Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումը

Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումը

Գլուխ 6

Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումը

1. Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք Յայտնութիւն 1։10-17–ի մէջ արձանագրուած շողշողուն պատկերին։

 ԱՐԴԱՐԵՒ ահաւոր է փառաւորուած Յիսուսի տեսիլքը։ Անկասկած, եթէ մենք ալ Յովհաննէս առաքեալին հետ ականատեսներ ըլլայինք, մենք ալ պիտի վրդովէինք այդ լուսաճաճանչ փառքէն եւ իրեն նման երկրպագութիւն պիտի ընէինք։ (Յայտնութիւն 1։10-17) Այս ներշնչուած գերադրական տեսիլքը պահպանուած է, որ այսօր մեզ գործի մղէ։ Յովհաննէսի նման, մենք ալ խոնարհութեամբ պէտք է գնահատենք այդ տեսիլքին իմաստը։ Թող որ միշտ ակնածութիւն ունենանք Յիսուսի դիրքին հանդէպ, որպէս թագադրուած Թագաւոր, Քահանայապետ եւ Դատաւոր։—Փիլիպպեցիս 2։5-11

«Առաջինը ու Վերջինը»

2. (ա) Յիսուս ինքզինք ի՞նչ տիտղոսով կը ներկայացնէ։ (բ) Ի՞նչ է իմաստը Եհովայի հետեւեալ խօսքերուն. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը»։ (գ) Յիսուսի տրուած «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսը ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։

2 Բայց այս ակնածութիւնը, հիւանդագին վախի պէտք չէ վերածուի։ Յիսուս հաւաստիացուց Յովհաննէսը, ինչպէս առաքեալը կը բացատրէ։ «Ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. ‘Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ Ես կենդանի եմ’»։ (Յայտնութիւն 1։17բ, 18ա) Եսայեայ 44։6–ի մէջ, Եհովա իրաւացիօրէն իր դիրքը կը նկարագրէ որպէս միակ Ամենակալ Աստուածը, ըսելով. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, ինծմէ զատ Աստուած չկայ»։ * Երբ Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «Առաջինը ու Վերջինը», ան Եհովայի, Մեծ Ստեղծիչին հետ հաւասարութիւն չի դաւանիր։ Ան կը գործածէ տիտղոս մը, որ տեղին ըլլալով Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած է։ Եսայիի գիրքին մէջ, Եհովա որպէս ճշմարիտ Աստուած Իր անզուգական դիրքին ակնարկում կ’ընէր։ Ինք յաւիտենական Աստուած է եւ իրմէ զատ արդարեւ Աստուած գոյութիւն չունի։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17) Յայտնութեան մէջ, Յիսուս իրեն պարգեւատրուած տիտղոսին կ’ակնարկէ, իր աննման յարութեան ուշադրութիւն հրաւիրելով։

3. (ա) Ի՞նչ կերպով Յիսուս «Առաջինը ու Վերջին»ն էր։ (բ) Յիսուսի «մահուան ու Հատէսին բանալիները» ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։

3 Արդարեւ, Յիսուս հոգեղէն անմահ կեանքի յարուցուող «Առաջին» մարդ արարածն էր։ (Կողոսացիս 1։18) Նաեւ, ուղղակի Եհովայի կողմէ յարուցանուած «Վերջին» անհատն էր։ Հետեւաբար, ան ‘կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից’։ Ան անմահութիւն ունի։ Այս կերպով Յիսուս կը նմանի իր անմահ Հօրը, որ կոչուած է ‘կենդանի Աստուած’։ (Յայտնութիւն 7։2. Սաղմոս 42։2) Մնացեալ բոլոր մարդոց համար, Յիսուս «յարութիւնն ու կեանք»ն է։ (Յովհաննու 11։25) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, ան Յովհաննէսի կ’ըսէ. «Ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին [«Հատէսին», ՆԱ] բանալիները»։ (Յայտնութիւն 1։18բ) Եհովա մեռելները յարուցանելու հեղինակութիւն տուած է Յիսուսի։ Անոր համար ան կրնար ըսել թէ ինք բանալիները ունի որպէսզի մահուան ու Հատէսի (գերեզմանին) կապանքներուն ներքեւ եղողներուն համար դռները բանայ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 16։18

4. Յիսուս ո՞ր պատուէրը կը կրկնէ եւ որո՞նց օգտին համար։

4 Ապա Յիսուս տեսիլքը գրի առնելու իր պատուէրը կը կրկնէ, Յովհաննէսի ըսելով. «Գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 1։19) Յովհաննէս տակաւին ի՞նչ ոգեւորիչ յայտնութիւններ պիտի ընէ, մեր դաստիարակութեան համար։

Աստղերը եւ Աշտանակները

5. Ըստ Յիսուսի, ի՞նչ են «եօթը աստղերը» եւ «եօթը աշտանակները»։

5 Յովհաննէս Յիսուսը կը տեսնէ եօթը ոսկեղէն աշտանակներու միջեւ եւ իր աջ ձեռքին մէջ՝ եօթը աստղեր։ (Յայտնութիւն 1։12, 13, 16) Ապա Յիսուս հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Եօթը աստղերուն [«սրբազան», ՆԱ] խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։—Յայտնութիւն 1։20

6. Ի՞նչ կը պատկերացնեն եօթը աստղերը եւ ինչո՞ւ պատգամները մասնաւորաբար անոնց ուղղուած էին։

6 «Աստղերը» «եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են»։ Յայտնութեան մէջ, երբեմն աստղերը կը ներկայացնեն բառացի հրեշտակներ, սակայն Յիսուս վստահաբար մարդկային գրագիր մը պիտի չգործածէր, անտեսանելի հոգեղէն արարածներուն բան մը գրելու համար։ Ուստի հոս «աստղերը», ժողովքներուն մէջ եղող մարդկային տեսուչները կամ երէցները պէտք է ըլլան, որոնք Յիսուսի պատգամաբերները նկատուած են։ * Պատգամները ուղղուած են աստղերուն, քանի որ անոնք Եհովայի հօտին հսկելու պատասխանատուութիւնը ունին։—Գործք 20։28

7. (ա) Երբ Յիսուս իւրաքանչիւր ժողովքի մէկ հրեշտակին կը խօսի, ինչո՞ւ ասիկա չի նշանակեր որ իւրաքանչիւր ժողովք մէկ երէց ունի։ (բ) Իրականութեան մէջ, Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ եղող եօթը աստղերը որո՞նք կը պատկերացնեն։

7 Քանի որ Յիսուս իւրաքանչիւր ժողովքի մէկ «հրեշտակ»ի կը խօսի, պէ՞տք է եզրակացնել որ իւրաքանչիւր ժողովք մէկ երէց ունի։ Ո՛չ. Պօղոսի օրէն իսկ Եփեսոսի ժողովքը ո՛չ թէ մէկ՝ այլ քանի մը երէցներ ունէր։ (Յայտնութիւն 2։1. Գործք 20։17) Ուստի Յովհաննէսի օրերուն, երբ պատգամներ ղրկուեցան եօթը աստղերուն՝ ժողովքներուն մէջ կարդացուելու համար (ի միջի այլոց Եփեսոսի), աստղերը պէտք էր ներկայացնէին բոլոր անոնք, որոնք Եհովայի օծեալ ժողովքին մէջ կը ծառայէին որպէս երէցներու մարմին։ Նոյն կերպով, այսօր ալ տեսուչները իրենց ժողովքներուն կը կարդան այն նամակները, որոնք կը ստանան Յիսուսի գլխաւորութեան ներքեւ ծառայող օծեալ տեսուչներէ բաղկացած Կառավարիչ Մարմինէն։ Երէցներու իւրաքանչիւր մարմին հոգ պէտք է տանի որ իր ժողովքը Յիսուսի խրատները կիրարկէ։ Անշուշտ, տրուած խրատը օգտակար է ոչ միայն երէցներուն, հապա ժողովքին հետ բոլոր ընկերակցողներուն։—Տես՝ Յայտնութիւն 2։11ա

8. Երէցները Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ ըլլալը ի՞նչ կը մատնանշէ։

8 Քանի որ Յիսուս ժողովքին Գլուխն է, տեղին է ըսել որ երէցները իր աջ ձեռքին մէջն են, այսինքն, իր հսկողութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ։ (Կողոսացիս 1։18) Յիսուս է Գլխաւոր Հովիւը, իսկ անոնք ենթահովիւներ են։—Ա. Պետրոս 5։2-4

9. (ա) Եօթը աշտանակները ի՞նչ կը ներկայացնեն եւ ինչո՞ւ աշտանակները յարմար խորհրդանիշներ են ասոր համար։ (բ) Տեսիլքը հաւանաբար ի՞նչ կը յիշեցնէր Յովհաննէս առաքեալին։

9 Եօթը աշտանակները այն եօթը ժողովքներն են, որոնց Յովհաննէս ուղղեց Յայտնութիւն գիրքը. Եփեսոս, Զմիւռնիա, Պերգամոն, Թիւատիր, Սարդիկէ, Ֆիլատելֆիա, եւ Լաւոդիկէ։ Ինչո՞ւ ժողովքները աշտանակներով խորհրդանշուած են։ Քանի որ Քրիստոնեաները՝ անհատապէս կամ հաւաքաբար որպէս ժողովք, այս խաւար աշխարհին մէջ պէտք է ‘իրենց լոյսը փայլեցնեն մարդոց առջեւ’։ (Մատթէոս 5։14-16, ՆԱ) Ասկէ զատ, աշտանակները Սողոմոնի տաճարին կարասիներուն մաս կը կազմէին։ Ժողովքները աշտանակներ կոչելը հաւանաբար Յովհաննէսի կը յիշեցնէր որ օծեալներու իւրաքանչիւր ժողովք, այլաբանօրէն «Աստուծոյ տաճար»ն է, ուր Աստուծոյ հոգին կը բնակի։ (Ա. Կորնթացիս 3։16) Յաւելեալ ըլլալով, հրէական տաճարի կարգադրութեան հակատիպին մէջ, օծեալներու ժողովքի անդամները կը ծառայեն որպէս «թագաւորական քահանայութիւն» մը Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութեան մէջ, որու Քահանայապետը Յիսուս է եւ ուր Եհովա անձնապէս կը բնակի երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ։—Ա. Պետրոս 2։4, 5, 9. Եբրայեցիս 3։1. 6։20. 9։9-14, 24

Մեծ Հաւատուրացութիւնը

10. Հ.Դ. 70–ին, ի՞նչ պատահեցաւ հրէական դրութեան եւ անզեղջօրէն անոր թիկունք կանգնողներուն։

10 Երբ Յովհաննէս գրեց Յայտնութիւնը, Քրիստոնէութիւնը աւելի քան 60 տարիէ գոյութիւն ունէր։ Սկիզբը, անիկա 40 տարի յարատեւ հալածանք կրեց Հրէութենէն։ Ապա, հրէական դրութիւնը մահացու հարուած մը ստացաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ անզեղջ Հրեաները կորսնցուցին իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ գրեթէ կուռքի վերածուած՝ Երուսաղէմի տաճարը։

11. Ինչո՞ւ յարմար ժամանակն էր որ Գլխաւոր Հովիւը ժողովքները զգուշացնէր զարգացող հոսանքներու դէմ։

11 Այսուհանդերձ, Պօղոս առաքեալ նախագուշակած էր որ օծեալ Քրիստոնեաներուն մէջ հաւատուրացութիւն մը պիտի ըլլար, եւ Յիսուսի պատգամները ցոյց կու տային որ Յովհաննէսի ծերութեան օրերուն անիկա արդէն սկսած էր զարգանալ։ Յովհաննէս վերջինն էր անոնցմէ որոնք արգելք կը հանդիսանային կնոջ սերունդը ապականելու Սատանայի այս մեծագոյն ջանքերուն։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3-11. Բ. Պետրոս 2։1-3. Բ. Յովհաննու 7-11) Ուստի, յարմար ժամանակն էր որ Եհովայի Գլխաւոր Հովիւը ժողովքներու երէցներուն գրէր, որպէսզի զիրենք զգուշացնէր զարգացող հոսանքին դէմ եւ արդարամիտ անհատները քաջալերէր որ արդարութեան կողքին մնային։

12. (ա) Յովհաննէսի մահէն ետք, հաւատուրացութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ դարերու ընթացքին։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչպէս գոյութիւն ունեցաւ։

12 Չենք գիտեր թէ Հ.Դ. 96–ին, ժողովքները ինչ ընդառաջում ցոյց տուին Յիսուսի պատգամներուն։ Սակայն, գիտենք որ Յովհաննէսի մահէն ետք հաւատուրացութիւնը արագօրէն զարգացաւ։ «Քրիստոնեաները» Եհովա անունը գործածելէ դադրեցան եւ Աստուածաշունչի ձեռագիրներուն մէջ զայն փոխարինեցին «Տէր» կամ «Աստուած» բառերով։ Չորրորդ դարուն, Երրորդութեան սուտ վարդապետութիւնը արդէն ժողովքներուն մէջ ներթափանցած էր։ Նոյն շրջանին, անմահ հոգիի գաղափարն ալ կ’ընդունուէր։ Վերջապէս, Հռովմէացի Կոստանդին Կայսրը «քրիստոնէական» կրօնքին պետական ճանաչում շնորհեց, եւ ասիկա յառաջ բերաւ Քրիստոնեայ Աշխարհը, ուր Եկեղեցին եւ Պետութիւնը իրենց ուժերը միացուցին, հազար տարի տիրելու համար։ Այլեւս դիւրին էր նորաձեւ «Քրիստոնեայ» մը ըլլալ։ Ամբողջ ցեղախումբեր իրենց հեթանոսական նախկին հաւատալիքները յարմարցուցին այս կրօնքին տարբեր ձեւերէն մէկուն։ Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը առաջնորդներ քաղաքական կեղեքիչ բռնաւորներ եղան, իրենց հաւատուրաց տեսակէտները սուրի ուժով պարտադրելով։

13. Հակառակ աղանդապաշտութեան դէմ Յիսուսի տուած ազդարարութեան, հաւատուրաց Քրիստոնեաները ի՞նչ ընթացքի հետեւեցան։

13 Եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը որեւէ արձագանգ չգտան հաւատուրաց Քրիստոնեաներուն քով։ Յիսուս ազդարարած էր Եփեսացիները որ իրենց առաջուան սէրը վերագտնէին։ (Յայտնութիւն 2։4) Բայց Քրիստոնեայ Աշխարհի անդամները այլեւս Եհովայի սիրով միացած չըլլալով, վայրագ պատերազմներ մղեցին եւ ահռելիօրէն զիրար հալածեցին։ (Ա. Յովհաննու 4։20) Յիսուս Պերգամոնի ժողովքը զգուշացուցած էր աղանդապաշտութեան դէմ, այսուհանդերձ, նոյնիսկ երկրորդ դարուն աղանդներ երեւան եկան եւ ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհը հազարաւոր հակամարտ աղանդներ եւ կրօնքներ ունի։—Յայտնութիւն 2։15

14. (ա) Թէեւ Յիսուս զգուշացուց հոգեւորապէս մեռած ըլլալու դէմ, դաւանեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք որդեգրեցին։ (բ) Դաւանեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով կռապաշտութեան եւ անբարոյութեան դէմ Յիսուսի տուած ազդարարութեան չհետեւեցան։

14 Յիսուս Սարդիկէի ժողովքը հոգեւորապէս մեռած ըլլալու դէմ զգուշացուցած էր։ (Յայտնութիւն 3։1) Սարդիկեցիներուն նման, դաւանեալ Քրիստոնեաները շուտով մոռցան քրիստոնէական գործերը եւ մեծապէս կարեւոր եղող քարոզելու գործը շուտով յանձնեցին վճարուած փոքրամասնութեան մը՝ կղեր դասակարգին։ Յիսուս Թիւատիրի ժողովքը զգուշացուցած էր կռապաշտութեան եւ պոռնկութեան դէմ։ (Յայտնութիւն 2։20) Սակայն, Քրիստոնեայ Աշխարհը բացէ ի բաց վաւերացուց արձաններու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ քաջալերեց ազգայնականութեան եւ նիւթապաշտութեան աւելի քօղարկուած կռապաշտութիւնը։ Իսկ թէեւ երբեմն անբարոյութեան դէմ կը քարոզուի, բայց շատ յաճախ զայն լայնօրէն կը հանդուրժեն։

15. Եօթը ժողովքներուն յղած Յիսուսի խօսքերը, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն մասին ի՞նչ կը յայտնեն, եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչ ըլլալնին փաստած են։

15 Հետեւաբար, եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի բոլոր կրօնքներն ալ ամբողջովին թերացած են Եհովայի համար մասնաւոր ժողովուրդ մը ըլլալու մէջ։ Արդարեւ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները Սատանայի սերունդին ամենէն կարկառուն անդամները կազմած են։ Անոնց ակնարկելով որպէս «անօրէն», Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց որ անոնց «գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով եւ . . . անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10

16. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները որո՞նց հանդէպ բուռն ատելութիւն ցոյց տուին։ (բ) Միջին Դարերուն ի՞նչ տեղի ունեցաւ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ։ (գ) Բողոքական ըմբոստութիւնը կամ Բարեկարգութիւնը, Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրաց ընթացքը փոխե՞ց։

16 Աստուծոյ հօտին հովիւները ըլլալ դաւանելով հանդերձ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական եւ աշխարհիկ առաջնորդները, բուռն ատելութիւն ցոյց տուին Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քաջալերողներուն, կամ իրենց անաստուածաշնչական սովորութիւնները քօղազերծողներուն հանդէպ։ Ճոն Հուս եւ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Ուիլիըմ Թինտէյլ հալածուեցան եւ նահատակուեցան։ Խաւարի Միջին Դարերուն, հաւատուրացութեան տիրապետութիւնը սատանայական Կաթողիկէ Հաւատաքննութեամբ գագաթնակէտի մը հասաւ։ Ոեւէ մէկը որ եկեղեցիին ուսուցումներուն կամ հեղինակութեան հակառակէր, անողորմաբար կը հալածուէր. հազարաւոր այդպէս կոչուած հերետիկոսներ մինչեւ մահ չարչարուեցան կամ ցիցերու վրայ այրուեցան։ Այս կերպով Սատանան կը ջանար որ Աստուծոյ կնանման կազմակերպութենէն ոեւէ ճշմարիտ սերունդ շուտով ջախջախուէր։ Երբ Բողոքական ըմբոստութիւնը կամ Բարեկարգութիւնը եկաւ (1517–էն սկսեալ), Բողոքական շատ մը եկեղեցիներ նոյնանման անհանդուրժողութիւն ցոյց տուին։ Անոնք ալ արիւնապարտ եղան, սպաննելով անոնք որոնք կը ջանային հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի։ Իրապէս ‘սուրբերուն արիւնը’ անարգել հոսեցաւ։—Յայտնութիւն 16։6. համեմատել՝ Մատթէոս 23։33-36

Սերունդը կը Տոկայ

17. (ա) Յիսուսի ցորենի եւ որոմի առակը ի՞նչ կը նախագուշակէր։ (բ) Ի՞նչ պատահեցաւ 1918–ին եւ որո՞նք մերժուեցան, իսկ որո՞նք նշանակում ստացան։

17 Ցորենի եւ որոմի իր առակին մէջ, Յիսուս նախագուշակեց այն խաւար ժամանակաշրջանը որ գոյութիւն պիտի ունենար, Քրիստոնեայ Աշխարհի լիազօրութեամբ իշխած ընթացքին։ Սակայն, հաւատուրացութեան բոլոր դարերու ընթացքին, անհատապէս, ցորենի նմանող Քրիստոնեաներ՝ հարազատ օծեալներ գոյութիւն պիտի ունենային։ (Մատթէոս 13։24-29, 36-43) Ուստի, երբ տէրունական օրը ծագեցաւ 1914–ի Հոկտեմբերին, տակաւին երկրի վրայ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ կային։ (Յայտնութիւն 1։10) Այնպէս կը թուի որ Եհովա շուրջ երեքուկէս տարի ետք, 1918–ին, Յիսուսի՝ «ուխտին հրեշտակ»ին՝ հետ Իր հոգեւոր տաճարը եկաւ դատաստանի համար։ (Մաղաքեայ 3։1. Մատթէոս 13։47-50) Ժամանակն էր որ Տէրը վերջապէս մերժէր կեղծ Քրիստոնեաները, եւ ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան, իր բոլոր ունեցածին վրայ’ կեցնէր։—Մատթէոս 7։22, 23. 24։45-47

18. 1914–ին ի՞նչ բանին «ժամանակ»ը եկաւ եւ ծառային համար ի՞նչ ընելու ժամանակն էր։

18 Ժամանակը եկած էր նաեւ որ այս ծառան մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայէր եօթը ժողովքներուն Յիսուսի ղրկած պատգամներուն, ինչպէս կը տեսնենք հոն նշուած բաներէն։ Օրինակի համար, Յիսուս կը խօսի ժողովքները դատելու համար իր գալուն մասին, դատաստան մը, որ սկսաւ 1918–ին։ (Յայտնութիւն 2։5, 16, 22, 23. 3։3) Ան կը խօսի ‘բոլոր աշխարհի վրայ գալու փորձութեան ժամանակ’ Ֆիլատելֆիայի ժողովքը պահպանելու մասին։ (Յայտնութիւն 3։10, 11) Այս «փորձութեան ժամանակ»ը պիտի գար 1914–ին տէրունական օրուան արշալոյսին, որմէ ետք Քրիստոնեաները պիտի փորձուէին Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութեան առնչութեամբ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 24։3, 9-13

19. (ա) Եօթը ժողովքները ներկայիս ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաներուն որո՞նք միացած են մեծ թիւով, իսկ Յիսուսի խրատը եւ իր նկարագրած վիճակները ինչո՞ւ անոնց ալ կը կիրարկուին։ (գ) Առաջին դարուն, եօթը ժողովքներուն յղած Յիսուսի պատգամները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

19 Այս պատճառով, ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը իրենց գլխաւոր կատարումը ունեցած են 1914–էն ի վեր։ Այս պատկերին մէջ, եօթը ժողովքները կը պատկերացնեն տէրունական օրուան ընթացքին գոյութիւն ունեցող օծեալ Քրիստոնեաներու համայն ժողովքները։ Ասկէ զատ, վերջին աւելի քան 70 տարիներու ընթացքին, Յովհաննէսով պատկերացուած օծեալ Քրիստոնեաներուն միացած է հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը, որոնց յոյսն է յաւիտեան ապրիլ երկրային Դրախտի մը մէջ։ Փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսի խրատները եւ քննութիւն կատարելէ յետոյ եօթը ժողովքներուն մէջ անոր գտած վիճակները, նոյն չափով անոնց ալ կը կիրարկուին, քանի որ Եհովայի բոլոր ծառաներուն համար, արդարութեան եւ հաւատարմութեան մէկ չափանիշ գոյութիւն ունի։ (Ելից 12։49. Կողոսացիս 3։11) Հետեւաբար, Փոքր Ասիոյ մէջ առաջին դարու եօթը ժողովքներուն յղուած Յիսուսի պատգամները, լոկ պատմական հետաքրքրութիւններ չեն։ Անոնք իւրաքանչիւրիս համար մահու ու կենաց հարց են։ Ուստի, ուշադրութեամբ ականջ տանք Յիսուսի խօսքերուն։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Եբրայերէն բնագրին մէջ, Եսայեայ 44։6–ի մէջ «առաջին» եւ «վերջին» բառերուն հետ որոշիչ յօդ չկայ, մինչդեռ երբ Յիսուս ինքզինք կը նկարագրէ, Յունարէն բնագրին մէջ, Յայտնութիւն 1։17–ն որոշիչ յօդ ունի։ Ուստի, քերականականօրէն, Յայտնութիւն 1։17–ն տիտղոս ցոյց կու տայ, իսկ Եսայեայ 44։6–ն Եհովայի Աստուածութիւնը կը նկարագրէ։

^ պարբ. 6 Յունարէն ակկէ·լոս («անկէ·լոս» հնչուած) բառը կը նշանակէ «պատգամաբեր», ինչպէս նաեւ՝ «հրեշտակ»։ Մաղաքեայ 2։7–ի մէջ (Էջմիածին), Ղեւտացի քահանայի մը ակնարկուած է որպէս «պատգամաբեր» (Եբրայերէն՝ մալ·ախ)։—Տես՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով, ստորանիշ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 32]

Փորձութեան եւ դատաստանի ժամանակ մը

Յիսուս Յորդանան Գետին մէջ մկրտուեցաւ եւ որպէս նշանակուած Թագաւոր օծուեցաւ Հ.Դ. 29–ի Հոկտեմբերի ատենները։ Երեքուկէս տարի ետք՝ Հ.Դ. 33–ին, ան Երուսաղէմի տաճարը եկաւ եւ անկէ դուրս նետեց բոլոր անոնք որ զայն աւազակներու այր ըրած էին։ Այնպէս կը թուի որ զուգահեռ մը կայ ասոր, եւ երկնքի մէջ՝ 1914–ի Հոկտեմբերին Յիսուսի թագադրումէն երեքուկէս տարի ետք Քրիստոնէութիւն դաւանողները քննելու համար իր գալուն միջեւ, երբ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսաւ։ (Մատթէոս 21։12, 13. Ա. Պետրոս 4։17) 1918–ի սկիզբը, Եհովայի ժողովուրդին Թագաւորութեան գործունէութիւնը մեծ հակառակութեան հանդիպեցաւ։ Անիկա համաշխարհային փորձութեան ժամանակ մը եղաւ, եւ վախկոտները մաղուեցան։ 1918–ի Մայիսին, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները Դիտարանի Ընկերութեան պաշտօնեաներուն բանտարկութիւնը դաւեցին, սակայն, ինը ամիս ետք անոնք ազատ արձակուեցան։ Հետագային, անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները չեղեալ նկատուեցան։ 1919–էն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդին կազմակերպութիւնը փորձուած եւ զտուած ըլլալով, նախանձախնդրութեամբ դէպի առաջ ընթացաւ, Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը ծանուցանելով որպէս մարդկութեան յոյսը։—Մաղաքեայ 3։1-3

Երբ Յիսուս իր քննութիւնը սկսաւ 1918–ին, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները անկասկած աննպաստ վճիռ ստացան։ Անոնք ո՛չ միայն Աստուծոյ ժողովուրդը հալածած էին, այլ նաեւ՝ առաջին համաշխարհային պատերազմին, պատերազմող ազգերուն թիկունք կանգնած ըլլալով ծանր արիւնապարտութիւն մը ունէին։ (Յայտնութիւն 18։21, 24) Ապա այդ կղերները իրենց վստահութիւնը դրին մարդակերտ Ազգերու Դաշնակցութեան վրայ։ Սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան հետ, Քրիստոնեայ Աշխարհը ամբողջովին Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուցած է 1919–էն ի վեր։

[Քարտէս՝ էջ 28, 29]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԵՓԵՍՈՍ

ԶՄԻՒՌՆԻԱ

ՊԵՐԳԱՄՈՆ

ԹԻՒԱՏԻՐ

ՍԱՐԴԻԿԷ

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ

ԼԱՒՈԴԻԿԷ

[Նկարներ՝ էջ 31]

Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները ծանր արիւնապարտութեան տակ եկած են, հալածելով եւ սպաննելով Աստուածաշունչը թարգմանողները, կարդացողները եւ նոյնիսկ ունեցողները