ԴԱՍ 123
Յիսուս խորապէս տրտմած՝ կ’աղօթէ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։30, 36-46 ՄԱՐԿՈՍ 14։26, 32-42 ՂՈՒԿԱՍ 22։39-46 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։1
ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
ԱՆՈՐ ՔՐՏԻՆՔԸ ԱՐԻՒՆԻ ՄԵԾ ԿԱԹԻԼՆԵՐՈՒ ՊԷՍ Է
Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ աղօթելէ ետք, միասնաբար օրհնութեան երգեր կ’երգեն եւ յետոյ Ձիթենեաց լեռը կ’երթան (Մարկոս 14։26)։ Անոնք կ’ուղղուին դէպի արեւելք՝ Գեթսեմանիի պարտէզը, ուր Յիսուս շատ անգամ կ’երթար։
Երբ անոնք այդ գեղեցիկ տեղը կը հասնին ձիթենիներուն մէջ, Յիսուս իր առաքեալներէն ութին կ’ըսէ. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ Թերեւս անոնք պարտէզին մուտքը կը մնան։ Ան իր միւս երեք առաքեալները,– Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը,– կ’առնէ եւ պարտէզին ներսերը կը մտնէ։ Ան մեծապէս անհանգիստ ըլլալով՝ անոնց կ’ըսէ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք» (Մատթէոս 26։36-38)։
Ան անոնցմէ քիչ մը կը հեռանայ եւ ‘իր երեսին վրայ գետին կ’իյնայ ու կ’աղօթէ’։ Իր այս վիճակին մէջ, ան ի՞նչ կ’աղօթէ։ Կ’ըսէ. «Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մարկոս 14։35, 36)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Արդեօք կը հրաժարի՞ Փրկարարի դերը կատարելէն։ Ո՛չ։
Ան երկինքը եղած ժամանակ տեսած է որ հռոմայեցիներուն ձեռքով մահուան դատապարտուող մարդիկը ինչպէ՛ս կը չարչարուին։ Հիմա, որպէս մարդ կ’ապրի երկրի վրայ եւ գիտէ ի՛նչ ըսել է ցաւ զգալ, մտահոգուիլ եւ վախնալ։ Բայց Յիսուս ամէնէն շատ մտահոգ է, որ իր Հօր անուան նախատինք կրնայ գալ, քանի որ քանի մը ժամ ետք իբրեւ չարագործ պիտի սպաննուի, փայտէն կախուելով որպէս Աստուծոյ հայհոյող։
Աստուծոյ երկար աղօթելէ ետք, Յիսուս կը վերադառնայ եւ իր երեք առաքեալները քնացած կը գտնէ։ Ան Պետրոսին կ’ըսէ. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Յիսուս կ’անդրադառնայ որ իր առաքեալներն ալ շատ ճնշումի տակ են եւ ժամը ուշ է. անոր համար ան կ’աւելցնէ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատթէոս 26։40, 41)։
Ետքը Յիսուս երկրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ աղօթելու եւ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ «այս գաւաթը» իրմէ հեռացնէ։ Երբ կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ երեք առաքեալները նորէն քնացած են. մինչդեռ պէտք է աղօթեն որ փորձութեան մէջ չիյնան։ Մինչ Յիսուս անոնց կը խօսի, ‘չեն գիտնար թէ ի՞նչ պատասխան տան’ (Մարկոս 14։40)։ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ եւ ծունկի գալով կ’աղօթէ։
Յիսուս շատ մտահոգուած է, թէ որպէս ոճրագործ մեռնիլը ի՜նչ նախատինք պիտի բերէ իր Հօր անուան վրայ։ Բայց Եհովան իր Որդիին աղօթքները մտիկ կ’ընէ եւ հրեշտակ մը կը ղրկէ, որպէսզի զինք զօրացնէ։ Ասով հանդերձ, Յիսուս չի դադրիր իր Հօր աղաչանքներ ներկայացնելէ։ Ընդհակառակը ան ‘աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք կ’ընէ’։ Զգացական գետնի վրայ, ան մեծ ճնշումի տակ է, քանի որ շա՛տ ծանր պատասխանատուութիւն ունի։ Թէ՛ իր եւ թէ հաւատացեալներուն յաւիտենական կեանքը վտանգի տակ է։ Այն ատեն, իր ‘քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս՝ գետինը կը թափուի’ (Ղուկաս 22։43, 44)։
Երրորդ անգամ երբ իր առաքեալներուն քով կը վերադառնայ եւ զանոնք նորէն քնացած կը գտնէ, կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ» (Մատթէոս 26։45, 46)։