Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 120

Պտուղ բերել եւ Յիսուսին բարեկամը ըլլալ

Պտուղ բերել եւ Յիսուսին բարեկամը ըլլալ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 15։1-27

  • ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ ԵՒ ՃԻՒՂԵՐԸ

  • ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄՆԱԼ ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅՆ ՄԷՋ

Յիսուս սրտբաց խօսակցութեամբ իր հաւատարիմ առաքեալները քաջալերած է։ Հիմա ուշ գիշեր է, թերեւս կէս գիշերը անց է։ Յիսուս իրենց կը պատմէ առակ մը, որ գործի կը մղէ։

Ան կ’ըսէ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է» (Յովհաննէս 15։1)։ Այս առակը կը նմանի դարեր առաջ իսրայէլ ազգին մասին ըսուածին, թէ ատիկա Եհովային որթատունկն է (Երեմիա 2։21. Ովսէէ 10։1, 2)։ Բայց Եհովան այդ ազգը մերժելու վրայ է (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոր համար հիմա Յիսուս նոր գաղափար մը կը ներկայացնէ։ Ան կ’ըսէ որ ինք այն որթը կամ որթատունկն է, որ իր Հայրը կը մշակէ Ք.Ե. 29–էն սկսեալ, երբ սուրբ հոգիով օծեց զինք։ Բայց Յիսուս ցոյց կու տայ, որ որթատունկը միայն զինք չի ներկայացներ, երբ կ’ըսէ.

«Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, [իմ Հայրս] կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ . . . Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք» (Յովհաննէս 15։2-5

Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն խոստացաւ, որ իր երթալէն ետք օգնական մը պիտի ղրկէ՝ սուրբ հոգին։ 51 օր ետք, երբ առաքեալները եւ ուրիշներ սուրբ հոգին կը ստանան, այդ որթատունկին ճիւղերը կը դառնան։ Եւ բոլոր «ճիւղերը» պէտք է Յիսուսին հետ միութեան մէջ մնան։ Բայց ի՞նչ բան իրագործելու համար։

Ան կը բացատրէ. «Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։ Այս «ճիւղերը»,– իր հաւատարիմ հետեւորդները,– շատ պտուղ պիտի բերեն, Յիսուսին յատկութիւնները ընդօրինակելով, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն քարոզելով եւ աւելի անհատներ աշակերտելով։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ մէկը Յիսուսին հետ միութեան մէջ չմնայ եւ պտուղ չբերէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած եւ չորցած է»։ Միւս կողմէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի» (Յովհաննէս 15։5-7

Հիմա Յիսուս նորէն կը շեշտէ իր պատուէրները պահելու կարեւորութիւնը, որուն մասին արդէն երկու անգամ յիշած է (Յովհաննէս 14։15, 21)։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ Ետքը կ’ըսէ թէ աշակերտները ի՛նչ գլխաւոր կերպով կրնան ցոյց տալ, որ իր պատուէրները կը պահեն. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհաննէս 15։10-14

Քանի մը ժամ ետք, Յիսուս իր սէրը պիտի դրսեւորէ՝ իր կեանքը տալով անոնց համար, որոնք իրեն կը հաւատան։ Իր օրինակը պէտք է մղէ իր հետեւորդները, որ իրենք ալ անձնազոհ սէր ցուցաբերեն իրարու հանդէպ։ Այդ սէրն է որ պիտի բնորոշէ Յիսուսին հետեւորդները, ինչպէս որ Յիսուս քիչ առաջ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35

Ուշադրութեան արժանի է, որ Յիսուս իր առաքեալները «բարեկամներ» կ’անուանէ, եւ պատճառը կու տայ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ Իրապէս թանկարժէք բան է՝ Յիսուսին մտերիմ բարեկամը ըլլալ եւ գիտնալ բոլոր այն բաները, որոնք Հայրը իրեն ըսած է։ Բայց այդ փոխյարաբերութիւնը վայելելու համար, պէտք է շարունակեն ‘պտուղ բերել’։ Այսպիսով, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘իր անունով ինչ որ Հօրմէն խնդրեն, իրենց պիտի տայ’ (Յովհաննէս 15։15, 16

Աշակերտներուն միջեւ եղած սէրը իրենց պիտի օգնէ, որ գալիք դժուարութիւններուն տոկան։ Յիսուս կը զգուշացնէ, որ աշխարհը զանոնք պիտի ատէ, եւ կը մխիթարէ՝ ըսելով. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք. . . անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ» (Յովհաննէս 15։18, 19

Յիսուս կը շարունակէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, ըսելով. «Այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց»։ Ան ցոյց կու տայ, որ իր ըրած հրաշքները կը դատապարտեն զինք ատողները, երբ կ’ըսէ. «Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ»։ Իրականութեան մէջ, անոնց ատելութիւնը դարեր առաջ մարգարէացուած էր (Յովհաննէս 15։21, 24, 25. Սաղմոս 35։19. 69։4

Յիսուս նորէն կը խոստանայ ղրկել օգնականը՝ սուրբ հոգին։ Իր բոլոր հետեւորդները կրնան այդ հզօր ուժը ստանալ եւ ատիկա կրնայ օգնել որ պտուղ բերեն, այսինքն՝ ‘վկայեն’ (Յովհաննէս 15։27