Յիսուս Քրիստոս ո՞վ է
Յիսուս Քրիստոս ո՞վ է
«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ չեղող շատեր անգամ կը հաւատան որ Ան մեծ եւ իմաստուն ուսուցիչ մըն էր։ Ան վստահաբար ցարդ ապրած ամենէն ազդեցիկ անհատներէն մէկն էր»։ (Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա, Անգլերէն) Ո՞վ է «Ան»։ Քրիստոնէութեան հիմնադիրը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Գիտէ՞ք ով է ան։ Ան որեւէ կերպով ձեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունի՞։
Յիսուսի ծառայութեան իրադարձութիւնները արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ, Աւետարաններ կոչուած պատմական չորս աշխատասիրութիւններու մէջ։ Այս տեղեկութիւնները ո՞րքան հարազատ են։ Զանոնք վերլուծելէ ետք, հանրածանօթ պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ գրեց. «Քանի մը պարզ մարդիկ, մէկ սերունդի մէջ այսպիսի զօրաւոր եւ սրտառուչ անձնաւորութիւն մը, այսքան բարձր բարոյագիտութիւն մը եւ մարդկային եղբայրակցութեան այսքան ներշնչիչ տեսակէտ մը ստեղծած ըլլալը, ինքնին Աւետարանին մէջ յիշուած որեւէ հրաշքէ աւելի անհաւատալի պիտի ըլլար»։
Արեւելքի մէջ եւ այլուր, միլիոնաւոր մարդոց համար սակայն, Յիսուս Քրիստոս անծանօթ մըն է։ Թերեւս կը հաւատան որ ան գոյութիւն ունեցած է, բայց չեն խորհիր որ ան որեւէ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իրենց կեանքին վրայ։ Ուրիշներ՝ իրեն հետեւորդ ըլլալ դաւանողներուն ըրած բաներուն պատճառաւ, Յիսուսը ուշադրութեան արժանի մէկը չեն սեպեր։ Ճափոնի մէջ ոմանք պիտի ըսեն. ‘Իրենք են որ հիւլէական ռումբ մը նետեցին Նակազաքիի վրայ, ուր Ճափոնի միւս բոլոր քաղաքներէն աւելի Քրիստոնեաներ կան’։
Սակայն, հիւանդի մը ունեցած հիւանդութեան համար կրնա՞ք բժիշկը այպանել, եթէ հիւանդը անոր տուած դեղագրին չհետեւի։ Անշուշտ ո՛չ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկանող անհատներ վաղուց անտեսած են իրենց առօրեայ խնդիրները յաղթահարելու համար Յիսուսի տուած «դեղագիրը»։
Ուստի, դաւանեալ Քրիստոնեաները իր հրահանգներուն հետեւած չըլլալուն պատճառաւ փոխանակ Յիսուսը մերժելու, ինչո՞ւ անձամբ իր մասին չսորվիք։ Աստուածաշունչին դիմեցէք, տեսնելու համար թէ իրապէս ո՛վ է Յիսուս եւ թէ ան ի՛նչպէս կրնայ ձեր կեանքը փոխել։Անոր «Դեղագիր»ն Է՝ Սէր
Յիսուս Քրիստոս մեծ ուսուցիչ մըն էր, որ շուրջ 2,000 տարի առաջ ապրեցաւ Պաղեստինի մէջ։ Իր մանկութեան մասին շատ տեղեկութիւն չունինք։ (Մատթէոս 1 եւ 2–րդ գլուխները. Ղուկաս 1 եւ 2–րդ գլուխները) Երբ 30 տարեկան եղաւ, Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ ‘ճշմարտութեան համար վկայելով’։ (Յովհաննու 18։37. Ղուկաս 3։21-23) Յիսուսի կեանքին չորս պատմիչները աւելի կեդրոնացան իր հանրային ծառայութեան՝ երկրային կեցութեան վերջին երեքուկէս տարիներուն, վրայ։
Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս՝ կեանքի տարբեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու բանալին տուաւ իր աշակերտներուն։ Ի՞նչ էր այդ բանալին։ Անիկա սէ՛րն էր։ Պատմութեան ամենէն հանրածանօթ քարոզներէն մէկուն մէջ, որ կը կոչուի Լերան Քարոզը, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց թէ ի՛նչպէս կրնային մարդ արարածին հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Ան ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12) Այս սկզբունքը կոչուած է Ոսկեղէն Կանոն։ Հոս Յիսուսի ակնարկած «մարդիկ»ը իր մէջ կը պարփակէ նոյնիսկ անհատի մը թշնամիները։ Նոյն քարոզին մէջ, ան ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ (Մատթէոս 5։44) Այսպիսի սէր մը մեր դիմագրաւած շատ մը խնդիրները լուծելու պիտի չնպաստէ՞։ Հինտու առաջնորդ Մոհանտէս Կանտիի կարծիքը այս էր։ Անոր խօսքերը մէջբերուած են, որ ըսած է. «Եթէ Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջի ուսուցումներուն համաձայն քալէինք, . . . ամբողջ աշխարհի խնդիրները պիտի լուծէինք»։ Սիրոյ մասին Յիսուսի ուսուցումները եթէ կիրարկուին, մարդկութեան դժբախտութիւնները կրնան դարման գտնել։
Գործօն Սէր
Յիսուս իր ուսուցումին համաձայն գործեց։ Ան ուրիշներուն շահերը իրենինէն առաջ դասեց եւ գործօն սէր ցոյց տուաւ։ Օր մը, Յիսուս եւ իր աշակերտները բազմաթիւ անհատներու ծառայեցին, նոյնիսկ ուտելու համար ժամանակ չտրամադրելով։ Յիսուս հարկ տեսաւ որ իր աշակերտները ‘քիչ մը հանգչին’. ուստի անոնք մեկուսի տեղ մը ուղղուեցան։ Բայց ամբոխը իրենցմէ առաջ հոն գնաց եւ անոնց սպասեց։ Եթէ Յիսուսի տեղը ըլլայիք, ի՞նչպէս կ’ընդառաջէիք։ Յիսուս «խղճաց անոնց վրայ» եւ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մարկոս 6։30-34) Խղճալու այս զօրաւոր զգացումը պատճառ եղաւ որ ան ուրիշներուն օգնութեան ձեռք երկարէ։
Միայն հոգեւոր ուսուցում տալով չէ որ Յիսուս օգնեց ուրիշներուն։ Ան նաեւ գործնական օգնութիւն մատուցանեց։ Օրինակ, ան 5,000 մարդ (կիներէն ու երախաներէն զատ) կերակրեց, որոնք օր մը մինչեւ ուշ ժամանակ իրեն մտիկ ըրած էին։ Ուրիշ առիթով մը, ան ուրիշ 4,000 անհատներ ալ կերակրեց։ Առաջին պարագային, ան հինգ նկանակ ու երկու ձուկ գործածեց, իսկ երկրորդ պարագային՝ եօթը նկանակ ու քանի մը փոքր ձուկեր։ (Մատթէոս 14։14-21. 15։32-38. Մարկոս 6։35-44. 8։1-9) Այսինքն, հրա՞շքներ կը գործէր։ Այո՛, ան հրաշագործ մըն էր։
Ղուկաս 7։22. Յովհաննու 11։30-45) Անգամ մը բորոտ մը պաղատեցաւ իրեն. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Ան ի՞նչպէս ընդառաջեց։ «Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’»։ (Մարկոս 1։40, 41) Անոնց օգնելու զօրաւոր փափաքէ մղուած էր։ Այսպիսի հրաշքներու միջոցաւ, ան տառապեալներուն հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ։
Յիսուս բազմաթիւ ցաւագարներ ալ բուժեց։ Ան կոյրը, կաղը, բորոտը եւ խուլը բուժեց։ Այո, նո՛յնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ (Անհաւատալի՞ կը գտնէք։ Բայց Յիսուս իր հրաշքներէն շատերը հանրութեան առջեւ ըրաւ։ Ամէն առիթով իր վրայ յանցանք գտնել ջանացող իր հակառակորդներն անգամ չկրցան ուրանալ որ ան իրապէս հրաշքներ կը գործէր։ (Յովհաննու 9։1-34) Իր հրաշքները մասնաւոր նպատակի մըն ալ ծառայեցին։ Անոնք մարդոց օգնեցին որ ճանչնան Յիսուսը, որպէս Մէկը՝ որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր։—Յովհաննու 6։14
Հակիրճ նայուածք մը Յիսուսի ուսուցումներուն ու կեանքին վրայ զինք սիրելի կը դարձնէ մեզի եւ մեզ կը մղէ որ փափաքինք զինք ընդօրինակել։ Սակայն, միայն այս կերպով չէ որ Յիսուս կրնայ ազդել ձեր կեանքին։ Ան միայն սէր ուսուցանող մեծ ուսուցիչ մը չէր։ Ան խօսեցաւ իր նախամարդկային գոյութեան մասին, որպէս Աստուծոյ միածին Որդին։ (Յովհաննու 1։14. 3։16. 8։58. 17։5. Ա. Յովհաննու 4։9) Ան նաեւ յետմարդկային գոյութիւն մը ունի, որով ան աւելի նշանակալից կը դառնայ մեզի համար։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ Յիսուս յարուցուեցաւ եւ հիմա գահակալուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ (Յայտնութիւն 11։15) Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3. 20։31) Այո, Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալը Դրախտին մէջ անվերջ կեանք կրնայ նշանակել ձեզի համար։ Ի՞նչպէս։ Յիսուսի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստացէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ» որ զինք ընդօրինակենք։ (Բ. Կորնթացիս 5։14) Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի։—Յովհաննու 13։34, 35
Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է, եթէ ոչ՝ նշուած է։