ (բ) Եհովա Աստուած պաշտող Քրիստոնեաները ինչո՞ւ գազանին պաշտամունքին չեն մասնակցիր, եւ որո՞ւ օրինակին կը հետեւին։

20 Ի՞նչ առումով ան կը պաշտուի։ Հայրենիքի սէրը Աստուծոյ սէրէն առաջ դասելով։ Ընդհանրապէս մարդիկ իրենց ծնած երկիրը կը սիրեն։ Որպէս լաւ քաղաքացիներ, ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ իրենց ապրած երկրին կառավարիչները եւ խորհրդանշանները կը յարգեն, օրէնքներուն կը հնազանդին, եւ իրենց համայնքին ու դրացիներուն բարօրութեան կը նպաստեն։ (Հռովմայեցիս 13։1-7. Ա. Պետրոս 2։13-17) Սակայն չեն կրնար բոլոր երկիրներէն միայն մէկուն հանդէպ կոյր նուիրում ցոյց տալ եւ միւս բաները ատել։ Քրիստոնեաներուն ուսուցումը չէ՝ «Իրաւունք ունի կամ ոչ՝ իմ երկիրս է»։ Ուստի, Եհովա Աստուած պաշտող Քրիստոնեաները գազանին որեւէ մէկ մասին սնապարծ հայրենասիրական պաշտամունք չեն տար, քանի որ այս պաշտամունքը վիշապին պիտի երթայ, որմէ գազանը իր իշխանութիւնը կ’առնէ։ Անոնք հիացմունքով չեն հարցներ. «Ո՞վ գազանին նման է»։ Այլ Միքայէլի օրինակին կը հետեւին՝ որուն անունը կը նշանակէ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Նման»՝ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը պաշտպանելով։ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, այս Միքայէլը՝ Քրիստոս Յիսուս, պիտի պատերազմի գազանին հետ եւ անոր պիտի յաղթէ, ինչպէս որ Սատանան երկինքէն վռնտելով կրցաւ անոր յաղթել։—Յայտնութիւն 12։7-9. 19։11, 19-21

Սուրբերուն Դէմ Պատերազմ

21. Յովհաննէսի համաձայն, Սատանան ի՞նչ ընել կու տայ գազանին։

21 Խորամանկ Սատանան իր նպատակներուն հասնելու համար ծրագիրներ պատրաստած էր գազանին համար։ Յովհաննէս կը բացատրէ ասիկա. «Անոր [եօթգլխանի գազանին] մեծ բաներ ու հայհոյութիւններ խօսող բերան տրուեցաւ եւ քառասուներկու ամիս անոր իշխանութիւն տրուեցաւ իր կամքը ընելու։ Իր բերանը հայհոյութեամբ Աստուծոյ դէմ բացաւ, անոր անուան ու անոր խորանին ու երկինքը բնակողներուն հայհոյելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմ ընելու ու անոնց յաղթելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն [եւ ժողովուրդներուն] ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։ Անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն երկրին վրայ բոլոր բնակողները, որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր մորթուած Գառնուկին կենաց գրքին մէջ գրուած չեն»։—Յայտնութիւն 13։5-8

22. (ա) 42 ամիսը ո՞ր ժամանակաշրջանին կ’ակնարկէ։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘յաղթուեցան’ 42 ամսուան ընթացքին։

22 Այնպէս կը թուի թէ հոս յիշուած 42 ամիսը կը համեմատի այն երեքուկէս տարուան, որու ընթացքին սուրբերը Դանիէլի մարգարէութեան մէջ գազաններէն մէկուն բարձրացած եղջիւրին կողմէ պիտի տառապէին։ (Դանիէլ 7։23-25. տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 11։1-4) Հետեւաբար, 1914–ի վերջաւորութենէն մինչեւ 1918–ը, երբ պատերազմող ազգերը բառացիօրէն զիրար կը բզքտէին գազաններու նման, այդ ազգերու քաղաքացիներուն կը պարտադրէին որ պաշտեն գազանը, ազգայնականութեան կրօնքին հետեւին, իրենց երկրին համար մինչեւ իսկ մեռնելու պատրաստ ըլլալով։ Այս ճնշումը շատ մեծ տառապանք բերաւ օծեալներէն շատերուն վրայ, որոնք գիտակից էին որ նախ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն, Քրիստոս Յիսուսի պէտք էր հնազանդէին։ (Գործք 5։29) Անոնց փորձութիւնները գագաթնակէտի մը հասան 1918–ի Յունիսին, երբ ‘յաղթուեցան’։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Դիտարանի Ընկերութեան գլխաւոր պաշտօնեաները եւ ուրիշ ներկայացուցիչներ սխալ ամբաստանութիւններով բանտարկուեցան եւ անոնց Քրիստոնեայ եղբայրներուն կատարած կազմակերպուած քարոզչութիւնը մեծ արգելքներու հանդիպեցաւ։ «Բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ» իշխանութիւն ունենալով, գազանը համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ գործին վրայ արգելք դրաւ։

23. (ա) ‘Գառնուկին կենաց գիրքը’ ի՞նչ է եւ 1918–էն ի վեր, ի՞նչ բան իր վերջին փուլին մէջ մտած է։ (բ) «Սուրբերուն» վրայ Սատանայի տեսանելի կազմակերպութեան տարած երեւութական յաղթանակը ինչո՞ւ անարժէք յաղթանակ մըն է։

23 Այնպէս թուեցաւ թէ Սատանան եւ իր կազմակերպութիւնը յաղթանակ տարած էին։ Բայց ասիկա երկարատեւ օգուտ մը պիտի չբերէր, քանի որ Սատանայի կազմակերպութենէն ոչ մէկուն անունը գրուած էր «Գառնուկին կենաց գրքին մէջ»։ Այլաբանօրէն, այս գիրքը իր մէջ կը պարունակէր անոնց անունները, որոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի հետ պիտի իշխէին։ Անոր մէջ առաջին անունները գրուեցան Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Իսկ անկէ ի վեր, նոր անուններ աւելցած են անոր վրայ։ 1918–էն ի վեր, Թագաւորութեան 144,000 ժառանգորդներու մնացեալ անդամներուն կնքումը իր վերջին փուլին մէջ մտած է։ Շատ շուտով, անոնց բոլորին անունները Գառնուկին կենաց գրքին մէջ անջնջելիօրէն պիտի գրուին։ Իսկ գազանը պաշտող հակառակորդներէն ո՛չ մէկուն անունը այդ գրքին մէջ պիտի գրուի։ Ուստի, «սուրբերուն» վրայ անոնց տարած որեւէ յաղթանակ անարժէք, պարզապէս ժամանակաւոր պիտի ըլլայ։

24. Խորատեսութիւն ունեցողներուն Յովհաննէս ի՞նչ լսել կու տայ եւ լսուած խօսքերը ի՞նչ իմաստ ունին Աստուծոյ ժողովուրդին համար։

24 Արդ, Յովհաննէս հրաւէր կու տայ որ խորատեսութիւն ունեցողները ուշադրութեամբ մտիկ ընեն. «Ով որ ականջ ունի թող լսէ»։ Ապա կը շարունակէ. «Ով որ գերութեան քշէ, ինք գերի պիտի տարուի. ով որ սրով սպաննէ, պէտք է որ ինք սրով սպաննուի։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը»։ (Յայտնութիւն 13։9, 10) Երեմիան ասոր նման խօսքեր գրեց Հ.Դ.Ա. 607–ի նախորդող տարիներուն, ցոյց տալու համար որ անհաւատարիմ Երուսաղէմ քաղաքին վրայ Եհովայի դատաստանները անվարան պիտի գան։ (Երեմեայ 15։2. տես նաեւ՝ Երեմեայ 43։11. Զաքարեայ 11։9) Յիսուս ալ իր մեծ փորձութեան ժամանակ, յստակօրէն ցոյց տուաւ որ իր հետեւորդները զիջումներ պէտք չէ ընէին, ըսելով. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Նոյն կերպով, տէրունական օրուան այս ժամանակին, Աստուծոյ ծառաները Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչած պէտք է մնան։ Գազանը պաշտող անզեղջ երկրպագուներուն համար վերջնական ազատութիւն պիտի չըլլայ։ Բոլորս ալ համբերութեան ու անսասան հաւատքի կարիքը ունինք, որպէսզի մեր դիմաց եղող հալածանքներէն ու փորձութիւններէն վերապրինք։—Եբրայեցիս 10։36-39. 11։6

Երկու Եղջիւրով Գազանը

25. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ աշխարհի թատերաբեմին վրայ բարձրացող ուրիշ գազան մը։ (բ) Նոր գազանին երկու եղջիւրները եւ երկրէն ելլելը ի՞նչ կը նշեն։

25 Արդ, աշխարհի թատերաբեմին վրայ ուրիշ գազան մը կը տեսնուի։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։ Առաջին գազանին իշխանութիւնը կ’օգտագործէր անոր առջեւ ու երկիրը եւ անոր բնակիչները կը ստիպէր, որ երկրպագութիւն ընեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը առողջացաւ։ Մեծ նշաններ կ’ընէր ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէր երկրի վրայ մարդոց առջեւ»։ (Յայտնութիւն 13։11-13) Այս գազանը երկու եղջիւր ունէր, ինչ որ քաղաքական երկու ուժերու դաշնակցութիւն կը նշէ։ Իսկ ասիկա ոչ թէ ծովէն, այլ երկրէն կ’ելլէր։ Հետեւաբար, անիկա Սատանայի արդէն հաստատուած երկրային իրերու դրութենէն կ’ելլէր։ Անիկա արդէն գոյութիւն ունեցող աշխարհակալ ոյժ մը պէտք է ըլլայ, որ տէրունական օրուան ընթացքին յատկանշական դեր մը կը խաղայ։

26. (ա) Երկեղջիւրաւոր գազանը ի՞նչ է, եւ անիկա առաջին գազանին հետ ի՞նչ առնչութիւն ունի։ (բ) Երկեղջիւրաւոր գազանին եղջիւրները ի՞նչ առումով գառնուկի նման են, բայց երբ խօսի, ի՞նչպէս «վիշապի պէս» է։ (գ) Ազգայնամոլ մարդիկ իրապէս ի՞նչ կը պաշտեն եւ ազգայնականութիւնը ի՞նչ բանի նմանցուած է։ (Տես ստորանիշը։)

26 Ասիկա ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ուժը. առաջին գազանին եօթներորդ գլուխը՝ բայց մասնայատուկ դերով մը։ Այս գազանը անջատաբար նկատի առնելը մեզի կ’օգնէ աւելի յստակօրէն տեսնելու թէ անիկա ի՛նչպէս անկախաբար կը գործէ աշխարհի թատերաբեմին վրայ։ Այս այլաբանական երկեղջիւրաւոր գազանը գոյակից, իրարմէ անկախ, բայց համագործակցող երկու քաղաքական ուժերէ բաղկացած է։ Անոր «գառնուկի նման» երկու եղջիւրները կը թելադրէ որ անիկա ինքզինք հեզ եւ անվնաս կը ձեւացնէ, կառավարական լուսաւորուած վարչաձեւ մը ունենալով, որու պէտք է դառնայ ամբողջ աշխարհը։ Բայց անիկա «վիշապի պէս» կը խօսի, այն առումով որ ան ճնշում եւ սպառնալիք՝ նոյնիսկ ուղղակիօրէն բռնութիւն կը բանեցնէ հո՛ն՝ ուր իր իշխանութեան տեսակը ընդունուած չէ։ Անիկա Աստուծոյ Գառնուկին իշխանութեան ներքեւ գտնուող Աստուծոյ Թագաւորութեան հնազանդութիւն չէ քաջալերած, այլ, Սատանայի, մեծ վիշապին շահերը փնտռած է։ Անիկա ազգայնական բաժանումներ եւ ատելութիւն հրահրած է, որոնք առաջին գազանը պաշտելու նպաստած են։ *

27. (ա) Երկեղջիւրաւոր գազանին երկինքէն կրակ իջեցնելը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Շատ մը անհատներ երկեղջիւրաւոր գազանին արդի համանմանը ի՞նչպէս կը նկատեն։

27 Երկու եղջիւր ունեցող այս գազանը մեծ նշաններ կ’ընէ, նոյնիսկ երկինքէն կրակ կ’իջեցնէ։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 7։21-23) Այս վերջին նշանը մեզի կը յիշեցնէ Եղիան, Աստուծոյ երբեմնի մէկ մարգարէն, որ Բահաղի մարգարէներուն հետ հակաճառութեան մէջ ինկաւ։ Երբ ան Եհովայի անունով յաջողեցաւ երկինքէն կրակ իջեցնել, ամէն կասկածէ վեր ապացուցանեց որ ինք ճշմարիտ մարգարէ մըն էր եւ Բահաղի մարգարէները՝ սուտ։ (Գ. Թագաւորաց 18։21-40) Բահաղի մարգարէներուն նման, երկեղջիւրաւոր գազանը կը խորհի որ ինք որպէս մարգարէ բաւարար վարկ ունի։ (Յայտնութիւն 13։14, 15. 19։20) Այո, անիկա կը դաւանի որ համաշխարհային երկու պատերազմներու ընթացքին նուաճած է չարին ուժերը եւ յաղթած է այդպէս կոչուած անաստուած Համայնավարութեան։ Արդարեւ, շատեր երկեղջիւրաւոր գազանին արդի համանմանը կը նկատեն որպէս ազատութեան պահապան եւ նիւթական բաներու աղբիւր։

Գազանին Պատկերը

28. Յովհաննէս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ երկեղջիւրաւոր գազանը այնքան ալ անմեղ չէ, ինչպէս իր գառնուկի նմանող եղջիւրները կը հաւատացնեն։

28 Այս երկեղջիւրաւոր գազանը որ գառնուկի պէս եղջիւրներ ունի, արդեօք երեւոյթին նման անմե՞ղ է։ Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այդ նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի [«շունչ», Անթիլիաս] տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ»։—Յայտնութիւն 13։14, 15

29. (ա) Գազանին պատկերին նպատակը ի՞նչ է եւ այս պատկերը ե՞րբ շինուեցաւ։ (բ) Գազանին պատկերը ինչո՞ւ անկենդան արձան մը չէ։

29 Ի՞նչ է այս «գազանին պատկեր»ը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։ Անոր նպատակն է եօթգլխանի գազանին պաշտամունքը քաջալերել, որու պատկերն է ինք, եւ այս կերպով, գազանին գոյութիւնը յաւերժացնել։ Այս պատկերը շինուած է եօթգլխանի գազանը իր սուրի հարուածէն վերապրելէն ետք, այսինքն՝ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Անիկա անկենդան արձան մը չէ, Դուրա դաշտին մէջ Նաբուգոդոնոսորի կանգնած արձանին նման։ (Դանիէլ 3։1) Երկեղջիւրաւոր գազանը այս պատկերին մէջ կեանքի շունչ կու տայ, որպէսզի պատկերը ապրի եւ աշխարհի պատմութեան մէջ դեր մը ունենայ։

30, 31. (ա) Ըստ պատմութեան, ո՞վ է այս պատկերը։ (բ) Այս պատկերը չպաշտողներէն ոմանք մեռա՞ծ են. բացատրեցէք։

30 Պատմութիւնը կ’օգնէ որ այս պատկերին ինքնութիւնը ճանչնանք. անիկա կազմակերպութիւն մըն է, որ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները առաջարկած, խրախուսած եւ անոր սատար կանգնած են, եւ որ նախ ճանչցուեցաւ որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն։ Աւելի ետք, Յայտնութիւն 17–րդ գլուխին մէջ անիկա տարբեր խորհրդանիշով մը ի յայտ պիտի գայ. որպէս կենդանի ու շնչող կարմիր գազան մը, որ անկախաբար գոյութիւն ունի։ Այս միջազգային մարմինը, ‘կը խօսի’, այն առումով որ սնապարծօրէն կը դաւանի որ ինք միա՛կն է որ կարողութիւն ունի մարդկութեան խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերելու։ Բայց իրականութեան մէջ անիկա վիճաբանութեան վայր մը եղած է, ուր անոր անդամները զիրար կը նախատեն։ Ան կը սպառնայ զրկել, կամ կենդանի մեռել մը դարձնել որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ, որ իր հեղինակութեան երկրպագութիւն չ’ըներ։ Արդարեւ Ազգերու Դաշնակցութիւնը իր մէջէն վտարեց ազգեր, որոնք իր գաղափարախօսութիւններուն չկառչեցան։ Մեծ նեղութեան սկիզբը, գազանին պատկերին զինուորական «եղջիւրները» կործանարար դեր մը պիտի խաղան։—Յայտնութիւն 7։14. 17։8, 16

31 Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր, գազանին պատկերը՝ ներկայիս ի յայտ եկած որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն՝ բառացիօրէն սպաննած է։ Օրինակի համար, 1950–ին, ՄԱԿ–ի ուժերը բաժին բերին Հիւսիսային Քորէայի եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ մղուած պատերազմին մէջ։ Հարաւային Քորէայի հետ ՄԱԿ–ի զինուորները սպաննեցին շուրջ 1,420,000 Հիւսիսային Քորէացիներ եւ Չինացիներ։ Նմանապէս, 1960–էն մինչեւ 1964, Միացեալ Ազգերու բանակներ գործի լծուեցան Քոնկոյի (Քինշասա) մէջ։ Ասկէ զատ, աշխարհի առաջնորդներ, մէջը ըլլալով Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը, շարունակած են հաստատել որ այս պատկերը խաղաղութեան համար մարդուն վերջին եւ լաւագոյն յոյսն է։ Անոնք կը պնդեն որ եթէ մարդիկ անոր չծառայեն, մարդկային ցեղը ինքզինք պիտի կործանէ։ Այս կերպով անոնք այլաբանօրէն պատճառ կ’ըլլան որ պատկերին հետ չհամագործակցող եւ զայն չպաշտող բոլոր մարդիկը սպաննուին։—Բ. Օրինաց 5։8, 9

Գազանին Դրոշմը

32. Ըստ Յովհաննէսի, Սատանան ի՞նչպէս կը ղեկավարէ իր տեսանելի կազմակերպութեան քաղաքական տարրերը, Աստուծոյ կնոջ սերունդին մնացորդին վրայ տառապանք բերելու համար։

32 Արդ, Յովհաննէս կը տեսնէ թէ Սատանան ի՛նչպէս իր տեսանելի կազմակերպութեան քաղաքական տարրերը կը գործածէ, Աստուծոյ կնոջ սերունդին մնացեալ անդամներուն վրայ ծայրագոյն տառապանքը բերելու համար։ (Ծննդոց 3։15) Ան կը շարունակէ «գազան»ը նկարագրել, ըսելով. «Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է»։—Յայտնութիւն 13։16-18

33. (ա) Գազանին անունը ի՞նչ է։ (բ) Վեց թիւը ի՞նչ բանի առնչուած է. բացատրեցէք։

33 Գազանը անուն մը ունի, եւ անոր անունը թիւ մըն է՝ 666։ Վեց թիւը, Եհովայի թշնամիներուն առնչուած թիւ մըն է։ Ռափայի որդիներէն Փղշտացի մարդ մը կար որ «երկայնահասակ» էր եւ որու «մատները վեց վեց» էին։ (Ա. Մնացորդաց 20։6) Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը կանգնեց, որուն լայնութիւնը 6 կանգուն ու բարձրութիւնը 60 կանգուն էր, իր քաղաքական պաշտօնեաները պաշտամունքի մէջ միացնելու համար։ Երբ Աստուծոյ ծառաները մերժեցին ոսկիէ արձանը պաշտել, թագաւորը զիրենք կրակի հնոցին մէջ նետել տուաւ։ (Դանիէլ 3։1-23) Վեց թիւը եօթնէն պակաս է, իսկ եօթը Աստուծոյ աչքին ամբողջութիւն կը ներկայացնէ։ Հետեւաբար՝ երրեակ վեցը շատ ուշագրաւ անկատարութիւն կը ներկայացնէ։

34. (ա) Ի՞նչ կը նշէ այն իրողութիւնը թէ գազանին թիւը «մարդու թիւ է»։ (բ) 666–ը ինչո՞ւ Սատանայի քաղաքական համաշխարհային դրութեան յարմարող անուն մըն է։

34 Անուն մը անհատ մը բնորոշելու կ’օգնէ։ Արդ, այս թիւը ի՞նչպէս կը բնորոշէ գազանը։ Յովհաննէս կ’ըսէ որ անիկա «մարդու մը թիւն է» եւ ոչ թէ հոգեղէն արարածի մը, ուստի անունը կ’օգնէ հաստատելու որ գազանը երկրային է, մարդկային կառավարութիւն կը խորհրդանշէ։ Ճիշդ ինչպէս որ վեց թիւը եօթէն նուազ է, ուրեմն 666–ը՝ երրորդ աստիճանի վեցը՝ շատ յարմար անուն մըն է աշխարհի քաղաքական հսկայական դրութեան համար, որ շատ ողորմելիօրէն Աստուծոյ կատարելութեան չափանիշին գոհացում չի տար։ Աշխարհի քաղաքական գազանը, որ գերագոյն իշխանութիւն կը բանեցնէ, անուն մը ունի որ թիւ մըն է՝ 666. քաղաքական, կրօնական եւ վաճառականական մեծ դրութիւններ կը նպաստեն որ այդ գազանը շարունակէ մարդկութիւնը հարստահարել ու Աստուծոյ ծառաները հալածել։

35. Գազանին անունը ճակատներուն ու աջ ձեռքին վրայ ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։

35 Ճակատին կամ աջ ձեռքին վրայ գազանին անունը կրող դրոշմը ընդունիլ ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ Եհովան Իսրայէլի Օրէնքը տուաւ, անոնց ըսաւ. «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատանոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան»։ (Բ. Օրինաց 11։18) Ասիկա կը նշանակէր որ Իսրայելացիները այդ Օրէնքը միշտ իրենց առջեւ պէտք էր ունենային, որպէսզի անիկա իրենց բոլոր արարքներուն ու խորհուրդներուն ազդէր։ 144,000–ին համար ըսուած է որ անոնք Հօրը անունը եւ Յիսուսի անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած ունին։ Ասիկա զիրենք կը բնորոշէ որպէս Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի պատկանողներ։ (Յայտնութիւն 14։1) Սատանան ալ ասիկա ընդօրինակելով, գազանին դիւային դրոշմը կը գործածէ։ Առօրեայ բնական գործունէութիւններու մէջ, ինչպէս՝ գնել եւ ծախել, մարդոց վրայ ճնշում կը բանեցուի որ գազանին ըրած կերպով ընեն, զոր օրինակ, տօները պահելով։ Անոնցմէ կ’ակնկալուի որ գազանը պաշտեն, թոյլ տալով որ անիկա իրենց կեանքը ղեկավարէ, որպէսզի անոր դրոշմը ստանան։

36. Գազանին դրոշմը ընդունիլը մերժողները ի՞նչ խնդիրներ դիմագրաւած են։

36 Գազանին դրոշմը ընդունիլը մերժողները միշտ խնդիրներու հանդիպած են։ Օրինակի համար, 1930–ական թուականներէն սկսեալ, անոնք բազմաթիւ դատերու մէջ մտած եւ խուժանային վայրագ յարձակումներու ենթարկուած եւ ուրիշ հալածանքներ կրած են։ Ամբողջատիրական երկիրներու մէջ, անոնք կեդրոնացման ճամբարներու մէջ նետուած են, ուր շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցած են։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ի վեր, անհամար երիտասարդներ երկար տարիներու բանտարկութեան ենթարկուած են, ոմանք նոյնիսկ չարչարուած ու սպաննուած են, քանի որ մերժած են իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան մէջ զիջումներ ընել։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, Քրիստոնեաները բառացիօրէն չեն կրնար գնել կամ ծախել. ոմանք չեն կրնար ստացուածք ունենալ. ուրիշներ կը բռնաբարուին, կը սպաննուին կամ իրենց ծննդավայրէն կը վռնտուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց խիղճը չի ներեր որ քաղաքական կուսակցութեան մը քարտերը գնեն։ *Յովհաննու 17։16

37, 38. (ա) Գազանին դրոշմը մերժողներուն համար աշխարհի մէջ ապրիլը ինչո՞ւ դժուար է։ (բ) Որո՞նք իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն եւ ի՞նչ ընել վճռած են։

37 Երկրի կարգ մը մասերուն մէջ, կրօնքը ա՛յնքան ներթափանցած է համայնքին կեանքին մէջ, որ ոեւէ մէկը որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պաշտպանէ, ընտանիքին եւ նախկին բարեկամներուն կողմէ կը մերժուի։ Տոկալու համար շատ մեծ հաւատք կը պահանջուի։ (Մատթէոս 10։36-38. 17։21) Աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը նիւթական հարստութիւնը կը պաշտէ եւ ուր անպարկեշտութիւնը վերելքի մէջ է, ճշմարիտ Քրիստոնեան ուղիղ ընթացք մը պահելու համար յաճախ ամբողջ սրտով պէտք է վստահ ըլլայ որ Եհովան իրեն նեցուկ պիտի կանգնի։ (Սաղմոս 11։7. Եբրայեցիս 13։18) Անբարոյութեան մէջ մխրճուած աշխարհի մը մէջ, մաքուր եւ անբիծ մնալու համար մեծ վճռականութիւն կը պահանջուի։ Քրիստոնեաներ որոնք կը հիւանդանան, յաճախ բժիշկներու ու հիւանդապահներու կողմէ մեծ ճնշումի կ’ենթարկուին, որպէսզի արեան սրբութեան նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը բեկանեն. անոնք նոյնիսկ կը հարկադրուին իրենց հաւատքին հակառակող դատական վճիռներու ընդդիմանալ։ (Գործք 15։28, 29. Ա. Պետրոս 4։3, 4) Իսկ գործազրկութեան այս օրերուն, ճշմարիտ Քրիստոնեայի մը համար հետզհետէ աւելի դժուար կ’ըլլայ խուսափիլ այն գործերէն, որ Աստուծոյ առջեւ իր ուղղամտութեան մէջ համակերպումներ ընել կը պահանջեն։—Միքիայ 4։3, 5

38 Այո, գազանին դրոշմը չունեցողներուն համար, այս աշխարհի մէջ ապրիլը դժուար է։ Իրապէս Եհովայի զօրութեան եւ օրհնութեան շնորհիւ է որ կնոջ սերունդին մնացորդը եւ վեց միլիոնէ աւելի եղող մեծ բազմութեան անդամները իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն, հակառակ Աստուծոյ օրէնքները բեկանել տալու բազմաթիւ ճնշումներուն։ (Յայտնութիւն 7։9) Համայն երկրի վրայ, թող որ բոլորս միակամօրէն շարունակենք Եհովան եւ իր արդար ճամբաները պանծացնել, մինչ կը մերժենք գազանին դրոշմը ընդունիլ։—Սաղմոս 34։1-3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք տեսնել՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրքին 165-179–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 5 Սբ. Յովհաննէսի Յայտնութիւն Գրքին Մեկնաբանութիւնը, Ռ. Չ. Հ. Լենսգիի կողմէ, էջ 390-391։

^ պարբ. 26 Մեկնաբաններ նշած են որ ազգայնականութիւնը արդարեւ կրօնք մըն է։ Հետեւաբար, ազգայնամոլ անհատներ իրապէս կը պաշտեն գազանին այն հատուածը, որ իրենց ապրած երկրով ներկայացուած է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգայնականութեան մասին կը կարդանք. «Ազգայնականութիւնը, որ կրօնքի մը պէս նկատուած է, անցեալի մեծ կրօնքներու դրութեան հետ հասարակաց շատ բան ունի . . . Ներկայիս, ազգայնամոլութիւնը կրօնքի վերածած անհատ մը, իր ազգային աստուծմէ կախեալ կը զգայ։ Ան Իր հզօր զօրութեան կարիքը կը զգայ։ Ան կը գիտակցի որ իր կատարելագործութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը Ինքն է։ Անոր կ’ենթարկուի, բացարձակ կրօնական առումով։ . . . Անոնց ըմբռնումով ազգը յաւիտենական է եւ անոր հաւատարիմ որդիներուն մահը, միայն անոր անմահ համբաւը եւ փառքը կ’աւելցնէ»։—Գարլթըն Ժ. Ֆ. Հէյզ. մէջբերուած Ամերիկացիները Ի՛նչի կը Հաւատան եւ Ի՛նչպէս կը Պաշտեն գրքին էջ 359–էն, որուն հեղինակն է՝ Ժ. Փօլ Ուիլիըմզ։

^ պարբ. 36 Տես՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1971, էջ 520. 15 Յունիս 1974, էջ 373. 1 Յունիս 1975, էջ 341. 1 Փետրուար 1979, էջ 23. 1 Յունիս 1979, էջ 20. 15 Մայիս 1980, էջ 10 (Անգլերէն)։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 195]

Գազանին պատկերին շունչ տալու իշխանութիւն տրուեցաւ անոր