Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ Արմագեդոնին

Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ Արմագեդոնին

Գլուխ 39

Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ Արմագեդոնին

Տեսիլք 13—Յայտնութիւն 19։11-21

Նիւթ. Յիսուս երկնային զօրքերը կ’առաջնորդէ, Սատանայի իրերու դրութիւնը կործանելու համար

Կատարման ժամանակ. Մեծն Բաբելոնի կործանումէն ետք

1. Արմագեդոնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ բան կ’առաջնորդէ անոր։

 ԱՐՄԱԳԵԴՈՆ. շատերը սարսափեցնող բառ մը։ Բայց արդարութիւնը սիրողներուն համար, անիկա կը նշանակէ երկար ատենէ սպասուած օրը, երբ Եհովա ազգերուն վրայ իր վերջնական դատաստանը պիտի գործադրէ։ Անիկա մարդու պատերազմ չէ, այլ՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը. երկրի կառավարիչներու դէմ իր վրէժխնդրութեան օրը։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. Եզեկիէլ 25։17) Մեծն Բաբելոնի ամայացումով, մեծ նեղութիւնը արդէն սկսած պիտի ըլլայ։ Ապա, Սատանայի կողմէ դրդուած, կարմիր գազանը եւ անոր տասը եղջիւրները, իրենց յարձակումը պիտի կեդրոնացնեն Եհովայի ժողովուրդին վրայ։ Բանսարկուն որեւէ ժամանակէ աւելի կատղած ըլլալով Աստուծոյ կնանման կազմակերպութեան դէմ, վճռած է իր ձեռքին տակ եղող գործիքները գործածել, վերջնական պատերազմ մղելու համար կնոջ սերունդին մնացեալ անդամներուն դէմ։ (Յայտնութիւն 12։17) Ասիկա Սատանայի վերջին պատեհութիւնն է։

2. Մագոգի Գոգը ո՞վ է, եւ Եհովա ի՞նչպէս կը դրդէ զինք որ Իր ժողովուրդին վրայ յարձակի։

2 Բանսարկուին վայրագ յարձակումը վառ կերպով նկարագրուած է Եզեկիէլ 38–րդ գլուխին մէջ։ Հոն՝ նուաստացած Սատանան կոչուած է ‘Մագոգի երկրին Գոգը’։ Եհովա այլաբանական կարթեր կը դնէ Գոգի կզակին, մղելով որ ան եւ իր անհամար զօրքերը յարձակում գործեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ընէ։ Ինք պատճառ ըլլալով որ Գոգը Իր Վկաները նկատէ որպէս «ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը [«կեդրոնը», ՆԱ] բնակող» անպաշտպան ժողովուրդ մը։ Անոնք երկրին թատերաբեմին կեդրոնը կը գտնուին, որպէս միակ ժողովուրդը որ մերժած է գազանը ու անոր պատկերը պաշտել։ Անոնց հոգեւոր զօրութիւնը եւ բարգաւաճութիւնը կը կատղեցնէ Գոգը։ Ուստի, Գոգ եւ իր անհամար զօրքերը ծովէն ելլող տասը եղջիւրաւոր գազանին հետ, հոծ բազմութեամբ կը յարձակին՝ բնաջնջելու համար։ Սակայն, Մեծն Բաբելոնին հակառակը, Աստուծոյ մաքուր ժողովուրդը աստուածային պաշտպանութիւնը կը վայելէ։—Եզեկիէլ 38։1, 2, 4, 11, 12, 15. Յայտնութիւն 13։1

3. Եհովա ի՞նչպէս կը ձերբազատուի Գոգի զօրքերէն։

3 Եհովա ի՞նչպէս կը ձերբազատուի Գոգէն եւ անոր հոծ բազմութենէն։ Մտի՛կ ըրէք. «Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ»։ Բայց այդ կռիւին մէջ, ո՛չ կորիզային եւ ոչ ալ սովորական զէնքերը բանի մը պիտի ծառայեն, քանի որ Եհովա կ’ըսէ. «Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղամ։ Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը»։—Եզեկիէլ 38։21-23. 39։11. համեմատել՝ Յեսուայ 10։8-14. Դատաւորաց 7։19-22. Բ. Մնացորդաց 20։15, 22-24. Յոբայ 38։22, 23

Ան որ «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը Կոչուի»

4. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ պատերազմի համար կազմ ու պատրաստ եղող Յիսուս Քրիստոսը։

4 Եհովա սուր կը կանչէ։ Այս սուրը ո՞վ կը ճօճէ։ Յայտնութիւն գրքին դառնալով ասոր պատասխանը պիտի գտնենք ոգեցունց ուրիշ տեսիլքի մը մէջ։ Յովհաննէսի աչքերուն առջեւ, երկինք կը բացուի իրապէս ահարկու բան մը յայտնելու համար. Յիսուս Քրիստոս կազմ ու պատրաստ՝ պատերազմի համար։ Յովհաննէս կը պատմէ. «Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային»։—Յայտնութիւն 19։11, 12ա

5, 6. Ի՞նչ կը ներկայացնէ (ա) «ճերմակ ձի»ն. (բ) «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ» անունը. (գ) «կրակի բոցի պէս» աչքերը. (դ) «շատ թագերը»։

5 Ինչպէս չորս ձիաւորներու նախկին տեսիլքին մէջ, այս «ճերմակ ձի»ն տեղին ըլլալով արդար պատերազմ կը խորհրդանշէ։ (Յայտնութիւն 6։2) Իսկ Աստուծոյ որդիներէն ո՞վ աւելի արդար կրնայ ըլլալ քան այս հզօր Ռազմիկը։ Քանի որ ան «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի», ուրեմն ան պէտք է ըլլայ «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան»՝ Յիսուս Քրիստոսը։ (Յայտնութիւն 3։14) Ան կը պատերազմի, որպէսզի Եհովայի արդար դատաստանները գործադրէ։ Հետեւաբար, ան որպէս Եհովայի նշանակած Դատաւորը, «Հզօր Աստուած» հանգամանքով կը գործէ։ (Եսայեայ 9։6) Անոր աչքերը վախազդու են, «կրակի բոցի պէս», իր թշնամիներուն մօտալուտ կրակոտ կործանումին վրայ սեւեռած։

6 Այս Ռազմիկ Թագաւորին գլխուն վրայ շատ թագեր կան։ Ծովէն ելլող գազանը, զոր Յովհաննէս տեսաւ, տասը թագ ունէր, որ կը պատկերացնէր երկրային թատերաբեմին վրայ իր ունեցած ժամանակաւոր իշխանութիւնը։ (Յայտնութիւն 13։1) Բայց Յիսուս «շատ թագեր» ունի։ Իր փառաւոր իշխանութիւնը անզուգական է, քանի որ ան «թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէր»ն է։—Ա. Տիմոթէոս 6։15

7. Յիսուս իր վրայ ի՞նչ անուն կը կրէ։

7 Յովհաննէս կը շարունակէ նկարագրել. «Գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք»։ (Յայտնութիւն 19։12բ) Աստուածաշունչը Աստուծոյ Որդւոյն արդէն կարգ մը անուններ տուած է, ինչպէս՝ Յիսուս, Էմմանուէլ եւ Միքայէլ։ Բայց այնպէս կը թուի թէ այս չյիշուած «անուն»ը տէրունական օրուան ընթացքին Յիսուսի դիրքին եւ վայելած առանձնաշնորհումներուն կ’ակնարկէ։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 2։17) Եսային Յիսուսը նկարագրելով 1914–էն ասդին, կ’ըսէ. «Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան»։ (Եսայեայ 9։6) Պօղոս առաքեալ Յիսուսի անունը կապեց Իր ծառայութեան շատ բարձր առանձնաշնորհումներուն հետ, երբ գրեց. «Աստուած ալ զանիկա [Յիսուսը] խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն»։—Փիլիպպեցիս 2։9, 10

8. Ինչո՞ւ միայն Յիսուս գիտէ գրուած անունը, եւ ան իր վեհաշուք առանձնաշնորհումներէն ոմանք որո՞նց հետ կը բաժնէ։

8 Յիսուսի վայելած առանձնաշնորհումները անզուգական են։ Եհովայէ զատ, միայն Յիսուս կրնայ ըմբռնել այդ բարձր դիրքին իմաստը։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 11։27) Հետեւաբար, Աստուծոյ բոլոր արարածներուն մէջ, միայն Յիսուս կրնայ լիովին գնահատել այդ անունը։ Սակայն, Յիսուս իր հարսն ալ միջամուխ կ’ընէ այս առանձնաշնորհումներէն ոմանց։ Ուստի, հետեւեալը կը խոստանայ. «Ան որ կը յաղթէ, . . . անոր վրայ . . . պիտի գրեմ . . . իմ նոր անունս»։—Յայտնութիւն 3։12

9. Ի՞նչ կը նշէ (ա) Յիսուսի հագած «արիւնով ներկուած հանդերձ»ը. (բ) Յիսուսի «Բանն Աստուծոյ» կոչուիլը։

9 Յովհաննէս կ’աւելցնէ. «Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր»։ (Յայտնութիւն 19։13) Որո՞ւ «արիւն»ն է ասիկա։ Անիկա Յիսուսի արիւնը կրնայ ըլլալ, որ մարդկութեան ի նպաստ թափեց։ (Յայտնութիւն 1։5) Բայց այս պատկերին մէջ, անիկա հաւանաբար կ’ակնարկէ իր թշնամիներուն արիւնին, որ պիտի թափուի, երբ անոնց վրայ Եհովայի դատաստանները գործադրուին։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ նախկին տեսիլք մը, որու մէջ երկրի այգիին ողկոյզները կը քաղուին ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ կը կոխուին, մինչեւ որ արիւնը «ձիերուն սանձերը» կը հասնի, խորհրդանշելով Աստուծոյ թշնամիներուն վրայ տարուած մեծ յաղթանակ մը։ (Յայտնութիւն 14։18-20) Նմանապէս, արիւնով ներկուած Յիսուսի հանդերձը կը հաստատէ, որ անոր յաղթանակը վճռական ու ամբողջական է։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 63։1-6) Յովհաննէս հոս անգամ մը եւս կը յիշէ անուն մը որ Յիսուսի տրուած է։ Բայց այս անգամ հանրածանօթ անուն մըն է՝ «Բանն Աստուծոյ», այս Ռազմիկ Թագաւորը բնորոշելով որպէս Եհովայի Գլխաւոր Բանբերը եւ ճշմարտութեան Ախոյեանը։—Յովհաննու 1։1. Յայտնութիւն 1։1

Յիսուսի Ռազմակիցները

10, 11. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուս առանձին չէ պատերազմին մէջ։ (բ) Ձիերուն ճերմակ ըլլալը եւ հեծեալներուն «ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ» հագուած ըլլալը ի՞նչ կը ներկայացնեն։ (գ) Երկնային «զօրքերը» որոնցմէ՞ բաղկացած են։

10 Յիսուս այս պատերազմը առանձին չի մղեր։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած»։ (Յայտնութիւն 19։14) Ձիերուն «ճերմակ» ըլլալը՝ արդար պատերազմ կը նշէ։ «Բեհեզներ»ը շատ կը յարմարին Թագաւորին հեծեալներուն. իսկ անոնց պսպղուն ճերմկութիւնը կը նշէ որ անոնք անարատ ու արդար կեցուածք մը ունին Եհովայի առջեւ։ Արդ, այս «զօրքերը» որոնցմէ՞ բաղկացած են։ Անկասկած անոնց մէջ կան սուրբ հրեշտակները։ Տէրունական օրուան սկիզբն էր որ Միքայէլ ու իր հրեշտակները երկինքէն վար նետեցին Սատանան ու անոր դեւերը։ (Յայտնութիւն 12։7-9) Ասկէ զատ, ‘բոլոր հրեշտակները’ Յիսուսի պիտի ծառայեն, երբ ան իր փառաւոր աթոռին վրայ նստած, երկրի ազգերը ու ժողովուրդը դատէ։ (Մատթէոս 25։31, 32) Վճռական պատերազմին, երբ Աստուծոյ դատաստանները վերջնականօրէն գործադրուին, հրեշտակները դարձեալ պիտի ընկերակցին Յիսուսի։

11 Ուրիշներ ալ պիտի գտնուին անոնց մէջ։ Երբ Թիւատիրի ժողովքին իր պատգամը կը ղրկէր, Յիսուս խոստացաւ. «Ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, (եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին.) ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի»։ (Յայտնութիւն 2։26-28ա) Երբ ժամանակը գայ, անկասկած Քրիստոսի եղբայրները որոնք արդէն երկինք կը գտնուին, ազգերն ու ժողովուրդները այդ երկաթէ գաւազանով հովուելու պիտի մասնակցին։

12. (ա) Աստուծոյ երկրային ծառաները Արմագեդոնի պատերազմին պիտի մասնակցի՞ն։ (բ) Երկրի վրայ Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ կերպով միջամուխ պիտի ըլլայ Արմագեդոնին։

12 Իսկ Աստուծոյ երկրային ծառաները ի՞նչ պիտի ընեն։ Արմագեդոնի պատերազմին մէջ, ո՛չ Յովհաննէս դասակարգը, ո՛չ ալ անոր հաւատարիմ ընկերակիցները՝ բոլոր ազգերէն Եհովայի պաշտամունքի հոգեւոր տունը խուժող մարդիկը, որեւէ գործօն մասնակցութիւն պիտի ունենան։ Այս խաղաղասէր մարդիկը արդէն իրենց սուրերը խոփերու վերածած են։ (Եսայեայ 2։2-4) Այսուհանդերձ, անոնք միջամուխ կ’ըլլան անոր։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, Գոգը եւ իրեն հետ եղող բազմութիւնը Եհովայի երեւութապէս անպաշտպան ժողովուրդին վրայ կատաղիօրէն պիտի յարձակին։ Եհովայի Ռազմիկ Թագաւորին համար ասիկա որպէս ազդանշան պիտի ծառայէ, որպէսզի երկնային զօրքերուն օգնութեամբ այդ ազգերը բնաջնջելու պատերազմին ձեռնարկէ։ (Եզեկիէլ 39։6, 7, 11. համեմատել՝ Դանիէլ 11։44–12։1) Որպէս հանդիսատեսներ, երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաները սուր հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին այս պատերազմին։ Անոնց համար Արմագեդոնը փրկութիւն պիտի նշանակէ. անոնք Եհովայի ջատագովման մեծ պատերազմին ականատես եղած ըլլալով, յաւիտեան պիտի ապրին։

13. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովայի Վկաները կառավարութիւններու դէմ չեն։

13 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովայի Վկաները կառավարութիւններուն դէմ են։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնք կը հնազանդին Պօղոս առաքեալի խրատին. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ Անոնք կը գիտակցին որ այդքան ատեն որ ներկայ դրութիւնը կը գոյատեւէ, ‘մեր վրայ եղած իշխանութիւնները’ Աստուծոյ արտօնութեամբ կը մնան, որպէսզի մարդկային ընկերութեան մէջ որոշ չափով կարգ ու կանոնը պահեն։ Անոր համար Եհովայի Վկաները իրենց տուրքերը կը վճարեն, օրէնքներուն կը հնազանդին, երթեւեկի կանոնները կը յարգեն, կառավարական արձանագրութիւններուն կ’ենթարկուին, եւայլն։ (Հռովմայեցիս 13։1, 6, 7) Ասկէ զատ, անոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կը հետեւին՝ ճշմարտախօս եւ պարկեշտ ըլլալով, դրացիական սէր ցոյց տալով, զօրաւոր ու բարոյասէր ընտանեկան միութիւն մը կազմելով, եւ իրենց զաւակները մարզելով, որպէսզի օրինակելի քաղաքացիներ ըլլան։ Այս կերպով, անոնք ոչ միայն «զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին» կու տան, այլ նաեւ՝ «զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ»։ (Ղուկաս 20։25. Ա. Պետրոս 2։13-17) Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ որ այս աշխարհի կառավարական հեղինակութիւնները ժամանակաւոր են, Եհովայի Վկաները հիմակուընէ կը պատրաստուին աւելի լեցուն, իսկական կեանքին համար, որ շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլայ Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Թէեւ անոնք որեւէ կերպով պիտի չմասնակցին այս աշխարհի հեղինակութիւնները տապալելու, բայց Վկաները, Արմագեդոնին Եհովայի գործադրելիք դատաստաններու մասին Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ըսածները, երկիւղածութեամբ կը դիտեն։—Եսայեայ 26։20, 21. Եբրայեցիս 12։28, 29

Դէպի Վերջնական Պատերազմ

14. Յիսուսի բերնէն ելած «սրած սուր»ը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

14 Յիսուս ի՞նչ հեղինակութեամբ իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ։ Յովհաննէս կ’ըսէ մեզի. «Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք»։ (Յայտնութիւն 19։15ա) Այդ «սրած սուր»ը կը ներկայացնէ, Աստուծոյ Թագաւորութեան նեցուկ չկանգնողները կոտորելու հրամանը տալու համար, Յիսուսի ունեցած աստուածատուր հեղինակութիւնը։ (Յայտնութիւն 1։16. 2։16) Այս վառ խորհրդանշումները կը համեմատին Եսայիի խօսքերուն հետ. «[Եհովա] իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։ Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց, զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ»։ (Եսայեայ 49։2) Հոս Եսային կը պատկերացնէր Յիսուսը, որ Աստուծոյ դատաստանները կը ծանուցանէ եւ զանոնք կը գործադրէ անվրէպ նետի մը նման։

15. Այս հանգրուանին, ո՞վ արդէն քօղազերծուած ու դատուած պիտի ըլլայ, ի՞նչ բանի սկիզբը նշելով։

15 Երբ այս հանգրուանին հասնի, Յիսուս արդէն կատարած պիտի ըլլայ Պօղոսի հետեւեալ խօսքերը. «Ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին [«ներկայութեան», ՆԱ] յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ»։ Այո, Յիսուսի ներկայութիւնը (Յունարէն՝ բա·րու·սիա) ցոյց տրուած է 1914–էն ի վեր, անօրէնին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն քօղազերծումով եւ դատումով։ Այդ ներկայութիւնը ուշագրաւօրէն յայտնի պիտի ըլլայ, երբ կարմիր գազանին տասը եղջիւրները այդ դատաստանը ի գործ դնեն եւ աւերեն Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերը։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1-3, 8) Անով պիտի սկսի մեծ նեղութիւնը։ Անկէ ետք, Յիսուս իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ Սատանայի կազմակերպութեան մնացեալ մասերուն, մարգարէութեան հետ քայլ պահելով. «Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ»։—Եսայեայ 11։4

16. Սաղմոսները եւ Երեմիան ի՞նչպէս կը նկարագրեն Եհովայի նշանակած Ռազմիկ Թագաւորին դերը։

16 Եհովայի կողմէ նշանակուած Ռազմիկ Թագաւորը ողջ մնալիք անհատները եւ մեռնելու արժանի եղողները իրարմէ պիտի զատէ։ Եհովա, մարգարէաբար խօսելով Իր Որդիին, կ’ըսէ. «Զանոնք [երկրի կառավարիչները] երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ Իսկ Երեմիա իր խօսքը կ’ուղղէ այսպիսի ապականած կառավարական առաջնորդներու եւ անոնց հաճոյակատարներուն, ըսելով. «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք, ո՛վ հօտին ընտիրները. վասն զի ձեր մորթուելու եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը լրացած են, ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք»։ Ամբարիշտ աշխարհին աչքին այս կառավարիչները որքան ալ փափաքելի թուած ըլլան, Թագաւորին երկաթէ գաւազանին մէկ հարուածը պիտի փշրէ զանոնք, գեղեցիկ աման մը կոտրտելու նման։ Ատիկա Տէր Յիսուսի մասին Դաւիթի մարգարէացածին նման պիտի ըլլայ. «Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։ Տէրը քու աջ կողմդ է, անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։ Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ, մեռելներով պիտի լեցնէ»։—Սաղմոս 2։9, 12. 83։17, 18. 110։1, 2, 5, 6. Երեմեայ 25։34

17. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Ռազմիկ Թագաւորին դատաստանի գործադրութիւնը։ (բ) Կարգ մը մարգարէութիւններ թուեցէք, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ բարկութեան օրը ո՜րքան աղիտաբեր պիտի ըլլայ ազգերուն համար։

17 Այս հզօր Ռազմիկ Թագաւորը դարձեալ կը յայտնուի տեսիլքին յաջորդ արարին մէջ. «Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ»։ (Յայտնութիւն 19։15բ) Նախկին տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս արդէն տեսած էր ‘Աստուծոյ բարկութեան հնձանին’ կոխուիլը։ (Յայտնութիւն 14։18-20) Եսային ալ կը նկարագրէ դատաստանի գործադրութեան հնձան մը, եւ ուրիշ մարգարէներ կը բացատրեն թէ Աստուծոյ բարկութեան օրը ո՜րքան աղիտաբեր պիտի ըլլայ ազգերուն համար։—Եսայեայ 24։1-6. 63։1-4. Երեմեայ 25։30-33. Դանիէլ 2։44. Սոփոնեայ 3։8. Զաքարեայ 14։3, 12, 13. Յայտնութիւն 6։15-17

18. Յովէլ մարգարէն ի՞նչ կը յայտնէ բոլոր ազգերուն վրայ Եհովայի դատաստանին մասին։

18 Յովէլ մարգարէն հնձանը կը կապէ «բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար» Եհովայի գալուն հետ։ Եհովան է որ անկասկած իր ընկերակից Դատաւորին՝ Յիսուսի ու անոր երկնային զօրքերուն կու տայ հետեւեալ հրամանը. «Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։ Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, աւազանները կը յորդին. քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։ Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, երկինք ու երկիր պիտի սարսին, բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»։—Յովելեայ 3։12-17

19. (ա) Ա. Պետրոս 4։17–ի մէջ ուղղուած հարցումը ի՞նչպէս պիտի պատասխանուի։ (բ) Յիսուսի պատմուճանին վրայ ի՞նչ անուն գրուած է, եւ ի՞նչպէս պիտի փաստուի որ ասիկա տեղին է։

19 Անիկա արդարեւ դատաստանի օր մը պիտի ըլլայ անհնազանդ ազգերուն ու մարդոց համար, բայց ազատագրութեան օր մը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք Եհովայի եւ իր Ռազմիկ Թագաւորին ապաւինեցան։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) 1918–ին Աստուծոյ տունէն սկսած դատաստանը իր գագաթնակէտին հասած պիտի ըլլայ, պատասխան մը հայթայթելով Ա. Պետրոս 4։17–ի հարցումին. «Անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր»։ Փառաւոր Յաղթականը, հնձանը վերջնականապէս կոխկռտած պիտի ըլլայ, ցոյց տալով որ ինքն է այն մեծարուած Անձնաւորութիւնը, որու մասին Յովհաննէս կ’ըսէ. «Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. ‘Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց’»։ (Յայտնութիւն 19։16) Ան երկրային կառավարիչներէն, կամ մարդկային թագաւորէ մը կամ տէրէ մը շատ աւելի հզօր ըլլալը փաստած է։ Անոր վեհութիւնը եւ շքեղութիւնը գերազանց է։ Ան «ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար» ձիավարած ու յաւերժ յաղթած է։ (Սաղմոս 45։4) Արիւնով ներկուած իր հանդերձին վրայ գրուած է այն անունը զոր Գերիշխան Տէր Եհովա իրեն տուած է, որու Ջատագովն է ինք։

Աստուծոյ Մեծ Ընթրիքը

20. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ «Աստուծոյ մեծ ընթրիք»ը, եւ ասիկա երբեմնի բայց նոյնանման ի՞նչ մարգարէութիւն կը յիշեցնէ։

20 Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, Գոգի բազմութիւններուն կործանումէն ետք, թռչունները եւ վայրի անասունները կոչունքի հրաւիրուած են։ Անոնք Եհովայի թշնամիներուն դիակները ուտելով, բնանկարը կը մաքրեն։ (Եզեկիէլ 39։11, 17-20) Յովհաննէսի յաջորդ խօսքերը վառ կերպով կը յիշեցնեն այդ նախկին մարգարէութիւնը. «Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. ‘Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին հաւաքուեցէ՛ք որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն’»։—Յայտնութիւն 19։17, 18

21. Ի՞նչ կը նշէ (ա) հրեշտակին ‘արեւուն մէջ կայնիլը’. (բ) մեռելներուն երկրի երեսին վրայ ձգուած ըլլալը. (գ) գետին փռուած դիակներուն ցանկը. (դ) «Աստուծոյ մեծ ընթրիք» արտայայտութիւնը։

21 Հրեշտակը «արեւին մէջ կայներ էր». գերակշիռ դիրք մը՝ թռչուններուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Ան կը հրաւիրէ զանոնք, որպէսզի Ռազմիկ Թագաւորին եւ իր երկնային զօրքերուն կողմէ սպաննուածներուն մարմինները ուտելով յղփանան։ Իսկ մեռելներուն երկրի երեսին վրայ ձգուած ըլլալը կը նշէ որ անոնք ամօթալի կերպով պիտի մեռնին։ Վաղեմի Յեզաբէլին նման, պատուական թաղում մը պիտի չունենան։ (Դ. Թագաւորաց 9։36, 37) Հոն փռուած դիակներուն ցանկը ցոյց կու տայ կործանումին տարողութիւնը. թագաւորներ, հազարապետներ, զօրաւոր մարդիկ, ազատներ ու ծառաներ։ Ոեւէ մէկը բացառութիւն պիտի չկազմէ։ Եհովայի հակառակող ըմբոստ աշխարհին վերջին հետքերն անգամ պիտի անհետանան։ Անկէ ետք, այլեւս անհանդարտ ծովու նմանող խռովեալ մարդիկ պիտի չըլլան։ (Յայտնութիւն 21։1) Ասիկա «Աստուծոյ մեծ ընթրիք»ն է, քանի որ Եհովան է որ կը հրաւիրէ թռչունները որ անոր մասնակցին։

22. Յովհաննէս ի՞նչպէս կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը։

22 Յովհաննէս այս կերպով կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը. «Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան»։—Յայտնութիւն 19։19-21

23. (ա) Ի՞նչ առումով «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմը» տեղի կ’ունենայ «Արմագեդոն»ին։ (բ) «Երկրի թագաւորներ»ը ո՞ր ազդարարութեան ականջ չեն տուած, եւ ի՞նչ հետեւանք կրելով։

23 Եհովայի բարկութեան վեցերորդ սկաւառակը թափուելէն ետք, Յովհաննէս կը տեղեկագրէ որ «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը դիւային պրոպականդով հաւաքուեցան «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար»։ Այս պատերազմը Արմագեդոնին պիտի մղուի. անիկա բառացի վայր մը չէ, այլ համաշխարհային վիճակ մը, որ Եհովայի դատաստանին գործադրութիւնը կը պահանջէ։ (Յայտնութիւն 16։12, 14, 16) Արդ, Յովհաննէս կը տեսնէ պատերազմի համար շարուածները։ Հոն՝ Աստուծոյ դէմ շարուած են բոլոր «երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը»։ Անոնք յամառօրէն մերժած են ենթարկուիլ Եհովայի Թագաւորին։ Ան ներշնչեալ պատգամով զանոնք բացայայտօրէն զգուշացուցած էր. «Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ [Եհովան] ու ճամբուն մէջ չկորսուիք»։ Քանի որ Քրիստոսի իշխանութեան չենթարկուեցան, անոնք պէտք է մեռնին։—Սաղմոս 2։12

24. (ա) Գազանին եւ սուտ մարգարէին վրայ ի՞նչ դատաստան ի գործ կը դրուի, եւ ի՞նչ առումով անոնք տակաւին «ողջ» են։ (բ) «Կրակին լիճը» ինչո՞ւ այլաբանական պէտք է ըլլայ։

24 Ծովէն ելլող եօթը գլուխով ու տասը եղջիւրով գազանը, որ կը ներկայացնէ Սատանայի քաղաքական կազմակերպութիւնը, մոռացութեան կը մատնուի եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, եօթներորդ աշխարհակալ ուժը։ (Յայտնութիւն 13։1, 11-13. 16։13) Երբ տակաւին «ողջ» են, կամ երբ տակաւին երկրի վրայ միասնաբար կը գործեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ, անոնք «կրակին լիճը» կը ձգուին։ Ասիկա բառացի՞ կրակի լիճ մըն է։ Ո՛չ, ինչպէս որ գազանը եւ սուտ մարգարէն բառացի անասուններ չեն։ Այլ, անիկա ամբողջական, վերջնական բնաջնջումի խորհրդանիշ մըն է. վայր մը ուրկէ վերադարձ չկայ։ Հոս է որ հետագային մահը եւ Հատէսը, ինչպէս նաեւ Սատանան պիտի նետուին։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Վստահաբար անիկա չարերուն համար յաւիտենական տանջանքի դժոխք մը չէ, քանի որ այդպիսի վայրի մը գաղափարն իսկ զզուելի է Եհովայի։—Երեմեայ 19։5. 32։35. Ա. Յովհաննու 4։8, 16

25. (ա) Որո՞նք են «ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն» սպաննուածները։ (բ) Կրնա՞նք ակնկալել որ այդ ‘սպաննուածներէն’ ոեւէ մէկը յարուցանուի։

25 Մնացեալ բոլորը, որոնք ուղղակիօրէն կառավարութեան մաս չկազմելով հանդերձ, այս ապականած աշխարհի մարդկութեան անուղղայ անդամներն էին, անոնք ալ «սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն»։ Յիսուս զանոնք մահուան արժանի պիտի յայտարարէ։ Քանի որ իրենց պարագային կրակի լիճը յիշուած չէ, կրնա՞նք ակնկալել որ անոնք յարուցանուին։ Որեւէ տեղ չէ ըսուած թէ այն ատեն Եհովայի Դատաւորին ձեռքով մեռնողները պիտի յարուցանուին։ Ինչպէս Յիսուս ի՛նք ըսաւ, անոնք որոնք «ոչխարներ» չեն, պիտի երթան «յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար, ուրիշ խօսքով՝ «յաւիտենական կործանում»ի։ (Մատթէոս 25։33, 41, 46ՆԱ) Ասով՝ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» իր յանգումին կը հասնի։—Բ. Պետրոս 3։7. Նաւումայ 1։2, 7-9. Մաղաքեայ 4։1

26. Հակիրճօրէն բացատրեցէք Արմագեդոնին արդիւնքը։

26 Այս կերպով, Սատանայի երկրային ամբողջ կազմակերպութիւնը իր վախճանին կը հասնի։ Քաղաքական իշխանութեան «առաջին երկինքը» անցած է։ Դարերու ընթացքին Սատանայի կերտած երեւութապէս կայուն դրութիւնը՝ «երկիրը», վերջնականապէս կործանած է։ Եհովայի հակառակ եղող ամբարիշտ մարդկութեան «ծովը»՝ չքացած է։ (Յայտնութիւն 21։1. Բ. Պետրոս 3։10) Իսկ Եհովա Սատանային ի՞նչ վերապահած է։ Յովհաննէս պիտի ըսէ մեզի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]