Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 116

Յիսուս խոնարհութիւն կը սորվեցնէ վերջին Պասեքին ընթացքին

Յիսուս խոնարհութիւն կը սորվեցնէ վերջին Պասեքին ընթացքին

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։20 ՄԱՐԿՈՍ 14։17 ՂՈՒԿԱՍ 22։14-18 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։1-17

  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՍԵՔԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

  • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼՈՎ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Յիսուսին տուած ուղղութեան հետեւելով՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս արդէն Երուսաղէմ են եւ Պասեքին պատրաստութիւնները կը տեսնեն։ Ետքը Յիսուս միւս տասը առաքեալներուն հետ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Երուսաղէմ։ Կէսօրէ ետք է, եւ արեւը կամաց–կամաց մայր կը մտնէ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Ձիթենեաց լեռնէն վար կ’իջնէ։ Ան իր յարութենէն առաջ, վերջին անգամ ըլլալով՝ ցերեկ աչքով այս լեռնէն կը նայի դէպի Երուսաղէմ։

Քիչ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները կը հասնին քաղաք եւ կ’երթան հոն՝ ուր Պասեքի ընթրիքը պիտի ուտեն։ Անոնք մեծ վերնատունը կ’ելլեն։ Հոն արդէն ամէն բան պատրաստ է ընթրելու համար։ Յիսուս անհամբեր կը սպասէր այս առիթին, քանի որ կ’ըսէ. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ» (Ղուկաս 22։15

Տարիներ առաջ, հրեաներուն մէջ սկսած էր սովորութիւն դառնալ, որ Պասեքի ժամանակ քանի մը գաւաթ գինի փոխանցել իրարու։ Երբ գաւաթներէն մէկը իր քովը կը հասնի, Յիսուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կ’ըսէ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ» (Ղուկաս 22։17, 18)։ Այս խօսքերով ան յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ իր մահը մօտ է։

Ընթրած ժամանակնին, տարօրինակ բան մը կ’ըլլայ։ Յիսուս ոտքի կ’ելլէ, հանդերձները մէկ կողմ կը դնէ եւ անձեռոց մը կ’առնէ։ Ետքը տաշտի մը մէջ ջուր կը լեցնէ։ Սովորաբար տանտէ՛րը նախաքայլ կ’առնէ, որ իր հիւրերուն ոտքերը լուացուին, հաւանաբար ծառայի մը կողմէ (Ղուկաս 7։44)։ Այս առթիւ, տանտէր չկայ. անոր համար, Յիսուս ինք անոնց ոտքերը կը լուայ։ Առաքեալներէն ոեւէ մէկը կրնար այս նախաքայլը առնել, բայց մէկը չառաւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց մէջ դեռ մրցակցութեան ոգի կայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, անոնք կ’ամչնան որ Յիսո՛ւս այդ քայլը առնելով իրենց ոտքերը կը լուայ։

Երբ Յիսուս Պետրոսին կը մօտենայ անոր ոտքերը լուալու, Պետրոս կ’ըսէ. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ Պետրոս կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ Յիսուսին պատասխանը թերեւս Պետրոսը կը զարմացնէ. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ» (Յովհաննէս 13։8-10

Յիսուս 12–ին ոտքերը կը լուայ, մէջը ըլլալով Յուդա Իսկարիովտացիին ոտքերը։ Ան իր հանդերձները ետ կը հագնի եւ նորէն սեղան կը նստի ու անոնց կը հարցնէ. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։12-17

Ան ի՜նչ աղուոր դաս կը սորվեցնէ խոնարհութեան մասին։ Յիսուսին հետեւորդները պէտք չէ ձգտին առաջինը ըլլալ, կարծելով որ իրենք կարեւոր են եւ ուրիշները պէտք է իրենց ծառայեն։ Անոնք պէտք է հետեւին Յիսուսի օրինակին։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ անոնք ոտքեր լուալու արարողութիւն ընեն։ Կէտը այն է, որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան խոնարհութեամբ եւ անաչառութեամբ ուրիշներուն ծառայելու։