Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Օձին գլուխը կը ջախջախուի

Օձին գլուխը կը ջախջախուի

Գլուխ 40

Օձին գլուխը կը ջախջախուի

Տեսիլք 14—Յայտնութիւն 20։1-10

Նիւթ. Սատանային անդունդ ձգուիլը, Հազարամեայ Իշխանութիւնը, մարդկութեան վերջին փորձը եւ Սատանային կործանումը

Կատարման ժամանակ. Մեծ նեղութեան վերջաւորութենէն մինչեւ Սատանայի կործանումը

1. Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութեան կատարումը ի՞նչպէս ընթացած է։

 ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ առաջին մարգարէութիւնը կը յիշէ՞ք։ Այդ մարգարէութիւնը Եհովա Աստուած տուաւ, երբ Օձին ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Հիմա, այդ մարգարէութեան վերջնական կատարումին ժամանակը հասած է։ Եհովայի կնանման երկնային կազմակերպութեան դէմ Սատանայի պատերազմին պատմականը ըրինք։ (Յայտնութիւն 12։1, 9) Օձին երկրային սերունդը, իր կրօնքով, քաղաքականութեամբ եւ մեծ առեւտուրով, բիրտ հալածանք բերած է կնոջ սերունդին՝ երկրի վրայ Յիսուս Քրիստոսի եւ իր 144,000 օծեալ հետեւորդներուն, վրայ։ (Յովհաննու 8։37, 44. Գաղատացիս 3։16, 29) Սատանան տանջալի մահ մը բերաւ Յիսուսի վրայ։ Բայց ասիկա գարշապարի վէրքի նման էր, քանի որ Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց իր հաւատարիմ Որդին։—Գործք 10։38-40

2. Օձը ի՞նչպէս կը ջախջախուի, եւ Օձին երկրային սերունդին ի՞նչ կը պատահի։

2 Ի՞սկ Օձը եւ իր սերունդը. . . ։ Հ.Դ. 56–ի ատենները, Պօղոս առաքեալ երկար նամակ մը գրեց Հռովմի Քրիստոնեաներուն։ Անոր վերջաւորութեան, անոնց հետեւեալ քաջալերութիւնը տուաւ. «Խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ»։ (Հռովմայեցիս 16։20) Ասիկա մակերեսային ճզմումէ մը աւելին է։ Սատանան պիտի ջախջախուի։ Պօղոս հոս Յունարէն սին·թրիպօ բառը գործածեց, որ կը նշանակէ մածոյցի վիճակի մէջ բերելու աստիճան ճզմել, կոխկռտել, ամբողջովին կործանել՝ ճզմելով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Օձին մարդկային սերունդին, անիկա իրական հարուածներու պիտի ենթարկուի տէրունական օրուան ընթացքին, իսկ Մեծն Բաբելոնի եւ աշխարհի քաղաքական դրութիւններու եւ անոնց տնտեսական եւ զինուորական կողմնակիցներուն ամբողջական ջախջախումով, անիկա իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, մեծ նեղութեան մէջ։ (Յայտնութիւն 18 եւ 19–րդ գլուխները) Այս կերպով Եհովա երկու սերունդներու միջեւ թշնամութիւնը բարձրակէտի կը հասցնէ։ Աստուծոյ կնոջ Սերունդը Օձին երկրային սերունդին կը յաղթէ եւ զայն կը չքացնէ։

Սատանան Անդունդ կը Ձգուի

3. Ըստ Յովհաննէսի, Սատանային ի՞նչ պիտի պատահի։

3 Արդ, ի՞նչ վերապահուած է Սատանայի եւ իր դեւերուն։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։ Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար»։—Յայտնութիւն 20։1-3

4. Անդունդին բանալին ունեցող հրեշտակը ո՞վ է եւ ի՞նչպէս գիտենք։

4 Այս հրեշտակը ո՞վ է։ Ան հսկայական ոյժ պէտք է ունենայ, որպէսզի Եհովայի մեծագոյն թշնամին կարենայ վերացնել։ Ան «անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը» ունի։ Ասիկա մեզի նախորդ տեսիլք մը չի՞ յիշեցներ։ Այո, մարախներուն թագաւորը կոչուած էր «անդունդին հրեշտակը»։ (Յայտնութիւն 9։11) Ուստի, հոս անգամ մը եւս Եհովայի Գլխաւոր Ջատագովը, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը գործի վրայ կը տեսնենք։ Այս հրեշտակապետը որ Սատանան երկնքէն դուրս նետեց, որ դատեց Մեծն Բաբելոնը եւ «երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը» վերացուց Արմագեդոնին, վստահաբար մէկ կողմ քաշուելով թոյլ պիտի չտար որ իրմէ ստորադաս հրեշտակ մը տար Սատանան անդունդը ձգելու գլխաւոր հարուածը։—Յայտնութիւն 12։7-9. 18։1, 2. 19։11-21

5. Անդունդին հրեշտակը ի՞նչպէս կը վարուի Բանսարկու Սատանային հետ եւ ինչո՞ւ։

5 Երբ մեծ շառագոյն վիշապը երկնքէն վար նետուեցաւ, անոր մասին խօսուեցաւ որպէս «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։3, 9) Հիմա, իր բռնուած եւ անդունդը նետուելու վրայ եղած վիճակին մէջ, ան դարձեալ նկարագրուած է որպէս «վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է»։ Այս վատահամբաւ յափշտակողը, խաբողը, զրպարտողը եւ հակառակորդը կը շղթայուի եւ ‘անդունդը կը ձգուի’ եւ վրան կը գոցուի եւ լաւ մը կը կնքուի, «որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը»։ Սատանան անդունդը կը մնայ հազար տարի, որու ընթացքին մարդկութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենայ, խորունկ զնտանի մը մէջ դրուած բանտարկեալի մը նման։ Անդունդին հրեշտակը Սատանան կը հեռացնէ արդար Թագաւորութեան հետ որեւէ շփում ունենալէ։ Ի՜նչ հանգստութիւն մարդկութեան համար։

6. (ա) Ի՞նչ ապացոյց կայ որ դեւերն ալ անդունդ կ’երթան։ (բ) Հիմա ի՞նչ կրնայ սկսիլ եւ ինչո՞ւ։

6 Իսկ ի՞նչ կը պատահի դեւերուն։ Անոնք ալ ‘դատաստանի համար պահուած’ են։ (Բ. Պետրոս 2։4) Սատանան կոչուած է «դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխան»ը։ (Ղուկաս 11։15, 18. Մատթէոս 10։25) Քանի որ անոնք երկա՜ր ժամանակ Սատանայի հետ համագործակցած են, նոյն դատավճիռին պէտք չէ՞ արժանանան։ Դեւերը վաղուց կը վախնան անդունդէն. առիթով մը երբ Յիսուս անոնց դիմադրեց, «անոնք կ’աղաչէին անոր որ անդունդը երթալու հրաման չընէ իրենց»։ (Ղուկաս 8։31) Բայց երբ Սատանան անդունդը ձգուի, անշուշտ իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ անդունդը պիտի ձգուին։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 24։21, 22) Սատանան եւ իր դեւերը անդունդը ձգուելէն ետք, Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը կրնայ սկսիլ։

7. (ա) Սատանան եւ իր դեւերը անդունդին մէջ ի՞նչ վիճակ պիտի ունենան եւ ի՞նչպէս գիտենք։ (բ) Հատէսը եւ անդունդը նո՞յնն են։ (Տես ստորանիշը։)

7 Սատանան եւ իր դեւերը անդունդին մէջ գործունեայ պիտի ըլլա՞ն։ Յիշեցէք եօթը գլխանի կարմիր գազանը, որ «կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու» վրայ էր։ (Յայտնութիւն 17։8) Անդունդին մէջ եղած ժամանակ, անիկա ‘չկար’։ Անիկա անգործունեայ, անշարժացած վիճակ մը ունէր, անոր բոլոր մտադրութիւններն ու նպատակները մեռած էին։ Նոյնպէս Յիսուսի մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու)»։ (Հռովմայեցիս 10։7) Այդ անդունդին մէջ, Յիսուս մեռած էր։ * Ուստի, տրամաբանական է եզրակացնել որ Սատանան եւ իր դեւերը հազար տարի անդունդը գտնուած ժամանակ մահանման անգործունէութեան վիճակի մէջ պիտի ըլլան։ Ի՜նչ բարի լուր մը արդարութիւնը սիրողներուն համար։

Դատաւորներ՝ Հազար Տարուան Համար

8, 9. Արդ, Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ աթոռներու վրայ նստողներուն մասին եւ անոնք ո՞վ են։

8 Հազար տարուընէ ետք, Սատանան անդունդէն կ’արձակուի կարճ ժամանակուան մը համար։ Ինչո՞ւ։ Ասոր պատասխանելէ առաջ, Յովհաննէս մեր ուշադրութիւնը կը դարձնէ այդ ժամանակաշրջանի սկիզբին վրայ։ Կը կարդանք. «Աթոռներ տեսայ, որոնց վրայ նստան եւ անոնց դատաւորութիւն տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 20։4ա) Աթոռներու վրայ նստող եւ երկնքի մէջ փառաւորեալ Յիսուսի հետ իշխողները որո՞նք են։

9 Անոնք «սուրբեր»ն են, զորս Դանիէլ նկարագրեց որպէս «Որդին մարդոյ նման» Մէկուն հետ Թագաւորութեան մէջ իշխողներ։ (Դանիէլ 7։13, 14, 18) Անոնք նոյն այդ 24 երէցներն են, որոնք ուղղակի Եհովայի ներկայութեան երկնային աթոռներու վրայ կը նստին։ (Յայտնութիւն 4։4) Անոնց մէջ կը գտնուին 12 առաքեալները, որոնց Յիսուս խոստացաւ. «Դուք որ իմ ետեւէս եկաք, միւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Մատթէոս 19։28) Անոնց մէջ կան նաեւ Պօղոս եւ Կորնթացի Քրիստոնեաները, որոնք հաւատարիմ մնացած էին։ (Ա. Կորնթացիս 4։8. 6։2, 3) Նաեւ՝ Լաւոդիկէի ժողովքի անդամները, որոնք յաղթած էին։—Յայտնութիւն 3։21

10. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ 144,000 թագաւորները։ (բ) Յովհաննէսի նախապէս ըսածէն դատելով, 144,000 թագաւորներուն մէջ որո՞նք կան։

10 144,000 աթոռներ պատրաստուած են այս յաղթող օծեալներուն համար, որոնք «մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու»։ (Յայտնութիւն 14։1, 4) Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Նաեւ Յիսուսին վկայութեանը համար ու Աստուծոյ խօսքին համար [«կացինով», ՆԱ] գլխատուածներուն հոգիները տեսայ։ Անոնք, որ երկրպագութիւն չըրին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին ու անոր դրոշմը իրենց ճակատներուն վրայ ու իրենց ձեռքին վրայ չընդունեցին»։ (Յայտնութիւն 20։4բ) Այդ թագաւորներուն մէջ կը գտնուին ուրեմն նահատակուած օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք նախապէս, հինգերորդ կնիքը բացուած ժամանակ, Եհովայի հարցուցին թէ իրենց արեան վրէժը առնելու համար տակաւին ո՛րքան պիտի սպասէին։ Այդ ժամանակ անոնց ճերմակ հանդերձներ տրուեցան եւ ըսուեցաւ որ քիչ մը եւս սպասեն։ Բայց հիմա, Մեծն Բաբելոնը աւերուած, Թագաւոր թագաւորացը եւ Տէր տերանցը ազգերը կործանած եւ Սատանան անդունդը ձգած ըլլալով, անոնց վրէժը առնուած է։—Յայտնութիւն 6։9-11. 17։16. 19։15, 16

11. (ա) Ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք «կացինով գլխատուած» արտայայտութիւնը։ (բ) Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ 144,000–ին բոլորը զոհագործական մահով մեռած են։

11 Այս 144,000 արքայական դատաւորներուն բոլորն ալ բառացիօրէն ‘կացինո՞վ գլխատուած’ էին։ Հաւանական է որ յարաբերաբար քիչեր բառացիօրէն գլխատուեցան։ Բայց այս արտայայտութիւնը անկասկած կ’ընդգրկէ այն բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք կերպով մը նահատակուած են։ * (Մատթէոս 10։22, 28) Վստահաբար, Սատանան պիտի փափաքէր բոլորն ալ կացինով գլխատել, բայց իրականութեան մէջ, Յիսուսի բոլոր օծեալ եղբայրները չնահատակուեցան։ Անոնցմէ շատեր հիւանդութեան, կամ յառաջացած տարիքի պատճառաւ մահացան։ Սակայն անոնք ալ Յովհաննէսի տեսած խումբին կը պատկանին։ Անոնց բոլորին ալ մահը կերպով մը զոհագործական է։ (Հռովմայեցիս 6։3-5) Ասկէ զատ, անոնցմէ ոեւէ մէկը աշխարհին մաս չկազմեց։ Հետեւաբար, բոլորն ալ ատուած էին աշխարհի կողմէ, ուրիշ խօսքով՝ անոր աչքին մեռած։ (Յովհաննու 15։19. Ա. Կորնթացիս 4։13) Անոնցմէ ոեւէ մէկը երկրպագութիւն չըրաւ գազանին կամ անոր պատկերին. իսկ իրենց մահուան ժամանակ, անոնցմէ ոեւէ մէկը գազանին նշանը չունէր իր վրայ։ Բոլորն ալ մեռան որպէս յաղթողներ։—Ա. Յովհաննու 5։4. Յայտնութիւն 2։7. 3։12. 12։11

12. Յովհաննէս ի՞նչ կը տեղեկագրէ 144,000 թագաւորներուն մասին, եւ անոնց կեանքի գալը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։

12 Արդ, այս յաղթողները դարձեալ կ’ապրին։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Եւ ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին»։ (Յայտնութիւն 20։4գ) Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞ որ այս դատաւորները կը յարուցանուին ազգերը բնաջնջուելէ եւ Սատանան ու իր դեւերը անդունդը ձգուելէն ետք միայն։ Ոչ. անոնցմէ շատերը արդէն ողջ են, քանի որ Արմագեդոնին ազգերուն դէմ կռուելու համար Յիսուսի կողքին կը ձիավարեն։ (Յայտնութիւն 2։26, 27. 19։14) Արդարեւ, Պօղոս նշեց որ անոնց յարութիւնը կը սկսի 1914–ին Յիսուսի ներկայութիւնը սկսելէն անմիջապէս վերջ, եւ թէ ոմանք միւսներէն առաջ կը յարուցանուին։ (Ա. Կորնթացիս 15։51-54. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15-17) Հետեւաբար, անոնց ետ կեանքի գալը որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ տեղի կ’ունենայ, մինչ անհատաբար անմահ կեանքի պարգեւը կը ստանան երկնքի մէջ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7. Բ. Պետրոս 3։11-14

13. (ա) Ի՞նչպէս պէտք է նկատենք հազար տարին, որու ընթացքին 144,000–ը կ’իշխեն եւ ինչո՞ւ։ (բ) Յերապոլիսի Պապիասը ի՞նչպէս կը նկատէր հազարամեան։ (Տես ստորանիշը։)

13 Անոնց իշխանութիւնը եւ դատավարութիւնը հազար տարուան համար է։ Ասիկա բառացի՞ հազար տարի է թէ ոչ այլաբանական է, որպէս չսահմանուած, երկար ժամանակաշրջան մը։ «Հազարաւորներ» կրնայ նշանակել մեծ, անսահման թիւ մը, ինչպէս՝ Ա. Թագաւորաց 21։11–ի մէջ։ Բայց հոս «հազար»ը բառացի է, քանի որ Յայտնութիւն 20։5-7–ի մէջ անիկա երեք անգամ կ’անցնի, որպէս «հազար տարին»։ Պօղոս դատաստանի այս ժամանակը կոչեց «օր մը», երբ ըսաւ. «Ինք [Աստուած] օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ»։ (Գործք 17։31) Քանի որ Պետրոս կ’ըսէ որ Եհովայի քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է, ուստի յարմար է որ Դատաստանի այս Օրը բառացի հազար տարի ըլլայ։ *Բ. Պետրոս 3։8

Միւս Մեռելները

14. (ա) Յովհաննէս «միւս մեռելներ»ուն մասին ի՞նչ կ’աւելցնէ։ (բ) Պօղոս առաքեալի արտայայտութիւնները ի՞նչպէս լոյս կը սփռեն ‘ապրեցան’ բառին վրայ։

14 Արդ, այս թագաւորները որո՞նց պիտի դատեն, եթէ, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ հոս կ’աւելցնէ. «Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ»։ (Յայտնութիւն 20։5ա) Դարձեալ, ‘ապրեցան’ բառը բովանդակութեան համաձայն պէտք է հասկցուի։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ տարբեր իմաստներ ունենալ, տարբեր պարագաներու մէջ։ Օրինակ, Պօղոս իր օծեալ հաւատակից Քրիստոնեաներուն մասին ըսաւ. «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց»։ (Եփեսացիս 2։1) Այո, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները ‘կենդանացած էին’, նոյնիսկ առաջին դարուն, Յիսուսի զոհագործութեան վրայ իրենց ունեցած հաւատքին հիման վրայ արդար յայտարարուած էին։—Հռովմայեցիս 3։23, 24

15. (ա) Եհովայի նախաքրիստոնէական ծառաները Իր առջեւ ի՞նչ դիրք վայելեցին։ (բ) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս ‘կ’ապրին’, եւ բառին բուն առումով ե՞րբ պիտի ժառանգեն երկիրը։

15 Նոյն կերպով, նախաքրիստոնէական շրջանի Եհովայի վկաները արդար յայտարարուեցան Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած բարեկամութեան հիման վրայ. իսկ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի մասին խօսուած է որպէս «կենդանիներ», հակառակ անոր որ անոնք ֆիզիքապէս մեռած էին։ (Մատթէոս 22։31, 32. Յակոբու 2։21, 23) Սակայն, անոնք եւ ուրիշ յարուցանուածներ, ինչպէս նաեւ Արմագեդոնէն վերապրելիք հաւատարիմ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը եւ նոր աշխարհին մէջ անոնց ծնելիք զաւակները, տակաւին մարդկային կատարելութեան պէտք է բերուին։ Ասիկա պիտի իրագործուի հազարամեայ Դատաստանի Օրուան ընթացքին, Քրիստոսի եւ իր ընկերակից թագաւորներուն եւ քահանաներուն միջոցաւ, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Այդ Օրուան վերջաւորութեան, «միւս մեռելները» պիտի ‘ապրին’, այդ առումով որ կատարեալ անհատներ պիտի ըլլան։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, անոնք այդ ատեն վերջին փորձէ մը պիտի անցնին, բայց այդ փորձին պիտի ենթարկուին որպէս կատարեալ մարդիկ։ Երբ փորձէն յաջող կերպով անցնին, Աստուած զանոնք յաւիտեան ապրելու արժանի, բառին բուն իմաստով՝ արդարներ պիտի յայտարարէ։ Անոնք հետեւեալ խոստումին ամբողջական կատարումը պիտի վայելեն. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Ի՜նչ հաճելի ապագայ մը վերապահուած է հնազանդ մարդկութեան համար։

Առաջին Յարութիւնը

16. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Քրիստոսի հետ որպէս թագաւորներ իշխողներուն յարութիւնը եւ ինչո՞ւ։

16 Արդ, ետ դառնալով անոնց, որոնք «ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին», Յովհաննէս կը գրէ. «Ասիկա է առաջին յարութիւնը»։ (Յայտնութիւն 20։5բ) Ի՞նչ առումով առաջին։ Ժամանակի կողմէ «առաջին յարութիւն», քանի որ անոր մասնակից եղողները «Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի»ներ են։ (Յայտնութիւն 14։4) Անիկա կարեւորութեան կողմէ ալ առաջինն է, քանի որ անոր մասնակից եղողները Յիսուսի հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ըլլան եւ մնացեալ մարդկութիւնը պիտի դատեն։ Վերջապէս, անիկա որակի կողմէ ալ առաջինն է։ Յիսուս Քրիստոսէ զատ, առաջին յարութեան մասնակից եղողները միակ արարածներն են որ անմահութիւն կը ստանան, ըստ Աստուածաշունչին։—Ա. Կորնթացիս 15։53. Ա. Տիմոթէոս 6։16

17. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ օծեալ Քրիստոնեաներուն օրհնեալ հեռանկարը։ (բ) Ի՞նչ է «երկրորդ մահը», եւ անիկա ինչո՞ւ «իշխանութիւն չունի» 144,000 յաղթողներուն վրայ։

17 Ի՜նչ օրհնեալ հեռանկար մը այս օծեալներուն համար։ Ինչպէս Յովհաննէս կ’ըսէ. «Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի»։ (Յայտնութիւն 20։6ա) Ինչպէս Յիսուս խոստացաւ Զմիւռնիայի ժողովքի Քրիստոնեաներուն, «առաջին յարութեան» մասնակից եղող այս յաղթողները որեւէ կերպով պիտի չվնասուին «երկրորդ մահ»էն, որ բնաջնջում՝ ոչնչացում կը նշանակէ, առանց յարութեան յոյսի։ (Յայտնութիւն 2։11. 20։14) Երկրորդ մահը «իշխանութիւն չունի» այս յաղթողներուն վրայ, քանի որ անոնք անապականութիւն եւ անմահութիւն հագած պիտի ըլլան։—Ա. Կորնթացիս 15։53

18. Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ երկրի նոր կառավարիչներուն մասին, եւ անոնք ի՞նչ պիտի իրագործեն։

18 Ասոնք ո՜րքան տարբեր պիտի ըլլան Սատանայի իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ տիրող թագաւորներէն։ Անոնք ամենէն շատ 50 կամ 60 տարի իշխած են, իսկ հսկայ մեծամասնութիւնը՝ միայն քանի մը տարի։ Անոնցմէ շատերը մարդկութիւնը հարստահարած են։ Ամէն պարագայի, ազգերը ի՞նչպէս մշտատեւ օգուտներ կրնային քաղել յարափոփոխ քաղաքականութիւն վարող՝ յարափոփոխ կառավարիչներէն։ Ասոր հակառակը, երկրի նոր կառավարիչներուն մասին Յովհաննէս կ’ըսէ. «Հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն»։ (Յայտնութիւն 20։6բ) Յիսուսի հետ, անոնք մէկ կառավարութիւն պիտի կազմեն՝ հազար տարի։ Յիսուսի կատարեալ մարդկային զոհագործութեան օգուտները կիրարկելով, անոնք իրենց քահանայական ծառայութեամբ հնազանդ մարդկութիւնը հոգեւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական կատարելութեան պիտի հասցնեն։ Անոնց թագաւորական ծառայութեան որպէս հետեւանք, մարդկային համաշխարհային ընկերութիւն մը պիտի կերտուի, որ Եհովայի արդարութիւնը եւ սրբութիւնը պիտի արտացոլացնէ։ Որպէս դատաւորներ, անոնք Յիսուսի հետ, ընդառաջող մարդիկը հազար տարի սիրալիր կերպով պիտի առաջնորդեն դէպի յաւիտենական կեանքի նպատակակէտը։—Յովհաննու 3։16

Վերջին Փորձը

19. Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան երկրին եւ մարդկութեան վիճակը ո՞ւր հասած պիտի ըլլայ, եւ հիմա Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։

19 Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան, ամբողջ երկիրը սկզբնական Եդեմին պիտի նմանի։ Անիկա իրական դրախտ մը պիտի ըլլայ։ Կատարեալ մարդկութիւնը այլեւս քահանայապետի մը կարիքը պիտի չունենայ, որպէսզի Աստուծոյ քով միջամտութիւն ընէ, քանի որ Ադամական մեղքին բոլոր հետքերը վերցուած եւ վերջին թշնամին՝ մահը, չքացած պիտի ըլլան։ Քրիստոսի Թագաւորութիւնը մէկ աշխարհ, մէկ կառավարութիւն ստեղծելու Աստուծոյ նպատակը իրագործած պիտի ըլլայ։ Այս հանգրուանին հասցնելէ ետք, Յիսուս «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը»։—Ա. Կորնթացիս 15։22-26. Հռովմայեցիս 15։12

20. Ըստ Յովհաննէսի, ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ վերջին փորձին ժամանակ։

20 Արդ, վերջին փորձին ժամանակը հասած է։ Եդեմի առաջին մարդոց հակառակը, մարդկային այդ կատարեալ աշխարհը իր ուղղամտութեան մէջ հաստատ պիտի մնա՞յ։ Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ. «Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։ Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը [«բանակավայրը», ՆԱ] ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին»։—Յայտնութիւն 20։7, 8

21. Վերջին ջանք մը թափելով, Սատանան ի՞նչ կ’ընէ, եւ ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ ոմանք Սատանային պիտի հետեւին նոյնիսկ Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութենէն ետք։

21 Սատանայի վերջին ջանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ան պիտի «մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը» եւ զանոնք «պատերազմի» պիտի առաջնորդէ։ Հազարամեայ ուրախ եւ կերտիչ աստուածպետական իշխանութենէն ետք, ո՞վ Սատանայի կողմը կ’ուզէ անցնիլ։ Մի՛ մոռնաք որ Սատանան կրցաւ կատարեալ Ադամն ու Եւան մոլորեցնել, երբ Եդեմի Դրախտին մէջ կեանքը կը վայելէին։ Ան նաեւ կրցաւ մոլորեցնել երկնային հրեշտակները, որոնք տեսած էին առաջին ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները։ (Բ. Պետրոս 2։4. Յուդա 6) Ուստի, պէտք չէ զարմանանք որ կատարեալ մարդոցմէ ոմանք Սատանայի պիտի հետեւին, նոյնիսկ Աստուծոյ Թագաւորութեան հազարամեայ հաճելի իշխանութենէն ետք։

22. (ա) «Երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ըմբոստները ինչո՞ւ «Գոգն ու Մագոգը» կը կոչուին։

22 Աստուածաշունչը այդ ըմբոստները «երկրին չորս անկիւնները եղող ազգեր» կը կոչէ։ Ասիկա չի նշանակեր որ մարդկութիւնը անգամ մը եւս բաժնուած պիտի ըլլայ անմիաբան ազգային էութիւններու։ Անիկա պարզապէս կը նշէ որ անոնք իրենք զիրենք պիտի անջատեն Եհովայի արդար ու հաւատարիմ ծառաներէն եւ ներկայ ազգերուն ունեցած նոյն չար հոգին պիտի ցուցաբերեն։ Անոնք Եզեկիէլի մարգարէութեան Մագոգի Գոգին նման ‘չար խորհուրդ մը պիտի մտածեն’, երկրի վրայ աստուածպետական կառավարութիւնը կործանելու նպատակաւ։ (Եզեկիէլ 38։3, 10-12) Անոր համար անոնք կոչուած են «Գոգն ու Մագոգը»։

23. Ըմբոստներուն համրանքը «ծովու աւազին չափ» ըլլալը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

23 Այս ըմբոստութեան մէջ Սատանայի միացողներուն համրանքը պիտի ըլլայ «ծովու աւազին չափ»։ Այսինքն ո՞րչափ։ Մասնաւոր թիւ մը նախասահմանուած չէ։ (Համեմատել՝ Յեսուայ 11։4. Դատաւորաց 7։12) Ըմբոստներու վերջնական համրանքը կախեալ պիտի ըլլայ Սատանայի խորամանկութիւններուն հանդէպ իւրաքանչիւր անհատի հակազդեցութենէն։ Անկասկած, անոնք բաւական շատ պիտի ըլլան, քանի որ իրենք զիրենք զօրաւոր պիտի խորհին «սուրբերուն բանակավայրը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատել»ու համար։

24. (ա) «Սիրելի քաղաքը» ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչպէս չորս կողմէն կը պատուի։ (բ) «Սուրբերուն բանակավայրը» ի՞նչ կը ներկայացնէ։

24 «Սիրելի քաղաքը» պէտք է ըլլայ այն քաղաքը որու մասին փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ իր հետեւորդներուն Յայտնութիւն 3։12–ի մէջ եւ զայն կոչեց ‘իմ Աստուծոյս քաղաքը, այսինքն նոր Երուսաղէմը, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ’։ Քանի որ ասիկա երկնային կազմակերպութիւն մըն է, այս երկրային ուժերը ի՞նչպէս ‘կը պատեն’ զայն։ Անով որ անոնք «սուրբերուն բանակավայրը» չորս կողմէն կը պատեն։ Բանակավայր մը քաղաքէն դուրս կ’ըլլայ. հետեւաբար, «սուրբերուն բանակավայրը» պէտք է ներկայացնէ անոնք որոնք Նոր Երուսաղէմի երկնային վայրէն դուրսը՝ երկրի վրայ կը գտնուին եւ հաւատարմօրէն սատար կը կանգնին Եհովայի կառավարական կարգադրութեան։ Երբ Սատանայի առաջնորդութեան ներքեւ եղող ըմբոստները յարձակին այդ հաւատարիմներուն վրայ, Տէր Յիսուս զայն կը նկատէ որպէս իր անձին վրայ յարձակում։ (Մատթէոս 25։40, 45) Այդ «ազգերը» պիտի փորձեն մէջտեղէն վերցնել ինչ որ երկնային Նոր Երուսաղէմը իրագործած է երկիրը դրախտի վերածելու համար։ Ուստի, «սուրբերուն բանակավայր»ին վրայ յարձակելով, անոնք նաեւ «սիրելի քաղաք»ին վրայ ալ յարձակած կ’ըլլան։

Կրակի ու Ծծումբի Լիճը

25. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ ըմբոստներուն յարձակումը «սուրբերուն բանակավայր»ին վրայ, եւ ասիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ Սատանայի համար։

25 Սատանայի այս վերջին ջանքը պիտի յաջողի՞։ Վստահաբար ո՛չ. ինչպէս որ պիտի չյաջողի մեր օրերուն հոգեւոր Իսրայէլի վրայ Մագոգի Գոգին յարձակումը։ (Եզեկիէլ 38։18-23) Յովհաննէս վառ կերպով կը նկարագրէ ասոր հետեւանքը. «Երկնքէն Աստուծմէ կրակ իջաւ ու սպառեց զանոնք, իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ, ուր էին գազանը եւ սուտ մարգարէն»։ (Յայտնութիւն 20։9-10ա) Փոխանակ միմիայն անդունդը ձգուելու, այս անգամ Սատանան՝ առաջին օձը, պիտի ջախջախուի, ոչնչացուի եւ ամբողջովին բնաջնջուի, որպէս թէ կրակով։

26. «Կրակի ու ծծումբի լիճ»ը ինչո՞ւ տանջանքի բառացի վայր մը չի կրնար ըլլալ։

26 Արդէն նշեցինք որ «կրակի ու ծծումբի լիճ»ը չի կրնար տանջանքի բառացի վայր մը ըլլալ։ (Յայտնութիւն 19։20) Եթէ Սատանան հոն յաւիտեան պիտի տանջուի, Եհովան պէտք է զինք ողջ պահէ։ Սակայն կեանքը պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ պատիժ։ Մահը մեղքին պատիժն է եւ Աստուածաշունչին համաձայն, մեռած արարածները ցաւ չեն զգար։ (Հռովմայեցիս 6։23. Ժողովողի 9։5, 10) Ասկէ զատ, հետագային կը կարդանք որ մահը եւ Հատէսը կրակի ու ծծումբի նոյն լիճին մէջ կը նետուին։ Վստահաբար մահն ու Հատէսը չեն կրնար տանջուիլ։—Յայտնութիւն 20։14

27. Սոդոմի ու Գոմորի պատահածը ի՞նչպէս կրակի ու ծծումբի լիճ արտայայտութիւնը հասկնալու կ’օգնէ։

27 Այս բոլորը նեցուկ կը կանգնին այն տեսակէտին թէ կրակի ու ծծումբի լիճը այլաբանական է։ Ասկէ զատ, կրակը եւ ծծումբը մեզի կը յիշեցնեն երբեմնի Սոդոմի ու Գոմորի ճակատագիրը, զորս Աստուած կործանեց իրենց լուրջ ամբարշտութեան պատճառաւ։ Երբ անոնց ժամանակը հասաւ, «Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն»։ (Ծննդոց 19։24) Այս երկու քաղաքներուն վրայ եկածը կը կոչուի «յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը»։ (Յուդա 7) Սակայն այս երկու քաղաքները յաւիտենական տանջանք չկրեցին։ Այլ, իրենց անառակ բնակչութեան հետ անոնք սրբուեցան, յաւիտեան բնաջնջուեցան։ Ներկայիս այդ քաղաքները չկան, եւ ոեւէ մէկը վստահ կերպով չի կրնար ըսել անոնց գտնուած վայրը։

28. Ի՞նչ է կրակի ու ծծումբի լիճը, եւ անիկա մահուընէ, Հատէսէն եւ անդունդէն ի՞նչպէս տարբեր է։

28 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուածաշունչը ինք կը բացատրէ կրակի ու ծծումբի լիճին իմաստը. «Ասիկա է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 20։14) Որոշ է ուրեմն, որ անիկա Յիսուսի յիշած Գեհենին հետ նոյնիմաստ է. վայր մը ուր ամբարիշտը կ’ոչնչանայ, ոչ թէ յաւիտեան կը տանջուի։ (Մատթէոս 10։28) Անիկա ամբողջական, լրիւ կործանում մըն է՝ առանց յարութեան յոյսի։ Անոր համար, թէեւ մահուան, Հատէսին եւ անդունդին համար բանալիներ կան, բայց կրակի ու ծծումբի լիճը բացող բանալի յիշուած չէ։ (Յայտնութիւն 1։18. 20։1) Անիկա իր մէջի գերիները բնաւ պիտի չարձակէ։—Համեմատել՝ Մարկոս 9։42-46

Ցերեկ ու Գիշեր՝ Յաւիտեան կը Չարչարուին

29, 30. Յովհաննէս ի՞նչ կ’ըսէ Բանսարկուին, ինչպէս նաեւ գազանին եւ սուտ մարգարէին մասին, եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։

29 Բանսարկուին, ինչպէս նաեւ գազանին եւ սուտ մարգարէին ակնարկելով, Յովհաննէս կ’ըսէ. «Հոն պիտի չարչարուին ցորեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից»։ (Յայտնութիւն 20։10բ) Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասոր իմաստը։ Ինչպէս արդէն յիշեցինք, անտրամաբանական է ըսել որ գազանին, սուտ մարգարէին, ինչպէս նաեւ մահուան ու Հատէսին նման այլաբանական բաներ բառացիօրէն կը չարչարուին։ Ուստի, որեւէ պատճառ չունինք հաւատալու թէ Սատանան յաւիտեան պիտի չարչարուի։ Ան պիտի բնաջնջուի։

30 Հոս ‘չարչարանքի’ համար գործածուած Յունարէն բառը՝ պա·սա·նիզօ, գլխաւորաբար կը նշանակէ «(մետաղները) փորձաքարով փորձել»։ «Չարչարելով հարցուփորձ» ընելը անոր երկրորդ իմաստն է։ (Թէյըրի՝ Նոր Կտակարանի Յունարէնէ–Անգլերէն Նոր Բառագիրք) Բովանդակութեան մէջ, Յունարէն այս բառին գործածութիւնը ցոյց կու տայ որ Սատանային պատահածը յաւիտեան որպէս փորձաքար պիտի ծառայէ, Եհովայի իշխանութեան իրաւացի եւ արդար ըլլալու հարցին համար։ Գերիշխանութեան այդ հարցը մի անգամ ընդմիշտ լուծուած պիտի ըլլայ։ Այլեւս անգամ մը եւս Եհովայի գերիշխանութեան դէմ կարդացուած մարտահրաւէր մը երկար ժամանակ փորձի պիտի չենթարկուի, անոր սխալ ըլլալը փաստելու համար։—Համեմատել՝ Սաղմոս 92։1, 15

31. ‘Չարչարանք’ բառին համար Յունարէն երկու բառեր ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի որ Բանսարկու Սատանային կրելիք պատիժը հասկնանք։

31 Ասկէ զատ, անոր առնչուած պա·սա·նի·ստէս բառը՝ «չարչարող», Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է որպէս «բանտապահ»։ (Մատթէոս 18։34. Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութիւն) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Սատանան յաւիտեան կրակի լիճին մէջ պիտի բանտարկուի ու բնա՛ւ պիտի չարձակուի։ Վերջապէս, Յունարէն Եօթանասնից–ին մէջ, որու քաջածանօթ էր Յովհաննէս, պասա·նոս բառը գործածուած է, մահուան առաջնորդող նուաստացումին ակնարկելու համար։ (Եզեկիէլ 32։24, 30) Ասիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ Սատանայի ենթարկուած պատիժը, կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ նուաստացուցիչ, յաւիտենական մահ մըն է։ Իր գործերն ալ իրեն հետ կը մեռնին։—Ա. Յովհաննու 3։8

32. Դեւերը ի՞նչ պատիժի պիտի ենթարկուին եւ ի՞նչպէս գիտենք։

32 Այս համարին մէջ դարձեալ դեւերը յիշուած չեն։ Անոնք Սատանային հետ պիտի արձակուի՞ն հազարամեայի վերջաւորութեան, անոր հետ յաւիտենական մահուան պատիժին ենթարկուելու համար։ Բացայայտ է որ պատասխանը այո է։ Ոչխարներու ու այծերու առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ այծերը պիտի երթան «յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար։ (Մատթէոս 25։41) «Յաւիտենական կրակ» արտայայտութիւնը պէտք է ակնարկէ կրակի ու ծծումբի լիճին, ուր Սատանան պիտի ձգուի։ Սատանային հրեշտակները իրեն հետ դուրս նետուեցան երկինքէն։ Որոշ է ուրեմն, որ Հազարամեայ Իշխանութեան սկիզբը, անոնք իրեն հետ անդունդը գացին։ Հետեւաբար, անոնք նաեւ իրեն հետ պիտի ոչնչացուին կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ։—Մատթէոս 8։29

33. Ծննդոց 3։15–ի ո՞ր վերջին մանրամասնութիւնները այն ատեն կատարուած պիտի ըլլան, եւ հիմա Եհովայի հոգին ո՞ր հարցին վրայ կը դարձնէ Յովհաննէսի ուշադրութիւնը։

33 Այսպիսով, Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան վերջին մանրամասնութիւնները կը կատարուին։ Երբ Սատանան կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ նետուի, ան պիտի մեռնի՝ գլուխը երկաթէ կրունկով ջախջախուած օձի մը նման։ Ինք եւ իր դեւերը յաւիտեան գացած պիտի ըլլան։ Անկէ ետք այլեւս Յայտնութիւն գրքին մէջ իրենց մասին չի խօսուիր։ Այլեւս մարգարէաբար անոնցմէ ձերբազատուած ըլլալով, Եհովայի հոգին ուշադրութիւն կը դարձնէ երկրային յոյս սնուցանողներուն համար անյետաձգելի կարեւորութիւն ունեցող հարցի մը վրայ. «թագաւորներուն Թագաւոր»ին եւ «կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ»ներուն երկնային իշխանութեան հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 17։14) Այս հարցումին պատասխանելու համար, Յովհաննէս մեզ Հազարամեայ Իշխանութեան սկիզբին կը վերադարձնէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Ուրիշ համարներ կ’ըսեն որ Յիսուս մեռած ժամանակ Հատէսի մէջ էր։ (Գործք 2։31) Բայց պէտք չէ եզրակացնենք որ Հատէսը եւ անդունդը միշտ նոյն բանին կ’ակնարկեն։ Մինչ գազանը եւ Սատանան անդունդը կ’երթան, միայն մարդիկն են որ Հատէս կ’երթան, ուր մահուան մէջ կը քնանան, մինչեւ իրենց յարուցանուիլը։—Յոբայ 14։13. Յայտնութիւն 20։13

^ պարբ. 11 Այնպէս կը թուի որ կացինը (Յունարէն՝ բէլէ·գուս) Հռովմի մէջ մահապատիժի սովորական գործիքն էր, թէեւ Յովհաննէսի օրերուն աւելի կը գործածուէր սուրը։ (Գործք 12։2) Հետեւաբար, հոս գործածուած Յունարէն բառը բէ·բէ·լէ·գիս·մէնոն («կացինով գլխատուած»), պարզապէս կը նշանակէ «մահապատիժի ենթարկուած»։

^ պարբ. 13 Հետաքրքրականօրէն, Յերապոլիսի Պապիասը, որ կը կարծուի որ Աստուածաշունչի մասին իր ունեցած գիտութեան մէկ մասը ստացած էր Յայտնութիւնը գրող Յովհաննէսի աշակերտներէն, կը հաւատար Քրիստոսի բառացի Հազարամեայ Իշխանութեան, չորրորդ դարուն ապրած Եւսեբիոս պատմաբանին համաձայն (թէեւ Եւսեբիոս ինք մեծապէս հակառակ էր անոր գաղափարին)։—Եկեղեցիին Պատմութիւնը, Եւսեբիոս, Գ., 39։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 293]

Մեռեալ Ծովը. Սոդոմի ու Գոմորի հաւանական վայրը

[Նկարներ՝ էջ 294]

«Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»