Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 57

Յիսուս աղջիկ մը եւ խուլ մարդ մը կը բժշկէ

Յիսուս աղջիկ մը եւ խուլ մարդ մը կը բժշկէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։21-31 ՄԱՐԿՈՍ 7։24-37

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ՓԻՒՆԻԿԵՑԻ ԿՆՈՋ ՄԸ ԱՂՋԻԿԸ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ԽՈՒԼ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐԱԽՕՍ ՄԱՐԴ ՄԸ

Փարիսեցիները դատապարտելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կ’ուղղուի դէպի հիւսիս–արեւմուտք՝ բաւական քիլոմեթրներ անդին գտնուող Փիւնիկէի Տիւրոս եւ Սիդոն քաղաքներուն կողմերը։

Յիսուս տուն մը կը գտնէ որ հոն մնայ եւ ջանք կ’ընէ որ մէ՛կը չգիտնայ թէ ինք հոն է. բայց շատ չանցած կը գիտցուի։ Հրեայ չեղող կին մը, որ այդ շրջանին մէջ ծնած էր, Յիսուսը կը գտնէ եւ կը սկսի աղաչել. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի» (Մատթէոս 15։22. Մարկոս 7։26

Անոր անդադար աղաչանքները տեսնելով, Յիսուսին աշակերտները իրեն կ’ըսեն. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ Յիսուս կը բացատրէ որ ինչո՛ւ կնոջ աղերսանքին չ’ընդառաջեր՝ ըսելով. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Բայց կինը իր յոյսը չի կտրեր։ Ան Յիսուսին կը մօտենայ եւ անոր առջեւ ծունկի գալով՝ կ’աղերսէ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի» (Մատթէոս 15։23-25

Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս կ’ուզէ փիւնիկեցի կնոջ հաւատքը ստուգել. անոր համար, ան կ’ակնարկէ օտար ազգերու հանդէպ հրեաներուն ունեցած ժխտական տեսակէտին՝ ըսելով. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] ձգել» (Մատթէոս 15։26)։ «Շնիկներ» բառը գործածելով, Յիսուս ցոյց կու տայ, որ ջերմ զգացումներ ունի օտար ազգերու պատկանող մարդոց հանդէպ։ Անկասկած, անոր դէմքի արտայայտութիւններն ու կարեկից ձայնն ալ այդ մէկը ցոյց կու տան։

Կինը կը հասկնայ որ Յիսուս կ’ակնարկէ հրեաներուն ժխտական տեսակէտին։ Եւ վիրաւորուելու տեղ, Յիսուսին խոնարհաբար կ’ըսէ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները [«շնիկները», ՆԱ] իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Յիսուս կը նկատէ որ կինը անկեղծ ու խոնարհ է, եւ կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի» (Մատթէոս 15։27, 28)։ Նոյն պահուն, կնոջ դիւահար աղջիկը կը բժշկուի, հակառակ անոր որ աղջիկը անձամբ հոն ներկայ չէ։ Երբ կինը տուն կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ իր աղջիկը անկողինին վրայ պառկած է. «դեւը ելած էր» անոր մէջէն (Մարկոս 7։30

Յիսուսն ու իր աշակերտները Փիւնիկէէն կ’երթան դէպի Յորդանան գետը։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնք Յորդանան գետը կը կտրեն Գալիլիայի ծովուն հիւսիսէն եւ կ’անցնին Դեկապոլիս։ Հոն Յիսուսն ու իր աշակերտները լեռ մը կ’ելլեն, բայց մարդիկ կը գիտնան եւ քովերնին կ’երթան։ Անոնք Յիսուսին մօտ կը բերեն կաղեր, հաշմանդամներ, կոյրեր ու համրեր։ Ան ալ զանոնք կը բժշկէ։ Զարմացած՝ ժողովուրդը իսրայէլի Աստուածը կը փառաբանէ։

Յիսուս յատուկ ուշադրութիւն կու տայ խուլ եւ դժուարախօս մարդու մը։ Յիսուս թերեւս կը նկատէ, որ ան որքա՛ն ջղագրգիռ է մեծ բազմութեան մէջ, եւ զինք մէկ կողմ կը տանի։ Եւ երբ առանձին կ’ըլլան, Յիսուս իրեն նշաններով ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ան իր մատները մարդուն ականջներուն մէջ կը խոթէ, յետոյ կը թքնէ ու անոր լեզուին կը դպչի։ Ետքը, Յիսուս երկինք կը նայի ու կ’ըսէ «Եփփաթա», որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»։ Նոյն պահուն, մարդը կը սկսի լսել եւ բնական կերպով խօսիլ։ Յիսուս չի փափաքիր որ այս եղածին մասին լուրեր տարածուին, քանի որ կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն հաւատան՝ անձամբ իրենց տեսածներուն եւ լսածներուն հիման վրայ (Մարկոս 7։32-36

Երբ մարդիկ կը տեսնեն որ Յիսուս կարող է այդպիսիներ բժշկել, ‘չափէ դուրս կը զարմանան’։ Անոնք կ’ըսեն. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ» (Մարկոս 7։37