Վատահամբաւ պոռնիկին դատաստանը
Գլուխ 33
Վատահամբաւ պոռնիկին դատաստանը
Տեսիլք 11—Յայտնութիւն 17։1-18
Նիւթ. Մեծն Բաբելոնը կարմիր գազանի մը վրայ հեծած է, որ վերջապէս իրեն դէմ կ’ելլէ ու կը կործանէ զինք
Կատարման ժամանակ. 1919–էն մինչեւ մեծ նեղութիւն
1. Եօթը հրեշտակներէն մէկը ի՞նչ կը յայտնէ Յովհաննէսի։
ԵՀՈՎԱՅԻ արդար բարկութիւնը ամբողջութեամբ՝ եօթը սկաւառակները՝ պէտք է թափուին։ Երբ վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը պարպեց վաղեմի Բաբելոնի վայրին վրայ, անիկա տեղին ըլլալով կը խորհրդանշէր Մեծն Բաբելոնի վրայ գալիք հարուածը, մինչ դէպքերը արագօրէն իրարու կը յաջորդեն դէպի Արմագեդոնի վերջնական պատերազմը։ (Յայտնութիւն 16։1, 12, 16) Հաւանաբար, այս նոյն հրեշտակն է որ հիմա կը յայտնէ թէ Եհովա ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս կը գործադրէ իր արդար դատաստանները։ Յովհաննէս իր տեսած ու լսած բանէն ապշահար կ’ըլլայ. «Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի. որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան’»։—Յայտնութիւն 17։1, 2
2. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ «մեծ պոռնիկ»ը (ա) երբեմնի Հռովմը չէ, (բ) մեծ առեւտուրը չէ, (գ) կրօնական ինքնութիւն ունի։
2 «Մեծ պոռնիկ». ինչո՞ւ այսքան ցնցիչ անուանակոչում մը։ Ո՞վ է ան։ Ոմանք այլաբանական այս պոռնիկը կապած են վաղեմի Հռովմի հետ։ Բայց Հռովմը քաղաքական զօրութիւն մըն էր։ Այս պոռնիկը երկրի թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ եւ ասիկա բացայայտօրէն Հռովմի թագաւորներն ալ կը պարփակէ։ Ասկէ զատ, անոր կործանումէն ետք, ըսուած է որ «երկրին թագաւորները» անոր կործանման համար կը սգան։ Հետեւաբար, անիկա չի կրնար քաղաքական զօրութիւն մը ըլլալ։ (Յայտնութիւն 18։9, 10) Իսկ քանի որ աշխարհի վաճառականներն ալ անոր վրայ կը սգան, անիկա չի կրնար մեծ առեւտուրը պատկերացնել։ (Յայտնութիւն 18։15, 16) Սակայն կը կարդանք որ անոր ‘կախարդութիւնովը բոլոր ազգերը մոլորեցան’։ (Յայտնութիւն 18։23) Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մեծ պոռնիկը համաշխարհային կրօնական ինքնութիւն մը ունենալու է։
3. (ա) Մեծ պոռնիկը ինչո՞ւ միայն Կաթողիկէ կրօնքը կամ նոյնիսկ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը չի խորհրդանշեր։ (բ) Արեւելեան շատ մը կրօնքներուն, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ Աշխարհի յարանուանութիւններուն մէջ բաբելոնական ի՞նչ վարդապետութիւններ կրնանք գտնել։ (գ) Կաթողիկէ կարդինալ Ճոն Հէնրի Նիումէն ի՞նչ ընդունեց Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը վարդապետութիւններուն, արարողութիւններուն եւ սովորութիւններուն ծագումին մասին։ (Տես ստորանիշը։)
3 Ո՞ր կրօնքը կը ներկայացնէ անիկա։ Արդեօք Կաթողիկէ՞ Եկեղեցին է, ինչպէս կը դաւանին ոմանք, թէ ոչ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը։ Եթէ ան բոլոր ազգերը կը մոլորեցնէ, ուրեմն անկէ աւելի լայնապարփակ պէտք է ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, անիկա սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է։ Անիկա ծագում առած է բաբելոնական խորհուրդներէն, ինչպէս կը տեսնուի համայն երկրի վրայի կրօնքներուն մէջ հասարակաց եղող բաբելոնական վարդապետութիւններէն եւ սովորութիւններէն։ Օրինակի համար, մարդկային հոգիին բնածին անմահութիւնը, տանջանքի դժոխքը եւ աստուածներու երրորդութիւնը կը գտնուին Արեւելեան շատ մը կրօնքներուն, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ Աշխարհի յարանուանութիւններուն մէջ։ Սուտ կրօնքը, որ աւելի քան 4,000 տարի առաջ ծաղկեցաւ վաղեմի Բաբելոն քաղաքին մէջ, ներկայիս դարձած է վիթխարի, եւ տեղին ըլլալով կոչուած է Մեծն Բաբելոն։ * Սակայն, «մեծ պոռնիկ» զզուելի անունը ինչո՞ւ տրուած է անոր։
4. (ա) Վաղեմի Իսրայէլը ի՞նչ կերպերով պոռնկութիւն ըրաւ։ (բ) Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ աչքառու կերպով պոռնկութիւն ըրած է։
4 Բաբելոնը (որ կը նշանակէ «Խառնակութիւն») Նաբուգոդոնոսորի օրով իր փառքի զենիթին հասաւ։ Անիկա կրօնա–քաղաքական պետութիւն մըն էր, աւելի քան հազար տաճարներով եւ մատուռներով։ Անոր քահանայութիւնը մեծ հեղինակութիւն կը բանեցնէր։ Թէեւ անկէ ի վեր Բաբելոնը շատոնց գոյութենէ դադրած է որպէս աշխարհակալ ոյժ, բայց կրօնական Մեծն Բաբելոնը տակաւին կը գոյատեւէ, եւ իր նախորդին նման տակաւին կը ջանայ քաղաքական գործերուն ազդել ու անոնց ձեւ տալ։ Բայց Աստուած կը հաճի՞ որ կրօնքը քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, ըսուած է որ Իսրայէլ պոռնկեցաւ, երբ սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղաւ եւ երբ, փոխանակ Եհովայի ապաւինելու, ազգերուն հետ դաշնակցութիւններ ըրաւ։ (Երեմեայ 3։6, 8, 9. Եզեկիէլ 16։28-30) Մեծն Բաբելոնն ալ պոռնկութիւն կ’ընէ։ Անիկա երկրի թագաւորներուն վրայ հեղինակութիւն եւ զօրութիւն բանեցնելու համար, ինչ որ շահաւէտ համարած է՝ ըրած է։—Ա. Տիմոթէոս 4։1
5. (ա) Կղերականները ի՞նչ երեւելի դիրքեր կը գրաւեն։ (բ) Աշխարհի մէջ կարկառուն դիրքեր գրաւելու փափաքը ինչո՞ւ ուղղակիօրէն հակառակ է Յիսուս Քրիստոսի ըսածին։
5 Ներկայիս, կրօնական առաջնորդներ յաճախ կառավարական բարձր պաշտօններ ստանալու համար արշաւներ կը ձեռնարկեն, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ ուղղակիօրէն կառավարութեան մաս կը կազմեն, մինչեւ իսկ դահլիճի մէջ պաշտօններ ստանձնելով։ 1988–ին, հանրածանօթ երկու Բողոքական պատուելիներ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածութեան ներկայացան։ Մեծն Բաբելոնի առաջնորդները կը սիրեն երեւնալ. անոնց նկարները յաճախ կը տեսնուին թերթերու մէջ, կարկառուն քաղաքագէտներու կողքին։ Յիսուս ճիշդ հակառակը, քաղաքական ամէն միջամտութիւն մերժեց եւ իր աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։—Յովհաննու 6։15. 17։16. Մատթէոս 4։8-10. տես նաեւ՝ Յակոբու 4։4
Արդի ‘Պոռնկութիւնը’
6, 7. (ա) Հիթլերի Նացի Կուսակցութիւնը ի՞նչպէս հեղինակութեան գլուխ անցաւ Գերմանիոյ մէջ։ (բ) Նացի Գերմանիոյ հետ Վատիկանի դաշինքը ի՞նչպէս օգնեց Հիթլերի որ աշխարհի տիրապետութեան համար առաջ նետուի։
6 Քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալով, մեծ պոռնիկը մարդկութեան անպատում վիշտեր պատճառած է։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի հեղինակութեան գլուխ անցնելուն իրողութիւնները, որոնք ա՛յնքան տգեղ իրողութիւններ են, որ ոմանք պիտի ուզէին պատմութեան գրքերէն սրբել զանոնք։ 1924–ի Մայիսին Նացի Կուսակցութիւնը 32 աթոռ ունէր Գերմանիոյ Խորհրդարանին մէջ։ 1928–ի Մայիսին, անիկա իջած էր 12–ի։ Սակայն, 1930–ի Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը աշխարհը պատեց, որմէ ետք Նացիները ուշագրաւօրէն ոտքի կանգնեցան եւ այսպիսով 1932–ի Յուլիսին Գերմանիոյ քուէարկութեան 608 աթոռներուն 230–ը շահեցան։ Անկէ անմիջապէս ետք, նախկին վարչապետ Ֆրանզ վոն Փափէն՝ Պապական Ասպետ մը, Նացիներուն օգնութեան հասաւ։ Պատմաբաններու համաձայն, վոն Փափէնի երազն էր Հռովմէական Սուրբ նոր Կայսրութիւն մը հիմնել։ Որպէս վարչապետ իր կարճատեւ պաշտօնավարութիւնը ձախորդութիւն մը եղած ըլլալով, ան յուսաց Նացիներու միջոցաւ հեղինակութիւն ձեռք ձգել։ Մինչեւ 1933–ի Յունուարը, ան Հիթլերի համար ճարտարարուեստի հսկաներու աջակցութիւնը երաշխաւորեց եւ հնարամտութիւն ու խարդախութիւն գործածելով այնպէս մը ըրաւ որ Հիթլեր Գերմանիոյ վարչապետը ըլլայ 30 Յունուար 1933–ին։ Իսկ ինք փոխ վարչապետ եղաւ եւ Հիթլեր զինք գործածեց Գերմանիոյ Կաթողիկէ հատուածներուն աջակցութիւնը երաշխաւորելու համար։ Հեղինակութեան գլուխ անցնելէն հազիւ երկու ամիս ետք, Հիթլեր խորհրդարանը արձակեց, հակառակ կուսակցութեան գլխաւորներէն հազարաւորներ կեդրոնացման ճամբարներ ուղարկեց եւ Հրեաները ճնշելու բացայայտ արշաւի մը ձեռնարկեց։
7 20 Յուլիս 1933–ին, Վատիկան հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ նացիական բարձրացող ուժին հանդէպ, երբ Կարդինալ Փաչելլին (որ հետագային Պապ Փիուս ԺԲ. եղաւ) Հռովմի մէջ դաշինք մը ստորագրեց Վատիկանի եւ Նացի Գերմանիոյ միջեւ։ Վոն Փափէնը որպէս Հիթլերի ներկայացուցիչը ստորագրեց վաւերագիրը, իսկ Փաչելլին՝ Փիուսի Կարգի Մեծ Խաչի պապական բարձր շքանշանով պատուեց վոն Փափէնը։ * Սէյթըն ին Թոփ Հէթ խորագրով իր գրքին մէջ, Թիպոր Գոէվէս այս մասին կը գրէ, նշելով. «Այս դաշնագիրը մեծ յաղթանակ մըն էր Հիթլերի համար։ Ասիկա բարոյական առաջին աջակցութիւնն էր որ կը ստանար դուրսի աշխարհէն եւ ան ալ շատ բարձր աղբիւրէ մը»։ Դաշնագիրը կը պահանջէր Վատիկանէն որ նեցուկ չկանգնէր Գերմանիոյ Կաթողիկէ Կեդրոնական Կուսակցութեան, այս կերպով վաւերացնելով Հիթլերի միակ կուսակցութիւնը՝ որպէս «ամբողջատիրական պետութիւն»։ * Աւելին ըլլալով, 14–րդ յօդուածը կ’ըսէր. «Արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու եւ նման նշանակումներ վաւերական պիտի ըլլան միմիայն՝ երբ Ռայխի կողմէ դրուած կառավարիչը լիովին վստահ ըլլայ որ անոնց քաղաքական ընդհանուր կարծիքներուն նկատմամբ որեւէ կասկած չկայ»։ 1933–ի վերջաւորութեան (Պապ Փիուս ԺԱ.–ի կողմէ «Սուրբ Տարի» հռչակուած), աշխարհին տիրելու Հիթլերի արշաւին մէջ, Վատիկանի աջակցութիւնը գլխաւոր ազդակը եղած էր։
8, 9. (ա) Վատիկանը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին ու անոր կղերականները ի՞նչպէս հակազդեցին Նացի բռնակալութեան։ (բ) Երբ Բ. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, Գերմանացի Կաթողիկէ եպիսկոպոսները ի՞նչ ըսին։ (գ) Կրօնա–քաղաքական յարաբերութեանց հետեւանքը ի՞նչ եղած է։
8 Թէեւ ափ մը վարդապետներ եւ մայրապետներ Հիթլերի գազանային արարքներուն համար բողոքեցին եւ անոր համար տառապեցան, բայց Վատիկանը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ անոր կղերներու բանակը, կա՛մ գործնականօրէն եւ կամ լռելեայն թիկունք կանգնեցան Նացի բռնակալութեան, զոր նկատեցին որպէս Համայնավարութեան համաշխարհային յառաջխաղացքին արգելք մը։ Վատիկանի մէջ բազմած Փիուս ԺԲ. Պապը առանց քննադատելու՝ հետեւեցաւ Հրեաներուն Ողջակիզութեան եւ Եհովայի Վկաներու եւ ուրիշներու անգութ հալածանքին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը երբ Գերմանիա այցելեց 1987–ի Մայիսին, անկեղծ վարդապետի մը հականացիական կեցուածքը գովեց. ի՜նչ հեգնական արարք մը։ Հազարաւոր Գերմանացի միւս կղերները ի՞նչ կ’ընէին Հիթլերի սարսափազդու իշխանութեան ընթացքին։ 1939–ի Սեպտեմբերին՝ երբ Բ. Աշխարհամարտը պայթեցաւ, Գերմանացի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու կողմէ հրատարակուած հովուական նամակ մը կը լուսաբանէ այս կէտը։ Անոր մէկ հատուածը կ’ըսէր. «Ճակատագրական այս պահուն, Կաթողիկէ մեր զինուորները կը խրատենք որ իրենց պարտականութիւնը կատարեն, հնազանդելով Ֆիւրըրին, ու իրենց ամբողջ անհատականութիւնը զոհելու պատրաստ ըլլան։ Մենք հաւատացեալներուն կոչ կ’ընենք, որ միասնաբար ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանեն, որպէսզի Աստուածային Նախախնամութիւնը այս պատերազմը յաջողութեամբ պսակէ»։
9 Կաթողիկէ այսպիսի քաղաքականութիւն մը լաւ կերպով կը պատկերացնէ այն պոռնկութիւնը, որու մասնակից եղած է կրօնքը անցեալ աւելի քան 4,000 տարիներու ընթացքին, քաղաքական Պետութեան հետ քծնելով, որպէսզի հեղինակութիւն եւ ուրիշ օգուտներ շահի։ Կրօնա–քաղաքական այսպիսի յարաբերութիւններ պատերազմներ ու հալածանքներ հրահրած են, ինչպէս նաեւ հսկայական տարողութեամբ մարդոց թշուառութեան նպաստած են։ Մարդկութիւնը ո՜րքան ուրախ կրնայ ըլլալ որ մեծ պոռնիկին վրայ Եհովայի դատաստանը մօտ է։ Կը մաղթենք որ անիկա շուտով կատարուի։
Շատ Ջուրերու Վրայ Նստած
10. Ի՞նչ են այն «շատ ջուրեր»ը որոնց վստահած է Մեծն Բաբելոնը պաշտպանութեան համար, եւ անոնց ի՞նչ կը պատահի։
10 Վաղեմի Բաբելոնը շատ ջուրերու՝ Եփրատ Գետին եւ բազմաթիւ ջրանցքներու վրայ նստած էր։ Այս ջուրերը զինք կը պաշտպանէին, ինչպէս նաեւ վաճառականական աղբիւր մը ըլլալով, հարստութիւն կ’ապահովէին իրեն. բայց մէկ գիշերուան մէջ անոնք ցամքեցան։ (Երեմեայ 50։38. 51։9, 12, 13) Մեծն Բաբելոնն ալ «շատ ջուրերու» կը վստահի, որ զինք պաշտպանեն եւ հարստացնեն։ Այս այլաբանական ջուրերը «ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ», ուրիշ խօսքով, միլիառաւոր մարդիկ՝ որոնց վրայ ան տիրած է եւ որոնցմէ նիւթական օգնութիւն քաղած է։ Բայց այս ջուրերն ալ կը ցամքին, կամ իրենց օգնութիւնը ետ կը քաշեն։—Յայտնութիւն 17։15. համեմատել՝ Սաղմոս 18։4. Եսայեայ 8։7
11. (ա) Վաղեմի Բաբելոնը ի՞նչպէս ‘բոլոր երկիրը գինովցուցած’ էր։ (բ) Մեծն Բաբելոնը ի՞նչպէս ‘բոլոր երկիրը գինովցուցած’ է։
11 Ասկէ զատ, երբեմնի Բաբելոնը նկարագրուած էր որպէս «Տէրոջը ձեռքին մէջ բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ» մը։ (Երեմեայ 51։7) Վաղեմի Բաբելոնը դրացի ազգերուն ստիպեց որ Եհովայի բարկութեան արտայայտութիւնները խմեն, երբ զինուորական ուժով զանոնք նուաճեց, գինով մարդոց նման տկարացնելով զանոնք։ Այս կէտին մէջ, ան Եհովայի ձեռքին մէջ գործիք եղաւ։ Մեծն Բաբելոնն ալ յաղթանակներ տարաւ, համաշխարհային կայսրութիւն մը դառնալու աստիճան։ Բայց վստահաբար անիկա Աստուծոյ գործիքը չէ։ Ընդհակառակը, ան «երկրին թագաւորներ»ուն ծառայած է, որոնց հետ կրօնական պոռնկութիւն կ’ընէ։ Ան այս թագաւորները գոհացուցած է, իր սուտ վարդապետութիւնները եւ գերեվարող սովորութիւնները գործածելով ժողովուրդներուն զանգուածները՝ «երկրին բնակիչները», գինով մարդոց նման տկարացնելով, որպէսզի հլու հնազանդ ենթարկուին իրենց կառավարիչներուն։
12. (ա) Ճափոնի մէջ Մեծն Բաբելոնի մէկ հատուածը ի՞նչպէս Բ. Աշխարհամարտին շատ մեծ արիւնահեղութեան պատճառ եղաւ։ (բ) Մեծն Բաբելոնի թիկունք կանգնող «ջուրեր»ը ի՞նչպէս ցամքած են Ճափոնի մէջ, եւ ի՞նչ արդիւնք տուած է ասիկա։
12 Շինթոյական Ճափոնը ասոր մէջ ուշագրաւ օրինակ մըն է։ Ճափոնցի զինուորին գլուխը լեցուցած էին որ եթէ իր կեանքը կայսրին՝ Շինթօ գերագոյն աստուծոյ համար տար, անիկա մեծագոյն պատիւն էր։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, շուրջ 1,500,000 Ճափոնցի զինուորներ մեռան պատերազմի մէջ. գրեթէ բոլորին համար, յանձնուիլը անպատուութիւն նկատուած էր։ Սակայն Ճափոնի պարտութեան որպէս հետեւանք, Հիրոհիթօ Կայսրը ստիպուած եղաւ հրաժարիլ ինքզինք աստուած սեպելէ։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Մեծն Բաբելոնի Շինթոյական հատուածին թիկունք կանգնող «ջուրեր»ը ուշագրաւօրէն ցամքին, բայց դժբախտաբար, Շինթոյականութիւնը Խաղաղականի պատերազմի թատերաբեմին վրայ ահաւոր կերպով արիւն թափելու հաւանութիւն տալէն ետք։ Շինթոյականութեան ազդեցութեան այս տկարացումը նաեւ ճամբան բացաւ որ այս վերջին տարիներուն աւելի քան 200,000 Ճափոնցիներ, որոնց մեծամասնութիւնը նախապէս Շինթոյական կամ Պուտտայական էին, Գերիշխան Տէր Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառաները ըլլան։
Պոռնիկը Գազանի մը Վրայ Նստած Է
13. Երբ հրեշտակը զինք հոգիին զօրութեամբ անապատ կը տանի, Յովհաննէս ի՞նչ ապշեցուցիչ տեսարան մը կը տեսնէ։
13 Մարգարէութիւնը տակաւին ի՞նչ կը յայտնէ մեծ պոռնիկին ու անոր ճակատագրին մասին։ Յովհաննէս ուրիշ ուշագրաւ տեսարան մը կը նկարագրէ. «Եւ [հրեշտակը] զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր»։—Յայտնութիւն 17։3
14. Ինչո՞ւ յարմար էր որ Յովհաննէս անապատ տարուէր։
14 Յովհաննէս ինչո՞ւ անապատ կը տարուի։ Վաղեմի Բաբելոնին դէմ եղած դատապարտութեան նախկին ծանուցում մը նկարագրուած էր որպէս «ծովուն անապատին» դէմ ծանուցում մը։ (Եսայեայ 21։1, 9) Ասիկա տեղին ազդարարութիւն մըն էր թէ հակառակ իր բոլոր ջուրերուն տուած պաշտպանութեան, վաղեմի Բաբելոնը անկենդան անապատի պիտի վերածուէր։ Ուստի, յարմար է որ Յովհաննէս իր տեսիլքին մէջ անապատ տարուի տեսնելու համար ինչ որ վիճակուած է Մեծն Բաբելոնի։ Անիկա ալ պիտի ամայանայ ու անապատ պիտի դառնայ։ (Յայտնութիւն 18։19, 22, 23) Սակայն, Յովհաննէս հոն իր տեսած բանով ապշահար կ’ըլլայ։ Մեծ պոռնիկը առանձին չէ։ Ան հսկայ գազանի մը վրայ նստած է։
15. Յայտնութիւն 13։1–ի եւ Յայտնութիւն 17։3–ի գազաններուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւններ կան։
15 Այս գազանը եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունի։ Ուստի, անիկա նախապէս Յովհաննէսի տեսած եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունեցող գազա՞նն է։ (Յայտնութիւն 13։1) Ո՛չ. այս երկուքին միջեւ տարբերութիւններ կան։ Ասոր գոյնը կարմիր է, եւ նախորդ գազանին նման թագեր չունի։ Փոխանակ միայն իր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ ունենալու, անիկա «լեցուն էր հայհոյութեան անուններով»։ Այսուհանդերձ, այս նոր գազանին եւ նախորդ գազանին միջեւ կապ մը պէտք է ըլլայ. անոնց միջեւ նմանութիւնները այնքան ուշագրաւ են որ կարելի չէ զանոնք դիպուածի վերագրել։
16. Կարմիր գազանին ինքնութիւնը ի՞նչ է, եւ անոր նպատակակէտին մասին ի՞նչ ըսուած է։
16 Արդ, այս կարմիր գոյնով նոր գազանը ի՞նչ է։ Անիկա պէտք է ըլլայ գազանին պատկերը, զոր գառնուկի նման երկու եղջիւր ունեցող Անգլօ–Ամերիկեան գազանին դրդումով մէջտեղ եկաւ։ Պատկերը շինուելէ ետք, այդ երկեղջիւրաւոր գազանին թոյլատրուեցաւ որ հոգի տայ գազանին պատկերին։ (Յայտնութիւն 13։14, 15) Յովհաննէս հոս կը տեսնէ ապրող, շնչող պատկերը։ Անիկա կը պատկերացնէ Ազգերու Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը, որու երկեղջիւրաւոր գազանը հոգի տուաւ 1920–ին։ Միացեալ Նահանգներու Նախագահը՝ Ուիլսըն, խորհած էր որ այս Դաշնակցութիւնը «բոլոր մարդոց համար արդարութիւն ի գործ դնելու իրաւական ատեանը պիտի ըլլայ եւ պատերազմի սպառնալիքը յաւիտեան պիտի սրբէ»։ Երբ անիկա Բ. Աշխարհամարտէն ետք յարութիւն առաւ որպէս Միացեալ Ազգեր, պայմանագրին համաձայն, անոր նպատակն էր «միջազգային խաղաղութիւնը ու ապահովութիւնը պահպանել»։
17. (ա) Այլաբանական կարմիր գազանը ի՞նչ կերպով հայհոյութեան անուններով լեցուն է։ (բ) Կարմիր գազանին վրայ ո՞վ նստած է։ (գ) Բաբելոնական կրօնքը ի՞նչպէս սկիզբէն իսկ Ազգերու Դաշնակցութեան ու անոր յաջորդին հետ կապեր ունեցաւ։
17 Այս այլաբանական գազանը ի՞նչ առումով հայհոյութեան անուններով լեցուն է։ Այն առումով որ մարդիկ այս բազմազգային կուռքը փոխանակեցին Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ. անոր վերագրելով այն ինչ որ, ըստ Աստուծոյ, միայն Թագաւորութիւնը կրնայ իրագործել։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 12։18, 21) Սակայն, Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ ուշագրաւ եղողը այդ էր որ Մեծն Բաբելոնը կարմիր գազանին վրայ նստած էր։ Մարգարէութիւնը շիտակ ելլելով, բաբելոնական կրօնքը, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, Ազգերու Դաշնակցութեան ու անոր յաջորդին հետ կապեր ունեցաւ։ 18 Դեկտեմբեր 1918–ին արդէն, ներկայիս ճանչցուած որպէս՝ Ամերիկայի Քրիստոսի Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը որոշում մը որդեգրեց, որ մասամբ կ’ըսէր. «Այսպիսի Դաշնակցութիւն մը պարզապէս քաղաքական նպատակի ծառայելու միջոց մը չէ. այլ անիկա երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնն է։ . . . Եկեղեցին կրնայ բարեացակամութեան հոգի մը յայտնել, առանց որու Ազգերու Դաշնակցութիւնը չի կրնար գոյատեւել։ . . . Ազգերու Դաշնակցութիւնը Աւետարանին վրայ հիմնուած է։ Աւետարանին նման, անոր նպատակակէտն է՝ ‘երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց հանդէպ հաճութիւն’»։
18. Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ նեցուկ կը կանգնին Ազգերու Դաշնակցութեան։
18 2 Յունուար 1919–ին, Սան Ֆրանսիսգօ Քրոնիքլ–ը առաջին էջին վրայ կը կրէր հետեւեալ խորագիրը՝ «Պապը Կոչ կ’Ընէ որ Ուիլսընի Ազգերու Դաշնակցութիւնը Որդեգրուի»։ 16 Հոկտեմբեր 1919–ին, գլխաւոր յարանուանութիւններու 14,450 կղերներու կողմէ ստորագրուած խնդրագիր մը ներկայացուեցաւ Մ.Ն. Ծերակոյտին, յորդորելով որ այդ անձնակազմը «վաւերացնէ ազգերու դաշնակցութեան ուխտը բովանդակող Փարիզի խաղաղութեան դաշինքը»։ Թէեւ Մ.Ն. Ծերակոյտը չվաւերացուց դաշինքը, բայց Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները շարունակեցին իրենց արշաւը ի նպաստ Ազգերու Դաշնակցութեան։ Իսկ Ազգերու Դաշնակցութեան պաշտօնական բացումը ի՞նչպէս եղաւ։ Զուիցերիայէն, 15 Նոյեմբեր 1920 թուակիր հաղորդում մը կ’ըսէր. «Այսօր առաւօտեան ժամը տասնըմէկին Ազգերու Դաշնակցութեան առաջին ժողովի բացումը ծանուցուեցաւ, Ժընեւի մէջ բոլոր եկեղեցիներու կոչնակներուն հնչուելով»։
19. Երբ կարմիր գազանը երեւան եկաւ, Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ ընթացք բռնեց։
19 Մեսիական Թագաւորութեան գալը սրտանց ողջունող միակ խումբը երկրի վրայ՝ Յովհաննէս դասակարգը, Քրիստոնեայ Աշխարհին ընկերակցեցա՞ւ կարմիր գազանը մեծարելու համար։ Բնա՛ւ երբեք։ Կիրակի 7 Սեպտեմբեր 1919–ին, Եհովայի ժողովուրդին Սիտըր Փոյնթի (Օհայօ) համաժողովին հետեւեալ խորագրով հանրային դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ՝ «Տառապեալ Մարդկութեան Յոյսը»։ Յաջորդ օրը, Սանտուսգիի Սթար Ճըրնըլ–ը տեղեկագրեց որ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, շուրջ 7,000 անհատներու ուղղելով իր դասախօսութիւնը, «հաւաստիացուց որ Տէրոջը տհաճութիւնը վստահաբար պիտի գայ Ազգերու Դաշնակցութեան վրայ . . . քանի որ Կաթողիկէ եւ Բողոքական կղերները, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ ներկայացուցիչները ըլլալ, իր ծրագիրը լքած եւ Ազգերու Դաշնակցութեան թիկունք կանգնած են, զայն ողջունելով որպէս երկրի վրայ Քրիստոսի Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնը»։
20. Կղերներուն համար ինչո՞ւ հայհոյութիւն էր Ազգերու Դաշնակցութիւնը ողջունել որպէս «երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւն»ը։
20 Ազգերու Դաշնակցութեան ողորմելի ձախողութիւնը պէտք էր որպէս ազդանշան ծառայէր կղերներուն, թէ մարդակերտ այսպիսի մարմիններ երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ մասը չեն կրնար ըլլալ։ Այսպիսի ծանուցում մը ի՜նչ մեծ հայհոյութիւն մըն է։ Անիկա այն տպաւորութիւնը կու տայ թէ Աստուած մասնակից էր Ազգերու Դաշնակցութեան հսկայական ձախորդութեան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ, իր «գործը կատարեալ է»։ Խաղաղութիւն բերելու եւ ինչպէս երկինքը, նոյնպէս երկրի վրայ իր կամքը կատարել տալու համար, Եհովա ո՛չ թէ իրարու հետ վիճաբանող քաղաքագէտներ պիտի գործածէ, որոնցմէ շատեր անաստուած են, հապա՝ Քրիստոսի յանձնուած Իր երկնային Թագաւորութիւնը։—Բ. Օրինաց 32։4. Մատթէոս 6։10
21. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մեծ պոռնիկը թիկունք կը կանգնի եւ կը հիանայ Ազգերու Դաշնակցութեան յաջորդին՝ Միացեալ Ազգերուն վրայ։
21 Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Ազգերու Դաշնակցութեան յաջորդին՝ Միացեալ Ազգերու մասին։ Անոր ծնունդէն իսկ, մեծ պոռնիկը անոր ալ կռնակը հեծած է, բացայայտօրէն ընկերակցելով անոր եւ ջանալով անոր ուղղութիւն տալ։ Օրինակի համար, Յունիս 1965–ին, անոր 20–րդ տարեդարձին առթիւ, Կաթողիկէ Եկեղեցիի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիի ներկայացուցիչներ, Բողոքականներու, Հրեաներու, Հինտուներու, Պուտտայականներու եւ Մահմետականներու հետ՝ որոնք կը ներկայացնէին երկրի բնակչութեան շուրջ երկու միլիառը, Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ հաւաքուեցան, ՄԱԿ–ի աջակցելու եւ անոր հանդէպ իրենց հիացմունքը հռչակելու համար։ Հոկտեմբեր 1965–ին ՄԱԿ–ի այցելութիւն տուած ժամանակ, Պօղոս Զ. Պապը զայն նկարագրեց որպէս «միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն մեծագոյնը» եւ աւելցուց. «Երկրի ժողովուրդները Միացեալ Ազգերուն կը դիմեն, որպէս համերաշխութեան ու խաղաղութեան վերջին յոյսը»։ Ուրիշ մը, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Հոկտեմբեր 1979–ին ՄԱԿ–ի այցելութիւն տալով ու խօսք առնելով, ըսաւ. «Յոյս ունիմ որ Միացեալ Ազգերը միշտ պիտի մնայ որպէս խաղաղութեան ու արդարութեան գերագոյն ատեանը»։ Յատկանշական է որ Պապը իր քարոզին մէջ շատ քիչ ուշադրութիւն ընծայեց Յիսուս Քրիստոսի կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Սեպտեմբեր 1987–ին Միացեալ Նահանգներ տուած իր այցելութեան ընթացքին, Տը Նիու Եորք Թայմզ–ը կը տեղեկագրէ թէ «Յովհաննէս Պօղոս երկար բարակ խօսեցաւ . . . ‘համաշխարհային նոր միասնականութիւն’ քաջալերելու մէջ Միացեալ Ազգերու խաղցած դրական դերին մասին»։
Անունը մը՝ Խորհուրդ
22. (ա) Մեծ պոռնիկը ի՞նչպիսի գազանի մը վրայ հեծած է։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ այլաբանական պոռնիկը՝ Մեծն Բաբելոնը։
22 Յովհաննէս առաքեալ շուտով պիտի տեղեկանայ որ մեծ պոռնիկը շատ վտանգաւոր գազանի մը վրայ հեծած է։ Բայց նախ իր ուշադրութեան կը յանձնուի Մեծն Բաբելոնը։ Ան ճոխ կերպով զարդարուած ըլլալով հանդերձ, ո՜րքան զզուելի է։ «Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։ Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. ‘Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը’։ Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր»։—Յայտնութիւն 17։4-6ա
23. Մեծն Բաբելոնի լման անունը ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
23 Ինչպէս որ սովորութիւն էր երբեմնի Հռովմի մէջ, այս պոռնիկին ինքնութիւնը յայտնի է ճակատին վրայ իր կրած անունով։ * Անիկա երկար անուն մըն է. «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ Այդ անունը «խորհուրդ» մըն է, իմաստը ծածկուած է։ Բայց Աստուծոյ յարմար ժամանակին, այդ խորհուրդը պիտի բացայայտուէր։ Արդարեւ, հրեշտակը Յովհաննէսի բաւարար տեղեկութիւն կու տայ, որպէսզի ներկայիս Եհովայի ծառաները այս նկարագրական անուան իմաստը լիովին կարենան ըմբռնել։ Կը հասկնանք որ Մեծն Բաբելոնը սուտ կրօնքի ամբողջութիւնն է։ Ան ‘պոռնիկներու մայրն’ է, քանի որ աշխարհի՝ մէջը ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհի, մէջ գտնուող բոլոր անհատական սուտ կրօնքներն ու յարանուանութիւնները իր աղջիկներուն նման են, որոնք հոգեւոր պոռնկութիւն ընելու մէջ զինք կ’ընդօրինակեն։ Ան նաեւ «պղծութիւններուն մայր»ն է, քանի որ կռապաշտութեան, ոգեհարցութեան, գուշակութեան, աստղաբաշխութեան, ձեռնագուշակութեան, մարդկային զոհերու, տաճարի պոռնկութեան, ի պատիւ սուտ աստուածներու գինովութեան եւ ուրիշ պիղծ սովորութիւններու նման գարշելի բաներու ծնունդ տուած է։
24. Ինչո՞ւ յարմար է որ Մեծն Բաբելոնը ներկայացուած ըլլայ որպէս «ծիրանի ու կարմիր» հագած եւ «զարդարուած . . . ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով»։
24 Մեծն Բաբելոնը «ծիրանի ու կարմիր» հագած էր, թագաւորական գոյներ, եւ «զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով»։ Ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը։ Պահ մը խորհեցէք հոյակապ շինարարութիւններու, հազուագիւտ արձաններու եւ նկարչութիւններու, անգին սրբանկարներու եւ կրօնական ուրիշ իրերու, ինչպէս նաեւ այս աշխարհի կրօնքներուն հաւաքած անհաշիւ ստացուածքներուն ու դրամին մասին։ Վատիկանի մէջ ըլլայ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեդրոնացած հեռատեսիլի քարոզիչներու կայսրութեան, թէ Արեւելքի մենաստաններուն ու տաճարներուն մէջ, Մեծն Բաբելոնը հսկայական հարստութիւն կուտակած, եւ երբեմն ալ կորսնցուցած է։
25. (ա) Ի՞նչ կը խորհրդանշէ ‘պղծութիւններով լեցուն ոսկիէ գաւաթը’։ (բ) Այլաբանական պոռնիկը ի՞նչ առումով գինովցած է։
25 Արդ նայեցէք թէ պոռնիկը իր ձեռքին մէջ ի՛նչ ունի։ Յովհաննէսի շունչը բռնուած ըլլալու է այս երեւոյթէն. ոսկիէ գաւաթ մը, «պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն»։ Այս գաւաթը կը պարունակէ «իր կատաղի պոռնկութեանը գինի»ն, որով բոլոր ազգերը արբեցուց։ (Յայտնութիւն 14։8. 17։4) Անիկա դուրսէն թանկարժէք կ’երեւայ, բայց անոր բովանդակութիւնը նողկալի՝ պիղծ է։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 23։25, 26) Անիկա կը պարունակէ բոլոր պիղծ սովորութիւնները եւ սուտերը, զորս մեծ պոռնիկը գործածած է ազգերը հրապուրելու եւ զանոնք իր ազդեցութեան ներքեւ բերելու համար։ Իսկ աւելի ընդվզեցուցիչը այն է՝ որ Յովհաննէս կը տեսնէ որ պոռնիկը գինով է, Աստուծոյ ծառաներուն արիւնովը արբեցած։ Արդարեւ, հետագային կը կարդանք որ «մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 18։24) Ի՜նչ արիւնահեղութիւն։
26. Մեծն Բաբելոնի արիւնապարտ ըլլալուն համար ի՞նչ ապացոյց կայ։
26 Դարերու ընթացքին, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը հեղեղանման արիւն հոսեցուցած է։ Օրինակ, միջնադարեան Ճափոնի մէջ, Գիյոթոյի տաճարները ամրոցներու վերածուեցան, եւ ռազմիկ–վանականները «Պուտտայի սուրբ անունը» կանչելով իրարու դէմ կռուեցան, մինչեւ որ փողոցները թափուած արիւնով կարմրեցան։ Ի. դարուն, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները իրենց պատկան երկրին բանակներուն միացան, որոնք զիրար ջարդեցին, առնուազն հարիւր միլիոն կեանքեր խլելով։ 1987–ի Հոկտեմբերին, Մ.Ն. նախկին նախագահը՝ Նիգսըն, ըսաւ. «Քսաներորդ դարը պատմութեան ամենէն արիւնաթոր դարը եղած է։ Այս դարուս պատերազմներուն մէջ շատ աւելի անհատներ մեռած են, քան այս դարը սկսելէն առաջ մղուած բոլոր պատերազմներուն»։ Աշխարհի կրօնքները այս բոլորին մէջ մատ ունենալով, Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած են. Եհովայի համար զզուելի են «անմեղ արիւն թափող ձեռքեր»ը։ (Առակաց 6։16, 17) Քիչ առաջ, Յովհաննէս սեղանէն եկող աղաղակ մը լսած էր. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն»։ (Յայտնութիւն 6։10) Երբ այս հարցումին պատասխանելու ժամանակը գայ, Մեծն Բաբելոնը, պոռնիկներուն ու երկրի պղծութիւններուն մայրը, մեծապէս պարփակուած պիտի ըլլայ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 3 Հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն, արարողութիւններուն ու սովորութիւններուն մեծամասնութեան ծագումը քրիստոնէական չըլլալը նշելով, ԺԹ. դարու Կաթողիկէ կարդինալ Ճոն Հէնրի Նիումէն՝ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Զարգացման Մասին Քննասիրութիւն գրքին մէջ գրեց. «Տաճարներու գործածութիւնը, եւ զանոնք մասնայատուկ սուրբերու նուիրելը, որոշ առիթներու զանոնք ծառերու ճիւղերով զարդարելը. խունկը, ճրագները, եւ մոմերը. հիւանդութենէ մը առողջանալէ ետք ուխտանուէր մատուցանելը. սրբազան ջուրը. որպէս ապաստանարան ծառայելը. տօները եւ եղանակները, օրացոյցի գործածութիւնը, թափօրները, դաշտերը օրհնելը. քահանայական զգեստները, հերախուզութիւնը, ամուսնութեան մատանին, Արեւելք դառնալը, աւելի ուշ մուտք գործած՝ պատկերները, թերեւս եկեղեցական շարականները, եւ Տէ՛ր ողորմեան, այս բոլորը հեթանոսական ծագում ունին, բայց Եկեղեցիին մէջ ներմուծուելով սրբացուած են»։
Փոխանակ այսպիսի կռապաշտական բաները սրբացնելու, «Ամենակալ Տէրը» Քրիստոնեաներուն հետեւեալ խրատը կու տայ. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք . . . Պիղծ բանի մի՛ դպչիք»։—Բ. Կորնթացիս 6։14-18
^ պարբ. 7 Ուիլիըմ Լ. Շիրըրի պատմական աշխատասիրութիւնը՝ Երրորդ Ռայխին Բարձրացումն ու Անկումը՝ կը նշէ թէ վոն Փափէն «Հիթլերի իշխանութեան գլուխ անցնելու մէջ շատ աւելի պատասխանատու էր, քան Գերմանիոյ մէջ ոեւէ մէկը»։ 1933–ի Յունուարին, Գերմանիոյ նախկին վարչապետը վոն Շլէյշըր՝ վոն Փափէնի համար ըսած էր. «Ան ա՛յնպիսի դաւաճան մը եղաւ, որու քով Իսկարիովտացի Յուդան սուրբ մըն է»։
^ պարբ. 7 14 Մայիս 1929–ին, Մոնտրակոն Քոլէճի աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Պապ Փիուս ԺԱ. ըսաւ որ ինք մինչեւ իսկ Սատանային հետ համաձայնութիւններ կը կնքէ, եթէ հոգիներու բարիքին համար անիկա հարկ ըլլայ։
^ պարբ. 23 Համեմատեցէք իր ճամբէն շեղած կրօնաւորուհիի մը ուղղուած Հռովմէացի հեղինակ Սէնէգայի խօսքերը (մէջբերուած Սվէթի կողմէ). «Դո՛ւն, ո՛վ աղջիկ, վատահամբաւ տան մէջ կեցար . . . անունդ ճակատէդ կախուած է. քու անպատուութեանդ փոխարէն դրամ ընդունեցիր»։—Controv. i, 2
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 237]
Չըրչիլ կը քօղազերծէ ‘պոռնկութիւնը’
Իր գրքին մէջ՝ Կուտակուող Փոթորիկը (1948), Ուինսթըն Չըրչիլ կը տեղեկագրէ որ Հիթլեր Վիեննայի մէջ Ֆրանզ վոն Փափէնը որպէս Գերման դեսպան նշանակեց, «Աւստրիական քաղաքականութեան կարկառուն անձնաւորութիւնները տկարացնելու կամ զանոնք սիրաշահելու համար»։ Չըրչիլ կը մէջբերէ վոն Փափէնի մասին Վիեննայի մօտ Մ.Ն. դեսպանին մէկ խօսքը. «Ամենայն յանդգնութեամբ եւ անպատկառութեամբ . . . Փափէն ինծի ըսաւ որ . . . մտադիր էր որպէս լաւ Կաթողիկէ իր համբաւը օգտագործել Աւստրիացիներուն վրայ հեղինակութիւն ունենալու համար, Կարդինալ Իննիձէրի նման»։
Աւստրիան անձնատուր ըլլալէ եւ Հիթլերի բուռն յարձակում գործող ջոկատները տողանցելով Վիեննա մտնելէ ետք, Կաթողիկէ կարդինալ Իննիձէր պատուէր տուաւ որ բոլոր Աւստրիական եկեղեցիները կեռխաչի դրօշակը կանգնեցնեն, իրենց կոչնակները հնչեցնեն եւ Ատոլֆ Հիթլերի տարեդարձին առթիւ աղօթեն։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 238]
Այս խորագրին ներքեւ Տը Նիու Եորք Թայմզ–ի 7 Դեկտեմբեր 1941–ի համարին առաջին հրատարակութեան մէջ լոյս տեսաւ հետեւեալ յօդուածը.
ՌԱՅԽԻ ՀԱՄԱՐ ‘ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՂՕԹՔ’
«Ֆուլտայի Մէջ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Օրհնութիւն եւ Յաղթանակ կը Մաղթեն . . . Գերմանացի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Խորհրդաժողովը որ Ֆուլտայի մէջ հաւաքուած էր, յանձնարարեց որ մասնայատուկ ‘պատերազմի աղօթք’ մը ներկայացուի, որ ամէն ժամերգութեան սկիզբը եւ վերջաւորութեան կարդացուի։ Աղօթքը Նախախնամութենէն կը պաղատէր որ օրհնէր գերմանական զէնքերը, անոնց յաղթանակ տալով եւ բոլոր զինուորներուն առողջութեան ու կեանքին վրայ հսկէր։ Եպիսկոպոսները նաեւ հրահանգ տուին Կաթողիկէ կղերներուն որ առնուազն ամիսը անգամ մը Կիրակի օրուան մասնաւոր քարոզով մը յիշեն Գերմանացի զինուորները, որոնք ‘ցամաքի ու ծովու վրայ, եւ օդին մէջ ն’»։
Այս յօդուածը թերթին յաջորդ հրատարակութիւններէն հանուեցաւ։ 7 Դեկտեմբեր 1941–ին էր որ Նացի Գերմանիոյ դաշնակից Ճափոնը Փըրլ Հարպըրի մէջ Մ.Ն. նաւատորմին վրայ յարձակում գործեց։
[Շրջանակ՝ էջ 244]
«Հայհոյութեան անուններ»
Երբ երկեղջիւրաւոր գազանը Ազգերու Դաշնակցութիւնը քաջալերեց Ա. Աշխարհամարտէն ետք, անոր կրօնական բազմաթիւ սիրուհիները անմիջապէս ջանացին կրօնական հաւանութիւն տալ այս շարժումին։ Որպէս հետեւանք, խաղաղութեան նոր կազմակերպութիւնը ‘հայհոյութեան անուններով լեցուեցաւ’։
«Քրիստոնէութիւնը կրնայ բարեհաճութիւն եւ զօրութիւն հայթայթել [ազգերու] դաշնակցութեան, եւ այս կերպով այդ դաշնագրութիւնը թուղթի կտորէ մը վերածել Աստուծոյ թագաւորութեան մէկ գործիքին»։—Տը Քրիսչըն Սէնչըրի, Ա.Մ.Ն., 19 Յունիս 1919, էջ 15։
«Ազգերու Դաշնակցութեան գաղափարն է, Աստուծոյ Թագաւորութեան գաղափարախօսութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու վերածել, որպէս բարեհաճութեան համաշխարհային կարգախօս մը։ . . . Բոլոր Քրիստոնեաները ասո՛ր համար կ’աղօթեն, երբ կ’ըսեն. ‘Քու Թագաւորութիւնդ գայ’»։—Տը Քրիսչըն Սէնչըրի, Ա.Մ.Ն., 25 Սեպտեմբեր 1919, էջ 7։
«Ազգերու Դաշնակցութեան շաղախը՝ Քրիստոսի արիւնն է»։—Տոքթ. Ֆրէնգ Գրէյն, Բողոքական քարոզիչ, Ա.Մ.Ն.։
«[Ժողովական Եկեղեցիներու Ազգային] Խորհուրդը սատար կը կանգնի [Ազգերու Դաշնակցութեան] Ուխտին, որպէս հիմա ձեռնտու եղող քաղաքական միակ գործիքը, որու միջոցաւ Յիսուս Քրիստոսի Հոգին ազգերու գործերուն մէջ աւելի լայն տարողութեամբ ու գործնական կերպով կրնայ կիրարկուիլ»։—Տը Քանկկրիկէյշընէլիսթ էնտ Ըտվէնս, Ա.Մ.Ն., 6 Նոյեմբեր 1919, էջ 642։
«Այս համագումարը կոչ կ’ընէ բոլոր Մեթոտականներուն, որ [Ազգերու Դաշնակցութեան] գաղափարախօսութիւնները մեծապէս ջատագովեն ու քաջալերեն, որպէս Հօր Աստուծոյ եւ Աստուծոյ երկրային զաւակներուն կողմէ արտայայտուած գաղափարներ»։—Վէսլէյըն Մեթոտական Եկեղեցի, Բրիտանիա։
«Երբ այս համաձայնութեան տենչերը, կարելիութիւնները եւ որոշումները նկատի առնենք, կը տեսնենք որ անիկա Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն ծուծը կը կազմէ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը . . . ուրիշ ոչինչ»։—Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին քարոզը, Ժընեւի մէջ Ազգերու Դաշնակցութեան Համաժողովի բացման առթիւ, 3 Դեկտեմբեր 1922։
«Ազգերու Դաշնակցութեան Ընկերակցութիւնը այս երկրի մէջ, նոյն սուրբ իրաւունքը ունի ինչպէս մարդասիրական միսիոնարութեան ընկերութիւն մը, քանի որ ներկայիս անիկա, ազգերուն մէջ որպէս խաղաղութեան Իշխան՝ Քրիստոսի իշխանութեան ամենէն ազդու գործակալութիւնն է»։—Տոքթ. Կարվի, Ժողովական Եկեղեցիի քարոզիչ, Բրիտանիա։
[Քարտէս՝ էջ 236]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը
Համայն աշխարհի մէջ հաւատացուած սուտ վարդապետութիւնները Բաբելոնէն ծագում առած են
Բաբելոն
Երրորդութիւններ կամ եռեակ աստուածներ
Մարդկային հոգին մահուընէ ետք կը վերապրի
Ոգեհարցութիւն՝ «մեռելներ»ուն հետ խօսիլ
Պաշտամունքի մէջ պատկերներու գործածութիւն
Հմայեակներու գործածութիւն՝ դեւերը մեղմացնելու համար
Հեղինակաւոր քահանաներու իշխանութիւն
[Նկար՝ էջ 239]
Վաղեմի Բաբելոնը շատ ջուրերու վրայ նստած էր
[Նկար՝ էջ 239]
Արդի մեծ պոռնիկն ալ «շատ ջուրերու» վրայ նստած է
[Նկար՝ էջ 241]
Մեծն Բաբելոնը վտանգաւոր գազանի մը վրայ նստած է
[Նկարներ՝ էջ 242]
Կրօնական պոռնիկը երկրի թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն ըրած է
[Նկարներ՝ էջ 245]
Կինը ‘սուրբերուն արիւնովը գինովցած է’