Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 108

Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

ՄԱՏԹԷՈՍ 22։15-40 ՄԱՐԿՈՍ 12։13-34 ՂՈՒԿԱՍ 20։20-40

  • ԿԱՅՍՐԻՆԸ ԿԱՅՍՐԻՆ ՏԱԼ

  • ՅԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱ՞Լ

  • ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

Յիսուսի կրօնական հակառակորդները նեղացած են։ Ան քիչ առաջ առակներով իրենց չար ըլլալը քօղազերծած է։ Հիմա, փարիսեցիները կը ծրագրեն ինչպէ՛ս զինք ծուղակը ձգել։ Անոնք կը փորձեն մղել Յիսուսը, որ ըսէ բան մը՝ որուն պատճառով կրնան զինք մատնել հռոմայեցի կառավարիչին։ Իրենց աշակերտներէն քանի մը հոգիին դրամ կու տան, որպէսզի Յիսուսը ծուղակը ձգեն (Ղուկաս 6։7

Անոնք կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը» (Ղուկաս 20։21, 22)։ Այդ անոյշ խօսքերը Յիսուսը չեն խաբեր, քանի որ գիտէ որ անոնք կեղծաւոր եւ խորամանկ են։ Եթէ ան ըսէ ‘Ոչ, ճիշդ չէ այս տուրքը տալ’, իր հակառակորդները կրնան զինք ամբաստանել, որ Հռոմի դէմ ապստամբութիւն կը հրահրէ։ Իսկ եթէ ըսէ ‘Այո, ճիշդ է այս տուրքը տալ’, ժողովուրդը որ նեղացած է հռոմէական իշխանութենէն, կրնայ իր խօսքերը սխալ հասկնալ եւ իրեն դէմ ելլել։ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։

Ան կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը կը բերեն իրեն։ Անոնց կը հարցնէ. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Կայսրին»։ Այն ատեն անոնց ուղղակի կ’ըսէ. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատթէոս 22։18-21

Անոնք Յիսուսի խօսքերուն վրայ կը հիանան եւ չեն կրնար անոր պատասխանել ու կը հեռանան։ Բայց օրը դեռ չէ վերջացած, ոչ ալ զինք ծուղակը ձգելու ջանքերը։ Փարիսեցիներուն ջանքերը ձախողելէ ետք, կրօնական ուրիշ խումբի մը առաջնորդները Յիսուսին քով կու գան։

Անոնք սադուկեցիներն են, որոնք կ’ըսեն որ յարութիւն չկայ։ Յիսուսին մօտենալով կը հարցնեն հարցում մը, որ կապ ունի յարութեան եւ տագրամուսնութեան հետ. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան» (Մատթէոս 22։24-28

Սադուկեցիները Մովսէսին գրութիւնները կ’ընդունին, անոր համար Յիսուս անոնցմէ մէջբերելով կ’ըսէ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք» (Մարկոս 12։24-27. Ելից 3։1-6)։ Ժողովուրդը կը զարմանայ անոր պատասխանին վրայ։

Յիսուս թէ՛ փարիսեցիները եւ թէ սադուկեցիները կը պապանձեցնէ։ Հիմա այս երկու հակառակորդ խումբերը կը միանան Յիսուսը նորէն փորձելու համար։ Դպիր մը կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ» (Մատթէոս 22։36

Յիսուս կը պատասխանէ. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ» (Մարկոս 12։29-31

Յիսուսին պատասխանը լսելով՝ դպիրը կ’ըսէ. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ Յիսուս տեսնելով որ դպիրը խելացութիւնով պատասխան տուաւ, կ’ըսէ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես» (Մարկոս 12։32-34

Երեք օրէ ի վեր (նիսան 9, 10 եւ 11) Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէ։ Ոմանք, ինչպէս այս դպիրը, հաճոյքով իրեն մտիկ ըրին։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել կրօնական առաջնորդներուն մասին, որոնք այլեւս ‘չէին համարձակեր անոր բան մը հարցնել’։