Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Սպաննուած հոգիները’ կը վարձատրուին

‘Սպաննուած հոգիները’ կը վարձատրուին

Գլուխ 17

‘Սպաննուած հոգիները’ կը վարձատրուին

1. Մենք ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք եւ ի՞նչ բան ասիկա կ’ապացուցանէ։

 ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ։ Ճերմակ ձիուն Հեծեալը իր յաղթանակը ամբողջացնելու վրայ է։ Շառագոյն, սեւ եւ դեղին ձիերը երկրի վրայ իրենց քառասմբակ արշաւը կը շարունակեն։ Կասկած չկայ որ իր արքայական ներկայութեան մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւնները կը կատարուին։ (Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխները, Մարկոս 13–րդ գլուխը, Ղուկաս 21–րդ գլուխը) Այո, մենք իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Պարագան այս ըլլալով, թող որ ուշի–ուշով հետեւինք Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մինչ ան կը բանայ այդ գրքին հինգերորդ կնիքը։ Արդ, ի՞նչ նոր յայտնութիւններու մասնակից պիտի ըլլանք։

2. (ա) Երբ հինգերորդ կնիքը բացուեցաւ, Յովհաննէս ի՞նչ տեսաւ։ (բ) Երկնքի մէջ այլաբանական զոհի սեղանի մը մասին կարդալը ինչո՞ւ պէտք չէ զարմացնէ մեզ։

2 Յովհաննէս յուզիչ տեսարան մը կը նկարագրէ. «Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին»։ (Յայտնութիւն 6։9) Ի՞նչ է ասիկա։ Երկնքի մէջ զոհի սեղա՞ն մը։ Այո՛։ Առաջին անգամ ըլլալով Յովհաննէս կը յիշէ սեղան մը։ Թէեւ ան արդէն իսկ նկարագրած էր Եհովան Իր աթոռին վրայ, իր բոլորտիքը քերովբէներ, ապակեղէն ծովը, լամբարները, եւ խունկ կրող 24 երէցները. այս բոլորը երկրային տաղաւարին, Իսրայէլի մէջ, Եհովայի սրբարանին մէջ գործածուած բաներուն նմանութիւններն են։ (Ելից 25։17, 18. 40։24-27, 30-32. Ա. Մնացորդաց 24։4) Արդ, մեզ պէ՞տք է զարմացնէ երկնքի մէջ ալ գտնել նաեւ այլաբանական զոհի սեղան մը։—Ելից 40։29

3. (ա) Վաղեմի հրէական տաղաւարին մէջ, հոգիները ի՞նչպէս կը թափուէին «սեղանին յատակը»։ (բ) Յովհաննէս ինչո՞ւ երկնքի մէջ այլաբանական սեղանին ներքեւ տեսաւ սպաննուած վկաներուն հոգիները։

3 Այս սեղանին տակ կան «այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ասոնք չեն կրնար անմարմին հոգիներ ըլլալ, ինչպէս կը հաւատային հեթանոս Յոյները։ (Ծննդոց 2։7. Եզեկիէլ 18։4) Այլ, Յովհաննէս գիտէ թէ հոգին, կամ կեանքը, արիւնով խորհրդանշուած է, եւ երբ վաղեմի հրէական տաղաւարին մէջ անասուն մը զոհէին, անոր արիւնը «սեղանին շուրջը» կը սրսկէին, կամ զայն կը թափէին «ողջակէզի սեղանին յատակը»։ (Ղեւտացւոց 3։2, 8, 13. 4։7. 17։6, 11, 12) Ուստի, անասունին հոգին սերտ կապակցութիւն ունէր զոհի սեղանին հետ։ Բայց Աստուծոյ այս մասնայատուկ ծառաներուն հոգիները, կամ արիւնը, ինչո՞ւ երկնքի մէջ այլաբանական սեղանին տակ կը տեսնուի։ Քանի որ անոնց մահը զոհաբերական բնոյթ ունի։

4. Հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն մահը ի՞նչ առումով զոհաբերական է։

4 Արդարեւ, բոլոր անոնք որոնք ծնած են որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ, զոհաբերական մահով մը կը մեռնին։ Եհովայի երկնային Թագաւորութեան մէջ անոնց ունեցած դերին պատճառաւ, Աստուծոյ կամքն է որ անոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի ամէն յոյսէ հրաժարին ու զայն զոհեն։ Հետեւաբար, անոնք Եհովայի գերիշխանութեան սիրոյն զոհաբերական մահուան կ’ենթարկուին։ (Փիլիպպեցիս 3։8-11. համեմատել՝ 2։17) Սեղանին տակ Յովհաննէսի տեսած անհատները բառին բուն առումով ասիկա է որ ըրած են։ Անոնք օծեալներ են, որոնք Եհովայի Խօսքը եւ գերիշխանութիւնը ջատագովող իրենց նախանձախնդիր ծառայութեան համար, նահատակուած են։ Անոնց հոգիները «սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը [մար·դի·րիան] համար՝ որ իրենք տուած էին»։

5. Հաւատարիմներուն հոգիները մեռած ըլլալով հանդերձ, ի՞նչպէս վրէժի համար կ’աղաղակեն։

5 Թատերախաղին ուրուագիծը հետզհետէ կը պարզուի. «Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին. ‘Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն’»։ (Յայտնութիւն 6։10) Անոնց հոգիները, կամ արիւնը, ի՞նչպէս կրնար վրէժ պահանջել, քանի որ ըստ Աստուածաշունչին, մեռելները անգիտակից են։ (Ժողովողի 9։5) Լաւ, արդար Աբէլի արիւնը չաղաղակե՞ց, երբ իր եղբայրը՝ Կայէն սպաննեց զինք։ Այն ատեն Եհովա ըսաւ Կայէնի. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ»։ (Ծննդոց 4։10, 11. Եբրայեցիս 12։24) Անշուշտ ասիկա ըսել չէր ուզեր որ Աբէլի արիւնը բառացիօրէն կը խօսէր։ Այլ, Աբէլ մեռած էր որպէս անմեղ զոհ մը եւ արդարութիւնը կը պահանջէր որ անոր սպաննիչը իր պատիժը ստանար։ Նոյն կերպով, այդ Քրիստոնեայ նահատակները անմեղ են եւ ամենայն արդարութեամբ անոնց վրէժը պէտք է առնուի։ (Ղուկաս 18։7, 8) Վրիժառութեան աղաղակը բարձր է, քանի որ հազարաւորներ այս կերպով մահացած են։—Համեմատել՝ Երեմեայ 15։15, 16

6. Հ.Դ.Ա. 607–ին, թափուած ո՞ր անմեղ արիւններուն վրէժը առնուեցաւ։

6 Կացութիւնը կարելի է նմանցնել ապստամբ Յուդայի վիճակին, երբ Մանասէ թագաւորը գահ բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 716–ին։ Ան շատ անմեղ արիւն թափեց, հաւանաբար Եսայի մարգարէն ալ ‘սղոցելով’։ (Եբրայեցիս 11։37. Դ. Թագաւորաց 21։16) Թէեւ հետագային Մանասէ զղջաց եւ բարելաւուեցաւ, սակայն այդ արիւնապարտութիւնը մնաց։ Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Բաբելոնացիները ամայացուցին Յուդայի թագաւորութիւնը, «իրաւցնէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդային, որպէս զի զանիկա իր առջեւէն հեռացնէ, Մանասէին ըրած բոլոր մեղքերուն համար։ Նաեւ անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ուստի Տէրը չուզեց որ ներէ»։—Դ. Թագաւորաց 24։3, 4

7. «Սուրբերուն արիւն»ը թափուելուն գլխաւորաբար ո՞վ յանցաւոր է։

7 Ինչպէս Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այսօր ալ Աստուծոյ վկաները սպաննողներէն շատեր արդէն շատոնց մեռած են։ Սակայն, անոնց նահատակութեան պատճառ եղող կազմակերպութիւնը տակաւին կը գոյատեւէ եւ արիւնապարտ է։ Անիկա Սատանայի երկրային կազմակերպութիւնն է. իր երկրային սերունդը։ Անոր կարկառուն մէկ մասն է Մեծն Բաբելոնը, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ * Անիկա նկարագրուած է որպէս «սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած»։ Այո, «մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 17։5, 6. 18։24. Եփեսացիս 4։11. Ա. Կորնթացիս 12։28) Արիւնապարտութեան ի՜նչ բեռ մը։ Այնքան ատեն որ Մեծն Բաբելոնը կը գոյատեւէ, անոր զոհերուն արիւնը պիտի շարունակէ արդարութեան համար աղաղակել։—Յայտնութիւն 19։1, 2

8. (ա) Յովհաննէսի կեանքի ընթացքին, որո՞նք նահատակուած են։ (բ) Հռովմէացի կայսրեր ի՞նչ հալածանքներ հրահրեցին։

8 Յովհաննէս առաջին դարուն անձամբ ականատես եղաւ նահատակութեան, երբ անգութ Օձը եւ իր երկրային սերունդը օծեալ Քրիստոնեաներու հետզհետէ աճող ժողովքին դէմ պատերազմեցան։ Յովհաննէս տեսաւ մեր Տէրոջ ցցահարուիլը, եւ ան ողջ էր երբ Ստեփանոս, իր եղբայրը՝ Յակոբոս, Պետրոս, Պօղոս եւ իր սերտ բարեկամներէն ուրիշներ սպաննուեցան։ (Յովհաննու 19։26, 27. 21։15, 18, 19. Գործք 7։58, 59. 8։2. 12։2. Բ. Տիմոթէոս 1։1. 4։6, 7) Հ.Դ. 64–ին, Հռովմէացի կայսրը՝ Ներոն Քրիստոնեաները քաւութեան նոխազ դարձուց, քաղաքին այրուիլը անոնց վրայ նետելով, որպէսզի լռեցնէ այն տարաձայնութիւնը թէ ինքն էր յանցաւորը։ Տակիտոս պատմաբանը կը տեղեկագրէ. «Անոնք [Քրիստոնեաները] մեռան ծաղրական կերպերով. ոմանք գազաններու մորթերով ծածկուեցան, ապա շուներու կողմէ բզկտուեցան, ուրիշներ [ցցահարուեցան], * ոմանք գիշերը լուսաւորելու համար ջահերու նման վառուեցան»։ Դոմետիանոս Կայսրի իշխանութեան ներքեւ (Հ.Դ. 81-96) հալածանքի ուրիշ ալիք մը Պատմոս կղզիին մէջ Յովհաննէսի աքսորման առաջնորդեց։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։—Յովհաննու 15։20. Մատթէոս 10։22

9. (ա) Խաբեբայութեան Սատանայի գլխաւոր գործիքը ի՞նչ եղաւ Հ.Դ. չորրորդ դարուն, եւ անիկա ի՞նչ բանին գլխաւոր մէկ մասը կը կազմէ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը կառավարիչներ ի՞նչպէս վարուեցան Եհովայի Վկաներու հետ, Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերու ընթացքին։

9 Հ.Դ. չորրորդ դարուն, առաջուան օձը, Բանսարկու Սատանան, խաբեբայութեան իր գլխաւոր գործիքը մէջտեղ բերաւ՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրաց կրօնքը. բաբելոնական դրութիւն մը՝ «Քրիստոնեայ» պիտակի տակ պահուած։ Անիկա Օձի սերունդին գլխաւոր մասը կը կազմէ, որմէ յառաջ եկած են բազմաթիւ հակասական աղանդներ։ Վաղեմի անհաւատարիմ Յուդայի նման, Քրիստոնեայ Աշխարհը ծանր արիւնապարտութիւն կը կրէ, Առաջին եւ Երկրորդ Աշխարհամարտերու երկու կողմերուն մէջ ալ ամբողջական մասնակցութիւն մը ունենալով։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը քաղաքական կառավարիչներ այս պատերազմները նոյնիսկ որպէս պատրուակ գործածեցին Աստուծոյ օծեալ ծառաները սպաննելու համար։ Եհովայի Վկաներու վրայ Հիթլերի բերած հալածանքին մասին գրելով, Ֆրէտրիխ Զիփֆէլի՝ Գերմանիոյ Մէջ Եկեղեցիներու Կռիւը գրքին մասին գրախօսական մը նշեց. «Անոնց [Վկաներուն] մէկ երրորդը սպաննուեցաւ մահապատիժով, ուրիշ գազանային արարքներով, անօթութեամբ, հիւանդութեամբ կամ տաժանակիր աշխատանքով։ Հպատակեցման այս խստութիւնը աննախընթաց բան մըն էր եւ արդիւնքն էր անտեղիտալի հաւատքի մը, որ կարելի չէր ներդաշնակել Ազգային Ընկերվարական գաղափարախօսութեան հետ»։ Իրապէս Քրիստոնեայ Աշխարհի ու անոր քահանայութեան մասին կարելի է ըսել. «Քու քղանցքներուդ վրայ անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան»։—Երեմեայ 2։34 *

10. Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծ բազմութենէն եղող շատ մը երիտասարդներ ի՞նչ հալածանքներ կրեցին։

10 1935–էն ի վեր, մեծ բազմութենէն եղող հաւատարիմ երիտասարդներ շատ մը երկիրներու մէջ բուռն հալածանքի ենթարկուած են։ (Յայտնութիւն 7։9) Եւրոպայի մէջ Բ. Աշխարհամարտը վերջանալէն ետք իսկ, միայն մէկ գիւղաքաղաքի մէջ 14 երիտասարդ Եհովայի Վկաներ կախաղան հանուեցան։ Ի՞նչ էր անոնց ոճիրը։ ‘Պատերազմ սորվիլ’ մերժելն էր։ (Եսայեայ 2։4) Տակաւին վերջերս, Արեւելքի ու Ափրիկէի մէջ երիտասարդներ մինչեւ մահ ծեծուած կամ զինեալ ջոկատներու կողմէ սպաննուած են, նոյն հարցով։ Այս երիտասարդ մարտիրոսները, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն արժէքաւոր նեցուկները, վստահաբար պիտի յարուցանուին խոստացեալ նոր երկրին մէջ։—Բ. Պետրոս 3։13. համեմատել՝ Սաղմոս 110։3. Մատթէոս 25։34-40. Ղուկաս 20։37, 38

Ճերմակ Հանդերձ

11. Ի՞նչ առումով նահատակուած օծեալ Քրիստոնեաները «ճերմակ հանդերձ» կը ստանան։

11 Վաղեմի ուղղամիտ անհատներու հաւատքին մասին խօսելէ ետք, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին. քանզի Աստուած մեզի համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին»։ (Եբրայեցիս 11։39, 40) Ի՞նչ է այդ «աւելի աղէկ բան»ը, զոր Պօղոս եւ մնացեալ օծեալ Քրիստոնեաները կը սպասեն։ Յովհաննէս զայն կը տեսնէ տեսիլքի մէջ. «Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին»։ (Յայտնութիւն 6։11) Անոնց «ճերմակ հանդերձներ» ստանալը, հոգեղէն անմահ արարածներ ըլլալու համար անոնց յարութեան հետ կապ ունի։ Անոնք այլեւս սեղանին տակ որպէս սպաննուած հոգիներ չեն մնար, այլ կը յարուցանուին, որպէսզի 24 երէցներու խումբին մաս կազմեն, որոնք Աստուծոյ երկնային աթոռին առջեւ պաշտամունք կը մատուցանեն։ Հոն անոնց ալ աթոռներ կը տրուին, ցոյց տալու համար որ արքայական առանձնաշնորհումներ յանձնուած են անոնց։ Իսկ անոնց ‘ճերմակ հանդերձներ հագնիլը’ կը նշանակէ որ արդար յայտարարուած են, երկնային այդ ատեանին մէջ Եհովայի առջեւ պատուարժան տեղ մը գրաւելու արժանի գտնուելով։ Ասիկա նաեւ կատարումն է այն խոստումին, զոր Յիսուս տուաւ Սարդիկէի ժողովքի օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն. «Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի»։—Յայտնութիւն 3։5. 4։4. Ա. Պետրոս 1։4

12. Յարուցեալ օծեալները ի՞նչ կերպով ‘քիչ մը ատեն կը հանգչին’, եւ ասիկա մինչեւ ե՞րբ։

12 Բոլոր իրողութիւնները ցոյց կու տան որ այս երկնային յարութիւնը սկսաւ 1918–ին, Յիսուս 1914–ին թագադրուելէ եւ երկինքը Սատանայէն ու իր դեւերէն մաքրելու համար, իր թագաւորական յաղթանակին համար արշաւելու սկսելէ յետոյ։ Սակայն, այս յարուցեալ օծեալներուն ըսուած է որ «քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներուն [«թիւը», ՆԱ] . . . լման ըլլայ»։ Տակաւին երկրի վրայ գտնուող Յովհաննէս դասակարգին անդամները պէտք է իրենց ուղղամտութիւնը փաստեն փորձութիւններու ու հալածանքի ներքեւ, եւ թերեւս անոնցմէ ոմանք տակաւին սպաննուին։ Սակայն, Մեծն Բաբելոնի եւ անոր քաղաքական սիրահարներուն կողմէ թափուած ամբողջ արդար արեան վրէժը պիտի առնուի վերջապէս։ Մինչ այդ, յարուցեալները անկասկած իրենց երկնային պարտականութիւններով զբաղած են։ Անոնք կը հանգչին, ո՛չ թէ երանելի անգործութեան մէջ թաղուելով, այլ համբերութեամբ Եհովայի վրէժխնդրութեան օրուան սպասելով։ (Եսայեայ 34։8. Հռովմայեցիս 12։19) Անոնց հանգիստը վերջ պիտի գտնէ, երբ տեսնեն սուտ կրօնքի կործանումը, եւ որպէս «կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ»ներ, անոնք կ’ընկերակցին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, երկրի վրայ Սատանայի չար սերունդին մնացեալ բոլոր մասերուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար։—Յայտնութիւն 2։26, 27. 17։14. Հռովմայեցիս 16։20

‘Մեռածները Առաջ Յարութիւն կ’Առնեն’

13, 14. (ա) Ըստ Պօղոս առաքեալի, երկնային յարութիւնը ե՞րբ կը սկսի եւ որո՞նք կը յարուցանուին։ (բ) Տէրունական օրուան մէջ ողջ եղող օծեալները, ե՞րբ կը յարուցանուին երկինք։

13 Հինգերորդ կնիքին բացուելով տրուած խորատեսութիւնը ամբողջովին կը համաձայնի երկնային յարութեան առնչուած ուրիշ համարներուն հետ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ] ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16

14 Այս համարները ի՜նչ ոգեւորիչ տեղեկութիւն կու տան։ Այն օծեալները, որոնք արդէն մեռած են, Յիսուսի ներկայութեան երկրի վրայ ողջ եղող իրենց եղբայրներէն առաջ երկինք պիտի երթան։ Քրիստոսով մեռած այս անհատները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Յիսուս պիտի իջնէ, այսինքն իր ուշադրութիւնը անոնց պիտի դարձնէ, եւ զանոնք հոգեղէն կեանքի պիտի յարուցանէ, անոնց «ճերմակ հանդերձ» տալով։ Անկէ ետք, անոնք որոնք տակաւին երկրի վրայ կ’ապրին որպէս մարդ, իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, անոնցմէ շատեր հակառակորդներու ձեռքով վայրագօրէն մեռցուելով։ Սակայն անոնք իրենց նախորդներուն նման մահուան մէջ չեն քնանար։ Այլ, երբ մեռնին, ակնթարթի մը մէջ, «աչք գոցել բանալու մէջ» կը փոխուին, եւ երկինք կ’առնուին Յիսուսի եւ Քրիստոսի մարմնին անդամակիցներուն հետ ըլլալու համար։ (Ա. Կորնթացիս 15։50-52. համեմատել՝ Յայտնութիւն 14։13) Այս կերպով, օծեալ Քրիստոնեաներու յարութիւնը կը սկսի Աբոքալիբսի չորս ձիաւորները իրենց արշաւը սկսելէն ճիշդ ետք։

15. (ա) Հինգերորդ կնիքին բացուելով ի՞նչ բարի լուր կը տրուի։ (բ) Ճերմակ ձիուն Յաղթողը իր արշաւը ի՞նչպէս կ’աւարտէ։

15 Գրքին այս հինգերորդ կնիքին բացուիլը բարի լուր մը կու տայ օծեալ ուղղամիտներուն, որոնք յաղթած են, մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով։ Սակայն ասիկա բարի լուր մը չէ Սատանայի եւ իր սերունդին համար։ Ճերմակ ձիուն վրայ եղող Յաղթողին արշաւը անարգել կը շարունակուի եւ յանգումի կը հասնի ‘չարին զօրութեան ներքեւ’ եղող աշխարհին հաշուեյարդարի ժամանակով։ (Ա. Յովհաննու 5։19ՆԱ) Ասիկա կը պարզուի, երբ Գառնուկը կը բանայ վեցերորդ կնիքը։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Մեծն Բաբելոնի ինքնութիւնը մանրամասնօրէն նկատի առնուած է 33–րդ գլուխին մէջ։

^ պարբ. 8 Համեմատել՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով, էջ 1577, յաւելուածական 5C, «Տանջանքի Ցից»։

^ պարբ. 9 Կրօնքի արիւնապարտութեան մասին աւելի լայն փաստեր տրուած են Գլուխ 36–ի մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 102]

‘Սպաննուած հոգիները’

Մգլինթոքի ու Սթրոնկի Համայնագիտարան–ը կը մէջբերէ Ֆրանսացի Հիւկնօ ծնողներէ ծնած, ԺԸ. դարու Անգլիացի Բողոքականի մը՝ Ճոն Ճորթինի խօսքերը, որ կ’ըսէ. «Հո՛ն ուր հալածանքը կը սկսի, Քրիստոնէութիւնը վերջ կը գտնէ . . . Քրիստոնէութիւնը [հռովմէական] կայսրութեան կրօնքը ըլլալէն եւ անոր քարոզիչներուն հարստութիւն ու պատիւ շնորհուելէն ետքն է որ հրէշային հալածանքը հսկայական զօրութիւն ստացաւ եւ իր կործանարար ազդեցութիւնը ձգեց Աւետարանի կրօնքին վրայ»։

[Նկար՝ էջ 103]

«Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց»