Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 56

Ի՞նչն է որ մարդը կը պղծէ

Ի՞նչն է որ մարդը կը պղծէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։1-20 ՄԱՐԿՈՍ 7։1-23 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7։1

  • ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԴՈՑ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾԷ

Մինչ Ք.Ե. 32–ի Պասեքը կը մօտենայ, Յիսուս զբաղած է Գալիլիայի մէջ սորվեցնելով։ Ետքը, ան հաւանաբար կ’ուղղուի Երուսաղէմ՝ Պասեքը տօնելու համար, ինչպէս որ Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէ։ Բայց Յիսուս շատ զգուշօրէն կը շարժի, քանի որ հրեաները առիթ կը փնտռեն որ զինք սպաննեն (Յովհաննէս 7։1)։ Պասեքէն ետք, ան Գալիլիա կը վերադառնայ։

Փարիսեցիներն ու դպիրները Երուսաղէմէն Յիսուսին քովը կու գան, հաւանաբար երբ ան Կափառնայումի մէջ է։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան ճամբայ կը կտրեն։ Անոնք պատճառ կը փնտռեն, որ Յիսուսը ամբաստանեն Օրէնքը չպահելու յանցանքով։ Անոնք կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն» (Մատթէոս 15։2)։ Աստուած իր ժողովուրդին բնաւ չէր պատուիրած, որ ‘իրենց ձեռքերը մինչեւ արմուկները լուան’ (Մարկոս 7։3, ՆԱ)։ Բայց փարիսեցիները այդ մէկը չընելը լուրջ յանցանք կը սեպեն։

Իրենց ամբաստանութեան ուղղակի պատասխան տալու տեղ, Յիսուս ցոյց կու տայ որ իրե՛նք գիտակցաբար Օրէնքը կը կտրեն։ Ան կ’ըսէ. «Դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինձմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է’» (Մատթէոս 15։3-6. Ելից 20։12. 21։17

Փարիսեցիները կ’ըսեն որ երբ մէկը դրամ, ստացուածք կամ որեւէ բան Աստուծոյ նուիրէ որպէս ընծայ, ատիկա այլեւս տաճարին կը պատկանի եւ կարելի չէ զայն ուրիշ նպատակի մը համար գործածել։ Բայց այդ ընծան կը մնայ նուիրող անհատին հետ։ Օրինակ, տղայ զաւակ մը կրնայ ըսել որ իր դրամը կամ ստացուածքը «կորբան» է, այսինքն՝ Աստուծոյ կամ տաճարին նուիրուած ընծայ է. ինչ որ կը նշանակէ որ անոր սեփականութեան իրաւունքը տաճարին կը պատկանի։ Եւ հակառակ անոր որ իր նուիրած դրամը կամ ստացուածքը իրեն հետ կը մնայ, ան կրնայ ըսել որ չի կրնար ատիկա գործածել, որ իր տարեց ծնողներուն հոգ տանի։ Այսպիսով, ան ազատ կ’ըլլայ իր ծնողքին հոգ տանելու պատասխանատուութենէն (Մարկոս 7։11

Ասիկա Յիսուսը կը բարկացնէ եւ իր բարկութիւնը տեղին է, քանի որ փարիսեցիները Աստուծոյ Օրէնքը կը փոխեն։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։ Փարիսեցիները չեն կրնար Յիսուսին խիստ քննադատութեան պատասխան տալ։ Ան ալ ժողովուրդը քովը կը կանչէ ու կ’ըսէ. «Լսեցէք ու միտք առէք. ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը» (Մատթէոս 15։6-11. Եսայի 29։13

Ետքը, երբ Յիսուս տան մը մէջ է, աշակերտները կը հարցնեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ Ան ալ պատասխան տալով՝ կ’ըսէ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատթէոս 15։12-14

Այդ ժամանակ, Պետրոսը բոլոր աշակերտներուն անունով Յիսուսէն կը խնդրէ, որ իրենց բացատրէ թէ ի՛նչը մարդը կը պղծէ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը» (Մատթէոս 15։17-20

Յիսուս իր աշակերտներուն չ’ըսեր որ առողջապահական սովորութիւնները անտեսեն, ոչ ալ ըսել կ’ուզէ որ անոնք պէտք չունին իրենց ձեռքերը լուալու՝ ճաշ եփելէ կամ ուտելէ առաջ։ Հապա, ան կը դատապարտէ կրօնական առաջնորդներու կեղծաւորութիւնը, որոնք Աստուծոյ արդար օրէնքները կը փոխեն եւ մարդկային աւանդութիւններ մէջտեղ կը հանեն։ Իրականութեան մէջ, չար գործերը, որոնք սրտէն յառաջ կու գան, կը պղծեն մարդը։